id
int64
43
24k
title
stringlengths
2
92
article
stringlengths
5
147k
22,947
Մշակ (թերթ, Ֆրեզնօ)
«Մշակ», քաղաքական, գրական թերթ (սկիզբը՝ շաբաթական, այնուհետեւ՝ եռօրեայ)։ Լոյս տեսած է 1925—1957 թուականներուն, Ֆրեզնոյի մէջ։ Հիմնադիր-խմբագիր՝ Լ․ Լիւլէճեան։ Լուսաբանած է ամերիկահայ եւ սփիւռքի այլ գաղթավայրերու ազգային, կրթական, մշակութային կեանքը։ «Հայաստան» խորագրով պատմած է Սովետական Հայաստանի տնտեսական եւ մշակութային կեանքի մասին։ Քաջալերած է ամերիկահայ հայրենակցական եւ ՀԲԸ միութիւններու, ՀՕԿ-երու ձեռնարկները ի նպաստ ՀՍՍՀ-ի։
23,637
Կէորկենի
Կէորկենի (ռումաներէն՝ Gheorgheni, հունգ.՝ Gyergyószentmiklós, Ճիերճոսենթմիքլոշ), Ռումանիոյ Հարկիթա գաւառի քաղաք։ Չորս գիւղերու վարչական կեդրոնն է՝ Քովաքսփիթըր, Կիլքոսթօ, Վարկաթակ եւ Վիզսաֆոլիօ։ Ռումանիոյ մէջ հունգարական մշակոյթի կարեւորագոյն կեդրոններէն է։ == Տեղեկութիւններ == === Աշխարհակագրական դիրք === Կէորկենի կը գտնուի Թրանսիլվանիոյ պատմական շրջանի արեւելեան մասին, Սզիգելի լեռնադաշտին վրայ եւ բարձրութիւնը ծովու մակարդակէն 810 մեթր է։ Անոր մօտերը կը գտնուին Կարմիր Լիճը եւ Պիքազ Կորճ նեղ ձորը (արեւելան Քարփաթեան լեռնաշղթայ)։ === Բնակչութիւն === Ըստ 2016-ի մարդահամարին, Կէորկենի բնակչութեան թիւն է 20 022։ ==== Ազգային կազմ ==== 87,54% հունգարացիներ, 10,8% ռումանացիներ, 1,66% ուրիշ == Պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ == Քաղաքին անունը առաջին անգամ տեսնուած է 1332-ին արձանագրութեան մը մէջ։ Կը պատկանէր Հունգարիոյ թագաւորութեան բազմաթիւ ընդմիջումներով՝ Արեւելեան Հունգարիոյ թագաւորութիւն եւ Թրանսիլվանիոյ Իշխանութիւն։ 1867-ին եւ 1918-ին Քսիք գաւառին (Հունգարիոյ թագաւորութիւն) մաս կը կազմէ։ Ա․ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Թրիանոնի Դաշինքին հետեւանքով (1920) Ռումանիոյ Չիւք գաւառին մաս կը կազմէ։ 1940-էն մինչեւ Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին Հունգարիոյ կը պատկանի․ Վիեննայի Երկրորդ Իրաւարարութիւն։ Անկէ ետք, Ռումանիոյ մաս կը կազմէ։ Իսկ 1952-էն մինչեւ 1960 Հունգարական Ինքնիշխան Շրջանին (Magyar Autonomous Region) մաս կը կազմէ։ === Հայերու մասին === 1654-ին Մոլտովեայէն Թրանսիլվանիա գաղթած հայեր, հիմնած են երկու հայահոծ քաղաքներ։ Կէորկենի անոնցմէ մէկը եղած է։ == Տե՛ս նաեւ == Օգոստինոս Սեքուլեան == Ծանօթագրութիւններ ==
4,658
Միջին Ականջի Հիւանդութիւններ
Միջին ականջի հիւանդութիւններ, միջին ականջին կամ թմբկախոռոչին վերաբերող հիւանդութիւններու շարք, որոնք կ՛արտայայտուին շարք մը հիւանդագին երեւոյթներով։ == Միջին ականջի հիւանդութիւններու տեսակներ == Միջին ականջի բորբոքումներ Միջին ականջի կամ թմբկախոռոչի բորբոքումը կը պատահի որեւէ տարիքի, բայց եւ այնպէս ան շատ աւելի տարածուած է երեխաներու մօտ։ Հիւանդութեան ախտապատճառը լսափողի, քիթի եւ քթաըմբանի վատառողջ վիճակն է, ինչպէս նաեւ մանկական ժահրային տարբեր հիւանդութիւնները։ Քիթի, քթաըմբանի եւ լսափողի մանրէական բորբոքումները տարածուելով միջին ականջ՝ կը յառաջացնեն թմփկախոռոչի բորբոքում։ Մանկական ժահրային հիւանդութիւններուն մեծամասնութիւնը կը հարուածեն մանուկներուն միջին ականջը եւ կը յառաջացնեն միջին ականջի ժահրային բորբոքում։ Որեւէ հիւանդագին կացութիւն եւ կամ երեւոյթ, որ կը տեսնուի քիթի եւ քթաըմբանի մէջ, կ՛ունենայ իր վատ անդրադարձը լսափողին վրայ. ան կը խցուի եւ եւ միջին ականջի օդաճնշաչափը կը բարձրանայ ու կարճ ժամանակաշրջանէ մը ետք, կը յառաջանայ միջին ականջի բորբոքում։ Քիթի եւ քթաըմբանի խցումը տեղի կ՛ունենայ գերզգայնութեամբ, զանազան տեսակի բորբոքումներով, քաղցկեղով, պարզ ուռերով, գեղձուռոյցքով (adenoids) եւ խորշապատի (nasal septum) ծուռութեամբ։ Յաճախ նշիկներու եւ գեղձուռոյցներու բորբոքումը կը հարուածէ լսափողն ու միջին ականջը, եւ տեղի կ՛ունենայ լսափողաբորբ եւ միջին ականջի բորբոքում։ Լսափողի երկարատեւ բորբոքումը պատճառ կը դառնայ անոր խցումին։ Մանուկներու մօտ լսափողի բորբոքումը յաճախակի է, որովհետեւ անոնց լսափողը փոխանակ շեղակի ըլլալու, կը գտնուի հորիզոնական դիրքի վրայ, եւ այս իսկ պատճառով, մանուկին քթաըմբանէն սննդանիւթերու կտորիկներ դիւրաւ կը մտնեն լսափող եւ կը յառաջացնեն լսափողաբորբ, ինչպէս նաեւ միջին ականջի բորբոքում։ Սրուակով սնանող մանուկներ աւելի հակամէտ են միջին ականջի բորբոքումներու։ Միջին ականջի բորբոքումները կրնան ըլլալ՝ Թարախային եւ կամ ոչ թարախային. Սուր եւ կամ մնայուն-երկարատեւ. Մանրէական, սնկային եւ ժահրային.Միջին ականջի պարզ բորբոքումը կրնայ զարգանալ եւ վերածուիլ հեղուկային բորբոքումի, որ կրնայ ըլլալ թարախային եւ կամ ոչ թարախային։ Հեղուկային բորբոքումի զարգացումով թմբկախոռոչը կը կուտակուի շիճուկային եւ կամ թարախային հեղուկով եւ օդի պղպջակներով. ականջաթաղանթը կը կորսնցնէ իր բնական երեւոյթը. ան կը կարմրի եւ կը ցցուի դէպի դուրս. հիւանդը կը տառապի ցաւէ, լսողական կորուստէ, ականաջաբզզիւնէ, գլխապտոյտէ, ջերմութենէ, դողէ, փսխուքէ եւ ծամելու դժուարութենէ։ Յաճախ միջին ականջին մէջ կուտակուած հեղուկին ճնշումով թմփկաթաղանթը կը ծակի եւ տեղի կ՛ունենայ շիճուկային, արիւնաշիճուկային եւ կամ թարախային ականջածորանք-հոսք։ Սուր բորբոքումի պարագային, դարմանումը կ՛ըլլայ դեղերով՝ թմբկաթաղանթի ծակումով (myringotomy), միջին ականջի շիճուկային եւ կամ թարախային հեղուկի վերացումով եւ ստեղծուած թմփկաթաղանթի ծակին մէջ արուեստական պզտիկ խողովակի մը զետեղումով։ Ստեղծուած թմբկաթաղանթի ծակը ընդհանրապէս կը սպիանայ եւ որոշ ժամանակ ետք ինքնաբերաբար կը գոցուի։ Միջին ականջի բորբոքումի եւ անոր ախտապատճառներու հիմնական դարմանումի ձախողութեամբ կը յառաջանայ մնայուն-երկարատեւ ականջաբորբ, որուն ախտանշաններն են թմբկաթաղանթի մնայուն բացուածք-ծակ, յարատեւ թարախահոսք, միջին ականջի ոսկրիկներու անշարժացում եւ կամ փտտում ու լսողական մնայուն կորուստ, նաեւ ականջաբզզիւն եւ գլխապտոյտ։ Մնայուն ականջաբորբի դարմանումը կը կարօտի երկարաշունչ եւ հետեւողական միջոցառումի՝ հակամանրէական դեղերու եւ վիրաբուժական գործողութեան։ Թմբկաթաղանթի մնայուն ծակը կը վերակազմուի վիրաբուժական գործողութեամբ՝ կատարելով մաշկային պատուաստում (myringoplasty)։ Մնայուն ականջաբորբը կրնայ տարածուիլ ներքին ականջ եւ հարուածել լսողական եւ հաւասարակշռութեան օրկանները, որոնք կը յառաջացնեն խլութիւն, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն։ Քիչ պարագաներու, բորբոքումը կը տարածուի պտկաձեւ ելուստ (mastoid) եւ կը յառաջանայ պտկաձեւ ելուստի բորբոքում ու փտտում, որ կը դարմանուի միայն վիրաբուժական գործողութեամբ։ Շատ քիչ պարագաներու նաեւ բորբոքումը կը տարածուի ականջի սահմաններէն դուրս եւ կը հասնի ուղեղ, ուր կրնայ տեղի ունենալ խելապատատապ (meningitis) եւ ուղեղատապ։ Երկարատեւ ականջաբորբի հետեւանքով, միջին ականջի երեք ոսկրիկները կը փտտին, կ՛անջատուին իրարմէ եւ կամ կ՛անշարժանան. այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, հիւանդը կ՛ունենայ զանազան աստիճանի եւ զօրութեամբ լսողական փոխանցման կորուստ։ Միջին ականջի բորբոքումը կրնայ յառաջանալ նաեւ մեր շրջապատի օդաճնշումի անակնկալ փոփոխութեամբ, որ կը պատահի սուզուելու, ընկղմելու, լեռ մագլցելու եւ օդանաւով ճամբորդելու ընթացքին։ Բոլոր պարագաներուն ալ, լսափողը կը խցուի եւ կը յառաջանայ միջին ականջի անակնկալ սուր բորբոքում։ Միջին ականջի սուր բորբոքումը եւ երկարատեւ ականջաբորբը վերջնականապէս կը վերանան միայն ու միայն հիմնականօրէն դարմանելով լսափողի, քիթի եւ քթաըմբանի հիւանդագին երեւոյթները ու գերզգայնութիւնը։ 2-Միջին ականջի երեք ոսկրիկներու հարուածային վնասով տեղի ունեցած ձայնային ալիքներու հաղորդակցութեան խանգարում եւ լսողական կորուստ։ Այս կացութիւնը կարելի է դարմանել վիրաբուժական գործողութեամբ։ 3-Միջին ականջի ոսկրիկներու ոսկրապնդացում (otosclerosis) Միջին ականջի երեք ոսկրիկները կրնան վնասուիլ ոսկրապնդացումով, սակայն առաւելաբար երրորդ ոսկրիկն է, որ կ՛անշարժանայ ձուաձեւ պատուհանին վրայ։ Այդ պատճառ կը դառնայ, որ ձայնային ալիքներու փոխանցում տեղի չունենայ դէպի ներքին ականջ ու կը յառաջանայ լսողական փոխանցման կորուստ։ Ոսկրապնդացումը կը հարուածէ բնակչութեան 1%ին մէկ կամ երկու ականջները։ Ան առաւելաբար կը տեսնուի միջին տարիքի մարդոց քով եւ հաւասարապէս երկու սեռերուն մէջ։ Լսողական կորուստը կը վերականգնի վիրաբուժական գործողութեամբ, որուն ընթացքին անշարժացած ոսկրիկը կը փոխարինուի կերպընկալ արհեստական ոսկրիկով։ 4- Ոսկրիկներու ընդոծին անբնական արատներ, որոնցմէ կարելի է յիշել ոսկրիկներէն մէկ կամ մէկէ աւելի ոսկրիկի չգոյութիւնը, ինչպէս նաեւ ոսկրիկներու անբնական եւ այլանդակ զարգացումը։ Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, կը յառաջանայ լսողական փոխանցման կորուստ։ Վիրաբուժական գործողութեամբ կարելի կ՛ըլլայ վերակազմել ոսկրիկներու բնական շարուածքը։ 5- Լաւորակ ուռեր, պոլոպներ, որոնք կը զարգանան միջին ականջի բորբոքումներով եւ գերզգայնութեամբ։ Այս ուռերը արգելք կը հանդիսանան ոսկրիկներու ազատ շարժումներուն եւ ձայնային ալիքներու դէպի ներքին ականջ փոխանցման, որոնք պատճառ կը դառնան լսողական փոխանցման կորուստի։ 6- Չարաղէտ ուռեր-քաղցկեղ, որոնք կը գործեն լաւորակ ուռերու նման։ Վերոնշեալ բոլոր ուռերու վիրահատումով կարելի կ՛ըլլայ վերահաստատել լսողութիւնը եւ չէզոքացնել ականջաբզզիւնը։ 7- Զարկերակային պզտիկ ուռեր, որոնք կը տեսնուին թմբկաթաղանթին ետին՝ իբրեւ փափախուն ուռեր. անոնք կը յառաջացնեն ականջաբզզիւն եւ քիչ պարագաներու՝ լսողական կորուստ։ Այս զարկերակային ուռերուն վիրահատումով կ՛անհետանայ ականջաբզզիւնը եւ լսողութիւնը կը վերադառնայ բնականին։ 8- Մթնոլորտի ճնշումի փոփոխութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած խխունջի վնաս-հարուած, որ կը պատահի սուզուելու եւ կամ լեռ մագլցելու, ինչպէս նաեւ օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին։ Ծովեզերեայ օդի ճնշումը կը կրկնապատկուի, երբ ծովու մակերեսէն 10 մեթր վար իջնենք, իսկ երբ ծովու մակերեսէն 600 մեթր վեր բարձրանանք, օդի ճնշումը կը նուազի կէսով։ Այս փոփոխութիւններուն հետեւանքով կրնայ յառաջանալ միջին ականջի սուր բորբոքում, ականջացաւ, լսողական փոխանցման եւ ընկալական կորուստ, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն։ Օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին տեղի կ՛ունենան երկու տարբեր կացութիւններ՝ Ելքի ընթացքին՝ միջին ականջի ճնշումը կամաց-կամաց կը բարձրանայ, թմբկաթաղանթը կը ցցուի դէպի դուրս եւ միջին ականջի օդը եւստաքեան խողովակէն կ՛ուղղուի դէպի քթաըմբան։ Էջքի ընթացքին՝ միջին ականջի ճնշումը կամաց-կամաց կը նուազի, թմբկաթաղանթը կը քաշուի դէպի ներս եւ օդը դժուարութեամբ կ՛անցնի եւստաքեան խողովակէն։Երկու պարագաներուն ալ ենթական կրնայ ունենալ ականջացաւ, միջին ականջի սուր բորբոքում, թմբկաթաղանթի պատռուածք եւ շիճուկային եւ կամ արիւնաշիճուկային ականջահոսք։ Այս բոլորը աւելի զգալիօրէն կը տեսնուին էջքի ընթացքին։ Օդանաւային ճամբորդութեան առնչութեամբ յանձնարարելի է ճամբորդութեան ընթացքին շարունակ կլլելու փորձ ընել եւ կամ ձիւթ ծամել. իսկ հարբուխ եւ զանազան պատճառներով քիթի խցում ունեցողները օդանաւով պէտք չէ ճամբորդեն։ == Գրականութիւն == Բժիշկին Բ. Գիրքը, Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, ԱԱնթիլիաս, 2011, էջ 61-65
5,744
Եդուարդ Պօյաճեան
Եդուարդ Պօյաճեան (9 Ապրիլ 1915(1915-04-09) կամ 1915, Խըտըր Պէկ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 13 Հոկտեմբեր 1966(1966-10-13) կամ 1966, Պէյրութ, Լիբանան), հայ բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր, քննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը։ Ինք նորածին, երեք ամսու երեխայ, ընտանիքը կը բարձրանայ գոյամարտի լեռ, ապա կը փրկուի եւ կը տարուի Եգիպտոս։ Զինադադարին կը վերադառնան Մուսալեռ, ուր կը սկսի ուսանիլ՝ գիւղական նախակրթարաններուն մէջ։ Ուսումնատենչ եւ գրելու շնորհքով օժտուած պատանի՝ ուսմանս երկրորդ շրջանը, տասնհինգ տարեկանէս սկսեալ, կ՛երթայ Պէյրութ, Համազգայինի նորաբաց Հայ Ճեմարանը, բարձրագոյն իր ուսումը ստանալու համար։ Կը մնայ հոն, մինչեւ Ա. լսարանի վերջը՝ հինգ տարի, մինչհւ 1935, յետոյ՝ ուսուցիչ։ == Գրական վաստակ == Գրած է կանուխէն, տպուած՝ քիչ մը ուշ, 1932-ին. աւելի կամ նուազ սերտ աշխատակցութիւն բերած է Հայրենիք»ին, «Յառաջ»ին, «Ազդակ»ի գրական «Շաբաթօրեայ» յաւելուածին, «Նայիրի»ին, «Ակօս»ին, «Ազդարար»ին, Բագինին (մաս կազմած է, այս վերջինի՝ հիմնադիր եւ խմբագրական կազմերուն 1962-էն): Ստորգրած է տարբեր ծածկանուններով՝ Ալպաթրոս, Վազգէն Տիրանեան, Ե. Սարեան եւ Ե. Ծովիկեան։ Իսկ Ճեմարան, Դ. դասարանի մէջ, ձեռնարկած է գրական բովանդակութեամբ խմորատիպ ամսաթերթի մը, «Այգ» անունով։ 1944-էն սկսեալ, յաջորդական հատորներով հրատարակած է իր գործերը՝ բանաստեղծութիւն եւ արձակ։ Քերթողական ու արձակ իր էջերը ամփոփուած են վեց հատորներու մէջ.- «Սէր Եւ Վիշտ» (քերթուածներ՝ 1944) «Հողը» (1948) «Թուղթ Զաւակներուս» (1961) «Տոմար Տարագրի» (1963) «Երկու Նամակներ» (1964) «Դէմքեր» (1967)Գրական պարբերականներու եւ օրաթերթերու մէջ ցրուած կը մնան քանակով պատկառելի եւ որակով անզանցառելի իր էջերը, բանաստեղծութիւններ, արձակ, գրադատականներ, վերլուծական սեւերւումներ, օրագրային եւ յուշագրային սեւեռումներ։ Անընդհատ արտադրած է, ուսուցչական սպառիչ գործունէութեան մը զուգահեռ, մինչեւ իր մահը (Պէյրութ): Իսկ յետ մահու իր գործերէն լոյս տեսած են «Դէմքեր» (1967), «Երկեր Ա. հատոր» (1968), «Ծննդավայր Կորուսեալ» (1984), «Ընտրանի» (Երեւան 1994), «Կեանքի Ափերէն» (1995) , «Դուն» (Երեւան 2005) եւ «Միտք Պահէ»: == Աղբիւրներ == Դար Մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Բ. հատոր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ 1977, էջ 353-355: Մուսալեռցի-Այնճարցի Գրագէտներ։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Մուսալեռցի-ԱյնճարցիԳրագէտներ: Եդուարդ Պօյաճեան (1915-1966), Հայրենի Կորուսեալ Հողին Ինքնատիպ Երգիչը: BOOKS «Ընտրանի»:
942
365 (թիւ)
365 (երեք հարիւր վաթսունհինգ) կենտ եռանիշ բնական թիւ է 364-ի եւ 366-ի միջեւ == Յատկութիւններ Եւ Կիրառութիւններ == A001358 հարիւրտասնհինգերորդ կիսապարզ թիւն է երկու քառակուսիներու գումար է՝ 365=132+142 երեք քառակուսիներու գումար է՝ 365=102+112+122 Alt 365 գործադրելիս կը ստացուի m տողատառը 365-ն են ոչ նահանջ տարուան օրերը (տարուայ օրերու քանակն իրականին 365.2422 է) տարուայ 365րդ՝ վերջին օրն է, Դեկտեմբեր 31-ը (նահանջ տարիներուն՝ Դեկտեմբեր 30-ը) 365 Կորդուբա աստեղնեակի կարգային թիւն է == Ծանօթագրութիւններ ==
3,317
Ժիրայր Դանիէլեան
