id
int64
43
24k
title
stringlengths
2
92
article
stringlengths
5
147k
23,534
Մուհամմատ Քուճճահ
Մուհամմատ Քուճճահ (Խօսակցական լեզուով՝ Մ․ Քըճճէ երբեմն Մ․ Ըճճէ, արաբերէն՝ محمّد قجّة‎, 17 Դեկտեմբեր 1939(1939-12-17), Հալէպ), սուրիացի գրագէտ, պատմաբան, գիտնական, կաճառական (ակատեմիկոս), այս դարու կարեւորագոյն մտաւորականներէն։ Մասնագիտացած է Սուրիական ու Արաբական գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթային ժառանգութեան մէջ, որոնց մասին ան հրատարակած է աւելի քան եօթանասուն տարիներու տեւողութեամբ, ու կը շարունակէ հրատարակել։ Իր աշխատութիւնները կեդրոնացած են Հալէպ քաղաքի եւ «Ալ-Անտալուսի» (Արաբերէն՝ الأندلس) շուրջը։ Անոր կը վերագրուի Արաբական մշակոյթի տարբեր կողմերու (գրականութիւն, պատմութիւն, երաժշտութիւն եւն․․․) պահպանումն ու արխիւացումը, նամանաւանդ Հալէպ քաղաքի ընլերային ու հասարակական կեանքի մանրամասնութիւնները։ Ան գրական ու գիտական առաքելութիւններով շրջած է աշխարհի չորսդին եւ ղեկավարած է բազում գիտաժողովներ ու սեմինարներ (խտացուած դասախոօսութիւն): Ստացած է հարիւրաւոր շքանշաններ, շնորհակալագիրեր եւ պատուագիրեր, որոնցմէ ամէնավերջինը շնորհուած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Նախագահութենէն: == Անձնական Կեանքը == Մ․ Քուճճան Հալէպի խորարմատ ու հնամենի ընտանիքի մը զաւակն է, իր ընտանիքը Հալէպի «Քարլըք» (Արաբերէն՝ قارلق, թրքերէն բառ մըն է կը նշանակէ «ձիւն կրող, ձիւնաթոյր») թաղամասին մէջ ապրած է վեց հարիւր տարիէ աւելի։ Անոր հայրը «Խանտակի Պողոտայի» մեծագոյն վաճառականներէն մին էր, շինանիւթ կը ծախէր։ Բայց միեւնոյն ժամանակ բանիմաց, ուսումնասէր ու մշակոյթասէր մարդ մըն էր, եւ անյողդողդ կամքով իր որդիին՝ Մուհամմատ Քուճճային Քուրաանը ուսուցանեց ու գոց (անգիր) սորվեցուց, միաժամանակ քաջալերելով զանոր «Հիլալիիահ» սուֆիական անկիւնի ծեսերուն մասնակցելու։ Իր հինգերորդ մեծ հայրը «Մուհամմատ Իպն Հասան Քուճճա»-ն որուն անունը կը կրէ, 1820 թուականին կը ղեկավարէ օսմանեան գրաւման ատենակալ (Ուալի, Արբ․՝والي) Խորշիտ փաշայի (Արաբերէն՝ خورشيد باشا) դէմ ելած ապստամբութիւնը զոր կը ճնշուի թուրքերուն կողմէն, եւ կը նահատակուի օսմանցիներու եաթաղանով։ == Ուսումը == Մուհամմատ Քուճճան 1963 թուականին աւարտած է Դամասկոսի համալսարանի արուեստի եւ մարդկային գիտութիւններու կաճառը, իր դասարանի առաջինը ըլլալով։ Անոր ուսուցիչներն էին՝ Սաիտ Ալ-Աֆաղանին, Ամճատ Ալ-Թարապուլսի, Ապտ Ուլ-Քարիմ Ալ Աշթար, Շաքէր Ալ-Ֆահհամ եւ այլք․․․ Ինչպէս ան կ՛ըսէ՝ «Անոնք բոլորը մեր ճարտարներն էին, անոնցմէ սորվեցանք ու իւրացուցինք բազում գիտութիւններ ու հմտութիւններ»։ == Յանձնառութիւններ == Մ․ Քուճճան համալսարանը աւարտելէն ետք դասաւանդեց Արաբերէն լեզուն «Ալ-Պապ» եւ «Ալ Մաարի» դպրոցներուն մէջ, եւ իր մանկութեան «Ալ-Մամուն» դպրոցին տնօրէն նշանակուեցաւ, դպրոցին հիմնադրումին 75 ամեակին հրատարակեց վաւերագրական գիրք մը։ Այս դպրոցը կը համեմատուի Սորպոնի Համալսարանին հետ, պայմանաւորուած իր բարձր կրթական մակարդակով եւ ակնաւոր ու փայլուն ուսանողներ մշակելով։ === «Ալ-Ա՜տիաթ Ընկերակցութիւն» === Մուհամմատ Քուճճան հիսուն տարիէ աւելի անդամ է պատմական եւ հնագիտական ​​հետազօտութիւններով մասնագիտացած այս ընկերակցութեան։ 1994 թուականէն ի վեր կը նախագահէ զանիկա (առանց վարձատրութեան)։ Ան լծուած է այս միութեան գործունէութեանն տարբեր առումներով աջակցելուն ու իր աշխատանքը աշխոյժցնելուն։ Իր ջանքերով միութիւնը 16 նոր գրասենեակներ բացաւ Սուրիոյ բոլոր մարզերուն մէջ (2011ի պատերազմէն ի վեր Տէյր Ու-Զօր, Ալ-Հասաքէ եւ Ալ-Րաքքայի գրասենեակները արժամաբար դադրեցուցած են իրենց աշխատանքը), բացի մարզկեդրոններէն անկախ գրասենեակներէն (Սաֆիթա, Սալամիահ, Միսիաֆ, Ճապլահ, Ալմայատին)։ Ան Ալ-Ատիաթ միութեան գրադարանը հարստացուց 15000-է աւելի նոր գիրքերով, փոքր գրասենեակի մը մէջ տեղաւորուած միութիւնը իր անձնական ջանքերով կը տեղափոխէ երէք հարկանի շէնք մը, միութեան ընթարցակած գործունէութեանն հարմար (Առաջին յարկը դասախոսութիւններու սրահ, երկրորդը գրասենեակները, երորդը իր կազմած նոր գրադարանը)։ Իր նախագահութենէն ետք միութիւնը կը հրատարակէ տարեգիրք ու եռամսեայ պարբերականներ ընկերակցութեան գործունէութեան մասին, կը կազմակերպուին բանախօսութիւններ ու երաժշտական ձեռնարկներ։ «Ալ Ա՜տիաթ Ընկերակցութիւն»-ը հոգ կը տանէ մշակոյթային ժառանգութեան նիւթական (օր․՝ շինութիւն) եւ ոչ-նիւթական (սովորութիւններ, երաժշտութիւն, խոհանոց, բարբառ)։ 2019 թուականին, միութեան մէջ իր գործունէութիւնը դադրեցնելէն ետք անոր կը նշանակեն ցկեանս պատուաւոր նախագահ։ === «Իսլամական Մշակոթի Մայրաքաղաք»-ի Գլխաւոր Քարտուղար === Երբ Հալէպ քաղաքը կ՛ընտրուի 2006 թուականին Իսլամական մշակոյթի մայրաքաղաք, Մ․ Քուճճան կը նշանակուի այդ ձեռնարկի ընդհանուր քարտուղար, ան յանձնարարեց հարիւր եօթանասուն չորս գիրքի հրատակութիւնը, քաղաքին մշակոյթին, պատմութեան, աւանդութեան եւ Իսլամական (Մահմետականութեան) ժառանգութեան մասին։ Իր կարգադրութեամբ տեղի ունեցան եօթանասուն երկու համաշխարհային գիտաժողովներ մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր ծագերէն եկած հազար գիտնականներու, բացի տասնեակ տեղական խորհրդաժողովներու, հարիւրաւոր ցուցահանդեսներու, միջոցառումներու եւ հանդիսութիւններու։ Ինչպէս նաեւ ան լուսահոգի «ՈՒալիտ Իխլասի»-ի, «Մուհամմատ Ապու-Մաաթուք»-ի հետ համագործագցելով կազմակերպեց «Հալէպի Թագուհի՝ Խաթունի Հիւրը» թատերգութիւնը։ === Գրական Առաքելութիւն === Բազում են Մուհամմատ Քուճճահ-ի յանձն առած պաշտօնները, անոնցմէ յիրշարժաններն են՝ «Սուրիոյ մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի խորհրդատուի աշխատանքը, «Մշակոյթային ժառանգութեան Ազգային Դիւանի հանդէսի խմբագրապետ»-ի պաշտոնը, Հալէպի «Պանի Ումայյահ» մզկիթի նորոգման յհանձնախումբի անդամ (ասի մինչեւ 2011 Սուրիոյ պատերազմը) պատերազմէն ետք ալ նոյն այս անգամ գանդուած մզկիթի եւ Հալէպի հին-պատմական թաղամասերու վերակառուցման յանձնախումբի անդամ։ Ան նաեւ անդամ է՝ «Արաբ գրողներու Միութեան», «Հետազօտութիւններու եւ ՈՒսումնասիրութիւններու Յանձնաժողովի», «Սուրիոյ Պատմութեան եւ Գիտութեան Ընկերակցութեան», «Արաբ Հնագետներու Ընկերակցութեան», «Հին Հալէպի Պահպանութեան Հանձնախումբին», եւ եղած է Հալէպի Քաղաքապետարանի մշակոյթային խորհրդատու։ Մ․ Քուճճահ-ն ունեցած է ու կը պահէ իր ընդարձակ յարաբերութիւնները Արաբ ու այլ ազգերու գրագետերու, մտաւորականներու, արուեստագետներու եւն․․․ հետ, որոնցմէ կը յիշենք (Եգիպտոսէն)` «Նաճիպ Մահֆուզ»-ը, «Հասանէն Հեյքալ»-ը, «Ճամալ Ալ-Ղիթանի»-ն, «Եուսէֆ Զիտան»-ը եւ (Մարոքէն)` «Շօուքի Պէն-Պին»-ը: Քուճճան այցելած է բազում երկիրներ եւ մասնակցած է հարիւր քսանչորս գիտաժողովներու, արժանացած է հարիւրաւոր վկայագիրեր ու շքանշաններ տեղական (Սուրիական), արաբական ու համաշխարհային համալսարաններէ, մինչեւ 2016 թուականին ստացաւ «Պետական ​​Գնահատանքի Պարգեւ»ը։ Միայն «Իպն-Արաբի» մասին տասը գիտաժողովի մասնակցած ու բանախօսած է, որոնցմէ կը յիշուի՝ «Իպն-Արապին Եգիպտոսի մէջ» 2002թ․/Գահիրէ, «Տանթին, Իսպանիան եւ Իսլամը» 1999թ․ Տամասկոս, «Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիուններու ֆրանսական հաստատութեան» հետ համագործակցելով ուր ան կը բացատրէ թէ ինչպէս Իտալացի գրող Տանթին (Իտլ․՝ Dante Alighieri) Աստվածային կատակերգութւնը (Իտլ՝ Divina Commedia) գրելու համար մեծ չափով օգտուած է Իսլամական տարբեր գրութիւններէ, որոնցմէ էր Իպն-Արապիի հարուստ եւ վիթխարի գրադարանը, եւ այս նիւթին մասին տարբեր գիտաժողովներ Լիբանան (Պէյրութի), Յորդանան (Ամման), Միացեալ Էմիրութիւններ (Շարժա), Ալժիրիա (Ալժիր մայրաքաղաք) եւն․․․ == Գրական Աշխատանքներ == Մուհամմատ Քուճճան հեղինակած է մօտ երեքհարիւր քսան գիրք, որոնցմէ են՝ «Սուֆիականութիւնն ու Երաժշտական Ժառանգութիւնը», «Հալէպը Քսաներորդ Դարու Սկզբին», «Տամասկոսը Բանաստեղծներու Աչքերով», «Իպն-Արապի», «Անտալուսական իջեւաններ» (Արբ․՝ Մահաթթաթ Անտալուսիյյա محطّات أندلسيّة), «Ալ-Անտալուսի Պատմութեան եւ գրականութեան ուսումնասիրութիւններ» եւն․․․ Բացի տասնը չորս հրատարակութիւններէն որոնց հեղինակութեան մասնակցած է այլ գրագէտներու հետ։ Գրած է տասնը մէկ թատերգութիւն, եւ իր գրական, գրաքննադատական յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները (ութհարիւրէ աւելի) յրատարակուած են ու կը շարունակեն յրատարակուիլ տեղական ու արաբական թերթերէն մեծ մասին մէջ։ Ան աւանդած է երեքհարիւրէ աւելի բանախօսութիւններ զանազան յարթակներէ ու զանազան նիւթերու մասին (գրական, պատմական, մշակոյթային նիւթեր եւն․․․)։ == Վկայութիւններ Անոր Մասին == Տոքթoր (ուսուցչապետ) Սալահ Քիրազան կ՛ըսէ՝ «Սիրելի ընկեր Մուհամմատ Քուճճան, Հալէպցի Արաբական գրագէտը, ով սիրեց իր քաղաքը ու բազում գիրքեր գրեց անոր մասին, բանաստեղծութիւններ շարադրեց ու դասախօսեց անոր մասին, եւ Ալ-Ատիաթ ընկերակցութիւնը ղեկավարեց երկար տարիներ։ Ոմանք զանոր կ՛անուանեն "Հալէպի Երկրորդ Բերդը", իսկ ես այս անուանումը թերի կը համարեմ, եւ բաւ չէ անոր հսկայ նուիրումին եւ չխնայած ջանքին «Հալէպ՝ Իսլամական Մշակոթի Մայրաքաղաք»-ի միջոցառումներուն, բացի արաբական հին ու նոր մշակոյթային ժառանգութեան մասին իր մեծաթիւ հրատարակութիւններուն, ինչպիսիքն են՝ «Սուֆիականութիւնն ու Երաժշտական Ժառանգութիւնը», «Հալէպը Քսաներորդ Դարու Սկզբին», «Իպն-Արապի», «Անտալուսական իջեւաններ» եւ այլ գործեր որոնք զանոր կը բարձրացնեն արաբական ու Իսլամական աշխարհի անուանի անձաւորութեան մակարդակին ու կը դարձնեն իրենց մեծագոյն խորհրդանիշներէն մէկը»։ Իր հերթին Տոքթoր (ուսուցչապետ) Ֆայէզ Ալ-Տայէն կ՛ըսէ՝ « մշակոjթային եւ գրական մեծ անձնաւորութիւն մըն է, եւ անոր գործընթաց լի է ձեռքբերումներով: Ան հեղինակած է տարբեր գիրքեր, որոնք ընտիր աղբիւր դարձած են, ինչպէս նաեւ իր ներդրումը ունեցած է Հալէպ քաղաքի մշակոյթային ասպարեզէն ներս։ Ասիկա արտացոլուած է Սիուրիոյ եւ Արաբական աշխարհի մեծ տարածքներէն ներս։ Երբ ան ղեկավարեց «Հալէպ՝ Իսլամական Մշակոթի Մայրաքաղաք»-ի միջոցառումները որոնգ ներգրաւած էին գիտութեան ու արուեստի պայծառագոյն դասախօսութիւնները, գիտաժողովներն ու հանդէսները եւ կեանքը լուսաւորող մշակոյթա-ժառանգական գիրքերը։ Ալ-Ատիաթ միութեան մէջ անոր ժիր գործունէութեան շնորհիւ տարբեր հաստատութիւններ աշխոյժցուց եւ անոնց մէջ համագործակցութեանն նպաստեց, ու չմոռնանք Հալէպի մէջ Ալ-Մութանապպի-ի (Արաբերէն՝ المتنبّي) տուն-թանգարանի վերաբացումը»։ Հալէպ քաղաքի մշակոյթի տնօրէն Ճապէր Ալ-Սաճուրը կ՛ըսէ «Ուսթազ (վարպետ) Քուճճա-ի նախագահի կողմէն պարգեւատրումը, քաղաքիս բոլոր զավակներուն պարգեւատրում մըն է։ Ի դէմս այնպիսի անձնաւորութեան մը ով արաբական գրադարանները հարստացուց տասնեակ գիրքերով եւ հրատարակութիւններով, եւ խորհրդաժողովներուն ու հանդէսներուն իր փայլուն ներկայութեամբ ան ունէր ու կը շարունակէ ունենալ երեւելի ներկայութիւն մը Ալ-Ատիաթ միութեան եւ «Հալէպ՝ Իսլամական Մշակոթի Մայրաքաղաք»-ի միջոցառումներուն մէջ իր գործունէութեամբ, երբ ան հրատարակեց բազմաթիւ գիրքեր ու հրատակչութիւններ որոնք վաւերագրեցին Հալէպ քաղաքի մշակոյթային, ընկերական ու արուեստական պատմութիւնը, ան կը համարուի գալիք սերունդներուն մշակող իսկական դպրոց մը»։ Իր հերթին Եգիպտացի մեծն գրագետ ու փիլիսոփայ Եուէֆ Զէյտանը կ՛ըսէ՝ «Մուհամմատ Քուճճան մշակոյթային մեծ արժէք կը ներկայացնէ, ով իր սիրելի քաղաք՝ «Հալեպ»-ին տուած է մշակոյթային, գեղարուեստական ​​եւ քաղաքակրթական իւրօրինակ իմաստաւորում մը եւ նշանակութիւն մը, ամբողջ աշխարհին մէջ՝ բոլոր հարթակներուն եւ գիտաժողովներուն մէջ»։
5,219
Շաքարախտի Դէմ Պայքարի Համաշխարհային Օր
Շաքարախտի դէմ պայքարի համաշխարհային օրն (անգլերէն՝ World Diabetes Day), Նոյեմբեր 14-ը շաքարախտի դէմ պայքարի համաշխարհային օրն է: 1991-էն ի վեր, Շաքարախտի միջազգային դաշինքի (International Diabetes Federation, IDF) եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (World Health Organization) նախաձեռնութեամբ, Նոյեմբեր 14-ը կը նշուի որպէս շաքարախտի դէմ պայքարի համաշխարհային օր : == Պատմութիւն == Շաքարախտի դէմ պայքարի օրը ՄԱԿ-ի հովանիին ներքոյ կը նշուի 2007-ի Նոյեմբեր 14-էն՝ ի պատիւ Քանատացի գիտնական Ֆրետերիք Պանթինկ, որ ծնած էր 1891-ի միեւնոյն օրը: Քանատացի գիտնական Ֆրետերիք Պանթինկ (Frederick Banting), որ գործընկերոջ՝ Չարլզ Պեսթին (Charles Best) հետ միասին, մեծ դեր ունեցած է այժմ շաքարախտով հիւանդներու առողջութեան պահպանման միակ միջոցը հանդիսացող էնսիւլինի հայտնաբերման գործին մէջ։ 1922-ին Պանթինկ, էնսիւլինի ներարկման շնորհիւ, ծանր շաքարախտով տառապող 14-ամեայ տղու մը կեանքը փրկած էր: Այս դեղամիջոցը արտօնագրելու եւ անոր շնորհիւ աներեւակայելի հարստութիւն կուտակելու փոխարէն՝ Պանթինի իր իրաւունքները կը փոխանցէ Թորոնթոյի համալսարանին: Յետագային էնսիւլինի արտադրութեան իրաւունքները անցած են Բժշկական հետազօտութիւններու քանատական խորհրդին: 1922-ի վերջը, դեղամիջոցը կը յայտնուի շուկայի վրայ: == Ծանօթագրութիւններ ==
22,304
Ալմա Սաֆրազեան
Ալմա Սաֆրազեան (Վարդանոյշ Գելոյեան, 20 Նոյեմբեր 1859(1859-11-20), Ախալցխա, Թիֆլիսի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 18 Նոյեմբեր 1932(1932-11-18), Աղդաշ, Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն), հայ դերասանուհի եւ թատերական գործիչ։ == Կեանք եւ գործունէութիւն == Ծնած է Թիֆլիսի Ախալցխա քաղաքը։ Անոր բեմական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1880 թուականին, ծննդավայրին մէջ, ներկայացնելով Շէյքսփիրի «Համլեթ»ի Օֆելիա դերը, խաղընկերութեամբ դերասան Պետրոս Ադամեանի: === Ներկայացումներ === Ալմայի ամուսինը եղած է դերասան եւ թատերական գործիչ Ստեփան Սաֆրազեանը։ Ան իր ամուսնոյն հետ ներկայացումներ ունեցած է Երեւանի, Կարսի, Գանձակի, Թաւրիզի, Թեհրանի, Աստրախանի եւ այլ շրջաններու մէջ: Ալմա իր ամուսնոյն հետ ներկայացուցած է բազմաթիւ թատրոններ. ինչպէս՝ Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պէպօ»ն, Շէյքսփիրի «Օթելլօ»ն, Մուրացանի «Ռուզան»ը, Զակոմէտիի «Ոճրագործի ընտանիքը» եւ այլ ներկայացումներ:1883 թուականէն սկսեալ հայկական թատրոնի կողքին դերեր ստանձնած է նաեւ ազրպէյճանեան թատրոններու մէջ, ըլլալով առաջին դերասանուհին: Այդտեղ հանդէս եկած է Մ. Ֆ. Ախունտովի «Հաճի Կարա», Մատաթեանի «Ագահութիւնը թշնամի կը վաստակէ» եւ այլ ներկայացումներ, իր ամուսնոյն կողքին խաղընկեր ունենալով նաեւ ժամանակուան յայտնի դերասաններ Զէյնալովը, Նարիմանովը եւ ուրիշներ: === Թարգմանութիւններ === Դերասանութեան կողքին կատարած է նաեւ թատերական գործերու թարգմանութիւններ, ռուսերէնի վերածելով Սունդուկեանի «Պէպօ»ն, Ախունտովի «Հաճի Կարա»ն եւ ուրիշներ: == Կոչում == 1926-ին արժանացած է Ազրպէյճանի Վաստակաւոր արուեստագիտուհիի կոչումին: == Ծանօթագրութիւններ ==
364
1691 թուական
1691 թուական, ոչ նահանջ տարի, 17րդ դարու 91րդ տարին է == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1691 ծնունդներ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1691 մահեր Օգոստոս 8՝ Եղիազար Այնթապցի (ծն.անյայտ), ամենայն Հայոց կաթողիկոս 1681-էն
17,100
«Արաս» հրատարակչատուն
«Արաս» հրատարակչատուն == Պատմութիւն == Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող «Հըտիվեալ Փալաս» կոչուող պատմական շէնքի գետնայարկը կը գտնուի «Արաս» հրատարակչատունը: 1993-ին Հրանդ Տինքի, Մկրտիչ Մարկոսեանի եւ Եդուարդ Թովմասեանի հիմնադրած «Արաս» հրատարակչատունը երկրի մէջ հայերէն եւ թրքերէն գիրքեր հրատարակող միակ հրատարակչատունն է։ Այն ստեղծուեր է որպէս Թուրքիոյ հայերու մշակութային ժառանգութիւնը ապագայ սերունդներուն կապելու կամուրջ: == «Արաս» հրատարակչատունը՝ Թուրքիոյ տարուայ հրատարակչատուն == 29 Յունուար, 2019-ին Սթամպուլի «Արաս» հրատարակչատունը թերթերու եւ գիրքերի «Տունիա» ամսագրի կողմէն ճանչցուեր է Թուրքիոյ «Տարուայ հրատարակչատուն»: «Արաս» հրատարակչատունին անուանելով «պատուհան դէպի հայ գրականութիւն, պատմութիւն եւ մշակոյթ՝ տարիներ շարունակ իր հրատարակած առանձնայատուկ, գրաւիչ եւ որակեալ գիրքերով»՝ «Տունիա» մրցանակային յանձնաժողովը աւելցուցած է է, թէ հրատարակչատունը ցոյց կու տայ, որ «փոխըմբռնումը կարելի է է եւ՛ կայուն արուեստի, եւ՛ գրականութեան միջոցով»։ Սեւան Տէյիրմենճեան որպէս հայկական բաժնի խմբագիր կը պաշտօնավարէ «Արաս» հրատարակչատան մէջ։ Ցարդ հրատարակած ու խմբագրած է Զապէլ Եսայեանի (Գրիգոր Պըլտեանի հետ), Եղիա Տէմիրճիպաշեանի (Ս. Դւոյեանի հետ), Երուխանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Վահան Թէքէեանի, Միսաք Գօչունեանի եւ դասական այլ հեղինակներու մամլոյ մէջ ցրուած, առանձին հատորով մը չհրատարակուած գրական գործերը, յօդուածները։ «Արաս» հրատարակչատան կայքէջի հասցէն է՝ www.arasyayincilik.com == Աղբիւրներ == Թուրքիայի տարուայ հրատարակչատուն Թօմոն: Հարցազրոյց Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատան հիմնադիրներէն` Եդուարդ Թովմասեանին հետ ի Հարցազրոյցը պրն. Սեւան Տէյիրմենճեանի հետ == Տե՛ս նաեւ == Սեւան Տէյիրմենճեան
1,369
Ազատ (գետ)
Ազատ, գետ Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատ եւ Կոտայքի մարզերուն մէջ։ Երկարութիւնը՝ 55 քմ, ջրահաւաք աւազանի մակերեսը՝ մօտ 550 քմ2։ == Աշխարհագրական Դիրք == Սկիզբ կ'առնէ Գեղամայ լեռնաշղթայի Սպիտակասար լեռնագագաթի հարաւ-արեւմտեան լանջերու 3000-3200 մ բարձրութիւններէն։ Սկիզբը՝ մօտ 13 քմ կը հոսի հարաւ-արեւմտեան ուղղութեամբ՝ անցնելով մինչեւ 600 մ խորութիւն ունեցող գեղատեսիլ հովիտով։ Վերին հոսանքի այս հատուածը՝ մինչեւ ձախակողմեան Քաջառու (նախկին Դարբանդ) վտակը ընդունելը կը կոչուի նաեւ Ուղտուակունք (Յոթնակունք), իսկ այս վտակի միախառնումէն ետք հոսանքով դեպի ներքեւ՝ մինչեւ աջակողմեան Գողթ վտակն ընդունելը կը կոչուի նաեւ Միլի։ Այս ընթացքին մէջ գետը կը հոսի հիւսիս-արեւմտեան ուղղութեամբ՝ ընդունելով նաեւ աջակողմեան Սեւջուր վտակը։ Գառնի գիւղի մօտ գետը վերջնականապէս կը ծռի դէպի հարաւ-արեւմուտք՝ սկզբնական մօտ 9 քմ անցնելով մինչեւ 180 մ խորութիւն ունեցող Գառնիի կիրճով։ Լանջազատ (Զովաշէն) գիւղի մօտ Ազատի վրայ կառուցուած է ջրամբար եւ ՀԵԿ։ Ստորին հոսանքին մէջ կ'անցնի Արարատեան հարթավայրով ու կը թափուի Արաքս։ Սնումը հիմնականին մէջ ստորերկրայ է (69%) եւ ձնահալոցքային (21%)։ Ջրի մակարդակի ամենամեայ կրկնուող բարձրացումը տեղի կ'ունենայ Ապրիլէն Յունիս, որուն ընթացքին կը ձեւաւորուի տարեկան հոսքի 46%-ը։ Ջուրի տարեկան միջին ծախսը 6,5-7 մ³/վրկ է, տարեկան հոսքը 205-220 միլիոն մ³։ Ազատը հիմնականին մէջ արագահոս է, ունի քարքարոտ, սահանքաւոր հուն եւ մեծ անկում։ Ջուրերը մասամբ կ'օգտագործուին գիւղտնտեսական եւ էներգետիկ նպատակներով։ Ազատ գետի հովիտը շատ մասերու մէջ լեցուած է փլուզումներու հետեւանքով առաջացած հսկայական ժայռաբեկորներով։ Գետահովիտն արտասովոր վեհութիւն ունի յատկապէս Գողթ գիւղէն վերեւ։ Գետի այս հատուածը բնութեան իւրօրինակ վայրերէն մէկն է։ Այստեղի գեղատեսիլ անձուկ կիրճերը, ամենաբազմազան լերկ ժայռերը, տեղ-տեղ դէպի ձորն իջնող անտառապատ լեռնալանջերը եւ մեծ բարձրութենէն գահավիժող ջուրերը հովիտը կու տան բացառիկ գրաւիչ տեսք։ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Հայաստանի Սովետական Հանրագիտարան, Երեւան, 1974, I հատոր, էջ 95։ Հայաստանի բնաշխարհ հանրագիտարան, Հ.Մ.Այվազեան, Երեւան, 2006, էջ 139։
511
1801 թուական
1801 թուական, ոչ նահանջ տարի, 19րդ դարու առաջին տարին == Դէպքեր == Յունուար 1՝ Իռլանտան եւ Մեծն Բրիտանիան միաւորուելով ստեղծեցին Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի միացեալ թագաւորութիւնը == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1801 ծնունդներ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1801 մահեր Մարտ 9՝ Յովսէփ Արղութեան (Երկայնաբազուկ, ծն.1743), եկեղեցական եւ ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ
2,729
Դիցաբանութիւն
Դիցաբանութիւնը «դից»երու՝ աստուածներու պատմութիւնն է, Հեթանոսական շրջանի մարդոց կեանքն է:Պատմութեան հնագոյն շրջաններուն, երբ ժողովուրդներ զարգացման նախնական մակարդակի վրայ կը գտնուէին, երեւակայական պատկերացումներու միջոցով ձգտած են բացատրել բնութեան, մարդկային հոգիին եւ ընկերային կեանքին այլազան երեւոյթները: Այսպէս, իրենց երեւակայութեան մէջ անոնք ստեղծած են գերբնական էակներ, աներեւոյթ ոգիներ, աստուածներ, աստուածուհիներ, եւ զանոնք նկատած են ստեղծիչներն ու ղեկավարները տիեզերքին ու մարդկային կեանքին: Անոնց համար կառուցած են մեհեաններ եւ պաշտած զանոնք: == Ծագումնաբանութիւն == Դիցաբանութիւն եզրը պատմութեան մէջ ընդհանրացած է առասպել բառէն դարեր առաջ։ Առաջին անգամ անիկա ի յայտ եկած է ԺԵ. դարուն եւ փոխ առնուած է միջին ֆրանսերէնի դիցաբանութիւն եզրէն։ Դիցաբանութիւն բառը («առասպելներու մեկնաբանութիւն») ծագած է միջնադարեան, ուշ լատիներէն, յուն․՝ μυθολογία mythología (առասպելական գիտելիքներ, առասպելներու մասին պատմութիւններ, հեքիաթներ), μῦθος – միֆոս («առասպել») եւ Λογική – լոքիա («գիտութիւն») բառերէն ։ Երկու եզրերն ալ թարգմանուած են Ե. դարու վերջը եւ Զ. դարու սկիզբը, լատիներէնով ստեղծագործող հեղինակ Ֆապիուս Փլանքիատես Ֆուլկենթիուսի (Fabius Planciades Fulgentius) դիցաբանութիւններէն (լատ. Mitologiarum libri III), որոնք առասպելներու բարոյախօսական մեկնաբանութիւններ էին: Անոնք կը յիշուին իբրեւ դասական դիցաբանութիւն։ «Դիցաբանութիւն» բառին (μυθολογία) կարելի է հանդիպիլ նաեւ Պղատոնի գործերուն մէջ, սակայն, անիկա կ'օգտագործուի իբրեւ ընդհանուր եզր: == Դիցաբանութեան ձեւաւորումը == Դիցաբանութեան ձեւաւորման համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցած են՝ ֆեթիշիզմը, թոթեմիզմը եւ ոգեպաշտութիւնը։ Սկզբնական շրջանին դիցաբանութիւնը ըստ էութեան ձուլուած է այդ պատկերացումներուն մէջ։ Հետագային, մարդկութեան զարգացման ընթացքին, աստիճանաբար յառաջացած են տարբեր ժողովուրդներու մարդակերպ աստուածներու համազգային դիցաբանները։ Նիւթական անհաւասարութեան զարգացման ու դասակարգերու յառաջացման զուգընթաց, աւելի խորացած է գլխաւոր եւ երկրորդական աստուածներու տարբերութիւնը եւ ընդգծուած է անոնց նուիրապետութիւնը։ Աստուածները եւ կիսաստուածները (հերոսները) մարմնաւորելով բնութեան որեւէ տարր, միաժամանակ ձեռք բերած են ընդհանրական-բարոյական նշանակութիւն՝ խորհրդանշելով չարին ոչնչացումը, բարին, գեղեցիկը, հերոսականը եւ հասարակական կարգը։ Այդ գաղափարները կ'արտայայտեն բաբելական Մարդուկը, հնդկական Ինտրան, յունական Զեւսը, Պրոմեթեւսը, Ափրոդիտէն, Հերակլէսը, հայկական Վահագնը, Հայկը, Անահիտը եւ այլն։ Վաղ դասակարգային հասարակարգերուն մէջ դիցաբանութիւնը դարձած է կրօնական, ընկերա-քաղաքական, գեղագիտական, բարոյական եւ փիլիսոփայական գաղափարներու արտացոլման այլաբանական ձեւ։ Սակայն հետագային, բնութեան եւ հասարակութեան օրինա–չափութիւններուն ճանաչման զուգընթաց, դիցաբանութիւնը աստիճանաբար տեղը զիջած է հասարակական գիտակցութեան միւս ձեւերուն։ Գրեթէ բոլոր ժողովուրդներն ալ ունեցած են դիցաբանական զանազան ըմբռնումներ, վերացման ու զարգացման տարբեր հանգրուաններուն ստեղծուող դիցաբանութիւններ։ Դրացի ժողովուրդներու դիցաբանական պատկերացումները յաճախ ազդած են իրարու վրայ, տեղային, պարզունակ համոզումներէն անցում կատարուած է աւելի համապարփակ արժէք ներկայացնող գաղափարներուն։ Համաշխարհային դիցաբանութեան կատարեալ, դասական արտայայտութիւնը յունականն է, որ ժամանակին գրառուած է, ստացած համակարգուած եւ ամբողջական բնոյթ։ Բոլոր ժամանակներուն, յատկապէս հին արուեստագէտներու ու գրողներու ստեղծագործութիւններուն մէջ արտացոլուած են դիցաբանական կերպարներն ու առասպելները։ Մշակութային, պատմաճանաչողական մեծ արժեք կը ներկայացնեն Հոմերոսի, Էսքիլեսի, Եւրիպիթեսի, Ֆիտիասի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւնները։ Դիցաբանութիւնը սնած են շարք մը յառաջադիմական ընկերաքաղաքական շարժումներ եւ գաղափարական հոսանքներ։ նոր պղատոնականութիւնը, միջնադարեան կրօնական որոշ աղանդներն ու հակաաւատապետական գիւղացիական շարժումները, ինչպէս նաեւ գեղանկարչութիւնը, թատրոնը, Վերածննդեան մարդկայնապաշտութիւնը, նոյնիսկ արդի արուեստի որոշ, տարրեր ծագումնաբանութեամբ կ'առնչուին դիցաբանութեան հետ։ Դիցաբանութիւնը յաճախ նոյնացած է կրօնին, համարուած է կրօնի ստորին աստիճան կամ, ընդհակառակը, հակադրուած է անոր։ Պատմականօրէն դիցաբանութիւնը աղերս ունի նախնական կրօններու հետ (եւ կը պարունակէ կրօնի որոշ տարրեր)։ Տեսականօրէն այս ընդհանրութիւնը կը բացատրուի անով, որ ե'ւ դիցաբանութիւնը, եւ' կրօնը մարդու վրայ իշխող արտաքին ուժերու երեւակայական արտացոլումն են։ Դիցաբանութեան եւ կրօնի աղերսներու վկայութիւնն է նաեւ այն, որ դիցաբանական մտածողութեան, աշխարհի դիցաբանական իմաստաւորման ու գնահատականին հետ կապուած է նաեւ աստուածներու պաշտամունքը, մարդիկ կառուցած են աստուածներուն նուիրուած տաճարներ, կանգնեցուցած են անոնց արձանները, զոհեր մատուցած են եւ կազմակերպած են յատուկ տօնախմբութիւններ։ Դիցաբանութեան քննական վերլուծութիւնը կապուած է փիլիսոփայական մտածողութեան ձեւաւորման հետ (Քսենոֆոն, Պղատոն, Արիստոտէլ եւ, յատկապէս՝ Եւգեմերոս), երբ մշակուած են այլաբանական մեկնողական ձեւի սկզբունքները։ Այս մօտեցումը հայ իրականութեան մէջ շարունակած են Մար Աբաս Կատինա Մծուրնեցին, Եզնիկ Կողբացին, Եղիշէն, Մովսէս Խորենացին, Գրիգոր Մագիստրոսը եւ ուրիշներ։ Դիցաբանութեան գիտական ուսումնասիրութիւնը սկսած է Վերածննդեան շրջանին։ Դիցաբանութեան պատմական ըմբռնումը ԺԸ. դարուն առաջադրած է իտալացի փիլիսոփայ Վիքօն (Giambattista Vico)։ Դիցաբանութեան ուսումնասիրութեան, պատմամշակութային արժէքներու վերհանման գործին մէջ ներդրում ունին վիպապաշտութեան ու դիցաբանական դպրոցի (ԺԹ. դար) ներկայացուցիչները։ Արդի քաղքենիացած տեսութիւնները դիցաբանութիւնը կը բացատրեն մարդոց հոգեբանական, սեռային, մտաւոր, կրօնական, գիտական եւ նման գործողութիւններով եւ ունակութիւններով։ Մինչդեռ մարքսիզմը դիցաբանութիւնը կը համարէ մշակութային-պատմական երեւոյթ մը եւ անոր յառաջացումն ու զարգացումը կը հիմնաւորէ ընկերա-տնտեսական այն պայմաններով, որոնց մէջ կը յառաջանայ հոգեւոր մշակոյթը, ինչպէս նաեւ՝ դիցաբանութիւնը։ == Ուրարտական դիցաբանութիւն == Նախնադարեան կրօնական հաւատալիքները, պաշտամունքն ու դիցաբանական ըմբռնումներու զարգացումը նպաստած են ուրարտական դիցարանին ու մարդակերպ աստուածներու պաշտամունքին ձեւաւորման։ Գերագոյն աստուած Խալդիին գլխաւորութեամբ, Թէյշեպա եւ Շիվինի աստուածները կազմած են ուրարտական դիցարանին գերագոյն աստուածներուն եռեակը։ Արձանագրութիւններուն մէջ կը յիշատակուի նաեւ այլ աստուածներու (աստուածուհիներու) մասին։ Կրօնապաշտամունքային եւ դիցաբանական այսպիսի աւանդոյթներու եւ հայ ժողովուրդի կազմաւորման ու հայ պետականութեան յառաջացման պայմաններուն մէջ աստիճանաբար ձեւաւորուած է հայկական դիցաբանութիւնը, ծնած է առասպելական պատկերացումը ցեղային եւ վաղ հայկական աստուածներու՝ Հայկի, Արայի, Վահագնի եւ Տորք Անգեղի մասին։ Աքեմենեան տիրապետութեան ընթացքին, հայկական դիցարանը մասամբ ենթարկուած է իրանական ազդեցութեան։ Հետագային (Ք.Ա. շուրջ 4-րդ դարու վերջը եւ 3-րդ դարու սկիզբը) հայկական դիցաբանութիւնը աւելի է ամբողջականացած եւ համակարգուած է, իսկ դիցարանին աստուածները (Արամազդ, Անահիտ, Աստղիկ, Վահագն, Միհր, Նանէ, Տիր) միաւորուած են ազգակցական ընդհանուր կապերով եւ նուիրապետութեան ուրոյն սկզբունքով։ == Հայկական Դիցաբանութիւն == Հայկական դիցաբանութիւնը գրի չէ առնուած. անկէ մեզի հասած են փշրանքներ միայն՝ ցրուած մեր մատենագրութեան էջերուն մէջ: Համաշխարհային դիցաբանութեան մէջ ուրոյն տեղ կը գրաւէ հայկական դիցաբանութիւնը։ Դարեր գոյատեւած հայկական դիցաբանութիւնը իր դրոշմը ձգած է մարդոց մտածողութեան եւ աշխարհայեացքին ձեւաւորման վրայ։ Այդ իսկ պատճառով հայոց դիցաբանական ըմբռնումները գոյատեւած են նաեւ քրիստոնէութեան շրջանին։ Բացառիկ արժէք կը ներկայացնեն հայկական դիցաբանութեան վերաբերող այն կցկտուր տեղեկութիւնները, որոնք պահպանուած են Ագաթանգեղոսի, Մովսէս Խորենացիի, Զենոբ Գլակի, Փաւստոս Բիւզանդի եւ ուրիշ հայ ու օտար (Ստրաբոն, Պլուտարքոս) մտածողներու ու պատմիչներու աշխատութիւններուն մէջ։ Հայոց տիեզերագոյացութեան, դիցաբանական հնագոյն պատկերացումներու մասին գաղափար կու տայ նաեւ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը։ Ըստ Մանուկ Աբեղեանի եւ Յովսէփ Օրբելիի, Ծովինարին, Սանասարին, Քուռկիկ Ջալալիին, Մեծ ու Փոքր Մհերներուն եւ Դաւիթի կերպարներուն մէջ առկայ են տիեզերական տարրեր, անոնք երկնային երեւոյթներու եւ ամպրոպի (կայծակի) աստուածութեան տարբեր մարմնաւորումներն են։ Հայկական դիցաբանութեան ուսումնասիրութիւնը սկսած է ԺԹ. դարէն (Ղուկաս Ինճիճեան, Մեսրոպ Թաղիադեան, Ղեւոնդ Ալիշան, Մկրտիչ Էմին, Կարապետ Կոստանեան, Օկիւսթ Քարիեր, եւ ուրիշներ)։ Մկրտիչ էմին, հետագային նաեւ Գրիգոր Ղափանցեան, Մանուկ Աբեղեան եւ այլ մտածողներ հայկական դիցաբանութեան ծագումն ու զարգացումը բացատրած են բուն Հայաստանի եւ Առաջաւոր Ասիոյ ժողովուրդներու հոգեւոր մշակոյթին եւ դիցաբանական ըմբռնումներուն զարգացման ընդհանուր օրինաչափութեամբ։ == Մեզի հասած օտար դիցաբանութիւններու հետ բաղդատականներ == === Արամազդ === Հայկական Արամազդը իր յատկանիշներուն մէկ մասով կը համապատասխանէ վրացական Արմազին, յունական Զեւսին, հռոմէական Ճիուփիթըրին, հնդկական Ինտրային եւ պարսկական Ահուրամազտային: Հայերուն կողմէ Արամազդի շնորհուած ստորոգելիները զինք կը դարձնեն ո'չ միայն ամէնագէտ աստուածներու հայր, այլեւ՝ աստուածներու ստեղծիչ: Իր յատկանիշներուն մէջ կը հանդիպինք նաեւ էակ իմաստուն, Տէր իմաստուն, սուրբ, անմահ, պաշտելի, հոգի սուրբ (կենարար), երկինքի եւ երկիրի ստեղծիչ, երկիրին լիութիւն եւ պարարտութիւն պարգեւող արտայայտութիւններուն: Արամազդի գլխաւոր բագինը Բարձր Հայքի Դարանաղեաց գաւառի Անի ամրոցին մէջ եղած է: Անին, հետագային Արշակունի թագաւորներուն դամբարանը եղած է: Արամազդի բագիններ գտնուած են նաեւ վասպուրականի Անձեւացեաց գաւառին մէջ: Արամազդ, ըստ աւանդութեան, կին չէ ունեցած, սակայն, երկու դուստր եւ մէկ արու զաւակ ունեցած է: Իր երկու դուստրերն են՝ Անահիտ-Աստղիկ եւ Նանէ, իսկ արու զաւակը՝ Միհր: === Անահիտ-Աստղիկ === Անահիտ եւ Աստղիկ անուններուն տարբեր յատկանիշներ կապուած են, սակայն ինչպէս աւանդութեան մէջ կ'երեւի, Անահիտ եւ Աստղիկ միեւնոյն անձնաւորութեան տարբեր երեսներն են: Անահիտ աստուածուհին, յատկանիշներուն մէկ մասով կը համապատասխանէ յունական Արտեմիսին, հռոմէական Տիանային, եւ պարսկական Անահիտային: Անահիտ հետեւեալ յատկանիշներով օժտուած է. Ան մայրն է ամենայն զգաստութեան եւ խորհրդանիշն է առաքինութեան: Ան հայ ժողովուրդին փառքն է եւ կեցուցիչ խնամակալը: Իբրեւ այդպիսին, ան միաժամանակ մեծ տիկին է: Տիկին հասկացողութեամբ մեր նախնիները բարձրատոհմիկ եւ ազնուազարմ կին կը հասկնային: Անահիտին բագինը Եկեղեաց գաւառի Երիզու աւանին եւ Արտաշատ քաղաքին մէջ եղած է: Տուրուբերան գաւառին Տարօն աւանին մէջ եւս, պեղումներու ընթացքին գտնուած են իր բագինները:Վերջին այս տեղեկագրութենէն եւ Անահիտի մէկ այլ յատկանիշէն դատելով, Անահիտ եւ Աստղիկ դիցուհիներուն միեւնոյն աստուածուհին ըլլալու վարկածը կը հաստատուի: Աստղիկին բագինները առաւելաբար Տուրուբերան գաւառին մէջ եղած են: Անահիտ, իր միւս յատկանիշներուն կողքին, իբրեւ խնամակալ տիկին, եղած է նաեւ պտղաբերութեան եւ սիրոյ դիցուհի, ինչպէս նաեւ պտղաբերութեան գաղափարէն անխզելի՝ Ջուրի աստուածուհի: Ահա այս ստորոգելիները չափազանցութեան տանելով, կ'ունենանք Աստղիկ դիցուհիին յատկանիշները: Աստղիկը ճանչցուած է իբրեւ սիրոյ, գեղեցկութեան եւ քաջութեան աստուած՝ Վահագնի կինը: Ըստ աւանդութեան, ան ամէն գիշեր կը լողար Եփրատ գիտին մէջ: Երիտասարդները խարոյկ կը վառէին, որպէսզի դիտէին գեղուհին: Սակայն Աստղիկ միշտ Տարօնի դաշտը կը պատէր մշուշով, որպէսզի օտար աչքեր չտեսնեն զինք: Մեր նախնիները կը սիրէին Աստղիկ դիցուհին: Անոր տօնը կը կատարէին ամրան կէսերուն, մեծ հանդիսութիւններով: Կ'երգէին, կը պարէին, կ'աղօթէին, իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին եւ այդ առիթով, զիրար սիրող զոյգեր իրարու վրայ վարդ կը նետէին: Այս տօնը կը կոչուէր Վարդավառ, ինչ որ կը մնայ մինչեւ այսօր, անցեալի իր տոհմիկ սովորութիւններով: === Նանէ === Նանէ աստուածուհին, իր յատկանիշներուն մէկ մասով, Յոյներու Աթենաս, Վրացիներու Նինա Տա նանա եւ Աբխազներու Նան Անա աստուածուհիներուն կը համապատասխանէ: Յունարէնով «Նաննա» կը նշանակէ յաւերժահարս, յաւիտենական կին կամ ծննդաբերութեան ոգի: Պարսկերէնով «Նան» հաց կը նշանակէ: Եթէ հացը ընդունինք իբրեւ տան մը տնտեսութեան հիմը կազմող տարր, ահաւասիկ, հայ տան աւանդութեան մէջ ճանչցուած հայ կնոջ դերը կը գտնենք Նանէի մէջ: Նանէի բուն յատկանիշը հնարագիտութիւնն է: Անոր անունին կապուած են «Հնարագէտ Տնտեսուհի»ի, մայրութեան եւ սնուցման գաղափարները: Հայ ընտանիքին մէջ, անիկա աւանդականօրէն մօր, տնտեսութեան ղեկավարի, միաժամանակ ծննդաբեր տարրի եւ ստնտուի դերերը կը կատարէ: Նանէին բագինը Թիլ աւանին մէջ էր: Նանէով կ'ամբողջանայ հայ իրականութեան մէջ կնոջ վերապահուած դերերու շարանը: Ինչպէս մեր պատմութիւնը ինքնին կը վկայէ, կնոջ պատկերացումը շատ ալ տարբեր չէ եղած վերոյիշեալ տուեալներէն, որոնց մէջ Անահիտ ու Աստղիկ նոնյպէս կարեւոր դեր կը խաղան: Նոյնիսկ մեր օրերուն, հայ տանտիկինը այս բնորոշումներով կը ներկայացուի: === Վահագն === Վահագն սիրոյ, գեղեցկութեան, բայց յատկապէս քաջութեան աստուածն է: Ան նաեւ, հայ երիտասարդներուն քաջութիւն կը պարգեւէ: Վահագն կոչուած է նաեւ «Ամպրոպային աստուած»: Յունական դիցաբանութեան մէջ Վահագնի զուգորդուող աստուածը Հերակլէս կը կոչուի: Սկանտինաւեան դիցաբանութեան մէջ Թորը, որ որոտումի աստուածն է, նոյնպէս առնչուած է Վահագնի: Ագաթանգեղոս պատմիչ, Վահագնը «Վիշապաքաղ» կը կոչէ, իսկ Մովսէս խորենացի պատմահօր համաձայն, Վահագն որդին է Տիգրան Երուանդեանի: Ըստ Անանիա Շիրակացիի, Վահագն ասորիներու բարշամին հետ երկինքին մէջ կռուած է եւ անոր յարդը գողնալով՝ իր սենեակը բերած է: Ճամբուն վրայ, յարդէն մաս մը թափած է եւ «Ծիր կաթին»ը յառաջացած է անկէ: Ըստ աւանդութեան, այս պատճառով է, որ ծիր կաթինը «Յարդգողի ճանապարհ» կը կոչուի: Վահագնի բագինը Աշտիշատի մէջ եղած է: Վահագնի աւանդութիւնը շարունակուած է նոյն շրջանին մէջ գտնուող Մարութայ Ս. Կարապետ վանքին մէջ: === Միհր === Միհրին կը համապատասխանեն Յունաստանի մէջ Հեփեստոսը, Հռոմի մէջ Վուլկանը, Իրանի մէջ Միթրան եւ Հնդկաստանի մէջ Ագնին: Արեւը ո'չ միայն կեանք եւ կենդանութիւն կու տայ աշխարհին, այլ իբրեւ լոյս կը թափանցէ մարդոց հոգիներէն ներս եւ անոնց կեղծիքն ու խարդախութիւնը կը մերկացնէ, այդ ձեւով հանդիսանալով արդարութեան եւ ճշմարտութեան ջերմ պաշտպանը: Իբրեւ յարակից պաշտօն, արեւը կը հսկէ ուխտապահութեան վրայ եւ ուխտադրուժները կը պատժէ: Միհրը, իբրեւ արեւի աստուած, վերոյիշեալ տուեալներով օժտուած էր եւ միաժամանակ էակից-գոյակիցն էր ահուրամազտային կամ հայկական Արամազդին: Միհրին արձանը, որ Բագառիճ գիւղին մէջ կը գտնուէր, կը ներկայացնէր երիտասարդ մը, որ ցուլի մը վրայ բազմած է եւ գլուխը ծածկած է հայկական գլխարկով մը: Անոր մօտ կը գտնուի շուն մը, իսկ վերեւը՝ ձեռքին մէկը վեր, միւսը վար՝ երկու ջահեր բռնած երիտասարդ մը կայ: Իսկ անոր սրունքներուն օձեր եւ կարիճներ փաթթուած են: Միհր անուան տարբերակաները կը փաստեն անոր լայն ընդհանրացումն ու ժողովրդականութիւնը. Միհր, Միր, Ամիր, Մեհեր, Մհեր, Մեր, Մեհ, Մարհ, Հայոց Մեհեկեան (Փետրուար) ամիսը, Մեհեան (տաճար) միայն նմոյշներ են այն բազմաթիւ յատուկ անուններէն, որոնք յառաջացած են Միհր անունէն: === Տիր === Տիրը յունական Հերմէսին եւ Ապողոնին, Հռոմէական Մերքիւրիոսին եւ սկանտինաւեան Թիւրին կը համապատասխանէ: Ան եղած է Արամազդի քարտուղար-դպիրը եւ իբրեւ այդպիսին՝ գիտութեան, գրականութեան եւ դպրութեան աստուածը: Տիրացու բառը, իբրեւ դպրութեան հետեւող մարդ, Տիր անունէն եկած է: Հայոց ապրիլ ամիսը՝ Տրէ կամ Տրեայ, յատուկ անուններ՝ Տիրան, Տիրատուր, Տիրայր, Տրդատ, տեղանուններ՝ Տիրառիճ եւ Տիրինկատար, դարձեալ անկէ յառաջացած են: Իբրեւ Արամազդի քարտուղար կամ գրագիր, Տիր դարձեալ պատճառ կրնայ դարձած ըլլալ «գրողը տանի քեզ» ժողովրդային արտայայտութեան: == Այլ աստուածներ == Իրարու սերտօրէն առնչուած այլ աստուածներ եւս գոյութիւն ունեցած են: Ամենաբեղը՝ պտղաբերութեան, բերքահաւաքի եւ երկրագործութեան խնամակալ աստուածը եղած է: Ան է որ արտերը եւ այգիները ցրտահարութենէ, կարկուտէ եւ հեղեղներէ պաշտպանած է: Բերքահաւաքի ատեն, մեծ տօնակատարութիւններ կը կազմակերպուէին Ամենաբեղին զոհեր մատուցանելու եւ խրախճանք կազմակերպելու համար: Թագաւորը, իշխանները եւ ժողովուրդը այս հանդիսութեան ընթացքին խաղերու, մրցանքներու եւ զուարճութիւններու հանդիսատես կ'ըլլային: Տեղի կ'ունենային ձիարշաւ, անասուններու կռիւ եւ աղաւնիներու ազատ արձակում: Հանդիսութիւնները կը տեւէին Նաւասարդ ամսուան 1-էն մինչեւ 6: Նաւասարդը հայոց տարւոյն առաջին ամիսը ըլլալով, Ամենաբեղը փոխաբերաբար նաեւ Ամանոր կը կոչուէր: Տօնակատարութիւններու ընթացքին Տիգրան Գ.ի հրամանով շինուած հիւրանոցները կրնային պատճառ դարձած ըլլալ Ամենաբեղի երրորդ անուան. մեկնելով հիւրանոցի, ինչպէս նաեւ՝ խնամակալի գաղափարէն, Ամենաբեղ նոյնպէս կոչուած է Վանատուր, այսինքն՝ հիւրընկալ:Հայերը ունեցած են նաեւ ստորերկրեայ դատարկութիւնը յատկանշող աստուածներ: Ըստ աւանդութեան, թաղուած մեռելները կ'երթային ստորերկրեայ դատարկութիւն, ուր անոնք կ'ենթարկուէին Սպանդարամետ աստուծոյ: Գոյութիւն ունեցած են նաեւ բոլորովին օտարամուտ աստուածներ, որոնցմէ են Նապոգ եւ Բել, Ճիւաղ, Մաժան, Նառ եւ Հեպիտ:Այս օտարամուտ աստուածները մինչեւ քրիստոնէական Ե. դարը արդէն մեր բառամթերքէն վերցուած են, սակայն նուազ աստուածային, միայն առասպելական բնոյթ կրող անունները ինչպէս՝ Տորք Անգեղ եւ Արամ, մնացած են, պարզ այն պատճառով, որ հայկական եղած են: == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Հայ Եկեղեցագիտութիւն, Անթիլիաս 2006, Մանուշակ Պոյաճեան, էջ (13-էն 22) The mythology of all races, v․ 1-12, Boston, 1916-1928; Levi-Strauss C․, Mythologiques, t․ 1-4, P․, 1964-1971; Kirk G․ S․, Myth, its meaning and functions in ancient and other cultures, Berk-Los Angeles, 1970
20,154
Վագերաձի
Վագերաձի (լատիներէն՝ Hippotigris), միասմբակաւորներու կարգի ձիերու սեռին պատկանող կաթնասուն կենդանիներ: Շերտաւոր մորթով, կ'ապրին հովիտներու մէջ: Վագերաձիին մարմնին երկարութիւնը 200-240 սմ. է, պոչինը՝ 45-57 սմ.։ Մարմինը պատուած է սեւ եւ ճերմակ շերտերով։ Վագերաձիերը ձգողական ուժ մը կը զգան սեւ եւ ճերմակ գոյներուն հանդէպ: Եթէ պատի մը վրայ սեւ եւ ճերմակ երիզներ ներկուած են, անոնք կ'երթան այդ պատին քով կենալու: Շատ զգոյշ, արագավազ եւ բուսակեր կենդանիներ են: Տարածուած են Արեւելեան, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ։ == Ծանօթագրութիւններ ==
5,905
Սամարղանտ
Սամարղանտ (ուզպեքերէն՝ Samarqand), աշհարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկը։ Ան կը գտնուի ծովու մակերեսէն 702 մ. բարձրութեան վրայ։ Ուզպեքստանի երկրորդ մեծութեամբ քաղաք է։ Հիմնադրուած է Ք․ա․ VIII դարուն։ Բնակչութիւնը՝ 546 303 մարդ (1 Յունուար 2020)։ Աւելի քան երկու հազար տարի առաջ քաղաքը կարեւոր կեդրոն եղած է Չինաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ՝ գտնուելով Մետաքսեայ ճանապարհին վրայ, նաեւ եղած է միջնադարեան արեւելքի գիտութեան զարգացման կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկը։ Տասնչորսերորդ դարուն դարձած է Լենկթիմուրի կայսրութեան մայրաքաղաքը։ 2001 թուականին Սամարղանտն ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կազմին մէջ։ == Աղբիւրներ ==
1,684
Այտափոսիկ
Այտափոսիկ, այտփոսիկ կամ մատնեհար, բնական փոքրիկ փոսիկներ մարդու այտերուն եւ կզակին: == Բնութագիր == Փոսիկները կ’ըլլան տարբեր չափերու եւ խորութեան: Կ’ըլլան շրջանաձեւ կամ ուղղահայեաց կերպով ձգուած: Սովորաբար կը հանդիպին բերանի կողային անկիւններուն տարբեր հեռաւորութեանց վրայ: Փոսիկները կը յառաջանան երկու այտերուն, սակայն հաւանական է նաեւ, որ ըլլան միայն մէկ այտի վրայ: Սովորաբար դէմքի մկաններու հանգիստ վիճակին փոսիկները նկատելի չեն: Ատոնք կ’երեւին միայն ժպտալու ատեն կամ բուռն դիմախաղի պարագային: Ժամանակ առ ժամանակ փոսիկները կրնան անհետանալ եւ կրկին յայտնուիլ: Փրոֆեսոր Մաք-Տոնալտ իր հետազօտութեանց արդիւնքին եզրակացուցեր է, որ փոսիկները սխալմամբ բնութագրուեր են որպէս գէնականօրէն փոխանցուող իշխող ծին (գէն): Սակայն, Եութայի համալսարանի գիտնականները կը համարեն, որ ատոնք ոչ մշտական իշխող ծին են, որոնք սովորաբար կը կառավարուին մէկ ծինի կողմէ, բայց միեւնոյն ատեն կը գտնուին միւս ծիներու ազդեցութեան տակ: == Յառաջացման պատճառներ == Կը շրջանառուին տարբեր վարկածներ այտափոսիկներու յառաջացման պատճառներու վերաբերեալ: Բայց ատոնք բոլորն ալ կը յանգեն այն մտքին, որ այտափոսիկներու յառաջացման հիմնական պատճառը այտոսկրային մեծ մկանի (լատ.՝ zygomaticus major) կառուցուածքային առանձնայատկութիւններն են: Այտոսկրային մեծ մկանը կծկուելու ատեն բերանի անկիւնը վեր կը բարձրացնէ եւ քիչ մը կը ձգէ դէպի դուրս, որի արդիւնքին կը ձեւաւորուի ժպիտը: Այս պատճառով ալ այն երբեմն կ’անուանեն «ժպիտի գլխաւոր մկան»: Կան շարք մը կազմողական վիրահատութիւններ այտերու արհեստական փոսիկներ ստեղծելու համար: Սակայն յայտնի չէ՝ ատոնք երկար ժամանակ կը պահպանուի՞ն, թէ՞ ոչ, քանի որ տարիքի հետ մէկտեղ մաշկի առաձգականութիւնը կը նուազուի, եւ փոսիկները կրնան անհետանալ: == Մշակութային առանձնայատկութիւններ == Որոշ մշակութային ուսումնասիրութեանց արդիւնքին պարզ դարձած է, որ ասիական եւ հնդեւրոպական ցեղային ենթախմբերու մէջ կայ նախապատուութիւն այտափոսիկներ ունեցող մարդոց նկատմամբ, եւ անոնք կը համարուին առաւել գրաւիչ ու անկեղծ: == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Possible inheritance of dimples.