Ժիրայր Դանիէլեան (1941, Լիբանան - 22 Նոյեմբեր 2022(2022-11-22), Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ),հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ, գրադարանագէտ, խմբագիր եւ հրատարակիչ, լրագրութեան պատմաբան, մատենագէտ, մանկավարժ: Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուաւոր դոկտորի կոչում` հայագիտութեան մարզին մէջ, == Կենսագրութիւն == Դոկտոր Ժիրայր Դանիէլեան կը յաճախէ նախ Պէյրութի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը: Ապա կը ստանայ իր միջնակարգ կրթութիւնը` ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ։ Իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը կը շարունակէ Պէյրութի Հայկազեան քոլեճին մէջ (այժմ` համալսարան), ուր կը հետեւի պատմութեան եւ մանկավարժութեան դասընթացքներուն: Վաղ տարիքին կը ցուցաբերէ հետաքրքրութիւն` հայագիտութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ: Քսաներեք տարի կը պաշտօնավարէ Հայկազեան Համալսարանին մէջ` իբրեւ Հայագիտական գրադարանի վարիչ եւ, ապա, իբրեւ գրադարանապետ: Հայկազեան համալսարանին գրադարանը կը դառնայ այն իտէալ միջավայրը, ուր Ժիրայր Դանիէլեան կը լծուի բանասիրական պրպտումներու եւ շնորհիւ յարատեւ որոնումներու` կը կատարէ ուսումնասիրութիւններ արժէքաւոր երկերու մասին: Կը ստանձնէ տնօրէնի պաշտօն` Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարաններուն մէջ: Գրականագէտ եւ խմբագիր՝ Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան իր մասին կ՜ըսէ՝Ժիրայր Դանիէլեան որոնողը, հմուտ բանասէրը, լրագրութեան պատմաբանն ու մատենագէտը, մանկավարժը, խմբագիրն ու հրատարակիչը», ինչպէս նաեւ` «Սփիւռքի հայ մամուլի ու գրական գործի լաւագոյն գիտակներից մէկը…» Պէյրութի մէջ 4 Օգոստոս 2020-ին պատահած ահաւոր պայթումներուն հետեւանքով իր աչքերը վիրաւորուած են: Ան իր մէկ աչքը գրեթէ կորսնցուցած է, միւս աչքն ալ լրջօրէն վնասուած է: == Խմբագրական աշխատակցութիւններ եւ յօդուածներ == Ժիրայր Դանիէլեան Կը վարէ խմբագրութիւնը գրական այլազան հանդէսներու եւ պարբերաթերթերու, ինչպէս` «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ին, «Հիւսիսեան հայագիտական տարեգիրք»ին, «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»ին, «Երիտասարդ հայ» երկշաբաթաթերթին, ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին եւ «Շիրակ» ամսագրին: Ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն, «Սփիւռք» եւ «Նայիրի» շաբաթաթերթերուն մէջ: Ժիրայր Դանիէլեան պատասխանատու խմբագիրն է 2005-ին իր հիմնադրած «Կամար» գրական պարբերաթերթին: == Ուսումնասիրական աշխատանքներ եւ դասախօսութիւններ == Ան կը փոխանցէ ուշագրաւ տեղեկութիւններ հայ պարբերական մամուլի մասին` ներկայացնելով լիբանանահայ մամուլին պատմութիւնը: Կը պատկերացնէ «Հասկ» ամսագիրի 50 տարուան գործունէութիւնը եւ Հայաստանի առաջին տպարանին շուրջ կը կատարէ շահեկան յայտնաբերումներ: Կը բնութագրէ, անհրաժեշտ մանրամասնութեամբ, գրական գործունէութիւնը 19-րդ դարու անուանի լրագրող, վիպագիր, խմբագիր եւ հրատարակիչ Յովսէփ Վարդանեանի` ծանրանալով անոր «Ագապի» հայատառ թուրքերէն վէպին վրայ: Ժիրայր Դանիէլեան կը ներկայացնէ նաեւ Զարթօնքի սերունդի յայտնի հրապարակագիրներէն Ստեփան Ոսկանը եւ «Ճիհան» հայատառ թուրքերէն շաբաթաթերթի հրատարակիչ Տիրան Քելեկեանը: Իր բազմերանգ ուսումնասիրութիւններուն մաս կը կազմեն նաեւ` Երուխանը, Յակոբ Օշականը, Շահան Շահնուրը, Երուանդ Օտեանը, Վազգէն Շուշանեանը, Արշակ Չօպանեանը, Սիմոն Սիմոնեանը, Սեզան եւ ուրիշներ: Դոկտոր Ժիրայր Դանիէլեան տուած է դասախօսութիւններ Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական բաժինին եւ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկին մէջ: == Հրատարակութիւններ == 1980-էն մինչեւ այսօր Ժիրայր Դանիէլեան հրատարակած է բանասիրական հարցեր ընդգրկող հետեւեալ գիրքերն ու ուսումնասիրութիւնները. «Հայ մամուլի հաւաքածոյ» (Պէյրութ, 1974), վերահրատարակութիւն` 1981), «Ռամկավար ազատական մամուլը» (Պէյրութ, 1982), «Նահանջ առանց երգի»ն իբրեւ վկայութիւն» (Պէյրութ, 1983), «Հայ նոր պարբերական մամուլը, 1967-1981» (Պէյրութ, 1984), «Լիբանանահայ տպագրութիւնը պատերազմի տարիներուն. 1975-1984» (Պէյրութ, 1986), «Բանասիրական որոնումներ» (Պէյրութ, 1997), «Լիբանանահայ դպրոցը, թիւեր եւ մտորումներ» (Պէյրութ, 2002), «Գրական որոնումներ» (Պէյրութ, 2007): == Գրականութիւն == 2011-ին, Երեւանի «Մուղնի» հրատարակչութիւնը, մեկենասութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական մատենաշարի, լոյս ընծայեց, «Գասպրինտ» ՍՊԸ տպագրատան մէջ, Ժիրայր Դանիէլեանի «Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ» խորագրեալ հատորը, խմբագրութեամբ հայրենի գրականագէտ եւ խմբագիր Երուանդ Տէր Խաչատրեանի: «Բանասիրութեան բաւիղներու մէջ» գիրքի հեղինակ Ժիրայր Դանիէլեան գրական լայն հորիզոնով եզակի հետազօտող մըն է, որ իր ինքնատիպ վերլուծումները կը կատարէ: Բանասիրական բնագաւառին մէջ անխոնջ պեղումներով նորութիւններ յայտնաբերել, սխալներ մատնանշել, բաղդատականները հիմնաւորել փաստական տուեալներով, իսկ բանավիճային բնոյթի գրութիւններուն տալ առարկայականութիւն, սկզբունքայնութիւն եւ տրամաբանական եզրակացութիւն: Հատորին մէջ տեղ գտած բոլոր ուսումնասիրութիւնները համապարփակ ընդգրկում ունին ու բծախնդրօրէն հետազօտուած են: Յակոբ Մանուկեան կ'ըսէ՝ «Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ» խորագրեալ հատորին մէջ, հեղինակ՝ Ժիրայր Դանիէլեան անխոնջ տքնութեամբ համախմբած եւ դասաւորած է մամուլի էջերուն մէջ ցրուած բանասիրական իր այլազան յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները: Իսկ Միհրան Քիւրտօղլեան կ'ըսէ՝ Կ'արժէ կարդալ` ըմբոշխնելու համար վճիտ հայերէնը, սքանչելի ոճը եւ մտածումի յստակութիւնը։ == Մատենագիտութիւնն ու մամուլի պատմութիւն == Դոկտոր Ժիրայր Դանիէլեան 1980 թուականէն ի վեր, շուրջ երեսուն տարի, թէեւ գրած է գրական եւ բանասիրական բազմաբնոյթ յօդուածներ, այսուհանդերձ, իր նախասիրութեան առարկան կը հանդիսանան մատենագիտութիւնն ու մամուլի պատմութիւնը: Գրականագէտ եւ խմբագիր Երուանդ Տէր Խաչատրեանի համոզմամբ՝ «Ժիրայր Դանիէլեան տիրապետած ըլլալով իր նախասիրած նիւթերուն` իր ուշադրութենէն երբեք չեն վրիպիր մատենագիտական բացթողումներ եւ վրիպանքներ: Այս կապակցութեամբ, կատարած է անհրաժեշտ ճշդումներ, օրինակ, «Հայկական սովետական հանրագիտարան»ի կարգ մը հատորներուն մէջ»: == Շքանշաններ, Պատուոյ գիր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Շնորհաւորական կոնդակ == 2011 թուականին, իր ծննդեան 70 եւ գործունէութեան 50-ամեակներու առիթով Ժիրայր Դանիէլեան պարգեւատրուեցաւ ադամանդակուռ եւ բարձրագոյն շքանշանով, ոսկի մետալով, պատուոյ գիրերով եւ ստացաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղարկած շնորհաւորական կոնդակը: 21 Յունիս,2017-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստին որոշուեցաւ հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ, գրադարանագէտ եւ խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանին շնորհել ակադեմիայի պատուաւոր դոկտորի կոչում` հայագիտութեան մարզին մէջ անոր ունեցած վաստակաշատ գործունէութեան համար: 14 Յուլիս, 2017-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ այդ դոկտորականը Ժիրայր Դանիէլեանին յանձնեց եւ անոր վաստակաշատ ուղիին մասին խօսեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ դրուատեց անոր ունեցած ներդրումը թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ: 2011 տարուան գարնան, Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ նշուեցաւ դոկտոր Ժիրայր Դանիէլեանի ծննդեան 70 եւ գործունէութեան 50-ամեակները: == Աղբիւրներ == ԳՐԱՍԵՂԱՆԻ ՆՕԹԵՐԷՍ. «ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՒԻՂՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ) «ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՒԻՂՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ) Ժիրայր Դանիէլեանին Շնորհուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատուաւոր Դոկտորի Կոչում փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան, ընկերակցութեամբ` «Կամար»-ի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանի, այցելեց «Ազդակ»: Տեղի Ունեցաւ «Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Նուիրուած Յուշամատեաններու Շարք»-ի Մինչ Այժմ Հրատարակուած 14 Հատորներու Շնորհահանդէսը մատենաշարի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան
20,349
Արամեան Ունճեան Վարժարան
Արամեան Ունճեան Վարժարան, Գատըգիւղ, Պոլիս, Թուրքիա մէջ կը գտնուի: == Ծանօթագրութիւններ ==
15,092
Բաբադալ
Բաբադալ, Պապատաղ (ռում.՝ Babadag), քաղաք Ռումինիայի Թուլչա գավառի մէջ։ == Բնակչութիւն == == Հայերը Բաբադալի մէջ == Հայերը Բաբադալի մէջ կը հիշվուին XVI դարին սկզբեն։ Այդտեղ կառուցուած է հայկական 2 եկեղեցի (Վարագա Սբ. Խաչ, XVII դարի սկիզբ եւ Սբ․ Աստվածածին, 1899)։ Հայկական դպրոցը գործած է մինչեւ 1902 թուականը։ Հայերը զբաղուած են երկրագործութեամբ, առեւտուրով, ծխախոտագործութեամբ, մեղվապահութեամբ, արհեստներով։ XX դարի սկզբը Բաբադալի մէջ կ՛ապրէին 100, 1932 թուականին՝ 80, 1948 թուականին՝ 31 հայ։ == Ծանօթագրութիւններ ==
23,361
Զապէլ Եսայեանի Յուշարձան
Զապէլ Եսայեանի յուշարձան, յուշարձան նուիրուած հայ նշանաւոր գրող, արձակագիր, թարգմանիչ, հրապարակախօս, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանին։ Կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղի, Զապել Եսայեան Ակրոպիզնես կեդրոնի տարածքին մէջ (ZYAC)՝ 5-րդ փողոց 12-րդ նրբանցք 1։ Նախագիծը իրականացուցած է Armenian Artists Project բարեգործական առցանց պատկերասրահը՝ սփիւռքահայեր Վիքթոր Զարուգեանի եւ Ճուտի Սարեանի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ։ == Պատմութիւն == 2021-ին պոսթընահայ բարերարներ Վիքթոր Զարուգեանը եւ տիկին Ճուտի Սարեանը պատուիրած են հայ արձակագիր, հրապարակախօս եւ քաղաքական գործիչ Զապէլ Եսայեանին նուիրուած ինքնատիպ յուշարձանը։ Յուշարձանի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 9 Հոկտեմբեր 2022-ին՝ Զապէլ Եսայեան ակրոպիզնեսի կեդրոնի այգիին մէջ։ Բացման խօսքով հանդէս եկած է Ճուտի Սարեանը, որ ներկայացուցած է Եսայեանի կենսագրութեան կարեւոր դրուագներ՝ շեշտադրելով անոր ունեցած մեծ ներդրումը հայ ժողովուրդի, յատկապէս հայ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ։ Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցած է Նայիրեան վոկալ անսամբը, որու գեղարուեստական ղեկավար Նայիրա Մուղդուսեանը նախ ներկայացուցած է Զապէլ Եսայեանի նամակը իր դստեր։ Մուղդուսեանը իր խօսքը ուղեկցած է ժեստերու լեզուով։ == Նկարագրութիւն == Զապէլ Եսայեանի քանդակը տեղադրուած է կամուրջի վրայ՝ աջ ձեռքին բռնած գիրք, որ կը խորհրդանշէ անորմտաւոր բնաւորութիւնը եւ սէրը գրականութեան հանդէպ։ Ձախ ձեռքը բռունցք է՝ խորհրդանշելով Եսայեանի մարտական ոգին ու անհնազանդ բնաւորութիւնը։ Արձանի կամուրջ-պատուանդանը կը խորհրդանշէ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանները, որու վրայ որպէս կապող օղակ կանգնած է Եսայեանի կերպարը։ Արձանը պրոնզաձոյլ է, ունի 1 մեթր 80 սմ բարձրութիւն։ Կամուրջի հետ բարձրութիւնը կը կազմէ 2 մեթր 50 սմ։ == Հեղինակներ == Քանդակագործ` Նունէ Թումանեան == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
2,059
Նորա Արիսեան
Նորա Արիսեան (1967, Դամասկոս, Սուրիա), բանասէր, գրող, թարգմանիչ, արեւելագէտ եւ երեսփոխան: == Կենսագրութիւն == Ծնած է Դամասկոս, 1967-ին: Աւարտած է Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ ճեմարանը: 1988-ին, Դամասկոսի համալսարանի բանասիրութեան ֆրանսերէնի գրականութեան բաժինէն վկայուած է: 1988-ին եւ 1989-ին Ֆրանսայի Սորպոն համալսարանէն ֆրանսերէնի մասնագիտացման երկու վկայականի, իսկ 1990-ին թարգմանութեան մասնագիտութեան բարձրագոյն ուսման վկայականին տիրացած է: 2001-ին աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկը պատմութեան մասնագիտութեամբ` տիրանալով պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանին: == Գործունէութիւն == 1992-2006-ին աշխատած է Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը` իբրեւ գրասենեակի վարիչ, մամուլի պատասխանատու եւ թարգմանիչ` կատարելով նաեւ պաշտօնական բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու բանաւոր թարգմանութիւններ: Դեսպանատան թարգմանութիւնները կը կատարէ մինչեւ օրս: 2006-2009-ին Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը վարած է: 2005-էն դասախօս է Դամասկոսի պետական համալսարանին մէջ։ 2010-2013-ին աշխատակցած է Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան հետ` իբրեւ թարգմանիչ եւ խորհրդատու: Կ’աշխատակցի Սուրիոյ մէջ հրատարակուող Արաբական հանրագիտարանին, ուր յօդուածներ կը հայթայթէ հայ գրականութեան ու պատմութեան մասին: Ցեղասպանութեան նիւթով մասնակցած եւ ելոյթներ ունեցած է զանազան գիտաժողովներու` Միացեալ Նահանգներու «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» Պէյրութի Հայկազեան եւ Գահիրէի համալսարաններուն մէջ։ Զանազան առիթներով, արաբերէն եւ հայերէն դասախօսութիւններ ներկայացուցած է Սուրիոյ, Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Եգիպտոսի զանազան քաղաքներուն մէջ: Զանազան լեզուներով մասնագիտական յօդուածներ եւ թարգմանութիւններ ունի բազմաթիւ երկիրներու մէջ լոյս տեսած մամուլին մէջ։ Քաղաքական եւ պատմական նիւթերով հանդէս եկած է պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն: Խմբագիրն է «Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքին: Անդամ է Արաբ գրողներու միութեան (2007-ին. միակ սփիւռքահայ կին գրողն է, որ այս միութեան անդամակցած է): 2013-էն ի վեր վարիչ տնօրէնն է Դամասկոսի համալսարանին մէջ գործող Հայկական բաժինին: == Երկեր == Հեղինակ է հինգ արաբերէն եւ հայերէն գիրքերու. «Հայերու արհաւիրքը սուրիական մտքին մէջ, սուրիացի մտաւորականներու դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ», Պէյրութ, 2002 (արաբերէն): «Հայոց ցեղասպանութեան արձագանգները սուրիական մամուլին մէջ (1877-1935)», Պէյրութ, 2005 (արաբերէն): «Տէր Զօր, մարտիրոսաց քաղաք», Հալէպ, 2010 (հայերէն): «Սուրիահայ երեսփոխանները Սուրիոյ խորհրդարաններուն մէջ 1928-2011», Դամասկոս, 2011 (արաբերէն): «100 տարի Հայոց ցեղասպանութեան – 100 արաբական վկայութիւններ», Պէյրութ, Հայկազեան համալսարան, 2015 (արաբերէն):Արիսեան ունի արաբերէնի թարգմանած շուրջ տասը հրատարակուած գիրքեր. Յակոբ Պարոնեանի, «Քաղաքավարութեան վնասները»: 2005-ին Յարութ Սասունեանի «The world speaks out» (անգլերէնէ թարգմանուած): 2005-ին «Վերապրողներու վկայութիւններ»: 2006-ին «Ընդդէմ Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան» վերնագիրով գիրքը: 2006-ին Ալֆրետ Տը Զայասի «Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրը եւ անոր առնչութիւնը Ցեղասպանութեան համաձայնագիրին հետ» վերնագիրով գիրքը: 2006-ին Գէորգ Աբելեանի «Ցկեանս նահատակութիւն» պատմուածքներու գիրքը: 2006-ին Շահէ Աւագեանի «Լեռնային Ղարաբաղ – իրաւական ասպեկտներ»: 2014-ին Թաթուլ Յակոբեանի «Ղարաբաղի օրագիր»: 2015-ին «Հայ սեղանաւորները Օսմանեան կայսրութեան մէջ»: 2016-ին, «Կոմիտասն ու հայկական երաժշտութիւնը»: == Պարգեւներ == Նորա Արիսեան պարգեւատրուած է ստորեւ նշուած մետալ-շքանշաններով: 2006-ին Ռամկավար ազատական կուսակցութեան «Վահան Թէքէեան» շքանշանով: 2011-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով: 2012-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: == Ծանօթագրութիւններ ==
532
1820 թուական
1820 թուական, նահանջ տարի, 19րդ դարու 20րդ տարին == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1820 ծնունդներ Ապրիլ 4՝ Մկրտիչ Խրիմեան (մ.1907), գրող, մտաւորական եւ կաթողիկոս Փետրուար 21՝ Զուրապ Անթոնով (վրաց.՝ ზურაბ ანტონოვი, մ.1854), վրացի թատերագիր Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներ՝ Փետրուար 19՝ Յովսէփ Գաթըրճեան (մ.1882), պատմագէտ, բանասէր եւ թարգմանիչ Յունիս 6՝ Ղեւոնդ Ալիշան (Քերովբէ Ալիշանեան, մ.1901), բանաստեղծ, բանասէր եւ պատմաբան Անյայտ օրով՝ Ճանիկ Արամեան (մ.1879), գրագէտ եւ տպագրիչ Յովհաննէս Դաւթեան Լազարեանց (մ.1879), զինուորական == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1820 մահեր == Ծանօթագրութիւններ ==
21,306
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան
Կաթողիկոս պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան (24 Նոյեմբեր 1946(1946-11-24), Պէյրութ, Լիբանան), Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ 21-րդ եւ ներկայ պատրիարքն է: 26 Սեպտեմբեր 2005-էն մինչեւ 24 Յունիս 2011, ան կը ստանձնէ Երուսաղէմի եւ Ամմանի փոխանորդութեան պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնը: Ապա մինչեւ 23 Սեպտեմբեր 2021, ան կը վարէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդութեան պաշտօնը: Այս թեմին մաս կը կազմեն Հայաստանը, Վրաստանը, Ռուսիան եւ Ուքրանիան: == Կենսագրութիւն == Ռաֆայէլ Ֆրանսուա Մինասեան ծնած է Պէյրութ, 24 Նոյեմբեր 1946-ին: 1858-ին կը մտնէ Զմմառի պատրիարքական միաբանութեան ընծայարան, ուր կը ստանայ դպրոցական բարձրագոյն կրթութիւն: 1966-ին կը մեկնի Հռոմ, ուր իր ուսումը կը շարունակէ քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի եւ ապա կ'աշակերտէ քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանէն ներս, ուր կը ստանայ փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան վկայականները: Անկէ ետք կ'անցնի Հռոմի Սալեզեան համալսարան, ուր կը մասնագիտանայ գործնական հոգեբանութեան մէջ:24 Յունիս 1973-ին, Պէյրութի մէջ կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ: Մինչեւ 1980 կը ստանձնէ Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ հովուութիւնը: 1978-ին կը նշանակուի Լիբանանի հայ կաթողիկէ եկեղեցական ատեանի քարտուղար, ապա` եկեղեցական դատաւոր` մինչեւ 1989:1980-էն 1984 Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ կը դասաւանդէ ծիսագիտութիւն: 1983-էն 1986 կը ստանձնէ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան պաշտօնը: Իր շնորհիւ է, որ կը կառուցուի Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցին: 1986-էն 1988, ան պատրիարքական քարտուղարն էր: 1988-էն 1990 դարձեալ կը ստանձնէ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան պաշտօնը` միաժամանակ վարելով նորակառոյց պատրիարքական վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը:1990-ին կը նշանակուի Միացեալ Նահանգներու մէջ Քալիֆորնիա նահանգի ժողովրդապետ եւ ան այս պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 2006:Ան եղած է «Armenian Alliance» բարեգործական հիմնադրամի գլխաւոր հիմնադիր անդամներէն մէկը, որուն հովանաւորութեամբ Հայաստանի մէջ կ'իրականացուին բազմաթիւ մարդասիրական եւ բարեգործական ծրագիրներ: Հայր Ռաֆայէլ Մինասեան Կլենտէյլի մէջ կը ձեռնարկէ հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառուցման, որուն օծումը տեղի կ'ունենայ 2001-ին` ի յիշատակ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունման 1700-ամեակին:Սեպտեմբեր 2005-ին Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը Ռաֆայէլ վրդ. Մինասեանը կ՛անուանէ պատրիարքական փոխանորդ Երուսաղէմի եւ Ամմանի փոխանորդութեան: Նոյն տարին, ան Իտալիոյ մէջ կը հիմնէ «Թելէ Փաչէ» պատկերասփիւռի կայանը:2009-ին Երուսաղէմի Հայ կաթողիկէ համալիրին մէջ գտնուող Քրիստոսի Խաչի ճանապարհի 4-րդ կայանին մէջ հայր Ռաֆայէլ կը հաստատէ Սուրբ Հաղորդութեան մնայուն երկրպագութիւնը, որուն շարունակականութիւնը կ'ապահովուեն Սուրբ Պօղոսի միաբանութեան քոյրերը:24 Յունիս 2011-ին Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի յատուկ պապական կոնդակով, Հ. Ռաֆայէլ Մինասեան կ'արժանանայ եպիսկոպոսական կարգի իբրեւ նոր նշանակուած տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս կապադովկեան Կեսարիոյ հայոց եւ առաջնորդ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց: Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը տեղի կ'ունենայ 16 Յուլիս 2011-ին Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ` ձեռամբ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, ներկայութեամբ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին: 7 Օգոստոս 2011-ին, Շիրակի մարզի Արեւիկ գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ'ունենայ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի գահակալութեան արարողութիւնը:23 Սեպտեմբեր 2021-ին Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը կը դառնայ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք` առնելով գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան անունը: == Ծանօթագրութիւններ == == Տե՛ս նաեւ == Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսներու ցանկ
1,079
7 Ապրիլ
7 Ապրիլ, տարուայ 97-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 98-րդ) օրն է Տարուայ աւարտին կը մնայ 268 օր 6 Ապրիլ 7 Ապրիլ 8 Ապրիլ == Դէպքեր == 1946, Սուրիան պաշտօնապէս անկախութիւն ստացաւ Ֆրանսայէն 1989, խորհրդային «Քոմսոմոլեց» սուզանաւի կործանումի զոհ դարձաւ 42 նաւաստի սա նաւուն կը պատկանէր սուզանաւերու ընկղմման խորութեան բացարձակ մրցանիշը՝ 1027 մեթր (4 Օգոստոս 1985) 1990, M/S Skandinavian Star լաստանաւին վրայ ծագած հրդեհէն զոհուեց 158 մարդ 2003, ամերիկեան զօրքը կը գրաւէ Պաղտատը երկու օրէ ետք Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգը տապալուեցաւ 2017, Սթոքհոլմի մէջ ուզպեքստանցի մը գողացուած բեռնատարը քշելով մարդոց վրայ, սպաննեցաւ հինգ հոգի == Ծնունդներ == 1837. Գէորգ Աբովեան, հայ թատերական գործիչ, երաժշտագետ, մանկավարժ եւ պատմաբան։ 1878, Արմենակ Շահմուրատեան (մ.1939, Փարիզ), օփերային երգիչ 1881, Մկրտիչ Պոտուրեան (մ.1959, Վաղարշապատ) հանրագիտակ, հայագէտ, հրապարակագիր 1937, Վարուժան Խտըշեան (մ․2015) հայ դերասան եւ բեմադրիչ 1954, Ճեքի Շան (Jackie Chan, չինարէն՝ 成龍) Հոնկ Քոնկեան եւ ամերիկեան դերասան == Մահեր == 1614, Էլ Կրէքո (El Greco, բուն անունով՝ յուն․՝ Δομήνικος Θεοτοκόπουλος, ծն.1541) յոյն ազգութեան սպանացի նկարիչ 1973, Յակոբ Սիրունի (ծն.1890, ՕԿ) բանասէր, հրապարակագիրՊատկեր:Արթուր Թարխանյան.jpg 2006. Արթիւր Թարխանեան (ծն. 1932) ճարտարապետ == Տօներ == Առողջության համաշխարհային օր ===== Ազգային ===== Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր (Հայաստան) Կանանց օր (Մոզամպիք) ===== Յիշատակի օր ===== Ցեղասպանութեան յիշատակի օր (Ռուանտա) 7 Ապրիլ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == BBC: On This Day [4] (անգլերէն)
8,229
Կեսարիա
Կեսարիա (նախկին անուանումը Փոքր Հայքի՝ Մաժաք), քաղաք ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ, որ նախապէս կը պատկանէր Բիւզանդական կայսրութեան։ Կեսարիոյ շրջակայքը գտնուող հնագոյն բնակչութեան վայրն է Գանիշ հողաբլուրը, որ կը գտնուի քաղաքէն 20 Քմ. հիւսիս արեւելք հեռաւորութեան վրայ։ Այս հողաբլուրը Ք.ա. 2800-էն մինչեւ Հելլենական շրջան միշտ կարեւոր եղած է եւ հոս գտնուած են հին Անագապղինձեան (Թունչ) շրջանէն, Ասորիներու (Ասուր) առեւտրական խումբերէն եւ Խեթերէն (Հիթիթ) բազմաթիւ վկայագրութիւններ:Ք.ա. 4-րդ դարու առաջին կիսուն, մինչեւ Պապ թագաւոր, հոն կ'օծուէին եւ օրհնութիւն կը ստանային բոլոր հայոց կաթողիկոսները։ == Աղբիւրներ եւ գրականութիւն == Հիմնական կանոնք եւ ծրագիր ուսմանց ժառանգաւորաց վարժարանի Ս. Կարապետի վանուց ի Կեսարիա, Գ. տպ., Զմիւռնիա, տպ. Մատթէոս Մամուրեանի, 1897, 44 էջ։ Սենեքերիմ Խըտրեան, Համառօտ պատմութիւն Կեսարիոյ Նիրզէ գիւղի, Ուոթըրթաուն, 1918, 146, 2 էջ։ Արշակ Ալպոյաճեան, Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ. Տեղագրական, պատմական եւ ազգագրական ուսումնասիրութիւն, հտ. Ա., Գահիրէ, 1937, ԼԴ+1-1295 էջ։ Արշակ Ալպոյաճեան, Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ. Տեղագրական, պատմական եւ ազգագրական ուսումնասիրութիւն, հտ. Բ., Գահիրէ, 1937, 1295-2479 էջ։ Տրդատ եպս. Պալեան, Հայ վանորայք, հրատարակութեան պատրաստեց Կարինէ Աւետեանը, Ս. Էջմիածին, 2008։ Արիս Տ. Կ. Գալֆայեան, Չօմախլու (Կեսարիա), Նիւ Եորք, Տպ. Կոչնակ, 1930, 168 էջ։ Ալեքս Գրիգորեան եւ Սեդրակ Գարակէօզեան, Յիշատակարան Էվէրէկ-Ֆէնէսէի, Փարիզ, տպ. Տէր Յակոբեան, 1963, 967 էջ։ Aleksan Krikorian, Evereg-Fenesse. Its Armenian history and traditions, Detroit, 1990, 186 p.. Garabed Kalfayan, Chomaklou. The history of an Armenian village, trans. Krikor Asadourian, New York, 1982։ Raymond H. Kevorkian, Paul B. Paboudjian, Les Arméniens dans l'Empire ottoman à la veille du génocide, Paris։ Arhis, 1992. == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Կեսարիա. Հայրենագիտական կայք։
3,586
Արմենակ Խախամեան
Արմենակ Խախամեան (1884, Քըրշեհիր - 1944, Կոստանդնուպոլիս), հայ դեղագործ։ == Կենսագրութիւն == Արմենակ Խախամեան ծնած է 1884 թուականին, Անգարայի նահանգի Կեսարիոյ գաւառի Քըրշեհիր քաղաքին մէջ։ Մանկական տարիքին տեղափոխուած է Կեսարիա։ Ուսանած է Կեսարիոյ ազգային վարժարաններէն ներս։ 1904 թուականին աւարտած է Կեսարիոյ Սուրբ Կարապետի ժառանգաւորաց բարձրագոյն վարժարանը։ 1908 թուականին աւարտած է Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ Ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժինը։ Ուսանողական տարիներուն զանազան պարբերականներու աշխատակցած է՝ գիտական, գրական եւ առողջապահական յօդուածներով։ Բժշկութեամբ զբաղուած է Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներու մէջ եւ արժանացած է մեծ համակրանքի։ 1914 թուականին աշխատած է Կ. Պոլսոյ Գալեճիք թաղամասին մէջ, եղած Հալք Էվիի (Ժողովրդական տուն) բուժարանի եւ Բերա թաղամասի աղքատախնամ դարմանատան բժիշկ։ Կ. Պոլսոյ մէջ վայելած է մեծ ժողովրդականութիւն։ 1914 թուականին, Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած է՝ հրամանատարի աստիճանով։ Եղած է Սուրիական ռազմաճակատի վրայ, գերի ինկած է անգլիացիներուն եւ որոշ ժամանակ մնացած՝ Եգիպտոս։ Պատերազմի աւարտէն ետք վերադարձած է Կ. Պոլիս։ 1915 թուականին Կ. Պոլսոյ Կալաթա թաղամասին մէջ ձերբակալուած եւ աքսորուած է, զոր պատճառ դարձած է, որ անունը յայտնուի տարբեր հեղինակներու (օրինակ Արշակ Ալպօյաճեանի) նշած նահատակուածներու ցուցակներուն մէջ։ Իրականութեան մէջ հրաշքով փրկուելով կոտորածներէն, վերադարձած է Կ. Պոլիս ու շարունակած զբաղիլ բժշկութեամբ։ Կ. Պոլսոյ Պարմաք Գափու Իմամ փողոցի, ապա՝ Բերա թաղամասի Իսթիքլալ պողոտայի մէջ ունեցած է սեփական դարմանատուն կամ հիւանդանոց, որուն ճակատին հայերէն գրուած էր «Խախամեանի Քլինիք»։ 1940-ական թթ. սկզբնաւորութեան Երեւանի մէջ բնակող եղբօրորդիին յղած նամակին մէջ գրած է, որ Կ. Պոլսոյ հայերու վրայ դրուած պետական հարկերը այնքան մեծ են, որ ինքը մտածմներէն խցում ստացած է։ Մահացած է 1944 թուականին, Կ. Պոլիս, սրտային հիւանդութիւնէ՝ 60 տարեկան հասակին։ Թաղուած է Կ. Պոլսոյ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։ Որդին՝ Լեւոն Արմենակ Խախամեան եւս եղած է ներքին հիւանդութիւններու բժիշկ։ Երեւանի մէջ ազգանուանակից ազգականներ ունի։ == Գիտական գործունէութիւն == Գիտական պրպտումները վերաբերած են բժշկական բարոյագիտութեան, բժիշկ-գիտութիւն, բժիշկ-ճշմարտութիւն, բժիշկ-հիւանդ, բժիշկ-բժիշկ փոխյարաբերութիւններին։ Հրապարակախօսական ու բժշկական յօդուածներով եւ այլ ստեղծագործութիւններով թղթակցած է Բագարատ Թեւեանի՝ Կ. Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Երջանկին Տարեցոյցը» պարբերականին եւ այլ թերթերու։ == Գրականութիւն == Ղազարեան Վ․, Բժշկական եւ առողջապահական տարեցոյց, Կ. Պոլիս, 1914։ Ալպօյաճեան Ա., Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ, h. Բ., Գահիրէ, 1937։ Շիկահեր Վարդ, Կիսադարեան պատմութիւն թրքահայ բժշկութեան, 1923–1975, Սթանպուլ, 1975։ Զարմիկի՝ երեւանաբնակ Արմենակ Խախամեանի յայտնած տուեալները, 1998։ Մինասեան Հ., Արմենակ Խախամեան-115, «Նարեկ», Ե., 1999, թ. 1։ Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։ Շահբազեան Յ. եւ ուրիշներ, Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի (1915–1923 թթ.), հ. 3, Անդարայի նահանգ, Երեւան, 2006։ == Աղբիւր == Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։
17,507
Սուրբ ՅովհաննԷս եկեղեցի (Տող)
Սուրբ ՅովհաննԷս եկեղեցի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տաճար Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի շրջանի Տող գիւղի կեդրոնը։ Ներկայիս կը գտնուի բարւոք վիճակի մէջ։ Իր համաչափութեան եւ ընդհանուր յատկանիշներով նման է Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց գիւղի 1651 թուականին կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, սակայն յատակագծային եւ ծաւալատարածական յօրինուածքով աւելի շատ նման է վաղ շրջանի բասիլիկ եկեղեցիներուն։ == Ճարտարապետութիւն == === Եկեղեցի === Կառուցուած է խիստ թեքադիր տեղանքի վրայ։ Հիւսիսային պատը իր բարձրութեան կէսի չափով խրուած է ժայռի մէջ, իսկ հարաւային պատը ամբողջութեամբ բաց է՝ կ'երեւին հիմքերը։ Որով պայմանաւորուած է, որ հիւսիսային պատի վրայ բացուածքը մէկն է, իսկ հարաւայինը՝ 3-ը։ Արեւմտեան պատի արտաքինը շարուած է սրբատաշ քարերով, իսկ միւս պատերը՝ կիսամշակ քարերէն։ Եկեղեցւոյ ծածկը յենուած է չորս սիւներու վրայ, որոնք կառուցուած են Կավաքի քարհանքի քարերով։ Այն ունի 12,9 x 21,7 մ չափեր։ Թաղակապ առաստաղը բարձր է, այդ իսկ պատճառով տանիքի թեքութիւնները համեմատաբար մեծ են։ Այդ թեքութեան շնորհիւ կիսակլոր ելուստներով ծածկասալերը մէկը միւսին վրայ նստած են եւ կը կազմեն ընդհանուր անջրանցիկ մակերեւոյթ մը։ Եկեղեցին ունի քարէ խաչկալ, որու վրայ կայ ընդարձակ արձանագրութիւն Ըստ Մակար եպիսկոպոս Բարխուդարեանի Սուրբ ՅովհաննԷս եկեղեցին կառուցուեր է 13-րդ դարուն։ Տողի Սուրբ ՅովհաննԷս եւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցիներուն շատ աւելի հնագոյն սրբավայրի գոյութիւնը հաստատող իրական ապացոյցներ։ Երկու եկեղեցիներուն մէջ ալ բեմի աջ կողմին, խորանի մուտքի դիմաց, դահլիճի մակարդակէն քիչ բարձր՝ կը նշմարուի հաստահեղոյս սիւնի խարիսխի զանգուած։ Եկեղեցու միակ մուտքը արեւմտյան կողմից է։ Այն բացվում է դեպի պարսպապատ բակ։ Բակի հարավարեւմտյան անկյունում շրջանաձեւ աշտարակն է։ Աշտարակից երեւում է գյուղի համայնապատկերը։ === Բակ === Բակին մէջ պահպանուեր են բազմաթիւ տապանաքարեր, որոնք ունին արժէքաւոր վիմագրութիւններ։ Տապանաքարերու արժէքը ոչ միայն արձանագրութիւններն են, որոնք կը վկայեն պատմական յատկապէս դէմքերու ու դէպքերու մասին, այլեւ բարձրարուեստ քանդակազարդերը, որոնք հնարաւորութիւն կու տան պատկերացնելու երկրամասի բնակիչներու մշակութային-գեղարուեստական պատկերացումներու եւ ազգագրական առանձնայատկութիւններու ընդհանուր պատկերը։ === Մատուռ === Գրականութեան մէջ կը վկայէ, որ եկեղեցւոյ հիւսիս-արեւմտեան պատին կից եղեր է նեղ ու երկար մատուռ։ Այն կը հանդիսանայ դամբարան։ Այնտեղ ամփոփուած են եղեր մելիքներն ու մելիքազուններն, այդ թիւին մէջ եւ Մելիք Եկանն ու անոր որդին Մելիք Եսային։ Ներկայիս մատուռ-դամբարանատունն՝ կարելի է ըսել եկեղեցւոյ գաւիթը, չէ պահպանուեր։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Տող գիւղի պատմական յուշարձաններ
5,692
Պուլկարիոյ Սփիւռքահայ Երաժշտութիւն
Պուլկարահայ համայնքին մէջ 19-րդ դարու վերջաւորութեան յայտնի են «Դայլայլիկ» և «Մեղեդի» (Փլովտիւ), Վահան Մանուէլեանի, Բարսեղ Կանաչեանի (Վառնա), «Կոմիտաս» (Ռուսէ), «Քնար», «Երեւան» (Սոֆիա) և այլ երգչախումբերը։ Խմբավար եւ երգահան Նաթան Ամիրխանեանը նաեւ՝ Սոֆիայի օփերային թատրոնի Խմբավար]]), Վառնայի «Գուսլա» երաժշտական ընկերութեան հիմնադիրներէն է, գրած է օփերաներ։ Ճանչցուած են Նաեւ երգահան Սարգիս Պալթայեանը, դաշնակահարուհիներ Զարուհի Սարեանը, Հերմինէ Ասատուրը, Մալվինա Խաչատուրեանը, ջութակահարներ՝ Ստեփան Խանճեանը, Յակոբ Աղասեանը, խմբավար՝ Վիլլի Գազազեանը, թաւջութակահարուհի Սեդա Պալթայեանը, երգչուհիներ՝ Ալիս Պաղտասարեանը, Պէաթրիս Պոյաճեանը, Մարի Գրիգորեանը և ուրիշներ։ Ռումանիոյ հայերը երաժշտութեան ասպարէզին մէջ ունեցած են ակնառու յաջողութիւններ։ Ռոմանական, երաժշտագիտութեան պատմութեան հիմնադիրը Ռումանիոյ ԳԱ ակադեմիկոս (1877 թուականէն) հայազգի Թէոտոր Պուպանտանն է, որ նաեւ ռումանական, առաջին երաժշտական բառարանի հեղինակն է եւ ազգային ազգագրական երաժշտագիտութեան հիմնադիրներէն մէկն է։ 20-րդ դարու նշանաւոր երգահաններէն են Մաթէյ Սոկորը եւ Միհայիլ Ժորան։ 19-րդ դարու 2-րդ կիսուն յայտնի ջութակահարներ էին Արտաշէս եւ Յովհաննէս Պլըղլեան եղբայրները։ Կատարողական արուեստին մէջ, աւելի ուշ, ճանչցուած են ջութակահար՝ Կարպիս Աւագեանը, Վարուժան Կոկիկեանը, երգիչներ՝ Արաքս Սվաճեանը, Կարպիս Զոպեանը, Դաւիթ Յովհաննէսեանը, Շաքէ Շիշմանեանը, Մագլէն էքմէքճեանը, էտուարտ Թումաճանեանը եւ ուրիշներ։ ժամանակակից երաժշտութեան յայտնի դէմքերէն են Այտա Կարուգարեան ու Հէրի Տաւիղեանը։ Երաժշտագիտական աշխատութիւններ գրեր են Միսիր Նիկոլեան, Չոմակ էմմանուէլը և ուրիշներ։
21,617
Կարապետեան
Կարապետեան, հայկական մականուն։ == Մականունը կրողներ == Ալեքսան Գառնիկի Կարապետեան (ծ. 1941) - հայ նկարիչ։ Ալեքսան Կարապետեան (1950-2015), ՀՀ պետական, քաղաքական գործիչ։ Ալֆոնս Միհրանի Կարապետեան (1931-1993) - ինֆորմացիոն չափիչ համակարգերու բնագաւառի հայ գիտնական։ Աշոտ Իլոյի Կարապետեան (ծ. 1935) - հայ երկրաբան։ Ասքանազ Գէորգի Կարապետեան (1899-1978) - ԽՍՀՄ հերոս, ԽՍՀՄ բանակի կեներալ-մայոր։ Արամ Ռաֆիկի Կարապետեան (ծ. 1964) - հայ քաղաքագէտ։ Արմէն Թադեւոսի Կարապետեան (ծ. 1941) - հայ ֆիզիկոս։ Արմէն Խաչատուրի Կարապետեան (1908-1977) - հայ տնտեսագէտ։ Արշաւիր Գարեգինի Կարապետեան (1929-1987) - հայ երգիչ։ Բաբկէն Կարապետի Կարապետեան (1911-1994) - հայ բանաստեղծ։ Բորիս Կարապետի Կարապետեան (ծ. 1924) - հայ ճարտարագէտ-սեյսմոլոգ։ Գառնիկ Գէորգի Կարապետեան (1908-1980) - հայ ֆթիզիատր։ Գրիգոր Կարապետեան (նկարիչ) (1908-?) - հայ նկարիչ։ Գրիգոր Յովսէփի Կարապետեան (1917-1988) - Փառքի երեք աստիճանի շքանշաններու ասպետ։ Գրիգոր Սերգէյի Կարապետեան (ծ. 1933) - արտադրութեան հայ կազմակերպիչ, ճարտարագէտ-կիբեռնետիկ։ Գուրգէն Բեյբութի Կարապետեան (1910-) - հորատման տեխնիկայի հայ ճարտարագէտ-մեխանիկոս։ Գուրգէն Կարապետի Կարապետեան (1921-1986) - հայ դիրիժոր, կոմպոզիտոր։ Գուրգէն Ռուբենի Կարապետեան (ծ. 1936) - հայ փորձարկող-օդաչու, ԽՍՀՄ հերոս։ Էդուարդ Թադեւոսի Կարապետեան (ծ. 1931) - հայ ֆթիզիատր, կրծքաւիրաբոյժ։ Էմմա Տիգրանի Կարապետեան (1920-1997) - հայ պատմաբան-ազգագրագէտ։ Իգոր Կարապետի Կարապետեան (ծ. 1961) - մանկավարժական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր։ Լեւոն Սեդրակի Կարապետեան (1936-2003) - հայ ռազմական գործիչ։ Լիւդուիգ Մնացականի Կարապետեան (ծ. 1925) - հայ փիլիսոփայ։ Լուսիկ Միքայէլի Կարապետեան (1921-2009) - հայ բանասէր, բնագրագէտ։ Կառլէն Վլադիմիրի Կարապետեան (ծ. 1938) - հայ նկարիչ։ Կարապետ Մեխակի Կարապետեան (1924-1997) - հայ մարզական գործիչ։ Կարապետ Սարգսի Կարապետեան (1918-1991) - շինարարական մեխանիկայի բնագաւառի հայ գիտնական։ Կորիւն Աշոտի Կարապետեան (ծ. 1948) - հայ մեխանիկոս։ Համբարձում Նիկոլայի Կարապետեան (1927-2004) - հայ պատմաբան։ Յարութիւն Երուանդի Կարապետեան (1923-1997) - հայ կենսաբան։ Յովհաննէս Լեւոնի Կարապետեան (Կաղզուանցեան, 1914-1994) - հայ ռեժիսոր։ Յովհաննէս Տիգրանի Կարապետեան (1875-1943) - հայ երկրաբան։ Մարտին Նազարի Կարապետեան (ծ. 1960) - հայ ռազմական գործիչ, ՀՀ բանակի կեներալ-մայոր։ Մարտիրոս Արտաշեսի Կարապետեան (1924-2002) - հայ ելեկտրատեխնիկ։ Մհեր Ստեփանի Կարապետեան (ծ. 1939) - հայ պատմաբան։ Մուրատ Լեւոնի Կարապետեան (ծ. 1965) - հայ պատմաբան։ Նշան Յովհաննէսի Կարապետեան (1920-1993) - հայ գիւղատնտես։ Պետրոս Կարապետեան (Կարապետ Զեքի, 1869-1937) - հայ բառարանագիր։ Ջուլիետա Ոստանիկի Կարապետեան (ծ. 1934) - հայ ակնաբոյժ։ Ռաֆիկ Միքայէլի Կարապետեան (ծ. 1923) - ՀՀ բանակի կեներալ-մայոր։ Ռուբէն Արշամի Կարապետեան (1924-1985) - հայ փիլիսոփայ։ Սահակ Կարապետի Կարապետեան (1906-1987) - հայ ֆիզիոլոգ, անասնաբոյծ-ընտրասէրումնաբան։ Սամուէլ Գէորգի Կարապետեան (ծ. 1961) - ճարտարապետութեան հայ պատմաբան։ Սամուէլ Ջամիլի Կարապետեան (ծ. 1962) - հայ ռազմական գործիչ, ԼՂՀ ՊԲ կեներալ-մայոր, Արցախի հերոս։ Սերգէյ Եսայիի Կարապետեան (1899-1954) - խորհրդային բանակի կեներալ-մայոր։ Սերգէյ Իշխանի Կարապետեան (Լալիկ, ծ. 1933) - հայ դուդուկահար։ Սերգէյ Վարդանի Կարապետեան (1930-2003) - հայ ճարտարապետ։ Սուրէն Արմէնի Կարապետեան (1940-2003) - հայ տնտեսագէտ։ Սուրէն Կարապետի Կարապետեան (1908-1967) - հայ ճարտարագէտ-ելեկտրիկ։ Վանիկ Վարդանի Կարապետեան (ծ. 1930) - էլեկտրոնիկայի բնագաւառի մասնագէտ։ Վարդուհի Մկրտչի Կարապետեան (1915-1992) - հայ վարակաբան։ Վլադիմիր Սեւանի Կարապետեան (ծ. 1946) - հայ հոգեբան։ Տիրան Կարապետեան (1882-1963) - հայ նկարիչ։ Ֆելիքս Ասքանազի Կարապետեան (ծ. 1943) - հայ փիլիսոփայ։ == Գրական հերոսներ == Արզաս Կարապետեան, Վարդգէս Պետրոսեանի «Հայկական էսքիզներ» վիպակի հերոսներէն։ == Ծանօթագրութիւններ ==
17,357
Կալինա Վիշնեւսքայա
Կալինա Փավլովնա Վիշնեւսքայա (ի ծնե տրուած ազգանունը՝ Իվանովա, 25 Հոկտեմբերի 25, 1926, Լենինկրատ, ՌԽՖՍՀ, ԽՍՀՄ - 11 Դեկտեմբերի 2012, Մոսկուա Ռուսաստան), ռուս օփերային երգչուհի (սոփրանօ), ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտուհի (1966)։ 1944 թուականէն երգեր է Լենինկրադի օփերեթի թատրոնի մէջ, ապա 1952 թուականէն 1974 թուականներուն եղեր է ԽՍՀՄ Մեծ թատրոնի մենակատար՝ այդ բէմին վրայ հանդէս գալով աւելի քան 30 դերերգերով։ == Մսթիսլավ Ռոստրոփովիչ եւ Կալինա Փավլովնա Վիշնեւսքայա == Խորհրդային Միութեան տարիներուն հակադրուեր է իշխանութիւններուն, օգնութիւն ցոյց տալով գրող Ալեքսանտր Սոլժենիցինին։ 1974 թուականին իր ամուսնոյն՝ Մսթիսլավ Ռոստրոփովիչի հետ միասին հարկադրուած լքեր է Խորհրդային Միութիւնը։ Երգեր է աշխարհի խոշորագոյն բէմերու վրայ (Քովենթ Կարտըն, Մեթրոփոլիթեն օփերա, Կրանտ օփերա, Լա Սքալա, Միւնխենեան օփերա եւ այլն), կատարումներ ունեցեր է բացառիկ երաժիշտներու հետ՝ Ռոստրոփովիչի, Հերպըրտ ֆոն Քարայանի, Օթթօ Քլեմփերերի, Նիքոլայ Կիաուրովի, Նիքոլայ Կետոյի, Փլասիտո Տոմինկոյի, Տիթրիխ Ֆիշեր Տիսքաուի եւ այլոց հետ։ 1990-ական թուականի սկիզբը վերադարձեր է Ռուսաստան, դարձեր է Մոսկուայի երաժշտանոցի պատուարժան փրոֆեսոր։ 2002 թուականին Մոսկուայի մէջ բացեր է Կալինա Վիշնեւսքայայի Օփերային երգի կեդրոնը։ Կալինա Փավլովնա Վիշնեւսքայան մահացեր է Մոսկուայի մէջ 86 տարեկանին 2012 թուականի Դեկտեմբերի 11-ին։ == Ամուսնական կեանք == Ան ամուսնացեր է 3 անգամ։ Իր առաջին ամուսինը՝ Կերոկ Վիշնեւսքին, ծովագնաց էր։ Ամուսնալուծութիւնէն յետոյ Կալինան պահպանեց անոր ազգանունը։ Իր երկրորդ ամուսինը՝ ջութակահար, Լենինկրատի օփերա ընկերութեան տնօրէն Մարք Ռուպինը, կը ծառայէր նաեւ որպէս Կալինա Վիշնեւսքայի տնօրէն։ Երկրորդ ամուսնութիւնէն ծնած տղան, որ մահացաւ 2 ամսականին՝ անոնց ամուսնալուծութիւնէն 10 տարի առաջ: == Շքանշաններ == Պատուոյ լեգէոնի շքանշանի ասպետ ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ Լենինի շքանշան Արուեստի եւ գրականութեան շքանշանի սպա «Ի յիշատակ Սանքթ Փեթերպուրկի 300-ամեակին» մետալ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի շքանշան «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» II աստիճանի շքանշան Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար 3-րդ աստիճանի շքանշան «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 4-րդ աստիճանի շքանշան «Լենինկրադի պաշտպանութեան համար» մետալ «Աշխատանքի վեթերան» մեդալ «1941-1945 թթ. Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ անձնուէր աշխատանքի համար» մետալ Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 60-ամեակ» յոբելեանական շքանշան «1941-1945 թթ. Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 50-ամեակ» յոբելեանական շքանշան Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 65-ամեակ» յոբելեանական շքանշան «Մոսկուայի 850-ամեակի յիշատակի» մետալ ՌԽՖՍՀ ժողովրդական արուեստագէտ ՌԽՖՍՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Վլատիմիր Իլյիչ Լենինի ծննդյան 100-ամեակի յոբելյանական մետալ Մետալ «Լենինկրատի 250-ամեակի առթիւ» Պատուաւոր Լէգէոնի շքանշան Արուեստի եւ գրականութեան շքանշան եւ Q80796649? == Ծանօթագրութիւններ ==
6,302
Ստեփանոս Լեհացի
Ստեփանոս Լեհացի (, Լուով, Ռեչ Պոսպոլիտա - 1689, Վաղարշապատ, Սեֆեան Պարսկաստան), հայ թարգմանիչ, փիլիսոփայ, աստուածաբան: == Կենսագրութիւն == Կրթութիւնը ստացած է Լուովի մէջ, հմտօրէն տիրապետած է լատիներէն եւ լեհերէն լեզուներուն: Տեղափոխուած է Էջմիածին, դարձած է միաբանութեան անդամ, ձեռնադրուած է վարդապետ: Կատարելագործած է հայերէնի իր իմացութիւնը եւ եռանդագին մասնակցած է մտաւոր գրական շարժման` վաստակելով «քաջ հռետորի», «անյաղթ փիլիսոփայի» եւ «ներհուն թարգմանչի» համբաւ: Ստեփանոս Լեհացիի թարգմանած առաջին յայտնի գործը 15-րդ դարուն կազմուած է եւ կաթոլիկական երկիրներու մէջ տարածուած «Հայելի վարուց» բարոյախրատական զրոյցներու ժողովածուն է (թարգմանուած է Լեհերէն 1651 թուականին, հրատարակուած է «դիրք հայելի վարուց որ ասի հարանց վարք», 1702 թուական): Անոր թարգմանութիւններու շարքին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի Յովսէփոս Փլաւիոսի «հրէական պատերազմի մասինէ գիրքը (թարգմանել լատիներեն, 1660 թուականին, հրատարակել «դիրք պատմութէանց Եօւսեպոս Եբրայեցւոյ արարէալ եաղագս պատերազմի Հրէէից ընդ Հռովմայեցի, եւ աւերման Երուսաղէմի», 1787 թուական): Ստեփանոս Լեհացին լատիներենէն թարգմանած է Պրոկ Դիադոքոսի «գիրք պատճառաց»-ը (մօտ 1660 թուական, հրատարակել է «գրգուկ որ կոչի պատճառաց», 1750 թուական), որ հայ․ դպրոցներուն օգտագործած է, որպէս փիլեան դասագիրք: Լեհացիին կը պատկանի Կեղծ Դիոնիսիոս Արէոպագացու «ցաղագս երկնայնոցն քահանայապետութեան», «ցաղագս եկեղեցական քահանայապետութեան», «ցաղագս աստուածայնւոցն անուանց», «ցաղագս խորհրդական աստուածաբանութեան» աշխատութիւններու, 11 «թղթերի», «պատմութեան» եւ նշուած աշխատութիւններու` Մաքսիմոս Խոստովանողի կատարած մեկնութիւններու արգմանութիւնները (թարգմանել լատիներեն, մինչէ 1662 թուական, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան): Նշուած գործերը դեռ 8-րդ դարի յունարէնէն թարգմանած էր Ստեփանոս Սիւնեցին, սակայն թարգմանութիւնը թերի էր եւ դժուարամատչելի: Կեղծ Դիոնիսիոս Արէոպագացու երկերը Լեհացին բաժնած է գլուխներու, իւրաքանչիւր գլխէն առաջ համառօտակի շարադրել անոր բովանդակութիւնը, Մաքսիմոս Խոստովանողի մեկնութիւնները լրացրել այլուստ քաղած մտքերով, կատարել խմբագրական փոփոխութիւններ: Ենթադրւում է, որ Լեհացին է թարգմանել Արիսաուէեւի «հոգու մասին» աշխատութիւնը: Ան լատիներենից վերաթարգմանել է նաեւ Յովհան Անգչիացու «համառօտ հաւաքումն եաղագս հոգւոյ եւ գօրութէանց նորին» երկը (մինչ 1668 թուականը, նոյն տեղին մէջ), որ 1337 թուականին թարգմանած է Յակոբ Բռնեցին: Լեհացին որակական նոր քայլ կատարած է Արիստոտէլի փիլիսոփայութեան իւրացման մէջ, տարածման ու զարգացման ուղղութեամբ` շարունակելով Դաւիթ Անյաղթի աւանդոյթները: Ան փիլիսոփայութեան հիմնական հարցը լուծած է իդէալիստօրէն, ամէն ինչի արարիչ եւ շարժման պատճառ համարած է աստծուն: Շարժումը, անոր կարծիքով, յատուկ է միայն երկրային մարմիններուն, որոնք բաղկացած են չորս տարրերէ (հող, ջուր, օդ, կրակ): Ընդհանուր որուն երկրային մարմինները շարժման աղբիւրը դրանց ներհատուկ հակասութիւններն են․ «ամենայն որ ինչ ծնանի ի ներհակէն ծնանի»: Քանի որ շարժումը ձէի կատարելագործումն է, ապա երկնային մարմինները ունենալով կատարեալ ձեւ, չեն շարժիր, իսկ երկրայինները, զուրկ լինելով այդկէ` անվերջ շարժւում եւ փոփոխւում են, ձգտում ձեւի կատարելագործմանը: Բնութիւնն, ըստ Լեհացիի, գոյութեամբ նախորդում է մարդուն, անկախ է անոր գիտակցութիւնից եւ կը պայմանաւորուի գիտակցութեան գոյութիւնն ու բովանդակութիւնը: Ընդունելով հանդերձ, որ մարդկային կամքը շարժողը նոյնպէս աստուածն է, Լեհացին այնուամենայնիւ, չի մերժէր մարդկային կամքի ազատութիւնը, աստուած մարդու բոլոր քայլերը չի կանխորոշել, այլ հնարաւորութիւն ընձեռած է անձամբ փորձել ու համոզուիլ, թէ ինչն է ճիշտ եւ ինչը սխալ է: Լեհացին յատուկ քննութեան ենթարկուած է իմացաբանութեան հետ կապուած հարցեր, որովհետեւ, անոր կարծիքով, ճանաչողութեան նպատակը ճշմարտութիւնն է, իսկ առանց ճշմարտութեան ճանաչման մարդը չի կարէնար գործել: Իմացաբանական հարցերը քննելիս, ընդհանուր առմամբ դրսեւորելով մեխանիստական, մետաֆիզիկական մօտեցում, Լեհացին երբեմն կատարած է դիալեկտիկական կը ռահումնէր: Ըստ անոր, ճշմարտութիւնը յարաբերական է, կախուած է կոնկրէտ պայմաններէ եւ հանգամանքներէ: Յարաբերական են ոչ միայն բարոյական, այլն հասարակական, անգամ, բնական օրէնքները, թէեւ վերջիններս` պակաս չափով․ «օրէնք բնականք միշտ եւ ամենայն ուրեք ունին զնոյն զօրութիւն, բայց պատահմամբ վասն իմիք կարէն ալեափոխիլէ: Բնութիւնը համարելով սկզբունքօրէն ճանաչելի` Լեհացին ընդունած է ճանաչողութեան երեք աստիճան` արտաքին զգայութիւն (տեսողութիւն, լսողութիւն, համ, հոտ, շօշափելիք), ներքին զգայութիւն (հասարակ զգայութիւն (ընկալուԴ), երեւակայութիւն (մտապատկեր), յիշողութիւն, կարծիք, տրամախոհութիւն) եւ բանականութիւն: ճանաչողութեան աստիճանները համարելով միասնական եւ փոխկապակցուած, Լեհացին նախապատուութիւնը տուած է բանականութեանը, որ, անոր կարծիքով, կու տայ կայուն եւ հաւաստի գիտելիք: Լեհացին նկատելու հետք ցգած է 12-13-րդ դարերուն․ հայ փիլիսոփայութեան մտքի վրայ։ Առանձին ուսումնասիրողներ Լեհացիին կը համարէն նաեւ նկարիչ: Այդ հարցի շուրջը դեռես կան տարակարծութիւններ: == Ծանօթագրութիւններ ==
5,053
Նարինջով աղցան
Նարինջով աղցան (իտալ.՝ Insalata di arance), կամ Սիցիլիական աղցան` նարինջով (իտալ.՝ Insalata di arance alla siciliana), սիցիլիական խոհանոցի աւանդական ուտեստ: Կը մատուցուի որպէս նախաճաշ, խաւարտ կամ աղանդներ: == Բաղադրամասեր == Սիցիլիական նարինջով աղցանի պատրաստման համար անհրաժեշտ են հետեւեալ բաղադրամասերը. 2 նարինջ, 1 կարմիր կամ սպիտակ սոխ, սամիթ, 1 թէյի դգալ թարմ ռոզմարին կամ ռոզմարինի չիր, 4 ճաշի դգալ ձիթապտուղի իւղ, 100կ. ձիթապտուղ, 1 ճաշի դգալ սպիտակ գինիի քացախ, քանի մը անանուխի տերեւիկ եւ սեւ պղպեղ ըստ ճաշակի: == Պատրաստել == Բարակ կտրտած սոխը որոշ ժամանակ կը թրջուի սառ ջուրի մէջ, որպէսզի կծու համը անհետանայ: Այնուհետեւ մանր կտրտել սամիթը: Այդ ամէնը նարինջի կտորներու, ձիթապտուղի եւ մանրացրած խնձորի (ռոզմարին) հետ լեցնել ափսէի մէջ: Այնուհետեւ աւելցնել այլ նարինջէ քամած հիւթ եւ այդ ամէնը խառնել ձէթի եւ քացախի հետ: Աւելցնել աղ, սեւ պղպեղ եւ անանուխի տերեւիկներ: == Տարբերակներ == Եթէ աղանդեր կը պատրաստենք. ապա աղի փոխարէն կ՛աւելցնենք շաքարաւազ: Այդ պարագային աղցանը կը հիւրասիրեն թէյով: Որպէս խաւարտ աղցանը կը մատուցուի մսեղէնի կամ ձկնեղէնի հետ: Նարինջով աղցան կայ նաեւ սպանական խոհանոցին մէջ, բայց այդ պարագային կ՛օգտագործեն այլ բաղադրամասեր: == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Edward Behr, James MacGuire. The Art of Eating. — Berkeley: University of California Press, 2011. — С. 102. — 279 с. — ISBN 978-0-520-27029-9 Jeremy MacVeigh. Jeremy MacVeigh: International Cuisine. — Stamford: Cengage Learning, 2008. — С. 88. — 557 с. — ISBN 978-1-4180-4965-2
1,026
45 (թիւ)
45 (քառասունհինգ)՝ կենտ երկնիշ բնական թիւ մըն է 44-ի եւ 46-ի միջեւ == Թուագիտութիւն == A005349 քսանմեկերորդ բերկրալի թիւ է ռոտիոն քիմիական տարրի (45Rh) ատոմային թիւն է Եւկենիա (45 Eugenia) աստեղնեակի կարգահամարն է Microsoft Windows-ի Alt + 4 5 -ի գործադրումով կը ստացուի - «գծիկ» նշանը ամուսնութեան 45րդ տարեդարձը կը նշուի որպէս շափիւղայի 45-ն են տոմինոյի խաղաքարերը +45-ը ուղիղ Դանիա զանգելու միջազգային քոտն է «Քառասունհինգ» (ֆրանսերէն՝ Les Quarante-Cinq) անունն ունի Ալեքսանտր Տիւմայի պատմավէպը Տարուայ 45րդ օրն է Փետրուար 15-ը 1945 թուական՝ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտը == Ծանօթագրութիւններ ==
17,182
Աստուածատուրեան
Աստուածատուրեան` հայկական մականուն է, կազմուած է Աստուածատուր անունով եւ պարսկական ծագումով -եան վերջաւորութիւնով։ == Մականունը կրողներ == Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ (*1978), ամերիկահայ գրող, դասախօս եւ ակտիւիստ: Խաչիկ Յովհաննէսի Աստուածատուրեան (1843-1907), բանասէր, խմբագիր։ Յ. Աստուածատուրեան (19-րդ դար-?), թղթակից։ Միհրան Աստուածատուրեան (*1891), ճարտարապետ: Ներսէս Աստուածատուրեան (*1897-1953), ցեղակրօն գաղափարախօսութեան աշխոյժ գործիչ: == Ծանօթագրութիւններ ==
22,614
Կրթութիւնը Եւ Գիտութիւնը Արցախում (հանդէս)
Կրթութիւնը Եւ Գիտութիւնը Արցախում, գիտամեթոդական եւ գիտահանրամատչելի պարբերական ուսուցիչներու, դասախօսներու եւ ուսանողներու համար։ == Աղբիւր == Գիտական տեղեկատուական վերլուծութեան եւ մոնիթորինգի կեդրոն, Հայաստանի մէջ հրատարակուող գիտական պարբերականներու ցանկ
5,301
Զարեհ Որբունի