23,746
Կարտեսական Կասկած
Կարտեսական Կասկածը ուղեգծային թերահաւատութեան (Սկեպտիկականութեան) ձեւերէն մէկն է, կապուած «Րընէ Տէքարթ»-ին (Ֆրանսերէն՝ René Descartes 31 Մարտ 1596 – 11 Փետրուար 1650) գրութեանց եւ հետազօտութեան ու մտածելու իր եղանակին հետ։ Կարտեսական կասկածը նաեւ կը կոչուի Տէքարթական կասկած, Քարթէսական կասկած, Կարտեսական թերահաւատութիւն, ուղեգծային (մեթոտական) կասկած, Հետեւողբանական կասկած, Ընդհանրական կասկած, Կանոնաւոր կասկած, Չափազանձական կասկած (Անգլերէն՝ Hyperbolic Doubt)։ «Տէքարթական Կասկած»-ը կանոնաւոր ու համակարգուած գործընթաց մըն է, անձնական համոզումներուն ճշմարիտութեան հանդէպ թերահաւատ ըլլալու (կամ կասկածելու) զոր փիլիսոփայութեան մէջ դարձած է յատկանշական եղանակ մը։ Յաւելուածաբար, Տէքարթին եղանակը շատերու կողմէն կը համարուի արդի գիտական եղանակին աղբիւրը։ Կասկածի այս եղանակը արեւմտեան փիլիսոփայութեան մէջ ժողովրդականացուեցաւ «Րընէ Տէքարթ»-ին կողմէն, ով կը ջանար կասկածիլ բոլոր հաւատալիքներուն ճշմարտութիւնը, վճռելու համար թէ անոնցմէ որ մէկուն ճշմարիտ ըլլալուն վստահ կրնար ըլլալ։ Ասիկա է Տէքարթական խօսքի «Ես կը մտածեմ, ապա ես կամ (բառացի՝ ես եմ)» (Լատիներէն՝ "Cogito ergo sum") խարիսխը: Այս ասքի աւելի ամբողջական տարբերակը․ «Ես կը կասկածիմ, ապա ես կը մտածեմ։ Ես կը մտածեմ, ապա ես գոյ եմ» (Լատիներէն՝ "dubito ergo cogito, cogito ergo sum")։ "Sum"-ին «գոյ եմ» («գոյութիւն ունիմ») թարգմանութիւնը կը ներկայացնէ այս արտայայտութեան շատ աւելի լայն ու յստակ իմաստը։ «ՈՒղեգծային թերահաւատութիւն»-ը (Անգլերէն՝ methodological skepticism) զատորոշելի է «իմաստասիրական թերահաւատութենէն» (Անգլերէն՝ philosophical skepticism) այն բանով որ առաջինը մօտեցում մըն է որ քննութեան ու մանրախուզութեան կ՛ենթարկէ գիտութեան բոլոր պնդումները, մինչդեռ փիլիսոփայական թերահաւատութիւնը մօտեցում մըն է որ հարցականի տակ կը դնէ ստոյգ գիտութեան հնարաւորութիւնը։ == Յատկանիշներ == Կարտեսական կասկածը ուղեգծային է (մեթոտաբանական)։ Անիկա կը գործածէ կասկածը որպէս ստոյգ գիտութեան աղբիւր, բացայայտելով անիկա ինչ որ կարելի չէ կասկածի ենթարկել։ Մասնաւորապէս զգայական տուեալներուն սխալականութիւնը Կարտեսական (Տէքարթական) կասկածի առարկա է։ Մարիօ Պանժը (Mario Bunge) կը պնդէ թէ ուղեգծային թերահաւատութիւնը կանխաւ կ՛ենթադրէ թէ գիտական տեսութիւններն ու եղանակները կը բաւարարեն կարգ մը փիլիսոփայական պահանջներ՝ գաղափարապաշտութիւն (idealism), նիւթապաշտութիւն (materialism), իրապաշտութիւն (realism), բանապաշտութիւն (rationalism), փորձառապաշտութիւն (empiricism), եւ համակարգապաշտութիւն (systemism), եւ կ՛ըսէ թէ գիտութեան տուեալներն ու ենթադրութիւնները (վարկածները) համակարգ կամ դրութիւն մը կը հիմնէն։ == Ուղեգիծն ու Գործելակերպը == Տէքարթին անդրաձգական կամ չափազանցական կասկածի եղանակը կը ներառէ՝ Ընդունիլ միայն այն տեղեկութիւնը որ դուք գիտես թէ ճշմարիտ է, Այս ճշմարտութիւնները Քակել ու բաժնել աւելի փոքր միաւորներու, Նախ լուծել ամէնէն պարզ խնդիրը, Հետագայ խնդիրներու կատարեալ ցանկերու կազմում։Չափազանձական կասկածը (Անգլերէն՝ Hyperbolic Doubt) կը նշանակէ ունենալ կասկածելու հակում, քանի որ կասկածի ծայրայեղ ու չափազանցեալ կերպն է։ Գիտութիւնը կամ իմացութիւնը Կարտեսական հասկացողութեամբ կը նշանակէ բան մը գիտնալ որ դուրս է ոչ միայն ողջամիտ կասկածէն, այլ բոլոր հնարաւոր կասկածներէն։ 1641-ին հրատարակուած իր «Մտախոհութիւններ Առաջին Փիլիսոփայութեան Մասին» գիրքին մէջ, Տէքարթը որոշեց կանոնաւոր եւ համակարգուած կերպով կասկածիլ թէ իր համոզումներէն եւ հաւատալիքներէն ոեւէ մէկը ճշմարիտ էր, որպէսզի զէրոյէն կառուցէ համոզումներու դասաւորութիւն մը եւ համակարգ մը բաղկացած միայն ստուգապէս ճշմարիտ համոզումներն ու հաւատալիքները։ Իր վերջնական նպատակը, կամ առ նուազն իր գլխաւոր նպատակը գիտութեանց համար անկասկածելի հիմքեր ճարելն էր։ Ի մտի ունենանք «Մտախոհութիւններ»-ուն յառաջաբանին մէջ Տէքարթին խօսքերը․ «Արդէն մի քանի տարի անցած է այն ատենուընէ երբ գիտակցեցայ թէ ես ընդունած էի, անգամ իմ պատանեկութենէս, բազում կեղծ կարծիքներ որպէս ճշմարիտ։ Եւ հետեւաբար այն ինչ որ այդկէ ետք նոյնօրինակ սկզբունքներու վրայ հիմնեցի, մեծապէս կասկածելի է։ Եւ այդ ժամանակէն ի վեր, ես համոզուեցայ թէ շատ հարկաւոր է կեանքիս մէջ մէկ անգամ ձերբազատուիմ իմ որդեգրած բոլոր կարծիքներէն, եւ վերստին ձեռնարկել խարիսխէն կառուցելու աշխատանքը»։ — Տէքարթ, Առաջին Մտախոհութիւն, 1641 == Տէքարթին Եղանակը == Ռընէ Տէքարթը, Կարտեսական (Տէքարթական, Քարթեսական) կասկածի գտակը, բոլոր համոզումները, հաւատալիքները, գաղափարներն ու մտքրեը դրաւ կասկածի տակ։ Ան ցոյց տուաւ, որ իր հիմքերը կամ դատողութիւնները ոեւէ գիտութեան համար կարող են նոյնքան սխալ ըլլալ։ Զգայական փորձը, գիտութեան հիմնական կերպը, յաճախ թիւր է, ուստի պէտք է կասկածի տակ դրուի։ Օրինակի համար այն ինչ որ մէկը կը տեսնէ շատ հաւանական է որ տեսլահարութիւն ըլլայ ու ցնորք։ Խօսքին կարճը, եթէ ոեւէ ձեւով մը կարելի է համոզմունք մը հերքել, ապա ատոր հիմքերը անբաւական են։ Ասկից, Տէքարթը երկու առարկութիւն ու փաստարկութիւն առաջադրեց «Երազ»-ը եւ «Դեւ»-ը։ === «Երազ»ին Փաստարկը === Տէքարթը, գիտակցելով թէ մեր երազներուն համաբնագիրը (քօնթէքսթ), մինչ թերեւս անհաւատալի ըլլան, յաճախ իրական կեանքին նման են, ենթադրեց թէ մարդիք միայն կրնան հաւատալ թէ արթուն են։ Բաւական հիմքեր չկան երազի փորձառութիւնը արթնութեան փորձառութենէն զանազանելու։ Օրինակի համար Ա Ենթական համակարգչին առջեւը նստած սոյն յօդուածը կը տառագրէ։ Նոյնքան փաստ կայ որ ցոյց կու տայ թէ սոյն յօդուածին գրաշարումի գործողութիւնը իրականութիւն է, ինչքան փաստ կայ որ հակառակը կը ցուցարկէ։ Տէքարթը ընդունեցաւ թէ մենք կ՛ապրինք այնպիսի աշխարհի մը մէջ զոր կարող է ստեղծել այնպիսի գաղափարներ ինչպէս երազներն են։ Սակայն, «Մտախոհութիւններուն» աւարտին, ան կ՛եզրափակէ ըսելով թէ մենք կրնանք զանազանել երազը իրականութենէն նուազագոյնը յետահայեացքով։«Բայց երբ ես յստակօրէն կը տեսնեմ թէ ուրկէ կու գան բաները, եւ երբ կու գան դէպի զիս, եւ երբ կրնամ կապել անոնց մասին իմ հասկացողութիւնները, մնացած կեանքիս ամբողջականութեան հետ, առանց ընդմիջումի, ապա ես լիուլի չափով վստահ եմ թէ երբ ընդառաջեմ այս բաները ես քնացած չեմ այլ արթուն»։ — Տէքարթ․ Փիլիսոփայական Գրութիւններու Ընտրանիներ։ === Չար Դեւը === Չար դեւը, կամ Չար Ոգին, կամ Չար Այսը։ Տէքարթը կը պատճառաբանէ թէ մեր անձնական փորձառութիւնը շատ հաւանական է որ կը ղեկավարուի տեսակ մը «Չար դեւ»-ի մը կողմէն։ Այս «դեւը» ինչքան խելացի եւ Խաբեպատիր է նոյնքան ալ հզօր է։ Անիկա կրնա ըլլալ ստեղած է Մակերեւութային աշխարհ մը որուն մէջ մեզի կը թուի թէ կ՛ապրինք։ Այս կասկածին արդիւնքով, զոր երբեմն կը կոչուի «Չարակամ Դեւին Վարկած»-ը, (Անգլերէն՝ Malicious Demon Hypothesis), Տէքարթը պարզեց թէ ան չէր կրնար վստահիլ անգամ իր ամէնապարզ հասկացողութիւններուն։Ա Մտախոհութեան մէջ, Տէքարթը կ՛ըսէ եթէ մարդը խելագար ըլլայ, թէկուզ կարճ ժամանակուայ մը համար, խելագարութիւնը կարող է անոր մղել հավատալու թէ այն ինչ որ կը կարծէր թէ ճշմարիտ է, պարզապէս զինքը խաբող իր միտքն է։ Ան նաեւ կ՛ըսէ թէ կրնար «ոմն չարակամ, զօրեղ, խորամանկ դեւ մը» ըլլալ որ զմեզ խաբած էր, մեզի ճիշդ դատելէն մէկդի դարձնեկով։ Տէքարթը կ՛առարկէր թէ իր բոլոր զգայութիւնները կը ստէին, եւ քանի որ քու զայականներդ կրնան դիւրաւ զքեզ խաբել, անսահմանօրէն հզօր էութեան անոր գաղափարը պէտք էր ճիշդ ըլլար, քանի որ այդ գաղափարը միայն յանհունս հզօր էութեան մը կողմէն կրնար այդտեղ հաստատուած ըլլալ ով խաբէութեան ոչ մէկ պատճառ պիտի ունենար։ == Ես կը մտածեմ, ուստի գոյ եմ == Մինչ ուղեգծային ու կանոնաւոր կասկածը ունի իր բնոյթը, պէտք չէ պնդել թէ անկարելի է կասկածի եղանակը անհնար է կիրառել գիտութեան մէջ։ Իսկապէս, Տէքարթին փորձը կասկածի այս ուղեգիծը գործադրելու իր գոյութեան վրայ, ծնունդ տուաւ անոր յայտնի ասացուածքի ապացոյցին՝ Gogito, ergo sum, Ես կը մտածեմ, ուստի ես կամ (բառացի՝ ես եմ)։ Այսինքն Տէքարթը փորձեց կասկածի տակ դնել իր իսկ գոյութիւնը, բայց գտաւ որ նոյնիսկ իր կասկածիլը ցոյց տուաւ որ ան գոյութիւն ունէր, քանի որ ան չէր կրնար կասկածիլ եթէ գոյութիւն չունէնար։ == Տե՛ս Նաեւ == Կարտեսականութիւն։ == Ծանօթագրութիւններ ==
21,029
Քուալա
Քուալա (լատ.՝ Phascolarctos cinereus), մագլցող պարկաւորներու ընտանիքի կաթնասուն կենդանի։ Մարմինի երկարութիւնը 60-82 սմ․ է, կշիռը՝ 5-16 քլ․։ Կը սնուի նուենիի տերեւներով։ Մորթը մոխրագոյն է, խիտ, փափուկ եւ արժէքաւոր։ Աւստրալիոյ ամենայատնի կենդանիներէն մէկն է։ Թէեւ իր տեսքով կը նմանի արջին, սակայն, կը պատկանի այն դասակարգին, ուր քանկուրուները արձանագրուած են։ Քուալա անունը յառաջ կու գայ gula բառէն, որ օգտագործուած է հին լեզուի մը մէջ (այժմ անհետացած լեզու մը, որ կը խօսուէր Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի տարածքին ապրող բնիկներէն)։ Քուալան անհետացումի վտանգի տակ է եւ վերջին տասնամեակին, ծրագրուած ջանքեր կ՛ ըլլան, որպէսզի քուալաները փրկուին։ == Կենսաբանական Նկարագիր == Քուալաները երկար ականջներով եւ ոտքերով ամրակազմ կենդանիներ են։ Անոնց առջեւի երկու մատները աւելի զարգացած են։ Երկար եւ սուր ճանկերով մատները անոնց կ'օգնեն ծառերուն վրայ դիւրին բարձրանալ եւ շարժիլ։ Քուալայի մորթը շատ խիտ է եւ փափուկ, մոխրագոյն շականակագոյն երանգներով։ Որովայնը եւ ականջներուն աճող երկար մազերը սպիտակ են։ == Կենսակերպը եւ վերարտադրութիւնը == Էգ քուալան կը վարէ միայնակ կեանք եւ կը բնակի որոշ տարածքին մէջ, ուրկէ հազուադէպ կը հեռանայ։ Արուները որոշ տեղ չեն ապրիր, սակայն երբ իրարաու կը յարձակին երբ իրար կը հանդիպին։ Միայն բազմացումի շրջանին է որ կը հաւաքուին եւ խումբեր կը կազմեն․ իւրաքանչիւր խումբ կը բաղկանայ մէկ չափահաս արուէ եւ քանի մը էգէ։ Կը զուգաւորուին ծառերուն վրայ։ 30-35 օրուան յղիութիւնէ ետք կը ծնէ միայն մէկ ձագ, որ ծնած ժամանակ կ'ունենայ 15-18 մմ․ երկարութիւն եւ կը կշռէ մօտաւորապէս 5.5 կրամ։ Ձագը մօր պարկին մէջ կը մնայ վեց ամիս, իսկ յետոյ վեց ամիս եւս մօր մազերէն բռնուելով կը ճամբորդէ անոր շալակին։ Քուալաները կը բազմանան տարուան մէջ 1-2 անգամ։ Էգերու սեռական հասունութիւնը 2-3 տարեկանին է, իսկ արուներունը՝ 3-4։ Կ'ապրին սովորաբար 12-13 (մինչեւ 20) տարի։ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
23,639
Պոնիֆաչօ նեղուց
Պոնիֆաչօ նեղուց (ֆր.՝ Bouches de Bonifacio, իտալերեն՝ Bocche di Bonifacio, քորսիքերէն՝ Bucchi di Bunifaziu, սարտիներէն՝ Buccas de Bonifatziu)․ Միջերկրական ծովուն կեդրոնը կը գտնուի, Քորսիքա (հիւսիսը) եւ Սարտինիա (հարաւը) կղզիներուն միջեւ եւ արեւելքէն Թիրենեան ծովը կը միացնէ Միջերկրական ծովուն արեւմտեան մասին։ Տխրահռչակ նեղուց մըն է նաւաստիներուն համար իր օդին, ջուրի հոսանքին, խրուտներուն եւ ուրիշ արգելքներուն համար։ == Հակրիճ տեղեկութիւններ == Երկարութիւնը մօտաւորապէս 19 քմ է, լայնութիւնը կը տարբերի ՝11–16 քմ, իսկ խորութիւնը իր ամենանեղ մասին 100 մեթր չանցնիր։ Անունը առած է Քորսիքայի հարաւի ծայրամասին գտնուող Պոնիֆաչօ քաղաքէն։ == Նաւաբեկում == Պատմութեան մէջ ամենածանօթ նաւաբեկումը որ նեղուցին մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսական Սեմիլանթ զինուորական նաւունն է, որ պատահեցաւ 15 Փետրուար 1855-ին։ Նաւը Խրիմի պատերազմին համար զինուորներ կը փոխադրէր։ Ֆրասանի Թուլոն նաւահանգիստէն ճամբայ ելած էր եւ կ՛ ուղղուէր դէպի Սեւ ծով։ Սոսկալի փոթորիկ մը զայն նեղուցին մէջ Լավեծի կղզիակներուն խարակներուն կը զարնէ։ Նաւը վայրկեաններու մէջ կ՛ընկղմի․ 750 զինուորներէն ոեւէ մէկը չի փրկուիր։ Յաջորդող նաւաբեկումները եւ մանաւանդ 1993-ին հսկայ հեղուկանաւի մը կործանումին հետեւանքով, «վտանգաւոր ապրանքներ» փոխադրող ֆրանսական եւ իտալական դրօշակ կրող նաւերուն համար արգիլուեցաւ նեղուցէն անցնիլը։ Սակայն, ուրիշ դրօշակներ կրող եւ «վտանգաւոր ապրանքներ» փոխադրող նաւեր այլեւս կը խուսափին նեղուցէն անցիլ։ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Ֆրանսաիտալական նաւային սահմնաններու համաձայնութիւն(անգլերէն)
7,764
194 (թիւ)
194 (հարյուր իննսունչորս)՝ զոյգ եռանիշ բնական թիւ է 193-ի եւ 195-ի միջեւ == Յատկութիւններ == A001358 վաթսուներկուերորդ կիսապարզ թիւն է երկու քառակուսիներու գումար է՝ 194=132+52 կիրառութիւններ 194 Պրոկնէ աստեղնեակի կարգային թիւն է Alt + 194 -ի գործադրումով կը ստացուի ┬ նշանը Տարուայ 194րդ օրն է Յուլիս 13-ը (նահանջ տարիներուն՝ Յուլիս 12-ը) == Ծանօթագրութիւններ ==
23,133
Նոյան տապան (թերթ)
Նոյան տապան (թերթ), տասներկու երկիրներուն մէջ տարածուող հայկական սփիւռքի տեղեկատուական-վերլուծական միջազգային թերթ։ == Պատմութիւն == Թերթի առաջին համարը լոյս տեսաւ 1997 թուականի Օգոստոսին։ Թերթի հիմնադիրն է «Նոյան Տապան Մեդիա» ՍՊԸ-ն՝ ի դէմս անոր տնօրէն Գրիգորի Անիսոնեանի, որ դարձաւ թերթի գլխաւոր խմբագիրը։ Հիմնադրման պահէն սկսած՝ «Նոյան տապան» թերթը սկսաւ արտացոլել ԱՊՀ երկիրներու եւ հեռաւոր արտասահմանեան հայկական սփիւռքի կեանքը։ Հրատարակութեան գլխաւոր խնդիրն է Հայաստանի սահմաններէն դուրս բնակուող հայրենակիցներուն ծանօթացնել հայրենիքի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին։ Իր հերթին թերթը յայտնի կը դառնայ ոչ միայն հայ, այլեւ ցանկացած ռուսալեզու՝ ուկրանացի, պելառուս, մոլտովացի, վրացի, ռուս եւ ատրպեճանցի ընթերցողներու շրջանին մէջ։ Հանրամատչելի բաժիններն են՝ «Հայրենակիցներ», «Ամբիոն», «Նորագոյն պատմութիւն», «Սփիւռք», «Եկեղեցի», «Լուրեր Թբիլիսիից», «Լուրեր Բաքուից», «Յիշողութիւն», « ԱՊՀ-ի լուրեր», «Մեծ հայեր» եւ նոր բաժինները՝ «Գործարարները սփիւռքում» եւ «Հայկական սփիւռքն այսօր»։ === Տպաքանակ եւ տարածում === Թերթը կը թողարկուի ինչպէս տպագիր, այդպէս ալ ելեկտրոնային տարբերակով։ Թերթի ծաւալը 12-18 էջ է, թողարկման յաճախականութիւնը՝ ամիսը մէկ անգամ, ձեւաչափը՝ A2, տպաքանակը՝ 104 500 օրինակ։ Մոսկուայի մէջ տարածուող տպաքանակը 65 000 օրինակ է։ «Նոյան տապան» թերթը կը տարածուի 12 երկրներու 85 քաղաքներուն մէջ։ Յոդուածներու հեղինակները քաղաքագէտներ են, դիւանագէտներ եւ մշակութային գործիչներ։ == Մրցանակներ == Թերթը եւ անոր անձնակազմը ունին շարք մը պարգեւներ։ Լրագրող եւ թերթի գլխաւոր խմբագիր Գրիգոր Անիսոնեանը հայկական ԶԼՄ-ներու զարգացման մէջ նշանակալի ներդրում ունենալու համար արժանացած է «Կարօտ-2009» մրցանակին։ 19 Սեպտեմբեր 2007-ին «Ararat Park Hyatt» հիւրանոցին մէջ թերթի առաջին համարի հրատարակման տասնամեակի առթիւ բարեգործական «Ազգային փառք:Հայրենիք» հիմնադրամի նախագահ Լեւոն Կարագոզեանը եւ հիմնադրամի դափնեկիրներէն մէկը՝ Վիկտոր Իլիւխինը, գլխաւոր խմբագրին յանձնեցին «Փառքի սուտակէ խաչ»` «ռուս-հայկական հասարակական եւ մշակութային կապերու զարգացման գործին մէջ ունեցած ներդրման համար»։ == Ծանօթագրութիւններ == == Յղումներ == Պաշտօնական կայք(ռուս.)
21,102
Աթէնքի Երկաթուղային Թանգարան
Աթէնքի երկաթուղային թանգարան, (յուն․՝ Σιδηροδρομικό Μουσείο (Αθήνα)), հիմնադրուած է հելլենական երկաթուղային կազմակերպութեան կողմէ, 1977-ին։ Թանգարանի հինգ սրահներուն մէջ ներկայացուած են Յունաստանի երկաթուղային երթեւեկութեան պատմութեանն առնչուող առարկաններ։ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Museum web page
5,569
Պենի Սուէյֆ
Պենի Սուէյֆ (արաբերէն՝ بني سويف‎), քաղաք՝ Եգիպտոսի մէջ,որ Պենի Սուէյֆ նահանգի վարչական կեդրոնն է։ Պենի Սուէյֆը գիւղատնտեսական խոշոր կեդրոն է։ Միջնադարէն սկսեալ,ան յայտնի է բամպակի վերամշակմամբ եւ գորգագործութեամբ։ Մօտակայ բլուրներէն կ՛արտահանուի ալեպասթր։ Ան կը գտնուի Եգիպտոսի մայրաքաղաք՝ Գահիրէէն 115 ք.մ. դէպի հարաւ։ Քաղաքէն ոչ շատ հեռու կը գտնուին՝ Մետումի բուրգը եւ Ֆայյումի ովասիսը։ Պենի Սուէյֆի մէջ կը գտնուի նոյնանուն համալսարանը եւ «Ալ-Նահտա» մասնաւոր համալսարանը։ == Յայտնի անձեր == Պերլենթի Ապտուլ Համիտ - դերասանուհի Ահմէտ Համրուշ - քաղաքական գործիչ, պատմաբան, գրող Մուհամմատ Օսման Ալ-Ճալալ - եգիպտացի գրող եւ թարգմանիչ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Falling Rain Genomics, Inc. — Bani Suwayf, Egypt
2,507
Գերմանական Շուկայ (Մոսկուա)
55.771958°N 37.683089°E / 55.771958; 37.683089 Գերմանական շուկայ (ռուս.՝ Немецкий рынок), նախկին շուկայ Մոսկուայի մէջ, Գերմանական գիւղարուարձանին մէջ: Այն տեղակայուած է ներկայիս Ֆրիտրիք Էնկելսի, Լատոժսքայա փողոցներու եւ Վոլքովսքի նրբանցքի միջեւ: Մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը, կը շարունակէր գործել պատմական վայրին մէջ, որմէ ետք կը տեղափոխուի Պաումանեան փողոց եւ կը կոչուի Պաումանեան (Պասմանեան) շուկայ: Մասնակիօրէն պահպանուած Գերմանական շուկայի պատմական շինութիւնը ճանչցուած է մշակութային ժառանգութեան կեդրոն: == Պատմութիւն == Շուկան կազմաւորուած է Գերմանական գիւղարուարձանին մէջ: 1792-ին քաղաքային իշխանութիւններու կողմէ կը յատակագծուի շուկայիի տարածքը, Ֆրիտրիք Էնգելսի (նախապէս` Իրինեան փողոց), Լատոժսքի փողոցներու եւ Վոլքովեան նրբանցքի (նախապէս Իրինեան պողոտայ) միչեւ ինկած եռանկիւնը: 1812-ի հրդեհի ժամանակ շուկան ամբողջովին կ՛աւերուի, բայց շուտով կը սկսի անոր վերակառուցումը: Այստեղ կը բնակէին մոսկովեան առեւտրականները եւ ազնուականները: Եզրերու տուները եւ ներքին առեւտրական տարածքը շուկային եռանկիւնի տեսք կու տային: Առեւտրական կեդրոնները տեղակայուած էին շուկայի հարակից փողոցներուն մէջ: 19-րդ դարու վերջին Գերմանական շուկային մէջ կարելի էր գնել խոտ, վառելափայտ, կաթ, կաթնաշոռ, հաց, երշիկ եւ բանջարեղէն: Գարնանը շուկային մէջ կը վաճառուէր գերմանացիներու կողմէն սիրուած ձնեբեկը: Մոսկուացիներու յիշողութիւններու համաձայն կաթը Գերմանական շուկային մէջ կը վաճառուէր Ճենապակէ շիշերով, որոնց վրայ ֆիրմայի անուանումը նշուած էր ոսկիէ կամ կոպալտէ տառերով: Գերմանական շուկային մէջ տեղակայուած էին կրպակներ, պանդոկներ, իջեւանատուներ, կը գործէր գէրմանական ժողովրդական տունը: Գերմանական շուկայի շինութիւնները կ՛առանձնանան իրենց իւրայատուկ ձեւաւորմամբ: Շատ կրպակներու եւ խանութներու պատուհանները ունէին մեծ ծածկոցափեղկեր, իսկ պատերը երեսապատուած էին գերմանական սպիտակ խեցեգործական սալիկներով: == Պահպանուած շինութիւններ == Գերմանական շուկայի համալիրը կը համարուի 19-րդ դարու առեւտրական շինութիւններուն բնորոշ օրինակ: Շենքերը ունին դասական ոճի յստակ գեղազարդումներ: Գերմանական շուկայի պահպանուած ամենահին շինութիւնը կը համարուի Յակովլեւներու բնակելի տունը իր կրպակներով, որ կառուցուած է 1825-ին (Ֆրիտրիք Էնգէլսի փողոց, տուն 23, շարք 1): 1914-ին անոր կից կառուցուեցաւ բնակելի կողաշէնք: Տունը երկյարկանի է եւ ունի կամարաձեւ մուտք դէպի բակ: Քալինինի բնակելի տունը իր կրպակներով կառուցուած է 1900-ականներուն, 19-րդ դարու շինութեան հիմքի վրայ (Ֆրիտրիք Էնգէլսի փողոց տուն 6, 1-ին շարք ): Քարէ շէնքը ունի երկու յարկ եւ նկուղ: Առաջին յարկը երեսապատուած է խեցեգործական սալիկներով, երկրորդ յարկը սուաղուած է եւ ձեւաւորուած ընտրողական ոգիով: Առեւտրական կրպակներու շինութիւնը (Ֆրիտրիք Էնկէլսի փողոց տուն 25, 3-րդ շարք) կառուցուած է 1863-ին: Տունը սկիզբը մէկ յարկանի էր, ունէր մեծ կամարաձեւ պատուհաններ եւ կամարային անցում: Ճակատային մասը զարդարուած է ուշ դասականութեան ոճով: Յետագայինմ ցուցափեղկերու մէկ մասը փակուեցան, անցումային կամարի փոխարէն կառուցուեցաւ մուտք, իսկ 20-րդ դարուն տունը բաժնուեցաւ երկու յարկի: == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
20,323
Հայկ Ղազարեան
Հայկ Ղազարեան (կամ՝ Ղազարյան, 23 Օգոստոս, 1930 — 19 Օգոստոս, 2014) հայ հնագէտ, պատմաբան եւ համալսարանի դասախօս: Ան Նոպէլեան Մրցանակի անուանադրուած է 2007 թոականնին իր ակադեմական «Հայ ժողովրդի ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում 1890–1922 թթ.» (2004) գիրքին համար, որ ունի երկու հատոր. թարգմանուած է Ռուսերէնի, Թրքերէնի, ինչպէս նաեւ այլ Եւրոպական լեզուներու: Ղազարեան մահացաւ 2014 թուականի Օգոստոսին: == Երկեր == «Հայ ժողովրդի ցեղասպանությունը Օսմանյան կայսրությունում 1890–1922 թթ.», հատ. առաջին, Երեւան, 2004, 2-րդ հրատ., 2007, 787 էջ։ «Հայ ժողովրդի ցեղասպանությունը Օսմանյան կայսրությունում 1890–1922 թթ.», հատ. երկրորդ, Երեւան, 2004, 2-րդ հրատ., 2007: «Սեւրի պայմանագիրը եւ Միացյալ անկախ Հայաստանի հռչակումը», Երեւան, 2012։ «Վուդրո Վիլսոնի իրավարար վճիռը Հայաստան – Թուրքիա սահմանաբաժանման վերաբերյալ», Երեւան, 2012։ == Արտաքին յղումներ == Հայկ Ղազարեանի էջը Hayazg.ru կայքէջին վրայ (ռուս.) == Ծանօթագրութիւններ ==
4,772
Մոսկուայի Գեղարուեստական Ակադեմական Թատրոն
Մոսկուայի Գեղարուեստական Ակադեմական թատրոնը թատերական թատրոն է, որ ստեղծուած է 1898-ին Կ. Ստանիսլավսկիի եւ Վլ.Ի.Նեմիրովիչ-Դանչենկոյի կողմէն։ Սկզբնականին անուանուած է իբրեւ Գեղարուեստական Հանրային թատրոն։ 1901-էն սկսեալ՝ Մոսկուայի Գեղարուեստական թատրոն, 1919-էն` Մոսկուայի Գեղարուեստական Ակադեմական թատրոն, 1932-էն` Մ.Կորքի անուան ԽՍՀՄ Մոսկուայի Գեղարուեստական Ակադեմական թատրոն։ 1987-էն սկսեալ բաժանուեցաւ 2 թատրոնի, որոնք անուանուեցան Մ. Կորքիի անուան Մոսկուայի Գեղարուեստական Ակադեմական թատրոն եւ Ա. Պ. Չեխովի անուան Մոսկուայի Գեղարուեստական Ակադեմական թատրոն։ 2004-ին Չեխովի անուան Մոսկուայի Գեղարուեստական Ակադեմական թատրոնը իր անուանումէն հանեց «ակադեմական» բառը եւ հիմա յայտնի է իբրեւ Չեխովի անուան Մոսկուայի Գեղարուեստական թատրոն։ == Ստեղծման պատմութիւն == Գեղարուեստական թատրոնի սկիզբը 1897 թուականը կը համարուի, «Սլաւոնական շուկայ» ճաշարանին մէջ Ստանիսլավսկի եւ Դանչենկոյի հանդիպումը։ Հանդիպման ընթացքին կազմուեցաւ նոր թատրոնի ծրագիրը, որ իր բնոյթով նորարարական էր։ «Մենք բողոքեցինք,- ըսած է Ստանիսլավսկին,- հին խաղաոճի դէմ...եւ՛ դերասանական խաղին, եւ՛ բեմանկարչութեան, եւ՛ բեմադրութեան,եւ ընդհանրապէս այն ժամանակուան թատրոնի կառոյցին։ Թատրոնի «հանրայնութիւնը» առաջին հերթին, թատրոնի տոմսերու ցած գիները կը նշանակէր, որուն համար Մոսկուայի Պետական Դումային դիմեցին։ == Ծանօթագրութիւններ ==
18,882
Աբրահամ Սէքլէմեան
Աբրահամ Սէքլէմեան (1864, Մուսա Լեռ (Պիթիաս գիւղ) - 1920, Ֆրեզնօ), կը նկատուի Մուսա Լերան ժողովուրդի առաջին մտաւորականն ու հրապարագիրը: == Կենսագրութիւն եւ գործունէութիւն == Ծնած է Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը եւ յաճախած գիւղի ծխական դպրոցը: Փոքր տարիքէն աչքի զարկած է իր արտակարգ ուշիմութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ: Տիրապետած է անգլերէն լեզուին: Ուսուցիչ եղած է Կարինի մէջ ուր ձերբակալուած է իբրեւ յեղափոխական: Բանտէն ազատ արձակուած է եւ Պոլսոյ մէջ լոյս ընծայած իր երկու հատորները՝ «Մարդ Ըլլալու Միջոցը» եւ «Ճշմարիտ Կինը»: Մեկնած է Ամերիկա, ուր 1898-ին լոյս տեսած է իր անգլերէն լեզուով հատորը՝ «Կոլտըն Մէյտըն» խորագրով: 1908-ին, Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, քանի մը դաշնակցական ընկերներու օժանդակութեամբ, հիմը դրած է «Ասպարէզ» թերթին 1908 թուականին՝ վարելով անոր խմբագրապետի պաշտօնը երկար տարիներ: Մահացած է Ամերիկա, 1920-ին։ == Ծանօթագրութիւններ ==
19,422
Ճo Պայտըն
Ճոզըֆ Ռոպինէթ Պայտըն (անգլ.՝ Joseph Robinette Biden Jr., BY-dən; ծնած 20 Նոյեմբեր, 1942) Ամերիկացի քաղաքական գործիչ մըն է, որ ծառայած է իբր Ամերիկայի Միացեալ Նահանցներու 47րդ Փոխ Նախագահի պաշտօնը Պարաք Օպամայի նախագահութեան օրերուն, 2009 թուականէն 2017 թուական: Մաս կը կազմէ Դեմոկրադական Կուսակցութեան, ներկայացուցած է Տէլըուէր նահանգը ԱՄՆի Ծերակոյտին մէջ 1973 թուականէն 2009 թուական: Ան ընտրուած է Դեմոկրադական կուսակցութեան նախագահական մրցումի ներկայացուցիչ 2020 թուականի ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն, մրցելով Տանըլտ Թրամփի դէմ: Մեծցած է Սքրանթըն, Փէնսիլվէնիա եւ Նիւ Քասըլ Քաունթի, Տէլըուէր, Պայտըն ուսանած է University of Delaware եւ Syracuse University համալսարաններէն ներս, աւարտելով ուսումը1968 թուականին: Ընտրուած է իբր Նիւ Քասըլ Քաունթիի քաղաքապետ 1970 թուականին, եւ դարձած է ԱՄՆի 6րդ ամէնէն երիտասարդ զերակուսականը երբ ընտրուած է ԱՄՆի Ծերակոյտին մէջ Տէլըուէր նահանգը ներկայացնելու համար 1972 թուականին: Պայտընը ԱՄՆի Ծերակոյտի Արտագին Գործոց Խմբակին մաս կազմած է երկար տարիներ, եւ յետեւաբար դարձած է խմբակին ատենապետը: 1991 թուականի Ծոցի Պատերազմին դէմ արտայատուած է, բայց քաջալերած է ՆԱԹՕ-ի լայնածաւալման գաղափարը Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, միջամտելով Եուկոսլավի Պատերազմներուն, 1990ականներուն: Քաջալերած է Իրաքի Պատերազմի համաձայնագիրը 2002 թուականին, բայց դէմ արտայայտուած է 2007 թուականին ԱՄՆ զինուորներու ներկայութեան աճին:
1,400
Ազգ․ Սահակեան Վարժարան (Հալէպ)
Ազգ․ Սահակեան Վարժարան, երկսեռ վարժարան, հիմնուած 1927-ին։ == Պատմական ակնարկ == 1926-ին Արտաւազդ Ծ․Վրդ. Սիւրմէեանի Առաջնորդութեամբ, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Թաղական Խոորհուրդը , Մէյտան (Նոր-Գիւղ)կոչուող վայրին մէջ, Քարէն Եփփէի «Կանանց եւ մանուկներու պաշտպանութեան գործ»կոչուող այրիախնամ եւ որբախնամ հաստատութեան նոր կեդրոնին կից մեծ հողատարածքը կը գնէ ու բարերարներու օգնութեամբ կը կառուցէ շուրջ 40 ընդարձակ սենեակներ հաշուող Ազգ․գաղթակայանը ,ուր կը բնակեցուին խարբերթցի գաղթականներ։Նոյն շարքին հարաւային կողմը , գաղթակայանի մուտքին դիմաց կը կառուցուի դպրոցական շէնքը, որ ունէր խաչաձեւ կերպարանք, ու նախատեսուած էր 150-200 աշակերտներու համար։ 1927-ի վերամուտին պատրաստ էր արդէն դպրոցական շէնքը, զոր կը կոչուի Ազգ. Սահակեան վարժարան՝ ի պատիւ Սահակ Բ. Կաթողիկոս Խապայեանի ։ Նորակառոյց դպրոցի սենեակներէն մէկը կը վերածուի մատրան՝ Ս.Գր.Լուսաւորիչ անուամբ, գաղթակայանի եւ Քարէն Եփփէի հաստատութեան հոգեւոր պէտքերը հոգալու համար։ Օրէ օր,ամսէ ամիս այս կեդրոններուն շուրջ ,որ ամբողջապէս ամայութիւն էր, թաղամասեր կը կուտակուին ու փողոցներ կերպարանք կը ստանան։1930-ին արդէն կերպարանք եւ անուն ստացած Նոր Գիւղին մէջ ,Սահակեան վարժանրանի եւ Ազգ. Գաղթակայանի միջեւ գտնուող տարածութեան մէջ հիմնարկէքը կատարուած Ս.Գր.Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Սկզբնական տարիներուն Սահկեան վարժարանը Նոր Գիւղի, ինչպէս նաեւ նորահաստատ հայկական մօտիկ թաղամասերու հայկական միակ վարժարանն էր։ Աւելի ուշ երբ այս թաղերու բնակչութիւնը կը բազմապատկուի ,կը բացուին նաեւ այլ վարժարաններ։ 1926-ին իբրեւ գաղթակայան կառուցուած միայարկ շինութիւնները ,տարիներու թաւալումին հետ աստիճանաբար կը պարպուին գաղթականներէ եւ կը տրամադրուին Սահակեան վարժարանին ։ Ըստ 1950-ի տուեալներուն Ազգ. Սահակեան վարժարանը ունէր 475 երկսեռ աշակերտութիւն, 17 հայ պաշտօնեաներ կը վարեն կրթական գործը: 1960-կան թուականններուն ազգային վարժարանները նոր շէնքերով օժտելու շինարարական մեծ թափ սկիզբ կ'առնէ Հալէպի մէջ ։ Այս ծիրէն ներս,Ազգ․ Առաջնորդարանի,Ս․Գ․Լուսաւոիչ եկեղեցւոյ եւ «Սահակեան ընտանիք»ի ընձեռած միջոցներով 1959-1960 տարեշրջանի աւարտին , քննութիւններէն անմիջապէս ետք կը քանդուին որպէս գաղթակայան կառուցուած եւ շուրջ երեսուն տարի վարժարանին ծառայած միայարկ շինութիւնները։Ամառնային արձակուրդի երեք ամիսներու ընթացքին կը կառուցուի Սաակեան վարժարանի նախակրթարանի երկյարկանի շէնքը։Շինարարութեան արագ իրագործման մէջ մեծ եղած է ներդրումը հոգաբարձութեան նախկին անդամ,շինարարական գործերու կապալարու Խաչատուր Տօնիկեանին։ 1960-1961 տարեշրջանը նախակրթարանը կը սկսի նոր շէքին մէջ։ Մանկապարտէզին յատկացուած առաջին շէնքի դասարանները անբաւարար ըլլալով,70-ական եւ 80-ական թուականներուն կը կառուցուին նոր դասարաններ,սակայն միշտ ալ առկայ կը մնայ շէնքը հիմնովին փոխելու խնդիրը։Գործնական քայլերու կը դիմուի 1990-ականներու սկզբնաւորութեան։Յարմարագոյնը կը համարուի շէնքը կառուցել ոչ թէ նոյն տեղը,այլ նախակրթարանի շէնքին կից։ Հիմնարկէքը կը կատարէ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ.Սուրէն Արք.Գաթարոյեան ,30 մայիս 1993-ին, Ս.Գ․ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած պատարագէն ետք։ 1995-1996 տարեշրջանի վերամուտին մանկապարհէզի նոր շէնքին շինարարութիւնը աւարտին մօտեցած է։ Երկյարկ է , վարի յարկին վրայ ունի բողբոջի երեք դասարաններ,երաժշտութեան սենեակ,խաղասրահ,տեսչարան,խոհանոց եւ լուացարաններ,իսկ երկրորդ յարկին վրայ՝ երեք սենեակ Կոկոնի, երեք սենեակ Ծաղիկի,մէկական սենեակ ուսուցչարանի ,գծագրութեան ու համակարգիչի համար, եւ լուացարաններ։Ներքնայարկին մէջ ունի երկու մառան եւ սրահ մը, ուր կը գործէ մանկապարտէզի տիկնիկային թատրոնը։ 5*3 մեթր տարածութեամբ բեմը կրնայ ծառայել թատերական ներկայացումներու համար եւս։ 1995-1996 տարեշջանի վերամուտէն մէկ ամիս ետք մանկապարտէզը կը փոխադրուի նոր շէնքը։Տեղափոխութիւնը կը կատարուի Սրբազան հօր ներկայութեամբ ու անոր աղօթքով։Պաշտօնական բացումը կը կատարուի 16 Ապրիլ 1996-ին Արամ Ա.Վեհափառին կողմէ, որ հովուապետական իր առաջին այցելութիւնը կը կատարէր Բերիոյ Թեմին։Հոգաբարձութիւնը ամբողջովին կը կահաւորէ նոր շէնքը։ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան շնորհիւ մանկապարտէզի եւ նախակրթապանի բոլոր դասարանները կ՝օժտուին նոր մանկական աթոռ-սեղաններով ու գրասեղաններով։Դարձեալ Գալուտ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան շնորհիւ , նախակրթարանը կօժտուի համակարգիչներու յատուկ սենեակով ։ 2010 թուականի Հոկտեմբերին տիար Յակոբ Փալանճեանի բարերարութեամբ կը կատարուի վարժարանի պատմութեան դահլիճի եւ բարեկարգուած գրադարանի բացումը։ Հալէպահայ գաղութի ամէնէն բազմամարդ վայրին ,մէջ գործող Ազգ. Սահակեան վարժարանը ,աւելի քան ութը տամնամեակ անխաբան գործած է հայապահպանման ու հայացման սրբազան գործը առաջ կը տանելու վճռակամութեամբ եւ տարուէ տարի ընթացած է աւելի հաստատ հաւատքով ու աւելի ուժեղ, եղած է միշտ Հալէպի մեծագոյն հայ նախակրթարաններէն մէկը ։ Սուրիական պատերազմի տարիներուն ,վարժարանի շէնքը գտնուելով պատերազմական թէժ գործողութեանց տարածքի մէջ ,2012 տարեշրջանէն տեղափոխուած է եւ դասաւանդութիւնը իրականացուած է Ազգ․ Կիւլպէնկեան վարժարանի շէնքին մէջ ։2015-16 տարեշրջանին Ազգ․ Զաւարեան ապա 2016-17 տարեշրջանին Ազգ․ Հայկազեան եւ Կիւլպէնկեան վարժարաններուն հետ միացուած՝ շարունակած է գործել Ազգ․ Միացեալ Նախակրթարան անունով ։ == Աշակերտութեան պատկեր == == Տնօրէններ եւ Մանկապարտիզպանուհիներ == == Յուշամատեան == == Շրջանաւարտից միութիւններ == 2007-ին Ա․Մ․Ն․ի Գալիֆորնիա նահանգին մէջ կը հիմնուի եւ գործունէութիւն կը ծաւալէ Ազգ․ Սահակեան վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւնը։ Միութիւնըստեղծած է նաեւ դիմատետրի իր էջը ( Sahagian School Alumni in Los Angeles, CA )։ 2010-ին Հալէպի մէջ եւս կը հիմնուի Ազգ․ Սահակեան վարժարանի շրջանաւարտից միութիւն,որ կարճ ժամանակ միայն կը յաջողի գործունէութիւն ծաւալել։ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
1,534
Ածուխ
Ածուխները պինդ, ածխածնով հարուստ այրուող օգտակար հանածոներ են, որոնք առաջացած են Երկրի ընդերքին մէջ՝ միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին՝ հնագոյն բոյսերու մնացորդներու բարդ քիմիական եւ երկրաբանական փոխարկումներու հետեւանքով։ Միլիոնաւոր տարիներ առաջ ներկայիս քաղաքներու, դաշտերու ու անտառներու մէջ աճած են հնագոյն ծառեր։ Ժամանակի ընթացքին, այդ ծառերը մահացած են, իյնկած ճահճոտ հողին, իսկ ատոնց տեղին մէջ աճած են նորերը եւ այդպէս շարունակ։ Աստիճանաբար կուտակուած է այդ ծառերու մնացորդներու հաստ շերտ մը։ Տարիներու ընթացքին մէջ, միկրոօրգանիզմների ազդեցութեամբ եւ օդի դժուարացած ներհոսքի պայմաններուն մէջ, այդ շերտի ոչ լրիւ քայքայման հետեւանքով առաջացած է տորֆ։ Վերջինս ծածկուած է գետերով հարթավայրեր բերուող տիղմով եւ աւազով։ Ժամանակի ընթացքին հանքային լուծույթներու, բարձր ճնշման եւ ջերմաստիճանի պայմաններուն տորֆը փոխարկուած է սկիզբին գորշ ածուխի, այնուհետեւ՝ քարածուխի, աւելի ուշ՝ անտրացիտի։ Ածխածնի պարունակութիւնը գորշ ածուխներուն մէջ, կը կազմէ 55–78%, քարածուխներուն մէջ՝ 75–92%, անտրացիտի մէջ՝ մինչեւ 98%: Ածխածնի պարունակութեան մեծացմամբ կը բարձրանայ հանածոյի ջերմատուութիւնը։ Ածուխներուն յաճախ կ'անուանուին «արեգակնային պահածոյ»: Եւ այդ ունի իր տրամաբանութիւնը, որովհետեւ տարիներու ընթացքին արեգակնային էներգիան կը կուտակուի բոյսերուն մէջ, որոնք այդ էներգիայի օգնութեամբ ջուրէն, ածխաթթու գազէն եւ հանքային աղերէն սինթեզի մէջ են իրենց կենդանի մարմինը։ Արդիւնահանուած ածուխները կ'այրին եւ ջերմութեան ձեւով մեզ կը վերադարձնէ հեռու-հեռաւոր ժամանակներուն մէջ բոյսերու ամբարած այդ էներգիան։ Ածուխները կազմուած են օրգանական (այուող) եւ անօրգանական (չայրուող) բաղադրիչներէն։ Օրգանական մասը կը կազմեն բիտումները, հումինային թթուներն ու մնացորդային ածուխը։ Անօրգանական հանքային մասը կը կազմեն ջուրը (գորշ ածուխի մօտ 50%-ը) եւ կալցիումի, երկաթի, ալիւմինի, կալիումի, նատրիումի սիլիկատները, ֆոսֆատները, սուլֆիդներն ու սուլֆատները։ Ածուխի համաշխարհային ընդհանուր պաշարները կը գնահատուին 13,5 տրիլիոն տոննա, որմէ 51,5%-ը քարածուխն է, 48,5%-ը՝ գորշ ածուխը։ Ածուխները հրաշալի վառելանիւթ են, կ'օգտագործուին նաեւ որպէս հումք մետաղաձուլութեան եւ քիմիական արդիւնաբերութեան մէջ։ Գորշ ածուխը ունի գորշ կ'երանգաւորէ եւ թոյլ փայլ։ Ի տարբերութիւն քարածուխի եւ անտրացիտի՝ անոր ածխացման աստիճանը ցած է։ Կը պարունակէ աւելի քիչ բուսական մնացորդներ, քան տորֆը։ Գորշ ածուխները երիտասարդ կամ թերհաս ածուխներ են, այսինքն՝ դեռեւս չեն փոխակերպուած քարածուխի։Գորշ ածուխի խոշոր հանքավայրեր կան Գերմանիոյ, Չեխիայի, Ռուսիոյ մէջ։ Հայաստանի մէջ գորշ ածուխի փոքր քանակներ կան Գեղարքունիքի, Լոռու, Շիրակի (Ջաջուռ) մարզերուն մէջ։ Քարածուխը սեւ կամ գորշասեւ է՝ ուժեղ փայլով։ Կը պարունակէ աւելի քիչ բուսական մնացորդներ եւ ունի ածխացման աւելի բարձր աստիճան, քան գորշ ածուխը։ Քարածխի մեծ պաշարներ կան ԱՄՆ-ի, Գերմանիոյ, Մեծ Բրիտանիայի, ՌԴ-ի, Ուկրաինիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Աւստրալիոյ մէջ։ Քարածուխի կոքսացման՝ առանց օդի մուտքի բարձր ջերմաստիճաններուն մէջ (1000–1200օC) տաքացման միջոցով կը ստանան կոքսագազ եւ քարածխային խէժ:Կոքսագազը կը պարունակէ 55–60% ջրածին, 20–30% մեթան, 5–7% ածխածնի օքսիդներ։ Կ'օգտագործուի որպէս վառելանիւթ։ Քարածխային խէժը սեւ, մածուցիկ հեղուկ է։ Կը պարունակէ 400 տարբեր արոմատիկ եւ տարացիկլային միացութիւններ, որոնց միմյանցմէ կը բաժանեն կոտորակային թորմամբ։ Կոքսացման արդիւնքով, ստացող պինդ մնացորդը կը կոչուի կոքս, որ կը պարունակէ 90-98% ածխածին։ Ան կ'օգտագործուի հիմնականին մէջ, չուգունի արտադրութեան մէջ եւ որպէս վառելանիւթ։ Անտրացիտը սեւ է՝ զորաւոր մետաղական փայլով։ Յաճախ կ'ունենայ մոխրագոյն երանգ։ Լաւ ելեկտրայաղորդիչ է։ Կ'այրուի թոյլ բոցով, գրեթէ առանց մոխիրի, օդին մէջ չ'այրիր, չի փշրուիր։ Անտրացիտի մեծ պաշարներ կան ԱՊՀ երկրներու մէջ, Չինաստանի,եւ ԱՄՆ-ի մէջ։ Փայտածուխը սեւ, փխրուն նիւթ է։ Ան կը ստանայ փայտի չոր թորմամբ՝ առանց օդի, բարձր ջերմաստիճանում փայտն ածխացնելով։ Փայտածուխը կը կազմէ չոր փայտի 30–40%-ը։ Փայտածխի կտորում, կը նշմարուին բազմաթիւ փողանցքեր։ Ատոնք փայտի անոթներն են, որոնցմով կը փոխադրուին ծառը սնող նիւթերը։ Զորացած կամ աշխոյժ ածուխը սեւ փոշի է կամ յատուկ պատրաստուած հատիկներ։ Ան կը պարունակէ 97% ածխածին եւ ունի ծակոտկեն կառուցուածք։ Զորացած ածուխ կը ստանան՝ փայտածուխը ջրային գոլորշիներով եւ ածխաթթուական գազով զորացնելով։ Յատկապէս լաւորակ զորացած ածուխ կը ստացուի պտղակորիզներու կեղեւի ածխացումով։ Զորացած ածուխն կ'օգտագործուի գազերու, գոլորշիներու կլանման, վնասակար խառնուրդներէն ջրային լուծոյթներու, այդ թիւին մէջ՝ խմելու ջուրի եւ կեղտաջուրերու մաքրման համար։ Զորացած ածուխի շնորհիւ է, որ շաքար ունի սպիտակ եւ ոչ թէ դեղին գոյն։ Զորացած ածուխը կը կիրառուի քիմիական արդիւնաբերութեան մէջ եւ հակագազերուն մէջ։ Դեղահաբերու ձեւով, ան կ'օգտագործուի նաեւ բժշկութեան մէջ՝ արիւնը մաքրելու եւ աղեստամոքսային համակարգի մէջ, առաջացած գազերն ու թունաւոր նիւթերը կլանելու համար։ == Հայկական Լեռնաշխարհի Պաշարները == Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, յայտնաբերուած ածուխի պաշարները սահմանափակ են, բացի այդ, հանքանիւթի զգալի մասը ունի ցած կալորիականութիւն։ Յայտնի են Օլթիի եւ Կարինի ածուխի հանքավայրերը։ Ածուխի տեղական նշանակութեան պածարներ կան նաեւ Ուրմիա եւ Վանայ լիճերու աւազաններու ջրբաժանային լեռներուն մէջ, Աղստեւ, Վեդի գետերու աւազաններուն մէջ, Ջաջուռին մէջ։ == Արտաքին յղումներ == Հայկական Հանրագիտարան, Ածուխներ
2,745
Դպրոց
Դպրոց, կառոյց, որ նախատեսուած է ուսուցիչներու ուղղորդմամբ ուսանողներու կամ աշակերտներու ուսուցման համար։ Շատ երկիրներ պարտադիր պետական կրթութեան համակարգեր ունին։ Այդ համակարգերու մէջ, աշակերտներու ուսուցումը կը կատարուի հետեւեայ շարքով՝ սկզբնական դպրոցէ փոքր երեխաներու համար, այնուհետեւ միջին դպրոց, սկզբնական դպրոցն աւարտած տաս տարեկաններու համար։ Կառոյցը, ուր բարձրագոյն կրթութիւն կը ստանան, սովորաբար կ՛անուանենէ համալսարան գոլէճ կամ համալսարան։
5,915
Գրիգոր Սամուէլեան
Գրիգոր Կարապէտի Սամուէլեան (8 մարտ, 1915, Որդուարի շրջան - 4 Դեկտեմբեր, 2005, Երեւան), լեզուաբան։ Բանասիրական գիտութիւններու մասնագէտ (1985), դասախօս (1987)։ ԽՍՀՄ բարձրագոյն դպրոցի (1985) եւ ՀՀ կրթութեան վաստակաւոր գործիչ (1990)։ == Կենսագրութիւն == 1940-ին աւարտած է Տուերի (Ռուսաստան) մանկավարժական հիմնարկը։ 1948-1965-ններուն՝ Երեւանի հեռակայ մանկավարժական հիմնարկի ռուսաց լեզուի, 1965-1985-ններուն՝ ԵՌՕԼՄԻ ռուսաց լեզուի տեսութեան եւ պատմութեան ամպիոններու վարիչ։ == Գործունէութիւն == Աշխատութիւնները կը վերաբերին ռուսերէն լեզուի տեսական խնդիրներուն («Ոուսաց գրական լեզուն եւ անոր ոճերը», 1957, «Բառը Գորկու մօտ», 1975, «Նիւթեր բնագրի ոճաբանական եւ լեզուաբանական վերլուծութեան դասընթացներու համար», 1987, «Գեղարուեստական բնագրի լեզուաբանական վերլուծութիւն», 1989, բոլորը՝ ռուսերէն)։ Հեղինակ է ռուսերէն լեզուի ուսուցման համալսարանի դասագիրքերու։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == ՀՀԻ, Հայոց լեզու և գրականություն համացանցային նախագիծ, Սամվելյան Գրիգոր
6,527
Վլատիմիր Թրեչիքոֆ
Վլատիմիր Թրեչիքոֆ (ռուս.՝ Владимир Григорьевич Третчиков, 26 Դեկտեմբեր 1913, Փեթրոփաւլովսք (Ռուսիոյ կայսրութիւն), ներկայիս Փեթրոփաւլ (Ղազախստանի մէջ) – 26 Օգոստոս 2006, Քեփ Թաուն, Հարաւային Ափրիկէ), ան միշտ եղած է յաջող գեղանկարիչ, յայտնի է իր «Չինացի Աղջիկը» դիմանկարը, ար յաճախ ճանչցուած է նաեւ «Տը Կրին Լէյտի» («Կանաչ տիկինը») անունով, այն քսաներորդ դարու ամենաբարձր գինով վաճառուած նկարներէն մէկն է: Թրեչիքոֆ ինքնաշխատութեամբ տիրապետած է գեղանկարչական արուեստին, ան նկարած է իսկական կերպարներ, դիմանկարներ, անկենդան բնութիւն, անասուններ, առարկաներ զորս ներշնչած են զինք՝ Չինաստան, Սինկափուր, Ինտոնեզիա եւ ապա Հարաւային Ափրիկէ ապրած ընթացքին։ Վլատիմիր աշխատանքները սիրուած են հասարակութեան լայն խաւի կողմէ, սակայն յաճախ նաեւ գործերը՝ արուեստի քննադատներու կողմէ, դիտուած է իբրեւ կոպիտ արուեստ, հակառակ այս բոլորին, անոր կտաւներուն կրկնօրինակները մեծ թիւով վաճառուած են աշխարհի տարածքին։ Թրեչիքոֆ իր աշխատանքներուն մէջ օգտագործած է իւղաներկ, ջրաներկ, թանաք։ Ըստ անոր կենսագիր Պորիս Կորելիքին, գրելով՝ անհաւատալի Թրեչիքոֆ, արտատպումները այնքան ժողովրդականութիւն շահած են, որ տարաձայնուած է, թէ Թրեչիքոֆ աշխարհի ամենահարուստ նկարիրը կը համարուի՝ Փիքասոյէն ետք։ == Գիրքեր == 1973 թուականին, Թրեչիքոֆ կը հրատարակէ իր ինքնակենսագրութիւնը, «Pigeon's Luck», Էնթընի Հոքքինկ, ան նկարագրած է իր ունեցած պատերազմական փորձը. գիրքը անոր կողմէ մանրակրկիտ հետազօտութիւն է, որ կը կապէ աւելի քան 21 երկրներու մէջ ապրող մարդոց։ 2013 թուականին, արուեստագէտին առաջին ամբողջական կենսագրութիւնը՝ «Incredible Tretchikoff»ը, գրուած է Պորիս Կորելիքի կողմէ, լոյս տեսած է Լոնտոնի մէջ «Art / Books» եւ Քէյփ թաունի մէջ՝ Թեֆըլպըրկի կողմէ: == Ծանօթագրութիւններ ==
23,496
Ցատկելուս պատճառը
«Ցատկելուս պատճառը», 13 տարեկան ինքնափակ տղու մը ներքին ձայնը (անգլ․՝ The Reason I Jump: One Boy's Voice from the Silence of Autism - Ճափոներէն՝ 自閉症の僕が跳びはねる理由~会話のできない中学生がつづる内なる心~), Նաոքի Հիկաշիտայի, ճափոնացի ինքնափակ անձի մը, վերագրուած կենսագրութիւն է։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 2007-ին, Ճափոն։ ԱՆգլերէնի թարգմանութիւնը կատարած են Քէյքօ Եոշիտա եւ անոր ամուսինը՝ անգլիացի հեղինակ Տէյվիտ Միչել, եւ հրատարակուած է 2013-ին։ Գիրքը «Թը Նիու Եորք Թայմս թերթին շաբաթօրեայ ցուցակ»էն (The New York Times bestseller), ինչպէս նաեւ «Թը Սանտէյ Թայմս» (The Sunday Times) թերթէն համարուած է ամենալաւ ոչ գրական վաճարուած գիրքը Միացեալ Թագաւորութեան տարածքին։ Թարգմանուած է 30 լեզուներու։ == Ընդհանուր տեղեկութիւններ == Հիկոշիտա երբ 5 տարեկան էր ախտաճանաչուած էր ինքնափակութեամբ (ASD) եւ ունէր հաղորդակցութեան սահմանափակ կարողութիւններ։ Մօրը օգնութեամբ կ՛ենթադրուի թէ ան գրած է աս գիրքը գործածելով մեթոտաբանութիւն մը զոր ինք «մատներով դիւրացնող գրութիւն» կ՛անուանէ (facilitated finger writing), ծանօթ նաեւ որպէս «դիւրացնող հաղորդակցութիւն» (Facilitated communication (FC)) ։ == Գիրքին մասին == Գիրքը հեղինակին՝ Հիկաշիտային, յիշատակագիրն է թէ ինչպէս ան հաղորդակցիլ սորվեցաւ գործածելով «դիւրացնող հաղորդակցութիւն» (Facilitated communication (FC)) եւ «արագ փութկոթութեան կերպ» (rapid prompting method (RPM)) գիտականօրէն պաշտօնապէս չճանչցուած (հաւատք չընծայող) հմտութիւններ։ Եոշիտա եւ Միչել, որոնց զաւակը ախտաճանաչուած է ինքնափակումի խանգարումով, գրած են գիրքին անգլերէնի թարգմանութեան նախաբանը։ Յիշատակագրութեան մեծ մասը կը պարունակէ 58 հարցումներու ընդմէջէն Հիկոշիտայի եւ ուրիշ ինքնափակ անձերու կողմէն պատմուածներ, ինչպէս նաեւ ցիրուցան կարճ արձակ հատուածներ։ Այս հատուածները ըլլա՛յ Հիկաշիտայի յիշողութիւններն են որ կը բաժնէ, ըլլա՛յ պատկերաւոր պատմութիւններ որոնք կը վերաբերին յիշատակագրութեան տեւողութեան արծարծուած նիւթերուն։ === Հիկոշիտային յիշատակագրութիւններէն բաժիններ === «Երբ կը ցատկեմ, կարծես թէ զգացումներս դէպի երկինք կը բարձրանան։ Իսկապէս երկնքին մէջ ընկլուզուելու մարմաջը բաւական է որպէսզի սիրտս տրոփէ։ Երբ կը ցատկեմ, մարմնիս մասերը լաւ մը կը զգամ, նոյնպէս մարմնիս կապուած ոտքերս եւ ծափող ձեռքերս... ինքզինքս ինչքան լաւ կը զգամ։»«Վերջապէս, վերջապէս կը հանգստանամ եւ ինքզինքս կը վերագտնեմ։ Այդ պահուն ցունամիանման յարձակումէն որեւէ հետք չեմ տեսներ մէջս, միակ բանը որ կը տեսնեմ՝ շուրջս իմ ձեռքովս ստեղծուած աւերակներն են։ Եւ երբ ատիկա տեսնեմ, ինքզինքս կ՚ատեմ։ Կ՚ատեմ ինքզինքս... այդքա՛ն»։«Իրական կարեկցութիւնը ուրիշին արժանապատուութիւնը չճզմելն է. այդ է առնուազն իմ կարծիքս։ Ամենալաւ հակազդեցութիւնը մեր սխալներուն նոյնը պիտի չըլլայ անձէ անձ, պիտի փոխուի անոր տարիքին համաձայն, սակայն մէկ բան յիշեցէք․ - ինքնափակումէ տառապող մարդոց համար՝ դժուար է արդէն իսկ ապրիլ այդ ցաւին հետ որ անկարող ենք ընելու ինչ որ պիտի ուզէինք ընել։ Մեր սխալներուն դիմաց ուրիշներու հակազդեցութենէն ստեղծուող ցաւը կրնայ կոտրել մեր սիրտը»։ == Պատշաճեցումներ == Թատերաբեմի վերածուեցաւ Սկովտիայի Ազգային Թատրոնին կողմէ 2018-ին ։ Վաւերագրութեան վերածուած ներկայացուեցաւ 2020-ին «Սանտանս Ժապաւէնի Փառատօն»ին (2020 Sundance Film Festival) եւ ստացաւ դրական գրադատողութիւններ , ։ == 7 անգամ գետին ինկած 8 անգամ ոտքի կանգնած == «7 անգամ գետին ինկած 8 անգամ ոտքի կանգնած՝ ինքնափակ տղու մը ներքին ձայնը»․ Հիկաշիտային կողմէ 2015-ին գրուած է եւ «Ցատկելուս պատճառը» գիրքին շարունակութիւնն է։ , , , , , , == Ծանօթագրութիւններ ==
7,173
Փոքր Կովկաս
Փոքր Կովկաս, ծալքաբեկորաւոր լեռնաշղթաներու համակարգ Հայկական լեռնաշխարհի հիւսիս-արեւելքի մէջ։ Հիւսիս-արեւմուտքէն հարավ-արեւելք մօտ 600 Քմ երկարութեամբ, մինչեւ 9 Քմ լայնութեամբ աղեղնաձեւ կը ձգուի Սեւ ծովի հարավ-արեւելյան ափէն մինչեւ Արաքսի հովիտը։ Մեծ Կովկասէն կը բաժնուի Հարավային Կովկասի միջլեռնային իջվածքով։ Դէպի հարավ-արեւելք աստիճանաբար բարձրանալով՝ Մռավի լեռնաշղթայի մէջ կը հասնի 3724 մ (Արիութեան լեռ) բարձրութեան։ Հայկական լեռնաշխարհը հիւսիսէն կ'եզերեն Մեսխեթի եւ Թրիալեթի լեռնաշղթաները։ Անոնցմէ հիւսիս Ռիոնի հովիտն է։ Այս լեռնաշղթաներուն կը հարեն նաեւ Շավշեթի լեռները, որոնք կը գտնուին Թուրքիայի տարածքի մէջ։ Մեսխեթի լեռնաշղթան, որ յայտնի է նաեւ որպէս Աջարա-իմերեթյան, կը ձգուի Սեւ ծովի աջարական ափէն մինչեւ Կուր գետի Բորժոմի կիրճը։ Երկարութիւնը 150 Քմ է, բարձր կետը՝ մինչեւ 2850 մ (Մեփիսծղարո)։ Թրիալեթի լեռնաշղթայի երկարութիւնը նոյնպես մօտ 150 Քմ է, բարձր կետը՝ Շավիկլդե լեռը, նոյնպես ունի 2850 մ բացարձակ բարձրութիւն։ Այս լեռնաշղթաները կազմուած են առաւելապէս ֆլիշային եւ հրաբխածին ապարներէ։ Հիւսիսային լանջերը անտառապատ են։ Կը Գերակշռեն բարձր լեռնային տափաստաններն ու ենթալպեան մարգագետինները։ Փոքր Կովկասը Վրաստանի եւ Թուրքիայի սահմանին զուգահեռ կը ձգուի արեւելք։ Վրաստանի հարաւին, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոռիի, Շիրակի մարզերու սահմանագլուխին կը գտուի Ջավախքի լեռնաշղթայ։ Երկարութիւնը մոտավորապես 50 կմ է եւ ձգվում է Թրիալեթից մինչեւ Բազումի լեռնաշղթայ։ Այստեղ են Աշոցքի եւ Լոռվա սարահարթերը։ Ամենաբարձր գագաթը Աչքասարն է ՀՀ տարածքի մէջ, որ ունի ծովի մակերեւոյթէն 3196 մ բարձրութիւն։ Ջավախքի լեռնաշղթան յայտնի է նաեւ իր ջրվէժներով։ Լեռնաշղթան հիմնականին մէջ ծածկուած է ալպեան մարգագետիններով եւ կանաչ արոտավայրերով։ Բազմաթիւ են փոքրիկ լճերը Ջավախքի լեռնաշղթայի վրայ եւ անոր շրջակայքին մէջ։ Փոքր Կովկաս լեռնային համակարգը Խրամի հովիտով կը բաժնուի ԱՃարա-Իմերեթյան եւ Վիրահայոց-Արցախյան մասերի։ Վերջինս կազմուած է Կուրի եւ Արաքսի ջրբաժան լեռնաշղթաներէն ու անոնց լեռնաբազուկներէն։ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոռիի մարզի մարզին մէջ կը գտնուին Բազումի, Փամբակի եւ Վիրահայոց լեռնաշղթաները։ Հարաւ-արեւելքի մէջ Ծաղկունեաց լեռնաշղթան է։ Գուգարաց լեռները բնական սահման են Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու միջեւ։ Տաւուշի մէջ կը գտնուին Միափորի, Հախում, Տավուշ, Խնձորուտ եւ այլ լեռնաշղթաներ։ Հիւսիսային Հայաստանի այս լեռնաշղթաներէն ամենաբարձրը Թեժլեռն է (3101 մ)։ Սեւանի լեռնաշղթան սահմանաբաժան է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ։ Սեւանէն արեւելք կը ճիւղաւորուին մի քանի լեռներ, որոնք ընդհուպ մինչեւ 1980-ական թուականներու վերջը մեծաւ մասամբ հայաբնակ էին։ Այսօր այդ տարածքները՝ պատմական Գարդման, Շակաշեն եւ այլ գավառներ, կը գտնուին Ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Սեւանի լեռնաշղթայի ամենաբարձր կէտը Սատանախաչն է (3319 մ), ՀՀ տարածքի մէջ է Փերեզակը (3290 մ)։ Աւելի հարաւ կը ճիւղաւորուին երկու լեռնաշղթաներ՝ Զանգեզուրի եւ Արցախի լեռները։ Զանգեզուրի լեռնաշղթան Վայոց ձորի եւ Սյունիքի մարզերի, ապա՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան բնական սահմանն է։ Բարձր կէտը Կապուտջուղն է (3906 մ)։ Արցախի լեռերը կազմուած են երկու բազուկներէ՝ Մռավի ու Արցախի լեռնաշղթաներէն, որոնք կը բաժնուին Թարթառի միջլեռնային իջուածքով։ Անոնք գրեթէ ամբողջութեամբ կը գտնուին հայկական երկրորդ պետութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին մէջ։ Անոնք ամբողջովին անտառապատ են, տեղ-տեղ՝ կուսական։ Ամենաբարձր գագաթը Գոմշասարն է կամ Մռավ լեռը (3724 մ)։
16,930
Վեր. Փոլ Հայտոսթեան
Վեր. տոքթոր Փոլ Հայտոսթեան, նախագահ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի: Աստուածաբանութեան մագիստրոսը կը ստանայ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանէն: Ամերիկա՝ Նիւ Ճըրզի նահանգի Փրինսթընի առաջատար ճեմարանին մէջ երկրորդ մագիստրոսականը: == Կենսագրութիւն == Վեր. տոքթոր Փոլ Հայտոսթեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Հայրը Նոր Մարաշի երկրորդական վարժարանի տնօրէնն էր եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը: 1966-ին կը փոխադրուին Թրիփոլի, որովհետեւ հայրը նշանակուած էր Մինա շրջանի հոգեւոր հովիւը եւ դպրոցին տնօրէնը: Վեր. Փոլ Հայտոսթեան մանկութիւնը անցուց Մինայի Հայ Աւետարանական եկեղեցի-դպրոց համալիրին մէջ, ուր էր նաեւ երիցատունը: Միջնակարգ ուսման համար յաճախեց Թրիփոլիի Ամերիկեան աւետարանական դպրոցը: Երբ 9-րդ դասարան կը հասնի, քրոջ հետ միասին կը յաճախեն Էշրէֆիէի Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը, եւ միաժամանակ եկեղեցւոյ, պատանեացի, Ջանիցի մէջ աշխուժ անդամներ էին: Հետագային, Հայկազեան համալսարանի մէջ կ'ընտրէ հոգեբանութեան ճիւղը, որովհետեւ կ՛ուզէր Աստուածաբանութիւն ուսանիլ: Մինչ այդ, որ տակաւին Աստուածաբանութեան չհասած, արդէն իրենց կը տրուի դաշտի ծառայութիւն, որ կը նշանակէ փոքրերու եւ երիտասարդներու հետ աշխատիլ, եկեղեցւոյ մէջ ծառայել, համագումարներու մասնակցիլ, թափուր եւ հեռու եկեղեցիներու մէջ, ուր հոգեւոր հովիւ չկայ, երթալ եւ Կիրակի մը քարոզել: 1984-ին կ'աւարտէ Հայկազեան համալսարանը, իսկ Աստուածաբանութեան մագիստրոսը կը ստանայ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանէն, 1987-ին: Որմէ ետք կը մեկնի Ամերիկա՝ Նիւ Ճըրզի նահանգի Փրինսթընի առաջատար ճեմարանին մէջ երկրորդ մագիստրոսական ընելու եւ աւելի հմտանալու հովուական աստուածաբանութեան մէջ: Հինգ տարի Նիւ Եորքի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ ամիսը երկու Կիրակի հայերէն կը քարոզէ: Մինչ այդ ամառները Ջանիցի համագումարներու համար Պէյրութ կու գար, եւ այդ միջոցին էր, որ 1990-ին, ընտանիք կը կազմէ: Իր տիկինը Հայկազեան կ՛ուսանէր եւ նաեւ՝ Աստուածաբանականի ուսանող էր։ Միասին ԱՄՆ կը մեկնին, եւ տիկինն ալ մասնակի կերպով ուսում կ'առնէ եւ մասնակի կ'աշխատի, իսկ Վեր. Փոլ Հայտոսթեան կ'ամբողջացնէ տոքթորականը եւ կը դասաւանդէ որպէս դասախօսի օգնական 2-3 տարի: 1993-ի վերջաւորութեան կը վերադառնան Պէյրութ, ուր դասախօսական պաշտօնը իրեն կը սպասէր Աստուածաբանական ճեմարանին մէջ։ Ինը տարի Աստուածաբանութեան դասախօս ըլլալով կը պաշտօնավարէ: Այս ընթացքին համայնքին մէջ տարբեր յանձնախումբերու, Միութեան Կեդրոնական Մարմնին մէջ անդամ էր արդէն, նաեւ՝ Հայկազեանի Խնամակալ Մարմնին, 1997-էն: 2002 Սեպտեմբերին նախագահի պաշտօնը կը ստանձնէ եւ Հայկազեան համալսարանի շատ գեղեցիկ աւանդը կը զարգացէ: Եւ արդէն 18 տարի կը բոլորէ 2020 թուականին: == Աղբիւրներ == Հ Ա Ր Ց Ա Զ Ր Ո Յ Ց ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԵՐ. ՏՈՔԹ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԻ ՀԵՏ Հայկազեան Համալսարանի Տնօրէն Վերապատուելի Տոքթ. Փօլ Հայտոսթեան Այցելեց Արժանթին Կազմակերպութեամբ՝ «Ներկայ Աշխարհը Իր Բարոյական Հարցերով» Նիւթով Դասախօսութիւն Հայկազեան․ Պէյրութի հայկական լուսաւոր կէտերէն Հասկանալով Քեսապի նշանակութիւնը | Understanding the Significance of Kesab == Տե՛ս նաեւ == Հայկազեան Համալսարան
1,772
Անտոն Աբակեան
Անտոն Աբակեան, բժիշկ․ ծնած Պոլիս 1857։ Նախնական ուսումը Մխիթարեանց Բերայի դպրոցը առնելէ ետք 1871-ին բժշկական վարժարանը կը մտնէ եւ 23 տարեկան հասակին (1880) բժիշկ-վիրաբոյժի վկայականը կը ստանայ: Ի սկզբան Ս. Յակոբ հիւանդանոցին մէջ կը պաշտօնավարէ իբրեւ օժանդակ՝ տօքԹ. Յովսէփ Նուրիճանի: Աղքատները միշտ ձրի դարմանած ըլլալուն «անարծաթ բժիշկ» անուանուած է: 1881-ին Իյնէկէօլ կ՝երթայ տեղւոյն Չիթլի Հանքային ջրոյն իբրեւ զտիչ, ուր 1902 Սեպտ. 30-ին կը վախճանի եղերական մահուամբ՝ այլազգիէ մը սպաննուելով, եւ կը թաղուի մօտակայ Պրուսայի կաթողիկէից Հայոց գերեզմանատան մէջ (Եղերեկան մահուան մասին եւ լուսանկարը տե՛ս, «Հանդէս Ամսօրեայ» 1903 էջ 368): == Աղբիւրներ == Հայ հանրագիտակ Գրող Հ. Մկրտիջ Վարդ. Պոտուրեան
7,074
Փամելա Մպապազի
Փամելա Քազապիիտի Մպապազի (անգլ.՝ Pamela Kasabiiti Mbabazi, 1969, Մպարարար, Western Region, Ուգանտա), ուգանտացի համալսարանի փրոֆեսոր, հետազօտող, ակադեմիական ատմինիստրատոր: Մպանտայի գիտութեան եւ տեխնոլոգիայի համալսարանի փոխքարտուղար (անգլ.՝ vice-chancellor): Այս պաշտօնին նշանակուած է 2010-ին հինգ տարի ժամկէտով, կրկին նշանակուելու հնարաւորութեամբ: == Կենսագրութիւն == Մպապազին ծնած է 6 Ապրիլ 1969-ին Մպարարայի մէջ, Ուգանտա: Տարրական կրթութիւն ստացած է Մպարարայի կենտրոնը, այնուհետեւ տեղափոխուած է Քիգեզի աւագ դպրոց, O-Level ուսումնասիրութիւններու համար: A-Level կրթութեան համար տեղափոխուած է Պուշէնիի աղջիկներու աւագ դպրոց: 1987-ին ընդունուած է Մակքերերի համալսարան՝ Ուգանտայի ամենահին եւ խոշորագոյն բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնը, 1990-ին աւարտած է այն՝ ստանալով տնտեսագիտութեան եւ քաղաքագիտութեան արուեստի բակալաւրի աստիճան: Կրթութիւնը շարունակած է Լիտսի համալսարանը, որտեղ 1992-ին ստացած է արուեստի մագիստրոսի աստիճան: Կանայի Քումասի քաղաքի Գիտութեան եւ տեխնոլոգիայի համալսարանէն ստացած է ծրագրաւորման եւ կառավարման մագիստրոսի աստիճան: Դոկտորի աստիճան ստացած է 2005-ին Մպարարայի գիտութեան եւ տեխնոլոգիաներու համալսարանէն: == Ծանօթագրութիւններ ==
2,606
Վահան Գույումճեան
Վահան Գույումճեան (1880, Ակն), ուսուցիչ, տնօրէն եւ գրող։ == Կենսագրութիւն == Գույումճեան նախնական կրթութիւնը ստացած տեղւոյն Ներսէսեան դպրոցը: 1893-ին կ’ընդունուի Կարնոյ Սանասարեանը. 1900-ին շրջանաւարտ ելլելէ վերջ՝ 3 տարի կը պաշտօնավարէ հոն: Նոյն խնամակալութեան կողմէ կ’որոշուի Եւրոպա ուղարկել զինք՝ ուսումը կատարելագործելու, բայց Համիտեան խստութեան հետեւանօք ծրագիրը ջուրը կ’իյնայ: Գույումճեան իր իտէալէն ոգեւորեալ՝ գաղտագողի խոյս կու տայ սահմանագլխէն. յանդուգն քա՛յլ որ քիչ մնաց իր կեանքն արժէր. Քիւրտերէ հետապնդուելով՝ կը բանտուի Հասանգալէ, ուրկէ Կարին: Երկամսետոյ տաժանագին բանտարկութենէ մը վերջ կ’աքսորուի Ակն որուն առաջն. փոխանորդ Գէորգ վրդ. Արսլանեանի բարեխօսութեամբ ազատ կը թողուի եւ տարի կը վարէ տեղւոյն ազգ. վարժարանի տնօրէնութիւնը: 1906-1908-ին ալ Արաբկիր՝նոյն պաշտօնով: Հուրրիէթէն յետոյ կը հրաւիրուի Սանասարեան. ուր կը մնայ 3 տարի: 1911-ին հրաժարարելով կը մեկնի ծննդավայր՝ ուր տարի մը տնօրէն կ’ըլլայ նորահաստատ Նարեկեան վարժարանի: 1912-ի ամրան Պոլիս հասնելուն՝ կ’ընտրուի հայերէնի ուսուցիչ Ատափազարի Կեդրոնականին եւ հոն կը մնայ մինչեւ 1915-ի տեղահանութիւնը, ձերբակալեալ մտաւորականներու խումբին խառնուելով՝ հազիւ շունչ կ’առնէ Գոնիա՝ ուր պահ մը ծուարած կ’ապրի. հոնկէ փախչելով Պէլէմէտիք՝ երկաթուղ. շինութեանց գործին մէջ կը ծառայէ բուանթէօրի պաշտօնով, գերմ. զին. Իշխանութեանց մօտ, շնորհիւ իր գերմանագիտութեան: Զինադագարի վաղորդայնին կը դառնայ Պոլիս. տարի մը Պանտրմայի վարժարանին տնօրէն, ապա Պէշիկթաշի որբանոցին, ուր ուրեմն ուսումնապետ Գուլէլիի: Մաքրիքէօյի Տատեան վարժարանի տնօրէնն էր, երբ Պոլսոյ քաղաքական հորիզոնը մթագնեցաւ եւ բազմաթիւ մտաւորականներու հետ ինք եւս հեռացաւ Պոլսոյ ջուրերէն, իյնալով Քորֆու՝ իբր ուսուցիչ Րիլիֆի որսանոցին: Այս հաստատութեան ամերիկացի վարիչներուն կամակոր գործունէութեան արձագանգը կ’ըլլար «ճակատամարտ»ի մէջ Վահէ ծածկանունով պաշտօնակից մը. Գույումճեան իբր այն ամբաստանուելով՝ վտարուեցաւ առանց բերան տալու իր «ընկեր»ը. զոհողութի՛ւն որ իրենց արժեց ամիսներու անգործութիւն՝ օտար հորիզոնի տակ, մինչեւ պաշտօնի կոչուիլը Սիրա:Ապա անցաւ Ֆրանսա: Որչափ ատեն որ առիթը ներկայացաւ իրեն՝ ծննդավայրը եւ շրջակայ գիւղերը մնալու, հետամուտ եղաւ պրպտելու Ակնայ հարուստ գաւարաբարբառը, մանաւանդ այդ շրջանի «անգիր դպրութիւն»ը, պատրաստելով Ակնայ Անտունիներուն եւ ուրիշ երգերուն լիակատար հաոաքածոն,— Ճանիկեանի եւ այլոց գործերէն անհունապէս ճոխ: == Աղբիւրներ == Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 535:
3,397
Լա Սերենա
Լա Սերենա (սպ.՝ La Serena), քաղաք է Չիլիի մէջ։ Տարածքը՝ 2262 մ²։ Բնակչութիւնը՝ 147 815 (2002 թ), բնակչութեան խտութիւնը՝ 98,24 մարդ/գմ²։ Նոյնանի մէջ համայքնի եւ Կոկիմբո շրջանի վարչկեդրոնն է։ Քաղաքը եւ համայքնը կը մտնեն Էլկի նահանգի կազմին մեջ։ Կը գտնվուի մայրաքաղաք Սանտյագորեն 401 գմ հեռաւորութեան վրա։ Հիմանդրուած է իսպանացի կոնկիստադոր Պեդրո դե Վալդիվիաի կողմեն 1544 թ․–ին։
299
1633 թուական
1633 թուական, ոչ նահանջ տարի, 17րդ դարու 33րդ տարին է == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1633 ծնունդներ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1633 մահեր
3,720
Ծովի մակարդակի բարձրութիւնը
Ծովի մակարդակի բարձրութիւնը մակերեւոյթը (երկու ուրիշ՝ լայնութիւնը եւ երկայնութիւնը), որ ցոյց կու տայ, թէ որ մակարդակի վրայ կը գտնուի ծովու մակերեսէն բարձր։ Ծովի մակարդակի բարձրութիւնը կարելի է մոտաւորապէս որոշուիլ որպէս առարկայի հեռաւորութիւնը մինչեւ ծովի մակերեւույթի միջին մակարդակը, որ չի խախտուիր ալեկոծութիւններէն եւ մակընթացութիւններէն եւ տեղատուութիւններէն, կամ (եթէ առարկան կը գտնուի ցամաքին վրայ) մինչեւ գեոիդի մակերեւոյթը։ Գետի բարձրութիւնը, որ կը գտնուի է ծովի մակարդակէն բարձր, համարուած է դրական, իսկ ցածը՝ բացասական։ == Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան երկրներու մէջ առարկաներու բարձրութեան որոշումը ծովի մակարդակէն == Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան երկրներու մէջ եւ Ռուսաստանի մէջ երկրին գետերու մակերեւոյթի բարձրութիւնները ծովի մակարդակէն կը հաշուուի պալթեան ծովի միջերկրածովեան մակարդակէն, որ արձանագրոգած է քրօնստաթի ցուցանիշով։ == Օրինակներ == Աշխարհի ամենաբարձր գետը Հիմալաիայի մէջ գտնուող Ճոմոլունկմայի լեռն է՝ ծովի մակարդակէն 8848 մ. բարձր: Աշխարհի ամենացածր գետը Մեռեալ ծովի ծովեզերեան շրջանն է՝ ծովի մակարդակէն 417,5 մ. ցած։ == Ծանօթագրութիւններ ==
19,227
Դրախտի Դարպասը
Դրախտի Դարպասը, Արցախեան պատերազմին նուիրուած ժապաւէն, Ջիւան Աւետիսեանի արցախեան նիւթերով երրորդ ժապաւէնը։ == Ժապաւէնին Նիւթը == Լիամեթրաժ ժապաւէնին նիւթը կեդրոնացած է Արցախեան Ապրիլեան պատերազմին վրայ: Գործողութիւնները կը ծաւալին 2016 թուականին: ժա­պա­ւէ­նը մի քա­նի եր­կիր­նե­րու միա­ցեալ ար­տադ­րու­թիւն է՝ ­Հա­յաս­տան, ­Լի­թո­ւա­նիա, ­Շո­ւէտ, ­Լի­բա­նան, Ա­մե­րի­կա։ ժապաւէնը գերմանացի լրագրող Ռոպերթ Սթերնուալին (50 տարեկան) մասին է: 2016-ին ան կը վերադառնայ Արցախ՝ լուսաբանելու քսաներկու տարուան ընդմիջումէն ետք վերսկսուած պատերազմը։ Լրագրական հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք կը ծանօթանայ երիտասարդ՝ օփերայի երգչուհի, Սոֆիա Մարթիին (35 տարեկան) հետ։ Ռոպերթին եւ Սոֆիային յաճախակի հանդիպումները փոխադարձ սիրոյ զգացմուն կ՛արթնացնեն իրենց մէջ, սակայն կը պարզուի, որ Սոֆիան անյայտ կորսուած Ֆո­թօ-ժուռ­նա­լիստ (լու­սան­կա­րիչ-լրագ­րող) Էտկար Մարտիրոսեանին աղջիկն է, որ 1992-ին՝ Թալիշի անկման օրը, Ռոպերթ զինք ձգած է գիւղ՝ գերեվարութեան մէջ, ապա իւրացուցած է կռուի դաշտին մէջ անոր նակարած լուսանկարները։ Ժապաւէնը նկարահանուած է եւրոպական տարբեր քաղաքներու եւ Արցախի մէջ։ Այն ութ երկիրներու համատեղ արտադրութիւն է՝ Հայաստան, Լիթուանիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Պուլկարիա, Չեխիա, Իտալիա, Ամերիկա։ Ժապաւէնին հայաստանեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը կայացած է 17 Հոկտեմբեր 2019-ին՝ Երեւանի «Կինոպարկ» սրահին մէջ, իսկ Արցախինը՝ Հոկտեմբեր 19-ին՝ Ստեփանակերտ։ == Դերասաններ == ժապաւէնին դերասանները օտար եւ հայաստանցի յայտնի դերասաններ են․ Ռիչըրտ Սամէլ՝ Գերմանիա, Թաթիանա Սփիւաքովա՝ Ֆրանսա, Լէօ Փոպետոնոսցեւաս՝ Լիթուանիա, Նաիրա Զաքարեան՝ Ամերիկայ, Սօս Ջանիբեկեան՝ Հայաստան,Եւ այլ սիրուած դերասաններ Հայաստանէն եւ արտասահմանէն։ == Միջազգային Փառատօններ == «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը ընդգրուած է Միացեալ Նահանգներու «Las Cruces» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին, Ինտոնեզիոյ «Europe on Screen» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին եւ Իտալիոյ «Salento» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին պաշտօնական ծրագիրներուն մէջ: ժապաւէնը նաեւ ընդգրկուած էր Մոսկուայի միջազգային շարժապատկերի փառատօնին պաշտօնական, ոչ մրցութային ծրագիրին մէջ, սակայն արցախեան պատերազմի վերսկսման օրը, ժամեր անց, ազրպէյճանական ճնշումներու պատճառով անիկա դուրս հանուած է ծրագիրէն: «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնի վաճառքի պատասխանատու ֆրանսական «MPM Premium» ընկերութեան միջոցով «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը Քաննի վիրթուալ շարժապատկերի շուկային վրայ (Յունիս 2020) առաջին անգամ ներկայացուած է գնորդներուն եւ փառատօնի կազմակերպիչներուն` ունենալով երկու ցուցադրութիւն: == Ծանօթագրութիւններ ==
22,752
Էսհիլոս
Էսհիլոս (յուն․՝ Αισχύλος), Ք․Ա․ 525/26, Էլեֆսինա Իփոթոնտիտաս, հին Աթէնք – Ք․Ա․ 456, Ճելա, Մեծ Յունաստան՝ այժմ Սիչիլիա, Իտալիա ։ Հին յոյն ողբերգակ։ Էվրիփիտիսին եւ Սոֆոքլիսին հետ Յունաստանի երեք մեծագոյն հին ողբերգակներն են եւ միայն անոնց գործերը լրիւ փրկուած են։ == Կեանքը == === Տեղեկութիւններ === Էսհիլոս ծնած է Էլեֆսինա Իփոթոնտիտաս։ Հայրն է հողատէր Էֆորիոնաս, Քոտրիտոն ազնուական գերդաստանէն։ Կանուխէն մասնակցած է բազմաթիւ թատերական մրցոյթներու․ առաջին մասնակցութիւնը եղած է Ք․Ա․ 499/96-ին, 70-րդ Ողիմպիականին։ Աթէնքի քաղաքացի էր եւ մասնակցած է Պարսիկներուն դէմ պատերազմներուն, նոյնպէս երկու եղբայրներն ալ՝ Ամինիաս եւ Քինեղիրոս։ Քինեղիրոս Մարաթոնի ճակատամարտին ընթացքին կը զոհուի, երբ կը փորձէ ձեռքերովը կեցնել պարսկական նաւ մը (հուժկու անձ մը եղած է)։ Էսհիլոս, իր մեծագոյն յաջողութիւնները կը համարէր մասնակցութիւնը Մարաթոնի ճակատամարտին, Արթեմիսիոյի նաւամարտին եւ Սալամինայի նաւամարտին։ Կեանքին ստեղծագործական տարիներուն Սիչիլիա ճամբորդած է եւ ապրած Երոնա բռնատէրին արքունիքը (Սիրաքուզա)․ վերջինս արուեստասէր ըլլալով յաճախ արուեստագէտներ կը հրաւիրէր։ Կը սեպուի թէ հոն երկրորդ անգամ կը ներկայացնէ «Փերսես» (Պարսիկներ) գործը։ Դէպի Սիչիլիա երկրորդ անգամ կը ճամբորդէ երբ Աթէնքի հասարակութեան հետ տարակարծութեան մէջ կը գտնուի (այս եղելութիւնը կը ներկայացուի Արիստոֆանիսի «Վաթրահուս» գործին մէջ)։ === Մահը === Ք․Ա․ 456/55-ին Ճելա երկրորդ այցելութեան ընթացքին կը մահանայ։ Մահուան պատճառը կը սեպուի հետեւեալը․ բարձրէն արծիւ մը, որպէսզի բռնած կրիային պատեանը կոտրէ եւ միսը ուտէ, որսը վար կը նետէ եւ Էսհիլոսին գլխուն կ՛ իյնայ։ === Յետ մահու === Աթենացիները անոր յիշատակը պահպանելու համար, օրէնք մը կը քուէարկեն, ըստ որուն իւրաքանչիւրին կ՛ արտօնուի մրցումներուն մասնակցիլ Էսհիլոսի գործերով։ == Ողբերգրութիւններու մրցումներ == Զանազան արձանագրութիւններ կը վկայեն թէ էսհիլոս Ք․Ա․ 484-ին, առաջին անգամ յաղթական հանդիսացած է «Մեղալոն Տիոնիսիոն» ողբերգրութիւններու մրցումներուն եւ յաջորդած են ուրիշ 12 յաղթանակներ։ «Սուտաս» բառարանը կը նշէ 28 յաղթանակներ․ կ՛ ենթադրուի թէ յետ մահու ալ անոր գործերը առաջնահերթութեան տիրացած են։ Ք․Ա․ 472-ին, յաղթական կը հանդիսանայ «Փերսես» գործով (Աթէնք)։ Ք․Ա․ 468-ին կը մրցակցի Սոֆոքլիսին հետ եւ երկրորդ կը հանդիսանայ, իսկ յաջորդ տարին՝ Ք․Ա․ 467-ին, կը յաղթէ «Թիվայիքի թրիլողիա» (Թիվական եռաբանութիւն) գործով եւ Ք․Ա․ 458-ին՝ «Օրեսթիա» գործով։ == Նորարութիւններ == Էսհիլեան ողբերգրութիւնները կը զարգանան առաջին իսկ գործերուն մէջ։ Ան նորաբերութիւն կը բերէ ողբերգրութեան մէջ․- Աւելցուց երկրորդ կեղծող՝ դերակատար, Խմբերգի մասնակցողներու թիւը նուազուց՝ 50-է 12, Գրաւիչ բեմադրութիւն, Մէկ բովանդակութեամբ եռաբանութեան յանձնարարութիւն:Վերեւ նշուած բոլոր զանազանութիւնները զարգանալով, զայն կ՛ առաջնորդեն բանաստեղծական կատարեալ ժամանակաշրջանի մը, որ կը նշմարուի Օրեսթիա կոթողական գործին մէջ։ == Գործը == Էսհիլոսին գործը կը խտացնէ արդարութեան իմաստը, ինչպէս նաեւ բանաստեղծին խիղճը՝ իբրեւ կռուող քաղաքացի։ Մասնակցած է բազմաթիւ թատերական մրցոյթներու։ Ան ազդուած է Փիթաղորասէն, անոր հետեւորդներէն էր։ «Փերսես» (Ք․Ա․ 472), «Էթնեէ» (Ք․Ա․ 470) գործը չէ փրկուած, «Էփթա էփի Թիվես» (Ք․Ա․ 467), «Իքեթիտես» (Ք․Ա․ 463), «Փրոմիթեֆս Տեսմոթիս» (Ք․Ա․ 458), «Օրեսթիա» (եռաբանութիւն) Ք․Ա․ 458․ Աղամեմնոն, Հոիֆորի, Էվմենիտես։«Փրոմիթեֆս Տեսմոթիս» գործը հաւանաբար իրը չէ, այլ Էֆորիոնա զաւակին։ Անձնաւորութիւններ քաղաքական եւ գրականութեան բնագաւառներէն ազդուած են Էսհիլոսի գործերէն։ Ինչպէս օրինակ՝ Վիքթոր Հիւկօ, Լորտ Պայրըն, Կեօթէ եւ Քարլ Մարքս։ == Աստղակերպ == 2876 Էսհիլոս (2876 Aeschylus) աստղակերպը անունը առած է ի պատիւ Էսհիլոս ողբերգակին։ == Ծանօթագրութիւններ ==
7,225
Էրազմ Քարամեան
Էրազմ Ալեքսանդրի Քարամեան (Մելիք-Քարամեան) (15 Մարտ 1912, Փարիզ, Ֆրանսա - 15 Յունիս 1985, Երեւան,ՀԽՍՀ), խորհրդային հայ կինոբեմադրիչ, սենարիստ, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ (1971), ՀԽՍՀ կինեմատոգրաֆիստներու միութեան անդամ։ == Կենսագրութիւն == Էրազմ Քարամեան, ծնած է 1912 թուականին Փարիզի մէջ։ 1930 թուականէն աշխատած է Արեւմտեան Սիպիրի եւ Մոսկուայի թատրոններուն մէջ որպէս բեմադրիչ։ 1936 թուականին աւարտած է Խարկովի երաժշտա-տրամադիկական հիմնարկի բեմադրիչի եւ դերասանական բաժինը (այժմ՝ Խարկովի Ի․ Կոտլեարեւվսկիի անուան արուեստներու ազգային հիմնարկ) ։ 1937 թուականէն եղած է բեմադրիչի օգնական, այնուհետեւ Հայֆիլմ կինոստուդիայի բեմադրիչ (1947-1954 թուականներուն փաստագրական ֆիլմերու բեմադրիչ, 1954 թուականէն՝ գեղարուեստական ֆիլմի)։ Շարք մը ֆիլմերու սենարներու համահեղինակն է։ Մահացած է 15 Յունիս 1985 թուականին Երեւանի մէջ։ Թաղուած է Թոխմախի գերեզմանոցը։ == Մրցանակներ եւ պարգեւներ == ՀԽՍՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ (1955) ՀԽՍՀ ժողովրդական արուեստագէտ (1966) ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ (1971) ՀԽՍՀ պետական մրցանակ (1967) ԽՍՀՄ մետալներ == Ֆիլմագրութիւն == === Բեմադրիչ === === Սենարիստ === == Գրականութիւն == Максимов М. Д., Лично известен, М., 1958; Ризаев С., Армянская художественная кинематография, Ер., 1963. == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Էրազմ Քարամեանը kino-teatr.ru կայքին մէջ
19,469
Ծմակահող
Ծմակահող, գիւղ Արցախի Մարտակերտի շրջանին մէջ` կեդրոնէն 47 քմ հարաւ-արեւմուտք` Վաճառ գետի աջ ափին՝ 850 մեթր բարձրութեան վրայ։ Տարածութիւնը՝ 900 հեկտար։ Կը զբաղին բուսաբուծութեամբ եւ անասնապահութեամբ։ Ունի իննամեայ դպրոց (ակադեմիկոս Անդրանիկ Իոսիֆեանի անուան), ակումբ եւ դարմանատուն։ Գիւղին մէջ կը գտնուի կիսաքանդ Ս. Ստեփանոս (ԺԲ. դար), շրջակայքը՝ Հարավա, Մանքա եւ Անկնունք եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ Վաճառ գիւղաքաղաքին աւերակները։ Գիւղաքաղաքը իբրեւ վաճառաշահ կեդրոն զարգացած է Հասան-Ջալալեաններու օրով (ԺԳ. դար)։ Օտար նուաճողները աւերած են գիւղաքաղաքը, բնակիչները տեղափոխուած են Վաճառ գետի աջ ափը, հատած անտառը (ծմակը) եւ հիմնած Ծմակահողը։ == Ծմակահողը Արցախեան ազատամարտին == 1988-ին Ծմակահողի մէջ կազմակերպուած են հանրահաւաքներ, ցոյցեր. կազմաւորուած է կամաւորական ջոկատ մը, որ 1992-էն Խաչէնի գումարտակի երկրորդ վաշտի կազմին մէջ մասնակցած է Կիչան-Ղազանչի, Կոճողոտ-Զարդախաչ-Ալիաղալի-Մարտակերտ-Մաղավուզ-Յակոբ Կամարի եւ այլ ուղղութիւններու ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտերուն։ Ծմակահողէն հրամանատար եղած է Ա. Մանուէլանը։ Ծմակահողէն զոհուած է 10 ազատամարտիկ։ == Ծանօթագրութիւններ ==
4,821
Յարութիւն Մրմրեան
Յարութիւն Մրմրեան (1860, Կոստանդնուպոլիս - 21 Յուլիս 1926, Կոստանդնուպոլիս), ծնած է Սկիւտար: Նախակրթութիւնը կը ստանայ թաղի վարժարանին մէջ՝ ուր ուոսուցիչ կ'ունենայ «Պուէտ» խաչատուր Միսաքեանը։ Կեանքի ասպարէզ կը մտնէ իբրեւ առեւտրական, սակայն գրականութիւնը զինք կ'առնէ իր հմայքին տակ։ Կը վերադառնայ գիրքերուն։ Ինքնաշխատութեամբ կը սորվի անգլերէն եւ ֆրանսերէն։ Հմուտ գրաբարագէտ մը ըլլալով հանդերձ, կը յարի աշխարհաբարեաններուն, թէեւ իր գրականութեան մէջ գրաբարը յաճախ կը զգացնէ իր շեշտուած ներկայութիւնը։ Կ'ուղեւորի Անգլիա, Աղեքսանդրիա, Երուսաղեմ եւ Յոպպէ: Հետեւեալ հիմնական գիծերով կարելի է բնորոշել Մրմերեանի գործերուն նկարագիրը. Ուղեւորութիւններէ թելադրուած էջեր՝ որոնց մէջ է որ կ'երեւի գրագէտը։ Լեզուական խոցեր ունի, սակայն իր խորհրդածութիւններուն մէջ գիտէ մտածումէն երթալ զգացումին եւ՝ փոխադարձաբար։ Որեւէ վայր, հնութիւն, պատկեր, բնութեան խաղ կամ պատահական անցքեր ու անձեր՝ զինք կը մղեն նկարագրական, մտածական, զգացական յածումներու։ Կը դանդաղի անունի մը քով, դէմքի մը կամ վայրի մը մօտիկ, բնութեան տարրերու քովն ի վեր, ու կը փորձէ վերլուծական ճամբով ներկայացնել բնազանցական մտասեւեռումներ՝ որոնք արտաքին իրականութիւններէ թելադրուած են ու իր միտքը կը գրաւեն։ Իմաստասիրելու ախորժ մը, որ ցայտում է կրօնաշունչ կամ ոգեպաշտական խոկումներու մէջ, եւ որոնք իսկական տրամադրութիւնները կը յայտկանշեն։ Հոգեւորի տարօրինակութիւններ ունի։ Իր նախապաշարումներով՝ որ կը բաժնուի բնականոն մարդոց տիպարէն։ Աղօթքի եւ վերացած մարդերու յատուկ այլուրութիւն մը կայ իր էջերուն մէջ կարծես հողի վրայ չ'ապրիր։ Իմաստասիրական այս կարգի մտասուզումներ կը գտնենք «Ալելուիա-Իննեակ իմաստասիրական» գործին մէջ, ուր կը դանդաղի բնազանցական նիւթերուն վրայ, Անհունը, Բովանդակը, Աստուած, Հանքար, Գեղեցիկը, Սէրը, Մահը, Աստուած, Հաստատութիւնը։ Կը տեսնէք, որ բոլորն ալ մեր աշխարհէն դուրս ու հեռու հարցականներ եւ յաւիտենական անծանօթներ են, իրենց խորհուրդով եւ մշուշով ծանր, անմարսելի, գրականէն անդին տարողութեամբ մը։ Այս գործի երկրորդ տպագրութեան մէջ՝ աւելցուցած է տասներորդ նիւթ մը։ Հոգեկանութիւն եւ նիւթականութիւն՝ «իննեակ իմաստասիրական»ն ալ վերածելով «տասնեակ իմաստասիրական»ի։ Ըսենք, որ այսօր ճամաղ կը թուին մեգի խորհրդածական այդ էջերը, իրենց լեզուով ալ ծանրագնաց, գէշ բացատրուած եւ շփոթ։ Թարգմանական բազմաթիւ գործեր եւ էջեր ունի, ընդհանրապէս գրաբար կամ գրաբարախառն։
18,917
Էլի Պէրպէրեան
Էլի Պէրպէրեան երա­ժիշտ, դասական, ժողովրդային եւ ազգային երգերու մեկնաբան: երաժշ­տա­կան ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծած է Մա­գիստ­րո­սի տիտ­ղո­սով, Գա­նա­տա­յի McGill հա­մալ­սա­րա­նէն (Master of Music in Performance): == Կենսագրութիւն == Էլի Պէրպէրեան ծնած է Լիբանան: Հօրը եւ մօրը մեծ հայրերն ու մայրերը ականատես եղած են հայոց ցեղասպանութեան: Հօրը մեծ հայրը ծնած է Քիլիս: Հայրս յայտնուեր է Լիբանան, իսկ մօրը գերդաստանի մեծ հայրերն ու մայրերը Տիգրան Մեծի հիմնած կայսերական Տիգրանակերտ քաղաքէն են: Մորը մեծ հայրն իր ընտանիքով հրաշքով յայտնուեր է Տէր Զօր, հետագային հաստատուեր է Լիբանան: Էլի Պէրպէրեան կը տիրապետէ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ Տիգրանակերտցիներու բարբառին: Յաճախած է Լիբանանի Կիլիկեան վարժարանը, Թռչնոց բոյնը, Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը, Մխիթարեան վարժարանը եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճը: 4 տարի հետեւած է Լիբանանի Պետական երաժշտանոցի դասընթացքներուն, ապա առիթը ունեցած է երաժշտական իր ուսումը շարունակելու Քանատայի ՄըգԿիլ համալսարանին մէջ, զոր աւարտած է 2015-ին՝ արժանանալով մագիստրոսական կոչումին: Լիբանանի մէջ 10 տարեկանէն սկսեալ ազգային-յեղափոխական երգերով հանդէս եկած է: 2006 Օգոստոս 9-ին հրաւիրուած է Քանատա, Մոնրէալ, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ տարեկան քերմէսին, որմէ ետք հաստատուած է Քանատա: Էլի Պէրպէրեան այսօր, որպէս դասական, ժողովրդային եւ ազգային երգերու մեկնաբան, հանդէս կու գայ զանազան երգահանդէսներով ու ելոյթներով ոչ միայն Քանատայի, այլեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Էլի Պէրպէրեանի ելոյթներու ընթացքին կը հնչեն թէ՛ դասականը եւ թէ՛ ժողովրդականը, ներառեալ pop music-ը: === Աշուղական երգերու իր առաջին ձայնասկաւառակը === Համազգայինի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ հրապարակուած է աշուղական երգերու իր առաջին ձայնասկաւառակը: === երաժշ­տա­կան ալ­պոմներ === “Ար­եան Կան­չը“ ազ­գա­յին, յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու ըն­տիր հա­ւա­քա­ծոյ մըն է, որ Էլի Պէր­պէր­եա­նի չոր­րորդ երաժշ­տա­կան ալ­պոմն է, եւ որ կը յա­ջոր­դէ իր “Նրան Եր­գը“, “Յոյ­սի Դու­ռը“ եւ “Վար­դեր Ու­ղար­կիր“ ալ­պոմ­նե­րուն“Ար­եան Կան­չը“ ալ­պո­մին առա­ջին եր­կու եր­գե­րը` “Հրանդ Տինք“ եւ “Շու­շի“ նոր եր­գեր են: Առա­ջի­նը` գրուած Ման­ուէլ Չար­շաֆ­եա­նին եւ երկ­րոր­դը` Յա­կոբ Արս­լան­եա­նին, իսկ երաժշ­տու­թիւնը` Էլի Պէր­պէր­եա­նին կող­մէ: === Տեսահոլովակներ === Առայժմ հրապարակած է երեք տեսահոլովակ՝ «Արեւ,արեւ», «Դու ես» եւ «Հոփփա» իր երգերուն, իսկ անցնող օրերուն հրապարակուեցաւ իր «Ինձ կը մոռանամ» տեսահոլովակը: 2019-ին, Էլի Պէրպէրեան հրապարակեց Յովհաննէս Շիրազի «Ինձ կը մոռանամ»ը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան, երաժշտութիւնը մշակած է Մաժակ Թոշիկեան: === Նոր երգ «Երկիր իմ Լիբանան» === Էլի Պէրպէրեանի «Երկիր իմ Լիբանան» նոր երգին բառերու հեղինակ Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեանը : === «Միասին երեխաների համար» առցանց համերգ === 4 Յուլիս 2020-ին, տեղի ունեցաւ «Միասին երեխաների համար» առցանց համերգը, որուն մասնակցեցան հայազգի արուեստագէտներ աշխարհի չորս կողմերէն: Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցաւ հանգանակութիւն՝ ի նպաստ « Ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնարկին՝ քաղցկեղ եւ արեան հիւանդութիւններ ունեցող երեխաներու եւ երիտասարդներու բուժման ծախսերը հոգալու նպատակով։ Մասնակցողներն են՝ Արա Մալիքեան (Սպանիա), Արա Գէորգեան (Հայաստան), Յարութ Փամպուքճեան (Միացեալ Նահանգներ), Ռոզի Արմէն (Ֆրանսա), Սիպիլ (Թուրքիա), Վահէ Պէրպէրեան (Միացեալ Նահանգներ), Սերժ Աւետիքեան (Ֆրանսա), Սեպուհ Սիմոնեան (Միացեալ Նահանգներ), Լենա Շամամեան (Սուրիա), Սերուժ Քրաճեան (Քանատա), Էլի Պէրպէրեան (Քանատա), Գեւ Օրգեան (Բրիտանիա), «Նիու Տոքթա» խումբը (Միացեալ Նահանգներ), Ալվարօ Յակոբեան (Ուրուկուէյ), «Գուսան» նուագախումբը (Արժանթին)։ === Աշու­ղա­կան հա­մերգ՝ Սա­յաթ Նո­վա­յի ծննդեան 300 ամ­եա­կին առ­թիւ === 2013 թուականի գարնան, Նիւ Եոր­քի Հա­մազ­գա­յի­նը կազ­մա­կեր­պած էր աշու­ղա­կան հա­մերգ մը, Սա­յաթ Նո­վա­յի ծննդեան 300 ամ­եա­կին առ­թիւ, Էլին դիւ­թեց ներ­կա­նե­րը ո՛չ միայն իր ձայ­նով, այլ մա­նա­ւա՛նդ ունկն­դիր­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լով իւ­րա­քան­չիւր եր­գի պատ­մու­թիւնն ու իմաս­տը : == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == «Միասին Երեխաների Համար» Բարեսիրական Ձեռնարկ՝ 4 Յուլիսին Elie Berberian
1,002
407 (թիւ)
407 (չորս հարիւր եօթ) կենտ եռանիշ բնական թիւ է 406-ի եւ 408-ի միջեւ == Յատկութիւններ Եւ Կիրառութիւններ == A001358 հարիւրքսանեօթներորդ կիսապարզ թիւն է A005349 բերկրալի թիւ է A034962 երեք յաջորդական պարզերու գումար է՝ 407=131+137+139 A005188 ինքնասիրահարուած թիւ է` 407=43+03+73 Alt 407 գործադրելիս կը ստացուի կիւրեղեան Ч գլխատառը 407 Արաքնէ աստեղնեակի կարգային թիւն է == Ծանօթագրութիւններ ==
6,656
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան (անգլերէն՝ Ardashes Der-Khachadourian, 16 Յունիս 1931(1931-06-16), Պէյթ Մերի, Մաթնի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան - 5 Դեկտեմբեր 1993(1993-12-05), Պէյթ Մերի, Մաթնի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան), մատենագէտ, լեզուաբան, բառարանագէտ, քերականագէտ, բանահաւաք, պատմագէտ, խմբագիր եւ դասախօս-ուսուցիչ։ == Կենսագրութիւն == Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան ծնած է Պէյթ Մերի, Լիբանան, 16 Յունիս 1931-ին։ Եղած է Հայ մամուլի եւ գիրքի հմուտ մատենագէտ, լեզուաբան, բառարանագէտ, քերականագէտ, բանահաւաք, պատմագէտ, խմբագիր եւ դասախօս-ուսուցիչ։ Տէր Խաչատուրեան վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի պատմագիտութեան բաժանմունքէն Պսակաւոր եւ Մագիստրոսի վկայականներով։ Ան դասաւանդած է յատկապէս Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճին եւ դասախօսած Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկէն ներս։ Տէր Խաչատուրեան առաւելաբար ճանչցուած է մամուլի մատենագիտական աշխատանքներով։ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի պատրաստած Հայոց Լեզուի Նոր Բառարան աշխատանքը արեւմտահայերէնի փնտրուած բառարաններէն է։ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան մահացած 5 Դեկտեմբեր 1993-ին, Պէյրութ։ == Աշխատութիւններ == Տարօն (Հաւաքածոյ ժողովրդային երգերու), Պէյրութ, 1950։ Հայ Մամուլի Ցուցահանդէս, Պէյրութ, ա տիպ 1961, բ տիպ 1964։ Ուղղագրական ուղեցոյց, ա տիպ 1963, բ տիպ 1970, գ տիպ 1987։ Հայ Տպագրութեան նախակարապետը' Մեղապարտ Յակոբ, Պէյրութ, 1966։ Հայոց Լեզուի Նոր Բառարան, Պէյրութ, 1968։ Շահան Ռ. Պէրպէրեան (1891 – 1956), կենսագրութիւն եւ մատենագիտութիւն, Պէյրութ, 1969։ Մատենագիտութիւն Լեւոն Շանթի, Պէյրութ, 1969։ Լիբանանահայ մամուլի յիսուն տարին (1921 – 1971), Պէյրութ, 1971։ Սուրիահայ մամուլի պատմութիւն, Պէյրութ, 1972։ Շահան Պէրպէրեան, Գեղագիտութիւն եւ Գեղարուեստ, Պէյրութ, 1975։ Մատենագիտութիւն Ռուբէն Զարդարեանի, Պէյրութ, 1977։ Հայ մշակութային գանձերու փրկութեան եւ պահպանման հրամայականը, Պէյրութ, 1980։ Տարօնի խոհագիրքը, Պէյրութ, 1984։ Հայ մամուլի ցուցակ, Լոս Անճելըս, 1987։ Հ.Յ.Դաշնակցութեան 100–ամեայ մամուլը 1890 - 1990, Պէյրութ, 1990։ Ս.Դ Հնչակեան կուսակցութեան մամուլը (1887 – 1992), Պէյրութ, 1990։ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր, խմբագրութիւն Կարօ Յովհաննէսեանի, Պէյրութ, 2014։ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր, խմբագրութիւն Կարօ Յովհաննէսեանի, Պէյրութ, 2014։ == Գրականութիւն == Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Մարդը եւ Գործը, խմբագրութիւն Կարօ Յովհաննէսեանի, Պէյրութ, 2008։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի զոյգ հատորներու հանդիսաւոր ներկայացում։ «Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան. Մարդը Եւ Գործը»։ "The man and his life" in remembrance of Ardashes Der Khachadourian. Յ. Պալեան, Զոյգ հատորներու եւ հաւատքի մարդու մասին։ Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին. Հայ Մամուլի Երախտաւոր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի Աշխատանքին Նուիրուած Զոյգ Հատորներու Հանդիսաւոր Ներկայացում
18,482
Փասատինա
Փասատինա (անգլերէն՝ Pasadena), քաղաք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Լոս Անճելըս քաղաքի՝ Քալիֆորնիա Նահանգի մէջ։ Փասատինան հանրածանօթ է որպէս վարդերու քաղաք, շնորհիւ ամանորեայ Վարդերու Մրցաշարքի Տողանցքին։ Քաղաքին մէջ կայ հոծ հայ բնակչութիւն, ուր կը գործեն Յովսէփեան, Սահակ-Մեսրոպեան Հայ բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ՀԲԸՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանները։ Փասատինան քոյր-քաղաք է Հայաստանի Վանաձոր քաղաքին հետ։ == Պատմութիւն == 1771 թուականին Փասատինան կը պատկանէր կաթոլիկ առաջնորդ Գաբրիէլի ենթակայութեան տակ գտնուող բնակավայրերու թվին, ով եւ տուած էր տարածքի հարթավայրերու եւ լեռներու անունները: Բնակավայրը հիմնադրուել է 1874 թուականին Թոմաս Էլլիոթը Ինտիանա նահանգէն: Յաճախ քաղաքի անուանումը կը թարգմանուի որպէս «Դրախտի պսակ»: Բնակավայրը նախապէս եղեր է կիտրոնազգի (citrus) հողագործութեամբ եւ գիւղատնտեսութեամբ զարգացող փոքր գիւղ, սակայն Կաղապար:Iw երկաթուղիի կառուցումէն յետոյ այն զարգացաւ, կառուցապատուեցաւ եւ դարձաւ ձմեռային զբօսաշրջութեան կեդրոն: == Կրթութիւն եւ գիտութիւն == Փասատինան Խաղաղ ովկիանոսի ափի գլխաւոր ուսումնական կեդրոններէն մէկն է, այստեղ կը գտնուի Քալիֆորնիայի արուեստագիտական հիմնարկը: Քաղաքի մօտ կը գտնուի NASA գիտահետազօտական տարրալուծարանը` Jet Propulsion Laboratory: Այն կը զբաղուի բարձր ճշգրտութեան սարքաւորումներու արտադրութեամբ, որոնք կ'օգտագործուին ելեկտրոնային եւ օդանաւային ոլորտի մէջ: Քաղաքին կից կառուցուած են երեք քոլէճներ՝ Pasadena City College (1924), Pacific Oaks College (1945) եւ Art Center College of Design (1930): == Տեսարժան վայրեր == Փասատինայի կեդրոնի մէջ պահպանուեր են 20-րդ դարու սկիզբի բազմաթիւ առանձնատուներ, որոնք կը հանդիսանան արուեստի եւ արհեստներու յուշարձաններ: Քաղաքի ոչ պաշտօնական խորհրդանիշը կը համարուի 1927 թուականին կառուցուած շքեղ քաղաքապետարանը: Այլ շէնքերու շարքին կը գտնուի Քոլորատո սթրիթ կամուրջը, որ կառուցուեր է 1913 թուականին: Քաղաքին մէջ կան շատ նշանաւոր թանգարաններ՝ Նարթոն Սայմընի թանգարան, նախապէս՝ Փասատինայի գեղարուեստի թանգարան: Խաղաղ-ովկիանոսեան Ասիոյ թանգարանը, կը պահպանէ Արեւելեան Ասիայի եւ Ովկիանիայի մշակոյթի մասին պատմող ցուցանմուշներ: Հանթինկթընի գրադարանը Սան Մարինոյի մէջ, Փասատինայի մօտ, կը գտնուի բուսաբանական այգիներու տարածքին վրայ, որոնք մշակուած են աշխարհի ժողովուրդներու ազգային ոճերու մէջ: == Մարզաշխարհ == Ամանորի առաջին օրը, վարդերու շքերթի ժամանակ տեղի կ'ունենայ ամերիկեան ֆուտբոլի՝ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող առասպելական իրադարձութիւնը` « Pink Cup » մրցանակի համար լաւագոյն ուսանողական խումբերու թիմերու խաղը: Առաջին խաղը տեղի ունեցեր է 1902 թուականի Յունուարի 1-ին: 1922 թուականէն սկսած խաղը տեղի կ'ունենայ Rose Bowl խաղահրապարակի վրայ: 1994 թ-ին «Rose Bowl» մարզադաշտի մէջ հիւրընկալուել էին ՖԻՖԱ-ի աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան, այդ թուով կիսաեզրափակիչի, 3-րդ եւ եզրափակիչ տեղերու համար նախատեսուած հանդիպումները, իսկ հետագային՝ 1999 FIFA Women's World Cup եզրափակիչ խաղերը: == Պատկերասրահ == == Տե՛ս նաեւ == ՍաքրամենթօՄիշիկընՔալիֆորնիա == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Քաղաքի կայքը
21,887
Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեան
Ֆլորա Զապէլ Հիչքոք (ծնունդով՝ Զապէլ Մանկասարեան, 1 Ապրիլ 1880(1880-04-01), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 7 Հոկտեմբեր 1968(1968-10-07), ), ամերիկահայ, 20րդ դարու Նիւ Եորք Պրոտվէյի հայ աստղ, անձայն շարժանկարի առաջին դերակատարներէն։ == Կենսագրութիւն == Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեան-Հիչքոքը ծնած է 1880 թուականին Պոլսոյ մէջ, գրող, աստուածաբան և փիլիսոփայ Մանկասար Մանկասարեանի ընտանիքէն։ Հայերու դէմ սկսած հետապնդումներու պատճառաւ Մանկասարեանները 1881 թուականին Պոլիսէն կւը տեղափոխուին ԱՄՆ և կը հաստատուին Շիգակօ։ Զապէլի երազանքն էր դառնալ դերասանուհի և 20 տարեկանին ան կը մեկնի է Նիւ Եորք։ Պրոտվէյի առաջին ներկայացումը եղած է 1900 թուականին «San Toy» ներկայացման Փոփիի (անգլերէն՝ Poppy) դերով։ 1905 թուականին Ֆլորա Զապէլ, բեմական անունով կատակերգական ժանրի արդէն ծանօթ Պրոտվէյի դերասանուհին ամուսնացած է հանրայայտ ամերիկեան դերասան, կրկին Պրոտվէյի թատրոններու աստղ Ռայմոնտ Հիչքոքի հետ։ Ամուսնական զոյգը ոչ միայն յաջողութեամբ կը խաղային միասին թատրոններ, այլև համատեղ բեմադրութիւններ կ՚իրականացնէին։ Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեան-Հիչքոքը նաև առաջին կին աստղերէն մէկը դարձաւ ամերիկեան անձայն շարժանկարներուն՝ խաղալով մի քանի կատակերգական ֆիլմերուն։ 1929 թուականին՝ ամուսինի մահէն յետոյ, ան սկսած է հազուադէպ երեւալ բեմերուն և նկարահանուիլ շարժանկարներուն։ Սկսած է զբաղիլ հագուստի ձեւաւորումներով, դարձած է Jacques Bodart Inc. ընկերութեան համագործակիցն ու տիզայնրը։ Ֆլորա Զապէլը մահացած է 1968 թուականին՝ 88 տարեկանին։ == Ֆիլմագրութիւն == Ֆլորա Զապէլի յայտնի շարժանկարներն են՝ Օղակապոչ ռնգեղջիւրը (The Ringtailed Rhinoceros, 1915), Կարմիր տեսակը (The Red Widow, 1916) Գիւղի Գայթակղութիւն (A Village Scandal, 1915) == Ծանօթագրութիւններ ==
17,528
Խաչիկ Տէտէեան