Զարեհ Որբունի (բուն մականունով` Էօքսիւզեան, 24 Մայիս 1902(1902-05-24), Օրտու, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1 Դեկտեմբեր 1980(1980-12-01), Բանյո), նշանաւոր հայ վիպասան, խմբագիր եւ արձակագիր։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է Օրտու (ծովու վրայ)։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Եղեռնի ժամանակ հայրը կորսնցնելէ ետք, 1919-ին կու գայ Կ.Պոլիս, ուր կը յաճախէ Պէրպէրեան վարժարանը եւ կը կատարէ իր գրական առաջին փորձերը։ 1922 թուականին կ'անցնի Ֆրանսա՝ Մարսէյ, ուր քանի մը տարի ետք կը հրատարակէ իր առաջին հատորը։ Որբունի ագահ ընթերցող եղած է, ծանօթացած է եւրոպական միտքի զարգացման միտումներուն եւ ֆրանսական գրականութեան յայտնի գործերուն։ Մինչեւ պատերազմ, կ'ապրի Փարիզի եւ Սթրասպուրկի մէջ։ 1939–ին ֆրանսական բանակի զինուոր դառնալէ ետք, գերի կ'իյնայ ու մինչեւ 1945 թուական կը մնայ Գերմանիա։ == Գրական վաստակ == 1929-ին, 27 տարեկան Որբունի, Մարսէյի մէջ կը հրատարակէ իր անդրանիկ վէպը` «Փորձը», Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպին հետ գրեթէ նոյն օրերուն: Ազատագրումին՝ լոյս կ'ընծայէ պատմուածքներու հատոր մը։ Նոյնպիսի երկրորդ հատոր մը կը հրատարակէ տասնամեակ մը ետք։ Բայց փաստօրէն մինչեւ 1960–ական տարիներուն կէսը, հեռու կը մնայ գրական կեանքէն։ 1965–էն ետք միայն, ուշագրաւ վերադարձով մը, կ'արտադրէ յաջորդական հինգ գործեր՝ վէպեր եւ պամուածքներ, որոնք կը զգացնեն միութիւնն ու շարունակականութիւնը իր վիպական աշխարհին ու ոճին։ 1929-ի «Փորձը»ին, 1965-ի «Եւ եղեւ մարդ»ին, 1967-ի «Թեկնածուն»ին ու մինչեւ վերջին վէպին՝ «Սովորական օր մը»ի (1973) թուականային գրեթէ քառասուն տարիներու անջրպետին մէջ, Որբունի երկար ատեն գրականութիւն չէ «ըրած», սակայն կեանքի իր վերջին քսան տարիներուն հասած է վիպական-ստեղծագործական վաստակի որակի մը՝ որ վաւերագրումն է իր տաղանդին ու զինք զուգահեռի կը բերէ եւրոպական առումով մեծերու հետ։ 1965-ին լոյս կը տեսնէ «Եւ եղեւ մարդ»ը, ապա՝ յաջորդաբար, 1966 -ին՝ «Գոհարիկ եւ ուրիշներ» նորավէպերու երրորդ հատորը, 1967-ին՝ «Թեկնածուն» (Բ. գիրքը «Հալածուածները» վիպաշարքին), 1971-ին՝ «Ասֆալթը» (Գ. գիրքը նոյն շարքին), եւ վերջապէս՝ 1973-ին, «Սովորական օր մը» վէպը (Դ. գիրքը շարքին)։ Կը մահանայ Փարիզ։ Կը ձգէ անտիպ գործեր։ Մահէն ետք մասամբ լոյս կը տեսնեն մամլոյ մէջ (վէպ, օրագիր)։ == Երկեր == Հալածուածները. Փորձը, Մարսիլիա, 1929, 164 էջ: Վարձու սենեակ, Փարիզ, 1939, 171 էջ: Դէպի երկիր (ճամբորդութեան յուշեր), Փարիզ, 1947, 176 էջ: Հալածուածները. Փորձը, Պէյրութ, 1958, 109 էջ: Անձրեւոտ օրեր (պատմուածքներ), Փարիզ, 1958, 198 էջ: Եւ եղեւ մարդ, Փարիզ, 1964, 188 էջ: Պատմուածքներ, Պէյրութ, 1966, 176 էջ: Հալածուածները. Թեկնածուն, Պէյրութ, 1967, 216 էջ: Եւ եղեւ մարդ (վեպեր եւ պատմուածքներ), Երեւան, 1967, 340 էջ: Հալածուածները. Ասֆալթը, Իսթանպուլ, 1972, 252 էջ: Հալածուածները. Սովորական օր մը, Պէյրութ, 1974, 181 էջ: == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Դար Մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Բ. հատոր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ 1977, էջ 239-241: == Արտաքին յղումներ == Ո՛վ Կը Յիշէ Կամ Կը Կարդայ Զարեհ Որբունին…
176
14 Յուլիս
14 Յուլիս, տարուան 195-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 196-րդ) օրն է։ == Դէպքեր == 1789՝ Փարիզցիները գրաւեցին Պասթիլի ամրոցը 1867՝ Ալֆրէտ Նոպէլը առաջին անգամ ներկայացուց ուժանակը 14 Յուլիս 2014-ին կանոնաւորապէս սկսաւ գործել Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Լոյս Զուարթ պատկերասփիւռի յայտագիրը։ Յայտագրի պատասխանատւն է հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, վարիչ խմբագիրը՝ Վարդան Թաշճեան։ 2016՝ Նիսին մէջ թունիսցի մը բեռնատար մեքենան քշելով ամբոխին վրայ սպաննեցաւ 84 հոգի == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:14 Յուլիսի ծնածներ Արցախի պատերազմի մասնակիցներ՝ 1974՝ Աշոտ Ալեքսանեան (զ.1992) == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:14 Յուլիսի մահացածներ == Տօներ == == Ծանօթագրութիւններ ==
233
1586 թուական
1586 թուական, ոչ նահանջ տարի, 16րդ դարու 86րդ տարին է == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1586 ծնունդներ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1586 մահեր
5,508
Աշոտ Պատմագրեան
== Կենսագրութիւն == Աշոտ Պատմագրեան, ծնած եւ մանկութիւնը անցուցած ըլլալով արեւտրական երաժշտութեան մէջ, իր պատանեկութիւնը հայութեան ոգեղէն եւ նիւթեղէն սրտին Էջմիածնի մէջ, իր մասնագիտական ուսումը ստացած ըլլալով Պերլինի երաժշտանոցին եւ համալսարանին մէջ, Աշոտ Պատմագետն կը ներկայանանայ որպէս ամբողջական հայ երաջշտագէտ մը խորհապէս ծանօթ, որքան հայ եկեղեցական, ժողովրդական եւ աշուղական երաժշտութիւն բոլոր ճիւղերուն։ Մանուկ հասակէն ցոյց կու տայ երաժշտական տաղանդ։ Գէւորգեան Ճեմարանի մէջ, տակաւին պատանի իր դաասընկերներէն կը կազմէր երգչախումպեր եւ յաճախ կը ղեկաւարէ Մայր Տաճարի քառաձայն խումբը։ 1918 թուականին հազիւ 20 տարեկան կը կանչուի Թաւրիզի Արամեան դպրոցը։ 1921 թուականին կը մեկնի Գերմանիա եւ կ՝ ընդունուի Պերլինի Շթերնչէս երաժշտանոցը ուր կը դաստիարակուի մեծանուն փրոֆեսէօրներու շունչով: == Ծանօթագրութիւններ ==
21,584
Օսիպ Մանտելշթամ
Օսիպ Մանտելշթամ (2 (14) Յունուար 1891, Վարշաւա, Լեհական Թագաւորութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[…] - 27 Դեկտեմբեր 1938(1938-12-27)[…], Վլադպերպունկտ, Վլադիվոստոկ, ՌԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն), ռուս գրող, բանաստեղծ եւ թարգմանիչ։ == Կենսագրական գիծեր == Մանտելշթամ ծնած է Վարշաւա, հրեայ վաճառականի մը յարկին տակ։ Հայրը, որ կաշիի առեւտրական էր, իրենց բնակութեան վայրէն արտագաղթի յատուկ թոյլտուութիւն ստանալով, Օսիպի ծնունդէն ետք, գաղթած են Ս․ Փեթերսպուրկ։ 1900-ին, Մանտելշթամ ընդունուած է Թենիշեւսքիի դպրոցը, ուր վերապատրաստուած են կարեւոր գործիչներ: Անոր առաջին բանաստեղծութիւնները տպագրուած են դպրոցական տարիներուն (1907)։ 1908-ի Ապրիլին որոշած է Ֆրանսա մեկնիլ եւ Սորպոն մտնել՝ գրականութիւն եւ փիլիսոփայութիւն սորվելու։ Սակայն յաջորդ տարի ան հեռացած է՝ ընդունուելու Հայտելպերկի համալսարան։ 1911-ին ընդունուած է Փեթերսպուրկի համալսարան՝ մեթոտաբանութիւն սովորելու։ Մանտելշթամ իր առաջին բանաստեղծութիւնները հրատարակած է Ափոլոնի մէջ։ Ան գրած է բանաստեղծութիւններ եւ ուղեգրութիւններ՝ նուիրուած Հայաստանի եի հայութեան։ == «Ուղեւորութիւն` գոյներու երկիր» գիրքը == Գործը ռուսերէնէ թրքերէնի թարգմանած է Լուտմիլա Տենիսենքոն: Հեղինակը 1930 թուականին իր կողակցին հետ այցելած է Հայաստան եւ գիրքին ամփոփած է իր տպաւորութիւնները: Այս գործին հրատարակութիւնը խրախուսուած է Ռուսիոյ Գրական թարգմանութիւններու կաճառին կողմէ: Գիրքին կողքի ձեւաւորումը կատարուած է Արետ Կըճըրի կողմէ: == Ծանօթագրութիւններ ==
19,027
Եդուարդ Յակոբեան
Եդուարդ Ստեփան Յակոբեան (7 Մարտ, 1920, Ֆայում, Եգիպտոս), խմբավար, երաժշտահան, երաժշտա-հասարակական գործիչ։ Աւարտած է Գահիրէի Գալուստեան Ազգային, ապա՝ ֆրանսական վարժարանները, Փարիզի «Ցեզար Ֆրանք» երաժշտանոցը (1954)։ 1955 թուականէն երգեցողութեան ուսուցիչ է Գահիրէի Գալուստեան եւ Նուպարեան ազգային վարժարաններուն, կը ղեկավարէ «Շնորհալի», «Թաթուլ Ալթունեան», «Ազատ Մանուկեան» երգչախումբերը, հանդէս կու գայ համերգներով, դասախօսութիւններով։ Գրած է լարային թրիօ, սիմֆոնիք պարեր, սիմֆոնիք սուիթ, «Անտիք պոեմ»: Արժեքաւոր են «Քնարական երգեր», «Քուչակեան տաղեր», «Սրբազան տաղեր» երգաշարերը, «Հայաստան, ապրիր յաւիտեան», «Հարազատ դպրոց» դպրոցական երգերու պրակները։Հայաստանի մէջ հանդէս եկած է (1969, 1983) հեղինակային համերգներով։ === Աշխատասիրութիւն, հրատարակութիւն === Եդուարդ Յակոբեան Աշխատասիրած է՝ «Արուեստաբան-գրող հրապարակագիր Լիպարիտ Նազարեանց 1877-1947», երկերու հատընտիր ժողովածուն կազմած են՝ Եդուարդ եւ Մարկրիթ Յակոբեաններ / «Ժամանակիցները Կոմիտասի Հմայքին տակ» Երաժշտական ուսումնասիրություններու եւ քննախոսականներու ժողովածու 1989թ. === Երգաշարերու Ձայնագրութիւններ եւ դաշնաւորումներ === Եդուարդ Յակոբեան ձայնագրած եւ դաշնաւորած է .- Մանկա-Պատանեկան Երգափունջ 1997 Գահիրէ Փառք Քեզ, Տէր... Մաղթանք 1995 Գահիրէ Սրբազան Երգեր 1991 Ազգային*Հայրենասիրական եւ Ազատագրական Պայքարի Երգեր 1991 == Աղբիւրներ == ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑՆԵՐԸ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՀՄԱՅՔԻՆ ՏԱԿ Հեղինակ - Յակոբեան Եդուարդ 1979 Սրբազան երգեր / հեղինակ : Եդուարդ Յակոբեան - 1991 Եդուարդ Յակոբեան ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ «ՎԱՉԵ ԵՎ ԹԱՄԱՐ ՄԱՆՈՒԿՅԱՆ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ == Ծանօթագրութիւններ ==
803
3 Մայիս
3 Մայիս, տարուայ 123-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 124-րդ) օրն է Տարուայ աւարտին կը մնայ 242 օր 2 Մայիս 3 Մայիս 4 Մայիս == Դէպքեր == 1491. փորթուկալցի միսիոնարները մկրտեցին Քոնկոյի կառավարիչ Նքուվու Նզինկան, անոր շնորհելով Ժուան Ա. անունը 2006. Երեւանէն Սոչի ընթացող Airbus A320 օդանաւը կործանուեցաւ Սեւ Ծովուն մէջ։ Զոհուեցին բոլոր 105 ուղեւորները եւ անձնակազմի 8 անդամները == Ծնունդներ == Տես նաեւ՝ 3 Մայիսի ծնածներ 1469. Նիքոլո Մաքավելլի (իտալ.՝ Niccolò Machiavelli, մ.1527) իտալացի իմաստասէր, գրող 1905. Հայրիկ Մուրատեան (մ.1999) բանահաւաք երգիչ, ազգագրագէտ 1985. Էզէքիել Եան Լաւէզի (Ezequiel Iván Lavezzi) արժանթինցի ֆութպոլիստ == Մահեր == Տես նաեւ՝ 3 Մայիսի մահացածներ Արցախի Պատերազմի մասնակիցներ՝ 1994. (Մարդակէրտ, թաղուած է Եռաբլուր) Սերիոժա Սուքիաս Յարութիւնեան (ծն.1940, Երեւան) == Տօներ == Համաշխարհային՝ Արեւի օր Լռութեան օր Մամուլի ազատութեան օր Ազատութեան օր՝ Հարաւափրիկեան Հանրապետութիւն Անկախութեան օր՝ Սիերրա Լեօնէ Սահմանադրութեան օր՝ Լեհաստան Ճափոն 3 Մայիս == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == BBC: On This Day [2] (անգլերէն)
1,333
Գէորգ Աբովեան
Գէորգ Աբովեան, (29 Հոկտեմբեր 1837(1837-10-29), Օձուն, Հայաստան), հայ պատմաբան-ուսուցիչ։ Ծնած է Լոռի շրջանի Օձուն գիւղին մէջ 7 Ապրիլ, 1837-ին։ 1844 թուականին, հօրը մահէն ետք, մեծ հայրը՝ Արազ, զինք կը տանի Սանահինի դպրեվանք, որմէ ետք նոյն վանքի միաբաններէն՝ Սարգիս վարդապետ զինք կը տանի Տփխիս (Թիֆլիս) եւ կը յանձնէ Ներսէսեան դպրոցի խնամքին։ Գէորգի ցուցաբերած մեծ յառաջդիմութիւնը Ներսէս Ե. Աշտարակեցիի ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Կաթողիկոսի հրամանով, 1849 թուականին, ան կ՛ուղարկուի Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը, ուր առանձնապէս կը զբաղի պատմութեամբ եւ գրականութեամբ։ 1857 թուականին աւարտելով ուսման շրջանը, կը վերադառնայ Կովկաս։ 1858 թուականին կը հրաւիրուի Ներսէսեան դպրոց՝ հայոց եւ ընդհանուր պատմութիւն ու աշխարհագրութիւն դասախօսելու։ 1863 թուականին կը ստանձնէ հայոց լեզուի դասաւանդումը՝ Տփխիսի Զինուորական վարժարանէն ներս։ 1865 թուականին կը ստանայ նոր վկայական մը, որուն շնորհիւ իրաւունք ձեռք կը բերէ պետական ուսումնարաններուն մէջ ուսուցանելու։ Սակայն նոյն տարուան Չորեքշաբթի, Նոյեմբերի 1-ին, երեկոյեան տունէն դուրս գալով անվերադարձ կ՛անհետանայ։
6,672
Սիրարփի Տէր Ներսէսեան
Սիրարփի Միհրան Տէր Ներսէսեան (5 Սեպտեմբեր 1896(1896-09-05), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 6 Յուլիս 1989(1989-07-06), Փարիզ, Ֆրանսա), հայ բիւզանդագէտ, արուեստաբան, հայագէտ։ ՀԽՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ (1966)։ == Կենսագրութիւն == Աւարտած է Կոստանդնուպոլսի Եսայեան վարժարանը, ապա՝ Անգլիոյ Հայ Սքուլի (բարձրագոյն դպրոց)։ 1917-1919 թուականին սորված է Ժընեւի համալսարանի գրական բաժինէն ներս։ 1919 թուականին տեղափոխուած է Փարիզ, Սորպոնի մէջ աշակերտած է բիւզանդագէտներ՝ Շ․ Կիլին, Գ․ Միլէյին, ռոմանական եւ գոթական արուեստներու պատմաբան Հ․ Ֆոսիյոնին։ 1922-ին Փարիզի բարձրագոյն ուսումնասիրութիւններու դպրոցին մէջ դարձած է Գ․ Միլէյի օգնականը։ 1930-1931 թուականին եղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Ուելըսլի գոլէճի արուեստի պատմութեան դասախօս, 1937-47 թուականին նոյն գոլէճի արուեստի բաժինի եւ Ֆարնսուորթ թանգարանի տնօրէն։ 1946 թուականին Հարուըրտի համալսարանի Գումբարտոն Օքս գիտահետազօտական հաստատութեն մէջ արժանացած է բիւզանդական արուեստի փրոֆէսորի կոչման, 1963 թուականէն՝ վաստակաւոր փրոֆէսոր։ Տէր Ներսէսեանը Ֆրանսայի արձանագրութիւններու ու գեղարուեստական գրականութեան ակադեմիայի, Ֆրանսայի Հնագէտներու ազգագրական միութեան, Բրիտանական ակադեմիայի թղթական անդամ է։ Զեկուցումներով հանդէս եկած է միջազգային գիտաժողովներու մէջ, անոնց կարգին՝ արեւելագէտներու Մոսկուայի քոնկրէսէն ներս (1960) եւ պատմաբաններու սովետաֆրանսական գիտաժողովին մէջ (Երեւան, 1969)։ == Աշխատութիւններ == Լոյս ընծայած է «Բարեղամի եւ Յովասափի վէպի նկարազարդումը» (1938, ֆրանսերէն) բիւզանդագիտական ուսումնասիրութիւնը, <12,13, 14 դարերու հայկական նկարազարդ ձեռագիրները Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու գրադարանում» երկը (նիւթը՝ 1936, ալպոմ՝ 1937, ֆրանսերէն), «Հայաստանը Ա․ Բիւզանդական կայսրութիւնը» (1945, անգլերէն)։ Հրատարակած է նաեւ «Չեսթըր Պիթի գրադարան, հայկական ձեռագիրների ցուցակ՝ հայ արուեստի պատմութեան ներածականով» (1958), «Աղթամար, Ս․ Խաչ եկեղեցի» (1965), «Հայկական ձեռագիրները Ֆրիր արուեստի պատկերասրահին մէջ» (1963), «Հայկական ձեռագիրները Ուոլթերսի Արուեստի պատկերասրահին մէջ» (1973, բոլորը անգլերէն) աշխատութիւնները։ Գիտնականի «Բիւզանդագիտական եւ հայկական ուսումնասիրութիւններ» երկհատոր ժողովածուի մէջ (1973) ամփոփուած են անոր վաթսունէն աւելի մեծարժէք յօդուածները անգլերէն եւ ֆրանսերէն։ Բազմամեայ ուսումնասիրութիւններու արդիւնք է Տէր Ներսէսեանի «Հայկական Արուեստ» (1977, ֆրանսերէն) կոթողային աշխատութիւնը։ == Պարգեւներ, մրցանակներ == Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ պարգեւներու, անոնց կարգին Անգլիոյ հնագէտներու միութեան ոսկէ շքանշանին (1960), Ֆրանսայի Արձանագրութիւններու ու գեղարուեստական գրականութեան ակադեմիայի Շլիւմբըր-Ժէի անուան (1963), ՀԽՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի՝ Անանիա Շիրակացիի անուան, (1981) մրցանակներուն։ == Ծանօթագրութիւններ ==
17,676
Շիրակ Երգարան