Խաչիկ Տէտէեան (ծն՝ 1961 Պէյրութ, Լիբանան): Բանաստեղծ: 1998-էն ի վեր կը վարէ Մեծի Տանն կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանապետի պաշտօնը։Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Ազգ. Կիլիկեան Վարժարանէն, յաճախած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճը։ Համալսարանական ուսումը կը ստանայ Հայկազեան Համալսարանի մէջ, հետեւելով պատմաբանասիրութեան ճիւղին, որ կ’աւարտէ 1984-ին։ Ապա, նոյն մասնագիտութիւնը կը շարունակէ Թորոնթոյի Համալսարանին մէջ, Քանատա։ Գործօն մասնակցութիւն բերած է Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան ու Համազգային Մշակութային Միութեան թատերական միաւորի գործունէութեանց։ Միաժամանակ, միջ-եկեղեցական շարժումին գործօն մասնակցութիւն բերած է։ 1991-ին մասնակցած է ԵՀԽ-ի 7-րդ Համաժողովին, Քանպերայի մէջ, մաս կազմելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան։ == Ուսուցչական Ասպարէզ == Ուսուցչութիւն կատարած է Դպրեվանքէն ներս, դասաւանդելով ուսողութիւն եւ անգլերէն լեզու։ == Գրական Գործունէութիւն == Գրական գործունէութիւնը սկսած է ուսանողական տարիներուն։ 2003-ին, կը հրատարակէ բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը՝ «ՈԻՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՆԾԱՆՕԹԸ», ուր կ’ամփոփուին երիտասարդական շրջանին գրուած բանաստեղծութիւններու հոյլ մը։ 2008-ին լոյս կը տեսնէ «ԴԱՐԱՍԿԻԶԲԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ» բանաստեղծութիւններու երկրորդ հատորը, իսկ 2012ին, «ԽԵՆԹ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐ» բանաստեղծութիւններու հատորը։ 2018-ին, Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ ''Երազէն Անդին'' բանաստեղծութիւններու երկհատորեակը, Երուանդ Տէր Խաչատրեանի խմբագրութեամբ։ Խմբագրական եւ թարգմանական գործեր կատարած է. 1983ին, խմբային թարգմանութեամբ, անգլերէն բնագրէն հայերէնի թարգմանած ու հրատարակած է Ճպրան Խալիլ Ճպրանի ՄԱՐԳԱՐԷՆ երկը, հեղինակին ծննդեան 100ամեակին առիթով։ 1986ին, ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ, խմբագրած է Ռուբէն Սեւակի ԵՐԿԵՐը, ընդարձակ մատենագիտութեամբ մը։ 1988ին, հրատարակած է Յուշամատեան ՀԵՀՈՄ-ի 25-ամեակի հատորը, կրկին ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ։ == Մամուլի Աշխատակից == Աշխատակցած է ԲԱԳԻՆ եւ ԿԱՄԱՐ գրական պարբերաթերթերուն, ԱԶԴԱԿ, ԱՐԱՐԱՏ եւ ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթերուն, ԱՐԾԻՒ ամսաթերթին եւ ՆԱՅԻՐԻ երկշաբաթաթերթին։ == Գրողներու Միութեան Անդամ == Գրողներու Համահայկական Զ. Համագումարին ընտրուած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ։ Ամուսնացած է եւ ունի 3 զաւակներ, Փաթիլ, Հրակ եւ Հերա։ == Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Բանաստեղծութեան Զոյգ Հատորներու Շնորհահանդէս == Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալեէմեզեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղին, հինգշաբթի, 7 փետրուար 2019-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն անդին» բանաստեղծութիւններու Ա. եւ Բ. հատորներու շնորհահանդէսը, ուր խօսք առին Նարեկ Արք., Երուանդ Տէր Խաչատրեան, Տիգրան Ճինպաշեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Յակոբ Պալեան եւ Հրայր Ճէպէճեան: == «Երազէն Անդին». ԱՆԻ կենտրոնը ստացեր է Խաչիկ Տէտէեանի Բանաստեղծութիւններու Զոյգ Հատորները == Հայկական ուսումնասիրութիւնների ԱՆԻ կենտրոնը ստացել է լիբանանահայ բանաստեղծ, հրապարակախօս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեանի բանաստեղծութիւնների զոյգ հատորները՝ «Երազէն անդին» խորագրով։ Երկհատորեակը ընդգրկում է Տէտէեանի բանաստեղծական երեք ժողովածուները, նորագոյն բանաստեղծութիւններն ու գրքերից դուրս մնացած մի շարք բանաստեղծութիւններ։ Բանաստեղծը գրքի Ա․ հատորը ձօնել է մօր՝ Մարի Միքայէլեանի, Բ․ հատորը՝ մեծ մօր՝ Արեգնազ Միքայէլեանի յիշատակին։ Գիրքը լոյս է տեսել Երեւանում, Զանգակ հրատարակչատնից։ Կազմողը, առաջաբանի հեղինակը եւ խմբագիրը Երուանդ Տէր Խաչատուրեանն է։" Գաղափարներու բանաստեղծն է Խաչիկ։ Զգացական պահերու բանաստեղծն է, նաեւ։ Եւ այս բոլորը՝ բառի ճշդագոյն օգտագործումի մʼընդմէջէն, մաքրամաքուր հայերէնի մը կիրարկումով։ Հաճելի է ըմբոշխնել սա հայերէնը, ճշգրիտ ու վճիտ, զուլալ ու յստակ։ Զարմանալի չէ, երբ անընդհատ ականատես ես գրողի անկեղծ ու խոր հայրենասիրութեանը, իմա՛ երկբեղկուածութեանը ընդմէջ սփիւռքին եւ հայրենիքին։ Ապրումներ՝ որ ամէն մէկս կրած ենք մեր հոգւոյն մէջ։ Կացութիւններ՝ որ ապրած ենք խորութեամբ եւ յաճախակիօրէն։ Տէտէեան ըսելիք ունեցող մարդն է, կեցուածքի տէր մարդ անհատը, որ անտարբեր չէ ոչնչի։ Կը խոկայ, կը զգայ, կը յիշէ, կը յուզուի, կը պոռթկայ, կը թելադրէ։ Ան երբե՛ք խուլ չէ իր ներքին ձայներուն, ու միաժամանակ չափազանց զգայուն է դուրսէն հասնող բազմաբնոյթ թելադրանքներուն։ Ու կարծես յաջողած է ստեղծել ոսկեայ միջին մը, որ զինք ապահովապէս կʼառաջնորդէ կեանքի դժուարին արահետներուն վրայ։ Հաւատարմութիւնն ու պարկեշտութիւնը սին խօսքեր չեն Խաչիկի համար։ Մարդկայնութիւնը կը կազմէ առանցքը իր քերթողութեան։" Շուշիկ Տասնապետեան '' Իր քերթուածներուն մէջ ներկայ է ազատախոհ բանաստեղծը, որ կʼարտայայտէ յախուռն գաղափարներ, դատապարտելով բռնատիրական որեւէ արարք, որ կը ձգտի խեղդել արդարութեան ձայնը։ Զգացապաշտ բանաստեղծ է Տէտէեան, որ սոյն գործով կը բացայայտէ հոգեկան իր աշխարհը՝ բացարձակ անկեղծութեամբ եւ կը փոխանցէ վճիտ ապրումներ, որոնք կը հանդիսանան ենթահողը անցելապաշտ իր զեղումներուն... Տէտէեան չի հպատակիր տաղաչափական որեւէ օրէնքի։ Կը գրէ ազատ չափի վրայ։ Արուեստի բծախնդրութիւնը կը կազմէ իր հիմնական մտահոգութիւնը։ Տէտէեան ունի վճիտ եւ անսեթեւեթ լեզու։ Կը գրէ դիւրամատչելի եղանակով։ Այս պատճառաւ, իր քերթուածները կը կարդացուին հաճոյքով եւ շահագրգռութեամբ։ '' ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ '' Չեմ տարակուսիր, որ իր՝ Պառնասի ու Ապողոնի նորագոյն երկրպագուին եւ շառաւիղին այս գրական խաչաբուռը, բարեհաճօրէն ընդունուած է Բանաստեղծութեան եւ Քնարերգութեան աստուածներուն կողմէ։ Եւ Խաչիկ Տէտէեան պիտի շարունակէ թրթռացնել իր քնարը այսուհետեւ, ընթանալով եւ իր հետ տանելով ընթերցողը դէպի նոր… «Անծանօթ»ներ, պեղելով գալիքը եւ ինչ որ կայ դեռ անյայտ Կեանքի ու Մարդու հոգիին մէջ, որ եղած է ու կը մնայ իսկապէ՛ս առեղծուած, քիչ մը բոլոր ապրողներուս համար…։ '' ժԻՐԱՅՐ ՆԱՅԻՐԻ == Աղբիւրներ == Հայկական Ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ Կեդրոն«Երազէն Անդին».Խաչիկ Տէտէեանի բանաստեղծութիւնների զոյգ հատորների շնորհանդէս == Ծանօթագրութիւններ ==
22,963
Փլաթի, Քալիմնոս
Փլաթի (յուն․՝Πλάτη), հարաւային Էգէականի կղզիակ, Տոտեքանիսա։ Կը գտնուի Քալիմնոսի հարաւ-արեւելքը եւ Փսերիմոսին արեւմուտքը։ == Հակիրճ տեղեկութիւններ == Փլաթի կը գտնուի Քալիմնոսի հարաւ-արեւելքը եւ Փսերիմոսին արեւմուտքը։ Տարածութիւնն է 0,726 քլ․²։ Ըստ 2011-ի մարդահամարին, կը հաշուէ 2 բնակիչ։ Կը պատկանի Քալիմնոսի քաղաքապետութեան։ Ունի գեղեցիկ, զուլալ ջուրերով, ողալու յարմար փոքր ծովափներ, ուր այցելուները կը հասնին նաւակներով Փսերիմոս կղզիէն։ Կղզիակին հիւսիսի ծայրամասէն դէպի Նեքրոթիքի ժայռակղզիակը ջուրերուն յատակը կը գտնուին ընկղմած Բ․ Համաշխարհային Պատերազմէն գերմանական երկու նաւեր։ == Ծանօթագրութիւններ ==
7,165
Միքայէլ Փորթուգալ
Միքայէլ փաշա Փորթուգալ (Փորթուգալեան, 1842, Կ. Պոլիս- 6 Նոյեմբեր 1897, Կ. Պոլիս), հայ հասարակական գործիչ, բանասէր–հայագէտ եւ տնտեսագէտ: == Կեանք եւ Գործունէութիւն == ծնած էր 1842-ին՝ Կ. Պոլիս: Հայ կաթոլիկներու վարժարանին մէջ կ՛աշակերտածէ մեծանուն մեր բանաստեղծներէն՝ Զէյթունի առաջին ապստամբութեան երգիչ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի։ Այնուհետեւ, ուսումը շարունակելու համար Ֆրանսա երթալով, Փարիզի Մուրատեան վարժարանին մէջ Միքայէլ Փորթուգալեան կ՛աշակերտէ Գաբրիէլ Այվազովսկիին եւ Ղեւոնդ Ալիշանին: Տնտեսագիտութեան մէջ համալսարանական բարձրագոյն ուսում կը ստանայ եւ փայլուն վկայականներու կ՛արժանանայ՝ Միքայէլ Փորթուգալեան հայերէնի եւ հայագիտական իր խոր պատրաստութեան կողքին, կը տիրապետէր թրքերէն, պարսկերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: Կ. Պոլիս վերադառնալէ ետք, իր փայլուն կրթութեան եւ բացառիկ ունակութեանց շնորհիւ, ան կը կարգուի կայսերական իշխաններու դաստիարակ եւ, միեւնոյն ժամանակ, իբրեւ թարգմանիչ՝ կ՛աշխատակցի սուլթանական Բարձրագոյն Դրան թարգմանչաց դիւանին: Միքայէլ Փորթուգալը կը վարէԿ. Պոլսոյ մաքսատան տնօրէնի պաշտօնը: Այս պաշտօնավարութեան շրջանին, իր նախաձեռնութեամբ, կը որդեգրուի դրօշմաթուղթերու եւ լրագիրներու դրօշմի օրէնքը, որուն կիրարկումով մեծապէս աւելցան տէրութեան եկամուտները: 12 տարի ան կը վարածէ օսմանեան Երկրագործական Դրամատան տնօրէնի պաշտօնը: Այս դրամատան 450 մասնաճիւղերուն հիմնումը Միքայէլ փաշայի ջանքերուն արդիւնքն էր։ 1887-ին կը նշանակոի ելեւմուտքի (Ֆինանսներու) նախարարութեան փոխ¬նախարարի պաշտօնին: Այնուհետեւ կը հիմնէ Հողագործական Դրամատունը՝ ստանձնելով անոր տնօրէնութիւնը: Ատենի Կայսերական Գանձի հայազգի նախարար Յակոբ փաշա Գազազեանի մահէն ետք, սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. Միքայէլ Փորթուգալեանին կը նշանակէ իր անձնական գանձերուն նախարար եւ անոր կը շնորհէ վեզիրի աստիճան ու փաշայի տիտղոս: Այս պաշտօնին վրայ Փորթուգալը կը նպաստէ իր ղեկավարած հաստատութեան հարստացումին եւ այլազան նախաձեռնութիւններով կ՛աւելցնէ պետութեան շահոյթները: Միքայէլ փաշայի ծրագիրով կը ձեռնարկուի Թեսաղոնիկէի նաւահանգիստի կառուցման, որն իր աւարտին կը հասնի իր յաջորդին՝ Յովհաննէս փաշայի պաշտօնավարութեան ժամանակ: Նոյնպէս Փորթուգալի ջանքերով մեծ զարկ կը տրուի օսմանեան Հերքերէի գործարանին արտադրութեանց։ Միքայէլ փաշա կը հանդիսանայ նաեւ 1877-ին բացուած քաղաքական-պետական բարձրագոյն վարժարանի՝ Մեքթեպը Միւլքիէի ելեւմտական (ֆինանսիստական) ամպիոնին հիմնադիրը եւ երկարամեայ գլխաւոր դասախօսը, որ տնտեսագէտներու եւ ելեւմտագէտներու ամբողջ սերունդ մը կը հասցնէ։ 1894-1896 թուականներու Համիտեան կոտորածներէն յետոյ, երբ սուլթանական ծառայութեան կոչուած մեծաթիւ հայ երեւելիներու կողմէ շրջաբերութեան մէջ կը դրուի արիւնարբու սուլթանին փառաբանանքը կատարող յայտարարութիւն մը, Միքայէլ փաշա Փորթուգալեան կտրականապէս կը մերժէ ստորագրել նման ամօթալի փաստաթուղթ մը։ Միքայէլ Փորթուգալեան 55 տարեկան էր, երբ իր մահկանացուն կը կնքէ 6 Նոյեմբեր 1897-ին։ == Աշխատութիւններ == Յետ մահու, 1903-ին, լոյս կը տեսնէ Միքայէլ Փորթուգալեանի «Եղիշէ Վարդապետի Վասն Վարդանայ Եւ Հայոց Պատերազմին Եւ Քննադատութիւնք Միքայէլ Փաշայի Փորթուգալ» քննական արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնը: == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Միքայէլ Փորթուգալեան, «Եղիշէ Վարդապետի Վասն Վարդանայ Եւ Հայոց Պատերազմին Եւ Քննադատութիւնք Միքայէլ Փաշայի Փորթուգալ», Վենետիկ, Տպարան Սուրբ Ղազար, 1903 - ՌՅԾԲ, էջ 5 - 11:
3,826
Հայաստան Թուրանական Տիրապետութեան Տակ
== Մշակութային Երեւոյթներ == Թուրանական արշաւանքներն ու տիրապետութիւնը անդարմանելի հարուած մը տուին հայ ժողովուրդին, խորտակելով անոր քաղաքակրթութիւնը եւ կասեցնելով անոր զարգացումը: Այսուհանդերձ, այնպիսի մղիչ ուժ մը ունէր հայ հոգիին թռիչքը եւ աւանդութիւններու ժառանգը, որ հոս ու հոն տակաւին կղզիացած ստեղծագործութիւններու ականատես կ'ըլլանք, մեծ մասամբ գրուած վանքերու մէջ, որոնք հայ մտքին վերջին ապաստանները եղան:Վանքերը հայ ժողովուրդին համար արդի ժամանակներուն խաղացին այն դերը, ինչ որ Արեւմուտքի մէջ ունեցան անոնք մեծ արշաւանքներու ընթացքին, դառնալով «տեսակ մը բերդ, ուր քաղաքակրթութիւնը ապաստան գտաւ» եւ արգելք հանդիսանալով անցեալը ներկային շղթային փշրուելուն : Այս ստեղծագործութեանց շարքին, Ժգ. Դարուն յիշենք Կիրակոս Գանձակեցիի պատմութեան գիրքը, որ թանկագին տեղեկութիւններ կը պարունակէ մոնկոլներու, վրացիներու եւ աղուաններու մասին, Մաղաքիա Աբեղայի Թաթարներու Պատմութիւնը, Վարդան Արեւելցիի պատմական գործը, Յովհ. Երզնկացի աստղաբաշխութեան գրութիւնը, եւայլն : Ժդ. Դարուն մենք ունինք Ստեփանոս Օրփելեանի Սիւնաց պատմութիւնը, Հեթումի Թաթարներուն պատմութիւնը, Յովհ. Որոտնեցիի եւ Գրիգոր Տաթեւացիի աստուածաբանական գործերը: Ժե. Դարուն՝ Առաքել Դաւրիժեցիի պատմութիւն Պարսկահայաստանի մասին, Շահ Աբբասի օրով: Յիշենք նաեւ, Ժե. Դարուն, հայ բժիշկի մը՝ Ամիրտովլաթ Ամասիագիի գործերը, որոցմէ ամէնէն կարեւորն է հռչակաւոր «Անգիտաց Անպէտ» բժշկարանը, եւ վերջապէս ու մանաւանդ Ժդ., Ժե. Եւ Ժզ. Դարերուն հայ տաղերգուներու գեղեցիկ հոյլը, որոնցմէ առանձնապէս ուշագրաւ են Ֆրիկը, Կոստանդին Երզնկացին, Առաքել Բաղիշեցին, Մկրտիչ Նաղաշը, Յովհ. Թլկուրացին, Գրիգոր Աղթամարեցին, Նահապետ Քուչակը եւ Ջիւանին : Ծանօթ էն Ժե. Եւ Ժզ. Դարերու հայկական գորգերը, զուսպ եւ համաչափ ոճի մէկական գլուխ գործոցներ իրենց գունագեղութեամբ: Ի դէպ, եթէ հայկական զարդարուեստին մէջ արեւելեան ճոխութեան կը հանդիպինք, անոնց մէջ երեւան կու գայ նաեվ յատակագծի կազմութեան եւ համաչափութեան մտահոգութիւն մը: Յիշատակենք նաեւ հայկական սքանչելի խաչքարերը, նրբօրէն քանդակուած, որոնցմէ ոմանք իսկական ժանեակներու տպաւորութիւնը կու տան: == Աղբիւրներ == Հայոց Պատմութիւն, Հրանդ Փաստրմաճեան, Դ. Տպագրութիւն, Պէյրութ-2007, էջ 24-25
3,429
Փոլոնիա
Լեհաստան, պաշտօնական անուանումը՝ Rzeczpospolita Polska (կը կարդացուի՝ Ժեչպոսպոլիտա Պոլսկա), պետութիւն է Կենտրոնական Եւրոպայի մէջ՝ Վիսլա եւ Օդրա գետերու աւազանին մէջ՝ Բալթիկ ծովու ափին։ Կը սահմանակացնէ արեւմուտքէն Գերմանիոյ, հարաւէն՝ Չեխիային եւ Սլովակիային, արեւելքէն՝ Ուքրանիոյ եւ Պելառուսին, հիւսիս–արեւելքէն՝ Լիտվային եւ հիւսիսի փոքր հատուածի մը մէջ Ռուսաստանի Կալինինգրադի մարզի հետ։ Բացի ատոնցմէ, կը կիսէ ծովային սահմանը Դանիայի եւ Շվեդիայի հետ։ Լեհաստանի որպէս պետութիւն առաջացման տարեթիւ ընդունուած համարած է 966 թուականը, երբ Միեշկո 1 իշխանը ընդունեց քրիստոնէութիւն։ Մայրաքաղաքն է Վարշաուան, իսկ միւս մեծ քաղաքներէն են Կրակովը, Վրոցլավը, Գդանսկը։ == Անուանում == Կոչուած է լեհ ժողովրդի անունով, որուն նախահայրը, ըստ աւանդութեան, եղած է Չեխի եւ Ռուսի առասպելական եղբայր Լեհը։ == Պատմութիւն == Ժամանակակէն Լեհաստանի տարածքին մէջ, մեր թուականութեան մէջ սկզբին կը բնակէին գերմանական սկիրներու եւ լուգիացիներու ցեղերը։ Այնուհետեւ անոնց փոխարինեցին վելբարեան մշակոյթի գոթերը, իսկ 1-ին հազարամեակի վերջին՝ արեւելեան պոլեանները, որոնց անունով կոչուեցաւ երկիրը, եւ լեախերը, որոնց անունէն առաջացաւ միւս ազգերու կողմէն ժողովուրդին տրուած անունը։ Հայերէն «լեհ» անունը նոյնպէս կը ծագի լեախերու ցեղի անունէն։ Լեհաստանի ամբողջ պատմութիւնը լի է դրամատիկ իրադարձութիւններով, հարեւան տէրութիւններու ներխուժումներով ու զաւթումներով։ Իր պատմութեան ընթացքին, Լեհաստանը երեք անգամ իրար մէջ բաժանած են հարեւան պետութիւնները։ Ներկայիս սահմանները ձեւաւորուած են Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք։ Աւելի քան երեսուն տարի Խորհրդային Միութեան գերիշխանութեան տակ գտնուելէն ետք, Լեհաստանը 2001 թ.-էն Եւրամիութեան անդամ-երկիր է։ === Նախապատմութիւն === Պատմաբաններու շրջանին մէջ, ընդունուած է կարծել, որ ժամանակակէն Լեհաստանի տարածքին մէջ ուշ անտիկ ժամանակաշրջանէն սկսած բնակած են տարբեր ցեղեր։ Այս ցեղախումբերու էթնիկ եւ լեզուական պատկանելիութիւնը բուռն բանավէճերու առարկայ է։ Հիմնական խնդիրը այն հարցն է, թէ սլաւոնական ցեղերը երբ բնակեցուցած են այս տարածքները։ === Պիաստներու տոհմ === Լեհաստանը սկսած է կայանալ որպէս միասնական տարածքային միաւոր մօտ 10-րդ դարու կէսերուն՝ Պիաստներու տոհմի կառավարման շրջանին մէջ։ Պատմական վավերագրերուն մէջ որպէս Լեհաստանի առաջին առաջնորդ կը համարուի Միեշկո I-ը, ով 966 թ-ին մկրտուած է եւ կաթողիկէութիւնը հռչակել իր հպատակներու նոր պաշտոնական կրօն։ Յաջորդ մի քանի դարերու ընթացքին, մկրտութիւն ընդունած է երկրի գրեթէ ողջ բնակչութիւնը։ 1000 թ-ին Բոլեսլավ Խիզախը, շարունակելով իր հոր՝ Միեշկոյի քաղաքականութիւնը, Գնիեժնոյի մէջ, համաժողով կ'անցնացնէ՝ ստեղծելէն Գնիեժնոյի մետրոպոլիտութիւնը ու Կրակովի, Կոլոբժեգի եւ Վրոցլավի թեմերը։ 1109 թ-ին Բոլեսլավ III-ը Հանդսֆելդի ճակատամարտին, պարտութեան կը մատնէ Գերմանիոյ թագաւոր Հենրիխ V-ին։ 1138 թ-ին Բոլեսլավ III-ը կը բաժնէ Լեհաստանը իր որդիներու միջեւ։ 1226 թ-ին Մազովիայէն Պիաստներու դինաստիայէն Կոնրադ I դուքսը հրաւիրուած է Տեւտոնական ասպետներուն Բալթիկ պրուսական հեթանոսներու դէմ համատեղ պայքարելու համար։ Այս որոշումը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ երկրի պատմութեան ընթացքին, Տեւտոնական ասպետներու ներգրաւուածութեան համատեքստին մէջ։ 13-րդ դարու կէսերուն Պիաստներու դինաստիայի Սիլեզիական ճիւղը գրեթէ յաջողութեամբ միաւորեց լեհական հողերը, սակայն, այնուհետեւ, երկիրը կը գրաւեն մոնկոլները։ Անոնք յաղթանակ տարան 1241 թ-ին Լեգնիցայի ճակատամարտին, ուր մահացաւ դուքս Հենրի II Պիաստը։ 1320 թ-ին, լեհական դքսութիւններու համախմբման մի քանի անյաջող փորձերէն ետք, Վլադիսլավ I-ին յաջողեցաւ միաւորել լեհական հողերու հիմնական մասը եւ դառնալ միաւորուած Լեհաստանի առաջին թագաւորը։ Անոր որդի Կազիմիր III-ը (1333-1370 թ.թ.) կը համարուի լեհ ամենահզոր թագաւորներէն մէկը եւ ունեցած է առեւտուրի մեծ հովանաւորի համբաւ։ Ան իր թագաւորական հովանաւորութիւնը կը տարածէ հրեաներու նկատմամբ։ Կազիմիր III-ն իր թագաւորութեան տարածքները կ'ընդլայնէ շուրջ 250%։ 12-րդ դարու առաջնորդները մեծ ուշադրութիւն դարձուցած են նաեւ կրթութեան, որուն արդիւնքին մէջ Լեհաստանը կը դառնայ այդ ժամանակներու Եւրոպայի ամենակրթուած երկրներէն մէկը։ Կրակովի եկեղեցւոյ 1110 թ-ի վավերագրերին մէջ կը նշուի, որ ժամանակի լեհ մտավորականները յաղորդակցուած են եւրոպական գրականութեան հետ։Կազիմիր III-ը գիտակցած է, որ երկիրը կրթուած մարդկանց, յատկապէս իրաւաբաններու կայուն խաւի կարիք ունի, ովքեր կրնայ էին կոդիֆիկացնել պետութեան օրէնքները, աշխատիլ դատարաններուն մէջ։ Անոր ջանքերու շնորհիւ Հռոմի Պապ Ուրբանոս V-ը կը թոյլատրէ հիմնել Կրակովի Համալսարանը։ Կազիմիրի մահէն ետք, գահը չ'ունենար արժանի հետնորդներ. անոր արու ժառանգորդները չափազանց երիտասարդ էին։ Այդ պատճառով ալ կը դադարէ Պիաստներու դինաստիա-ն։ Նոյն այս ժամանակահատուածին մէջ, Լեհաստանի մէջ կը նկատուին նշանակալի միգրացիոն հոսքեր։ Քաղաքները հիմնականին մէջ, կը բնակին գերմանացիներու կողմէ, արտոնութիւններ կը ստանան հրեական եւ հայկական համայնքները։ === Յագելոնեան Արքայատոհմ === Յագելոնեան արքայատոհմը Լեհաստանի մէջ, կառավարած է ուշ միջնադարէն մինչեւ նոր ժամանակներու պայմանական բաժանման սկիզբը։ Հենց Յագելոնեան արքայատոհմի ժամանակ (1386-1527 թ.թ.) կը ձեւաւորուի լեհ-լիտվական միութիւնը։ Տոհմի հիմնադիրն է Լիտվայի մեծ իշխան Յոգալիան (լեհական տարբերակին մէջ Վլադիսլավ II Յագելոն)։ Այս համագործակցութեան շնորհիւ լեհական ազդեցութեան տակ յայտնուեցան Լիտվայի պատկանող բազմաթիւ ռուսական տարածքներ։ Այս միութիւնը միջնադարեան Եւրոպայի ամենամեծ եւ ամենատեւական քաղաքական միաւորն էր։ Այս ընթացքին շարունակուեցաւ պայքարը հիւսիսին մէչ, Տեւտոնական ասպետներու հետ։ 1410 թ-ի Գրունվալդի ճակատամարտին, լեհ-լիտվական զորքերը վստահ յաղթանակ տարին, որ էլ հնարաւորութիւն տուաւ ընդլայնել պետութեան սահմանները հիւսիսին մէջ՝ ներառելով Լիվոնիան։ 1466 թ-ին տասներեքամյա պատերազմէն ետք, Կազիմիր IV Յագելոնն արքայական համաձայնութիւն տուաւ Թորնի Խաղաղութեամբ ստեղծելու Պրուսիայի դքսութիւնը, որ լեհական վասալային միաւոր կ'ըլլար։ Յոգելոնեան արքայատոհմը իր ազդեցութիւնը տարածած է նաեւ Բոհեմիայի եւ Հունգարիոյ վրայ։,Հարաւին մէջ, Լեհաստանը կը պայքարէր Օսմանեան կայսրութեան եւ Ղրիմի թաթարների դէմ (վերջիններս 1474-1569 թ.թ. ժամանակահատուածին մէջ, 75 անգամ կը յարձակին գործել Լեհաստանի վրայ)26, իսկ արեւելքին մէջ, կ'օգնէր Լիտվային՝ պայքարիլ Մոսկովեան Մեծ Իշխանութեան դէմ։ Որոշ պատմաբաններու գնահատմամբ՝ Ղրիմի թաթարներու կողմէն ստրկութեան տարուած լեհերու թիւը 1494-1694 թուականներուն կազմած է շուրջ մէկ միլիոն մարդ։Լեհաստանի մէջ, այս ժամանակահատուածին մէջ, հիմնականին մէջ կը զարգանար գիւղատնտեսական ֆեոդալական պետութիւն։ Զգալիօրէն կ'աճէր հողատեր ազնուականութեան դերը։ Լեհական Սեյմի՝ խորհրդարանի կողմէն 1505 թ-ին ընդունուած որոշմամբ օրենսդրական իշխանութեան հիմնական մասը միապետէն կը փոխանցուի խորհրդարանին։ Այս ժամանակահատուածը յաճախ կ'անուանեն «Ոսկէ ազատութեան» ժամանակ, երբ երկիրը կը կառավարուէր ազատ եւ հաւասար լեհական ազնուականութեան կողմէն։ Բողոքական Ռեֆորմացիայի շարժումները էական ազդեցութիւն ունեցան նաեւ լեհական քրիստոնէութեան վրայ, որուն արդիւնքին մէջ ընդունուեցան Եւրոպայի մէջ, այդ ժամանակ դեռեւս եզակի կրօնական հանդուրժողականութեան կանոններ։ Ընդունուած է համարել, որ հենց այս կանոններու շնորհիւ Լեհաստանի մէջ, չբռնկուեցան ներքին կրօնական պատերազմներ, որոնք այդքան բնորոշ էին ուշ միջնադարեան Եւրոպային։ Վերածնունդի ժամանակաշրջանը համիյնկաւ ուշ Յագելոնեան տոհմի կառավարման հետ (Սիգիզմունդ I եւ Սիգիզմունդ II Օգոստոս արքաներու ժամանակաշրջան)։ Այս ընթացքին, մեծ վերելք կ'ապրին լեհական մշակոյթն ու տնտեսութիւնը։ 1543 թ-ին ազգութեամբ լեհ Նիկոլայ Կոպեռնիկոսը կը հրատարակէ իր «Երկնային ոլորտներու պտոյտի մասին» (De revolutionibus orbium coelestium) հիմնարար աշխատութիւնը, որմով եւ կը դառնայ հելիոցենտրիկ տեսութեան հիմնադիրը։ Այս տեսութիւն ալ հետագայինն, կ'ընդունուի որպէս ժամանակակէն աստղագիտութեան հիմք։ Այս ժամանակաշրջանի մեծագոյն մշակութային գործիչներու, կը համարուէին նաեւ բանաստեղծ Յան Կոխանովսկին։ === Լեհ-լիտուական Միութիւն === 1569 թ-ի Լիւբլինի դաշնագրով ստեղծուած է Լեհ-լիտվական միութիւնը։ Այն դաշնային պետութիւն էր՝ ընտրովի միապետութեամբ, սակայն ան հիմնականին մէջ՝ կը կառավարէր ազնուականութիւնը տեղական ժողովներու եւ միասնական խորհրդարանի՝ Սեյմի միջոցով։ Միութեան կայացման ժամանակը համընկած է Լեհաստանի կայունութեան եւ բարգավաճման շրջաններէն մէկուն հետ, որուն շնորհիւ ալ միութիւնը հետագային դարձաւ եւրոպական տէրութիւնը՝ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ, զբաղեցնելով գրեթէ մէկ միլիոն քառակուսի քիլոմեթր տարածք։ Այս տէրութիւնը դարձաւ նաեւ Ուքրանիոյ, Բելառուսի եւ Արեւմտեան Ռուսաստանի մէջ «արեւմտականացման», նոյնիսկ «լեհականացման» նշանակալի գործոններէն մէկը։ Լեհաստան-Լիտվայի մէջ, տեղի ունեցած են մի քանի տոհմական ճգնաժամեր, մասնաւորապէս Վազա տոհմի թագաւորներ Սիգիզմունդ III-ի եւ Վլադիսլավ IV-ի օրոք։ Բացի այդ, երկիրը ներգրաւուեց Ռուսաստանի, Օսմանեան կայսրութեան, Շվեդիայի եւ կոզակներու հետ շարք մը պատերազմներու եւ բախումներու մէջ։17-րդ դարուն կէսերուն ազնուականական ժողովրդավարութեան ներսը, կը նկատուին ներքին խնդիրներ՝ պետութիւնը խոցելի դարձնելով արտաքին ներխուժումներու համար։ 1648 թ-ին երկրի հարաւին մէջ, կը բռնկուի հետման Բոգդան Խմելնիցկու գլխաւորած ապստամբութիւնը, որուն արդիւնքին մէջ, կը բաժնուի Ուքրանիան. արեւելեան հատուածը կ'անցնի Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ։ Ատոր կը հետեւի շվեդական ներխուժումը, որուն արդիւնքին մէջ, մեծ վնասներ կը կրեն Լեհաստանի կեդրոնական շրջանները։ Ներխուժումներուն կը հետեւին սովը եւ համաճարկներ, որուն արդիւնքին մէջ բնակչութեան թուաքանակը 11 միլիոնէն կը նուազի 7 միլիոնի։Այնուամենայնիւ, Յան III Սոբիեսկուն կը յաջողի վերականգնել Միութեան ռազմական ենթակառուցուածքները, իսկ 1683 թ-ին լեհական զորքերը մեծ ներդրում կ'ունենան Վիեննան Կարա Մուտաֆայի թուրքական զորքերու շրջափակումէն ազտելու գործին մէջ։ Չնայած այս բոլորին, Յան Սոբիեսկու կառավարման շրջանը դարձաւ լեհական պետութեան ոսկէ դարաշրջանի աւարտը. բազմաթիւ պատերազմներու արդիւնքին մէջ, Լեհաստանը հսկայական տնտեսական եւ բնակչութեան կորուստներ կը կրէ, որուն հետեւանքով կը կորցնէ իր տիրապետող դիրքը Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ։ Միութեան անկման վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունեցան նաեւ մագնատներու միջեւ ներքին հակասութիւնները, որուն հետեւանքով բաւական թուլացաւ նաեւ միապետութիւնը։ Այս ժամանակաշրջանը համընկաւ Սաքսոն Վետինն արքայատոհմի Ավգուստ I եւ Ավգուստ II արքաներու կառավարման շրջանի հետ։ Բացի այդ, այդ գործընթացի վրայ իրենց ազդեցութինը ունեցան նաեւ Ռուսաստանի եւ Պրուսիայի վերելքը։ Այնուամենայնէն, հենց այդ դարաշրջանին, Լեհաստանի մէջ դրուեցան Լուսաւորութեան հիմքերը։18-րդ դարու երկրորդ կիսուն Միութիւնը փորձեց ներքին հիմնարար բարեփոխումներ իրականացնել տնտեսութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ։ Մայրաքաղաքը Գդանսկէն տեղափոխուեցաւ բնակչութեամբ ամենամեծ քաղաք՝ Վարշավա։ 1764 թ-ի միապետի ընտրութիւններուն մէջ, ազդեցիկ մագնատներու տոհմէն ընտրուեցաւ Ստանիսլավ Ավգուստ Պոնիատովսկին, ով ժամանակին եղած է Ռուսաստանի կայսրուհի Եկատերինա II-ի սիրեկանը։ Ան կը փորձէ որոշակի ներքին բարեփոխումներ իրականացնել՝ միաժամանակ պահպանելով կապերն իր ռուս հովանաւորներու հետ։ 1768 թ-ին կը ձեւաւորէ Ազնուական համադաշնութիւնը կամ շլյախտան (Լեհերէն՝ szlachta), որ ապստամբութիւն կը բարձրանայ թագաւորի եւ անոր հովանաւոր Ռուսաստանի դէմ՝ պահպանելու համար իրենց աւանդական արտոնությունները։ Այս բոլոր զարգացումները 1772 թ-ին բերեցին Լեհաստանի առաջին բաժանմանը Ռուսաստանի, Աւստրիայի եւ Պրուսիայի միջեւ։ Այսպէս կոչուած «Բաժանման Սեյմը» կանգնեց կատարուած փաստի առաջ եւ ստիպուած էր վավերացնել բաժանման մասին ակտը։ Չնայած այս հսկայական կորուստներուն՝ 1773 թ-ին թագաւորը կը հիմնադրէ Ազգային կրթութեան յանձնաժողովը, որ կը դառնայ կրթութեան հարցերով զբաղուող առաջին պետական հաստատութիւնը Եւրոպայի մէջ։ == Ժամանակագրութիւն == 960-992 թթ.-Պյաստերու դինաստիայի Մեշկո I-ի տիրակալութիւնը։ Լեհական պետութեան ձեւաւորումը Գնեզնոյի շուրջ։966 թ.-Մեշկո I-ի քրիստոնէութեան ընդունումը լատինական արարողակարգով։ Լեհական թագաւորութիւնը կը յայտնուի պապի գահի հովանաւորութեան ներքոյ։992-1025 թթ.-Բոլեսլավ I Խիզախ; պայքար գերմանական կայսր Հենրիխ II-ի հետ։ Արեւմուտքին մէջ, տարածքի ընդլայնումը ծովամերձ Սիլեզիայի, Լուժիցի եւ այլնի հաշուին։ Արշաւանքներ դէպի արեւելք; Կիեվի ժամանակաւոր զաւթումը (1018 թ.)։ Բոլեսլավ I-ը կը թագադրէ որպէս Լեհաստանի թագաւոր։XI դ.-Ֆեոդալական մասնատուածութեան սկիզբը։ Պայքար գերմանական կայսեր դէմ։ Պապերը, ան մանաւանդ Գրիգորիոս VII-ը, առաւել յաճախ հանդէս կու գան Լեհաստանի թագաւորի կողմէն։ Լեհերը կաթողիկէութեան մէջ կը սերմանան Պոմորիեյի մէջ։1138 թ.-Բոլեսլավ III-ի մահը եւ անոր ժառանգորդներու միջեւ կատաղի պայքարի սկիզբը։1226 թ.-Պայքարելով հեթանոս պրուսներու դէմ, իշխան Մազովեցկին օգնութեան կոչ կ'ընէ Տեւտոնական օրդենին։ Ասպետները կը գրաւեն Պրուսիան եւ կը դառնան հենց Լեհաստանի անկախութեան սպառնալիք։1241 թ.-Թաթար-մոնկոլական արշաւանքը։ Կրակովի թալանը։ XII-XIII դարեր-Լեհական հողերու գաղութացումը լեհական ֆեոդալներու կողմէն խրախուսուող Գերմանիայէն եկած վերաբնակներու կողմէն։XIII դարու երկրորդ կիսուն-Մագդեբուրգի իրաւունքի հիման վրայ լեհական քաղաքներու (Վրոցլավ, Կրակով, Պոզնան, Տորուն) ինքնիշխանութեան ձեռքբերումը։1320 թ.-Վլադեսլավ I Լոկետեկի կողմէն լեհական հողերու միաւորումը։1333 թ.-Կազիմիր III։ Կիեւեան Ռուսիոյ գալիցեան եւ վոլինեան հողերու զաւթումը։ 1384 թ.-Լեհ թագուհի Յադվիգայի ամուսնութիւնը Լիտվանիայի Յգայլոյ մեծ իշխանի հետ, որ ընտրուեցաւ Լեհաստանի եւ Լիտուանիայի թագաւոր Վլադիսլավ II անունով։1410 թ.-Գրիւնուալդի ճակատամարտը։ Վլադիսլաւ II-ի գլխաւորութեամբ լեհա-լիտուա-ռուսական զորքերը կը ջախջախեն Տեւտոնական օրդենի զորքերը։1454 թ. եւ 1505 թ.-Նեշավեան ստատուտներն ու Nihil Novi Սահմանադրութիւնը կը սահմանափակեն թագաւորի իշխանութիւնը եւ անոր կը դնեն շլյախտէն կախման մէջ։1543 թ.-Կոպերնիկոսի մահը։1569 թ.-Լիւբլինի ունիան։ Լեհա-լիտուանական Րեչյ Պոսպոլիտա պետութեան վերջնական ձեւաւորումը։XVI դ. կեսեր -Կրակովում մշակութային եւ ինտելեկտուալ կեանքի ծաղկումը։1587 թ.-Pacta Conventa՝ շլյախտայի կողմէն թագաւորական իշխանութեան հետագայ սահմանափակումը։1587-1632 թթ.-Սիգիզմունդ III-ի տիրապետութիւնը։ Ան ջանադրաբար կը սերմանայ կաթողիկէութիւն։1596 թ.-Բրեստի եկեղեցական ունիան; Ուքրանիոյ մէջ, Հռոմին ենթակայ, բայց ուղղափառ արարողակարգով միասնական եկեղեցւոյ առաջացումը։1610 թ.-Սիգիզմունդ III-ի որդի Վլադիսլաւ արքայազնի հռչակումը ռուսական ցար, այսպէս կոչուած Խռովութեան ժամանակաշրջանին մէջ։1648 թ.-Ուքրանիոյ մէջ կազակներու ապստամբութիւնը։1651 թ.-Յան-Կազիմիրի զորքերէն կրած պարտութենէն ետք, Բոգդան Խմելնիցկին կը հակուի Ռուսիոյ կողմը։1652 թ.-Լեհական սեյմի կողմէն Liberum Veto սկզբունքի ընդունումը։ Այսուհետեւ ցանկացած որոշում կ'ընդունուի սեյմի մասնակիցներու բացարձակ միաձայնութեան դէպքին մէջ, միայն։1655-1656 թթ.-Շվեդներու ներխուժումը՝ պայքար Պալթիական ծովու վերահսկողութեան համար։ Յասնոգորսկի վանքի (Չենստոխովի) հերոսական պաշտպանութիւնը։1660 թ.-Շվեդիայի հետ կնքուած Օլիվի խաղաղ պայմանագիրը։1667 թ.- Անդրուսովոյի հաշտութիւնը Ռուսիոյ հետ։ Ռուսիոյ մէջ, կ'անցնին Սմոլենսկը, Ձախափնեայ Ուքրանիան։1683 թ.-Թուրքերու դէմ Վիեննայի մօտ Յան Սոբեսկիի գլխաւորած լեհ-աւստրիական զորքերու տարած յաղթանակը։XVIII դ.-Րեչյ Պոսպոլիտայի անկումը, հարեւաններու՝ Պրուսիայի, Շվեդիայի, Ռուսիոյ եւ Աւստրիոյ կողմէն անոր վերածումը տարածքային հաւակնութիւններու։1772 թ.-Լեհաստանի առաջին բաժանումը Պրուսիայի, Աւստրիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ: Լեհաստանը կը կորսնցնէ իր տարածքներու երրորդը։1791 թ.-Ժ.-Ժ.Ռուսոյի գաղափարներով ոգեշնչուած սահմանադրութիւնը։1793 թ.-Լեհաստանի երկրորդ բաժանումը։1794 թ.-Թադեուշ Կոստյուշկոյի գլխաւորած ապստամբութիւնը; ռուսական զորքերու կողմէն այն ճնշելը; Վարշավայի Պրագա արւարձանի կոտորածը։1795 թ.-Լեհաստանի երրորդ բաժանումը եւ լեհական պետութեան անհետացումը Եւրոպայի քարտէսէն։ Անոր տարածքի 45%-ն կ'անցնի Ռուսիոյ, 19%-ը՝ Պրուսիային, 35%-ը՝ Աւստրիոյ։1807 թ.-Նապոլեոն I-ի եւ Դոմբրովսկու Լեհական լեգեոնի շնորհիւ կը ձեւաւորուի Վարշաւայի հերցոգութիւնը։1815 թ.-Լեհաստանի վերաբաժանումը Վիեննայի կոնգրեսի պայմաններով։ Լեհական Թագաւորութեան ստեղծումը։1830-1831 թթ.-Ապստամբութիւն Լեհական Թագաւորութեան մէջ, ռուսական կառավարութեան կողմէն ճնշումը։ «Վարշաւայի մէջ, կը թագաւորէ կարգուկանոնը»,-կը յայտարարէ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Սեբաստեանին։1831 թ.-Լեհական մտաւորականութեան սերուցքի՝ Միցկեւիչի, Շոպենի եւ այլոց վտարելու սկիզբը։1846 թ.-Պրուսական Լեհաստանի մէջ Լ.Մերոսլավսկու գլխաւորած եւ աւստրիական Լեհաստի մէջ Է.Դեմբովսկու գլխաւորած ապստամբութիւնները՝ 1848 թ. «Ժողովուրդներու գարնան» նախաշեմը։1853 թ.-Ապստամբութիւն Լեհական Թագաւորութեան մէջ, որ ճնշուեցաւ Պրուսիայի օգնութեամբ։1916 թ.-«Լեհական Պետութիւն» ստեղծելու մասին աւստրա-գերմանական դեկլարացիան։1917 թ.-Լենինը կը ճանաչնայ գերմանական պետութիւններու տիրապետութեան տակ գտնուող Լեհաստանի ինքնորոշման իրաւունքը։1918 թ.-Անկախ Լեհական պետութեան ապստամբութիւնը։1919 թ.-Առաջին, օրենսդիր սեյմը։ Պիլսուդսկու կառավարութիւնը։1919-1920 թթ.-Լեհ-սովետական պատերազմը; գերմանա-լեհական կոնֆլիկտը Սիկեզիայի պատճառով։1926 թ. մայիս-Գեներալ Պիլսուդսկու պուտչը։1938 թ.-Լեհերու հրաժարիլը Ֆրանսայի եւ ֆաշիստական Գերմանիոյ միջեւ պատերազմի դէպքին մէջ, խորհրդային զորքերուն ճանապարհ տալէն։ Չեխասլովակեան ճգնաժամի ժամանակ Լեհաստանի կողմէն Տեշինեան Սիլեզիայի անեքսիան։1939 թ. Օգոստոս 23-Գերմանա-սովետական պակտը։1939 թ.սեպտ.1-Գերմանական զորքերու Լեհաստան ներխուժումը։1939 թ.հոկտեմբեր-Խորհրդային Միութիւնը կ'օկուպացնէ Լեհաստանի արեւելեան մասը։ Լոնտոնի մէջ լեհական կառավարութեան ստեղծումը։1943 թ.-Վարշաւեան գետոյի ապստամբութիւնը։ Կատինան կոտորածի բացայայտումը առաջ կը բերէ լոնտոնեան կառավարութեան խզումը Մոսկուայի հետ։1943 թ. դեկտ.-Մոսկուայի օգնութեամբ Կրայովա Ռադա Նարոդովայի ստեղծումը։ Կրայովայի բանակը կը ճանաչնայ միայն Բուրա-Կոմարովսկի մէջ՝ լոնտոնեան կառավարութեան ենթակային։1944 թ.Օգոստ.1-Վարշաուայի ապստամբութեան սկիզբը։1944 թ.Դեկտ.31-Խորհրդային եւ Կրայովա Ռադա Նարոդովայի զորքերու մուտքը Վարշաւա։1945 թ.-Յալթայի կոնֆերանսը կ'որոշէ Լեհաստանի ապագայ սահմանները։1947 թ.-Դեմոկրատական «բլոկի» կառավարութիւնը սոցիալիստ Ցիրանկեւիչի գլխաւորութեամբ։1949 թ.-Միութիւնը ԽՍՀՄ հետ եւ Լեհաստանի սովետականացումը; Կոմունիստ Գոմուլկայի կալանումը Տիտոյի գործէն ետք; խորհրդային մարշալ Ռակասովսկին կը նշանակուի ազգային պաշտպանութեան նախարար։ Կարդինալ Վիշինսկու կալանումը։1956 թ.-Պոզնանյի ապստամբութիւնը; Գոմուլկայի վերադարձը։ «Լեհական Հոկտեմբերը»; հրաժարում կը բռնէ կոլեկտիւացումէն։ Կարդինալ Վիշինսկու ազատումը; եկեղեցւոյ հանդէպ հանդուրժողականութեան քաղաքականութիւնը։1968 թ. Մարտ-Ուսանողական ցոյցեր Վարշաւայի մէջ, ոստիկանութեան կողմէն ատոնց դաժան ճնշումը; Գոմուլկայի տեղը կու գայ Գերեկը։1970-1980 թթ.-Տնտեսութեան փլուզումն ու բիւրակրատիայի ռեժիմն կ'առաջացնեն գործադուլներ Գդանյսկի մէջ; «ազատ» արհմիութիւններու կազմաւորումը։ == Աշխարհագրութիւն == Լեհաստանի ընդհանուր տարածքը կը կազմէ 312,685 քառակուսի քմ։ Տարածքային առումով կը գրաւէ աշխարհին 70-րդ, իսկ Եւրոպայի մէջ 9-րդ տեղը։ Երկիրը բաժանուած է 16 մարզերու՝ վոյեվոդութիւններու, որոնք իրենց հերթին կը բաժանչուին պովիատներու եւ գմինաներու։ Տարածքի ցամաքային մասը կը կազմէ 304,225 քառ. քմ, իսկ ջրայինը 8,430 քառ. քմ։ Տարածքի 35.49 տոկոսը կը կազմեն վարելահողերը։ Ընդհանուր սահմանները կը կազմեն 3,071 քմ (Չեխիա՝ 796 քմ, Սլովակիա՝ 541 քմ, Ուքրանիա՝ 535 քմ, Գերմանիա՝ 467 քմ, Բելառուս 418 քմ, Ռուսիա (Կալինինգրադի մարզ)՝ 210 քմ, Լիտուա՝ 104 քմ) Ջրային սահմանը կը կազմէ 440 քմ։ Լեհաստանի ամենաբարձր կէտը Ռիսի լեռն է, բարձրութիւնը կը կազմէ 2499 մեթր։ Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւան է, մեծ քաղաքներն են Կրակովը, Վրոցլավը, Պոզնանը Գդանսկը։ === Կլիմայ === Կլիման չափաւոր ցամաքային է։ Յունուարի միջին ջերմաստիճանը ծովափին եւ երկրի արեւմուտքին մէջ—1 °C է, կեդրոնական շրջաններուն մէջ՝ —3 °C, լեռներուն մինչեւ՝ —6 °C, Յուլիսինը՝ հիւսիսին մէջ 11 °C—17 °C է, կեդրոնական շրջաններուն մէջ՝ 18—19 °C, լեռներուն մէջ՝ 10—14 °C: Տարեկան տեղումներու քանակը հարթավայրերուն մէջ 500—700 մմ են, լեռներուն մէջ՝ 800—1800 մմ։ Մեծ գետերն են Վիսլան եգ Օդրան։ Կը հաշւըուի աւելի քան 9000 լիճ, մեծ մասը՝ երկրի հիւսիսին մէջ։ Կարպատներու եւ Մուդետներու ստորոտներին կան հանքային աղբիւրներ։ === Հողեր եւ Բուսականութիւն === Լեհաստանի տարածքի կէսէն, աւելին հերկուած է, 27 %-ը կը զբաղեցնեն անտառները՝ փշատերեւ ծառատեսակներու գերակշռութեամբ։ Հարթավայրերուն մէջ, տարածուած են պոդզոլային հողերը, արեւելքին եւ հիւսիս-արեւելքին մէջ՝ ճահճային, նախալեռներում՝ գորշ անտառային, նախալեռնային հարթավայրերուն մէջ՝ սեւահողերը, լեռներուն մէջ՝ լեռնային գորշ, գետերու հովիտներուն մէջ՝ ալիւուիալ հողերը։ === Կենդանական Աշխարհ === Կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչներէն կան արջ, գայլ, լուսան, աղուէս, փորսուղ, այծյամ, վարազ, եղջերու։ Կլիմային կը վարժուին նախկինին մէջ, համարեայ լրիւ ոչնչացուած զուբրերն ու կուղբերը։ === Օտգակար Հանածոներ === Լեհաստանի ընդերքը հարուստ է ածուխի, պղինձի, ծծումբի, գազի, արծաթի, կապարի եւ աղի պաշարներով։ == Պետական Կարգ == Լեհաստանը խորհրդարանական Հանրապետութիւն է։ Գործող սահմանադրութիւնը ընդունուած է 1952-ին։ Պետութեան իշխանութեան բարձրագւյն մարմինը միապալատ սեյմն է. կ'ընտրուի համընդհանուր, ուղղակի եւ հաւասար ընտրական իրաւունքով՝ փակ գաղտնի քվեարկութեամբ։ Պետութեան բարձրագոյն գործադիր-կարգադրիչ մարմինը կառավարութիւնն է, որուն կը նշանակէ սեյմը։ Երկրի ղեկավարը կը համարուի նախագահը, ով կ'ընտրուի համաժողովրդական ընտրութիւններու արդիւնքին մէջ։ Դատական համակարգը կը կազմեն՝ գերագույն դատարանը, վոյեվոդութիւններու, պովյատներու եւ քաղաքային դատարաններն ու յատուկ դատարանները։ == Բնակչութիւն == Բնակչութեան աւելի քան 96.9%-ը լեհեր ։ Կ'ապրին նաեւ ուքրանացիներր, բելառուսներ, սլովակներ։ Պաշտօնական օրացոյցը Գրիգորեանն է, տիրապետող կրօնը՝ կաթողիկէութիւնըը։ Բնակչութեան միջին խտութիւնը 1 կմ2 վրա 123 մարդ է (2015): Քաղաքային բնակչութիւնը՝ 60,5%: Խոշոր քաղաքներն են՝ Վարշավան, Լոձը, Կրակովը, Վրոցլավը, Պոզնանը, Գդանսկը, Գդինեան, Շչեցինը, Բիդգոշչը, Լյուբլինը, Կատովիցեն։ == Տնտեսութիւն == Լեհաստանը Հետարդիւնաբերական երկիր է։ ՀՆԱ-ի մեջ արդիւնաբերութեան բաժինը 2014-ին կազմած է 32%, գիւղատնտեսութեան՝ 3,7%: Արեւմտեան սեկտորի տեսակարար կշիոը ազգային եկամտի մէջ կազմած է 81,6%: Լեհաստանը ՏՓԽ-ի անդամ էեւ անոր շրջանակներուն մէջ, կը մասնագիտանայ մեքենաշինական արտադրանքի թողարկման մէջ, կը մատակարարէ նաեւ քարածուխ, կոքս, պղինձ, ցինկ, ծծումբ, կերակրի աղ, քիմիկատներ, դեղորայք, լայն սպառման ապրանքներ, գիւղատնտեսական արտադրանք։ === Արդիւնաբերութիւն === Արդիւնաբերութեան կարեւոր ճիւղերէն է լեռնագործութիւնը։ Քարածուխի եւ ծծմբի արտահանութեամբ աշխարհին մէջ, կը գրաւէ երկրորդ տեղը։ Քարածուխի արդիւնահանութեան 3/4-ը կեդրոնացած է Վերին Միլեզիայի աւագանին մէջ։ Կոքսացուող քարածուխ կ'արդիւնահանուի նաեւ Ներքին Սիլեզիայի աւազանին մէջ։ Նաֆթի պաշարները կը կազմեն 156 մլն բարել (2014): Բնական գազի պաշարները 2014-ին կազմած են 92 մլր խմ3 գլխաւոր շրջանը Սանդոմեժի գոգաւորութիւնն է։ Մեքենաշինութիւնը աչքի կ'իյնայ մետաղատարութեամբ, արտադրանքի բազմազանութեամբ։ Անոր արտադրանքի արտահանութեան մօտ 1/3-ը կը կազմեն տրանսպորտային միջոցները։ Նավաշինութեան կեդրոններն են՝ Գդանսկ, Գդինյա, Շչեցին, ավիաշինութեան՝ Վարշավա, Մելեց, Սվիդնիկ, վագոնաշինութեան՝ Սվիդնիցա, Զելյոնա Դուրա, Վրոցլավ: Կայ սինթետիկ թելերու կիսաարտադրանքի (Տորուն եւ Գոժուվ, Վելկոպոլսկի քաղաքներուն մէջ), դեղագործութեան եւ ֆոտոքիմիայի (Վարշավա, Կրակով, Զելյոնա Գուրա), օծանելիքներ (Պոզնան, Լոձ, Կրակով), ռետինի (Գլուձյոնձ եւ Լոձ), աուտոդողերու (Օլշտին, Դեմբիցա, Պոզնան), ապակու, հախճապակեայ եւ ճենապակեայ իրերու արտադրութին։ Անտառային եւ փայտամշակման արդիւնաբերութիւնը ներքին պահանջմունքներէն բացի արտահանութեան համար կու տայ սղոցանիւթ, կահոյք, լուցկի, թուղթ։ Տեքստիլ արդիւնաբերութիւնը հնագոյն ճիւղերէն է։ Կը ձգէ բամբակեայ, վուշեայ, բուրդէ, մետաքսէ եւ կիսամետաքսէ գործուածքներ, տրիկոտաժ՝ հիմնականին մէջ կեդրոնացած է Լոձի եւ Սուդետներու (Ներքին Սիլեզիայի) շրջաններուն մէջ, Բելսկո Բյալա Չենստոխովա եւ Բելոստոկ քաղաքներուն մէջ ու անոնց շրջակայքին մէջ։ Զարգացած է կաշվի-կօշկեղենի արտադրութիւնը։ Սնուդի արդիւնաբերութիւնը կը ձգէ շաքար, օղի, հրուշակեղէն, մսամթերքներ, իւղ, ծխախոտ, գարեջուր, մարգարին, ձկնեղեն։ === Գիւղատնտեսութիւն === Գիւղատնտեսութեան մէջ կը գերակշռէ մանր ապրանքային կացութաձեւը։ Անհատական գյուղացիական տնտեսութիւնները կու տան գիւղատնտեսական համախառն արտադրանքի մօտ 80%-ը։ Ընկերային բաժիններուն մէջ, օգտագործուած է գիւղատնտեսական հանդակներու տարածութեան 21 %-ը։ Կը զարգանոան ինչպէս արտադրական կոռպերատիվները, այնպէս ալ գիւղատնտեսական խմբակները։ Գիւղատնտեսական համախառն արտադրանքի կառուցուածքին մէջ բուսաբուծութեանը բաժին կ'իյնայ 54,8, անասնապահութեանը՝ 45,2%-ը։ Ապրանքային արտադրանքին մէջ, յարաբերակցութիւնը հակառակն է՝ համապատասխանաբար 35,4%, 64,6%: Ցանքատարածութեան կառուցուածքին մէջ հատիկային կուլտուրաները կը զբաղեցնեն 57,5, կարտոֆիլը 18,2, տեխնիկական կուլտուրաները 6,3, կերային կուլտուրաները 14,9%: Լեհաստանը աշխարհի 2-րդ տեղը կը գրաւէ տարեկանի եւ կարտոֆիլի բերքով։ Անասնապահութեան գլխաւոր ճիւղերն են խոզաբուծութիւնը եւ խոշոր եղջերաւոր անասուններու բուծումը։ Զարգացած է թռչնաբուծութիւնն ու ձկնորսութիւնը։ === Փոխադրութիւն === Երկաթուղիներու երկարութիւնը 19,837 կմ է։ Աւտոճանապարհներու երկարութիւնը 412,035 քմ է, ներքին ջրային նաւարկելի ուղիներինը՝ 6,6 հզ. քմ (գլխաւոր ջրային ուղին Օդրա գետն ու Գլիվիցեի ջրանցքն են): Կարեւոր նաւահանգիստներն են՝ Շչեցին՝ Սվինոույսցեի հետ, Գդինեայ եւ Գդանսկ: Վարշավայի Օկենցէ գլխաւոր օդանավակայանը ունի միջազգային նշանակութիւն։ === Արտաքին Տնտեսական Կապեր === Արտահանութեան ծաւալը 2014-ին կազմած է 219 մլր դոլար, հիմնական գործընկեր պետութիւններն են՝ Գերմանիան, Մեծ Բրիտանիան, Չեխիան, Ֆրանսան, Ռուսաստանը, Իտալիան եւ Նիդեռլանդները: Կ'արտահանեն մեքենաներ եւ արդիւնաբերական սարքաւորում, լայն սպառման ապրանքներ, քարածուխ, ցինկ, պղինձ, սեւ մետաղներու գլանուածք եւն: Ներմուծումը 2014-ին կազմած է 217 մլր տոլար, հիմնական գործնկեր պետութիւններն են՝ Գերմանիան, Ռուսաստանը, Նիդեռլանդները, Չինաստանը, Իտալիան, Չեխիան եւ Ֆրանսան: Կը ներմուծեն մեքենաներ եւ կը սարքաւորեն, նաֆթ եւ նաֆթամթերքներ, երկաթի հանքանիւթ, հացահատիկ եւ այլն: == Առողջապահութիւն == 2014-ին ծնունդը կազմած է 1000 բնակչին 9,74 մահացութիւնը՝ 10,9, կյանքի միջին տեւողութիւնը (2014)՝ 77,4 տարի է: Տարածուած են սիրտանոթային համակարգի հիւանդութիւնները, չարորակ նորագոյացութիւնները։ Գոյութիւն ունի առողջապահութեան պետական համակարգ։ 2014-ին Լեհաստանի մէջ եղած է 3,682 հիւանդանոց՝ 1,217 մլն. մահճակալով, 5640 ծննդատուն։ Գործած են շտապ օգնութեան 431 կայան։ Բժիշկներ եւ դեղագործներ կը պատրաստեն բժշկական 10 ակադեմիաները (Վարշավայի, Բելոստոկի, Գդանսկի, Կրակովի, Լյուբլինի, Լոձի Պոզնանի, Շչեցինի, Վրոցլավի, Կատովիցի) մէջ: Առողջարաններէն յայտնի են՝ Կրինիցա, ժեգեստուվ, Շչավնիցա, Ռաբկա, Պոլյանիցա-Զդրույ, Ցեպլիցե, Բուսկո-Զդրույ, Ցեխոցինեկ, Լյոնչեկ-Զդրույ, Սոպոտ, Կոլոբժեգ, Զակոպանէ։ == Լուսաւորութիւն == 10—11-րդ դարերուն եկեղեցիներուն եւ տաճարներուն կից ստեղծուած են լատիներէն լեզուով առաջին դպրոցները։ 13—14-րդ դարերուն կազմակերպուած են քաղաքային դպրոցներ՝ Լեհերէնով։ Այդ կապուած էր Վերածնունդի եւ Ռեֆորմացիայի հետ, ըստ որուն կարեւոր դեր կատարած է Ցագելլոնի համալսարանը։ Մինչեւ 17-րդ դարը ներառեալ դպրոցները կ'ենթարկուէին ճիզվիտական միաբանութեան։ 1773—1775-ի բարելաւումներով ուսուցումը դարձաւ աշխարհիկ եւ Լեհերէն: Լեհաստանի բաժանումը բացասական ազդեցուիուն ձգած է կրթական գործի վրայ եւս։ 1918-ին դպրոցները եւ համալսարանները վերականգնուեցան, բայց ժողկրթութեան մակարդակը երկար ժամանակ խիստ ցածր