Շիրակ Երգարան, Կարապետ Հաննէսեան եւ Յովհաննէս Հաննէսեան եղբայրներուն նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած երգարան, Պէյրութ։ == Պատմական ակնարկ == 1953-ին լոյսին կու գայ Շիրակ Երգարանի, առաջին հատորը, թիւ 1ը, նուիրուած Արամ Խաչատուրեանին: Հատորը հարուստ էր «նոր կենցաղի երգերով, որոնք գրեթէ կը ձայնասփռուէին հայրենի րատիոկայանէն կամ արտասահմանի մէջ ձայնապնակներու միջոցաւ կը ձայնասփռուէին տուներէ ներս»: Հատորին առաջին երգը «Գարուն Երեւան»ն էր: Հաննէսեան եղբայրները այնուհետեւ ամէնամեայ ճշդապահութեամբ հրատարակեցին երգարան մը: Այդ երգարանները նուիրուած էին Յովհաննէս Պատալեանին, Մարթէն Եորկանցին, Ատիս Հարմանտեանին, Լեւոն Գաթրճեանին, Արմինէ Մարտիրոսեանին, Ռոպերթ Ամիրխանեանին, Սեդրակ Օվիկեանին, Արամ Խաչատուրեանին, Հայաստանի Պարի Պետական Անսամպլին, Հայաստանի Երգի Պարի Անսամպլին, Լուսինէ Զաքարեանին, Գոհար երգչախումբին,...: Անոնցմէ ոմանք ունեցան վերամշակուած վերահրատարակութիւններ: Այդ երգարաններուն թիւը հասաւ 31-ի, աւելի քան 31,000 ընդհանուր տպաքանակով: Աւելի ետք, անոնք լոյս ընծայեցին նաեւ Շիրակ Մանկապատանեկան Երգարաններ «օժանդակելու համար նոր սերունդի իգական եւ արական անդամներուն»: Հրատարակուեցաւ նաեւ 766 էջանի Շիրակ Ընդարձակ Երգարանը, 1990-ին, հրատարակուեցաւ Շիրակ ճամբորդական Երգարանը, եւ երգարանաշարքի յիսնամեակին առթիւ' 875-էջանի Շիրակ Երգարան լոյս կը տեսնէ Հայրենասիրական-Յեղափոխական, Դասական, Ժողովրդական, Հոգեւոր, Մայրական, Աշուղական, Էսթրատային երգեր, օրորներ եւ օփերէթներ, Կարապետ Հաննէսեան (Խմբագիր)Յաջողութիւնը շատ մեծ էր. ահա թէ ինչու եղբայրները կը նախաձեռնեն մեծածաւալ ձայնագրեալ երգարաններու հրատարակութեան' 1960-ին, 1963-ին, 1967-ին, 1970-ին, 1973-ին եւ 1979-ին լոյսին բերելով Ձայեագրեալ Շիրակ Երգարաններու վեց հատոր: Սակայն, երբ դժուար էր դեոեւս անտիպ երգեր ընդգրկել նոր հատորներուն մէջ, Կարապետ Հաննէսեան կը հրաւիրուի Հայաստան, ուր •զեկոյց տոփ գործունէութեանս վերաբերեալ եւ նորագոյն երգերով վերադարձայ հայրենիքէն. == Շիրակ Երգարաններու շարք հրատարակելու գաղափարը == Ւսկ թէ ինչու՛ եւ ինչպէս յառաջացած է Շիրակ Երգարաններու շարք հրատարակելու գաղափարը, Կարապետ Հաննէսեան կը պատմէ. == «Շիրակ» մատենաշարի Խմբագրութիւնը 1953 == Ինչո՞ւ «Շիրակ» մատենաշարը, սոյն երգարանին հրատարակութեամբ, գոհունակութիւնը կ՚ունենայ հայ ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու այն հին ու մանաւանդ նոր կենցաղի երգերը, որոնց գրեթէ բոլորը կը ձայնասփռուին մեր Մայր Հայրենիքի ձայնասփիւռի կայանէն, կամ արտասահմանի մէջ ձայնապնակներու միջոցաւ կը նուագուին հայ տուներէն ներս։ Որպէսզի գոհացուցած ըլլանք հայ երգը սորվիլ ուզողներուն փափաքը, կը հրատարակենք սոյն երգարանը՝ այն հաստատ համոզումով թէ ան մեծ ժողովրդականութիւն պիտի գտնէ եւ արդարացնէ իր հիմնական նպատակը, այսինքն՝ պիտի սատարէ հայ երգի տարածման, առանց աղաւաղելու հեղինակներուն բառերը։ Կը հաւատանք թէ հայ երգը արտասահմանի մէջ կարեւոր դեռ կը կատարէ ազգապահպանման տեսակէտով ու կը զօրացնէ հայրենիքի ու արտասահմանի հոգեկան ու մշակութային կապերը։ Այս հաւատքով ու վստահութեամբ կը հրատարակենք սոյն երգերու փունջը, որ քաղուած է Աբովեանի հայրենիքէն եւ իր բոյրը կը տարածէ աշխարհի չորս ծագերուն։ Շիրակ Մատենաշարի Խմբագրութիւն 1953 === Վկայութիւններ Շիրակ Երգարանի մասին === ===== Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ՝Վարդգէս Համազասպեանի վերջին ելոյթէն հատուած մը Շիրակ գրատան բացման առիթով ===== == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == ՇԻՐԱԿ ՏԵՂԱՆՈՒՆՆ ԻԲՐԵԻ ՀԱՅՈԻԹԵԱՆ ԵԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ == Տե՛ս նաեւ == Շիրակ տպարան-հրատարակչատուն Կարապետ Հաննէսեան == Արտաքին յղումներ == Անդրանիկ Տաքէսեան Շիրակ Տեղանունն Իբրեւ Հայութեան եւ Հայաստանը Խորհրդանիշ Շիրակ երգարան 1954, տպարան Շիրակ Շիրակ երգարան 2016 Սայաթ-Նովա Printing - Publishing, 2016 Ձայնագրեալ Շիրակ երգարան Lebanon : Hannēsean Eghbayrneru, Հաննէսեան Եղբայրներու, 1963-<1979>
4,084
Խոսրով Հեքիմեան
Խոսրով Հեքիմեան (մօտ 1875, Սեբաստիա (կամ Խարբերդ) - 1937 (այլ վարկածով՝ 1930), Երեւան), հայ բժիշկ, վիրաբոյժ։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է մօտ 1875 թուականին Սեբաստիեյ մէջ (Խարբերդ)։ Հայրը եղած է Խարբերդի անուանի բժիշկ Յարութիւն Հեքիմեանը։ Սորված է ամերիկացի միսիոներներու՝ Խարբերդի, Եփ­րատ գոլէճէն ներս, սակայն ուսումը չէ անաւարտած։ 1899 թուականին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական ֆակուլտետը եւ արժանացած է վիրաբուժութեան եւ ներքին հիւանդութիւններու գիծով առաջին մրցանակին։ 1900-06 թուականներուն որպթս բժիշկ աշխատած է Սեբաստիա քաղաքի Հայոց ազգային հիւանդանոցէն ներս, իսկ 1906-14/15 թուականներուն՝ Տրապիզոն քաղաքի մէջ։ Անատոլիոյ առաջինն է, որ կիրառած է «Ք ճառագայթ»ներու գործիքը։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ` 1915 թուականին, զորակոչուած է օսմանեան բանակ եւ ծառայած՝ որպէս զինուորական բժիշկ։ Պատերազմի ընթացքին Պա­ղես­տի­նի Նազարէթ քաղաքի մէջ, անգլիական բանակի ձեռքը գերի ընկած է։ Իննը ամիս, որպէս ռազմագերի, պարտադրուած է անգլիական զինուորական հիւանդանոցի մէջ բժիշկ աշխատած է։ 1919-22 թուականներուն եղած է Ամերիկեան Նպաստամատոյցի (Նիր Իսթ Ռիլիֆ) Սեբաստիոյ հիւանդանոցի եւ որբանոցի բժշկապետ։ Այնուհետեւ տեղափոխուած է ԱՄՆ։ 1924 թուականի դրութեամբ բնակած է ԱՄՆ-ի Մասաչուսեցի նահանգի Պոսթըն քաղաքին մէջ (Brookline ave., 484)։ 1924 թուականի Ապրիլին, հայրենասիրական մղումներով, ԱՄՆ-էն հայրենադարձած է Խորհրդային Հա­յաս­տան։ Երեւանի մէջ դարձած է անուանի բժիշկ, վիրաբոյժ։ Եղած է Հայաստանի օգնութեան կոմիտէի (ՀՕԿ) ներկայացուցիչը՝ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ 1936 թուականի Յու­լի­ս 9-ին Թիֆլիսի մէջ Լաւրենտի Բերիայի ձեռքով Աղասի Խանջյանի սպանութիւնէն յետոյ դիակը բերուած է Երեւան եւ Յուլիս 12-ին հանձնվել հողին։ Մինչեւ թաղելը դիակը զննած են բժիշկներ Խոսրով Հեքիմեանը, Հարություն Միրզա-Ավագյանը եւ Գրիգոր Սաղեանը, որոնք համոզուած են, որ ան չէր կարող ինքնասպանութիւն ընել, ուստի մահուան եզրակացութիւնն ստորագրելէ հրաժարած են եւ պատճառաբանած, թէ «Խանճեա­ն պետք է առն­ուազն եր­կու մեթ­րա­նոց ձեռք ու­նե­նար եւ ձախ­լիկ ըլլար, որ­պէս­զի ձախ ձեռ­քով ինքն իր գլխուն կրա­կեր»։ 1937 թուականին (այլ վարկածով 1930 թ.) ձերբակալուած է եւ բանտարկուած Երեւանի ներքին բանտին մէջ։ Բանտարկեալներուն հերթական զբօսանքի ընթացքին բժիշկը դուրս գալէ հրաժարած է եւ մնացած բանտախցիկին մէջ։ Որոշ ժամանակ անց վերադառնալով բանտախուց՝ ընկերները բժշկին գտել են մահացած. ան ապակիով կոտրած էր իր երակը եւ արիւնաքամ եղած։ Ետքը չեկիստները սկսած են բանտախցերէն հաւաքել երկաթեայ իրերն ու ապակեայ շիշերը, որոնք կարնային բանտարկեալներու համար ինքնասպանութեան գործիք դառնալ։ Խոսրով Հեքիմեանի որդին, 1960-ական թուականներուն աշխատած է ՀՍՍՀ Գիտութիւնններու ակադեմիային մէջ։ == Գրականութիւն == «Ման­զու­մէի Էֆ­քե­ար», Կ. Պոլիս, թ. 788, 21-02-1904։ «Հա­յաս­տա­նի կոչ­նակ», Նիւ Եորք, 27-12-1924։ Պատրիկ Առաքել, Պատմագիրք-յուշամատեան Սեբաստիոյ եւ գաւառի հայութեան, հ. Ա., Պէյրութ, 1974։ Պատրիկ Առաքել, Պատմագիրք-յուշամատեան Սեբաստիոյ եւ գաւառի հայութեան, հ. Բ., Նիւ Ճըրզի, 1983։ Ալպոյաճեան Յ., Խաչելութեան ճամբաներով, Երեւան, 2005։ Քէօսէեան Ա., Այցելութիւն Բրգնիկ, «Ձայն համ­շե­նա­կան», Երեւան, 2006, թ. 5-6։ == Աղբիւրներ == Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։
4,077
Հերակլիոս Աւագ
Հերակլիոս Աւագ (լատ.՝ Heraclius, յուն.՝ Ἡράκλειος) (մահացած է 610 թուականին), հայազգի բիւզանդական հրամանատար եւ բիւզանդացի կայսր Հերակլիոս Ա.-ի հայրը (գահակալած 610–641 թթ.)։ Հերակլիոսը աչքի մտած է Սասանեան Պարսկաստանի դէմ 580-ական թուականներու պատերազմի ժամանակ։ Մօտ 600 թուականին նշանաուած է Ափրիկէի էկզարխութեան եկսարքոս։ 608 թուականին ապստամբած է գահը անօրինական զաութած Փոկաս կայսին դէմ (գահ. 602-10 թթ.)։ Օգտագործելով Ափրիկէն որպէս հենակետ, Հերակլիոս Աւագի տղան՝ Հերակլիոսը գահազրկեց Փոկասին, հռչակուեցաւ կայսր եւ ստեղծեց հարստութիւն, որ կառավարեց կայսրութիւնը մօտ մէկ դար։ Հերակլիոս Աւագը վախճանուեցաւ իր որդիի կայսր դառնալու մասին լուրը իամանալէն քիչ ետք։ == Ծագում == Հերակլիոսը ունէր հայկական ծագում։ Անոր ծագման մասին կը պատմեն պատմիչներէն մէկուն յիշատակութեան հիման վրայ, որ կ՝ ըսէ՝ «...հրամայուեցաւ Հերակլիոսին վերադառնալ իր հայրենի քաղաք Հայաստան...»։ Քաղաքը չէ հստակացած, սակայն ըստ որոշ պատմաբաններու Հերակլիոսը այդ ժամանակ Հռոմէական Հայաստանի մագիստեր միլիտումնէր, որմէ կը պարզուի, որ անոր հայրենի քաղաքը Կարինն է՝ Թէոդոսիոպոլիսը, քանի որ ան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նստավայրն էր։ Որպէս կայսրութեան հիւսիսարեւելեան սահմաններու գլխաւոր ռազմական հենակետ, քաղաքը ունէր ահռելի նշանակութիւն եւ անոր համար կատաղի կռիւներ կ՝ ըլլային հռոմէացիներուն եւ պարսիկներուն միջեւ։ Հերակլիոս Աւագի նախնիներուն մասին շատ բան յայտնի չէ, սակայն այս մէկը ետ չի պահեր պատմաբաններուն տարբեր վարկածներ։ Որոշներ պատմաբաններու կարծիքով ան 5-րդ դարու հռոմէացի զորաւար Հերակլիոս Եդեսացիի բարեկամն է։ Ուրիշնե, որոնցմէ է Կիրիլ Թումանոֆը, իրենց տեղեկութիւնները կը հիմնեն Սեբէոսի տեղեկութեան վրայ, որմէ կը պարզուի, որ Հերակլիոս ծագած է Արշակունիներէն։ == Ընտանիք == Յայնտի է Հերակլիոսի մէկ եղբոր անունը՝ Գրեգորաս, որ զորաւար Նիկետասի հայրն էր։ Կը նշուի նաեւ անոր կնոջ անունը՝ Էպիֆանիա։ Ան ունէր երկու տղայ՝ Հերակլիոս Կրտսերն ու Թեոդորը եւ մէկ աղջիկ՝ Մարիան։ == Կարիերա == === Ֆիլիպիկոսի օրով === Հերակլիոսը առաջին անգամ կը յիշատակուի 586 թուականին, որպէս զորաւար Ֆիլիպիկոսի հրամանատարներէն մէկը, 572-91 թուականներու հռոմեա-պարսկական պատերազմի ընթացքին։ Հերակլիոսը, Սոլաքոնի ճակատամարտին 586 թուականի գարնանը կը ղեկավարէ բանակի կեդրոնը։ Մարտէն ետք ան կը ղրկուի ստուգելու համար այն տեղեկութիւնը, որ կ՝ ըսէր թէ պարիսկները կը ստանան օգնական ուժեր։ Այնուհետեւ բիւզանդացիները ներխուժեցին Աղձնիք։ Այնտեղ անոնց կողմը անցան երկու հայ զօրաւարներ, որոնք համաձայնեցան ցոյց տալ պարսկական հենակետերու դիրքերը։ Հերկալիոսին, որ արդէն երկրորդն էր իր դիրքով Ֆիլիպիկոսէն ետք, հրամայեց գտնել այդ հենակետերը։ Հերակլիոսին կ՝ ոգղղեկցէին 20 հոգի։ Ճանապարհին անքն հանդիպեցան պարսկական ընտրեալ ջոկատի, որմէ հազիւ հաց կարողացան ճողոպրել։ Գիշերը Հերակլիոսը նամակ ուղարկեց շարժուող պարսկական զորախումբին մասին։ Ֆիլիպիկոսը նահանջեց բիւզանդական տարածք, որտեղ սակայն հիւանդութեան պատճառով անկարող եղաւ շարունակել իր գործառոյթը եւ զորքը հանձնեց Հերակլիոսին։ Հերակլիոսը քանի մը անգամ ասպատակեց Մարզպանական Հայաստանը եւ ձմեռեց Թեոդոսիոպոլիսոյ մէջ։ 587 թուականի գարնան, Հերակլիոսի ղեկաավարութեամբ բանակի մեծ մասը շարժեցաւ պարսկական տարածք եւ պաշարեց անանուն ինչ-որ բերդ, որ համառ կռիւներէն ետք գրաւեց։ 587 թուականի վերջը Ֆիլիպիկոսը վերադարձաւ Կոստանդնուպոլիս եւ ձմեռուայ ընթացքին մնաց Հերակլիոսի ղեկավարութեան տակ։ Հերակլիոսը քայլեր ձեռնարկեց բարձրացնելու զինուորներու կարգապահութիւնը։ Շուտով տեղի ունեցաւ հրամանատարներու փոփոխութիւն եւ Հերակլիոսին հրամայուեցաւ ետ վերադառնալ Բիւզանդական Հայաստան": === Կոմենտիոլուս === Հերակլիոսը կը յիշուի մէկ տարի ետք 589 թուականի աշնան տեղի ունեցած ճակատամարտին մէջ։ Բանակի հրամատարն էր Կոմենտիոլուսը, որուն հետագայ պատմիչներէն մէկը մեղադրէ վախկոտութեան համար. ըստ անոր տեղեկութեան, երբ ճակատամարտը կը շարունակուէր Կոմենտիոլուսը կը փախչի, իսկ բանակի ղեկավարութիւնը իր ուսերէն կը վերցնէ Հերակլիոս Աւագը, որ հռոմեացիներուն կը տանի հաղթանակի: Սակայն այս շատ կասկածելի է: ճակատամարտի ժամանակակից պատմիչի հաղորդագրութեամբ Կոմենտիոլուսը անձամբ կը կռուէր ճակատամարտին մէջ, իսկ Հերակլիոս Աւագի անունը ընդհանրապէս չի նշուիր: Վախկոտութեան դրուագը կարող կ՝րնայ հորինուած ըլլալ փառաբանելու համար Հերակլիոս կայսին հօրը՝ Հերակլիոս Աւագին:: === Հայկական ապստամբութիւն === Հերակլիոսը կը նշուի մօտ 595 թուականին, որպէս Հայաստանի «մագիստեր միլիտում»։ Ան ղրկուած էր ճնշելու հայկական ապստամբութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ Անոր կ՝ օժանդակր Համազասպ Մամիկոնեանը։ Տեղի ունեացած ճակատամարտին, բիւզանդացիները հաղթանակ տարին, իսկ հայոց ապստամբութեան ղեկավարները կամ սպանուեցան, կամ գերի ինկան։ Չնայած Հերակլիոսը Հայաստանի մէջ քիչ մնաց, անոր կապերը հայերիուն հետ անկասկած աւելի ուժեղացան։ === Ափրիկէի եկսարքոս === Հերակլիոսը յաջորդ անգամ կը յիշուի 608 թուականին որպէս Ափրիկէի եկսարքոս եւ պատրիկ։ Ան նշանակուած էր Մորիկ կայսին կողմէն, այդ կը նշանակէ, որ ան կը գրաւէր այդ պաշտօնը ամենաուշը 602 թուականէն։ Հերակլիոսը լաւ յարաբերութիւններ ունէր Մորիկի հետ եւ Ափրիկէի պալատական կազմը կը ցաւէր վերջինիս մահուան համար։ Եկսարքոսները ունէին ահռելի իշխանութիւն. անոնք օժտուած էին ռազմական, եւ քաղաքացիական լիազորութիւններով։ Հերակլիոսի նստավայրն էր Կարթագէնը։ 19-րդ եւ 20-րդ դարու պատմաբանները կապ կը փորձէին գտնել՝ Հերակլիոսը Ափրիկէի եկսարքոս նշանակվելու եւ նանոր ծագմամբ Արեւմտեան Հռոմրէկան կայսրութիւնէն կամ Ափրիկէն։ Սակայն ներկայիս պարզ է, որ այդպիսի կապ չկայ։ 6-րդ դարուն Արեւելահռոմէական կայսրութեան մէջ սովորական երեւոյթ էր նշանավոր զօրաւար դառնալ արեւելքի մէջ, հատկապէս վերին Միջագետքի մէջ, եւ հետագային տեղափոխուած Ափրիկէ։ Չնայած որոշ պատմաբաններ կը համարեն, որ Ափրիկէի մէջ էկզարխութիւնը անկում կ՝ ապրէր 7-րդ դարուն բերբերական անընդհատ յարձակումներու պատճառով, ներկայիս կը գերիշխէ այն տեսակետը, որ այդ ժամանակ Ափրիկան կայսրութեան ամենահարուստ նահանգներէն էր։ Այստեղ շատ աւելի քիչ ռազմական գործողութիւններ տեղի կ՝ ունենային, քան Պալքաններուն, Միջագետքի եւ Հայկական լեռնաշխարհի մէջ։ Առեւտուրը կը ծաղկէր. հատկապէս ուժեղ էր կապը ֆրանկական Գալիայի հետ։ Զարգացած գիւղատնտեսութիւնը թոյլ կու տար աճեցնել ցորեէն, ձիթապտուղ եւ խաղող, որ կուշտ կը պահէր տեղի բնակչութիւնը։ Զարգացած էր նաեւ ձկնորսութիւնը։ Հերակլիոս օգտուեցաւ իրենց ընձեռած հնարավորութիւնէն եւ սկսաւ կապեր հաստատել տեղի ազնուականութեան հետ. օրինակ անոր տղան ամուսնացած էր Ափրիկէի հողատերերէն մէկուն աղջկան հետ.։ === Ապստամբութիւնը ընդդէմ Փոկասի === 608 թուականին Հերակլիոս Աւագի գլխաւորութեամբ Ափրիկէ նահանգը ապստամբեց Փոկաս կայսին դէմ։ Պատմիչներըկը նշեն, որ հիմնական պատճառը Փոկասի կողմէն Մորիկի սպանութիւնն էր, սակայն պատմաբանները կը համարեն, որ կար նաեւ սառ դատողութիւն։ Կարթագէնը կե գտնուէր մեծ հեռաւարութեան վրայ Կոստանդնուպոլսէն, եւ Փոկասի համար դժուար կլիներ զորք ուղարկել այնտեղ։ Նահանգի հարստութիւնը կրնար ֆինանսաւորել ապստամբութիւն։ Կայսրութեան պետք էր ցորեն, իսկ նահանգը բաւական հարուստ էր այդ հումքով։ Այդ նոյն ժամանակ պարիսկները կ՝ իրականացնէին լայնածաւալ յարձակում կայսրութեան վրայ, որ հիանալի հնարաւորութիւն կ՝ ըստեղծէր ապստամբութեան համար։ Ապստամբութիւնէն ետք, Հերակլիոս Աւագն ու Կրտսերը հռչակուեցան քոնսուլներ։ Այս քայլով Հերակլիոս Աւագը կը փորձէր օրինականացնել իր կայսր դառնալու հաւակնութիւնները, քանի որ քոսնուլի կոչում ունէին միայն կայսրերը։ 609-10 թուականներուն Փոկասի վիճակը կը վատթարանար։ Կայսրութեան պաշտպանութիւնը ճեղքուած էր Սասանեան Պարսկաստանի կողմէն։ Անոնք կ՝ ասպատակէին Միջագետքը, Հայաստանը, Սուրիան, Փոքր Ասիան։ Հերակլիոսին հաւատարիմ ուժերը գրաւած էին Եգիպտոսը, սլաւոննեն ու աւարները գրաւած էին Պալքաններու մեծ մասը։ Իսկ Սուրիոյ հրեաներնը ապստամբութիւն բարձրացուցած էին։ 610 թուականին պարսից Շահրբարազ զօրաւարը կը մօտենար Անտիոքին։ Սակայն Փոկասին աւելի կ՝ անհանգստացնէր ապստամբները, որոնք ներխուժած էին Կիպրոս եւ Սուրիա, իսկ Հերակլիոս Կրտսերը մեծ նաւատորմով կը մօտենար մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսին։ Ապստամբները հասան մայրաքաղաք Հոկտեմբեր 610 թուականին։ Քաղաքի միակ պաշտպանները կայսին անձնական պահակախումբ էր եւ ձիարշաւներու երկրպագուներու կանաչ եւ կապոյտ խմբաւորումներէն կազմուած անկանոն ջոկատները։ Սակայն Հերակլիոսի մոտենալուն պէս կանաչ խմբաւորումն ու պահակախումբը անցան ապստամբներու կողմէն։ Մայրաքաղաքը հեշոտութեամբ ինկաւ Հերակլիոսի ձեռքը։ Հերակլիոս Կրտսերը հռչակուեցաւ կայսր, իսկ Փոկասն ու անոր շարք մը աջակիցներ սպաննուեցան։ Համաձայն պատմիչների Հերակլիոս Ավագը հրճվել էր իր որդու կայսր հռչակվելու մասին լուրերը ստանալով։ Պատմիչներու համաձայն Հերակլիոս Աւագը հրճուած էր իր որդիին կայսր հռչակուելու մասին լուրերը ստանալով։ == Գնահատում == Չնայած Հերակլիոս Աւագը իր ժամանակաշրջանի ակնառու զորաւարներէն էր, անոր ռազմական յաջողութիւնները բաւական համեստ էին։ Հետագայ պատմիչները անկասկած փորձած են մեծցնել անոր գործողութիւններու ազեցութիւնները, որպեսզի ապահովեն Հերակլիոս Կրտսերին մեծ նախնով։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Թեոֆիլակտ Սիմոկատացու թարգամանությունը Ուիթբիի կողմից
18,802
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի (Հալէպ)
Ս. Աստուածածին եկեղեցի, (10 Սեպտեմբեր 1972-Հալէպ): Մեծ եղեռնի վաղորդայնին, մանաւանդ հայկական աղէտէն ետք,առաւելաբար Այնթապէն Հալէպ ապաստանած հայութիւնը հոգեւոր սնունդը ստացած է Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ շրջափակի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, տնօրինութեամբ`օրուան Առաջնորդական Տեղապահ Յարութիւն Աւագ քահանայ Եսայեանի եւ Ազգ. իշխանութեան: 1976- ին Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան հոգաբարձութեան համատեղ գործակցութեամբ, գնուած է նորակառոյց եկեղեցւոյ եւ դպրոցին հողաշերտը` վիլլաներ թաղամասէն: Եկեղեցւոյ հանդիսաւոր հիմնարկէքը կատարուած է 10 Սեպտեմբեր 1972-ին հովանաւորութեամբ` Խորէն Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, եւ նախագահութեամբ` օրուան Առաջնորդ Տաթեւ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի: Շինարարական աշխատանքները աւարտած են 1982-ին, իսկ հանդիսաւոր օծումը կատարուած է 1 Մայիս 1983-ին, ձեռամբ` Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (նախագիծ`պէյրութահայ ճարտարապետ Գէորգ Գարաճըրճեանի, իրագործում ճարտարապետ Գեղամ Խրիկեանի): == Աղբիւրներ == Հայերը Հալէպի պատմութեան մէջ հեղինակ Աւօ Գաթրճեան։
3,328
Իզմիր
Իզմիր (թրք.՝ İzmir նաեւ Սմիրնա, յուն․՝ Σμύρνη, հին անաւանումը՝ Զմիւռնիա։ Քաղաք՝ Թուրքիոյ արեւմուտքին։ Համանուն Իզմիրի նահանգի մայրաքաղաք։ Թուրքիոյ երկրորդ մեծ քաղաքն է, 2009 թուականին ունէր շուրջ 3.868.308 բնակիչ։ Կը գտնուի Եգէական Ծովու ափին, Իզմիրի ծովածոցի հանդէպ։ Ստամպուլէն յետոյ, Թուրքիոյ երկրորդ կարեւոր նաւահանգիստն է։ Քաղաքին մէջ կայ նաեւ միջազգային օդակայան։ Երկաթուղային գիծով կապուած է երկրի այլ խոշոր քաղաքներուն հետ, ինչպէս Ստամբուլը եւ Տենիզլին։ == Քոյր քաղաքներ == United States, Տամպա United States, Լոնկ Պիչ Israel, Թել Ավիվ == Աղբիւրներ ==
7,037
Տուրմ
Տուրմ, եզր է, քաքաոյի սերմերու կիրառմամբ պատրաստուած հրուշակեղենի անուանման համար։ == Տուրմի Պատմութիւն == === Վաղ Շրջան === Ք.Ե. 7-րդ դարուն, Մայաներու քաղաքակրթութիւնը կը շարունակէր ծաղիկի մէջ ապրիլ, ի յայտ կու գային նորանոր բուրգ-դղեակներ ու հոյակերտ տաճարներ, որոնց մէջ յաճախ կ'երկրպագէին Աստուծոյ։ Աւելին, գագաոն կը համարուէր ծառերուն աճող հարստութիւն, որ Աստուածային պտուղներուն կը վերագրուէին ամէն տեսակ բուժիչ եւ նույնիսկ միստիկական յատկութիւններ։ Այդ հաւատալիքներէն, թէ՛ «տուրմի» նկատմամբ ունեցած թուլութիւնէն ելլելով՝ թերեւս Մոնտեսումա ցեղապետը իր ոսկեայ բաժակով օրական մօտ 5 անգամ իրեն թոյլ կու տար երկրի երեսին վայելել երկնայինը՝ «տուրմ» ըմպելիքը։ Եւ չէ բացառուած, որ ան եւ միւս առաջնորդները հաստատ կը դատապարտէին այն եւրոպացիներու տգիտութիւնը, ովքեր, վախնալով տուրմի վնասակարութիւնէնխ, պետք է զրկէին իրենց այն վայելելու հաճոյքէն։ Բայց պետք է ըսել նաեւ, որ Ամերիկան յայտնաբերելով՝ ոչ բոլոր եւրոպացիները այդքան դաժան գտնուեցան սեփական անձի նկատմամբ, շատերը ճիշտ եւ ժամանակին գնահատեցին ինչպէս հնդկացիներու ոսկին, այնպէս ալ «գագասոլատան»՝ քաքաոյի պտուղները։ === Պատրաստուած Առաջին Տուրմը === Եւրոպայի մէջ, ինքերու բաղադրատոմսերով առաջին տուրմը պատրաստեց Քորդէզը՝ Լոլոմպոսի արշաւախմբէն, սակայն նրբաքիմք սպանացիներուն այն բարեբախտաբար չափազանց դառն թուաց եւ անոնք տուրմը համադրեցին եղեգնաշաքարի հետ։ Եւրոպական միւս ազգերուն «Հնդկական ժառանգութիւնէն» բաժին հասաւ միայն կէս դար անց, երբ սպանացիները հասցուցած էին, թերեւս կուշտ մը վայելել այն։ Արդէն 17-րդ դարուն՝ ան Եւրոպական գրեթէ բոլոր արքունիքներու ամենահարգի ըմպելիքն էր։ Առաջինը «համբուրվելով» Լուի 13-ի կնոջ՝ Մարիա Աւստրիացի հետ՝ տուրմը հետագային մէջ գերեց ան շատ այլ ազնուականուհիներու սիրտերը, որոնք տուրմի մասին լեգենդներուն աւելացրին եւս մէկը, ըստ անոնց՝ քաքաոյի ծառը պետք Է որ աճելու ընթացքին ըլլայ դրախտին մէջ։ Սակայն տուրմի այս տեսակէտը ծաղրի արժանացաւ այսպէս կոչուած «տուրմ»ի կողմէն, անոնցմէ մէկը՝ Մադամ Տէ Սեվինյէն, փորձեց նոյնիսկ համոզել հանրութեանը, թէ՛ իր ընկերուհին սեւամորթ երեխայ ունեցած է միայն այն պատճառով, որ չարաշահած է տուրմը։ Բարեբախտաբար անոր չհաւատացին անգամ անոնք, ովքեր չգիտէին, թէ՛ իրականութեան մէջ ինչպէս կը պատահի, որ երեխաները սեւամորթ կը ծնին։ Եւ կարծես այդպէս անոնք որոշեցին, որ տուրմը պետք է գնահատել ոչ թէ՛ «օգտակար է կամ օգտակար չէ» սկզբունքով, այլ «համեղ է կամ համեղ չէ» մոտեցմամբ։ Այսպէս տուրմը վերածուեցաւ նորաձեւութեան, որ 19-րդ դարուն, շնորհիւ ընդլայնուող տուրմի պլանտացիաներու, մատչելի դարձաւ նաեւ դղեակներէն դուրս։ === 19-20-րդ Դար === 1820 թուականին, մինչ այդ իբրեւ խմիչք օգտագործուող տուրմը համադրուեցաւ քաքաոյի իւղի, շաքարաւազի եւ լիւքէօրի հետ՝ ստանալով «Ֆրայ եւ Սանս»–ի սալիքներու ձեւը։ 1828 թուականին, Ամեդէ Քոլերի միտքով՝ անցաւ տուրմին ընկոյզներ աւելացնել։ 1875 թուականին, գոյութիւն ունէր արդէն նաեւ՝ կաթով տուրմը, իսկ Շվեյցարիան հասցուցած էին հռչակել «տուրմի երկիր»։ Այնուհետեւ, իտալացիները հնարեցին տուրմի արտադրութեան համար անհրաժեշտ լիցենզիան, Անգլիոյ մէջ «Chocolate House»ներն աւելի յաճախելի դարձան, քան թէյարանները, իսկ 1920 թուականին՝ անգլիացի Ճօն Մարսն իրեն հաւերժացուցած է համանուն տուրմէ բատոններով։ == Տուրմը եւ Փողը == Գերմանիոյ կայսր Քարլ 5-րդի կառավարութիւնը, ժամանակին ճիշտ գնահատելով տուրմի եկամտաբերութիւնը, կը ցանկար այս ապրանքի համար պետական մենաշնորհ սահմանել։ Իսկ՝ ինչպէս կը գրէ սպանացի պատմաբան Ովիէդոն՝ «դարեր շարունակ միայն հարուստն ու ազնուականը կրնար իրեն սուրմ թոյլ տալ, քանի որ ան բառացիօրէն փող կը խմէր»։ Իսկ քաքաոյի պտուղները իբրեւ արժոյթ օգտագործած են շատ ազգեր... 100 այդպիսի սերմի դիմաց հնում կարելի Էր լաւ ստրուկ ձեռք բերել։ Ըստ նոյն այս հաշւարկի 100 պտուղ արժեր խեցգետինը, 200՝ եփուսծ հնդկահաւը, 6 պտուղ՝ մարմնավաճառը։ == Տուրմը եւ Վիճակագրութիւնը == Ըստ ատոր՝ գերմանացին տարեկան կ'ուտէ 8 ՔԿ. տուրմ, անգլիացին եւ բելգիացին՝ 9 ՔԿ., շուեյցարացին՝ 11 ՔԿ,։ Ֆրանսիացիները միայն Ս. Ծննդեան տօներուն կ'ուտեն 36 հազար տուրմէ քոնֆէդ, որոնք իրենց քաշով 4 անգամ կը գերազանցեն Էյֆելեան աշտարակի կշիռքը։ ժամանակակէն ամերիկացիներու 90 տոկոսը տուրմ կ'ուտեն ամէն օր։ Աշխարհին մէջ, ամենածանր տուրմը կշռած է 2280 ՔԿ. (ներկայացուած է 2000 թ–ին Թուրինի մէջ), իսկ ամենամեծ շոկոլադը ունեցած է 8,5 մ. բարձրութիւն (պատրաստուած Է Բարսելոնի մէջ, 1991 թ–ին)։ == Տուրմը եւ Տուրիզմը == Տուրմի բուժիչ յատկութիւններուն շնորհիւ վերջին ժամանակներուն աւելի մեծ հեղինակութիւն ձեռք բերած են տուրմէ հանգստավայրերը, ուր տուրմով հիմնականին մէջ կը բուժեն դեպրեսիաներէն։ Ամենայայտնի հանգստավայրերէն է Հերշէսը՝ Քալիֆորնիոյ մէջ։ Այսօր տուրիստական շատ գործակալութիւններ չեն վարաներ իրենց ծրագրերուն մէջ՝ ներառել այցելություններ «տւրմի սրճարաններ», ուր 6 տուրմը կարելի է ճաշակել ոչ միայն իբրեւ դեսերտ, այլեւ որպէս սնունդ՝ ըսենք տուրմէ սուսով բադ։ Այցելութիւններու մեծ ցուցանիշ ունին նաեւ Պարսելոնի տուրմի թանգարանը եւ Տուրմեան Գերմանիոյ մէջ։ == Տուրմը Գիտութեան եւ Արուեստի մէջ == Ժամանակին Մոցարթը տուրմը հաւերժացուցած է իր «Cose Fan Tutte» օփերային մէջ։ 1999–ին Իտալիոյ մէջ, կազմակերպուեցաւ փառատոն, որ ժամանակ նկարիչները լուրջ գործեր կը ստեղծէին՝ ներկերու փոխարէն օգտագործելով միայն տուրմ։ Իսկ Սբ.Վալենտինի տօնի առիթով ճապոնացիները 20 ՔԿ.-անոց տուրմէ սալիկի վրայ վերարտադրեցին Ջոկոնդային, որ ի տարբերութիւն օրիգինալի, կը խոստանայ բաւարարել ոչ միայն գեղագիտական ճաշակը։ Ինչկը վերաբերէ տուրմ-գիտութիւն «փոխհարաբերութիւններուն», ապա աշխարհի տարբեր երկրներուն մէջ, այսօր արդէն ապացուցուած կը համարուի այն փաստը, որ քաքաոն ընդհանրապէս կ'երկարացէ կեանքը, իսկ հոլլանտացի գիտնականները կը պնդեն, որ ան առավելագոյնս դրական կ'ազդէ հղի կանանց վրայ։ == Տուրմը եւ Նորաձեւութիւնը == Լուվրի ստորգետեայ առեւտրական ցուցասրահին մէջ «քաղցր օրերու» շրջանակներոնմ կը ցուցադրուին իսկական գլուխգործոցներ, որոնք կը ստեղծեն ֆրանսական տուրմի նորաձեւութեան վարպետները։ Սակայն սրահի ամենավառ իրադարձութիւնը կը համարուի 15յայտնի նորաձեւութեան տուների (Cacharel, Nina Ricci եւ այլն) ստեղծած տուրմէ զգեստներու ցուցադրութիւնը։ Եւրոպացի այս «ձեւագործներուն» ձեռնոց կը նետեն անոնց ամերիկացի պաշտռօնակիցները. 1998 թուականին, Նիւ-Յորքին մէջ, կայացած ցուցադրութիւնը վտանգեց եւրոպացիներու մենաշնորհը, այնտեղ յատկապէս ցնցող Էին տուրմէ կորսետները, զարդերը եւ հարսանեաց զգեստը։ Բայց, ի տարբերութիւն Օլիվյէ Լապիտուսի կամ Ռոպերթօ Կավալլիի, այսօր կայ նաեւ դիզայներմը, որ տուրմի նկատմամբ իր սէրը կ'արտայայտէ անմիջականօրէն։ Պրիտանացի դիզայներ Ջեֆ Բենքսը կը խօստանայ դատարանէն ետ վերցնել «Sinsbury»’s խանութներու ցանցի դէմ հարուցած 15 միլիոն օգնութիւն ստերլինգի հարցը, եթէ ատոր ղեկավարութիւնը համաձայնի իրեն տուրմով ապահովել մինչեւ կեանքի վերջը։ == Սեքսը եւ Տուրմը == Այսօր կարծիք կայ, որ սեռական ուժեղ գրգռիչ հանդիսացող տուրմը կրնայ փոխարինել այդպէս սեքսը. ամենայն դէպս, ամերիկուհիներիու կէսը պատրաստ Է աւելի շուտ հրաժարուած է սեքսէն, քան տուրմէն։ Բացի այս, յայտնի Է, որ Կազանովան ամենուր իր հետ կը տանէր արծաթեայ «տուրմի տուփ», որուն մէջ ըստ անոր՝ կը կայանար իր սիրային յաջողութիւննեուի գաղտնիքը։ Դեռեւս Մադամ Պոմպադուրը՝ Ֆրանսայի թագաւորի հետ առանձնանալէն առաջ նախ՝ «կը համբուրուէր» տուրմի հետ, իսկ մադամ Դիւ Բարին՝ ատով կը կշտանար իր բազմաթիւ ֆաւորիտներուն՝ իր ցանկութիւններուն ամբողջովին համապատասխանելու համար։ Աստիճանաբար ֆրանսական արքունիքին մէջ, ձեռք բերելով «աֆրոդիզիակի» համարին մէջ, հետագային մէջ շիշ մը լաւ գինիի հետ տուրմը դարձաւ ռոմանթիկ երեկոներու անբաժան մասը։ Պատահական չէ, որ ժամանակին ֆրանսացի հրուշակագործ ժակ Բոկելը որոշեց «Կամասուտրայի » մէջ նկարագրուած դիրքերը վերարտադրել այդպէս տուրմէ արձանիկներու միջոցաւ, ան մտահղացման արդյունքը տեսնելու հնարավորություն էր տալիս միայն չափահասներին։ Պատահական չէ նաև, որ մերօրեայ ամենասեքսուալ սեւամորթ կանանց եւս կ'անուանուին «տուրմ»։ == Տուրմը եւ Հայաստանը == «Գրանդ քենդի» ընկերութեան արտադրած 4 տոննա 410 ՔԿ. քաշ, 5600 մմ. երկարութիւն, 2750 մմ .լայնութիւն, 250 մմ . հաստութիւն ցուցանիշով հայկական տուրմէ հսկան 2010-ի՝ Սաեպտեմբեր ամսուան սահմանեց համաշխարհային արձանագրութիւն եւ Գինեսի արձանագրութիւններու գիրքին մէջ գրանցուեցաւ իբրեւ աշխարհի ամենամեծ տուրմէ սալիկը։ == Ծանօթագրութիւններ ==
3,096
Թաբոր Լերան ճակատամարտ
Թաբոր լերան ճակատամարտ (ֆրանսերէն՝ Bataille du Mont-Thabor), ճակատամարտը տեղի ունեցած է 16 ապրիլ 1799-ին Թաբոր լերան ստորոտին ֆրանսական եւ օսմանեան (այսպէս կոչուած «տամասկոսեան բանակ») բանակներու միջեւ։ == Նախապատմութիւն == 19 մարտ 1799-ին ֆրանսացիները Աքքա քաղաքը կը պամարեն: Ըստ Նաբոլէոնի մեմուառներու, դեռ մինչեւ եգիպտական արշաւանքի սկսիլը՝ Բարձր դուռը (մեծ վեզիրի գրասենեակի եւ դիւանատան պաշտօնական անուանումը) ֆրանսացիներու դէմ երկու բանակ պատրաստած էր՝ առաջինը կազմաւորուած էր Հռոդոսի մէջ, իսկ երկրորդը՝ Տամասկոսի մէջ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը 50.000 մարտիկ կը ներառէր։ Բանակները յունիս 1799-ին պէտք է միառժամանակ դէպի Եգիպտոս շարժուէին։ Ֆրանսական զօրքերու Սուրիա ներխուժելէ ետք, թուրքերու մտադրութիւնները փոխուեցան՝ տամասկոսեան բանակը պէտք է Հորդանան գետը անցնէր հռոդոսեան բանակի Աքքա հասնելուն պես։ Սակայն Ահմէտ-փաշան վախնալով, Աքքան Տամասկոսի փաշաին հրամայեց առանց հռոդոսեան բանակի տեղ հասնելուն սպասելու կտրել ֆրանսացիներու սնուցումը Եգիպտոսէն։ Փաշայի բանակը Հորդանանը անցաւ, իր ազդեցութեան տակ դրուեցաւ Յակոբի գետանցը, բանակի մէկ մասը պաշարեց Սաֆէդ բերդը, փաշայի որդին ճամբարէն գետի աջ ափին, իսկ փաշան 25,000-անոց բանակով գետանցը կը հսկէր ձախ ափէն։ Մեծաւոր Մուրատը ընդամէնը 1000 հոգիէ բաղկացած շարասիւնով Սաֆատի պաշարումէն դուրս կը բերէ Սաֆատը, Յակոբի գետանցը կը վերադարձնէ կը յաղթէ փաշայի որդիի զօրքերուն, Տիբերիան կը գրաւէ։ Մուրատ կը յաջողի նաեւ սննդամթերքի հարուստ պահեստներու միանալ։ Իսկ Նազարէթի մէջ գտնուող զօրավար Ժիւնոն իր հետ 400 զինուոր վերձնելով Աբդուլլահ-փաշայի Հորդանանը անցած 3000-անոց զօրքերուն կը դիմաւորէ եւ անոնց Հանանի դաշտին մէջ կը կանգնեցնէ։ 11 ապրիլ-ին անոր օգնութեան կը հասնի զօրավար Կլեբեռը 2500 զինուորի ուղեկցութեամբ։ Փաշայի զօրքերը այդ ժամանակ արդէն համալրուած էին 4000 մարտիկով։ Նոյն օրը Կլեբեռը Լուբիայի բարձրունքին դիքաւորուելով կը ջարդէ թշնամիին։ 12 ապրիլ-ին Կլեբեռը վախնալով կռուիլէն, Աքքայի մէջ Նազարեթ կը նահանջէ: Ան թոյլ տուաւ Աբդուլլահին միաւորելու համար իր բանակի մնացորդները եւ ճամբարել Իզրեելի դաշտին մէջ, իսկ նաբլուսսեան բաժինի հետ միաւորուելէ ետք անոր բանակի քանակը 24 հազարի կը հասնի։ Սակայն այս դիրքը կը զրկէր իր բանակին Տամասկոսի հետ անմիջական կապէն։ Կլեբեռ իր բաժինով մտադրած էր անցնիլ Հորդանանը եւ թշնամիի արանքով, այսպիսով զօրավարը հակառակորդին Տամասկոսէն կը կտրէ, իսկ կէսօրը անց ժամը 2-ին կը մտադրէր գրոհել թուրքերու ճամբարը։ Նաբոլէոն Կլեբեռէն ստացած նամակին մէջ կը տեսնէ վերջինիս մտադրութեան թերութիւնները (հակառակորդը այդ ժամանակ արէն այլ մարտական դիրք կ՛օգտագործէր, տեղանքը բաւականաչափ հետազօտուած չէր, իսկ թշնամիին անակնկալի բերելու յոյսերը հիմնաւորուած չէին)։ Կլեբեռի բաժինը սպառնացող վտանգը կրնար ճակատագրական դառնալ ամբողջ ֆրանսական բանակի համար։ Այդիսկ պատճառով Նաբոլէոն որոշեց 15 ապդրիլ-ի կէսորին օգնութեան հասնիլ Կլեբեռին, ան իր հետ ամբողջ հեծելազօրը կը տանի, Լուի Պոնի հրետանային բաժինը եւ պահեստազօրի մարտկոցը։ == Մարտի ընթացքը == 16 ապրիլ-ին առաւօտեան ժամը 7-ին, Կլեբեռը հակառակորդի ճամբարին մօտեցաւ։ Անակնկալ գրոհ չյաջողեցաւ՝ թուրքերու առաջնագիծը ոչընչացուեցաւ, սակայն ճամբարին տագնապ յայտարարուեցաւ, իսկ Կլեբեռի ջոկատը Թաբոր լեռրան լանջերուն շրջապատեց։ Թշնամիի հեծելազօրին դիմակայելու նպատակով, ֆրանսացիները վերադասաւորուեցան կառէներու (քառակուսաձեւ երկշարք դասաւորուածութիւն, որու ընթացքին առաջին շարքի զինուորները ծնկած վիճակի մէջ հրացանները կը պարզեն, իսկ երկրորդ շարքի զինուորները կանգնած վիճակի մէջ թշնամիին կը կրակեն, հատկապէս արդիւնավէտ է հեծելազօրի դէմ)։ Դաժան մարտը շարունակուեցաւ գրեթէ ամբողջ օրուայ ընթացքին, կէսօրէ անց ժամը 4-ին ֆրանսացիներու մօտ զինամթերքի խիստ պակաս նկատուեցաւ, իսկ Կլեբեռը հրամայեց վերադասաւորել շարասեան եւ օղակէն դուրս գալ։ Այդ ժամանակ հիւսիսի մէջ Նաբոլէոնը նկատուեցաւ, որ մէկ օրուայ ընթացքին 25 մղոն ճանապարհ անցաւ։ Իզրեելի դաշտը պատուած էր 6 ֆուտի հասնող բարձր տարեկանով, այսպիսով Նաբոլէոն յաջողեցաւ աննկատ մօտենալ եւ շրջապատել թշնամիին։ 300 հոգինոց ջոկատը անակնկալ թուրքերու ջոկատի վրայ յարձակեցաւ, թալանեց ճամբարը, գերեվարեց թուրքերուն եւ այրեց վրանները։ Ֆրանսական ջոկատներու զուգահեռ գրոհէն եւ միաւորուելէ ետք թրքական բանակը փախուստի մատնեց։ == Հետեւանքներ == Թուրքերը քանի հազար զինուորի կորսնցուցին ինչպէս նաեւ քանի մը հարիւր զինուոր գերեւարուեցան։ Կլեբեռը 250-300 զինուոր կորսնցուց, իսկ Նաբոլէոնը՝ 4։ 17 ապրիլ-ին Կլեբեռը տամասկոսեան բանակի մնացորդներուն կը հետպնդէր։ Այսպիսով փոքրաթիւ ուժերու գնով յաջողուեցաւ նեյտրալիզացնել տամասկոսեան բանակը։ Ֆրանսացիները իրական հնարաւորութիւն ստացան Տամասկոսը գրաւելու համար, որ միայն կայազօրը կը պաշտպանէր, սակայն Նաբոլէոն կրնար միայն Կլեբեռի բաժինը տրամադրել, որովհետեւ մնացած զօրքերը անոր անհրաժեշտ էին Աքքայի մէջ պաշարումը շարունակելու համար։ Նաբոլէոն Դահերու շէյխէն ինչպէս նաեւ դրուզերու եւ մորոնեաններու առաջնորդներէն զօրքեր խնդրեց, սակայն վերջիններէն զօրքեր հաւաքելու համար շատ ժամանակ պահանջուեցաւ եւ անոնք հրաժարեցան ֆրանսացիներուն օգնելէ, Նապլուս չյարձակելու պայմանով, ֆրանսացիներուն գերեւարուած ֆրանսացիները վերադարձուց՝ փրկուելով կործանումէն, իսկ Կլեբեռը հրաման ստացաւ Հորդանանը անցնիլ եւ գետանցը վերահսկել։ == Ծանօթագրութիւններ == == Գրականութիւն == Smith, D. The Greenhill Napoleonic Wars Data Book. Greenhill Books, 1998.