էր։ Գերմանա-ֆաշիստական օկուպացիայի ժամանակ դպրոցներու մեծ մասը ոչնչացուած է։ Ժողովրդական Լեհաստանի մէջ, ստեղծուած է պետական դպրոցական համակարգ, մանկապարտէզ (3—7 տարեկան երեխաներու համար), պարտադիր հիմնական դպրոց (8-ամեայ), միշնակարգ հանրակրթական դպրոց, որ աւարտողն իրաւունք կը ստանայ բուհ ընդունուելու։ Ունի նաեւ տարրական եւ միջնակարգ մասնագիտական դպրոցներ։ 1973-ին որոշուած է անցնիլ համընդհանուր 10-ամեայ միջնակարգ կրթութեան։ Խոշորագոյն բուհերն են Ցագելլոնի եւ Վարշաւայի համալսարանները, պոլիտեխնիկական հիմնարները, գիւղատնտեսական եւ մանկավարժական բարձրագոյն դպրոցները, բժշկական ակադեմիան։ Գրադարանները՝ Ազգային գրադարանը Վարշավայի մէջ, Ցագելլոնի, Վարշավայի եւ Պոզնանի համալսարաններու գրադարանները, թանգարանները՝ Ազգային եւ Պատմութեան (Վարշավայի եւ Կրակովի մէջ): == Մշակոյթ == === Գիտութիւն եւ Գիտական Հիմնարկներ === Գիտութեան եւ տեխնիկայի պետական կառավարման բարձրագոյն մարմինը բարձրագոյն կրթութեան եւ տեխնիկական գիտութիւններոպ նախարարութիւնն է (կազմակերպուած է 1972-ին): Հետազոտութիւնները կը տարուին ԳԱ հիմնարկներու, բուհերու եւ գերատեսչական գիտական հիմնարկներուն մէջ, որոնց մէջ կը մտնեն (1973) 112 ԳՏԻ, 25 լաբորատորիա, 103 գիտահետազոտական կեդրոն, ժողտնտեսութեան գիտատեխնիկական բազայի 651 ինքնուրոյն կեդրոն, 1670 ֆաբրիկագործարաէհսյին գիտահետազոտական կեդրոն։ Լեհաստանի գիտական հիմնարկները կապ ունին 116 երկրի գիտական հիմնարկներու հետ։ Լեհաստանը անդամ է 140 միջազգային գիտական կազմակերպութիւններու։ === Ճարտարապետութիւն եւ Կերպարուեստ === Լեհաստանի տարածքին մէջ, հնագոյն ճարտարապետական յուշարձանները Բիսկուպինի փայտյա կառոյցներն են (մ. թ. ա. մոտ 550—400): Պահպանվել X—XI դդ. պաշտամունքային եւ աշխարհիկ քարէ կառոյցներու մնացորդներ։ Ռոմանական ոճի զարգացումը կապուած էր ֆեոդալիզմի հաստատման հետ (Տումի, Կրակովի բազիլիկ կոստյոլները, XI—XII դդ.): XIII դարէն աճած են քաղաքները, կազմաւորուած են անոնց կեդրոններու անսամբլները, ստեղծուած նոր տիպեր (աշտարակաւոր ռատուշա, տնտեսական կառոյցներ եւ այլն): Ժողովրդական իշխանութեան հաստատումէն ետք, վերակառուցուած են 1939—1945-ի պատերազմի հետեւանքով աւերուած քաղաքները։ Հետպատերազմեան ճարտարապետական զարգացման ընթացքին, մեծ դեր խաղացած են աւագ սերունդի ճարտարապետ Շ. Սիրկուսը, Բ. Պնեւսկին, Բ. եւ Ս. Բրուկալսկիները եւ ուրիշները։ Պատմական ոճերով հրապուրուելու շրջանէն (Սահմանադրութեան հրապարակը Վարշավայի մէջ) ետք, 1950-ական թթ. վերջին առաջացած է ձեւերու ռացիոնալ պարզեցման ձգտումը։ 1960-ական թթ. հասարակական շէնքերուն բնորոշ են հատակագծերու ֆունկցիոնալ նպատակահարմարութիւնը, կառուցուածքային լուծումներու իւրօրինակութիւնը, տիպային կառուցուածքային օղակներու ռիթմիկ համադրումը (Ուսանողուհիներու հանրակացարանը Կրակովի մէջ, «Սուպերսամ» խանութը Վարշավայի մէջ, «Մերկուրի» հիւրանոցը Պոզնանի մէջ): === Երաժշտութիւն === Լեհաստանի երաժշտական մշակոյթը իր բնոյթով նման է սլաւ, միւս ժողովուրդներու երաժշտական արուեստին։ Հնագոյն ժողովրդական գործիքներէն պահպանուած են փայտէ թակիչներ, դափեր, սուլիչներ, որոնց նուագակցութեամբ կը կատարուին ծիսական ժողովրդական երգեր։ Ժողավրդական գործիքներէն են նաեւ՝ ջութակը, մազանկան, մարինան (աղեղնաւոր եւ կսմիթաւոր), լիգավկան, բազունան, տրոմբիտան (փողային): Ժողովրդական պարերէն են՝ պոլոնէզը, կրակովեակը, մազուրկան, կույաուեակը, օբերեկը։ Ազգային եւ ժողովրդական երաժշտութեան սկզբունքներուն հետեւելով զարգացման նոր ուղիներ որոնած են «Երիտասարդ Լեհաստան» խմբաւորման կոմպոզիտորներ Մ. Կառլովիչը, Լ. Ռուժիցկին, Կ. Շիմանովսկին։ Լեհաստանի մէջ, կը գործեն 21 սիմֆոնիկ նուագախումբ, 10 օպերային թատրոն, 9 օպերետային թատրոն, 7 բարձրագոյն, մօտ 120 միջնակարգ եւ տարրական երաժշտական դպրոցներ։ Անց կը կացուին միշազգային մրցոյթներ Վարշավայի մէջ՝ Շոպենի անվ. դաշնակա֊ հարներու, Վենյավսկու անուան Ջութակահարներիու(1935-էն), որ 1952-էն տեղի կ'ունենայ Պոզնանի մէջ, փառատոներ (1956-էն ժամանակակէն երաժշտութեան՝ «Վարշաւեան աշուն», 1966-էն Բիդգոշչում՝ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, հնագոյն երաժշտութեան, Սոպոտին մէջ՝ էստրադային երգի): Հանրաճանաչ են ժողովրդական երգի եւ պարի «Մազովշէ» եւ «Շլյոնսկ» անսամբլները։ Տարբեր տիպի միաւորումներէն է 1870-ից գոյատեւող Վարշավայի երաժշտական ընկերութիւնը։ === Կինո === Լեհաստանի մէջ, ֆիլմերու կանոնաւոր արտադրութիւնը սկսած է 1908-1914-ին։ 1910—1930-ական թթ. Հիմնականին մէջ էկրանաւորուած են ազգային գրական երկեր եւ կինոկոմեդիաներ։ Նշանակալի երեույթ էր «Ատարտ» (1930) եւ «Կինոհեղինակների կոոպերատիւ» կինոմիաւորումներու ստեղծումը, որոնց ֆիլմերը ուղղուած էին գաղափարազուրկ, շահութաբեր կինոարտադրանքի դէմ։ Կինոյի վերածնունդը սկսած է ժողովրդական կարգերու հաստատումէն ետք։ 1945-ին կինոարտադրութիւնը ազգայնացուած է, ստեղծուած «Ֆիլմ պոլսկի» պետական ստուդիան։ Հիմնականին մէջ, նկարահանուած են պատերազմի ու ֆաշիստական օկուպացիայի ողբերգական դէպքերուն նուիրուած կինոնկարներ։ Առաւել նշանաւոր ֆիլմը «Վերջին հանգրվան»-ն է (1948, ռեժ. Վ. Ցակուբովսկի): 50-ական թթ. նկարահանուած են բնոյթով նորարարական ֆիլմեր՝ «Սերունդ» (1955), «Կանալ» (1957), «Մոխիր եւ ալմաստ» (1958, երեքի ռեժ. Ա. Վայդա), «Մեծ պատերազմի իսկական ավարտը» (1957, սովետական պրոկատում՝ «Դա մոռանալ չի կարելի», ռեժ. Ե. Կավալերովիչ): Հետագային եւս պատերազմի թեման կրկին ու մեծ ուժով բարձրացուած է՝ «Ուղեորուհին» (1963, ռեժ. Ա. Մունկ), «Բնանկար ճակատամարտէն ետք» (1970, ռեժ. Ա. Վայդա) եւ այլ ֆիլմերու մէջ։ էկրանաւորուած են լեհ դասական գրողներու երկերը՝ Ս. ժերոմսկու «Մոխիր» (1965, ռեժ. Ա. Վայդա), Բ. Պրուսի «Փարավոն» (1966, ռեժ. Ե. Կավալերովիչ), Հ. Աենկեիչի «Պան Վալադիեսկի» (1969) եւ «Ջրհեղեղ» (1974, ռեժ. Ե. Հոֆման): Զարգացած է վավերագրական (ռեժ, Ե. Բոսակ, Վ. Կազմերչակ եւ ուրիշներ) գիտամասսաեական (ռեժ. Վ. Պուխալսկի Ս. Գրաբովսկի), մուլտիպլիկացիոն (ռեժ եւ նկարիչ՝ Ցա. Լենիցա, Զ. Օլդակ, Վ. Գերշ եւ ուրիշներ) ֆիլմերու արտադրութիւնը։ == Հայերը Լեհաստանի Մէջ == Տակաւին 14-15-րդ դարերուն Լեհաստանի մէջ, ապաստան գտած են մեծ թիւով հայ գաղթականներ, որոնք դարեր շարունակ հաշտ ու խաղաղ ապրած են տեղի բնակչութեան հետ։ Լեհաստանի հայ գաղութը ստուարացած է յատկապէս Բագրատունեաց մայրաքաղաք Անիի կործանումէն ետք։ Անոնց մեջ եղած են հմուտ արհեստաուորներ, երկրագործներ, առեւտրականներ, որոնք ըստ ամենայնի նպաստած են լեհական պետութեան զարգացմանը, հարկ եղած դէպքին մէջ զէնքով պաշտպանել երկրի անվտանգութիւնը։ Ներկայիս Լեհաստանի մէջ, կը բնակի 92.000 հայ, որոնց մեծ մասը Հայաստանէն արտագաղթած են վերջին 10-15 տարիներու ընթացքին։ Անոնց մէկ մասը լեհ հասարակութեան մէջ որոշակի դիրքի հասած է. զբաղուած են պետական կառոյցներու մէջ, գիտութեան ու մշակոյթի բնագավառներուն մէջ։ 1980 թ.-էն Կրակովի մէջ, կը գործեն Հայ մշակոյթի համակիրներու շրջանակը (ընկերութիւն), 1985 թ.-ից՝ Հայ մշակութային ընկերութիւնը , որոնց նպատակն է համախմբել լեհահայութեան, վերականգնել անոնց մշակութային աւանդութիւններն ու կապեր հաստատել Հայաստանի հետ։ Կը գործէ Սուրբ Երրորդութիւն հայ կաթողիկէ եկեղեցին Գլիվիցի մէջ, միակ առաքելական Սուրբ Վասիլ եկեղեցին Վարշավայի մէջ։ == Քաղաքի Տեսարաններ == == Արտաքին յղումներ == Լեհաստան - Հայաստան՝ ճանաչնանք միմյանց Armenia.pl Լեհաստանի մէջ Հայաստանի Դեսպանութեան Ոչ Պաշտօնական Կայք Republika Armenia Հայաստան Հայ մշակութային ընկերութիւն (Կրակով, Լեհաստան) Հայկական կիրակնօրեայ դպրոց (Կրակով, Լեհաստան) Լեհահայոց Մշակոյթի Հիմնադրամ Հայ-Լեհական կապերու զարգացման կեդրոն Հայկական Սովէտական Հանրագիտարան == Ծանօթագրութիւններ ==
570
1855 թուական
1855 թուական, ոչ նահանջ տարի, 19րդ դարու 55րդ տարին == Դէպքեր == 1855․ Խրիմեան Հայրիկ կը սկսի հրատարակել «Արծուի Վասպուրական» ամսաթերթը == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1855 ծնունդներ Անյայտ օրով՝ (Շուշի)՝ Համբարձում Առաքելեան (մ.1918, Թիֆլիս), լրագրող, գրող Արամ Աշճեան (մ.1909, Կ.Պոլիս), խմբագիր Աստղիկ Գանթարեան (մ.1884), դերասանուհի Յարութիւն Կ. Ճանկիւլեան (մ.1915), քաղաքական գործիչ Երուանդ Ոսկան (մ.1914), քանդակագործ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1855 մահեր Յունիս 10՝ Պօղոս Մելիքշահեան (ծն.1788), փիլիսոփայ, բնագէտ, հասարակական գործիչ == Ծանօթագրութիւններ ==
21,016
29 Մայիս
29 Մայիս, տարուան 149-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 150-րդ) օրն է։ == Դէպքեր == == Ծնունդներ == == Մահեր == 1996․ Հրանդ Շահինեան (ծն.1923) հայ, խորհրդային մարմնամարզիկ == Տօներ ==
2,571
Փոլ Կօկէն
էօժէն Հանրի Փօլ Կօկէն (ֆրանսերէն՝ Henri Eugռne Paul Gauguin) (ծնած է 1848 Յունիս 7, Փարիզ, Ֆրանսա - մահացած է 1903 Մայիս 8, Ատուոնա, Մարգիզեան կղզինէրուն մէջ, Ֆրանսական Փոլինեզիա), ֆրանսացի յետ-տպաւորապաշտ նկարիչ, քանդակագործ, քանդակագործ եւ փորագրիչ, արուեստի մէջ նկարչական նոր տեսակներու՝ Խորհրդապաշտութեան, հնաւանդապաշտութեան հիմնադիր եւ նախակարապետ։ Կօկէնի յետ-տպաւորապաշտական աշխատանքները նախագնացն են արտայայտչապաշտութեան շարժումին: Կոկէնի պարագային, առածը՝ «Առասպել դարձաւ, ողջ կեանքին ընթացքին» իրականութիւն է։ Անոր մահուան, յաջորդեցին վէպեր, ժապաւէններ։ Կօկէնի ստեղծագործութեան կանուխ շրջանը կապուած է տպաւորապաշտութեան հետ։ Փ․ Կօկէնի՝ ինքնանկար (1903, Սալմանովիչի հաւաքածոյ, Ժընեւ) ընդհանրացուած կերպարներու, երեւոյթներու խորհրդաւոր իմաստի որոնումները, կեանքի վաղնջական, քարացած ձեւերու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը («Տեսիլք քարոզէն ետք, 1888, «Դեղին Քրիստոսը, 1889) Կօկէնին ստեղծագործութիւնը կը մօտեցնեն խորհրդապաշտութեան, կը յանգեցնեն գեղանկարչական նոր համակարգի` համադրականութեան․ կը բնորոշէ ձեւերու եւ գիծերու ընդհանրացումը եւ պարզեցումը, մաքուր գոյներու առանձին հարթութիւններու ռիթմիկ համադրումը («Սրճարան Առլումէ, 1888): Ստեղծագործական որոնումներով եւ «գաղափարատիպ հասարակութեան» երազանքներով համակուած, ան 1891 թուականին կը մեկնի Թայիթի կղզին (Ովկիանիա)։ Կը վերամշակէ իր նկարչութիւնը․ հոգ կը տանի գոյներուն արտայայտման, հեռանկարի, կերպարանքի եւ ծաւալի բովանդակութեան։ Նկարները կ՛ազդուին արեւադարձային մթնոլորտէն, Փոլինիզեան մշակոյթէն եւ աւելի «զօրաւոր են»։ Գործերուն մէ կը շեշտուի բնութեան եւ մարդու ամբողջականութեան գաղափարը, օրինակ՝ «Թայիթեան հովուերգութիւնները, 1893, Էրմիտաժ, Ս․ Փեթըրսպուրկ, «Ծանծաղոտ», 1901, Փուշկինի անուան կերպարուեստի թանգարան, Մոսկուա։ Կատարած է քանդակագործական, փորագրական եւ խեցեգործական գործեր, գրած է իր ստեղծագործական սկզբունքները պարզաբանող գրական եւ քննադատական յօդուածներ։ == Կենսագրութիւն == === Մանկութիւն === Փոլ Կօկէնը ծնած է 1848 -ի Յունիս 7-ին։ Հայրը՝ Քլովիս Կօկէնը, ֆրանսացի խմբագիր էր, իսկ մայրը՝ Ալին ԹրիսԹան, Փերուական արմատներով սպանուհի։ Հօր աշխատանքին մէջ յառաջացած խնդիրներէն (Նափոլէոն Գ.-ի վարչաձեւին․ կապուած 1848 թ.-ի փետրուարեան յեղափոխութեան հետ), Քլովիս քաղաքական դրդապատճառներով կ՛որոշէ ընտանեօք տեղափոխուիլ Հարաւային Ամերիկա՝ Փերու, ուր կ'ապրէին Կօկէնի մօր հարազատները։ Երկար ճանապարհորդութեան ընթացքին, դեռ Փերու չհասած, նաւուն վրայ Քլովիսը կը մահանայ․ զայն կը թաղեն Մակելանի նեղուցի փոքրիկ նաւահանգիստներէն մէկուն մէջ։ Կօկէնի մայրը յետագայ 4 տարիներուն, երկու զաւակներուն՝ Կօկէնի եւ մեծ քրոջ հետ, կ'ապրին Փերուի մայրաքաղաք Լիմայի մէջ, անոնց քեռիին տունը։ Չորս տարի յետոյ՝ 1853 , Փերուի քաղաքացիական պատերազմը կը սկսի, Կօկէնի ընտանիքը կը վերադառնայ Ֆրանսա: Կօկէնը այդ ժամանակ 7 տարեկան է։ === Երիտասարդութիւն === Օրլէան քաղաքի մօտ (Կեդրոնական Ֆրանսա), ուր կ'ապրի Կօկէնի քեռին՝ Իսոտորը, Կօկէնը մինչեւ 1864 կը յաճախէ գիշերօթիկ դպրեվանքը Petit Seminaire de la Chapelle-St-Mesmin։ Այդ ընթացքին, մերթ ընդ մերթ կ'այցելէ մօրը՝ Փարիզ. վերջինս կար ու ձեւի աշխատանոց բացած է։ Կօկէնը ուսումը կը շարունակէ Փարիզի ռազմածովային կաճառին մէջ։ 1864 17 տարեկան, Կօկէնը, իր ցանկութեամբ, հինգ տարուայ համար առեւտրական ծովուժին կը ծառայէ ու 1865-ին շուրջ երեք տարի կը գտնուի զինուորական ծառայութեան մէջ՝ ֆրանսական ռազմական նաւատորմի, իբրեւ նաւային փոխ գնդապետ։ Յաջորդաբար կը ճամբորդէ Եւրոպա եւ Հարաւային Ամերիկա՝ Հավր - Ռիօ Տէ Ժանէյրօ, Պայիա Պլանքա- հիւսիսային Եւրոպա երթուղիով եւ դէպի Հարաւային Ամերիկա, Հնդկաստան, ինչպէս նաեւ հետազօտական արշաւ դէպի Հիւսիսային բեւեռ: Այդ ազատ տարիները մեծապէս կ՛ազդեն Կօկէնի աշխարհայեացքի եւ բնաւորութեան ձեւաւորման վրայ։ 1867ին , երբ Կօկէն հերթական հեռաւոր ճանապարհորդութեան մէջ է, մայրը կը մահանայ։ Կօկէնի խնամակալ կը դառնայ ընտանիքի վաղեմի բարեկամ Կուստաւ Արոզան: 1871ին կը վերջանան Կօկէնի ճանապարհորդութիւնները։ 1871, Փարիզ, ընտանեկան բարեկամի մը միջնորդութեամբ, կը մտնէ արժէթուղթի միջնորդի ասպարէզին մէջ։ Յաջորդող տասը տարիներուն ան ընտանիքի տէր կը դառնայ յարգուած եւ յաջող գործարար։ Կ՛ամուսնանայ տանիմարքացի Մեթէ Սօֆի Կանտին հետ եւ կը բախտաւուրուի 5 զաւակներով։ Միաժամանակ, կը հետաքրքրուի եւ կը զբաղի նկարչութեամբ։ Սկզբնական շրջանին, գործերը կը նախընտրէ ցուցադրել տպաւորապաշտներուն հետ։ 1882ի տնտեսական դժուարութիւնները իբրեւ պատրուակ կը գործածէ ու գործարարութեան ասպարէզը կը ձգէ, որպէսզի լծուի սիրած նկարչութեան։ Սակայն, եկող տարիները լեցուն են դժուարութիւններով։ Կինը, զաւակներուն հետ ապաստան կը գտնէ իր ընտանիքին մօտ, Քոփենհակըն․ Կօկէն ժամանակի մը համար անոնց կը միանայ։ Յետոյ կը մեկնի ու նորէն չի վերադառնար։ === Հասուն ժամանակաշրջան === 1887ին, կը մեկնի ճանապարհորդութեան իր ընկեր նկարիչ Շարլ Լաւալի հետ։ Անոնք միասին կ'իջնեն Փանամայի ափը եւ այնտեղ կ'ընդունուին ծանր բանուորական աշխատանքի, բայց շուտով՝ անարդարութիւններու եւ ծաղրանքներու պատճառով Կօկէն եւ Լաւալ կը ձգեն այդ աշխատանքը եւ կը մեկնին Մարթինիքա։ Այնտեղ Կօկէն կը սկսի նկարել իր առաջին նկարները, որոնց վրայ պատկերուած են տարաշխարհիկ տեսարաններ։ Անոր մօտ կը բացուին նոր զգացումներ, որոնք աւելի կ՛ ոգեւորեն զայն։ Մարթինիքա նկարած ստեղծագործութիւններէն յատկանշական է «Մարթինիքա կղզիին բնապատկերը» գործը: Բայց այստեղ եւս Կօկէն կը հետապնդէ աղքատութիւնը։ Այս շրջանին կը հիւանդանայ նկարիչին ընկերը՝ Լաւալը։ Կօկէն կը խնամէ զայն ու երբ Լաւալը մղձաւանջի մէջ կը փորձէ ինքնասպան ըլլալ, կը փրկէ զայն։ Սակայն ան ալ թանչախտէ եւ մալարիայէ կը վարակուի։ Լաւալը, տանջուած ու յոգնած կ'որոշէ Փարիզ մեկնիլ։ Նոյն որոշումը Կօկէնն ալ կը կայացնէ։ Դէպի հայրենիք ճամբորդութեան գումարը վաստակելու համար, կ՛աշխատի վաճառական նաւերէն մէկուն վրայ։ Փարիզ կը վերադառնայ 1887ի սկիզբը, իսկ Լաւալ՝ 1888։ այնուհետեւ երկրորդ անգամ ըլլալով կը մեկնի Պրեթանյը: 1888, յուսալքուած տպաւորապաշտութենէն, նկարելու ոճը կը մօտեցնէ ափրիկեան եւ ասիական արուեստաոճին։ Նոյն տարին կը ճանչնայ Վինսենթ Վան Կոկ նկարիչին եւ մօտիկ բարեկամներ կը դառնան։ Անոնք երկու ամիս միասին կ'ապրին Արլ Arles (կ՛ընդառաջէ Վան Գոկի հրաւէրին)։ ==== Արլի պատահարը ==== Երկուքն ալ, Կօկէն եւ Վան Կօկ, ընկճուածութենէ կը տառապին։ Կը սկսին երկուստեք վէճերը։ Հետեւանքն է՝ Վան Կոկ սպառնայ սպաննել Կոկէնը եւ կտրէ իր ձախ ականջէն մաս մը։ === Վերջին տարիները === Հոգեկան վատ վիճակի մէջ, Կօկէնը անվերադարձ կը հեռանայ Փարիզէն, 1891։ Նախ Թահիթի կը հաստատուի եւ աւելի վերջ՝ Մարքեզ կղզեխումբը։ Կեանքին մնացեալ մասը հոն պիտի անցընէ․ Ֆրանսա պիտի այցելէ միայն մէկ անգամ։ Այս ժամանակաշրջանի գործերը, Կօկէնի ամենալաւ ստեղծագործութիւնները կը համարուին։ Կօկէնի գործերը կը փաստեն թէ ան ազդուած է բնիկներու մշակոյթէն։ Գործերուն մէջ գոյներու փորձարկութիւնները կարեւոր դեր խաղցան եւ ազդեցին 20-րդ դարու արուեստի հոսանքներուն, մասնաւորաբար՝ «Ֆօվիզմ»ը․ արուեստի յեղփոխական հոսանք մը, գլխաւորաբար՝ 20-րդ դարասկիզբին։ «Ֆօվիզմ» բառը առաջ եկած է ֆրանսերէն «fauve» բառէն որ վայրի կենդանի կը նշանակէ։ Կօկէնի աղջիկը՝ Ալին, կը մահանայ։ Կօկէնը անյաջող ինքնասպանութեան փորձ կը կատարէ: Կօկէնը կ'աւարտէ նոր սկսած նկարները։ Այդ ժամանակարջանին նկարած ստեղծագործութիւններէն մէկն է՝ «Կին մանկօ ծառի տակ», «Բարբարոսական բանաստեղծութիւններ», «Երբեք», «Բուրաւէտ օրեր»: Կօկէնը Փարիզեան ցուցահանդէսին կը մասնակցի այժմ ամենածանօթ գործով՝ «Ուրկէ՞ եկած ենք, ո՞վ ենք մենք, դէպի ո՞ւր կ՛երթանք»( 1897), սակայն սկիսբին հանրութենէն անհասկնալի էր։ Կօկէնը կ'ապրի առանձին։ Ան յաճախ բնիկներուն իրաւունքներուն պաշտպանութեան տէր կը կանգնի։ Նկարիչին մօտ խնդիրներ կը ծագին իր թերթի տպագրման հարցին մէջ։ Սակայն հիւանդութիւնը արագ կը քայքայէ մարմինը։ Մահուան ստուերին սպառնալիքին տակ, ան անգամ մը եւս կը փորձէ փախուստ տալ։ 1901 . նոյեմբերին ան Թահիթիէն կը մեկնի Տոմինիքի կղզին․ նկարիչին վերջին ճանբորդութիւնը։ Խիւա-օա կղզին, ենթարկուելով բանտի ու տուգանքի՝ կը նկարէ իր վերջին նկարները ` «Եւ ոսկին իրենց մարմիններուն», «Ձիաւորներ ափի մօտ», «Կանայք սպիտակ ձիով»: 1903 մայիս 8-ին Կօկէնը կը կնքէ իր մահկանացուն։ , == Մէջբերումներ == == Ստեղծագործութիւններ == == Աղբիւրներ == Կոկէնին կենաքն եւ գործը, Կոկէն - Տակլաս Մանրիկ, Bridgman Art Library գործակցութեամբ. յունարէնի թարգմ․ ՝ Եանիս Թոմոփուլոս == Ծանօթագրութիւններ == == Կօկէնի մասին հայերէնով == Արուեստի մատենաշար։ Կօկէն Փոլ, Նոայ Նոայ, Առաջ եւ Յետոյ, Յօդուածներ, Նամակներ, Սարգիս Խաչենց, հրատ. Երեւան, 1994, ISBN 5-8079-0852-X, Շտրիխ կօդ։ 2000000134017, էջերի քանակը՝ 313: == Տես նաեւ == Գեղանկարչութիւն Տպաւորապաշտութիւն Ռենուար == Արտաքին յղումներ == Փօլ Կոկէնի կենսագրութիւնը և նկարները [1]Փօլ Կոկէնի գեղանկարները [2]Փօլ Կոկէնի գեղանկարներով պատկերասրահ Կաղապար:Gutenberg author [3]Փօլ Կոկէնի շիրիմը
5,772
Թոմի Ռամոն
Թոմի Ռամոն (անգլերէն՝ Tommy Ramone, 29 Յունուար 1949(1949-01-29) կամ 29 Յունուար 1952(1952-01-29), Պուտափեշտ - 11 Յուլիս 2014(2014-07-11), ), իսկական անունը՝ Թամաշ Էրդեյի (հունգարերէն՝ Erdélyi Tamás), հունգարական ծագումով ամերիկացի արտադրող եւ երաժիշտ: Չորս տարի Թոմի Ռամոնը եղած է «Ramones» ռոք խումբի թմբկահարը: == Կենսագրութիւն == Թամաշ Էրդեյի ծնած է 29 Յունուար 1949-ին Հունգարիոյ մայրաքաղաք Բուդապեշտին մէջ հրէաներու ընտանիքի մը մէջ:Թոմի Ռամոնն ու Կլաուտիա Տենան (նախկինին եղած է Simplistics խումբի անդամ) միասին ստեղծած են Uncle Monk պլուկրաս ժողովրդական խումբը: Ռամոն յայտարարած է. «Ընդհանուր շատ բան կայ հասարակ ու ժողովրդական երաժշտութիւններուն մէջ։ Երաժշտութեան առաջատար այդ երկու ոժերն ալ հողի ուժ: == Հիւանդութիւն եւ Մահ == Թոմի Ռամոն մահացած է Նիւ Յորքի մէջ՝ Քուինսի մէջ գտնուող իր տանը 11 Յուլիսի 2014-ին 65 տարեկանին: Ան մահէն առաջ հիւրատուն տեղափոխուած էր: The Independent-ը կը գրէ. «Նախքան Թոմիի՝ խումբը լքելը, Ramones արդէն դարձած էր իր ժամանակի ամենաազդեցիկ խումբերէն մէկը, որ կը նուագէր Նիւ Յորքի ոչ յայտնի CBGB ակումբին մէջ եւ առանց դադարներու համերգային շրջագայութիւններ կ՛ունենար ամէն մէկ ալպոմի հետ»: Կենսագիր Էվերեթ Թրուն Պի-Պի-սիին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է. «Կան հարիւրաւոր, հազարաւոր, միլիոնաւոր մեղեդիներ, որ կու գան Ramones-ի երգերէն... Դուք լսած էք անոնց ազդեցութիւնը 1975-էն ետք ստեղծուած ամբողջ ռոք երաժշտութեան մէջ։ Դուք կը լսեք այն ամենուր»: Թոմի Ռամոն ըսած. «Ramones-ի՝ եզակի ու ինքնատիպ ըլլալու պատճառներէն մէկը այն է, որ ան ունէր չորս ինքնատիպ ու եզակի անդամներ»: == Սկավառակագրութիւն == Ramones (1976) Leave Home (1977) Rocket to Russia (1977) It’s Alive (1979) Too Tough to Die (1984) NYC 1978 (2003) == Ծանօթագրութիւններ == == Գրականութիււն == Legs McNeil and Gillian McCain Please Kill Me: The Uncensored Oral History of Punk. — Grove Press, 2006. — 488 с. — ISBN 9780802142641 Monte A. Melnick On The Road With The Ramones. Jari-Pekka Laitio-Ramone: Rock In Peace: Dee Dee And Joey Ramone «Ramones: My Second Ramones Memory Book»։ Kauhajokinyt.fi։ արտագրուած է՝ 2014-07-13 Jari-Pekka Laitio-Ramone Soundtrack Of Our Lives. — 2009. == Արտաքին Յղումներ == Կաղապար:Imdb name Uncle Monk website Uncle Monk on Myspace Tommy Ramone memorial page
126
12 Ապրիլ
12 Ապրիլ, տարուան 102-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 103-րդ) օրն է Տարուան աւարտին կը մնայ 263 օր 11 Ապրիլ 12 Ապրիլ 13 Ապրիլ == Դէպքեր == 0240. Շապուհ Ա-ն թագադրուեցաւ որպէս Սասանեաններու տերութեան արքայ 1606. անգլիական եւ սկովտիական նաւերը Union Jack-ն ընդունեցին որպէս միասնական դրօշ 1945. Ֆրանքլին Ռուզվելթը մահացաւ իր աշխատասենեակին մէջ 1970. միջուկային մարտագլխիկներ փոխադրող խորհրդային K-8 սուզանաւը խորտակուեց Պիսքայի Ծոցին մէջ == Ծնունդներ == Տես նաեւ՝ 12 Ապրիլի ծնածներ 1866.Վրթանէս Փափազեան (մ.1920 Երեւան) հայ մտաւորական եւ գրող 1875․ Էտկար Մանաս, միջազգային գնահատանքի արժանացած հայազգի երաժշտագէտ, յօրինող եւ խմբավար 1954. Հրանուշ Յակոբեան, քաղաքական գործիչ 1986. Մաթ Մքկորի (Matthew McGorry) ամերիկեան դերասան == Մահեր == Տես նաեւ՝ 12 Ապրիլի մահացածներ 1973. Արշաւիր Շիրակեան (ծն.1900) «Նեմեսիս» գործողութեան կազմակերպիչ եւ իրականացնող == Տօներ == Տիեզերագնացութեան համաշխարհային օր Ազատագրման օր (Լիպերիա) 12 Ապրիլ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == BBC: On This Day [1] (անգլերէն)
498
18 Դեկտեմբեր
18 Դեկտեմբեր, տարուան 352-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 353-րդ) օրն է։ == Դէպքեր == 1806, կը սկսի ռուս-թուրքական պատերազմը։ == Ծնունդներ == == Մահեր == 1939, Գրիգոր Սիւնի, հայ երգահան եւ խմբավար (ծն.՝ 1876)։ 2002, Հրանտ Մաթեւոսեան, հայ արձակագիր եւ շարժանկարիչ (ծն․՝ 1935)։ == Տօներ ==
1,618
Վարուժան Աճէմեան
Վարուժան Աճէմեան (1917, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 2005, Պուէնոս Այրէս), հայ գրագէտ, արձակագիր, թատերագիր։ == Կենսագրութիւն == Վարուժան Աճէմեան ծնած է Պոլիս: Ուսումը ստացած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ, զոր աւարտելէ ետք ընդգրկած է հաշուակալութեան ասպարէզը։ Կանուխէն հետեւած է գրականութեան։ Իր առաջին գրութիւնը՝ պատմուածք մը, լոյս տեսած է 1935-ին Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթին մէջ։ 1956-ին սկսեալ ընտանեօք հաստատուած է Պուէնոս Այրէս: Վեց տարի պաշտօնավարած է տեղւոյն Մխիթարեան վարժարանին մէջ, որպէս հայերէնի ուսուցիչ։ Ապա պաշտօնավարած է Հ.Բ.Ը.Մ. Մարի Մանուկեան եւ Դերձակեան երկրորդական վարժարաններուն մէջ: Հրատարակուած գործերն են. «Քովնտի փողոց», պատմուածքներ (Պոլիս, 1945): «Պատուհանը բաց չեն թողուր» եւ «Ամէն մարդ իր թուղթը ունի» (Պոլիս 1957, «Սան» ամսագիր), թատերախաղեր: «Կեանքի մը վրայ նայիլ» (Պուէնոս Այրէս, 1964), թատերգութիւն։ «Լռութենէն անդին» (Պուէնոս Այրէս, 1993), թատերգութիւններ եւ պատմուածքներ։Առաջին երկուքը ներկայացուած են Պոլսոյ Մխիթարեան Սանուց Միութեան մէջ. իսկ երրորդը՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Մխիթարեան Սանուց Միութեան բեմին վրայ ներկայացուած է նաեւ «Ներսէն ու դուրսէն» թատերախաղը, որ ցարդ չէ տպագրուած։ Վ. Աճէմեան ունի նաեւ այլ անտիպ թատերգութիւններ։ Աշխատակցած է Պոլսոյ գրեթէ բոլոր թերթերուն եւ հանդէսներուն։ Տուած է հանրածանօթ մտաւորականներու երգիծական դիմանկարները Բագարատ Թեւեանի «Երջանիկ» տարեգիրքին մէջ (1946, 1949): Խմբագրած է Պուէնոս Այրէսի «Շարժում» եւ «Սարտարապատ» շաբաթաթերթերը։ == Գործեր == 1967-էն սկսեալ մշակած է նաեւ բանաստեղծութեան արուեստը, տալով համամարդկային զգացումներով տոգորուած գողտրիկ քերթուածներ։ Վարուժան Աճէմեան գիտէ պարզ նիւթ մը շահեկան դարձնել, ինքնատիպ յղացումներով եւ հաճելի սրամտութիւններով համեմելով զայն։ Վարպետօրէն կը ներկայացնէ իր ստեղծած հերոսները, տալով անոնց ինքնուրոյն դիմագիծ եւ նկարագիր։ Առհասարակ անոնք ժողովուրդին խոնարհ խաւէն սերած տիպարներ են, կլանուած՝ իրենց առօրեայ հոգերով։ Ոճը անսեթեւեթ է ու վճիտ, նրբամիտ ու գունագեղ է։ 1992 Մարտին, Վարուժան Աճէմեան՝ իր ծննդեան 75ամեակին առթիւ, Սփիւռքի հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի Նախագահ՝ Հրաչիկ Սիմոնեանէն ստացած է շնորհաւորագիր մը, որպէս գրող եւ հասարակական ու մշակութային գործիչ։ Իսկ անկէ առաջ, իբրեւ հիւր Մայր Հայրենիք գտնուած շրջանին, հայրենի գրողներու կողմէ պատրաստուած էր իր կեանքին ու գործերուն նուիրուած մէկ ժամնոց տեսերիզ մը։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == ԵՐԲ ԽԱՌՆՒՈՒՄ ԵՆ ՏԱՐՈՒԱՅ ԵՂԱՆԱԿՆԵՐԸ:
1,619
Տիրան Աճէմեան
Տիրան Աճէմեան (21 Յուլիս 1902(1902-07-21), Հալէպ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 10 Սեպտեմբեր 1991(1991-09-10), Պէյրութ, Լիբանան), դերասան, երգիծանկարիչ: Առաջին օրերէն իսկ իր ուշագրաւ գծագրութիւնները քաջալերուած են իր գերմանացի ուսուցիչէն, այնպէս որ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Հալէպ հասած երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեան, բանաստեղծ Գէորգ Կառվարենց եւ բեմադրիչ Աշոտ Մատաթեան կը դառնան պատանիին երգիծանկարներուն անուանի դէմքերը։ Գերմանիա իր ուսումը շարունակելու ծրագիրը կը խանգարուի երբ Պոլիս կը հասնի, իր հօրը յանկարծակի մահուամբ։ Հալէպ վերադառնալէ առաջ արդէն պատանի գծագրիչին տաղանդը կը նուիրագործուի երբ Երուանդ Թոլոյեան իր համբաւաւոր «Կավռօշ» երգիծաթերթին մէջ մնայուն տեղ կու տայ անոր գործերուն։ Պոլսոյ մէջ շուտով երեւան կու գայ Տիրանի ուրիշ մէկ շնորհքը – թատերական արուեստը։ Այս առումով ան կը դրսեւորուի իբրեւ ամբողջական արուեստագէտ, որուն ներսիդին գծագրութեան հանդէպ ջերմ սիրոյն համազօր է փարումը թատրոնին։ Պոլսոյ մէջ Մատաթեան զինք 16 տարեկանին բեմ կը հանէ։ Հալէպ դարձին՝ կը կազմէ Երիտասարդաց Միութեան Թատերախումբը։ Հալէպի մէջ իր թատերական կեանքին մաս կը կազմէ Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»-ուն բեմադրութիւնը։ Վերջին անգամ Պէյրութի մէջ, արդէն 55 տարեկան, կը բեմադրէ Ալեքսանտր Տիւմայի (Հայր) «Քին» գործը։ Իր մէկ ինքնաերգիծանկարը զինք կը պատկերէ փութկոտ՝ իր աշխատանքի ճամբուն վրայ, բայց նաեւ կլանուած՝ Եակոյի դերը սորվելով։ Խորքի պատին՝ Օթէլլոյի ներկայացման որմազդը։ Իր թատերական կեանքին մէկ բնական դրսեւորումն է իր «Քաջ Նազար»ի հրատարակութեան առթիւ Պէյրութի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին, իբրեւ շնորհակալական խօսք Թումանեանի «Անոյշ»էն հատուածի մը արտասանութիւնը։ Կը բեմադրէ զանազան թատերախաղեր՝«Կործանուածը», «Աւերակներու վրայ», «Պատուի համար», «Արցունքի հովիտը», եւ այլն: Աճէմեան օժանդակած է Հալէպ այցելող դերասաններուն. 1922-ին՝ Շահան Սարեանին եւ Օննիկ Վոլգէրի, 1924-ին՝ «Եգիպտահայ Գոմէտիի խումբ»ին: 1923-ին կը կազմէ «Հալէպի Ամադէօրներու Տրամադիկ թատերախումբ»ը եւ ներկայացումներ կու տայ մինչեւ Բարսեղ Աբովեանի Հալէպ ժամանումը, որուն հետ եւս կը խաղայ պատասխանատու դերեր ստանձնելով: Ֆիլիփ Արփիարեան դերասան-ծաղրանկարիչը կը թելադրէ Տիրանին ամբողջովին նուիրուիլ ծաղրանկարչութեան: 1925-ին տեղափոխուած է Պէյրութ ու ծաղրանկարներով հանդէս եկած է հայկական, ֆրանսական եւ արաբական մամուլին մէջ։ Իր գծագրութիւնները ներկայ են տեղական երգիծաթերթերու մէջ, ինչպէս՝ «Ատ-Տապպուր», «Աս-Սայատ», կամ ֆրանսատառ օրաթերթերու մէջ, ի միջի այլոց՝ «Լ՛Օրիան», «Լը Սուար»։ Լիբանանի անկախութենէն ասդին (1943), իր երգիծանկարները պատմութիւնն են այդ երկրին եւ քաղաքական ղեկավարներու բարքերուն եւ դէմքերուն։ == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, Հատոր Ա․, էջ 116:
3,464
Լէյլա Մուրատ
Լէյլա Մուրատ (արաբ․՝ ليلى مراد‎‎, եբր.՝ לילה מוראד‎), ի ծնէ՝ Լիլիանա Մուրատ, 17 Փետրուար 1918, Գահիրէ, Եգիպտոս - 21 Նոյեմբեր 1995, Գահիրէ, Եգիպտոս), հրեայկան ծագմամբ եգիպտացի էստրատային երգչուհի, ռենեգատ, 1940-1950-ականներու եգիպտական կինոյի առաւել յայտնի երգող դերասաններղն մէկը: Դերասան եւ կոմպոզիտոր Մունիր Մուրատի քոյրն է: == Կենսագրութիւն == Լէյլա Մուրատը ծնած է 17 Փետրուար 1918-ին Գահիրէի Ալ-Տահէր շրջանը՝ հրեայ Զաքի Մուրատի եւ Գեմիլա Սալմոնի ընտանիքին մէջ։ Հայրը յարգուած երգիչ էր, երաժիշտ ու սինագոգի հազզան: Լիլիանան իր առաջնաելոյթը կատարած է 10 տարեկան հասակին Լէյլա Մուրատ մականուամբ Գահիրէի Սաալատ Պատիայ համերգասրահի բեմին վրայ։ Համերգասրահը 1926-ին հիմնած էր դերասան եւ պարող Պատիա Մասապնին, որ կը հովանաւորէր պատանի երգչուհիին: Լէյլայի առաջնախաղը կինոյին մէջ կայացած է 15 տարեկան հասակին: 1932-ին ան նկարահանուած է «Ալ-Տահայայ» («Յանցագործութեան զոհերը») ֆիլմին մէջ, որ սկիզբը նկարահանուած էր որպէս յամր ֆիլմ: Անոր «Մեկնելու օրը» երգը ներառուած է այդ ֆիլմին մէջ անոր հնչիւնաւորումէն ետք: Լէյլա Մուրատի ուսուցիչները անոր հայրը՝ Զաքի Մուրատն ու հրեական ծագմամբ եգիպտացի կոմպոզիտոր Տաուտ Հոսնին էին, վերջինս արաբերէն առաջին օպերետի հեղինակն է: Կոմպոզիտորը երգչուհիի համար գրած է 2՝ «Ինչո՞ւ դուն չես կրնար ընտրել երկրպագուներէն մէկուն» եւ «Ինչո՞ւ ես դուն կը փախչիս ինձմէ» երգեր, որոնք հիթ դարձած են: Յետագային յաջողութիւն ունեցած է 1938-ին, երբ եգիպտացի մէկ այլ կոմպոզիտոր Մուհամմէտ Ապտ ալ-Ուահապը անոր նկարահանած է իր «Կեցցէ Սէրը» ֆիլմին մէջ։ Յաջորդ վեց տարիներուն Լէյլա Մուրատը նկարահանուած է ռեժիսոր Տոգոյ Միզրահի հինգ ֆիլմերուն մէջ եւ դարձած Եգիպտոսի ամենայայտնի դերասանուհին: 1945-ին ան նկարահանուած է ռեժիսոր Անուար Ուաճտիի «Լէյլա՝ աղքատներու դուստրը» ֆիլմին մէջ եւ անկէ քիչ ժամանակ անց ամուսնացած վերջինիս հետ: Լէյլա Մուրատը նկարահանուած է եւս 20 ֆիլմերու մէջ, որոնցմէ ամենայայտնին «Աղջիկներու սիրախաղ» ֆիլմն է: Վերջին ֆիլմերուն անոր խաղընկերներն էին Նագճիպ ալ-Ռիհանին եւ Ապտ ալ-Ուահապը: 1953-ին Լէյլա Մուրատը Ումմ Քուլսումէն ետք յայտարարուած է եգիպտական յեղափոխութեան պաշտօնական ձայնը: Շուտով երգչուհիին մեղադրած են Իսրայէլի պետութեան նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելու մէջ, այնտեղ գաղթած էին անործնողները: Ան հերքած է բոլոր մեղադրանքներն ու դատի տուած: Այդ ժամանակ ալ Լէյլա Մուրատը ընդունած է իսլամը, ինչ հանգեցուցած է ծնողներու հետ ընդյարման, որոնք համաձայն չէին դստեր այդ որոշման հետ: Դատավարութեան ընթացքին բացայայտուած է, որ երգչուհիին զրպարտած են: Սակայն Եգիպտոսի այդ ժամանակուան նախագահ Ճամալ Ապտուլ Նասէրի անձնական պատուէրով անոր գաղտնի պոյքոթ յայտարարած են: Այդպէս, 38 տարեկանին ան ստիպուած եղած է աշխատանքըաւարտել: Անոր երգերը դեռեւս յայտնի էին եգիպտացիներու շրջանին մէջ, սակայն ռադտիոյով չէ հնչած: Երգչուհիի ձայնը ռատիոյով նորէն հնչածլ է 1970-ի Ռամատանի ժամանակ, երբ անոր վստահուած է Ղուրանի ամէնօրեայ ընթերցումը սուրբ ամսուայ ընթացքին: Լէյլա Մուրատը մահացած է 21 Նոյեմբեր 1995-ին Գահիրէի հիւանդանոցին մէջ: === Ընտանիք === Իսլամ ընդունելէ ետք Լէյլա Մուրատի յարաբերությունները իր ընտանիքին հետ այդպէս ալ չեն վերականգնուած: Երբ 1967-1970-ականներուն արական սեռի եգիպտացի հրեաները արտաքսուած էին Ապու-Զաապալի ու Տուրայի ճամբարներ, այնտեղ ընկած էր նաեւ Լէյլայի եղբայր Իսակ Զաքին, որուն ոչ մէկ անգամ այցելած է: Չնայած ծնողներու առարկութիւններուն՝ երգչուհին ամուսնացած է Անուար Ուաճտիի հետ, որմէ 3 անգամ բաժանուած է ու նորէն ամուսնութիւնը գրանցած: Անկէ ետք ան ամուսնացած է եւս 2 անգամ՝ Ուաճիհ Ապազայի ու Ֆատին Ապտուլ Ուահապի հետ, որմէ ունեցած է 1 որդի՝ Զաքի Ֆատին Ապտուլ Ուահապը: Վերջին ամուսինէն բաժանուած է 1969-ին ու ապրած միայնակ: == Ծանօթագրութիւններ == == Տեսաձայնագրութիւններ == Layla Murad (արաբ.) The best of Layla Morad (արաբ.) أغنية الحب جميل- ليلى مراد (արաբ.) == Արտաքին յղումներ == «Leyla Mourad. Golden Voice of over 1,200 songs and 28 films»։ Al Mashriq (անգլերէն) «Layla Murad: Popular Culture and the Politics of Ethnoreligious Identity»։ University of California (անգլերէն) Sami Asmar։ «Decade Later, Layla Murad Still Unforgettable Artist»։ Al Jadid (անգլերէն) Виктор Снитковский։ «Судьба певицы Лейлы Мурад»։ Еврейский мир
19,219
Լուսինէ Սարգսեան
Ջութակահարուհի Լուսինէ Սարգսեանին տեսողական խնդիրները չեն խանգարեր երթալ իր երազանքներու եւ նպատակներու ետեւէն: == Կենսագրութիւն == Լուսինէ Սարգսեանը 1998 թուականին ընդունուեր է Երեւանի Չայքովսքիի անուան միջնակարգ երաժշտական դպրոց՝ Ալեքսանտր Կոսեմեանի դասարան, զուգահեռ յաճախելով երաժշտահանութեան-յօրինումի դասերու՝ Անահիտ Կոստանեանի դասարան: 2008թ. աւարտելով դպրոցը, կ'ընդունուի Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց՝ ջութակի եւ երաժշտահանութեան-յօրինումի բաժիններ 29 Հոկտեմբեր 2016-ին, «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի կունենայ ջութակահարուհի Լուսինէ Սարգսեանի մենահամերգը: Միջոցառումը կը կրէ «Մենահամերգ՝ նուիրուած երազանքներուն» խորագիրը: === Պարգեւներ, Ոսկէ մետալներ » === Նոյեմբեր 2017-ին, Լուսինէ Սարգսեան կը մասնակցի «Կախարդական հրավառութիւն» միջազգային մրցոյթ-փառատօնին, որ տեղի ունեցած էր Սեն Փեթերսպուրկի 200 տարուայ պատմութիւն ունեցող երաժշտահաններու միութեան դահլիճին մէջ, եւ կը դառնայ ոսկէ մետալակիրը գրաւելով «Առաջին» տեղի պատուոյ գիրին: 20-30 Սեպտեմբեր 2018-ին, կը մասնակցի Աւստրիայի մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի ունեցող Ֆրից Քրեյսլերի անուան ջութակահարներու 7-րդ միջազգային մրցոյթին: Ջութակահարուհի Լուսինէ Սարգսեանը ոսկէ մետալի արժանացեր է «Փրակեան աստղաբոյլ» երաժշտական միջազգային մրցոյթ-փառատօնին: Այն տեղի ունեցած է Չեխիայի մայրաքաղաք Փրակայի մէջ Մարտ 25-28-ը: Մասնակցեր է մօտ 50 երկրէն ժամանած շուրջ 150 մասնակից: == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի կունենայ ջութակահարուհի Լուսինէ Սարգսեանի մենահամերգը ԵՍ ԳՆՈՒՄ ԵՄ ԻՄ ԵՐԱԶԱՆՔՆԵՐՈՒ ԵՏԵՒԷՆ` ՈՒԶՈՒՄ ԵՄ ՆՈՒԱԳԵԼ ՓԱԿԱՆԻՆԻԻ 6 ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐԸ». ԼՈՒՍԻՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
23,063
Նայիրի (թերթ)
Նայիրի, ազգային-գրական պարբերաթերթ։ Լոյս կը տեսնէ 1941 թուականէն, սկիզբը Հալէպի մէջ (մինչեւ 1949 թուականը), 1945 թուականէն՝ ամսագիր։ Լոյս կը տեսնէ 1951 թուականէն Լիբանանի մէջ։ Հիմնադիր-խմբագիր՝ Անդրանիկ Ծառուկեան։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն իր շուրջը համախմբած է Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի անուանի հայ գրողներուն, գրականագէտներուն ու արուեստագէտներուն, տպագրած անոնց, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գրողներու (Եղիշէ Չարենց, Գուրգէն Մահարի, Յովհաննէս Շիրազ, Հրաչեայ Քոչար, Գեղամ Սարեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Սարմէն եւ ուրիշներ) բազմաթիւ գործեր։ 1951-1983 թուականներուն (որոշ ընդհատումներ 1964 թուականին ունեցած է «Յառաջ-Գրական» շաբաթական յաւելուածը (խմբագիրներ՝ Գ. Տէրտէրեան, Ա. Դարեան, Պ. Մինասեան)։
2,863
Երեւանի Մեթրոն
Երեւանի Մեթրոն, պաշտօնապէս՝ Կարէն Տէմիրճեանի անունով Երեւանի Մեթրոն, Երեւանի մեթրոյի ցանցն է։ Կառուցումը սկսած է 1972-ին, գործել սկսած է 1981-ին եւ ընդլայնուած է մինչեւ 1996 թուական: Կը գտնուի Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան տակ։ Աշխատողներու թիւը 2005-ի տուեալներով կազմած է 1.129 մարդ։ == Պատմութիւն == Կառուցման նախագիծը հաստատուած է որպէս ստորգետնեայ թրամուայի նախագիծ, սակայն հետագային ան վերափոխուած է մեթրոյի։ Կառուցումը սկսած է 1972 թուականին, սակայն, քանի որ հինգ տարուան ընթացքին ճանապարհին միայն 3,9 քմ.-ը պատրաստ էր, 1977-ին համայնավարական կուսակցութիւնը որոշում առաւ սովետական այլ քաղաքներէն (Մոսկուայի, Լենինկրատի, Մինսքի կամ Թիֆլիսի) օգնութեան կանչել նման աշխատանքներու փորձ ունեցող մասնագէտներ։ Մեթրոն բացուեցաւ 7 Մարտ 1981-ին։ Հետագայ տարիներու ընթացքին ան ընդլայնեցաւ մինչեւ քաղաքի հարաւային մասերը։ Վերջին կայարանը (Չարբախ) շահագործման յանձնուած է 1996 թուականին: Մեթրոյին կառուցումը եւ ընդլայնումը կատարուած է Կարէն Տէմիրճեանի ղեկավարութեան օրով եւ անոր անմիջական հովանաւորութեամբ։ 28 Դեկտեմբեր 1999-ին Երեւանի մեթրոն կոչուեցաւ 27 Հոկտեմբերի Ազգային ժողովին մէջ ահաբեկչական գործողութեան ժամանակ սպաննուած Կարէն Տէմիրճեանի անունով։ Կառուցման բարձր որակին շնորհիւ մեթրոն 1988-ի կործանարար երկրաշարժի ժամանակ չկրեց որեւէ լուրջ վնաս, եւ շարունակեց աշխատիլ արդէն իսկ յաջորդ օրը։ Սակայն երկրաշարժը դարձաւ մեթրոյի ընդլայնման աշխատանքներու կանխեցման գլխաւոր պատճառներէն մէկը, քանի որ հանրապետութեան ամբողջ շինարարական միջոցները ուղղուած էր աւերուած շրջաններու վերականգման։ 1990-ականներու սկիզբը ճգնաժամի ընթացքին հասարակական փոխադրամիջոցի միակ ձեւն էր, որ չէր կեցած իր աշխատանքը։ === Ժամանակագրութիւն === N.B Շէնգաւիթ-Չարբախ երթուղին կը գործածուի որպէս առանձին ծառայութիւն։ 1972 թուականին՝ Կը սկսի Երեւանի մեթրոյի շինարարութիւնը։ 7 Մարտ 1981-ին՝ Շահագործման կը յանձնուի Բարեկամութիւն - Սասունցի Դաւիթ հատուածը։ 26 Դեկտեմբեր 1981-ին՝ Կը բացուի Լենինի Հրապարակ կայարանը։ 11 Յուլիս 1983-ին՝ Շահագործման կը յանձնուի Սասունցի Դաւիթ - Գործարանային հատուածը 26 Դեկտեմբեր 1985-ին՝ Շահագործման կը յանձնուի Գործարանային - Շէնգաւիթ հատուածը։ 1 Յունուար 1987-ին՝ Շահագործման կը յանձնուի Շէնգաւիթ - Սփանտարեան Հրապարակ հատուածը։ Դեկտեմբեր 1988-ին՝ Սպիտակի երկրաշարժէն ետք կը կենան Աջափնեակ եւ Դաւիթաշէն թաղամասերուն մէջ Մեթրոյի Կայարաններ կառուցելու աշխատանքները։ 2 Դեկտեմբեր 1989-ին՝ Կը բացուի Հոկտեմբերեան կայարանը։ 26 Դեկտեմբեր 1996-ին՝ Շահագործման կը յանձնուի Շէնգաւիթ - Չարբախ հատուածը։ 28 Դեկտեմբեր 1999-ին՝ Երեւանի մեթրոյին կը տրուի Կարէն Տէմիրճեանի անունը։ 21 Յուլիս 2011-ին՝ Մեթրոյի ուղեվարձը կը սահմանուի 100 դրամ: === Վերաանուանումներ === 1992-ին՝ Հայաստանի անկախացումէն եւ Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք վերանուանուած են Երեւանի մեթրոյի կայարաններէն մի քանին։ == Թիւեր եւ փաստեր == 1981-ի դրութեամբ տարեկան 14 միլիոն մարդ կ'օգտուէր մեթրոյէն, 1987 թուականին այդ թիւը արդէն կը հասնէր 31 միլիոնի (որ կը կազմէր բոլոր փոխադրամիջոցներով կատարուող ուղեւորահոսքի 9 %-ին)։ 2001-ին այդ թիւը կը կազմէր 15,5 միլիոն երթեւեկող։ 2008-ին մեթրոն 18 միլիոն ուղեւոր տեղափոխած է, 2011-ին՝ 17 միլիոն։ Ներկայիս մեթրոյէն օրական կ'օգտուի 50-էն 60 հազար մարդ։ Երեւանի մեթրոյի ուղիներու ընդհանուր երկարութիւնը 12,1 քմ. է, կ'աշխատին 10 կայարաններ: Կայարաններէն երեքը՝ Սասունցի Դաւիթ, Գործարանային եւ Չարբախ կայարանները վերգետնեայ են, մնացած եօթը՝ ստորգետնեայ։ == Կայարանները == == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Կարէն Տեմիրճեանի անունով Երեւանի Մետրոպոլիտը Հմայող երակ Երիտասարդական կայարանի 3D տեսարանը
4,284
Ճիպէյլ
Ճիպէյլ, Լիբանանի քաղաքներէն մէկը, կը գտնուի Ճապալ Լպնանի նահանգին մէջ: Ան աշխարհի ամենահին բնակուած քաղաքներէն է, ինչպէս նաեւ հազուագիւտ շրջաններէն է, զոր կ՛ապրի հիմնադրումէն մինչեւ օրս: Ան կը գրաւէ յատուկ դիրք մը՝ Միջերկրական ծովուն վրայ, Պէյրութէն շուրջ 37 քմ․ հեռաւորութեամբ: == Հիմնադրութիւնը == Ք.Ա. 6-րդ հազարամեակի ընթացքին, Ճիպէյլի հիմնադրութիւնը սկիզբ առած է որպէս ձկնորսներու գիւղ, որմէ ետք զարգացած եւ դարձած է պաշտօնականապէս քաղաք, այլեւ մայրաքաղաքային քաղաք՝ իր փողոցներով, հանրային կառուցուածքներով, ինքնիշխանութեամբ եւ քաղաքական ինքնութեամբ: == Անուանումը == Պապելոնեան շարադրութիւններուն մէջ կոչուած է Ճուպլա (Goubla), Ասորական շարադրութիւններուն մէջ Ճուպլի/ Ճուպլա (Goubli/Goubla), սակայն յոյները զայն կոչած են Պիպլոս (Byblos), որ յունարէն լեզուով կը նշանակէ Գիրք, նայած Ճիպէյլին գրական ասպարէզին հետ իւրայատուկ կապին: Հաւանական է, որ Ճիպէյլի նոր հնչիւնը ամենայ ճշգրիտը ըլլայ, Կսուի, թէ (Ճիպէյլ) անուանակոչումը Քանանացիական երկու բառերու արդիւնք է՝ Ճիպ որ կը նշանակէ տուն, եւ իլ, որ կը նշանակէ Աստուածներու մեծը կամ Աստուածը, հետեւաբար Ճիպէյլ բառը կը նշանակէ Աստուծոյ Տունը: == Նշանաւոր Տեսարժան Վայրերը == Փիւնիկեցիներուն ամենամեծ տաճարը, կը կոչուի «Պաալէթ Ճիպէյլ»: Ճիպէյլի բերդը, կառուցուած է 12-րդ դարուն խաչակիրներուն կողմէն, կը գտնուի Ճիպէյլի նավահանգիստին մօտ: Ճիպէյլի մզկիթը, զոր կը համարուի Լիբանանի հնագոյն մզկիթներէն: Ճիպէյլի Մեղրամոմի (Շամաա «الشّمع») թանգարանը, կը պարունակէ կարգ մը լիբանանեան նշանաւոր անձնաւորութիւններուն արձանները: Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի եկեղեցին, կառուցուած է խաչակիրներուն կողմէն, 1150 թուականին: Ճիպէյլին հին եւ նշանաւոր թաղերն ու շուկաներըՃիպէյլի մէջ կը գտնուին նաեւ այլ տեսարժան վայրեր:Ճիպէյլի մէջ կը գտնուի նաեւ «Թռչնոց Բոյն» հայ որբանոցը, դպրոցը եւ թանգառանը: == Պատմութիւն == Նոր քարէ դարուն ընթացքին, շուրջ 7000 տարի առաջ, խումբ մը ձկնորսներ հիմնեցին իրենց բնակարանները միջերկրական ծովու ափին, հետեւաբար այդ շրջանը դարձաւ սկզբնական գիւղ մը, որմէ ետք ներկայիս Ճիպէյլ քաղաքը՝: Այն ժամանակ ժողովուրդը կ՛ապրէր տնակներու մէջ: Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակի սկիզբը, Ճիպյէլ քաղաքը զարգացաւ եւ նշանաւոր դարձաւ ի շնորհիւ փայտնայութի առեւտրականութեամբ, զոր կ՛արտահանէր միջերկրականի արեւելեան բաժինին երկիրներուն, մասնաւորապէս Եգիպտոս, ուր կարիքը կար փայտի նիւթին, կատարելու համար իրենց նաւերուն, տաճարներուն եւ այլ կարիքներու շինարարութիւնը: Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակի վերջին փուլին, Ճիպէյլի զարգացման բաժինը իր աւարտին հասաւ, ուր Ամորեցի ցեղերը յարձակում գործեցին Ճիպէյլի բոլոր շրջանները եւ այնտեղ շատ մը շրջաններ այրեցին, սակայն Ճիպէյլի նոր բնակիչները շուտով վերանորոգեցին քաղաքը, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի հետ վերահաստատեցին իրենց յարաբերութիւնը: == Ծանօթագրութիւններ ==
5,981
Վաչական Սարգսեան
Վաչական Ատիպեկ Սարգսեան (25 Մայիս 1951(1951-05-25), Նորաշէն, Սևանի շրջան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), գրող, թարգմանիչ, հրատարակիչ, խմբագիր, «9-րդ հրաշալիք» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր: Գրական կեղծանունը՝ ՎԱՍ: Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ 2007 թուականէն: == Կենսագրութիւն == Վաչական Ա. Սարգսեանը ծնած է 25 Մայիս 1951-ին, Սեւանի շրջանի (Գեղարքունիք) Նորաշէն գիւղին մէջ: 1974 թուականին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի կիրառական թուաբանութեան դպրոցը: 1978-ին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի ՀՄՖ-ի թղթակցութեան բաժինը: 1978-1980 թուականներուն ուսանած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի ՀՄՖ-ի գրաբարի բաժինին մէջ: 1979-1995 թուականներուն աշխատած է «Լոյս» հրատարակչութեան մէջ որպէս խմբագիր, այնուհետեւ (1985-էն)՝ գլխաւոր խմբագիրի տեղակալ: 1979-1981 թուականներուն ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ որպէս աւագ տեղապահ: 1989-1994 թուականներուն աշխատած է Հանրապետական ուսումնամեթոտական կեդրոնին մէջ որպէս «Ուսում» հրատարակչութեան պետ: Զուգահեռ աշխատած է Լեզուի պետական տեսչութեան մէջ։ 1994-էն մինչեւ այսօր ԼՊՏ «Լեզուագէտ» ՊՓԲԸ-ի տնօրէնն է: 1994-1999 թուականներուն եղած է ՀՀ կառավարութեանը առընթեր Լեզուի պետական տեսչութեան Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդի անդամ: 1994 թուականին հիմնադրած է եւ մինչեւ օրս կը հրատարակէհայերէնին, հայ պատմութեան ու մշակույթին նուիրուած «9-րդ հրաշալիք» շաբաթաթերթը: 1996 թուականէն հիմնադրած է եւ Հանրային հեռատեսիլի կայանէն առաջին ալիքով կը վարէ «9-րդ հրաշալիք» հեղինակային հեռատեսիլի խաղը: 2001 թուականէն Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի «Սթերէօ սթուտիա» ռատիօկայանով, իսկ 2002 թուականէն նաեւ «Արմենակոբ» հեռատեսիլի ընկերութեան ուղիղ եթերով կը վարէ «Զարմանահրաշ հայերէն» հաղորդաշարը: 2007 թուականին ընտրուած է Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ: Ամուսնացած է, ունի երեք երեխայ եւ չորս թոռ: == Ստեղծագործական Ուղի == Ուսանողական տարիներէն հանրապետական մամուլին մէջ հրատարակած է բանաստեղծութիւններ, յօդուածներ, երգիծական ոճի ստեղծագործութիւններ: Խմբագրած է գիրքեր, թարգմանած է տասնեակէ մը աւելի գիտական, գիտագեղարուեստական գիրքեր: Հայերէնին նուիրուած բազմաթիւ գիրքերու, ձեռնարկներու, դասագիրքերու հեղինակ է: Վաչական Ա. Սարգսեանի «Այբբենարանը» 1998 թուականէն առ այսօր կը գործածուի հանրապետութեան դպրոցներուն մէջ։ 2005-ին լոյս տեսաւ անոր «Հայերէնի դասագիրքը»՝ դարձեալ առաջին դասարանի համար, այնուհետեւ հրատարակուեցան անոր «Մայրենի-1», «Մայրենի-2», «Մայրենի-3», «Մայրենի-4» դասագիրքերը (վերջին երեքը՝ համահեղինակութեամբ), որոնք արդէն մի քանի տարիէ կը գործածուին հանրակրթական դպրոցին մէջ։ Ան նաեւ համահեղինակ է հանրակրթական դպրոցին մէջ օգտագործուող «Մաթեմատիկա-1», «Մաթեմատիկա-2», «Մաթեմատիկա-4» դասագիրքերու: Անոր «Հայ-ռուսերէն դարձուածաբանական պատկերագիր բառարանը», «Խաղագիրքեր» մատենաշարը հայոց լեզուի նրբութիւններու ներկայացումներ են: Վ. Ա. Սարգսեանի «Անցողիկ Յաւերժութիւն», «Այս Տխրութիւնը Ես Չեմ Յօրինած», «Օրը՝ Ինչպէս Որ Տեսայ» ժողովածուներուն մէջ զետեղուած են բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, միտքեր, երգիծանք, հրապարակախօսական յօդուածներ, գրական նմանակումներ եւ այլն: Թարգմանական գիրքերէն են՝ Ռոպերթ Ալենի «Ինչպէս Փրկել Երկիրը», Վիքթոր Պորուլիայի «Միջուկային Գրոհ», Վ. Սիբրուկի «Ռոպերթ Վուտ» գիտագեղարուեստական գիրքերը: 2011-ի Մարտին, Վաչական Սարգսեանի ծննդեան 60-ամեակի առթիւ, լոյս տեսած է «Ներկայություն»ը՝ Վաչական Ա. Սարգսեան Կենսամատենագիտութիւն 60» գիրքը (կազմողներ՝ Պելլա Դաւթեան, Հրանդ Վարդանեան), որ կ'ամփոփէ անոր գործունէութեան ողջ կենսամատենագիտութիւնը, գիրքերու եւ այլ հրատարակութիւններու ամփոփագիրեր եւ գրախօսութիւններ անոր ստեղծագործութիւններու մասին: Ըստ այդ գիրքին՝ մինչեւ 2011-ի Մարտ Վաչական Սարգսեանի հեղինակութեամբ եւ համահեղինակութեամբ լոյս տեսած է 48 գիրք եւ դասագիրք (եւս 9 գիրք կը պատրաստուի տպագրութեան), 29 դիդակտիկ պարագայ եւ ուսումնաօժանդակ ձեռնարկ, թարգմանական 10 գիրք: == Աշխատանքներ == === Գեղարուեստական === Պատկերագիր այբուբեն, Մանկական պատկերազարդ քառատողեր (1998) Օրեր եւ Սէր- Բանաստեղծութիւններ (1999) Անցողիկ Յաւերժութիւն (2001) Այս Տխրութիւնը Ես Չեմ Յօրինել- Հրապարակախօսութիւն, բանաստեղծութիւններ, երգիծանք, ասոյթներ (2003) Արարման 9-րդ օրը- Հրապարակախօսութիւն, բանաստեղծութիւններ, երգիծանք, ասոյթներ (2005) Մենախօսութիւն երկուսով: Վիպակ (2008) Օրը՝ Ինչպէս Որ Տեսայ- Հրապարակախօսութիւն, բանաստեղծութիւններ, երգիծանք, ասոյթներ (2008) Պատկերագիր այբուբեն- Մանկական բանաստեղծութիւններ (2000, 2005, 2008) Երկրաչափութիւն մանուկներու համար (2010, համահեղինակ) Հանելուկներ. պատասխանները՝ նկարներուն մէջ (չափածոյ հանելուկներ փոքրերու համար) (2011) Ասոյթներ յամենայն դէպս (2011) Զուարթ տրամաբանութիւն (չափածոյ խնդիրներ երեխաներու համար) (2011, համահեղինակ) Երկու Հեքիաթ (2011) Ժամանակը Աչքերու Վրայ (2011) Երգող այբուբեն (2012) Բանաստեղծութիւններ- Ժողովածու (2013) Արմանք-զարմանք այբբենական ընթերցարան (2013) Ի լուր եւ ի տես- Հրապարակախօսական մանրապատումներ, յօդուածներ, երգիծապատումներ (2014) Մեծ գիրք փոքրերու համար- Մանկական բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, զուարճալիքներ: (կը պատրաստուի հրատարակութեան) === Դասագիրքեր === Այբբենարան- Դասագիրք տասնամեայ հանրակրթական դպրոցներու համար (1998, 1999, 2000, 2001, 2002, 2003, 2004, 2005) Այբբենարան- Դասագիրք հանրակրթական տասներկուամեայ դպրոցներու համար (2006, 2007, 2008, 2009, 2010, 2011, 2012) Հայերէնի դասագիրք-1- Դասագիրք հանրակրթական դպրոցներու համար- Առաջին դասարան (2005, 2006) Մայրենի-1 (2007) Մայրենի-2 (2007, 2010, համահեղինակ) Մայրենի-3 (2008, 2011, համահեղինակ) Մայրենի-4 (2009, 2012, համահեղինակ) Մաթեմատիկա-1 (1-ին մաս) (2006, 2007, 2008, 2009, 2010, 2011, 2012, համահեղինակ) Մաթեմատիկա-1 (2-րդ մաս) (2006, 2009, 2012, համահեղինակ) Մաթեմատիկա-2 (2007, 2010, համահեղինակ) Մաթեմատիկա-4 (2009, 2012, համահեղինակ) Տեղեկագիտութիւն- Դասագիրք հանրակրթական դպրոցներու համար, 2-րդ դասարան (2011, համահեղինակ) === Գիտահանրամատչելի === Հայոց լեզուի դարձուածքներ նկարներով- Դարձուածքներու հայ-ռուսերէն պատկերազարդ բառարան (1989) Խաղագիրք-1- Լեզուատրամաբանական հետաքրքրաշարժ, զուարճալի հեղինակային առաջադրանքներ (1996) Խաղագիրք-2- Լեզուատրամաբանական հետաքրքրաշարժ, զուարճալի հեղինակային առաջադրանքներ, նկարազարդ առածներ, դարձուածքներ, խնդուկներ եւ այլն (1999) Նկարելուկները հայերէնին մէջ- Ձեռնարկ: Կ'ընդգրկէ հեղինակային 1000 նկարելուկ (ռեբուս), ատոնց կազմման սկզբունքները, պատմութիւնը, դասակարգումը եւ տեսակները (2001, համահեղինակ) Հայկական խաչբառ- Լեզուատրամաբանական խրախճանականներ (2002, համահեղինակ) Իրաւական ուղեցոյց երիտասարդներու համար (2004, վերաշարադրանքի, նկարներու մտայղացման, ձեւանմուշի հեղինակ) Հայերէնը ափի մէջ: Ստուգաբանությունների, լեզվական նրբությունների ու զարմանալի իրողութիւններու շտեմարան- Օտար եւ հայ մեծերու շուրջ 300 ասոյթ հայերէնի մասին (2005) Եղծ դոկտորաց- Գիրքին մէջ կը բացայայտուի գիտական աշխարհի կեղծիք մը (2004) Նկարազարդ դարձուածաբանական բառարան (2013) Կախարդական մասնիկներ. խաղ մեծերու եւ փոքրերու համար (2015) === Գիտամեթոտական === Հայերէնի դասագիրք-1- Մեթոտական ուղեցոյց (2006) Մայրենի-1- Մեթոտական ուղեցոյց (2006) Մաթեմատիկա-1- Մեթոտական ուղեցոյց (2006, համահեղինակ) Այբբենարան- Ուսուցիչի ձեռնարկ (2006) Մայրենի-2- Մեթոտական ձեռնարկ (2007, համահեղինակ) Մայրենի-2 - 4- Ուսուցիչի ձեռնարկ (2007, համահեղինակ) Մաթեմատիկա-2- Մեթոտական ուղեցոյց (2007, համահեղինակ) Մայրենի-3- Մեթոտական ձեռնարկ (2008, համահեղինակ) Մայրենի-4- Մեթոտական ձեռնարկ (2009, համահեղինակ) Մայրենի-3- Պաստառներու լրակազմ (ուղեցոյց) (2009, համահեղինակ) Մայրենի-4- Պաստառներու լրակազմ (ուղեցոյց) (2009, համահեղինակ) «Խաղ ԵՒ ուսուցում- Խաղային արուեստագիտութեան կիրառումը տարրական դպրոցին մէջ- Լեզուատրամաբանական առաջադրանքներ (Մենագրութիւն)» (2012) === Դիդակտիկ Պարագաներ === Պատկերագիրք- Հայերէն տառերու պատկերային իւրօրինակ ներկայացումներ (2007) «Զարմանահրաշ խորանարդիկներ» (2008) Ուսումնական պաստառներ- Մայրենի լեզու (առաջին, երկրորդ, երրորդ, չորրորդ դասարաններ) (2008, 2009, համահեղինակ) Մաշտոցի բանակը (2002) (Տպագրուած է Հալէպի մէջ) Հայերէն տառերու պատկերային իւրօրինակ ներկայացումներ օրացոյցներու տեսքով (1994, 1999, 2001, 2005) «Այբբենարանի» աշխատանքային տետրեր (գրատետրեր 1, 2, 3) «Մայրենի-1», աշխատանքային տետր «Մայրենի-2», աշխատանքային տետր (գրատետր 1, 2) «Մայրենի-3», աշխատանքային տետր (գրատետր 1, 2) «Մայրենի-4», աշխատանքային տետր (գրատետր 1, 2) Գրատետրեր «Ամառային ղօղանջներ» (1-4-րդ դասարաններու համար) «Խաղագիրք-1 մանուկներու համար» (1-ին դասարան) «Խաղագիրք-2 մանուկներու համար» (2-րդ դասարան) «Մաթեմատիկա-1», աշխատանքային տետր (1, 2) «Մաթեմատիկա-2», աշխատանքային տետր (1, 2) Տեղեկագիտություն: աշխատանքային տետր, 2-րդ դասարան (2011, համահեղինակ) === Հեռատեսիլի Եւ Ռադիոյի Հաղորդաշարեր === «9-րդ հրաշալիք» հեղինակային հեռուստախաղ՝ նուիրուած հայոց լեզուին, հայ պատմութեանն ու մշակոյթին: Հանրային հեռատեսիլի առաջին ալիք (1995-2000) «Զարմանահրաշ հայերէն» հեղինակային հեռուստաշար՝ նուիրուած հայոց լեզուին, հայ պատմութեանն ու մշակոյթին: Հանրային ռատիօ, «Սթերէօ-սթուտիա», «Արմենակոբ» հեռատեսիլի ընկերութիւն (2000-2005) == Պարգեւներ == «Մայրենի լեզուի օրուան կապակցութեամբ եւ հայերէնի զարգացման գործին մէջ ունեցած վաստակի համար» 18 Փետրուար 2006-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի շնորհակալագիրով: «Մայրենիի անաղարտութեան պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ ունեցած ուշագրաւ հրապարակումներու համար» պարգեւատրուած է ՀՀ ԿԳՆ Լեզուի պետական տեսչութեան պատուոգիրով: 4 Յուլիս 2014-ին «կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտին մէջ ներդրած մեծագոյն աւանդին համար եւ Հայաստանի գրողներու միութեան հիմնադրման 80-ամեակի կապակցութեամբ» պարգեւատրուած է ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ոսկէ յուշամետալով: == Գրականութիւն == Ով ով է. հայեր (կենսագրական հանրագիտարան: Երկու հատորով). – Հայկական հանրագիտարան, 2007, 740 էջ: 2-րդ հատոր, էջ 421-422 Ներկայութիւն: Վաչական Ա. Սարգսեան: Կենսամատենագիտութիւն 60 (կազմողներ՝ Պելլա Դաւթեան, Հրանդ Վարդանեան).– «9-րդ հրաշալիք», 2011, 224 էջ: == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին Յղումներ == Հարցազրոյց կրթամշակութային թեմաներով Վաչական Սարգսեանի յօդուածը տարրական կրթութեան մասին Հարցազրոյց լեզուական թեմաներով Յօդուած լեզուական թեմաներով Հարցազրոյց՝ նուիրուած 60-ամեակին «9-րդ հրաշալիք» շաբաթաթերթի 15-ամեակին նուիրուած հարցազրոյց Գրախօսութիւն Վաչական Սարգսեանի «Երկրաչափութիւն մանուկներու համար» գիրքին մասին Հեռատեսիլի հարցազրոյց «Երեւան» հեռատեսիլի ընկերութեան եթերով (տեսանիւթ) Հեռատեսիլի հարցազրոյց «Երեւան» հեռատեսիլի ընկերութեան եթերով (տեսանիւթ) Վաչական Սարգսեանի ասոյթները «Գրանիշ» կայքէջին վրայ
4,741
Մշակութային շարժումը 1880-1890-ական տարիներուն
Թէեւ Թուրքիոյ մէջ Ազգային Սահմանադրութիւնը եւ ամէն տեսակի ժողովներ կ՛արգիլուին, բայց յառաջադէմ գրագէտներ եւ հրապարակագիրներ կը յաջողին նոր նկարագիր հաղորդել արեւմտահայ լեզուին եւ գրականութեան, խմբուած՝ թերթերու շուրջ («Արեւելք», ապա՝ «Մասիս» եւ «Հայրենիք»)։ Շեշտելով լեզուի ու գրականութեան ժողովրդական, հանրօգուտ դերը, անոնք զուգահեռ կ՛ընթանան յեղափոխական կուսակցութիւններու գործին, որ փոխարինած էր Զարթօնքի ազգասիրական քարոզչութիւնը։ 1890–էն ետք, վարչակարգի խստացումով եւ գրաքննութեան ճնշումով, Պոլսոյ հայութեան կեանքը աւելի կը տժգունի․ գիրք տպելը գրեթէ անկարելի կը դառնայ. թատրոնները կը փակուին։ 1895-1896–ի կոտորածներն ու հետեւող սարսափը կ՛արգիլեն ամէն շարժում, տեղ ձգելով միայն անձնական, «նեղ» գրականութեան կամ այլաբանական էջերու։ Մեծ թիւ մը գրագէտներ եւ հրապարակագիրներ Պոլիսէն կ՛անցնին արտասահման, եւրոպական երկիրներէ միչնեւ Եգիպտոս։ Ծանր պայմաններով՝ Լոնտոն, Փարիզ, Գահիրէ, Պալքաններ՝ անոնք կը հրատարակեն գրական-քաղաքական թերթեր (Արփիարեան՝ «Նոր Կեանք», Չօպանեան՝ «Անահիտ»)։ Արեւելահայութեան մօտ ընկերա-մշակութային պայմանները տարբեր են։ Ցարական ճնշումները ազգային-քաղաքական գետնի վրայ՝ չեն արգիլեր հայութեան բարգաւաճումը, մանաւանդ Պաքուի եւ Թիֆլիսի պէս երկիրններու մէջ։ Դրամատէր-քաղքենի խաւը եւ համալսաանական երտասարդութիւնը տեղ-տեղ կ՛այլասերին, բայց զգալի մաս մըն ալ, պահելով ազգային գիտակցութիւնը եւ տէր կանգնելով մշակոյթին, զանոնք կ՛օժտէ նոր յենարաններով ու մտաւորական նոր որակով։
5,572
Պենֆիքա (Ֆութպոլային Ակումբ)
Պենֆիքա (փորթ.՝ Sport Lisboa e Benfica), Փորթուգալական ֆութպոլային ակումբ Լիզապոն քաղաքէն։ Փորթուգալի ֆութպոլի առաջնութեան եւ բաժակի բազմակի յաղթող է, ՈՒԵՖԱ-ի Յաղթականներու Լիկայի կրկնակի բաժակակիր։ Ակումբը ստեղծուած է 1904 թուական Փետրուար 28-ին։ «Պենֆիքան» կը համարուի Փորթուգալի առաջնութեան հիմնադիր ակումբներէն մէկը։ Փորթուգալի ամենատիտղոսակիր ակումբներէն մէկն է. Փորթուգալի առաջնութեան 34-անգամեայ յաղթական, Փորթուգալի բաժակի 24-անգամեայ յաղթող եւ երկրի Սուբըրբաժակի 4-անգամեայ նուաճող։ Ակումբի տնային մարզադաշտը «Էշդատիու Տա Լուս»-ն է, որ կը տեղաւորուի 65 647 հանդիսական։ «Փորթօ ՖԱ»-ի եւ «Սպորտինգ ՖԱ»-ի հետ միասին՝ «Պենֆիքան» կը մտնէ Փորթուգալի ակումբներու «մեծ եռեակի»ն մէջ (փորթ.՝ Os Três Grandes): Բացի այդ՝ ակումբը երբեք չէ լքած Փորթուգալի բարձրագոյն առաջնութիւնը։ «Պենֆիքան» դարձած է Փորթուգալի մէջ առաջին ակումբը, որ մէկ մրցաշրջանի ընթացքին ոչ մէկ պարտութիւն կրած է (1972/73), ինչպէս նաեւ Եւրոպայի միակ ակումբն է, որ կրկնած է այդ յաջողութիւնը (1977/78): «Պենֆիքան» միակ Փորթուգալական ակումբն է, որ մասնակցած է Եւրոպական ակումբային մրցութիւններու 10 եզրափակիչներուն։ Նշանակալի է, որ ի տարբերութիւն Եւրոպական ակումբներու մեծամասնութեան, «Պենֆիքայի» երկրպագուները իրենք կը պահեն ակումբը եւ կը կառավարեն այն՝ սկսած հիմնումէն։ «Պենֆիքան» 22-րդ տեղը կը գրաւէ երկրագունդի ամենահարուստ ակումբներուն մէջ՝ տարեկան €111,1 մլն շրջանառութեամբ: «Պենֆիքայի» համար սկզբունքային են «Փորթոյի» դէմ խաղերը, որոնք մտած են Փորթուգալական ֆութպոլի պատմութեան մէջ որպէս Քլասիքօ (փորթ.՝ O Clássico): Ակումբը շատ սկզբունքային հանդիպումներ կը տանին նաեւ ընդդէմ «Սպորտինգի». այս խաղերը Փորթուգալացի երկրպագուներուն յայտնի են որպէս «Լիզապոնի հակարակորդը» (փորթ.՝ Derby de Lisboa): «Պենֆիքայի» գլխաւոր մարզիչը Ռուի Վիթորիան է։ ՈՒԵՖԱ Յաղթականներու Լիկայի 2011/2012 խաղաշրջանի 1/8 եզրափակչին «Պենֆիքան» յաղթեց Պետերբուրգի «Զենիթին» (2-3; 2-0): 2013/14 մրցաշրջանին «Պենֆիքան» հասաւ Եւրոպայի Լիկայի եզրափակիչ։ Կիսաեզրափակչին «Արծիւները» յաղթեցին «Ժուվենդուսին» ընդհանուր 2-1 հաշիւով, իսկ 1/4 АЗ (3-0) 1/8-ին «Թոթենհեմին» (5-3), 1/16-ին «Բաոկին» (4-0): Եզրափակչին անոնք պարտուեցան «Սեւիյային»: 2014/15 մրցաշրջանին «Պենֆիքան» Յաղթականներու Լիկայի С խմբին մէջ՝ «Մոնաքոյի», «Պայերի» եւ «Զենիթի» հետ, գրաւելով 4-րդ հորիզոնականը 5 միաւորով։ == Ելոյթներու պատմութիւն == == Հակարակորդ == «Պենֆիքան» ունի երկու գլխաւոր հակառակորդներ։ Անոնցմէ մէկը լիզապոնեան հակարակորդ է՝ հակամարտութիւնը ընդդէմ «Սպորտինգ ՖԱ»-ի։ Միւսը Փորթուգալի Քլասիքոն է՝ հակամարտութիւնը ընդդէմ «Փորթօ ՖԱ»-ի։ Բացի այդ՝ «Պենֆիքայի» կարեւոր հակառակորդներն են «Պրական», «Բելենենսիշը», «Վիտորիան» եւ «Պասուշ Տէ Ֆեռերեան»: Խումբին վաղեմի հակառակորդներէն է նաեւ Լիզապոնեան «Աթլեթիքոն»: == Երկրպագուներ == «Պենֆիքան» Փորթուգալի ամենայայտնի ակումբն է։ Երկրպագուներու երկու ամենայայտնի խումբերը՝ «Diabos Vermelhos», «No Name Boys» բարդ հարաբերութիւններու մէջ են։ Երկրպագուները ընկերական հարաբերութիւններ ունին «Նաբոլիի» եւ «Հայդուկի» հետ։ Թշնամիներն են «Փորթոնն», «Սպորտինգը», «Պրական» եւ «Աթլեթիքոն»: == Տիտղոսներ == === Ազգային տիտղոսներ === Փորթուգալի Յաղթական (Մրցանիշ) Յաղթական (34): 1935/36, 1936/37, 1937/38, 1941/42, 1942/43, 1944/45, 1949/50, 1954/55, 1956/57, 1959/60, 1960/61, 1962/63, 1963/64, 1964/65, 1966/67, 1967/68, 1968/69, 1970/71, 1971/72, 1972/73, 1974/75, 1975/76, 1976/77, 1980/81, 1982/83, 1983/84, 1986/87, 1988/89, 1990/91, 1993/94, 2004/05, 2009/10, 2013/14, 2014/15 Արծաթե մրցանակակիր (27): 1943/44, 1945/46, 1946/47, 1947/48, 1948/49, 1951/52, 1952/53, 1955/56, 1958/59, 1965/66, 1969/70, 1973/74, 1977/78, 1978/79, 1981/82, 1985/86, 1987/88, 1989/90, 1991/92, 1992/93, 1995/96, 1997/98, 2002/03, 2003/04, 2010/11, 2011/12, 2012/13 Պրոնզէ մրցանակակիր (15): 1934/35, 1938/39, 1950/51, 1953/54, 1957/58, 1961/62, 1979/80, 1984/1985, 1994/95, 1996/97, 1998/99, 1999/00, 2005/06, 2006/07, 2008/09 Փորթուգալի ֆութպոլի Բաժակ (Մրցանիշ) Բաժակակիր (28): 1930, 1931, 1935, 1940, 1943, 1944, 1949, 1951, 1952, 1953, 1955, 1957, 1959, 1962, 1964, 1969, 1970, 1972, 1980, 1981, 1983, 1985, 1986, 1987, 1993, 1996, 2004, 2014 Եզրափակչի մասնակից (10): 1938, 1939, 1958, 1965, 1971, 1974, 1975, 1989, 1997, 2005, 2013 Փորթուգալական Լիկայի Բաժակ (Մրցանիշ) Բաժակակիր (6): 2009, 2010, 2011, 2012, 2014, 2015 Փորթուգալի Սուբըրբժակ Բաժակակիր (5): 1980, 1985, 1989, 2005, 2014 Եզրափակչի մասնակից (11): 1981, 1983, 1984, 1986, 1987, 1991, 1993, 1994, 1996, 2004, 2010 === Միջազգային տիտղոսներ === Կաղապար:ՈՒԵՖԱ Յաղթականներու Լիկայի Բաժակ Եւրոպական Յաղթականներու Բաժակ / ՈՒԵՖԱ Յաղթականներու Լիկա Յաղթող (2): 1961, 1962 Եզրափակչի մասնակից (5): 1963, 1965, 1968, 1988, 1990 ՈՒԵՖԱ Բաժակ / Եւրոպայի Լիկա Եզրափակչի մասնակից (3): 1983, 2013, 2014 Միջմայրցամաքային Բաժակ Եզրափակչի մասնակից (2): 1961, 1962 Աշխարհի Փոքր Բաժակ Յաղթող (1): 1965 === Այլ տիտղոսներ === Լատինական Բաժակ Բաժակակիր (1): 1950 Իբերիական Բաժակ (Մրցանիշ) Բաժակակիր (1): 1984 Եզրափակչի մասնակից (3): 1991 Էսեբիոյի Բաժակ (Մրցանիշ) Բաժակակիր (3): 2009, 2011, 2012 Եզրափակչի մասնակից (3): 2008, 2010, 2013 == Յայտնի մարզիչներ == Կաղապար:Country data Պորտուգալիա Կոսմէ Դամիան. 1908—1926 Բրազիլիա Օդօ Կլորիա. 1954—1959, 1968—1970 Հունգարիա Պելա Գուտման. 1959—1962, 1965—1966 Կաղապար:Country data Շվեդիա Սւեն-Յորան Էրիքսոն. 1982—1984, 1989—1992 Կաղապար:Country data Պորտուգալիա Ժոզէ Մոուրինիո ]. 2000 Իսպանիա Ժոզէ Անթոնիո Կամաչօ. 2002—2004, 2007—2008 Իտալիա Ճովանի Տրապատոնի. 2004—2005 Կաղապար:Country data Նիդեռլանդներ Ռոնալտ Կուման. 2005—2006 Իսպանիա Ժոզէ Փետրօ Մուտինէզ. 2002—2004, 2007—2008 Կաղապար:Country data Պորտուգալիա Ժորժի Ժեզուշ. 2009—2015 Կաղապար:Country data Պորտուգալիա Ռույ Վիտորիա. 2015-այժմ։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին Յղումներ == Կաղապար:Commons category Ակումբի պաշտօնական կայք (փորթ.) Բենֆիկա ՖԱ-ն Փորթուգալի ֆութպոլի ֆեդերացիոյ պաշտոնական կայքին մէջ Կաղապար:Pt icon Բենֆիկա ՖԱ-ն ՈՒԵՖԱ-ի պաշտօնական կայքին մէջ
21,150
Վանեցի աղջիկ (քանդակ)
«Վանեցի աղջիկ» քանդակ, կը գտնուի Երեւան, Աբովեան փողոցին եւ Սայաթ-Նովա պողոտային՝ Երեւան Սայաթ-Նովա պողոտայի խաչմերուկէն քիչ մը վեր: == Տեղեկութիւններ == Տեղադրուած է 1975-ին։ Ընդգրկուած է «Երեւան Կեդրոն վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկ»ին մէջ (Երեւան Կեդրոն վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկ)։ Քանդակը կառուցուած է գլխաւորաբար պազալդէ (երկաթաքար),իսկ բարձրութիւնը 2 մեթր է։ == Հեղինակ == Քանդակագործն է Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Հռիփսիմէ Սիմոնեան: == Ծանօթագրութիւններ ==
17,138
Գալֆայեան
Գալֆայեան, հայկական մականուն։ == Մականունը կրողներ == Ամբրոսիոս Գալֆայեան (1826-1906), պատմաբան, բառարանագիր: Առաքել Գէորգի Գալֆայեան (1830-ական թթ.-1910-ական թթ. ետք), բանաստեղծ, բանասէր: Աւետիս Գալֆայեան (1913-1968), թղթակից: Արիս Գալֆայեան (1884-՞), մանկավարժ: Գրիգոր Գալֆայեան Գրիգոր Թորոսի Գալֆայեան (1900-1975), բժիշկ, ֆակիր: Գրիգոր Օհաննէսի Գալֆայեան (1873-1949), երգահան, խմբագիր: Գրիգոր Գալֆայեան (1868-՞), խմբագիր-հրապարակախօս։ Զարեհ Համբարձումի Գալֆայեան (1887-1939), նկարիչ։ Թադէոս Գալֆայեան (20-րդ դար), թղթակից։ Խորէն Արք. Գալֆայեան (1832-1892), բանաստեղծ, թարգմանիչ, դրամատուրգ, մանկավարժ, հոգեւոր գործիչ։ Կարապետ Գալֆայեան Կարապետ Գալֆայեան (1877-1920), դերասան։ Կարապետ Կարապետի Գալֆայեան (1884-1967), բանասէր, հոգեւոր գործիչ: Յովհաննէս Գալֆայեան (1891-1951), դերասան։ Հիլտա Մարգարի Գալֆայեան (1942), բանաստեղծուհի, մանկավարժ: Մարգար Վահանի Գալֆայեան (1890-ական թթ.-1948), բանաստեղծ, բժիշկ: Միսաք Գալֆայեան (19-20-րդ դարեր), գործակատար, թղթակից: Մկրտիչ Յակոբի Գալֆայեան (1897-՞), մտաւորական: Միհրան Յակոբի Գալֆայեան (1891, Կ. Պոլիս - 1915), հայ բժիշկ։ Նշան Գ. Գալֆայեան (1865-1933), խմբագիր, գիւղատնտես։ Պետրոս Գալֆայեան (1868-1915), մշակութային գործիչ։ Ս. Հ. Գալֆայեան (19-րդ դար), լրագրող։ Ստեփան Գալֆայեան, ճարտարապետ, քանդակագործ։ Սրբուհի Նշանի Գալֆայեան (1822-1889), միանձնուհի, բարերար, ժանեկագործ, ասեղնագործող վարպետ: Վահան Եփրեմի Գալֆայեան (1886-1976), բանաստեղծ, արձակագիր, մանկավարժ: Տիրան Գալֆայեան (1848-1915), դերասան։ Քրիստոֆ Գալֆայեան (1969լ), հայկական ծագմամբ ֆրանսացի նախկին լողորդ։ Յարութիւն Գալֆայեան (1870, Թալաս-1915), յայտնի յեղափոխական գործիչ, Դաշնակցական։ == Ծանօթագրութիւններ ==
5,434
Պազա
Պազա (սպ.՝ Baza), քաղաք եւ համայնք Սպանիոյ մէջ, կը մտնէ Կրանատա նահանգի կազմի մէջ, Անտալուսիա ինքնավար մարզ։ Համայնքը կը գտնուի Պազա գաւառի կազմի մէջ։ Տարածքը 542 քմ2։ Բնակչութիւնը 21982 մարդ (ըստ 2010 թուականի մարդահամարի տուեալներուն)։ Կը գտնուի նահանգի վարչական կեդրոնէն 100 քմ հեռաւորութեան վրայ։ == Բնակչութիւն == == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Պաշտօնական էջ
3,351
Ինտրա
Ինտրա (Տիրան Չրաքեան, 11 Սեպտեմբեր 1875(1875-09-11), Սկիւտար, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 6 Յունիս 1921(1921-06-06), Սիլվան, Դիարբեքիրի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բանաստեղծ։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է 1875-ին Պոլիս, Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք յաճախած է թաղային դպրոց Պէրպէրեան վարժարան, ուր կրած է Ռէթէոս Պէրպէրեանի խոր ազդեցութիւնը: Մեծանուն կրթական գործիչը խօսելով իր աշակերտին մասին, կը գրէ.- «Լուսալի աչքերով աշխոյժ բայց արդէն խոհուն պատանեկիկ մըն էր, չարաճճի հարցուփորձող ժպիտով մը»: Տիրան Չրաքեան ուշիմ աշակերտ եղած է, մասնաւոր սէր ու հակում ունեցած է նկարչութեան, երաժշտութեան եւ գրականութեան հանդէպ: Իր ստորագրութիւնը կրող քանի մը յաջող իւղանկարներ եւ գծանկարներ մնացած են կարգ մը բարեկամներու մօտ: Ամէն հարցի խորը թափանցելու հետաքրքրութիւնը կը մղէ որ Չրաքեան կլանուի նաեւ գիտութեամբ: Լայն ծանօթութիւններ ձեռք կը բերէ մասնաւորաբար բնապատմութեան ճիւղին մէջ: Պէրպէրեան վարժարանը աւարտելէ ետք, 1891-ին կը նուիրուի ուսուցչութեան նոյն վարժարանին մէջ։ 1898-ին դարձեալ ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Տրապիզոն, Սեւ ծովեան շրջան եւ 1900-ին կը վերադառնայ Պոլիս: Սեւ Ծովէն քաղած ներշնչումները այդ տեղափոխութեան կը պարտի: 1904-1905 տարիներուն նախ կ'անցնի Փարիզ՝ նկարչութեան եւ գրականութեան հետեւելու, յետոյ կ'այցելէ Եգիպտոս ու կը դառնայ Պոլիս: Առաւելաբար անձնական աշխատութեամբ ձեռք կը բերէ իր փափաքած զարգացումը: 1906-ին կը հրատարակէ «Ներաշխարհ»ը, զոր գրի առած էր 1898-1900-ին: Ինտրա կը շարունակէ ուսուցչութեան պաշտօնը վարել Պէրպէրեան, Կեդրոնական եւ Պեզազեան վարժարաններուն մէջ, աւանդելով գլխաւորապէս հայ գրականութիւն: 1908-ին կը հրատարակէ «Նոճաստան»ը, քերթուածներու փոքրիկ հատոր մը: Ինտրա մօտ 15 տարի իր աշխատակցութիւնը բերած է հայ թերթերուն եւ տարեգիրքերուն, զանազան յօդուածներով: Ուշագրաւ է մասնաւորաբար «Ներաշխարհ»ի պաշտպանութեան համար գրած իր ընդարձակ յօդուածաշարքը, ի պատասխան գրաբարագէտ Տիգրան Ելքէնճեանին, որ «Բիւզանդիոն»ի մէջ քննադատած էր այս գործը: 1910 թուականը անկիւնադարձ մը կ'ըլլայ Չրաքեանի կեանքին մէջ։ Յաջորդական ներքին տագնապներ իր մէջ կ'առաջացնեն հոգեփոխութիւն եւ կ'ուրանայ իր անցեալը, գրական վաստակը, նոյնիսկ Իռենան: Նախ կը յարի ոգեհարցութեան, ապա շաբաթապահութեան, դառնալով աւետարանի քարոզիչ: Համաշխարհային Առաջին պատերազմին իբրեւ հասարակ զինուոր կը ծառայէ թուրք բանակին մէջ, բայց կը մերժէ զէնք վերցնել, հաւատարիմ մնալու համար «մարդ չսպանելու» իր սկզբունքին: Իր աշակերտները դրամ կը հաւաքեն եւ զինք կ'ազատեն զինուորութենէ՝ վճարելով անհրաժեշտ փրկագինը: Պոլիս վերադառնալով կը շարունակէ Ս. Գիրքի քարոզչութեամբ զբաղիլ: Կինն ու մէկ հատիկ զաւակը կը հեռանան տունէն՝ անհանդուրժելի գտնելով շաբաթապահ քարոզիչի իր ընթացքը: Խորապէս ցնցուած 1915-ի ահաւոր ոճիրներէն, ընդմիշտ կը կորսնցնէ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ անձնատուր կ'ըլլայ մտասեւեռումներու: Այդ օրերուն է, որ կ'այրէ իր բոլոր ձեռագիրները: 1919-1920 տարիներուն կը հիմնէ Աւետարանական լսարան եւ կը քարոզէ Քրիստոսի սէրը եւ հանդերձեալ կեանքի գեղեցկութիւնը: Հոգեկան տագնապը այնուհետեւ արգելք կը դառնայ գրական ամէն ստեղծագործութեան եւ մահուան փափաքը իր հիմնական մտածումը կը դառնայ: Քեմալական շարժումի օրերուն, Ինտրա մեկնած էր Գոնիա, ուր տունէ տուն պտտելով կը քարոզէր Աւետարանի եւ քրիստոնէական կեանքի ճշմարտութիւնը: Կը ձերբակալուի իբրեւ կասկածելի ու վտանգաւոր անձ, «կիլիկեան յեղափոխական գործիչ» եւ կ'աքսորուի անծանօթ ուղղութեամբ: Տասնեակ օրերու տաժանելի ճամբորդութենէ ետք, իր բախտակիցներուն հետ կը հասնի Տիգրանակերտի դաշտը եւ անօթի, ծարաւ ու հիւանդ, մտրակներու հարուածներու տակ, ի վերջոյ շունչը կը փչէ 11 Սեպտեմբեր 1921-ին, ընկերներուն յանձնարարելով սէր, միութիւն եւ հաւատք: Իր ծանօթներուն վկայութեամբ՝ Ինտրա կեանքի ընթացքին եղած է ստորնութեանց եւ միջակութեանց մոլեգին թշնամի, վերջին ծայր սրամիտ, վիճաբանիլը սիրող, գեղեցիկին առջեւ սարսռացող, զօրաւոր յուզումներ փնտռող եւ այդ յուզումներով գինովնալ սիրող բացառիկ անձ մը: == Գործերը == Գրական նախափորձերը եղած են ոտանաւորներ՝ գրուած Պէրպէրեան վարժարանի ուսանող եղած օրերուն: «Բիւզանդիոն», «Շիրակ», «Ոստան», «Արեւելք» թերթերուն աշխատակցած է արձակ էջերով, քննադատական փորձերով, ճամբորդական նօթերով եւ իմաստասիրական ու ոգեհարցական ուսումնասիրութիւններով: Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը» հրատարակած է Չրաքեանի արժէքաւոր նամակները, որոնք յոյս կը սփռեն իր կեանքին եւ հոգեկան բեկումներուն վրայ։ Կը խօսուի նաեւ վէպի մը եւ սիրային արձակ քերթուածներու մասին, որոնք շատ հաւանօրէն յանձնուեցան կրակին, իր հոգեկան տագնապի օրերուն: Հատորի ձեւին տակ Ինտրայէն մեզի հասած են երկու գործեր.- 1) «ՆԵՐԱՇԽԱՐՀ».- Տպուած 1906-ին, բայց գրուած 1898-1900 շրջանին, այսինքն երբ հեղինակը 23 տարեկան էր տակաւին: Տիրան Չրաքեան 16 Հոկտեմբեր 1900-ին Մ. Կիւրճեանին ուղղած նամակի մը մէջ կը գրէ. «Գիրքս լմցուցի այսօր: Օ՜հ, մեծ, մեծ ազատումը, զոր սակայն, վարժութեամբ դեռ չեմ կրնար կոր չափել. գործին գաղափարը զիս այնքան նեղած էր, որ կարծես թէ դեռ լմնցուցած չեմ զայն. մինչդեռ իսկապէս լմնցաւ այս առտու»: Գիրքը ձօնուած է իր ուսուցիչ-տնօրէնին՝ Ռ. Պէրպէրեանին: Պէրպէրեան գրած է շահեկան յառաջաբան մը, ուր կը ջանայ մատնանշել Ինտրայի տաղանդին յատկանիշերը: Ինչպէս խորագիրը ցոյց կու տայ, այս գիրքը կը պատկերացնէ Ինտրայի ներքին աշխարհը՝ արտաքին պատկերներու եւ դէպքերու շրջանակին մէջ։ Հոն կը գտնենք բնութեան նկարագրութիւններ՝ «խոկացող» նոճիներով, ձիւնածածկ լեռներու տաճարային խորհուրդով, Պոլսոյ սլացիկ մինարէներով: Ականատես կ'ըլլանք բանաստեղծի ապրումներուն՝ իր սենեակի առանձնութեան մէջ, գիշերուան լամբարի աղօտ լոյսին մէջ։ Մեզ կը փոխադրէ Սեւ Ծովու ափերը կամ բուրգերու ստորոտը, «Առասպելօրէն անրջացած սփինքսին» խորհրդաւոր նայուածքին տակ: Այս գիրքին մէջ կը գտնենք տակաւին պաշտամունքը լոյսին, իր բիւրեղային մաքրութեամբ: Հոս է սէրը՝ Իռենան, «լուսեղէն եւ արփային» այդ էակը, որ ամբողջովին լոյս է ու հոգի: Գիրքը մեր առջեւ կը բանայ նաեւ մանկութեան յիշատակներ, եկեղեցիի զանգակին եւ խունկի բուրումներուն կախարդանքովը անուշցած: Բանաստեղծական այս բոլոր ապրումներուն քովն ի վեր, «Ներաշխարհ»ը կու տայ վկայութիւններ արեւելքի եւ արեւմուտքի իմաստասիրական մտածումներէն, ինչպէս նաեւ արձագանգը կը հանդիսանայ ընկերային հարցերու: Դժուար է այս գիրքին նիւթը ամփոփել, որովհետեւ աւելի վերլուծում է մտածումներու եւ զգացումներու, քան թէ դէպքերու պատմում: 2) «ՆՈՃԱՍՏԱՆ» (1908).- քառասուն հնչեակներու հաւաքածոյ մը, որուն մէջ տեղ գտած բոլոր քերթուածներն ալ ներշնչուած են նոճիներու խորհուրդէն եւ կը սեւեռեն անցաւորէն դէպի յաւիտենական կեանք ձգտող հոգիի մը տագնապանքը: Ինտրա հմայուած է նոճիներու երջանիկ ճակատագրէն, որովհետեւ, ըստ իրեն, անոնք ի վիճակի են ձգտելու յաւերժական լոյսին եւ ճշմարտութեան, իսկ ինք զուրկ է այդ գեղեցկութեանց հասնելու կարողութենէն: == Գրական յատկանիշեր == Ինտրայի գրականութիւնը, իր ամբողջութեան մէջ, անմահութեան եւ անհունութեան հասնելու ձգտում մըն է՝ աննիւթացման եւ հոգեղինացման ճամբով: Այսպէս՝ երբ կը կարդանք «Ներաշխարհ»ը, անմիջապէս կ'անդրադառնանք որ անսովոր, բացառիկ գործի մը առջեւ կը գտնուինք: Այդ գիրքը ոչ բանաստեղծութիւն է եւ ոչ վէպ՝ ընթացիկ իմաստով: Սակայն իր մէջ կը պարունակէ թէ՛ բանաստեղծական եւ թէ վիպային տարրեր: Ամբողջութիւնը խօսակցութիւն մը՝ կը ներկայացնէ իր իսկ հոգիին եւ ապա նաեւ տիեզերական ոգիին հետ: Ինտրա ոգեղէնի սիրահարն է եւ ամէն ինչ կ'ոգեղինացնէ: Կը խորշի առօրեայ կենցաղէն, նիւթէն եւ նիւթականէն: Յաւիտենականին եւ աստուածայինին գեղեցկութիւններն են, որ զինք կը քաշեն: Իր սէրը, մարմնաւորուած Իռենայի անձով, ամբողջովին մաքրազտուած է աշխարհային եւ մարմնեղէն տարրերէ: Սէրը, Ինտրայի համար, բնութեան մէկ սքանչելի երեւոյթն է, անոր հրաշալի խորհուրդներէն մէկը: Իռենան կը ներկայանայ իրեն իբրեւ Աստուծոյ սրբալոյս մէկ ցոլքը, աննիւթ եւ անհպելի, որուն կարելի է մօտենալ լոկ կրօնական ջերմեռանդութեամբ: Յաւիտենականութեան եւ անմահութեան գաղափարով լեցուած՝ Ինտրա ինքզինք մաս ու եղբայր կը զգայ բնութեան եւ երկինքին, տեւաբար ձգտելով աւելի աննիւթացման եւ աւելի յաւերժացման: Այս պատճառով է որ մահը իրեն համար բաղձալի բան մըն է, քանի որ առիթ կ'ընծայէ յաւերժութեան մերձենալու: Գեղեցիկին ու լոյսին երգիչն է ինք, որովհեսեւ գեղեցիկը անանձ է ու վեր կը մնայ առօրեայէն: ԵՍ-էն դէպի ընդհանրականը, շօշափելիէն դէպի անշօշափելին, նիւթէն դէպի ոգեկանութիւն՝ ահա Ինտրայի դաւանանքը, որ յագեցած է նաեւ Գեղեցիկի, Բարիի ու Ճշմարիտի ըմբռնումով, Պէրպէրեանի ազդեցութեան տակ: Մարդուս կեանքը- կը հաւատայ Ինտրա- դէպի տիեզերքի ստեղծիչը տանող ճամբուն վրայ ինկած հանգրուան մըն է: Այս անցքը պէտք չէ որ կաշկանդէ մեզ: Մարդ պէտք է գիտնայ արհամարհել աշխարհային ամէն վայելք, հասնելու համար յաւերժական հոգեղինացման: «Ներաշխարհ»ին պէս «Նոճաստան»ն ալ կը պատմէ հողեղէն եւ աշխարհային կեանքի ունայնութիւնը: Ինտրա գիտէ միաձուլուիլ բնութեան տարրերուն, ձայներուն եւ գոյներուն հետ: Այս գիծով՝ ան կը մօտենայ համաստուածութեան, տիեզերական եղբայրակցութեան: Ինտրա կը յորդի «անեզրութեան» գաղափարով: Սկիզբը ԵՍ-ն է, վախճանը՝ Աստուած: Դժգոհ է ընկերութենէն, որովհետեւ կը խորհի թէ ան կը կաշկանդէ մարդուս թռիչքը: Իր իսկ երկը վերլուծող ընդարձակ յօդուածին մէջ, Ինտրա կը շեշտէ.- «Նիւթ ըսուածը խտացուած, սահմանաւորուած Արփն է. իսկ հոգին՝ սահմանազերծ, անպարագիծ նիւթը: Մարդը փոխանցում մ'է ձեւէն դէպի իմաստը, տեսիլէն դէպի խորհուրդ, թիւէն դէպի Անհուն, իրականութենէն դէպի Գաղափարը»: Այս ու նման գաղափարներով յագեցած՝ Ինտրա աւելի բանաստեղծ է քան փիլիսոփայ: Արուեստագէտ մը՝ որ կը մտածէ, կ'երազէ, կը հրճուի եւ կը տառապի: Տեսլահար մըն է գինովցած երկինքին եւ անհունին տեսիլքով: Մանուկի մը հիացիկ հոգիով կը քալէ կեանքին մէջ, յափշտակուած ստեղծագործութեան հրաշալիքներէն: Որքան բովանդակութեամբ, նոյնքան նաեւ ձեւով ու արուեստով անսովոր գործ մըն է «Ներաշխարհ»ը մեր գրականութեան մէջ: Ահա թէ ինչպէ՛ս կը բնորոշէ Չրաքեան իր գործին բաղադրութիւնը.- «Լեռնագաւառ մ'է դժնդակ սեպութիւններով, բայց նաեւ խաղաղասփիւռ հովիտներով, յստակագիծ պայծառերանդ հեռուներով, բայց միանգամայն միգամած սարերով ու խաւարին խորքերով լի»: Այն շրջանին (1890-1900), երբ Պոլիսը գրեթէ պարպուած էր իր յայտնի դէմքերէն եւ գրականութիւնը տժգունած, աշնան դեղին տերեւներու վերածուած, գրական անարիւն էջերու տաղտկալի այս հանդէսին մէջ երկու բացառիկ խառնուածքներ կը ծաղկին, լուռ ու մունջ, գրեթէ կորսուած իրենց մեկուսի անկիւններէն ներս: Անոնցմէ մէկը Միսաք Մեծարենցն է, միւսը՝ Տիրան Չրաքեանը: Երկուքն ալ օժտուած են խոր զգայնութեամբ, երկուքն ալ մեծ արուեստագէտ ու վեր իրենց շրջապատի միջակութիւններէն: Ճիշդ այդ պատճառով ալ երկուքն ալ անտեսուած մնացին երկար ատեն: Ինտրա, Մեծարենցի նման, բանաստեղծ է եւ նոյն ատեն ունի նկարչական շատ հարուստ զգայարանք: Աշխարհը կը տեսնէ շարունակ գունագեղ պատկերներով: Ամէն մէկ էջին մէջ կը ստեղծէ լոյսի եւ ստուերի խաղեր, կը կենդանացնէ բնութիւնը եւ մինչեւ իսկ թանձրացեալ իրականութեան մէջ կը վերածէ ծովուն ձայնն ու աղի համը: Ինտրայի ոճը բարդ է: Փոխանակ անջատ նախադասութիւններ կազմելու, ան կ'աշխատի մտքերը ձուլել ընդհանրացումներու մէջ: Գրեթէ բնաւ չի գործածեր մաշած կաղապարներ: Ամէն մէկ նախադասութեան եւ ստեղծած պատկերին վրայ իր անձին կնիքը կայ: Գերազանցօրէն ինքնատիպ հեղինակ մըն է այնպէս որ Ինտրայի մէկ էջը բաւարար է զինք զատելու ուրիշներէ: Զարտուղի ճամբաներէ քալող այս մեծ գրագէտը ունի անշուշտ իր թերութիւններն ալ: Ինտրայի ոճը շատ ծանրաբեռնուած է բազմայարգ նախադասութիւններով, ոլորուն բառերով: Ճիշդ այս պատճառով «Ներաշխարհ»ի ընթերցումը կը յոգնեցնէ թերեւս բայց չի ձանձրաձներ: Տեղ-տեղ Ինտրա կը դառնայ շատաբան, այսինքն շատ կը բացատրէ եւ շատ կը վերլուծէ, առանց ընթերցողին տալու անձնական գիւտին հաճոյքը: Բառերու հեղեղի մը ներքեւ յաճախ կը խեղդէ մտածումի եւ նկարագրութեան իրականութիւնը: Մերձիմաստ կամ նոյնիմաստ բառերու տարափները կը տեղան՝ առաջ բերելով պրկուած ու ծանր պարբերութիւններ: Հայկազեան բառարանին հարստութիւնը եւ մեր կէտադրութեան նշանները զինք չեն գոհացներ: Իր ներքին յոյզերն ու մտածումին նրբութիւնները արտայայտելու համար կը յօրինէ նոր բառեր եւ կէտադրական նոր նշաններ: Եթէ երբեմն յաջող են Ինտրայի կերտած բառերը (ինչպէս՝ հիանուաղ, խնկաթեւ, միւռոնացում, եւլն.) շատ անգամ սակայն խժալուր կը դառնան՝ իրենց բռնազբօսիկ կառոյցով. Օրինակ՝ ժանտարերգ, ծովաժուարդ, տիտանուագային, ծածկայուն, եւլն.: Հակառակ այս բոլորին, Ինտրայի գործը կը պահէ իր մնայուն արժէքը, իբրեւ վկայութիւնը արուեստագէտ բացառիկ խառնուածքի մը, որ նոյն ատեն իր մէջ կը կրէր բանաստեղծի գերազգայուն հոգի եւ իմաստասէրի տագնապող միտք: == Երկերու մատենագիտութիւն == Ներաշխարհ, Կ. Պոլիս, 1906, 252 էջ: Ներաշխարհ, Պէյրութ, 1955, 192 էջ: Ընտիր երկեր, Պէյրութ, 1974, 320 էջ: Երկեր. Նոճաստան, Այլ բանաստեղծութիւններ, Արձակ էջեր, Քննադատական յօդուածներ, Նամակներ Վէրժինին, Երեւան, 1981, 432 էջ: Ներաշխարհ, Երեւան, 2006, 208 էջ: Հովին ձայնը (Երկեր), գիրք Ա. Ներաշխարհ, Նոճաստան, Երեւան, 2014, 504 էջ: Հովին ձայնը (Երկեր), գիրք Բ. Էսսեներ, Յօդուածներ, Գրական դիմանկարներ, Գրախօսութիւններ, Երեւան, 2014, 456 էջ: == Ծանօթագրութիւններ ==
23,080
Վիքթոր Բալայեան
Վիքթոր Բալայեան (16 Յուլիս 1931(1931-07-16), Ստեփանաւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն - 31 Յունուար 1995(1995-01-31), Երեւան, Հայաստան), հայ արձակագիր, լրագրող, թարգմանիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ։ == Կեանք եւ գործունէութիւն == Ծնած է Լոռիի մարզի Կարկառ գիւղը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1954 թուականին: === Վարած պաշտօններ === Ուսումը աւարտելէ ետք իբրեւ գրական աշխատող աշխատած է «Պիոներ կանչ» թերթին մէջ, իսկ 1956-1958 թուականներուն ստանձնած է «Աւանկարտ» թերթի վարիչի պաշտօնը: Այնուհետեւ Բալայեան եղած է «Պիոներ կանչ» թերթի պատասխանատու քարտուղար, որմէ ետք ստանձնած է «Հայաստան» հրատարակչութեան մանկապատանեկան գրականութեան խմբագրութեան վարիչի պաշտօնը: Թերթերու մէջ ստանձնած պաշօտններուն առընթեր ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած է Երեւանի համալսարանի լրագրութեան բաժնին մէջ, դասաւանդելով «Գրականութիւնը եւ արուեստը լրագրութեան էջերուն մէջ» առարկան: Ան 1970-1974 թուականներուն եղած է «Հայաստան» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիրը։ 1974-1979 թուականներուն «Սովետական գրող» հրատարակչութեան տնօրէն, իսկ 1979-1984 թուականներուն՝ հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ: === Աշխատութիւններ === Այս բոլոր պաշտօններու կողքին Բալայեան զբաղած է գրականութեամբ. հայերէն, ինչպէս նաեւ ռուսերէն լեզուով լոյս տեսած են իր աշխատութիւնները, ինչպէս՝ «Քանդուած նկուղի գաղտնիքը», «Ստուեր եւ լոյս», «Առաջին դասը», «Անտեսանելի հետքեր», «Մշուշը ցրւում է» եւ այլ աշխատութիւններ:Ստեղծագործելու կողքին զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով՝ հայերէնի թարգմանելով Զ. Նենացքիի, Ի. Մատիաշովսքիի, Լուիս Նորմանի եւ այլ գրողներու գործերը: == Ծանօթագրութիւններ ==
2,078
Գրիգոր Արծրունի
Արծրունի Գրիգոր (27 Փետրուար (11 Մարտ) 1845, Մոսկուա, Ռուսական Կայսրութիւն - 19 (31) Դեկտեմբեր 1892, Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն), հրապարակախօս, հիմնադիր եւ խմբագիր-հրատարակիչ՝ «Մշակ» հայ լրագիրին։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է Մոսկուա 1845-ի Փետրուար 27-ին։ Արծրունին իր մանկութիւնը անցուցած է Մոսկուայի մէջ եւ փոքր հասակէն տան մէջ սկսած է Ֆրանսերէն խօսիլ։ 1855–ին ծնողներուն հետ կ՛երթայ՝ Գերմանիոյ Կրացնախ քաղաքը, ուր կը սկսի դաս առնել գերմաներէն եւ լատիներէն լեզուներու։ Գրիգոր դարձեալ Մոսկուա կը բերուի, իսկ Մոսկուայէն ալ Տփխիս (Թիֆլիս), ուր 12 տարեկան հասակին առաջին անգամ կը սկսի հայերէն սովորիլ, նախ՝ Մուղնիի միաբան Գրիգոր քահանայ Տէր Բարսեղեանին մօտ, ապա՝ «Մեղու Հայաստան»ի հայաթերթի խմբագիր Պետրոս Սիմոնեացի մօտ, իսկ յետոյ՝ նշանաւոր Առաքել վարժապետ Արարատեանի մօտ։ Թիֆլիսի մէջ Գրիգոր կը յաճախէ աւագ դպրոցի դասընթացքները եւ 1863-ին դասընթացքը աւարտելով 1864-ին կը մեկնի Մոսկուա, ուր կը մտնէ բնագիտական համալսարան։ 1865-ին Արծրունին Փեթերսպուրկ կը տեղափոխուի եւ այնտեղէն առաջին անգամ կը սկսի գրել «Մեղու Հայաստանի»-ի մէջ (1865 №։ 13 եւ 14)։ Չդիմանալով Փեթերսպուրկի օդին, կ՛անցնի Ֆրանսայի Նիս քաղաքը՝ բժշկուելու համար, իսկ այնտեղէն՝ Ժընեւ եւ Զիւրիխ, ուր կարճ շրջանով, տեղի համալսարանին ազատ ունկնդիր եղաւ, իսկ 1867-ին Հայտելպէրկի համալսարան մտաւ քաղաքատնտեսութիւն սորվելու, 1869-ին փիլիսոփայութեան դոկտորի կոչումը ստանալով Փարիզ անցաւ, այնտեղէն ալ Վիեննա, ուր համալսարանի կը հետեւէր. իսկ Մխիթարեանց մօտ ալ հայերէն կը սորվէր։ Վիեննայէն նոյն նպատակով կ՛անցնի Վենետիկ։ == Ստեղծագործական կեանք == 1871-ին անգամ մը եւս այցելելով Հայտելպէրկը՝ Թիֆլիս կը հանի, ուր ձրիաբար ուսուցչութեան պաշտօնը ստաձնեց Գայիանեան եւ Մարիամեան ուսումնարաններում եւ միեւնոյն ժամանակ սկսաւ աշխատակցիլ «Մեղու»-ին Նեոպէ եւ Ասիացի, Է․ Շաթիրաւացի կեղծանուններով։ Արծրունիի առաջին գործն եղաւ «Մշակ»-ի հրատարակութիւնը, որ ան սկսաւ 1872-ին իբրեւեւ շաբաթաթերթ։ Հրատարակման օրէն Արծրունին իրեն շրջապատեց ժամանակի ամէնէն աչքի ինկող գրողներով, որոնք էին Րաֆֆին, Գ․ Սունդուկեանը, Ա․ Քիշմիշեանը, Ստ․ Պալասանեանը եւ այլք, որոնք ամէն քայլափոխին իրեն կ՛աջակցէին, քանի որ ան դեռ հայերէնին այնքան ալ չէր ընտելացած, եւ անոնք կը խմբագրէին թերթը։ 1876-ին «Մշակ»-ն սկսաւ շաբաթն երկու անգամ հրատարակուիլ, իսկ 1878-էն շաբաթը 5 անգամ։ 1884-ին Արծրունիի գործերը ձախող ընթացան. նիւթապէս ճնշուած, ֆիզիքապէս ալ քայքայուած՝ դադարեցուց «Մշակ»-ը, գնաց Շուէտ առողջութիւնը վերադառնալով արտասահմանից 1886-ին վերսկսաւ «Մշակ»-ի հրատարակութիւնը՝ շաբաթ երեք անգամ, որ տեւեց մինչեւ իր մահը, որ տեղի ունեցաւ Թիֆլիս 1892-ի Դեկտեմբեր 19-ին։ Հանգուցեալը մեծ հանդէսով ու բազմաթիւ պսակներով թաղուեցաւ Խոջիվանքի գերեզմանատունը, ուր 1902 դեկտ․ 23-ին բացուեցաւ անոր «առանց խաչի» մահարձանը։ == Աղբիւր == Բառարան Հայ Կենսագրութեանց, Հայկ ՏԷր-Աստուածատուրեանց, Ա. հատոր, Թիֆլիս 1904, էջ 152: Հայ Հանրագիտակ, Հ․ Մկրտիչ Վարդ․ Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, Բ․ հատոր, էջ 282։ == Արտաքին յղումներ == Շիրվանզադէի յուշերը Գրիգոր Արծրունու վերաբերեալ kamavor- Գրիգոր Արծրունին եւ նրա «Մշակը» «Խոստովանութիւն. Գրիգոր Արծրունի». ֆիլմ՝ Նարինէ Թուխիկեանի հեղինակային ֆիլմաշարէն։
8,224
Սիւզի Կենտիկեան
Սիւզաննա Լեւոնի Կենտիկեան (գերմաներէն՝ Susianna "Susi" Kentikian, 11 Սեպտեմբեր 1987(1987-09-11), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), Գերմանիոյ մէջ բնակող հայազգի բռնցքամարտիկ։ ՀԻնգ տարեկանին Սիւզիին ընտանիքը կը տեղափոխուի Գերմանիա եւ 1996 թուականին կը հաստատուի Համպուրկ: Կենտիկեանը իբր արհեստավարժ բռնցքամարտիկ մուտք գործած է 2005 թուականին, պայմանագիր կնքելով «Spotlight Boxing» կազմակերպութեան հետ։ Կենտիկեան WBA, WBO եւ WIBF վարկածներով բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեան եղած է գերթեթեւ ծանրութեան կարգին մէջ։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին Յղումներ == Պաշտօնական կայք(գերմ.)
22,399
Սուրիահայ մամուլ
Սուրիահայ մամուլ, հայկական մամուլը Սուրիոյ մէջ ձևաւորուեր է դարերու ընթացքին: == Հրապարակուած թերթեր == 1868-1877 թուականին թուրքերէն հրատարակուեր է «Ֆռաթ» («Եփրատ», Հալէպ) Եռօրեայ թերթը, որը արաբերէնի, թուրքերէնի հետ ունեցեր է նաև հայատառ թուրքերէնի բաժին։ 1918 թուականէն ցայսօր տպագրուեր են շուրջ 150 անուն հայերէն պարբերականներ, մեծ մասը՝ Հալէպի մէջ։ === 1913- 1991 === Տեղի առաջինն հայերէն պարբերականը «Աղբիւր» (1913-1914) խմորատիպ ամսաթերթն է։ Կարևոր հրատարակութիւններէն է ՌԱԿ-ի Կիլիկիայի շրջանի վարչութեան «Հայ ձայն» (1918-1922, 1919 թուականէն՝ Ատանա) քաղաքական, տնտեսական և գրական օրաթերթը, ՍԴՀԿ-ի Հալէպի մասնաճիւղի «Եփրատ» (1919) հասարակական-քաղաքական շաբաթաթերթը, ՍԴՀԿ-ի Սուրիոյ շրջանի պաշտօնական «Սուրիական մամուլ» (1922-1927) ազգային, հասարակական-քաղաքական, մշակութային օրաթերթը, ՌԱԿ-ի «Եփրատ» (1927-1949) գրական, քաղաքական պաշտօնաթերթը, կրօնական, կրթական, գիտական «Նոր աուետաբեր» (1927-1934) Երկշաբաթաթերթը, ազգային, գրական «Նայիրի» (1941 թուականէն, նախապէս՝ պարբերագիրք, 1952 թուականէ՝ Պէյրութի մէջ) շաբաթաթերթը, ՀՅԴ-ի Սուրիոյ շրջանի պաշտօնական «Արևելք» (1946-1963) հասարակական-քաղաքական-գրական-գեղարուեստական օրաթերթը, «Նոր Մարաշ» (1946-1961) ամենամեայ հանդէսը, քաղաքական, գրական «Սուրիա» (1946-1960) անկախ օրաթերթը, կրօնական «Լրատու» (1964-1980) շաբաթաթերթը, արուեստի, գրականութեան և գիտութեան «Մշակոյթ» (1967, 1970, 1972) պարբերագիրքը և այլն։ Ներկայիս Հալէպի մէջ կը հրատարակուին Հալէպի հայ ազգային ծերանոցի խնամակալութեան «Հայ ծերանոց» (1952 թուականէն) եռամսեայ տեղեկատու հանդէսը, գրական, գեղարուեստական, պատմաբանասիրական «Գեղարդ» (1975 թուականէն) տարեգիրքը, Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի պաշտօնական «Գանձասար» (1978 թուակնէն, 1978-1981 թուականներուն՝ «Պարբերաթերթ», 1982-1991 թուականին՝ «Օշական») կրօնական, հասարակական, մշակութային շաբաթաթերթը և այլն։ == Ծանօթագրութիւն ==
3,770
Կառուցողական Մղօններ
Կառուցողական մղօնները (anabolic steroids) արհեստականօրէն (synthetic) արտադրուող մղօններ (steroids) են: Անոնք կը կոչուին նաեւ կառռւցողական արական մղօններ, իսկ ժողովուրդին կողմէ անոնք յաճախ կանուանուին որպէս՝ մղօններ: Արհեստականօրէն պատրաստուած մղօնները ունին արական բնական ներազդակի (testosterone) բոլոր յատկութիւնները: == Յատկութիւնները == Այս ներազդակը (hormone) բնականօրէն կ՛արտադրուի ամորձիներուն (testicle) մէջ: Անոր յատկութիւնները. ա. Կ՛արագացնէ առնանդամին (penis), սերմնաբշտիկին (seminal vesicle), սերմնաժայթքիչ ծորանին (ejaculatory duct), շագանակագեղձին (prostate gland), կոճղիզա-միզուկային (bulbo-urethral) գեղձերուն եւ փոշտին (scrotum) աճումը. բ. Կը զարգացնէ տղոց մօտ մարմնական սեռային երկրորդական յատկանիշները, ինչպէս՝ մորթի գոյնի եւ ձայնի փոփոխութիւն, մօրուքի աճում, մարմինի զանազան մասերուն վրայ մազի յայտնաբերում եւ մարմինի ֆիզիքական համաչափութիւն: == Արհեստականօրէն պատրաստուած կառուցողական մղօններուն դերակատարութիւնները == Կառուցողական մղօններու հիմնական յատկութիւնները արական բնական ներազդակներուն կը նմանին, սակայն, կարելի է մանրամասնօրէն յիշել արհեստականօրէն պատրաստուած կառուցողական մղօններուն դերակատարութիւնները. 1- Մարմինի մկաններու ուժեղացում եւ ծաւալում, յատկապէս՝ վիզի, ուսերու, բազուկներու եւ կրծքավանդակի մկաններու, ինչպէս նաեւ մկաններու տկարացման արգելք. 2- Մեծ քանակութեամբ բնասպիտի (protein) արտադրութիւն. 3- Ախորժակի բարելաւում. 4- Ոսկորներու եւ ոսկրածուծի աճ. 5- Արական սեռային յատկանիշներու զարգացում. այսպէս՝ ա. Արբունքի արագացում եւ բարելաւում, բ. Դէմքին վրայ մազերու աճում, գ. Ձայնալարերու ծաւալում եւ ձայնի փոփոխութիւն, դ. Մարմինի զանազան մասերուն վրայ մազի յայտնաբերում, ինչպէս՝ կուրծքի, ոտքերու եւ ցայլքի (pubic) վրայ. ե. Մարմինի ֆիզիքական համաչափութիւն, զ. Ճարպային գեղձերու (sebaceous glands) աշխուժացում, է. Առնանդամի ծաւալում անչափահաս տղոց մօտ եւ ծլիկի (clitoris) ծաւալում՝ անչափահաս աղջիկներու մօտ: == Կառուցողական մղօնները բժշկութեան մէջ == Կառուցողական մղօնները բժշկութեան մէջ կը գործածուին՝ 1- Գրգռելու համար ոսկրածուծի արտադրողականութիւնը եւ արագացնելու համար ոսկորներու աճը. 2- Արգելք հանդիսանալու տարեցներու ոսկրափխրումին (osteoporosis). 3- Արագացնելու մարմնական աճը. 4- Բարելաւելու ախորժակը. 5- Դարմանելու ամլութիւնը (infertility) եւ սեռային տկարութիւնը. 6- Արագացնելու արբունքը եւ դարմանելու արբունքի ուշացումը. 7- Բարելաւելու տարեցներու եւ շատ տկար անձերու մկանային կարողականութիւնը, մասնաւորապէս՝ ներմուծեալ դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ախտանիշէ (AIDS), մարդկային դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահրէ (HIV) եւ խլիրդէ տառապող հիւանդներուն մօտ. 8- Արական ներազդակի անբաւարարութենէ տառապողներուն սեռային կեանքը (libido) աշխուժացնելու եւ բարելաւելու. 9- Բարելաւելու արեան տկարացումի որոշ պարագաներ. 10- Օժանդակելու սպիտակարիւնութեան (leukemia) դարմանումին: == Կառուցողական մղօններու գործածութեան հետեւանքները == Կառուցողական մղօնները կը գործածուին մասնաւորապէս մարզիկներու կողմէ, սակայն անոնց գործածութիւնը հակաօրինական է եւ գործածողները կ՛ենթարկուին օրինական հետապնդումներու ու պատիժներու: Ընդհանրապէս բոլոր մարզիկները ստիպողաբար կենթարկուի՛ն բժշկական յատուկ քննութիւներու՝ փաստելու համար կառուցողական մղօններու գործածութիւնը անոնց կողմէ: Այն մարզիկը, որ կը մերժէ բժշկական քննութիւնը, կը ստանայ համապատասխան պատիժ: Յաճախ պատանիներ եւ երիտասարդներ գաղտնօրէն կը գործածեն կառուցողական մղօնները, պարզապէս ապահովելու համար մարմնական եւ մկանային ֆիզիքական աճ: Կառուցողական մղօնները անչափահասներու մօտ կու տան աւելի զօրաւոր ըլլալու տրամադրութիւն եւ մարզիկի խաբկանք: Ընդհանրապէս անչափահասները եւ երիտասարդները ընդունելի քանակէն շատ աւելիով կը գործածեն այս մղօնները, հետեւաբար, անոնք կ՛ունենա՛ն զանազան տեսակի բարդութիւններ եւ երեւոյթներ: Ծնողները պէտք է կասկածին իրենց զաւակներուն կողմէ այս մղօններու գործածութեան հարցէն, երբ տեսնեն հետեւեալ փոփոխութիւնները անոնց մօտ. 1- Տրամադրութեան անսովոր փոփոխութիւն. 2- Դէմքի պզուկի (acne) վատթարացում. 3- Անակնկալ մկաններու աճ: Մեծ քանակութեամբ գործածուած կառուցողական մղօնները կ՛ազդեն մարդու առողջութեան վրայ եւ կը յառաջացնեն հետեւեալ խանգարումները ու անբնական երեւոյթները. 1- Արեան ցած խտութեամբ ճարպաբնասպիտի (LDL) բարձրացում. 2- Արեան բարձր խտութեամբ ճարպաբնասպիտի (HDL) նուազում. 3- Արեան ճնշումի բարձրացում. 4- Սրտի ձախ փորոքի (ventricle) աշխատանքի խանգարում. 5- Պզուկի (acne) յայտնաբերում դէմքին վրայ. 6- Հոգեբանական անբնական զարգացումներ, մասնաւորապէս՝ թշնամական արարք (violence), նախայարձակ մտադրութիւն (aggression), ցնորութիւն (mania), տրամադրութեան փոփոխութիւն եւ խանգարում, ինչպէս նաեւ մղօնի ենթակայութիւն (dependence). 7- Ամլութիւն, սերմնաբ« (sperm) նուազում ու ամորձիներու տկարացում. 8- Դաշտանի, դաշտանադադարի եւ ձուիկներու (ova) արտադրութեան խանգարումներ. 9- Ոսկորներու անբնական եւ յոռի աճ. 10- Լեարդի ուռեցքներու զարգացում. 11- Տղոց մօտ՝ կրծքագեղձի աճ, մազի կորուստ, մկաններու ցաւ, ձայնի խռպոտութիւն, շագանակագեղձի ծաւալում եւ կանխահաս սեռային կեանքի զարգացում. 12- Աղջիկներու մօտ՝ մազակալում, գլխու մազի կորուստ եւ ծլիկի ծաւալում. == Գրականութիւն == Բժիշկին Դ. Խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Անթիլիաս, 2015, էջ 69-71
21,153
Սասունցի Դաւիթ (յուշարձան)
«Սասունցի Դաւիթ» արձան, ձիարձան «Սասունցի Դաւիթ» հրապարակին վրայ։ Հեղինակը Երուանդ Քոչարն է։ Յուշարձանը տեղադրուած է 1959–նին։ Ընդգրկուած է «Երեւանի Էրեբունի վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկ»ին մէջ։ == Հեղինակներ == Ճարտարապետ՝ Միքայէլ Մազմանեան Քանդակագործ՝ Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Երուանդ Քոչար == Տուեալներ == Քանդակը կառուցուած է կոփածոյ պղնձէ եւ պազալտէ, չափերն են՝ 6,5x2,2x9,3 մ․։ == Պատմութիւն == 1939–ին Երեւան կը պատրաստէին տօնել «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպի 1000-ամեակը։ Տօնակատարութիւններուն նախօրէին որոշուեցաւ կայարանամերձ հրապարակին կանգնեցնել դիւցազնավէպի հերոսին քանդակը։ Քանդակին վրայ աշխատանքներն սկսած են 1939–ին՝ հայկական դիւցազնավէպի գծագրեալ նկարաշարին զուգընթաց։ Յայտարարուած մրցոյթին, առարկեցին քանդակագործներու մէկ մասը․ պնդեց, որ արձանը ստեղծելու համար հարկաւոր է մէկ-երկու տարի, իսկ մնացեալները այլ պատուէրներով զբաղուած էին։ Միայն նկարիչ-արձանագործ Երուանդ Քոչարը, որ նոր վերադարձած էր Ֆրանսիայէն յանձն առաւ կարճ ժամանակամիջոցին իրականացնել այդ աշխատանքը։ Վարպետ աշխատանքն աւարտեց անհաւատալի կարճ ժամկէտով՝ 18 օրուան մէջ։ յուշարձանը կը տեղադրուի կայարանամերձ հրապարակին եւ այնտեղ կը մնայ մօտ 2 տարի։ 1941 թուականին Քոչարի կը ձերբակալուի եւ արձանը կ′ ոչնչացուի։ Քանդակագործին կը բերագրուէրմեղ թէ «մերկացրած սրով հեծեալը կը նայի դէպի «բարեկամ» Թուրքիա...» եւ այդ հաւասարազօր էր «ժողովուրդի թշնամի» կոչուելով։ Երկու տարի, չորս ամիս բանտարկուելէ ետք Քոչարին ազատ կ′ արձակուի։ 1957–ին Խորհրդային իշխանութիւնները կ′ որոշեն արձանը վերականգնել եւ Քոչար կը ստեղծէ իր գլուխ–գործոցներէն մէկը։ Արձանի բացումը տեղի ունեցաւ 1959 թուականի 3 Դեկտեմբերին կայարանամերձ հրապարակին մէջ (այժմ՝ Սասունցի Դաւիթի հրապարակ)։ Իշխանութիւնները ամէն ջանք թափած էին, որպէսզի արարողութիւնը աննկատելի անցնի, սակայն ժողովուրդը արձանի բացումը կը վերածէ համազգային տօնախմբութեան, ինչպէս գրած է ականատեսը՝ «կատարուածը հնարաւոր չէ նկարագրել....»։ == Հետաքրքրաշարժ փաստեր == «Սասունցի Դաւիթ» արձանը պատկերուած է 1991 թուականին Խորհրդային Միութեան կեդրոնական դրամատան հրատարակած 5 ռուբլի անուանական արժէքով յոբելեանական մետաղադրամին, ինչպէս նաեւ 1994 թուականին ՀՀ ԿԲ-ի հրատարակած 25 դրամ անուանական արժէքով «Սասունցի Դաւիթ» արծաթեայ յուշադրամին։ ԽՍՀՄ նամականիշը 1968–ին հրատարակած է Երեւանի 2750-ամեակին նուիրուած նամականիշ (12 կոպեկ), ուր պատկերուած է «Սասունցի Դաւիթ» արձանը։ «Սասունցի Դաւիթը» երկար տարիներ «Հայֆիլմ» շարժապատկերի արուեստանոցին խորհրդանիշն է։ «Սասունցի Դաւիթը» Երեւանի ամենածանր յուշարձանն է. կը կշռէ 3,5 թոն։ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
3,811
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն
Կաղապար:Տեղեկաքարտ Կազմակերպություն Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, կռճատուած ձեւը ՀՄԸՄ (արեւելահայերէն՝ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միություն, անգլերէն՝ Armenian General Gymnastic Union կամ Homenetmen, կռճատուած ձեւը՝ HMEM), , 1918-ին հիմնուած Պոլսոյ մէջ, նշանաբանն է «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր», իբր հայկական մարզական եւ սկաուտական սփիւռքահայ կազմակերպութիւն՝ կը գործէ աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ։ == Հիմնադրում == ՀՄԸՄ-ի հիմնադրումը սերտօրէն կապուած է 19-րդ դարուն՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ծայր առած մարմնամարզական շարժման հետ։ Դեռ մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին կը գործէին բազմաթիւ մարզական ակումբներ եւ հաստատութիւններ։ Անոնցմէ էին Կոստանդնուպոլսոյ եւ անոր շրջակայքը հիմնուած Սկիւտարի, Սանթրալի, Գում Գափուի, Բերայի, Սամաթիայի, Գատըգիւղի ակումբները։ «Մարմնամարզ» թերթի ոգիով մեծցած երիտասարդներու խումբ մը հիմնեց ՀՄԸՄ-ը տեսնելով Պոլիս հաւաքուած հայ գաղթականներն ու որբերը, որոնք սկսած էին հաւաքուիլ եկեղեցիներու եւ որբանոցներու մէջ։ Պէտք էր օգնութեան հասնիլ իրենց, մասնաւորաբար հոգ տանիլ իրենց մարմնական առողջութեան։ Անհրաժեշտ էր այդ պատանիները պատրաստել ապագայ հայ մարդ ըլլաու՝ առողջ եւ ամուր նկարագրով։ ՀՄԸՄ կը գործէ Հայաստանի ինչպէս նաեւ տասնեակ հայ գաղթօջախներու մէջ։ == ԱՄՆ-ի մէջ == Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան, (ՀՄԸՄ) ԱՍՆ-ի մասնաճիւղեր, 1918 թուականին Կ. Պոլիսին մէջ ծնունդ առած ՀՄԸՄ-ի առաջին մասնաճիւղը ԱՍՆ-ի մէջ հիմնուած է 1921 թուականին, Նիու Եորքի մէջ Մ. Խուբեսերեանի, Օ. Քեմանճեանի, Յ. Գարապեկեանի նախաձեռնութեամբ։ Նպատակը հայ պատանիներու եւ աղջիկներու ֆիզիքապէս առողջ դաստիարակութիւնն է, անոնց հայրենասիրութեան ոգով տոկորելը։ Կազմակերպութիւնը կը ծաւալէ մարզական, սքաուատական, ընկերային գործունէութիւն։ 1968 թուականին սկսած են կազմակերպուիլ Գալիֆոռնիայի մասնաճիւղերը։ Գործած են ՀՍՌՄ Գալիֆոռնիայի եւ Արեւելեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնները։ Կազմակերպուած են միջմասնաճիւղային, համագաղութային ամենամեայ մարզական միջոցառումներ (նաւասարդեան խաղեր), Հայաստանի եւ Գալիֆոռնիայի ՀՄԸՄ մասնաճիւղերու սկաուատական բանակումներ։ Մասնաճիւղեր կը գործեն Լոս Անճելեսի, Ֆրեզնոյի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Փասատինայի, Կլենտէյլի, Օրէնճ Քաունթիի, Սան Տիէկոյի, Սան Ֆեռնանտոյի, Պոսնոյի, Նիու Եորքի, Նիու Ճըրզիի, Տիթրոյթի, Ֆիլատելֆիոյ, Պեյսայտի, Փրովիտընսի, Ուաշինկթոնի, Հարաւային Ֆլորիտայի, Ալբնիյի մէջ։ Գրեթե բոլոր մասնաճիւղերը ունին ճատրակի, ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, թենիսի, քոնկֆու-քարադէյի, թեթեւ աթլեդիքայի, դաշտային խաղերու խմբակներ։ Հրատարակած է «Լրատու» (1986, Լոս Անճելըս), «Կոչնակ» (1980-1982, Կլենտէյլ) պարբերականները, «Ասպարէզ» օրաթերթի «Հայասա» յաւելուածը։ == Տե՛ս նաեւ == Հայ Մարմնամարզական ՄիութիւնԿաղապար:Հայկական սփյուռք
19,551
Քրիստոսի տասներկու առաքեալները
Առաքեալներ (առաքուած, ուղարկուած յունարէն՝ απόστολος), ըստ Նոր Կտակարանի եւ քրիստոնեայ աւանդութեան՝ Քրիստոսի կողմէ առաքուած մարդիկ, Յիսուս Քրիստոսի 12 աշակերտներն ու հետեւողները (Ղուկ. 6։13-16 հմմտ. Մատթ. 10։2-4, Մարկ. 3։16, )՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերու թիւին համաձայն (Ծննդ. 49։28)։ 12 առաքեալներն են՝ Պետրոս (Սիմոն Պետրոս, Կեփաս), Անդրէաս, Յակոբոս (Զեբեդեոսի որդի, Որոտման որդի (Բաներեգես)), Յովհաննէս (Յովհաննէս Աւետարանիչ, Յովհաննէս Աստուածաբան), Փիլիպպոս, Բարդողիմէոս (Նաթանայել), Թադէոս (Ղեբէոս, Յուդա) Թովմաս (Երկուորեակ), Մատթէոս (Ղեւի), Յակոբոս Ալփեան (Կրտսեր Յակոբոս, Ալփեոսի որդի), Սիմոն Կանանացի (Նախանձայոյզ), Յուդա Իսկարիովտացի։Յուդա Իսկարիովտացիի անձնասպանութենէն ետք, առաքեալները վիճակահանութեամբ իբրեւ 12-րդ առաքեալ կ'ընտրեն Մատաթիան (տես Գործք.1։15-26)։ առաքեալները բոլորն ալ եղած են Գալիլիացիներ (հմմտ. Գործք. 2։7), գլխաւորաբար ձկնորսներ եւ մաքսաւորներ։ Ըստ Աւետարաններուն մէջ առկայ տուեալներուն՝ բոլոր առաքեալներն ալ Քրիստոսի անմիջական առաջնորդութեամբ պատրաստուած են իրենց առաքելութեան համար, ականջալուր եղած Անոր քարոզներուն եւ ականատես՝ հրաշքներուն եւ գործերուն, եւ Յարութեան։ Տասներկու առաքեալներուն Յիսուս «իշխանութիւն տուաւ պիղծ դեւերու վրայ՝ հանելու զանոնք, բժշկելու ամէն ցաւ եւ ամէն հիւանդութիւն» (Մատթ. 10։1)։ Իսկ համբարնալէն առաջ ընտրեալներուն պատուիրեց. «ինչպէս Հայրը զիս ուղարկեց, ես ալ ձեզ կ'ուղարկեմ։ Գացէ՛ք ուրեմն աշակերտ դարձէ՛ք բոլոր ազգերուն, զանոնք մկրտեցէ՛ք Հօր եւ Որդիին եւ Ս. Հոգիին անունով։ Ուսուցանեցէ՛ք անոնց պահել այն բոլորը, ինչ որ ձեզի պատուիրեցի» (Մատթ. 28։19-21)։ Քրիստոսի Համբարձումէն եւ Հոգեգալուստէն ետք գործնականապէս անոնք եղան հիմքն ու հիմնադիրը Եկեղեցւոյ՝ ըլլալով անոր անդամները, առաջնորդներն ու կազմակերպիչները։ Գործք առաքելոցին մէջ կը ներկայացուին առաքեալներու հալածանքներն ու անոնցմէ մէկուն՝ Յակոբոս Զեբեդեանին սպանութիւնը (Գործք. 12։1-2)։ Ըստ աւանդութեան բոլոր առաքեալներն ալ, բացառութեամբ Յովհաննէս առաքեալին, նահատակուած են ի սէր Քրիստոսի։ Տասներկուքէն բացի առաքեալ կ'անուանուին նաեւ Պօղոսը (Սողոս), որ ծանօթ է իբրեւ 13-րդ առաքեալ։ Պօղոս ինքզինք կ'անուանէ «հեթանոսներու առաքեալ» (Հռոմ. 11։12)։ Հայաստանեայց Առաքելական Ս.Եկեղեցին իր տօնացոյցին մէջ ունի Տասներկու առաքեալներուն եւ Պօղոս Տասներեքերորդ առաքեալին նուիրուած տօն։ Այս առաքեալները ունին նաեւ առանձին-առանձին կամ զոյգ-զոյգ տօներ։ Հայաստանի մէջ քարոզած եւ նահատակուած են Թադէոս (Ղեբէոս) եւ Բարդողիմէոս (Նաթանայել) առաքեալները, որոնք հիմնած են եկեղեցիներ։ Վերջիններս կոչուած են Առաքելական եկեղեցիներ, ըստ այդմ ալ Հայոց եկեղեցին կը կոչուի Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցի։ Առաքեալներուն անմիջական քարոզով հիմնուած եկեղեցիները կը կոչուին Առաքելական, որմէ ծագած է հայ եկեղեցւոյ պատուանունը՝ «Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցի»։ == Եօթանասուն աշակերտներ == Ըստ Ղուկասի Աւետարանին՝ բացի վերը նշուած 12-էն Քրիստոսի կը հետեւէին 70 հոգի եւս (որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ 72), որոնք կ'անուանուէին աշակերտներ. «Այնուհետեւ Տէրը նշանակեց ուրիշ եօթանասուներկու հոգի եւս եւ զանոնք երկու-երկու ուղարկեց այն բոլոր քաղաքներն ու վայրերը, ուր ինք պիտի երթար» (Ղուկ. 10։1)։ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ 70-ին եւս տրուեցան հիւանդութիւններ բուժելու, դեւեր հալածելու եւ բարի լուրը՝ Աւետարանը, քարոզելու իշխանութիւն։ Առհասարակ Աստուածաշունչը 70-էն եւ ոչ մէկուն անունը չի նշեր, սակայն կը նշէ, որ անոնց անունները գրուած են երկինքի մէջ (Ղուկ. 10։20)։ Ըստ Աւանդութեան՝ 70 աշակերտներէն եղած են առաքեալներուն ընտրած 7 սարկաւագները (տես, Գործք. 6։1-6), Մարկոս եւ Ղուկաս Աւետարանիչները, ինչպէս նաեւ Պօղոս առաքեալին գործակիցները։ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին իր տօնացոյցին մէջ Եօթանասուն աշակերտներուն ալ նուիրուած տօն ունի։ == Աղբիւրներ == Աստուածաշունչ Մատեան Հին եւ Նոր Կտակարաններ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին եւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութիւն, 2004։ Մաղաքիա արք. Օրմանեան, Համապատում, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, 1997։ Շնորհք Արք. Գալույտեան, Աստուածաշնչական սուրբեր, Երեւան, 1997։ Աւետարանների գործող անձինք, Ս. Էջմիածին, 2010։ == Արտաքին յղումներ == Առաքելոց գերեզմանները, Ազգապատում, Մ. Օրմանեան
5,667
Պոթսուանա
Պոթսուանա, պաշտօնապէս՝ Պոթսուանայի Հանրապետութիւն (թսուաներէն՝ Lefatshe la Botswana), ծովէն մեկուսացուած երկիր մըն է հարաւային Ափրիկէին մէջ: 1966 Սեպտեմբեր 30-էն Ազգերու համագործակցութեան անդամ է:Միջին չափսերի երկիր մըն է, երկուքէն քիչ մը աւել բնակչութիւնով եւ աշխարհի ամենասակաւախիտ երկիրներէն մեկն է: Բնակչութեան շուրջ 10 տոկոսը կը բնակի մայրաքաղաք Կապորոնէին մէջ: Նախկինին 1960-ականներու վերջին մեկ շունչի հաշուով ՀՆԱ-ի տարեկան շուրջ US$70 ցուցանիշով աշխարհի ամենաաղքատ երկիրներէն մին ըլլալով, Պոթսուանան ներկայիս դարձած է աշխարհի ամենաարագ զարգացողներէն մին: Տնտեսութեան մէջ կը գերակշռէ հանքարդիւնահանութիւնը, անասնաբուծութիւնը եւ զբօսաշրջութիւնը: Պոթսուանայի պարծանքն է մեկ շունչի հաշուով ՀՆԱ-ի տարեկան շուրջ US$18 825 ցուցանիշը, որն Ափրիկէի մէջ ամենաբարձրներէն է: == Աշխարհագրական Տուեալներ == Պոթսուանան մեծութեամբ աշխարհի 48րդն է 581 730 քմ2 տարածքով, որը Մատակասքարի կամ Ֆրանսայի չափ է: Երկիրը 17° եւ 27° հարաւային զուգահեռականներու եւ 20° եւ 30° արեւելեան միջօրէականներու միջեւ է: Պոթսուանան րր տեղագրութիւնով տափակ երկիր մըն է, տարածքի շուրջ 70 տոկոսը Քալահարի անապատով: Սահմանակից է հարաւէն եւ հարաւ-արեւելքէն՝ Հարաւային Ափրիկէին, հարաւէն եւ հարաւ-արեւմուտքէն՝ Նամիպիոյ եւ Զիմպապուէին՝ հիւսիս-արեւմուտքէն: Հիւսիսին Զամպիոյ հետ ունեցած սահման աննշան է եւ կը կազմէ մի քանի հարիւր մեթր: Օքաւանկոյի տելթան աշխարհի ամենախոշորներէն է: Զգալի տարածք կը զբաղեցնէ նաեւ Լիմփոփոյի աւազանը, որ մասամբ Զիմպապուէի տարածքին մէջ է նաեւ: ==== Բնաշխարհ ==== Պոթսուանան ունի վայրի կենդանիներու բնակեցման բազմազան վայրեր: Տելթայէն եւ անապատէն զատ կան սաւաննաներ եւ խոտածածկ դաշտեր, ու ր կ'արածեն կապոյտ կնուները, այծքաղները, եւ այլ կաթնասուններ եւ կը բնակեն թռչուններ: Հիւսիսին կան վտանգուած ափրիկէական վայրի շան մի քանի բնակատեղիներ: Չոպի ազգային զբօսայգիին մէջ է ափրիկէական փիղերու ամենախոշոր կեդրոնացումը: Այգին ունի 11 000 քմ2 տարածք եւ կը պահէ շուրջ 350 տեսակի թռչուններ: == Տնտեսութիւն == Անկախութիւն ստանալէն ետք, Պոթսուանան ունեցած է աշխարհիին մէջ ամենաարագ աճող մեկ շունչի հաշուով ՀՆԱ-ի ցուցանիշը: Պոթսուանան ձեւափոխուելով աշխարհի ամենաաղքատ երկիրներէն դարձաւ միջին եկամուտով երկիր: Իր ներուժունակութիւնն օգտագործելով, Պոթսուանան լաւ հաստատուածային կառուցուածք ապահովելով ապահովեցաւ ապագայի համար կայուն եկամուտ: Ըստ գնահատումներէն մեկու անիկա ունի Ափրիկէին մէջ համախառն ներքին արդիւնքի չորրորդ մենաբարձր ցուցանիշը, որը համեմատելի է Մեքսիքոյի հետ: Համաշխարհային արժոյթի հիմնադրամի համաձայն, տնտեսութիւնը զարգացած է տարեկան 9%-ով 1966-էն մինչեւ 1999 թուականները: Պոթսուանան ունի տնտեսական ազատութեան բարձր մակարդակ Ափրիկէական այլ երկիրներու համեմատ: 2002-ին եւ 2003-ին կառավարութիւնը վարած է չափաւոր ֆիսքալ քաղաքականութիւն, չնայած պետպիւճէի հետեւողական անբաւարարութեանը եւ աննշան արտաքին պարտքին: Անիկա ստացած է Ափրիկէի մէջ ամենաբարձր ինքնիշխան կրեդիտային դասակարգում եւ 2005/2006-ին գրանցած է աւելի քան US$7 մլր. արժութային պահուստ, որը ընթացիկ ներմուծման համարեայ երկուսուկէս տարին: == Վարչական Բաժանում == == Ծանօթագրութիւններ ==
2,795
Եղիա Նաճարեան
Եղիա Նաճարեան (17 Ապրիլ 1933 – 6 Յունուար 2008), արեւելագէտ, խմբագիր։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է ատանացի ծնողքէ, նախնական ուսումը ստացած է Ագգային Աբգարեան Վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ Անթիլիասի Դպրեվանքի ճեմարանին մէջ: 1950ականներէն դասաւանդած է Պէյրութի եւ Դամասկոսի Աբգարեան եւ Թարգմանչաց վարժարաններան մէջ, միաժամանակ վարած է Պէյրութի Այգ օրաթերթի խմբագրապետի պաշտօնը, ուր կա­տարած է նաեւ ֆրանսերէնէ հայերէն թերթօնային գրականութեան թարգմանութիւններ: Աշխատակ­ցած է նաեւ Պէյրութի Ազդարար օրաթերթին: 1959-ին ընտանեօք հայրենադարձած է Հայաստան: Ուսումը շարունակած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան Ֆակուլտէտին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1963-ին: Աւելի քան քառասուն տարի աշխատած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան Ինստիտուտի Արաբական Բաժնին մէջ: Դասաւանդած է ԵՊՀի Արեւելագիտութեան Ֆակուլտէտին մէջ։ 1974-ին պաշտպանած է դոկտորական աւարտաճառը՝ «Արաբական Ազգային Մշակութային Զարթօնքը» նիւթով: Գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ 2005-ին Դամասկոսի եւ Գահիրէյի մէջ միաժամանակ: Ան աշխատակցած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանին, որուն Ա. եւ Բ. հատորներուն մէջ լոյս տեսած են Լիբանանի եւ Արեւելքի մասին իր ստորագրած կարգ մը յօդուածները: 1986-ին պարգեւատրուած է Սովետական Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի Աշխատանքի Վետերանի շքանշանով: == Աղբիւրներ == Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, հատոր ԻԹ․, Պէյրութ, 2009, էջ 428-429։
22,406
Ժիւլ Վեռն
Ժիւլ Կապրիէլ Վեռն (ֆրանս.՝ Jules Gabriel Verne, 8 Փետրուար 1828(1828-02-08)[…], Նանթ - 24 Մարտ 1905(1905-03-24)[…], Ամյեն) Ֆրանսացի վիպագիր, բանաստեղծ, եւ թատերագիր մըն է: Ան համագործակցելով Փիէր-Ժիւլ Հէցծըլ հրատարակչատան հետ կը ստեղծէ Voyages extraordinaires, յաջողութիւն արձանագրած գիտերեւակայական վէպերու շարք մը, ներառեալ Journey to the Center of the Earth (1864), Twenty Thousand Leagues Under the Seas (1870), եւ Around the World in Eighty Days (1872): Իր վէպերը յաճախ տեղի կունենան 19րդ դարու երկրորդ կիսուն մէջ, նկատի ունենալով օրուայ արհեստագիտական նուաճումները: == Ծանօթագրութիւններ ==
2,862
Մատենադարան
Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան կամ ուղղակի Մատենադարան ( Մատենադարան), հին ձեռագիրներու եւ փաստաթուղթերու պահպանման եւ ուսումնասիրման կեդրոն: Կը համարուի ձեռագիրներու պահպանման աշխարհի ամենահարուստ կեդրոններէն մէկը: Կը գտնուի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ։ Ունի ձեռագիրներու եւ միջնադարեան գիրքերու աշխարհի ամենալայն հաւաքածոներէն մէկը: Հոս կը պահպանուին շուրջ 17.000 ձեռագիր եւ 300.000 արխիւային փաստաթուղթեր: Հայերէն ձեռագիր մատեաններու ամենամեծ պահեստանոցն է: Անիկա ստեղծուած է 1921-ին՝ Ե. դարուն ստեղծուած Էջմիածինի մատենադարանին հիման վրայ, եւ եղած է առաջին գիտահետազօտական հաստատութիւնը Հայաստանի մէջ։ Նախապէս անիկա կոչուած է Մշակութային-Պատմական հաստատութիւն: Մատենադարանը արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային յիշողութեան ցանկին մէջ։ Անիկա այժմ կը համարուի «ազգային յիշողութեան պահպանման եւ զարգացման ամենակարեւոր վայրերէն մէկը»: == Պատմական Ակնարկ == Մատենադարան բառը գրաբարի մէջ նշանակած է «գրադարան» եւ համարուած է վայր մը, որուն կից գործած է նաեւ ձեռագրատուն մը: Քանի մը հայկական վանական համալիրներ նոյնպէս ունեցած են մատենադարաններ, ինչպէս օրինակ՝ Հաղբատի եւ Սանահինի վանական համալիրները: Մատենադարանին մասին առաջին տեղեկութիւնները մեզի հասած են Ե. դարէն: Ըստ Ղազար Փարպեցիի՝ Էջմիածինի կաթողիկոսութեան կից գործած է գրատուն մը, ուր պահուած են հայերէն ու յունարէն մատեաններ: Ե. դարու սկիզբէն Հայաստանի եւ հայաշատ վայրերուն մէջ գրուած ու ընդօրինակուած են հազարաւոր ձեռագիր (գրչագիր) մատեաններ, որոնք պահուած են վանքերու ու մենաստաններու գրատուներու ու մատենադարաններու մէջ: Միջնադարեան ձեռագիր մատեաններուն մշտապէս սպառնացած է օտար նուաճողներու աւարառութեան ու ոչնչացման վտանգը: Ստեփանոս Օրբելեանի վկայութեամբ՝ 1170-ին սելճուք-թուրքերը գրաւած են Բաղաբերդ ամրոցը եւ կողոպտած են Տաթեւէն ու շրջակայ այլ վանքերէն այնտեղ հաւաքուած շուրջ 10.000 ձեռագիր, իսկ Կիրակոս Գանձակեցին կը պատմէ, որ օտար նուաճողները 1242-ին Կարին քաղաքի մատենադարանէն յափշտակած են բազմաթիւ մատեաններ: 1298-ին եգիպտական մեմլուքներու արշաւանքներուն հետեւանքով աւերուած է Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Սիսի պետական գանձատունը: Վերջին անգամ Էջմիածինի մատենադարանը աւերուած է 1804-ին, որուն մասին վկայութիւն ունի Ներսէս Ե. Աշտարակեցին: Մատենադարանը վերաբացուած է 1840-ին, երբ Արեւելեան Հայաստան մտած է Ռուսաստանի կազմին մէջ։ 1840-ին Մարի Պրոսսէի նախաբանով տպագրուած է ձեռագիրներու առաջին ցանկը, որուն մէջ ցուցակագրուած են 312 ձեռագիր մատեաններ: Մատեաններու երկրորդ համառօտ ցանկը լոյս տեսած է 1863-ին՝ «Մայր Ցուցակ» վերնագիրով եւ ցուցակագրած 2340 ձեռագիր: 1914-ին Մատենադարանին մէջ կը պահուէր շուրջ 4.660 ձեռագիր: Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ձեռագիրները ժամանակաւորապէս տեղափոխուած են Մոսկուա: 3 Փետրուար 1915-ին Էջմիածինէն Մոսկուա տեղափոխուած է ձեռագիրներու ամբողջ հաւաքածոն: Ձեռագիրները Երեւան կը վերադարձուին 5 Ապրիլ 1922-ին: Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն ոչնչացած են Արեւմտեան Հայաստանի ոչ միայն մշակութային կեդրոնները, այլեւ հազարաւոր ձեռագիր մատեաններ: Յատկապէս մեծ վնաս կրած է Կտուց Անապատը, ուր մինչեւ 1915 կը պահուէր շուրջ 500 կտոր ձեռագիր, սակայն միայն 202-ը յաջողած են տեղափոխել Մատենադարան: Բազմաթիւ ձեռագիրներ փրկուած են եղեռնէն մազապուրծ հայերու շնորհիւ: Այդուհանդերձ, Երեւանի, Էջմիածինի եւ աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու, որոնցմէ՝ Երուսաղէմի, Վենետիկի, Վիեննայի, Նոր Ջուղայի, Պէյրութի, Մոսկուայի, Սանթ Փիթըրպուրկի, Թիֆլիսի, Փարիզի, Լոնտոնի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի գրադարաններու ու թանգարաններու մէջ կը պահուին շուրջ 30.000 հայերէն ձեռագիրներ: 1920-1930-ական թուականներուն Մատենադարանի հաւաքածոն համալրուած է Վասպուրականէն եւ Տարօնէն բերուած, ԽՍՀՄ տարածքի հայկական վանքերէն ու եկեղեցիներէն հաւաքուած, Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանէն, Թիֆլիսի հայոց ազգագրական ընկերութենէն ու Ներսիսեան դպրոցէն, Նոր Նախիջեւանէն, Նոր Պայազիտէն, Կարինէն, Թաւրիզի առաջնորդարանէն, Երեւանի պետական թանգարանէն եւ այլ վայրերէն ստացուած, ինչպէս նաեւ զանազան անհատներու նուիրած կամ վաճառած ձեռագիրներով, որոնք ցուցակագրուած ու նկարագրուած են: 1939-ին Մատենադարանը Էջմիածինէն տեղափոխուած է Երեւան՝ Հանրային գրադարան: 1945-ին ճարտարապետ Մարք Գրիգորեանի նախագիծով Երեւանի մէջ սկսած է Մատենադարանի շէնքին կառուցումը եւ աւարտած է 1957-ին: 3 Մարտ 1959-ին՝ ԽՍՀ նախարարներու խորհուրդի թիւ 71 որոշումով Մատենադարանը կը տեղափոխուի նորակառոյց շէնքը եւ կը վերածուի գիտահետազօտական կառոյցի. արտաքուստ կիրարկուած են հայկական ճարտարապետութեան բնորոշ, իսկ ներսը՝ հիմնական միջնադարեան ճարտարապետութեան ձեւերն ու լուծումները: Գլխաւոր ճակատի խորշերուն միջնապատերուն առջեւ ձախէն աջ համապատասխանաբար՝ Թորոս Ռոսլինի, Գրիգոր Տաթեւացիի, Անանիա Շիրակացիի, Մովսէս Խորենացիի, Մխիթար Գոշի, Ֆրիկի պազալթէ արձաններն են, իսկ ներսի փոքրիկ հրապարակին վրայ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Կորիւնի արձանախումբը: 1962-ին Մատենադարանը անուանակոչուած է Մեսրոպ Մաշտոցի անունով: 1954-էն Մատենադարանը ղեկավարած է ակադեմիկոս Լեւոն Խաչիկեանը (1918-1982), որուն ջանքերով հաստատութիւնը լիարժէքօրէն կայացած է իբրեւ գիտահետազօտական կեդրոն, կարճ ժամանակի մէջ արժանանալով միջազգային ճանաչման: 1982-2007 թուականներուն Մատենադարանին տնօրէնը եղած է ակադեմիկոս Սեն Արեւշատեանը: 2007-էն Մատենադարանին տնօրէնն է բանասիրութեան դոկտոր Հրաչեայ Թամրազեանը: == Շէնք == Հաստատութեան հին շէնքը խորանարդաձեւ է, կառուցուած մոխրակապոյտ պազալթէ՝ դէպի Երեւան նայող բլուրին վրայ, որ կը գտնուի Մաշտոցի պողոտայի հիւսիսային ծայրամասին վրայ՝ Մայր Հայաստան յուշահամալիրին ներսը: Շէնքը կառուցուած է վաղ հայկական ոճով, ճարտարապետը Մարք Գրիգորեանն է: Հոյակապ աստիճանները կը տանին դէպի Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Կորիւնի արձաննները (Ղուկաս Չուբարեան, 1962): Իսկ մուտքին մօտ շէնքին ճակատը զարդարուած է Թորոս Ռոսլինի, Գրիգոր Տաթեւացիի, Անանիա Շիրակացիի, Մովսէս Խորենացիի, Մխիթար Գոշի եւ Ֆրիկի արձաններով: Մուտքին մօտ գրուած է ըստ աւանդութեան հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը: Շէնքին կողմերը զարդարուած են խաչքարերով: Շէնքին ներսը նոյնպէս պազալթէ է, բայց ներսի յարդարանքին մէջ օգտագործուած են նաեւ այլ քարեր, օրինակ՝ մարմար: Մուտքի սրահին մէջ կը գտնուի Յովհաննէս Խաչատրեանի՝ Աւարայրի ճակատամարտը պատկերող խճանկարը: Հիմնական աստիճաններուն մօտ կը գտնուին նոյն հեղինակին այլ որմնանկարներ, որոնք կը պատկերեն ուրարտական ժամանակաշրջանը, այբուբենի ստեղծումը եւ Մաշտոցի հելլենական նախորդները: 1987-էն սկսեալ կը նախագծուի Մատենադարանին նոր մասնաշէնքին կառուցումը, սակայն սկսած շինարարութիւնը կը դադրի 7 Դեկտեմբեր 1988-ի երկրաշարժին պատճառով: 14 Մայիս 2009-ին կը սկսի Մատենադարանին նոր մասնաշէնքին (ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան) շինարարական աշխատանքները: Նոր՝ գիտական մասնաշէնքին բացումը տեղի ունեցած է 20 Սեպտեմբեր 2011-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20 ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն շրջանակներուն մէջ: Մատենադարանին նոր մասնաշէնքին մակերեսը երեք անգամով կը գերազանցէ հին համալիրին մակերեսը: Նոր շէնքին մակերեսը կը կազմէ 11.358 քմ., անիկա նախատեսուած է գիտահետազօտական գործունէութեան, ձեռագիրներու, արխիւային փաստաթուղթերու եւ ֆոնտի պահպանման, վերականգնման, թուայնացման աշխատանքներուն համար: Կեդրոնական մասնաշէնքը ամբողջութեամբ վերակազմաւորուած ու վերանորոգուած է՝ վերածուելով թանգարանային համալիրի, որ ունի բազմաթիւ ցուցասրահներ, դահլիճ՝ գիտական համաժողովներու եւ զեկուցումներու համար, ինչպէս նաեւ գիտական տարրալուծարան: == Հաւաքածոյ == Այստեղ կը պահուին շուրջ 20.000 ձեռագիրներ, որոնցմէ աւելի քան 17. 000-ը հայերէն ամբողջական ձեռագիրներ են (16.989 ըստ Օգոստոսի 2006-ի տուեալներուն), մնացեալը՝ հայերէն ձեռագիրներու պատառիկներ, հմայիլներ, նորագոյն եւ օտարալեզու (արաբերէն, պարսկերէն, օսմաներէն, ասորերէն, հին վրացերէն, յունարէն, լատիներէն, ռուսերէն, հայատառ թրքերէն եւ այլն) ձեռագիրներ: Արխիւային ֆոնտին մէջ կը պահպանուին 300.000-էն աւելի արխիւային փաստաթուղթեր: Ձեռագիրներուն մէջ կան նաեւ հայերէն թարգմանուած ձեռագիրներ, որոնց բնօրինակները պահպանուած չեն, օրինակ՝ Եվսեբիոս Կեսարացիի «Քրոնիկոն», Զենոն Կիտիոնացիի «Բնութեան մասին» աշխատանքները: Պահպանուած հայկական ձեռագիրերուն քանակը 10.000 է (ամբողջ աշխարհին վրայ՝ շուրջ 30.000), որոնց մէկ մասը նկարազարդուած են: Հայերէն ձեռագիրներու այլ մեծ պահեստանոցներէն է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւնը (Վենետիկ, Իտալիա, 4000 ձեռագիր), Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը (Իսրայէլ, 4000 ձեռագիր), Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւնը (Աւստրիա, 2800 ձեռագիր եւ պատառիկ), Զմմառու վանքը Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Լիբանան, 1000 ձեռագիր), Նոր Ջուղայի վանք (Սպահան, Իրան, 1000 ձեռագիր) եւ Ս. Էջմիածինի վանական համալիրը (Հայաստան, 1000 ձեռագիրէն պակաս): Մատենադարանի ձեռագիրները կը հաւաքագրուին հիմնականօրէն կրօնա-եկեղեցական, ուսումնական, պետական-հասարակական հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ անհատական նուիրատուութիւններու միջոցով: Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիրները կը վերաբերին միջնադարեան Հայաստանի մշակոյթի եւ գիտութեան բոլոր բնագաւառներուն՝ պատմութեան, աշխարհագրութեան, փիլիսոփայութեան, ուղղագրութեան, իրաւունքին, թուաբանութեան, գրականութեան եւ մանրանկարչութեան: Մատենադարանի ֆոնտը կազմուած է ձեռագիրներէն, արխիւային փաստաթուղթերէն, գրադարանէն եւ պարբերականներէն: Ձեռագիրներու ամենահին պատառիկները կը թուագրուին Ե.-Զ. դարերուն, ամենահին պատկերազարդումներն ու մանրանկարչութիւնը Էջմիածինի Աւետարանին մէջ են, որ կը թուագրուի Զ. դարուն: Ամենահին ամբողջական ձեռագիրը 887-ին թուագրուող Լազարեան աւետարանն է, ամենամեծը՝ Մշոյ ճառընտիրը (Մշոյ Ս. Առաքելոց վանք, 1200-1202, 70,5 × 55 Սմ., 27,5 Քկ.), իսկ ամենափոքրը՝ Տօնացոյցն է (1434, 4 × 3 Սմ., 19 Կ.): Մատենադարանը 1997-ին ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային յիշողութեան ցանկին մէջ «Մաշտոցի Մատենադարանի հին ձեռագիրներու հաւաքածոն» անունով: == Բաժիններ == Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան որոշման՝ «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հաստատութիւն» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը շահոյթ ստանալու նպատակ չհետապնդող, իրաւաբանական անձի կարգավիճակ ունեցող պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն է, որ կը գործէ ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կից: 2007-էն Մատենադարանին տնօրէնն է բանասիրութեան դոկտոր Հրաչեայ Թամրազեանը: Մատենադարանին հիմնական առաքելութիւնը ձեռագիրներու հաւաքագրումն է, պահպանումը եւ գիտական հետազօտութիւնը: Հաստատութիւնը բաժնուած է ինը ստորաբաժիններու: Ձեռագրատուն, ուր կը պահուին շուրջ 23.000 ձեռագիրներ, պատառիկներ եւ հմայիլներ: Ձեռագրապահեստանոցին մէջ կը գտնուին հետեւեալ հաւաքածոները՝ հայերէն հիմնական ձեռագիրներ, հայերէն նորագոյն ձեռագիրներ, հայերէն պատառիկներ, հայերէն հմայիլներ, արաբատառ ձեռագիրներ, արաբատառ պատառիկներ, արաբատառ հմայիլներ, այլալեզու ձեռագիրներ, այլալեզու պատառիկներ: Ցուցասրահներ, որոնք կը գտնուին հին կոթողային շէնքին մէջ, ներկայացուած են 15 ցուցասրահներ: Ընթերցասրահ - ընթերցասրահը կ'իրականացնէ աշխատակիցներու եւ դուրսէն եկող ընթերցողներու ձեռագիրներու, արխիւային նիւթերու, տպագիր գրականութեան սպասարկումը։ Միջազգային կապերու բաժին, որուն նպատակն է ապահովել Մատենադարանի գործունէութեան հիմնական ռազմավարական ուղղութիւններու միջազգայանացման հատուածը: Թուայնացման եւ կայքէջի սպասարկման բաժին - կը զբաղի միջնադարեան ձեռագիր գիրքերու, արխիւային փաստաթուղթերու եւ վաւերագիրներու, ինչպէս նաեւ Մատենադարանի գրադարանին մէջ պահուող հայագիտական գրականութեան ու մամուլի հաւաքածոներու թուայնացմամբ, ինչպէս նաեւ թուայնացումէն բխող լրացուցիչ ծրագրային ապահովման մշակմամբ եւ կիրարկումով։ Հայագիտական տպագիր գրականութեան եւ մամուլի բաժին, որ կը զբաղի գիրքերու եւ մամուլի համալրմամբ, մշակմամբ, արձանագրութեամբ, քարտագրութեամբ եւ քարտադարանին մէջ տեղադրութեամբ եւ սպասարկութեամբ: Արխիւային փաստաթուղթերու պահպանման եւ գիտական մշակման բաժին - հոս կը պահուի աւելի քան 500.000 արխիւային փաստաթուղթ: Վերականգնման բաժին - բաժինը կը զբաղի ձեռագիրներու եւ փաստաթուղթերու վերականգնմամբ: Համակարգչային բաժին - հիմնական գործառոյթներն են Մատենադարանի աշխատանքներուն, յօդուածներուն, գիրքերուն մուտքագրումը, սրբագրումը, էջադրումը, ձեւաւորումը եւ հրատարակութեան յանձնելը:Առանձին կը գործեն նաեւ գիտահետազօտական բաժիններ: Մատենադարանը կը հովանաւորուի ՀՀ Կառավարութեան, Սփիւռքի (օրինակ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամը), տարբեր նուիրատուութիււններու միջոցով: == Պատեկարասրահ == == Գրականութիւն == Աբգարեան Գ., Մատենադարան, Երեւան 1962 Մատենադարան /Ուղեցոյց/, կազմող Բ. Չուգասզեան, Երեւան 1980 == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Մատենադարանի պաշտօնական կայքէջը
3,945
Հայկական Տաճարներու եւ Եկեղեցիներու Ցանկ
Հայկական Տաճարներու եւ Եկեղեցիներու Ցանկ == Ազրպէյճան == Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Պաքու - փակ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի, Գանձակ - երաժշտական ակումբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Գանձակ - թանգարան Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, Գանձակ - թանգարան == Ալպանիա == Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցի,Շկոտեր Սուրբ Խաչ եկեղեցի, Շկոդեր == ԱՄՆ == Սուրբ Վարդան եկեղեցի, Նիւ Յորք Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, Դետրոյթ Սուրբ Մարիամ եկեղեցի, Մայամի Սուրբ Կարապետ եկեղեցի, Լոս Անճելէս Սուրբ Մարիամ եկեղեցի, Վաշինգտոն Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի, Բոստոն Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի, Սան Ֆրանսիսքո Սուրբ Գրիգոր եկեղեցի, Սան Ֆրանցիսկո Սուրբ Աբգար եկեղեցի, Ֆինիքս Սուրբ Լեւոն տաճար (Բըրբանք) == Աւստրալիա == Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի, Սիդնէյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, Մելպուրն == Կաղապար:Country data Austria Աւստրիա == Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի, Վիեննա Սուրբ Փրկիչ եկեղեցի, Վիեննա Մխիթարեաններու կաթողիկէ վանք, Վիեննա == Արժանթին == Սուրբ Գէորգ կաթողիկէ եկեղեցի, Վինսենթէ-Լոպէզ Սուրբ Յակոբ եկեղեցի, Վալենտին Ալսինա Սուրբ Խաչ եկեղեցի, Ֆլորես Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, Քորդովա Եկեղեցի, Պուենոս Այրես Եկեղեցի, Պուենոս Այրես Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճար, Պուենոս Այրես Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցի, Պուենոս Այրես Սուրբ Պողոս եկեղեցի, Պուենոս Այրես Կաթողիկէ թեմ, Պուենոս Այրես == Կաղապար:Country data Afghanistan Աֆղանիստան == Հայկական մատուռ, 2010 թ. Կունդուզ == Արցախ == == Կաղապար:Country data Bangladesh Պանկլատէշ == Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի, Դաքքա == Կաղապար:Country data Belarus Պելառուս == Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Մինսկ (կառուցւող) == Պելճիքա == Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցի, Պրիւսել Եկեղեցի, Պրիւսել == Պրազիլ == Եպիսկոպոսի նստաւայրը, Սան-Փաուլօ Սուրբ Գէորգ տաճար, Սան-Փաուլօ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցի (Օզասկու) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճար, Սան-Փաուլօ Հայ Աւետարանական եկեղեցի, 1970 թ., ք. Ֆեռաս-տի-Վասկոնսելուս Պրազիլի եպիսկոպոսապետի նստաւայր, 1927 թ., Սան-Փաուլօ Առաքելական եկեղեցի, ք. Վիզինիո == Կաղապար:Country data Bulgaria Պուլկարիա == Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, Բլովտիւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, Սոֆիա Սուրբ Յակոբ եկեղեցի, Սոֆիա Կառուցւող եկեղեցի, Սոֆիա Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, Ռուսէ Սիւրբ Սարգիս եկեղեցի, Վարնա Եկեղեցի, Բլովտիւ Եկեղեցի, Սոֆիա Եկեղեցի, Վարնա Եկեղեցի, Պուրգաս Եկեղեցի, Շումեն == Գերմանիա == Սուրբ Յարութիւն տաճար, Հալլէ Սուրբ ՍաՅակ Մեսրոպ եկեղեցի, Քիոլն Եկեղեցի, Պեռլին Եկեղեցի, Գետինգեն Եկեղեցի, Ամենսդորֆ == Եգիպտոս == Եգիպտոսի մէջ մինչեւ 17-րդ դարը գործած է 30-էն աւելի եկեղեցի ու մատուռ։ Ներկայիս Եգիպտոսի մէջ կը գործէ 3 առաքելական, 3 կաթոլիկ եւ 1 աւետարանական եկեղեցիներ։ ==== Գործող ==== Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Գահիրէ Սուրբ Աստուածածին կաթողիկէ եկեղեցի, Գահիրէ Սուրբ Թերեզա կաթողիկէ եկեղեցի, Գահիրէ Սուրբ Պողոս-Պետրոս եկեղեցի, Ալեքսանդրիա Սուրբ Գէորգ մատուռ, Ալեքսանդրիա Սուրբ Մարիամ կաթողիկէ եկեղեցի, Ալեքսանդրիա Հայ Աւետարանական եկեղեցի, Ալեքսանդրիա ==== Աւերուած ==== 5-րդ դարու եկեղեցի, Եգիպտոս Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, Գահիրէ Սուրբ Մինաս եկեղեցի, Գահիրէ Սուրբ Մարտիրոս եկեղեցի, Գահիրէ Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, Գահիրէ Սուրբ Մինաս մատուռ, Գահիրէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, Գահիրէ Սուրբ Մինաս եկեղեցի, Գահիրէ Սուրբ Կոյս Մարիամ մատուռ, Գահիրէ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցի, Զուէյլա Սպիտակ վանք, ՍոՅակ Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, Դուրա Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի, Դուրա Սուրբ Գրիգոր եկեղեցի, Դուրա 7 հայկական եկեղեցիներ, Շինար Եկեղեցի, Ալեքսանդրիա Եկեղեցի, Իֆտիխ Եկեղեցի, Գալուսանիա Եկեղեցի, Ասիւթ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի, Եգիպտոսէս մի քանի եկեղեցի։ == Եթովպիա == Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, Ատիս-Ապեպա == Կաղապար:Country data Estonia Էստոնիա == Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Տալլին == Թուրքիա == Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, Ստամբուլ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Սդամպուլ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Կեսարիա Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի, Տիարպեքիր == Ինտոնեզիա == Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, Սուրապայա Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի, Ջակարտա == Կաղապար:Country data Italy Իտալիա == Սուրբ Խաչ եկեղեցի, Վենետիկ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սբ. Ղազարի կղզի, Վենետիկ Սբ. Բարդուղեմիոսի եկեղեցի, ք. Կենույա-Ջենովա Սբ. Քառասուն նահատակներու եկեղեցի (իտալ.՝ Santi Quaranta Martiri), կը գտնուի Միլանի մէջ Via Jommelli 30 հասցէի մէջ եւ կը պատկանի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին: Միակ Հայ Առաքելական եկեղեցին է Իտալիոյ մէջ: Կառուցուած է 1958 թուականին՝ եղբայրներ Օննիկ եւ Սարգիս Տիարպեքիրեանի կողմէ, որոնք 1920 թուականէն ապրած են Միլանի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուած են Արժանթին: Սբ. Գրիգոր Լուսաւորչի տաճար, ք. ՆեաբոլՏաճարը կառուցուած է ութերորդ դարին, այն բանի պատճառով, որ մեծ թիւով քրիստոնեական միաբանութիւններ կը փախչէին Բիւզանդական կայսրութենէ տարբեր երկիրներ։ Եկեղեցին, նուիրուած Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Մեծ Հայքի առաջին կաթողիկոսին (257-332 թթ.), կառուցուած է Նեաբոլի մէջ հին-հռոմէական տաճարի՝ Ցերերիի վայրին մէջ։ 1025 թուականին այն երկու ուրիշ ժամատներու հետ միաւորուած եւ ձեւաւորուած է բաղադրուած։ Տաճարը կը գործածուի մինչեւ այս օրս, պահպանելով իր բարձր պատերը եւ ընդարձակ բակը։ Սբ. Վլասի կաթոլիկ եկեղեցի, ք. Հռոմհգհհհհհ* Սբ. Նիգոլայի կաթոլիկ եկեղեցի, ք. Հռոմ == Սպանիա == Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, Կալոնժէ Սուրբ Յիսուս Նազովրեցի եկեղեցի, Կադիս == Կաղապար:Country data Iran Իրան == === Թաւրիզ === Սուրբ Մարիամ Աստուածածին (Մայր եկեղեցի) Սուրբ Սարգիս եկեղեցի Սուրբ Բարդողիմէոս Մառալանի մատուռ === Թեհրան === Սուրբ Սարգիս եկեղեցի (Քարիմ Խան Զանդ պողոտա, 1970 թ.) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի (Նադերի թաղ) Սուրբ Գէորգ եկեղեցի (Շափուր պողոտա, 1790 թ.) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Շունզդահ Մեթրի Դովոմ պողոտա) Սուրբ Վարդան եկեղեցի (Դահ Մեթրի Արամանե պողոտա) Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցի (Զարքեշ թաղ) Սուրբ Մինաս եկեղեցի (Մահթաբ պողոտա) Սուրբ Թադէոս եկեղեցի (Մոլաւի բազար) === Սպահան === ==== Կանգուն ==== Սուրբ Բեթղեհէմ եկեղեցի (Մեծ Մեյդան թաղ, 1627 թ.) Սուրբ Յակոբ Մծբնա Հայրապետ եկեղեցի (Մեծ Մեյդան թաղ, 1607 թ.) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի (Մեծ Մեյդան թաղ, 1613 թ.) Սուրբ Գէորգ եկեղեցի (Ղարիբենց թաղ, 1611 թ.) Սուրբ Ամենափրկիչ վանք (Մեծ Մեյդան թաղ, 1655 թ.) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Փոքր Մեյդան թաղ, 1633 թ.) Սուրբ Ստեփաննոս եկեղեցի (Յակոբջան թաղ, 1615 թ.) Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցի (Շարսու թաղ, 1621 թ.) Սուրբ Կատարինեան մենաստան (Շարսու թաղ, 1623 թ.) Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցի (Ղարագել թաղ, 1630 թ.) Սուրբ Ներսէս Մեծ եկեղեցի (Քոչեր թաղ, 1666 թ.) Սուրբ Մինաս եկեղեցի (Դաւրեժ թաղ, 1655 թ.) Սուրբ Ամենափրկիչ (Սարգիս) եկեղեցի (Երէան թաղ, 1659 թ.) Դոմինիկեան վանք (Քոչեր թաղ, 1681-1705 թթ.) ==== Աւերուած ==== Սուրբ Սարգիս (Օհանաւանք) (Ղարագել թաղ, 1609 թ.) Սուրբ Յակոբ (Բաղաթա) եկեղեցի (Մեղրուն թաղ, 1666 թ.) Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի (Մեղրուն թաղ, 1666 թ.) Սուրբ Թովմայ (զանգով ժամ) (Յակոբջան թաղ, 1695 թ.) Սուրբ Ամենափրկիչ (Սարգիս) եկեղեցի (Երէան թաղ, 1659 թ.) Սուրբ Յակոբ կամ Մուրատենց (1634 թ.) Սուրբ Նազարէթ (Փառանշինի) եկեղեցի (1611 թ.) Կաթոլիկաց եկեղեցի (Երէան թաղ, XVII դ.) === Մարաղա === Սուրբ Սարգիս (աւերուած) == Կաղապար:Country data Iraq Իրաք == Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Պաղտատ == Լատուիա == Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Ռիգա == Կաղապար:Country data India Հնդկաստան == ==== Գործող ==== Սուրբ Նազարեթ եկեղեցի, Կալկաթա Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Կալկաթա Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի, Չեննայ Սուրբ Պետրոս եկեղեցի, Մումպայ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի, չինսուրա Սուրբ Մարիամ եկեղեցի, Սայտապատ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի, Տանգրա Հայկական մատուռ, Դելի ==== Աւերուած ==== Եկեղեցի, Ագրա Հայկական մատուռ, Սուրհատ == Կաղապար:Country data Poland Լեհաստան == Սուրբ Երորդութիւն կաթողիկէ եկեղեցի, ք. Գլիւիցա Սուրբ Վասիլ եկեղեցի, Վարշաւա Սուրբ Մայրամ եկեղեցի, Զամոսց Gloriosissimae Assumptionis Beatae Virginis Mariae (Zamosc) == Կաղապար:Country data Lebanon Լիբանան == Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, Անթլիաս Սուրբ Պողոս եկեղեցի, Անջար Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար, Բեյրութ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, 1930 թ., Անթիլիաս == Քանատա == Սուրբ Յակոբ եկեղեցի, Մոնրէալ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Մոնրէալ Սուրբ Մարիամ եկեղեցի, Դորոնդօ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի, Դորոնդօ Սուրբ Գրիգոր եկեղեցի, Վանկուվեր Սուրբ Վարդան եկեղեցի, Վանկուվեր == Կաղապար:Country data Cyprus Կիպրոս == Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի, 1909 թ., Լարնակա Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, Լիմասսոլ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, 1981 թ., Նիկոսիա (հեռ.(357-2) 493560 ) Գանչաւոր վանք Մակարա վանք Սուրբ Պողոս մատուռ (Նիկոսիա) Սուրբ Ամենափրկիչ մատուռ (Նիկոսիա) Սուրբ Յարութիւն մատուռ (Նիկոսիա) == Ղազախստան == Սուրբ Կարապետ եկեղեցի, 2006 թ. Ալմա-Աթա Հայկական մատուռ, 1880-ներ, ք. Ֆորտ-Շէչենկո == Կաղապար:Country data Kyrgyzstan Ղրղզստան == Հայ եղբայրներու վանք, 8-13-րդ դարեր, Իսսիք-Քուլ լիճին մօտ == Կաղապար:Country data Malta Մալթա == Կառուցուող եկեղեցի, Վալետա == Կաղապար:Country data Myanmar Միանմա == Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցի, Յանգոն == Մեծ Բրիտանիա == Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, Լոնտոն Սուրբ Եղիշէ եկեղեցի, Լոնտոն Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի, Մանչեսդըր Եւանգելիստական եկեղեցի, Լոնտոն == Կաղապար:Country data Moldova Մոլդաւիա == Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ք Պելցի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի, Քիշինէ Սուրբ Մարիամ եկեղեցի, Քիշինէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, 1803 թ., Քիշինէ == Հայաստան == եկեղեցի == Կաղապար:Country data the United Arab Emirates ՄԱԷ == Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ք. Շարջա Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի, ք. Ապու Տապի Եկեղեցի, ք. Տուպայ == Կաղապար:Country data the Netherlands Նիտերլանտներ == Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, 2003 թ. ք. Ալմելո (Vriezenveenseweg 174) Սուրբ Հոգու եկեղեցի, 1714 թ., ք. Ամսդրտամ (Kromboomsloot 22) Սուրբ Կարապետ եկեղեցի, Մաստրիխտ == Կաղապար:Country data Sweden Շուեդիա == Մատուռ, ք Ստոկհոլմ Եկեղեցի, Ստոկհոլմ Եկեղեցի, Ուփսալա == Կաղապար:Country data Switzerland Շուեցարիա == Սուրբ Յակոբ եկեղեցի (Ժնէ) Եկեղեցի, Ցիւրիխ == Ռոմանիա == Սուրբ Մարիամ Հրաշագործ մայր տաճար, Պուխարեստ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի, ք. Ռոման Սբ. Յարութեան եկեղեցի, ք. Սուչաւա Սբ. Աստուածածնի եկեղեցի, ք. Յասսի Կաթոլիկ եկեղեցի (մեծ), ք. Գեռլա (Արմենոպոլիս) Կաթոլիկ եկեղեցի (փոքր), ք. Գեռլա (Արմենոպոլիս) Կաթոլիկ եկեղեցի, ք. Պուխարեստ Կաթոլիկ եկեղեցի, Գէորգենիի շրջան Կաթոլիկ եկեղեցի, Ֆռումոասի համայնք Հագիգադար տաճար (Ցանկութիւններու տաճար), ք. Սուչաւաայնտեղ նաեւ կը գտնուի Սբ. Խաչ եկեղեցինՍբ. Աստուածածին եկեղեցի, ք. Ռոման Սբ. Աստուածածին եկեղեցի, ք. Կոնստանցա Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցի, ք. Պոտաշանի Սբ. Աստուածամայր եկեղեցի, ք. Պոտաշանի == Ռուսաստան == == Կաղապար:Country data Singapore Սինկաբոր == Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, 1953 թ. == Կաղապար:Country data Slovakia Սլովաքիա == Սբ. Կատարինէ եկեղեցի, Պրատիսլաւա == Կաղապար:Country data Syria Սուրիա == Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, Հալէպ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Հալէպ Եկեղեցի, Տէյր-Էս-Զոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, Քեսսապ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, Լադաքիա Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, Տամասքոս == Կաղապար:Country data Swaziland Սուազիլենտ == Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի, 1985 թ. Մբաբանէ == Կաղապար:Country data Sudan Սուդան == Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Խարթում == Կաղապար:Country data Georgia Վրաստան == === Կաղապար:Country data Abkhazia Աբխազիա === Սուրբ Հռիփսիմէ մատուռ, Գագրա Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցի, Գագրա === Կաղապար:Country data South Ossetia Հարաւային Օսիա === Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի (Ցխինուալ) == Կաղապար:Country data Uzbekistan Ուզբեկստան == Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, 1903 թ., Սամարղանդ Սուրբ Փիլիպպոս եկեղեցի, Տաշքենդ Կառուցուող եկեղեցի, Տաշքենդ == Ուգրաինա == Եկեղեցի, Բելգորոդ-Դնեստրովսկի Կառուցուող եկեղեցի, Զապորոժյե Կառուցուող եկեղեցի, Կիեւ Կառուցուող եկեղեցի, Դոնեցկ Կառուցուող եկեղեցի, Լուգանսկ Կառուցուող եկեղեցի, Սեւաստպոլ Կառուցուող եկեղեցի, Կամենեց-Պոդոլսկ Եկեղեցի, Տնեբրոբեդրովսկ Մատուռ, Կիեւ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցի, Կամենեց-Պոդոլսկ Սուրբ Աստուածածնի վարափոխման մայր տաճատ, Լուով Սուրբ Գրիքոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Օդեսսա Սուրբ Խաչ Վանք 5-14-րդ դար, ք. Հին Ղրիմ՝ Սուրհաթ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի, Խարկով Եկեղեցի, Չերնովցի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի, Յալթա Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցի,Եվպատորիա Սուրբ Հրեշտակապետ Միքայէլ եւ Գափրիէլ եկեղեցի, Թեոդոսիա == Կաղապար:Country data Uruguay Ուրուկուէյ == Սուրբ Եղբարութեան եկեղեցի, Մոնթեւիտէօ Եկեղեցի եւանգելիստական, Մոնթեւիտէօ Սուրբ Ներսես Շնոհրահի եկեղեցի, Մոնթեւիտէօ Եկեղեցի, Մոնթեւիտէօ Սուրբ Աստուածամոր տաճար՝ Ուրուգվայի եպիսկոպոսապետի նստավայր, ք. Մոնթեւիտէօ == Կաղապար:Country data Turkmenistan Թուրքմենստան == Եկեղեցի, Թուրքմենբաշի Կառուցուող եկեղեցի, Աշխաբադ == Ֆրանսաա == Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Առնուվիլ-լէ-Կոնէզ Սբ. Խաչի ժամատուն, Առնուվիլ-լէ-Կոնէզ Սբ Պողոս-Պետրոս եկեղեցի, Այլֆորուիլ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Բոմոն Սբ. Սահակ եկեղեցի, Վալենս-Սիւռ-Ռոն Սբ. Յակոբ եկեղեցի, Լիոն Սբ. Սահակ եւ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցի, Մարսել Սբ. Թադէոս եւ Բարդողէմիոս եկեղեցի, Մարսել Սբ. Աստուածամայր եկեղեցի, Նիցցա Սբ. Յովհաննէս Մկրտիչ տաճար, Ելիսեան դաշտեր, Փարիզ Սբ. Աստուածածին եկեղեցի, Փարիզ Սբ. Թադէոս եւ Բարդողէմիոս եկեղեցի, Սենթ-Անտուան Սբ. Սահակ եւ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցի, Սենթ-Ժեռոմ Սբ. Աստուածածին եկեղեցի, Սենթ-Մարգարետ Սբ. ԳԷորգի եւ առիւծի եկեղեցի, Սենթ-Մարգարետ Եկեղեցի, Սենթ-Էթյէն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Շաւիլ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == All Armenian Churches around the World Directorio de Iglesias armenias del mundo (Սպաներէն)
15,079
Ալապաեւսկ
Ալապաեւսկ (ռուս.՝ Алапаевск), քաղաք Ռուսաստանի Սվերդլովսկի մարզին մէջ, Նեյվա գետի (Օբի ավազան) եւ նրա վտակ Ալապայիխաի ափին։ Հիմնադրուել է 1704 թ.-ին։ Անուանումը ստացել է Ալապայիխա գետից (գետանունն առաջացել է ռուսերեն алапа «ճախնուտ, գետի հեղեղափ» բառից)։ Քաղաք է 1781 թ.-ից: == Բնակչութիւն == == Ծանօթագրութիւններ ==
5,736
Պօղոս Արիս
Արիս Հ. Պօղոս վրդ. (25 Յունուար 1889, Հալէպ), Լիբանանի Կաթողիկէ Հայոց կղերականութեան մէջ եզական դիրք գրաւողներէն մին է՝ իր մատուցած ծառայութիւններով՝ մեր ցաւատանջ ժողովուրդին: == Կենսագրութիւն == Ծնած է Հալէպ 25 Յունուար 1889-ին: Նախնական կրթութիւնը տեղւոյն Հայ Կաթողիկէ նախակրթարանին մէջ ստանալէ ետք 1902-ին Պոլիս կ’երթայ եւ կը մտնէ Սէն Լուիզ ֆրանսական դպրեվանքը, ուր կը ստանայ իր երկրորդական ուսումը, աւարտելով փիլիսոփայական դասընթացքը: Առողջական պատճառներով կը վերադառնայ իր ծննդավայրը: Տարի մը վերջ 1910-ին կ’երթայ Զմմառ, հոն հայերէնի դասընթացքի կը հետեւի եւ կ’աւարտէ եկեղեցական ուսումը: 1912-ին կը ստանձնէ Պէյրութի եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը: Պատերազմէն ետք կը նետուի ազգային կեանքի մէջ, իր մեղուաջան գործունէութեամբ բոլոր խաւերուն վստահութիւնն ու համակրութիւնը կը վայելէ: Տարաբախտ որբերուն հաւաքման գործին կը նուիրուի: Ազգային Միութեան հիմնուելուն՝ ընդհ. Քարտուղար կ’ընտրուի, կառավարութեան մօտ վարելով ազգային գործերը: Ջարդէն ու աքսորէն վերադարձող հայ բեկորները կը հաւաքէ եւ կարավաններ կազմելով իրենց բնաշխարհը կը ղրկէ: 1919-1920-ին երկու անգամ կը շրջի Կիլիկիոյ զանազան կողմերը, ազգու դիմումներ կ’ընէ ֆրանսական կառավարութեան մօտ, 1920-ին կը տեսնուի Նուպար փաշայի հետ ի Փարիզ, կը շրջի Գերմանիա, Իտալիա եւ Աւստրիա: 1922-ին Կիլիկիոյ պարպումին Պէյրութ կը վերադառնայ կրկին եւ ազգանուէր գործունէութեան կը նուիրուի: Երկար ատեն վարած է հայկական հիւղաւանի վերին հսկողութիւնը մատակարարելով ֆրանսական կառավարութենէն, Ս. Պապէն, Հ.Բ.Ը Միութենէն եւ այլ աղբիւրներէ ստացուած նպաստները: Կը հիմնէ Հայ Կաթ. Որբանոցը, հոն 400 որբեր պատսպարելով: 1929-ին Պուրճ Համուտի շրջակայքը ագարակ մը գտնելով որբանոցը հոն կը փոխադրէ, որ կը տեւէ մինչեւ 1933-1934: 1929-ին Մարաշի Հողային Յանձնախումբին մէջ կը հրաւիրուի, կառավարութենէն վաւերացնել կու տայ Յանձնախումբը, աստով կը բացուի իրեն առջեւ ժողովուրդին ծառայելու ասպարէզ մը. 150000 քռ. Մեթր հող մը գտնելով առանց շահի կը վաճառուի: Այսօր այդ թաղամասը շրջանիս ամէնէն բազմամարդ թաղերէն մին է: Ժողովուրդը իր սեփական միջոցներով կը կերտէ իրենց տուները: Իբրեւ ուրոյն քաղաք մը՝ ունի իր դպրոցներն ու եկեղեցիները: == Աղբիււրներ == Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ, էջ 275:
17,092
Հայ Յեղափոխական Բանակ
Հայ Յեղափոխական Բանակ (յապաւումը՝ ՀՅԲ, անգլերէն անուանումը՝ Armenian Revolutionary Army, ARA), հայ քաղաքական ընդյատակեայ կազմակերպութիւն։ Ինքզինք ներկայացուցած է իբրեւ հայկական նոր զինուած կազմակերպութիւն մը, որ իր պայքարը կը կեդրոնացնոէ միայն թրքական պետութեան դէմ՝ ի նպաստ Հայ դատին, եւ այլ շահեր չի յետապնդեր։ Հակաթուրքական զինուած գործողութիւններով հանդէս եկած է 1983-1985-ականներուն։ ՀՅԲ գործողութիւններից են 27 Յուլիս 1983-ին Լիզպոնի թրքական դեսպանատան (մասնակիցները՝ Սեդրակ Աճեմեանը, Վաչէ Տաղլեանը, Սիմոն Եահնեանը, Սարգիս Աբրահամեանը եւ Արա Քերզլեանը ինքնաողջակիզուեցան գործողութեան ընթացքին), 18 Մարտ 1985-ին՝ Օթթաուայի թրքական դեսպանատան գրաւումը (գործողութեան մասնակիցները՝ Յովիկ Նուպարեանը, Գէորգ Մարաշլեանը եւ Ռաֆֆի Թիթիզեանը դատապարտուեցան ցմահ բանտարկութեան)։ ՀՅԲ գործունէութիւնը լայնօրէն լուսաբանուած է է ՀՅԴ մամուլին մէջ, ձերբակալուած անդամը պաշտպանութիւնը ստանձնած է տեղական Դաշնակցական կազմակերպութիւնները, բայց ՀՅԴ-ը ժխտած է որեւէ կազմակերպչական կապ ՀՅԲ հետ։
4,659
Միջին ֆրանսերէն
Միջին ֆրանսերէն (ֆր.՝ le moyen français), ֆրանսերէնի պատմական բաժին, որ կ՛ընդգրկէ 14-րդ դարէն մինչեւ 17-րդ դարու առաջին տարիները։ Անցումային շրջան, որուն ընթացքին․ ֆրանսերէնը յստակ կը տարբերուէր մրցակից Օիլի լեզուներէն, որոնք երբեմն կը ներառուէին հին ֆրանսերէնի հասկացութեան մէջ (l’ancien français) ֆրանսերէնը լատիներէնի, օքսիտաներէնի եւ Օիլի լեզուներուն փոխարէն դարձաւ ֆրանսական թագաւորութեան պաշտօնական լեզուն։ ֆրանսերէնի գրական զարգացումը կը նախապատրաստէր դասական ֆրանսերէնի բառապաշարն ու քերականութիւնը (le français classique), որով խօսած են 17-18-րդ դարերուն։ == Պատմութիւն == Միջին ֆրանսերէնի ամենակարեւոր փոփոխութիւնը գոյականի հոլովական համակարգին ամբողջական անհետացումն է։ Ուղղական հոլովը չէր տարբերեր անուղղակի (թեք) հոլովէն, եւ յոգնակիները կը նշուէին պարզապէս «s»ով։ Այս փոփոխութիւնը կը պահանջէ նախադասութեան մէջ բառերու հերթականութեան համապատասխանեցում, որ քիչ թէ շատ դարձաւ ժամանակակից ֆրանսերէնի շարահիւսութիւնը։ Ազնուականներու եւ առանձնաշնորհեալներու համար լատիներէնը կը շարունակէր մնալ կրթութեան, կառավարման եւ պաշտօնակալութեան լեզուն։ Այս իրավիճակը փոխուեցաւ 1539-ին Վիլլերս-Կոտտերցայի կանոնադրութեամբ, որուն միջոցով Ֆրանսիս Ա.ը ֆրանսերէնը հռչակեց իրաւական գործերու լեզու։ Ֆրանսայի հարաւը կը գերակշռէին Օքսիտանական լեզուները, կեդրոնը եւ արեւելքը՝ Ֆրանքօ-Պրովանսեան լեզուները, Ֆրանսայի հիւսիսը բացի ֆրանսերէնէն դեռ կը շարունակուէր խօսուիլ Օիլի լեզուներով։ Դասական բնագիրներու հմայքը յանգեցաւ լատիներէնէն եւ յունարէնէն բազմաթիւ փոխառութիւններու։ Աւելցուեցան լատիներէն արմատներ ունեցող նորաբանութիւններ եւ որոշ գիտնականներ փոխեցին ֆրանսերէն բառերու ուղղագրութիւնը՝ երբեմն սխալմամբ զանոնք համապատասխանեցին իրենց լատինական արմատներու ուղղագրութեան։ Այս յաճախ կը յանգէր բառին ուղղագրական եւ արտասանութեան արմատական տարբերութիւններուն։ Իտալիոյ մէջ ֆրանսական պատերազմներն ու ֆրանսական դատարանին մէջ իտալացիներու ներկայութիւնը պատճառ դարձան ֆրանսերէնի մէջ իտալական մշակոյթի ներազդեցութեան։ Ռազմական (alarme, cavalier, espion, infanterie, camp, canon, soldat) եւ գեղարուեստական (յատկապէս ճարտարապետական՝ arcade, architrave, balcon, corridor) որոշ բառեր փոխառուած են իտալերէնէն։ Այս միտումները կը շարունակուէին դասական ֆրանսերէնին մէջ եւս։ Որոշ բառեր փոխառութիւն են սպաներէնէ (casque), գերմաներէնէ (reître) եւ բնիկ ամերիկացիներու լեզուներէն (cacao, hamac, maïs)։ Հռոմէական ծագմամբ որոշ բառեր արդէն կը համարուին ֆրանսական ծագումով բառեր, քանի որ անոնք փոխանցուած են պատերազմներու եւ առեւտրական շփումներու միջոցով։ Բացի այդ, հին ֆրանսերէնէն շատ բառերու իմաստներն ու օգտագործումը վերափոխուած են։ Այս շրջանին բառերու ուղղագրութիւնը եւ նախադասութիւններուն կէտադրութիւնը չափազանց կը տարբերէին հին ֆրանսերէնէն։ 1470-ին տպագրութեան մէջ կարեւորութիւն տրուեցաւ ուղղագրութեան բարեփոխումներուն։ Բարեփոխում առաջարկողներէն մէկը Ժագ Փելեթիէր տիու Մանսն էր, որ մշակած է հնչիւնական ուղղագրութեան համակարգ եւ ներկայացուցած նոր տպագրական նշաններ (1550)։ Սակայն այս քայլը չէ թոյլատրուած։ Այս շրջանին առաջին անգամ հրատարակուած է ֆրանսերէնի քերականութիւնն ու բառարանագէտ Ռոպերտ Էստիէննի ֆրանսերէն-լատիներէն բառարանը (1539 թ.)։ == Նշումներ == == Գրականութիւն == Larousse dictionnaire du moyen français. Paris: Larousse, 1992. H. Bonnard. Notions de style, de versificiation et d'histoire de la langue française. Paris: SUDEL, 1953. W. von Wartburg. Évolution et structure de la langue française. Berne (Switzerland): Francke A.G., 1946. == Արտաքին յղումներ == Dictionnaire du Moyen Français
5,179
Ատոմ Շահէն
Ատոմ Շահէն (Երիցանց), (ծնած՝ Մարտ 1875, Ակն), հայ յեղափոխական գործիչ։ Աշակերտ Ղալաթիոյ Կեդրոնական Վարժարանի. յետոյ Լայբցիկ, Եէնա եւ Փարիզ՝ Համալսարանական ուսանող։ Սահմանադրութեան հռչակումին Պոլիս գալով՝ Բերա կը բանայ «Արաքս» անուն տպարան մը, ուրկէ Ա. Անգամ «Ազատամարտ»ը լոյս կը տեսնէ։ Պոլիս փոխադրուելուն՝ իր մամուլէն դուրս կ՛ելլեն գրական ու դպրոցական գիրքեր եւ հանդէսներ։ Դաշնակցական, ազգային երեսփոխան ընտրուած իր ծննդավայրէն։ Երկերը (Թրգմ.), «Հարստանալու արուեստը» (Օտա Ակնի ծածկանունով), «Հայնէի բանաստեղծութիւնները» եւ այլն։ == Աղբիւրներ == Յուշարձան Ապրիլ տասնմէկ, Թէոդիկ, Կ.Պոլիս, 1915 «Արզուման» հրատարակչութիւն:
2,180
Արփինէ Աբրահամեան
Արփինէ Աբրահամեան (1908) Ծնած է Մարզուան, ու տակաւին մանուկ՝ ծնողքին հետ փոխադրուծ է Պոլիս, ուր յաճախած է Օրթագիւղի «Թարգմանչաց» վարժարանը, ապա՝ Առնավուտգիւղի Ամերիկեան աղջկանց գոլէճը։ 1931էն ի վեր հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր գրական իր նախափորձերը լոյս տեսած են, 1940էն սկսեալ, «Հայրենիք»ի, «Հայ Սիրտ»ի, «Նայիրի»ի, «Բագին»ի եւ «Միջնաբերդ» ու «Ամէնուն Տարեգիրքը» պարբերականներուն եւ տարեգիրքերուն մէջ։ Պատմուածքներու իր առաջին հատորը՝ «Կեանքի Կատակերգութիւնը», հրատարակուած է 1967-ին. երկրորդը՝ «Եւ Նաւը Սուլեց», 1973-ին, երրորդը՝ «Պրկուած Ծառեր», 1980-ին: Սփիւռքեան օրաթերթերու եւ հանդէսներու մէջ ցրուած կը մնան իր արձակներէն շատեր։ Անպատմելի՜ ողբերգութիւնը հայ գրականութեան Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։: == Ծանօթագրութիւններ ==
15,916
Եկեղեցական Երաժշտութիւն
Եկեղեցական երաժշտութիւն, քրիստոնէութեան առաջին իսկ դարերէն երգեցողութիւնը առաջնակարգ դեր ունեցած է եկեղեցական արարողութիւններու մէջ: Սկզբնական շրջանին պաշտամունքը բաղկացած է սաղմոսերգութենէ: Հետագային այդ նախնական երգեցողութիւնը հարստացած է սրբազան հայրերու կողմէ յօրինուած բազմատեսակ հոգեւոր երգերով, որոնք ժամանակի ընթացքին, ենթարկուելով օտար երաժշտութիւններու ազդեցութեան, ստեղծած են ոճական անկազմակերպ վիճակ մը: 6-րդ դարու վերջաւորութեան Հռոմի պապի՝ Գրիգոր Առաջին Մեծի (590-604) կարգադրութեամբ եւ հետապնդումով մեծ աշխատանք կատարուած է եւ ստեղծուած ոճային միասնութիւն ունեցող եկեղեցական երգեցողութիւն, որ հետագային դարձած է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պաշտօներգութիւնը եւ կոչուած՝ Գիրգորեան երգ (Chant Gregorien): Գիրգորեան եղանակներու կառոյցին մէջ գերիշխած են հաւասար եւ երկար տեւողութիւն ունեցող հնչիւններ եւ իր հանդարտ, դանդաղ ու սահուն բնոյթին համար անիկա ստացած է նաեւ Cantus Planus անուանումը: Գիրգորեան երգեցողութիւնը եղած է միաձայն մինչեւ 9-րդ, 10-րդ դարերը եւ կատարուած է արական երգչախումբերով, առանց նուագակցութեան, որովհետեւ եկեղեցիներու մէջ արգիլուած է նուագարաններու գործածութիւնը: == Աղբիւրներ == «Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն»,Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, 2017, Պէյրութ։
1,392
Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճ
25 Հոկտեմբեր 1964-ին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր բացումը Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճին: Պուրճ Համուտ տօնական բացառիկ օրուան մը երեւոյթը կը պարզէր։ Նոր Մարաշի շրջանը դրօշազարդարուած էր եւ քառանկիւն յաղթական կամարներ կանգնեցուած։ == Հիմնադրութիւն == === Տօնախմբութիւն Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ === Կը պատարագէր լիբանանահայոց բարեջան Առաջնորդ Տ. Տաճատ արք. Ուրֆալեան, երգչախումբի քառաձայն կատարողութեամբ։ Վեհափառ Տ. Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոս եւ իր շքախումբը, պետական երեսփոխաններ, Հայ. Կրթական Հիմնարկութեան պատուիրակութիւն, ժողովականներ, ժողովրդական խանդավառ ընդունելութեամբ կ'առաջնորդուին եկեղեցի։ Պատարագիչ Սրբազան Հայրը կը խօսի յաւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզ։ Ապա Ս. Վերաբերումէն ետք, կը կարդացուի Վեհ. Հայրապետին Սրբատառ Կոնդակը՝ ուղղուած Հայ Կրթ. Հիմնարկութեան եւ բարերարուհի տիկ. Սոֆիա Յակոբեանին։ === Քոլէճի Շրջաբակին Մէջ === Յաւարտ Ս. Պատարագի, պաշտօնական թափօրը, որուն մաս կը կազմեն Վեհը, Առաջնորդ Ս. Հայրը, Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Լեռնալիբանանի նահանգապետ պրն. Ֆաուզի Պարտաուիլ, պետական երեսփոխաններ, Ազգ. իշխանութեանց ժողովականներ, քոյր համայնքներու եկեղեցական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ եւ ժողովրդային բազմութիւն մը կ'ուղղուի Քոլէճ։ Ճամբու ընթացքին կը զենուին ոչխարներ, ոստիկան զօրաց ջոկատ մը զինուորական պատիւներ կ'ընծայէ, ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուագախումբը Ազգ. քայլերգով կը բանայ հանդիսութիւնը։ Քոլէճի նորընտիր խնամակալութեան ատենապետ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ պրն. Յակոբ Աշճեան կը կարդայ բովանդակալից ճառ մը կրթական հաստատութեան դերին եւ առաքելութեան շուրջ եւ ջերմ շնորհակալութեան խօսք կ'ուղղէ, ի միջի այլոց, յատկապէս բարերարուհիին եւ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան։ Յանուն բարերարներուն, Հ. Կ. Հիմնարկութեան վարիչ քարտուղար պրն. Բ. Կռանեան փոխադարձ շնորհակալութեան խօսք կ'ուղղէ եւ կը կարդայ տիկին Յակոբեանի ուղարկած յաջողութեան գիրը: Պետական երեսփոխան պրն. Խաչիկ Պապիկեան՝ արաբերէն լեզուով թարգմանը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի լաւագոյն զգացումներուն, հանդէպ Լիբանանին, նախագահ Շարլ Հըլուին, բարեխնամ կառավարութեան, եւ կը գնահատէ մեծարժէք բարերարութիւնը որ իրականացած է յօգուտ Լիբանանի եւ համայնքին։ Ապա, խօսք առնելով մեթնի կուսակալ Ֆաուզի Պարտաուիլ, եւ գնահատանքը յայտնելէ ետք երկրորդական վարժարանի գեղեցիկ այս նուաճումին համար, յանուն հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հըլուին, Լիբանանի Մայրիներու Ա. կարգի շքանշանով կը պարգեւատրէ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան նախագահ պրն. Յովսէփ Փիրումեանը եւ բարերարուհի տիկին Սոֆիա Յակոբեանը (ի բացակայութեան): Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնները կը շնորհէ բարերարներուն, Լիբանանի հանրապետութեան, կուսակալութեան եւ յաջողութիւն կը մաղթէ ք ոլէճի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին։ Աւանդական ժապաւէնը յանուն կրթական նախարարին կը կտրէ Ֆաուզի Պարտաուիլ եւ կը կատարուի պաշտօնական բացումը։ == Աղբիւրներ == Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Վարժարանի պաշտօնական կայքէջ՝ http://sophiahagopian.com/hy/ == Տե՛ս նաեւ == Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական վարժարան Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարան
17,124
Լալան Ու Արան
Լալան ու Արան, հայերէն լեզուով մանկապատենական ծրագիր մը, ստեղծուած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ: == Պատմութիւն == Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը 2015 թուականին հաստատեց նոր կառոյց մը, որ կը կոչուի «Համազգայինի մանկա-պատանեկան ծրագիրներու բաժանմունք»։ Այս բաժանմունքի պատասխանատուն նշանակուեցաւ Արին Գալուստեան, որ իր կողքին գործի հրաւիրեց մասնագէտներ, որոնք պիտի նպաստէին որակեալ, արդիական եւ գրաւիչ ծրագիրներու ստեղծման։Մասնագէտներն էին՝ Թալին Եահնիյեան (մանկավարժ), Նայիրի Ալեքսանտրեան-Կէօզիւպէօյիւքեան (երեխաներու գիրքերու պատկերազարդող) եւ Սերուժ Պաղտասարեան (ծրագրող, երաժշտական համադրող): == Նպատակ == Նպատակներն են՝ Զարգացնել երեխային լեզուական կարողութիւնները։ Զարգացնել երեխային տրամաբանելու, յիշելու եւ կեդրոնանալու կարողութիւնները։ Զարգացնել երեխային երեւակայելու եւ ստեղծելու կարողութիւնները։ Զարգացնել երեխային մօտ հետազօտելու ցանկութիւնը։ Արթնցնել երեխային մօտ երաժշտական հետաքրքրութիւն։ == App == Նախ՝ ձեռնարկուեցաւ արդիական գործիքներու վրայ հաճելի եւ հետաքրքրական խաղերով երեխաներուն ուսուցանել հայերէն լեզուն։ Պատրաստած է մանկական դաստիարակչական խաղեր «iOS» եւ «Android» գործիքներուն վրայ, 3-5 տարեկան երեխաներուն համար, արեւմտահայերէնով եւ արեւելահայերէնով։ Հրապարակի վրայ են 3 անվճար «app»եր՝ «Գոյներու աշխարհ», «Ձեւերու աշխարհ» եւ «Գիրերու աշխարհը»։ Խաղերը պատրաստուած են մանկավարժական արդիական սկզբունքներուն հետեւելով։ == Ծանօթագրութիւններ ==
2,877
Երկաթ Եւ Պողպատ
Երկաթ եւ Պողպատ, երկաթը տոկուն եւ ճկուն մետաղ մըն է: Ամէնէն կարեւոր եւ ամէնէն շատ գործածուած մետաղն է: Զուտ չէ իր բնական վիճակին մէջ, այլ խառնուած՝ ուրիշ նիւթերու, թթուածնատներու հետ: == Պահածոներու տուփեր == Պահածոներու տուփերը կը պատրաստուին թիթեղէ՝ ծածկուած անագով, որ արգելք կ'ըլլայ ժանգին: Թիթեղի թերթերուն կը տրուի գլանի ձեւ՝ ծայրերը կիզազօդելով: Յատակը եւ գագաթը կը կտրուին: Յատակի եզրը կը կցուի, որմէ ետք տուփերը կը լեցուին եւ կափարիչը կը դրուի: Խմիչքի շիշերը, ընդհանրապէս, կը շինուին ալիւմինիւմէ՝ թեթեւ մետաղէ մը, որ չի ժանգոտիր: == Մեծ հնոց == Երկաթը կը հանեն երկրին ընդերքէն, ուր կը գտնուի հանածոյ վիճակի մէջ։ Անզուտ երկաթը, խառնուած գետնածխակին եւ կիրին, կը դրուի մեծ հնոցի մը մէջ (կրակի դիմացող աղիւսներէ պատրաստուած փուռ): Տաք օդ կը փչեն մէջը, եւ տաքութեան ազդեցութեան տակ անզուտ երկաթը եւ գետնածխակը հեղուկ երկաթի կը վերածուին: Կիրի յաւելումով կարելի կը դառնայ աղտոտութիւններու վերացումը: == Պողպատ == Պողպատ ունենալու համար բաւարար է հեղուկ երկաթէն իր պարունակած բնածուխին մէկ մասը հանել: Որմէ ետք երկաթը կ'անցնի ճնշուած օդի մը հոսանքէն, որուն պարունակած թթուածինը կ'այրէ աւելորդ բնածուխը: Հեղուկ պողպատը կը լեցուի կաղապարներու մէջ։ Ինքնաշարժներու բազմաթիւ մասերը պողպատէ կը շինուին, ինչպէս շարժիչը: Երկաթուղին, որուն վրայ շոգեկառքը կը սուրայ, պողպատէ կը շինուի: == Աղբիւրներ == ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿՍ, 2001-2002, ԻՆՉՊԷ՞Ս ՇԻՆՈՒԱԾ Է, ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ CCM:
23,640
Սուրբ Երրորդութիւն
Սուրբ երրորդութիւն, Աստուծոյ եռամիասնութիւն, Քրիստոնէական եկեղեցւոյ ամէնահիմնական դաւանանքներէն, ըստ որուն, միակ Աստուածը գոյութիւն ունի երէք անձերով՝ Հայր Աստուած, Որդի Աստուած եւ Սուրբ Հոգի Աստուած, մէկ բնութեամբ։ «Սուրբ երրորդութիւն» եզրոյթը առաջադրուած է Բ (2-րդ) դարու ուշ Աստուածաբաններուն կողմէն։ Սուրբ երրորդութեան դաւանանքը սահմանուած է Նիկիոյ Ա՝ ՅԻԷ (325) թուականի Տիեզերական ժողովին, հաստատուած է Կոստանդնուպոլսոյ Ա՝ ՅՁԱ (381) տիեզերական ժողովին եւ դրոշմուած է Քրիստոնէութեան «Հաւատոյ հանգանակ»-ին մէջ։ Քրիստոնէական եկեղեցիները միակարծիք չեն Սուրբ հոգւոյն մեկնաբանութեան հարցին մէջ։ ԺԱ (11-րդ) դարուն Կաթողիկէ եկեղեցին մտցուց Սուրբ հոգւոյն բղխումը «եւ որդիէն» ձեւակերպումը, զոր արեւելեան եկեղեցիները (դեռ Կաթողիկէ միսիոնարները արեւելք չէին գործուղուած), որոնցմէ էր Հայաստանեաց Առաքելական Ուղափառ Եկեղեցին, չընդունեցին։ Սսոյ Գ (3-րդ) եկեղեցական ժողովը՝ ՌՄԾԱ (1251 թուական), քննելով Սուրբ Հոգիին վերաբերեալ Հռոմի Իննովկենտիոս Դ (4-րդ) պապին առաջադրած դաւանաբանական խնդիրները, ընդունած է «հոգին հօրմէ բղխած է, եւ որդիին միջոցաւ երեւցած» (Կիրակոս Գանձակեցի, Հայոց Պատմութիւն, 1982, էջ 238) ձեւակերպումը, այսպէս մերժած է Որդի Աստուծմէ Սուրբ հոգիին բղխիլը եւ պահպանած է դաւանաբանական հարցերուն մէջ Հայաստանեաց եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը։ ՀԱՅՐԸ, ՈՐԴԻՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ԵՂԱԾ ԵՆ ՄԻԱՍԻՆ, ԱՆՈՆՔ ՆՈՅՆ ԱՍՈՒԱԾՆ ԵՆ ԵՒ ԻՐԱՐ ՀԵՏ ԱՐԱՐԱԾ ԵՆ ԵՐԿԻՆՔՆ ՈՒ ԵՐԿԻՐԸ։ Սուրբ երրորդութեան խիստ անբանաւոր ըմբռնումը սուր վէճեր հարուցած է Քրիստոնէութենէն ներս։ Անիկա բանական դիրքերէն ժխտած են «հակաերրորդութիւն»ականները (Լատիներէն՝ Trinitas - Երրորդութիւն), որոնց վարդապետութիւնը բարեկարգութեան շրջանին վերածնած են «հակաերրորդութիւն»ական բողոքականները (Լատիներէն՝ Unitas - Միասնութիւն)։
8,235
Միրզա Կէնճեան
Միրզա Կէնճեան, (- Ապրիլ 1915), հայ բժիշկ։ == Կենսագրութիւն == Միրզա Կէնճեան ստացած է բժշկական կրթութիւն եւ աշխատած՝ բժիշկ։ 1915 թուականի Ապրիլ 11-13-ը Իթթիհատի առաջին զոհերն եղան 600 հայ մտաւորականներ, որոնց մէջ էին բժիշկներ՝ Նազարէթ Տաղաւարեանը, Վահրամ Թորգոմեանը, Կարապետ Փաշաեանը, Միրզա Կէնճեանը, Յակոբ Նարկիլէճեանը, Տիգրան Ալլահվերտին եւ ուրիշներ։ == Գրականութիւն == Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։ == Աղբիւրներ == Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։
7,770
1945 թուական
1945 թուական, ոչ նահանջ տարի, 20րդ դարու 45րդ տարին է 2րդ աշխարհային պատերազմին աւարտը1942 • 1943 • 1944 • 1945 • 1946 • 1947 • 1948 == Դէպքեր == 1 Յունուար՝ Շէնոնի կոտորածը. ամերիկացի պահապանները կոտորած են վաթսուն գերմանացի կալանաւորները 18 Յունուար՝ Հոլոքոսթ. Աուշվիցի կեդրոնացման ճամբարի 60 000 կալանաւորներու տարհանումի ատենը 15 000—ը մահացած են Յունուար 27-ին խորհրդային զօրքը ազատագրեց Աուշվից Պիրքէնաուն 04 Փետրուար-էն մինչեւ 11 Փետրուար Եալթային մէջ կայացաւ համաժողով Ֆրանքլին Ռուզվելթի, Ուինսթըն Չըրչիլի եւ Եոսէֆ Սթալինի մասնակցութեամբ 13 Փետրուար խորհրդային զօրքը գերմանացիներէն գրաւեցաւ Պուտափեշտը թագաւորական օդոյժը եւ Միացեալ նահանգներու օդոյժը ռմբակոծեցին Տրեզտենը, պատճառելով 22-էն 25 000 զոհ 25 Փետրուար՝ Բ․ Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին, Աթէնքի մէջ «Նոր Օր»ը կը սկսի վերահրատարակուիլ «Ազատ Օր» անունով 7 Մարտ․ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան բացում 06 Օգոստոս՝ ճափոնական Հիրոշիմայի աթոմային ռմբակոծութիւնը 02 Սեպտեմբեր՝ 2րդ աշխարհային պատերազմին աւարտը == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ 1945 ծնունդներ ==== Փետրուար ==== 12 Փետրուար՝ Իգնա Սարըասլան Ikna Sariaslan հայ բանաստեղծ, բանասէր եւ բժիշկ ==== Աւգոստոս ==== 10 Օգոստոս՝ Ալեքսանդր Ադաբաշեան Александр Адабашьян հայկական ծագումով ռուս խորհրդային դերասան 07 Օգոստոս՝ Յովհաննէս Գրիգորեան (մ.2013) հայ բանաստեղծ ==== Սեպտեմբեր ==== 19 Սեպտեմբեր՝ Արտեմ Յարութիւնեան հայ բանաստեղծ ==== Դեկտեմբեր ==== 04 Դեկտեմբեր՝ Համբիկ Մարտիրոսեան արձակագիր, հրապարակագիր ===== Անստոյգ օրով ===== Գրիգոր Պըլտեան Krikor Beledian սփիւռքահայ գրող եւ բանասէր Դաւիթ Պարսամեան David Barsamian ձայնասփիւռի ամերիկահայ հաղորդավար == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ 1945 մահեր ==== Փետրուար ==== 00Փետրուար կամ Մարտ՝ Անն Ֆրանք Anne Frank (ծն.1929) հրեայ աղջիկ ==== Մարտ ==== 10 Մարտ՝ Ալեքսանդր Խատիսեան (ծն.1874, Թիֆլիս) քաղաքական եւ պետական գործիչ ==== Ապրիլ ==== 04 Ապրիլ՝ Վահան Թէքէեան (ծն.1878, Կ.Պոլիս) բանաստեղծ ==== Մայիս ==== 21 Մայիս՝ Բարսեղ Կանաչեան (ծն.1885, Ռոտոսթօ, Օսմանեան Կայսրութիւն) խմբավար, յօրինող 26 Մայիս՝ Մինաս Վերածին (Գասագեան, ծն.1882, Պարտիզակ) գրող եւ ազգային գործիչ ==== Յունիս ==== 20 Յունիս՝ Պրու­­նօ Ֆրանք Bruno Frank (ծն.1887) ամերիկացի հրեայ գրող եւ մարդաբան ==== Աւգոստոս ==== 26 Օգոստոս՝ Ֆրանց Վերֆել Franz Werfel (ծն.1890) աւստրիացի հրեայ գրող եւ մարդասէր ===== Անստոյգ օրով ===== Լուիզա Ասլանեան (ծն.1906, Թաւրիզ) գրող, հասարակական գործիչ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == 1945-ը Պատմութեան մէջ(անգլերէն)Աշխարհի Պատմութեան Ժամանակագրութիւն՝ 1945(անգլերէն)
20,172
Աւստրալիայի Ազգային Թանգարան
Աւստարալիայի ազգային թանգարան, խոշորագոյն թանգարան Աւստրալիայի մէջ: Հիմնադրուած է 1980-ին: Թանգարանին մէջ ներկայացուած է ցուցադրութիւն՝ նուիրուած Աւստրալիայի սոցիալական պատմութեան, հիմնական խնդիրներուն, մարդոց եւ իրադարձութիւններուն, որոնք ձեւաւորած են ժամանակակից աւստրալական ազգը: == Ընդհանուր տեղեկութիւններ == Աւստրալիայի ազգային թանգարանը տեղակայուած է Քանպերական Էքթօն շրջանին մէջ՝ Աւստրալիական ազգային համալսարանէն ոչ հեռու: Նախապէս թանգարանի տեղը եղած է քանպերական Թագաւորական հիւանդանոցը, որ քանդուած է 13 Յուլիս 1997-ին: Թանգարանը նուիրուած է Աւստրալիայի սոցիալական պատմութեան, մասնաւորապէս աւստրալացի բնիկներու եւ Տոռեսի նեղուցի բնիկներու պատմութեան եւ մշակոյթին, աւստրալիական պետութեան եւ հասարակութեան1788-էն ետք, մարդոց փոխազդեցութիւնը շրջապատող միջավայրի հետ: Ընդհանուր առմամբ կան հինգ մշտական ցուցահանդէսներ` «Աւստրալիացիներու առաջին պատկերասրահ» (անգլ.՝ Gallery of the First Australians), «Հիւսուած ճակատագրեր» (անգլ.՝ Tangled Destinies), «Հեռանկարները` Աւստրալիայի կարգաւորումը» (անգլ.՝ Horizons: the Peopling of Australia), «Պետութիւն. Աւստրալիայի խորհրդանիշեր» (անգլ.՝ Nation: Symbols of Australia) եւ «Յաւիտենութիւն. պատմութիւններ Աւստրալիայի յուզուած սրտից» (անգլ.՝ Eternity: Stories From the Emotional Heart of Australia): Տեղի կ՚ունենան նաեւ լրացուցիչ ցուցահանդէսներ: Թանգարանին մէջ կը գործէ սեփական հրատարակչութիւն, ինչպէս նաեւ պատմական հետազօտութիւններու թանգարանային կեդրոն: == Պատմութիւն == Աւստրալիայի ազգային թանգարանի շէնքը Քանպերայի մէջ պաշտօնապէս բացուած է 11 Մարտ 2001-ին. Աւստրալիական Ֆետերացիայի ստեղծման հարիւրամեակի առիթով: Թանգարանը ստեղծելու առաջին նախագիծը ստեղծուած է դեռ 20-րդ դարու սկիզբը, բայց համաշխարհային պատերազմներու, ֆինանսական ճգնաժամերու պատճառով անոնք չիրագործուեցան: Աւստրալիայի ազգային թանգարանի ստեղծման պաշտօնական տարին կը համարուի 1980 թուականը, երբ երկրի Խորհրդարանը ընդունած է յատուկ օրէնք: Այն ժամանակ ալ սկսած են հաւաքել թանգարանի հաւաքածոները: 1988-ին Աւստրալիայի կառավարութիւնը որոշում ընդունեց յետաձգել Ազգային թանգարանի շէնքի կառուցումը: Միայն 1996-ին տեղեկութիւն եղաւ նախագիծը վերսկսելու մասին:1997-ին տեղի ունեցած է մրցոյթ՝ ապագայ կառոյցի լաւագոյն դիզայնի համար: Յաղթեց աւստրալիացի ճարտարապետ Հարուարդ Ռեխատը (անգլ.՝ Howard Raggatt): Թանգարանի կառուցման համար ծախսուած է 155 միլիոն աւստրալական տոլար: Բացումէն ետք այն քննադատներու շրջանին մէջ ստացած է տարբեր գնահատականներ: Օրինակ՝ Գերմանիոյ Ազգային թանգարանի ճարտարապետին մեղադրած են բանագողութեան մէջ, քանի որ կառուցուած շէնքը նման է Պերլինի Հրեական թանգարանին: == Ճարտարապետութիւն == Աւստրալիայի Ազգային թանգարանի շէնքի ցուցասրահները կը կազմեն 6,600 մ ², կառուցուած է պոստմոդեռն ոճով: Այն բաղկացած է քանի մը անհատական սենեակներէ, միաւորուած իրար մէջ ինչպէս փազլը՝ ստեղծելով կիսակառոյց «Աւստրալիական երազանքներու այգի» (անգլ.՝ Garden of Australian Dreams): Արտաքին հատուածի կառոյցները ներկուած են վառ ներկերով՝ նարնջագոյն, մորեգոյն, պրոնզագոյն, ոսկեգոյն, սեւ եւ արծաթագոյն գոյներով, որ թանգարանը կ՚առանձնացնէ Քանպերայի մնացած շէնքերէն, ուր տուները կառուցուած են բաց դեղնաւուն գոյնի աղիւսներէ: Շէնքը ծածկուած է նաեւ անոդային ալիւմինէ պանելներով: Անոնցմէ շատերը պահպանած են անգլիական բառեր, գրուած Պրեյլի գիրերով, օրինակ՝ «ընկեր», «ներողութիւն», «ներողութիւն խնդրեցէք մեր ցեղասպանութեան համար» (աւստրալիացի բնիկներու գործածած արտայայտութիւն), «Աստուած գիտէ», «ժամանակը ցոյց կու տայ», «սէրը կոյր է»: Թանգարանի մուտքը կ՚անցնի մեծ դահլիճով՝ կոր պատերով, լուսամուտներով եւ առաստաղով: Ըստ ճարտարապետի՝ այն ներսէն նման է հսկայ հանգոյցի, որ կը խորհրդանշէ կապը աւստրալիացիներու միջեւ: Մինչ Ազգային թանգարանի մուտքը կը սկսի Ուլուրու ժայռերու գիծը (անգլ.՝ Uluru line), վառ-նարնջագոյն քանդակներ հանգոյցներու ձեւով, երկայնութեամբ բաշխուած Էքթոնի թերակղզիով: Թանգարանի կեդրոնական մասը Աւստրալիայի երազանքներու այգին է, որ ջուրի քարտէզի տեսքով հսկայական քանդակագործական կազմ է, փոքրիկ խոտի ծածկով եւ քանի մը ծառերով, որ կը պատկերէ Աւստրալիայի կեդրոնական մասը ճանապարհային նշաններով, դինգոյ ցանկապատի դիզայնով, Աւստրալիայի բնիկներու անուններով, ինչպէս նաեւ տեղական լեզուներու բաշխման սահմանները: == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Закон о Национальном музее Австралии 1980 года.(անգլերէն) Macarthur, John. 2001. Review: "Australian Baroque: Geometry and Meaning at the National Museum of Australia, Architecture Australia, vol.90, no.2 (March/April), pp.48-61. Naomi Stead. In the Vernacular: On the Architecture of the National Museum of Australia.
18,357
Պոսնիա եւ Հերցեկովինա
== Անուան ծագումնաբանութիւն == Պետութեան անուանումը կազմուած է երկու բառերէ, որոնք պատմական շրջաններ կը նշանակեն՝ Պոսնիա եւ Հերցեգկվինա։ Պոսնիան «Պոսոնա» (Կաղապար:Lang-gr) անուան ներքոյ առաջին անգամ յիշատակուեր է մօտաւորապէս 950 թուականին՝ Կոստանդին Ծիրանածինի «Կայսրութեան կառավարման մասին» աշխատութեան մէջ։ «Պոսնիա» տեղանունը, ենթադրաբար, ունի մինչսլավոնական ծագում, կ'առաջանայ Պոսնա գետէն, որու ափերուն ծնունդ առած է Պոսնիական պետութիւնը: Հերցեկովինայի անուան ծագումը հունգարական էherceg՝ «վոյեվոտա» (հին Ռուսիոյ մէջ՝ օորավար, քաղաքի եւ շրջանի պետ, Լեհաստանի մէջ՝ խոշոր վարչական միաւորի պետ): Պատմականօրէն կապուած է պոսնիական աւատատեր Ստեփան Վուքչիչի հետ, որ 1448 թուականին ընդուներ է Սուրբ Սավվայի դքսութեան վոյեվոտայի կամ հերցոկի կոչումը, ինչ որ անոր տիրութիւնէն յետոյ միջնադարեան Խում մարզի բաղկացուցիչները ստացեր են Հերցեկովինայի անուանումը: 1878 թուականին «Պոսնիա եւ Հերցեկովինա» անուանմամբ մարզը ընդգրկուեր է Աւստրօ-Հունգարիայի կազմին մէջ։ Եուկոսլավիայի կազմալուծումէն յետոյ, 1992-1997 թուականներուն, պետութեան պաշտօնական անուանումը եղեր է «Պոսնիա եւ Հերցեկովինա Հանրապետութիւն»։ 1995 թուականին, Տեյթոնեան համաձայնագրից եւ նոր սահմանադրութեան ընդունումէն յետոյ, պետութիւնը վերանուանուեր է «Պոսնիա եւ Հերցեկովինա»։ == Պատմութիւն == === Պոսնիա եւ Հերցեկովինան մինչեւ 12-րդ դարը === Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի առաջին բնակիչները եղեր են նեանտերթալցիները, որոնք ապրեր են ստորին հնաքարի դարաշրջանին փալէօլիթիքի (Paleolithic)։ Պրոնզէ դարու ժամանակ Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի մէջ բնակութիւն հաստատեր են իլլիրիական ցեղերը։ Ք.Ա.IV դարուն այստեղ եղեր են Քելթերը, որոնք ժամանակի ընթացքին միախառնուեր են բազմաքանակ իլլիրիացիներու հետ։ Ք.Ա. 1-ին դարէն Վերին, Ստորին Փանոնիայի եւ Տալմացիայի կազմին մէջ եղեր է Հին Հռոմի տիրապետութան տակ։ 6-րդ դարէն գտնուեր է Բիւզանդիայի կազմին մէջ: 6-7 դարերու ընթացքին բնակեցուած է սերպերու կողմէն։ Պոսնիան որպէս իշխանութիւն առաջին անգամ յիշատակուեր է 10-րդ դարուն Զախումիէի, Թրավունիայի, Թրեպինիէի, Փականիայի հետ վերակարգով: === Պոսնիական պետութիւն === Պոսնիան, որ սկզբնապէս առաջացեր է Պոսնա եւ Վրպաս գետերու աւազանի մէջ, որպէս ամբողջական պետութիւն, հաւանաբար, առաջացեր է X-XI դարերուն։ Այս պետութեան գլխուն կանգնած էր Պան տիտղոսով անձնաւորութիւնը։ 12-րդ դարու սկիզբը փլուզուեր է Տուքլիայի պետութիւնը, որմէ յետոյ Պոսնիան անկախացեր է։ 1160-ական թուականներու Բիւզանդա-հունգարական պատերազմէն յետոյ Պոսնիան 13 տարի եղեր է Բիւզանդիայի տիրապետութեան տակ, որմէ յետոյ վասալի կարգավիճակին անցեր է Հունգարիայի թագաւորութեան տիրապետութեան տակ։ Երկիրը բաժնուեր է մարզերու, որոնք սկսեր են կոչուիլ ժուփաներ։ Պոսնիայի մէջ 11-րդ դարու վերջի առաջին յայտնի եկեղեցական կազմակերպութիւնը կոչուեր է Բարի Պոսնիացի Քրիստոնեայ ("Christians") or ("Good Bosnians։ === Թրքական շրջան === Թրավինիքի առաջին ստոյգ յիշատակումը որպէս Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի գլխաւոր քաղաք կը վերաբերի 1704 թուականին: 1850 թուականին Պոսնիայի վարչական կեդրոնը տեղափոխուեր է Սարայեվօ: === Պոսնիական պատերազմ === 1992 թուականի 29 Փետրուար-ին եւ 1 Մարտ-ին պոսնիական կառավարութիւնը նշանակեր է հանրաքուէ՝ որոշելու համար Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի անկախության հարցը։ Մեծամասնութիւն կազմող խորվաթները եւ պոսնիակները քուէարկեր էին յօգուտ անկախութեան։ Իսկ պոսնիացի սերպերը պոյքոթած էին քուէարկութիւնը՝ դէմ ըլլալով անկախութեանը եւ հանրաքուէն հակասահմանադրական համարելով։ Քանի որ ձայներու մեծամասնութիւնը քուէարկած էր անկախութեան համար, 1992 թուականի Ապրիլի 7-ին Պոսնիայի խորվաթ եւ պոսնիակ պատգամաւորները Պոսնիա եւ Հերցեկովինան հռչակեր են անկախ։ Որպէս պատասխան ատոր, Ապրիլի 7-ին Պոսնիայի սերպերը հռչակեցին նոր հանրապետութոիւն մը. Սերպական Հանրապետութիւնը եւ սկսան պահանջել Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի այլ տարածքներ եւս, ուր սերպական փոքրամասնութիւն կը բնակուէր։ Պատերազմը սկիզբ առած է Եուկոսլավիայի Դաշնակից Հանրապետութեան փլուզման շրջանին՝ Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի անկախութիւնէն յետոյ։ Հակամարտող երեք կողմերն էին երկրի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող երեք ցեղախումբերը՝ պոսնիակները, խորվաթները եւ սերպերը։ Տակաւին մինչեւ հանրաքուէն երեք ցեղախումբերը սկսեր էին կազմաւորել սեփական փոքր բանակներ։ Սերպերու բանակը օժանդակութիւն կը ստանար Եուկոսլավիական Ժողովրդական բանակի (ՀԺԲ) կողմէ: Առաջին արիւնալի բախումը տեղի ունեցեր էր 1991 թուականի Սեպտեմբերի 30-ին, երբ ՀԺԲ-ն աւերած է Պոսնիայի խորվաթաբնակ Ռավնօ քաղաքը։ Հանրաքուէի անցկացման շրջանին դրութիւնը աւելի լարուեր է։ Ատկից յետոյ երկրի տարբեր վայրերուն բռնկուեր էին կռիւներ՝ յատկապէս արեւելեան Պոսնիայի մէջ՝ Տրինայի կիրճը, իսկ երկրի հիւսիս-արեւմուտքին 1992 թուականի Ապրիլէն սկսեր էին կատարուիլ արիւնահեղութիւններ եւ ցեղային զտումներ։ Պիելինա, Վիշեկրատ, Ֆոչա, Պրաթունաք, Սանսքի Մոսթ, Փրիետոր, Կոզարաք եւ այլ բնակավայրերու պոսնիական բնակչութիւնը դարձած էր թիրախ։ Ըստ Նախկին Եուկոսլավիայի հարցով միջազգային դատարանի` ռազմական ընդհարումը տեղի ունեցեր է Պոսնիայի, Եուկոսլավիայի Դաշնակից Հանրապետութեան եւ Խորվաթիայի միջեւ։ Ըստ միջազգային դատարանի եզրակացութեան՝ Սերպիան ռազմական եւ ֆինանսական օգնութիւն տուեր է պոսնիական սերպերու զինուած ուժերուն, որոնք բաղկացած էին Եուկոսլավիական ժողովրդական բանակէն, Սերպական Հանրապետութեան բանակէն, Սերպական Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարարութիւնէն եւ Սերպական Երկրապահ Ուժերէն։ Խորվաթիան ռազմական օգնութիւն տուեր է պոսնիական խորվաթներուն։ Իսկ Պոսնիայի կառավարութիւնը ղեկավարուեր էր Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի հանրապետութեան բանակով։ Այս երեք կողմերը պատերազմի ընթացքին քանի մը անգամ փոխեր են իրենց նպատակներն ու կողմնորոշումը։ == Ծանօթագրութիւններ ==