5,431
Պաաս կուսակցութիւն
Կաղապար:Տեղեկաքարտ կուսակցություն Արաբական Ընկերվարական Պաաս Կուսակցութիւն (ԱԸՊԿ, արաբերէն՝ حزب البعث العربي الاشتراكي, Hizb Al-Ba'ath Al-'Arabi Al-Ishtiraki, Պաաս կը նշանակէ «վերածնունդ», «վերականգնում», «Արաբական Ընկերվարական Վերածնունդի Կուսակցութիւն») - քաղաքական կուսակցութիւն՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։ Հիմնուած է 7 Ապրիլ 1947-ին, Դամասկոսի մէջ, Միշէլ Աֆլաքի եւ Սալահ էտ-Տին Ալ-Պիթարի կողմէն եւ սկզբնական շրջանին կոչուած է Արաբական Վերածնունդի Կուսակցութիւն։ 1954-էն սկսեալ, Աքրամ Հուրանիի Արաբական Ընկերվարական Կուսակցութեան հետ միանալէ ետք, կը կրէ ներկայ անունը։ Հիմնական գաղափարախօսութիւնն է՝ «պաասականութիւն» (պաասիզմ), բանարաբականութիւն (բանարապիզմ), արաբական ազգայնականութեան, արաբական ընկերվարութեան (սոցիալիզմի) եւ հակակայսերապաշտութեան (հակաիմբերիալիզմի) տարրերով։ Հիմնական նպատակը ընկերվարութեան եւ արաբներու միութեան ստեղծումն է։ Կարգախօսը՝ «Միութիւն, Ազատութիւն, Ընկերվարութիւն»։ 1966-ին կուսակցութիւնը կը բաժնուի երկու ճիւղերու՝ սուրիական եւ իրաքեան։ Ներկայիս սուրիական ճիւղը կը մնայ իշխանութեան գլուխ Սուրիոյ մէջ՝ Պաշշար Ալ-Ասատի գլխաւորութեամբ։ 1968-2003 թուականներ, իրաքեան ճիւղը Սատտամ Հիւսէյնի գլխաւորութեամբ կառավարած է Իրաքը, սակայն 1 Մայիս 2003-ին, Իրաքի պատերազմէն ետք պաշտօնապէս լուծարքի ենթարկուած է, բայց կը շարունակէ իր ընդյատակեայ գործունէութիւն շարունակել՝ Իզզադ Իպրահիմ Ատ-Տուրիի ղեկավարութեամբ։ Կուսակցութեան երկու ճիւղերը կը գործեն նաեւ արաբական այլ երկիրներու մէջ ինչպէս՝ Եմեն, Լիբանան, Պաղեստին եւ այլուր, սակայն քաղաքական իշխանութիւն չեն ներկայացնէր։ == Արտաքին յղումներ == Պաաս կուսակցութեան Ազգային ղեկավարութեան կայք (Ս. Հուսեյն)(արաբ.) Պաաս կուսակցութեան կայք (Պաշշար Ալ-Ասատ)(արաբ.)
2,554
Գիւղացիներու Արշաւանք
Գիւղական խաչակրաց արշաւանք, Խաչակիրներու Առաջին Արշաւանքի առաջին փուլ։ Մօտ 6 ամիս տեւած է՝ ապրիլ 1096–էն մինչեւ հոկտեմբեր 1096։ Հասարակ գիւղացիներու բանակը, որ գլխաւորուած էր Պետրոս Ճգնաւորի ու Վալտեր Գոլեակի կողմէ, գործնականօրէն ամբողջապէս ջախջախուած են Իկոնիոյ սուլթան Կիլիջ Արսլան I-ի գլխաւորած, քանակով գերակշռող եւ լաւ զինուած սելճուքներու բանակէն։ Գիւղական խաչակրաց արշաւանքը յայտնի էր նաև որպէս Ժողովրդական խաչակրաց արշաւանք կամ Աղքատութեան խաչակրաց արշաւանք: == Արշաւանքի սկիզբ == Հռոմի պապ Ուրբանոս II-ը յոյս ունէր, որ Խաչակիրներու Առաջին Արշաւանքը կը սկսի 15 օգոստոս 1096–ին (Աստուածածնի Վերափոխման Տօն), բայց գիւղացիներու եւ աղքատ ասպետներու ամբոխները իրենց սեփական նախաձեռնութեամբ դէպի Երուսաղէմ շարժեցան անոնցմէ քանի մը ամիս առաջ։ Խաչակրաց արշաւանքներուն նախորդող տարիներուն Եւրոպան կը տառապէր երաշտէ, սովէ ու ժանտախտէ: Բնակչութիւնը աղքատացած էր, այդ պատճառով խաչակրաց արշաւանքը շատերուն իրենց դրամական վիճակը վերականգնելու միջոց կը թուէր։ Բացի անոնցմէ, 1095–ի բնական երեւոյթները (լուսնի խաւարում, օդաքարային անձրեւ եւ այլն) որպէս Աստուծոյ կողմէ օրհնութիւն էին կարծէս արշաւանքի համար։ Խաչակրաց արշաւանքի գաղափարը այնքան յայտնի դարձաւ, որուն իբրեւեւ արդիւնք, տարբեր աղբիւրներու համաձայն, այնտեղ ուղեւորուեցաւ 100-300 հազար մարդ, որոնց մէջ կային նաեւ կանայք եւ երեխաներ, մեծամասնութեամբ հասարակ մարդիկ: Շարժման հոգեւոր առաջնորդ դարձաւ միաբան Պետրոս Ամյենցին, որ «Ճգնաւոր» կոչուած էր։ Ցնցոտիներով, էշի վրայ նստած շրջելով՝ ան խաչակրաց արշաւանքը կ՛աւետէր Հյիւսիսային Ֆրանսայի եւ Ֆլանդրիայի մէջ։ Շատերը անոր կը հաւատային որպէս Աստուծոյ մարգարէ։ Պետրոսը կը պնդէր, որ աւետելը անոր տրուած է Քրիստոսի կողմէն եւ այն յղումը ցոյց կու տար, որ իբրեւեւ թէ այդ մէկը ապացուցում է։ Անոնց կողմէն հաւաքած բանակի մեծ մասը անգրագէտներու, հանցագործներու ամբոխ էր, եւ անոնք ցանկացած մեծ քաղաք կ՛ընդունեն որպէս Երուսաղէմ։ Բայց արշաւանքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին նաեւ անկեղծ ուխտաւորները, որոնք ոչ մէկ շահ չէին հետապնդեր, այլ կը ցանկային գոհացնել զԱստուած։ Այդ առաջին խաչակիրներու խումբերը իրենց հետ չէին վերցուցած ո'չ պաշարներ, ո'չ ալ գումակ եւ ոչ մէկ կարգապահութիւն չէին գիտեր։ Զօրքի առաջապահ ջոկատին մէջ, որ գլխաւորուած էր Վալտեր Գոլեակի կողմէ, կար ընդամէնը ութ ձիաւոր։ Խաչակիրները դէպի Արեւելք կը շարժէին` ճամբուն ընթացքին ողորմութիւն հաւաքելով, թալանելով, գողութիւնով, սպաննելով եւ բռնութիւններ կիրառելով: Ըստ որոշ պատմիչներու, այս կերպ Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցին դիտմամբ պլանաւորածեւ իրականացուած է «աւելորդ բերաններու» ոչնչացումը. Կոստանդնուպոլիս հասած է խաչակիրներու կէսէն ոչ աւելին։ == Հրէաների ջարդ == «Աղքատութեան» խաչակիրներու յարձակմանը առաջինը ենթարկուեցան եւրոպաբնակ հրէաները, թէեւ անոնք քաղաքներու պաշտպանութեան համար եպիսկոպոսներուն մեծ գումար վճարած էին։ Պետրոս Ամյենցու հետեւորդները հրէական ջարդեր կազմակերպեցին Ռուանի եւ Քյոլնի մէջ. այս քաղաքին մէջ ալ արշաւանքը սկսաւ։ Հրէաները տեսնելով, որ խաչակիրները նոյնիսկ երեխաներուն չեն խնայեր, Մայնց քաղաքին մէջ զանգուածային ինքնասպանութիւն կատարեցաին՝ նույնիսկ ծծկերներուն սպաննելով, կամ ալ ստիպելով անոնց կրօնափոխ ըլլալ եւ քրիստոնեայ դառնալ: Նոյն ճակատագրէն չխուսափեցան նաեւ Մոզել, Տրիր, Շպայէր եւ Վորմս քաղաքները։ == Հետագայ իրադարձութիւններ == Առաջինը Հունգարիոյ թագաւորութեան մօտեցաւ Վալտեր Գոլեակի անջատ անջատ ջոկատը։ Հունգարիոյ թագաւոր Կալման I Գրքասերը գիւղացիներու բանակին սպասելով՝ զօրքերը սահմաններ հանեց։ Կալմանը թոյլ տուցաւ խաչակիրներուն իր տարածքներով անցնիլ եւ նոյնիսկ խոստացաւ երբեմն անոնց պարէն ապահովելով, եթէ անոնք կարգ ու կանոնը պահպանեն։ Բայց Չեխիոյ իշխան Բրժետիսլաւ II ջախջախեց տեղանքը աւիրած դուքս Էմիգո Լեյնինգենի զօրքերը, եւ այդ լուրը արշաւանքի միւս մասնակիցներուն հասաւ։ Պայմանագիրը խախտելով՝ չքաւորները սկսան իրենց սովորական գործով զբաղիլ՝ թալանով։ Արդիւնքը այն էր հունգարական զօրքերու հետ բախման համար զօրքէն մնաց ընդամենը քանի մը հարիւր մարդ, որոնք Կոստանդնուպոլիս հասան դժուարութեամբ։ Հետագային, հետեւելով կարգ ու կանոնին՝ նոյն այս ճանապարհով անցան Պետրոս Ամյենցու աղքատները։ == Կոստանդնուպոլիս == 1096–ի աշնան, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ մօտ 180 000 մարդ հաւաքուեցաւ։ Երկար թափառումներէ չարացած եւ ուժասպառ խաչակիրներու այս «բանակը» Բիւզանդիոնի կայսեր Ալեքսիոս Կոմնենոսի համար վտանգաւոր կը դառնար։ Մասնագիտական բանակի փոխարէն Կոմնենոսը սովեալներու բազմութիւնը տեսաւ եւ այդ մէկը որպէս ծաղրանք համարեց, Պապի կողմէն, հասկանալով, որ նմանատիպ զօրքերը ի վիճակի չեն կռիւ բանալու լաւ զինուած մուսուլմաններու հետ։ Սանձարձակ ուխտաւորները, իրենց ժամանման պահէն սկսած, քանի մը շաբաթուայ ընթացքին տասնեակ տուներ թալանեցին եւ աւերեցին, քանի մը դղեակներ, հարիւրաւոր առեւտրական կրկպակներ եւ նոյնիսկ եկեղեցիներ, թէեւ յոյները անոնց սնունդ կը մատակարարէին եւ կացարան տրամադրում՝ անոնց յայտնուելէ ետք այս ու այն կողմ չփախչելով։ Սկզբը Ալեքսիոսը կը համոզէր Ճգնաւորին՝ սպասել խաչակիր-ասպետներուն Փոքր Ասիոյ մէջ, սակայն եկւորներու հանդուգն արարքը հնարաւորինս ստիպեց շուտ ազատիլ անոնցմէ։ == Արշաւանքի վերջ == Բիւզանդական նաւատորմը քրիստոնեայ աշխարհազօրայիններուն Ոոսփորի միջով ուղարկեց, ուր անոնք ճամբար հարուածեցին Ցիվիտոտի մօտակայքը։ «Չքաւորները» կարգապահութիւն չէին ցուցադրեր, եւ Պետրոս Ճգնաւորի խորհուրդներուն հակառակ, գիւղացիներու ջոկատները ինքնակամ սկսան ցրուել սելճուքներու տարածքներով։ Գիւղացիներէն թիւով ամենաշատը Ռենո Դե Բրեյի գլխաւորութեամբ դէպի Սելճուքեան պետութեան մայրաքաղաք Նիկեա շարժեցաւ, ճամբուն ընթացքին գրաւելով թոյլ եւ սակաւաթիւ կայազօրով հսկող թրքական Խերիգորդոն ամրոցը: Սակայն Կիլիջ Արսլան I-ը ամրոցը անջատեց ջուրի աղբիւրներէն, եւ անոնք շուտով ստիպուած յանձնուեցան։ Այնուհետեւ սուլթանը լրտեսներ ուղարկեց Ցիւիտոտի ճամբար՝ լուրեր տարածելու, թէ իբրեւ ֆրանկները Նիկէան գրաւած են: Խաչակիրները դուրս եկան եւ դէպի նիկէեան ճամբան շարժեցան։ 21 Հոկտեմբերին Նիկէայի եւ Դրակոն բնակավայրի միջեւ ինկած նեղ մարգագետնի վրայ անոնք թուրքերու լարած ծուղակը ինկան եւ գլխովին ջախջախուեցան. մօտ 25 000 գիւղացի-խաչակիրներ զոհուեցան: Վալտեր Գոլեակի դիակը աւելի ուշ գտնուեցաւ։ Մուսուլմանները անոր մարմինի մէջ եօթը նետ խրած էին։ Պետրոս Ամյենցուն յաջողեցաւ Կոստանդնուպոլիս վերադառնալ: == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Жозеф Мишо. История крестовых походов Ф. И. Успенский. История крестовых походов Заборов Михаил Абрамович. Крестоносцы на Востоке. М.: Главная редакция восточной литературы изд-ва «Наука». 1980. — 320 с. «История средних веков»: Учебник для студентов ист. фак. пед. ин-тов. — М.: Просвещение, 1980. — 576 с., ил.
18,191
Սուրբ Նիկողայոս վանք
Սուրբ Նիկողայոս վանք, Վանք Հայոց Սուրբ Նիկողայոսի (եբր.՝ מנזר ניקולאס הקדוש‎), միջնադարեան հայկական վանք Եաֆֆայի հին քաղաքին մէջ (Իսրայէլ), Միջերկրական ծովի ափին։ Վանքը կը գտնուի ՀԱԵ Երուսաղէմի պատրիարքութեան իրաւասության ներքոյ, որն ալ վարձուած է համալիրի մէկ հատուածը բնակեցման եւ արեւտրական նպատակներով։ Վանքի համալիրը կազմուած է մեծ բազմասենեակ համալիրէ։ Համալիրի մէջ կը գտնուի Անթուան Ժան Կրոյի «Նափոլէոնը ժանտախտով հիւանդներու քով Եաֆֆայի մէջ» կտաւը (բնօրինակը կը գտնուի Լուվրի մէջ), ուր եկեղեցւոյ բակին մէջ պատկերուած է Նափոլէոն Պոնափարթն իր հիւանդ զինուորներուն այցելութեան ժամանակ: == Պատմութիւն == Վանքը հիմնադրուեր է մեր թուականի 1000 թուականէն առաջ եւ կոչուեր է զինուորներու հովանաւոր Սուրբ Նիքոլասի անունով: Դարեր շարունակ եկեղեցին ապաստան հանդիսացեր է ուխտագնացներու եւ նաւաստիներու համար, որոնք ճամբորդութեան ժամանակ փորձեր են հանգրուան գտնել: 18-րդ դարուն վանքը ընդարձակուեր եւ ամրակառուցուեր է: Նափոլէոն Պոնափարթի Եգիպտական արշաւանքի ժամանակ ֆրանսական բանակը վանքի մէջ գտնուող հայ քահանաներէն օգնութիւն խնդրեր է: Կրօնաւորները որոշ զինուորներու բուժելու համար գաղտնի դեղամիջոցներ օգտագործեր են: Նափոլէոնը անձամբ շնորհակալութիւն յայտներ է հայ պատրիարքին եւ անոր նուիրեր իր վրանն ու սուրը: Նափոլէոնի վանք կատարած այցելությիւնը պատկերած է ֆրանսացի նկարիչ Անթուան Ժան Կրոն «Նափոլէոնը ժանտախտով հիւանդներու քով Եաֆֆայի մէջ» կտաւի վրայ: == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ == == Տե՛ս նաեւ == Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւն Նափոլէոնը ժանտախտով հիւանդներու մօտ Եաֆֆայի մէջ
1,552
Ակոբ Ակոբով
Ակոբ Ակոբով (15 Մայիս 1905(1905-05-15), Սլիվեն, Պուլկարիա - 12 Մայիս 1983(1983-05-12), Դենվիլ, Նյու Ջերսի, Մորիս շրջան, Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ քանդակագործ, արձանագործ եւ մետալագործ։ == Կենսագրութիւն == Ծնած 1904-ին Սլիվէնի (Պուլկարիա) մէջ ու յետոյ Վառնա հաստատուած ուր կը հետեւի պետական կիմնազիոնին եւ յետոյ կ'անցնի Ռումանիա, Հռոմ եւ Փարիզ հետեւելու համար արձանագործութեան եւ նկարչութեան: 1929-ին կը մեկնի Ամերիկա եւ կ'ընդունուի Նիւ Եորքի Գեղարուեստական Ակադեմիոյ մէջ, նշանաւոր փրոֆ. Ջարլս Քէքի մօտ: Լաւագոյն վկայականով կ'աւարտէ Ակադեմեան 1931-ին եւ փրոֆ. Քէքի օգնական կը նշանակուի Ակոբ Ակոբովի ամէնէն կարեւոր ստեղծագործութիւններն են` «Սեւ կալանաւորը Արուեստը եւ մահը», «Ակադեմիան»: Ակոբ Ակոբով դեռ Ամերիկա չգացած` Ռումանիոյ նախարարապետ Աւերեսքուի կիսանդրին շինած է, որ նախարարապետական պաշտօնական մէջ զետեղուած է: Ամերիկայի մէջ 1935-1936 տարիներու ընթացքին Ակոբով Ակոբ շինած բազմաթիւ կիսանդրիներէն նշանաւոր են նաեւ Ֆիրտուսիի, Ուիլ Րաճըրսի (տաղանդաւոր երգիծաբան) նաեւ հայ անձնաւորութեանց կիսանդրիները: Երիտասարդ արուեստագէտը մեծ ապագայ կը խոստանայ. ո՛չ թէ միայն Հայազգը այլեւ Պուլկարները կը պարծին իրմով: Ակոբով Ս. երկրորդ քարտուղար Խորհուրդային Հայաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի, շնորհազուրկ եղած 1937-ին։ == Աղբիւրներ == Հայ Հանրագիտակ, Հ․ Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, Պուքրէշ 1938, Էջ 32:
20,560
Նոնա Գաբրիէլեան
Նոնա Գաբրիէլեան (ծնած 27 Յունուար 1944(1944-01-27), Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն) Հայ արուեստագէտ եւ գանդակարգործ մըն է: == Կենսագրութիւն == Գաբրիէլեան ծնած է 1944 թուականին, Թիֆլիս, Վրաստան: 1968 թուականին, ան աւարտեց Երեւանի Թատրոնի եւ Կինոյի Պետական Ինստիտուտէն: 1971 թուականէն ի վեր, ան Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան անդամ, ինչպէս նաեւ ԽԸՀՄի Նկարիչներու Միութեան անդամ: 1995 թուականէն ի վեր, Գաբրիէլեան կը դասաւանէ գծագրութիւն Art Atelier N&V աշխատանոցէն ներս, Վիսպատըն, Գերմանիա: 2004 թուականէն ի վեր ան դասատու է VHS Ազգային Երկրորդական Վարժարանէն ներս, Վիսպատըն, Գերմանիա: == Անձնական կեանք == Գաբրիէլեան ամուսնացած է արուեստագէտ Վան Սողոմոնեանի հետ, եւ ունին մէկ դուստր՝ արուէստագէտ Լիլիթ Սողոմոնեան եւ մէկ թոռնիկ՝ Կի Ղազանչեան, ով նաեւ գծագրիչ եւ գանդակագործ է: == Ցուցահանդէսներ == === Առանցին ցուցահանդէսներ === 2016 "Between Heaven and Earth", Museum of Modern Art, Երեւան, Հայաստան 2015 Art from Eastern Europe, Ուալաու, Գերմանիա 2013 "Eastern European painting", Main-Taunus-Gallery, Հոշհայմ, Գերմանիա 2012 "World in Colors", Kurhaus Christian-Zais Hall, Վիսպատըն, Գերմանիա 2011 Hofheim Town Hall, Chinonplatz, Wallauer Fachwerk Kulturkreis, Գերմանիա 2011, 2005, 1996, 1998 Kurhaus, Christian-Tsays-Hall, Վիսպատըն, Գերմանիա 2009 "The Road to Light", Christian-Tsays-Hall, Վիսպատըն, Գերմանիա 2008 National Gallery of Armenia, Երեւան 2006 "Painting Graphics" Haus der Heimat, Վիսպատըն, Գերմանիա 2003 "The colour of the form" The City Gallery of Bergheim, Գերմանիա 2002 The City Gallery "Salz Tour", "Easel Pottery" Հալլը, Գերմանիա 2001 Kurhaus, Colonnade, Վիսպատըն, Գերմանիա 2000 "Modern Art of Armenia", Old City Hall, Ֆիւրսթընուալտ, Գերմանիա 1999 Gallery Art Present, Փարիզ, Ֆրանսա 1999 Cité internationale des arts, Փարիզ, Ֆրանսա 1998 "Route" Municipal Gallery, Ուալուֆ, Գերմանիա 1997 GRS-center, Քէոլն, Գերմանիա 1997 City Gallery, Պըրկհայմ, Germany 1995 "Ceramic plastic from Armenia", City Gallery, Halle-Saale, Գերմանիա 1994 "Plastic - Painting - Graphics" Museum of Ceramics, Ֆրէքըն, Գերմանիա 1993 Plastic - Painting – Graphics, Museum of Ceramics, Ֆրէքըն, Գերմանիա 1992 Editorial board of "Arvest" magazine, Երեւան, Հայաստան 1986 "Masters of Fine Arts of Armenia" Permanent Mission of the Armenian SSR, Մոսկուա 1980 The Museum of Modern Art, Երեւան, Հայաստան === Համաժողովներ === 1974, 1976, 1983 International Symposium of Ceramics, House of Creativity of Artists Dzintari, Լաթվիա === Խմբային ցուցահանդէսներ === 2004, 2007 "1+14" Haus der Heimat, Վիսպատըն, Գերմանիա 1999, 1994 MIASTO IV, II International Ceramic Biennial "KERAMOS" International Ceramics, Design Center Warsaw, Լեհաստան 1995 "Plastic" Kreishaus, Պըրկհայմ, Գերմանիա 1993 "Painting and Graphics" Goethe Institute, Ֆրանքֆըրթ, Գերմանիա 1992 "Color of Armenia", Haus der Heimat, Վիսպատըն, Գերմանիա 1987 "Art of Armenia" Փրակ, Ուօրսօ, Պուտափեշթ 1986 "Armenian Art", Leningrad Academy of Arts, ԽԸՀՄ 1985 Soviet Decorative Art, Պերլին, Գերմանիա 1984 Modern Ceramics of the USSR, Գերմանիա 1983, 1973 "Armenian Art", Artists‘ Union, the USSR, Մոսկուա 1982 40Della CERAMICA D’ARTE Ceramics International Competition, Ֆայենզա, Իտալիա 1980 International Biennale De Ceramique D’ART Ceramics International Competition, Ֆալողիս, Ֆրանսա, Diploma 1980 38 Della CERAMICA D'ARTE International Ceramics Competition, Ֆայենզա, Իտալիա 1978 International Biennale de Céramique d'Art, international ceramics competition Ֆալողիս, Ֆրանսա 1971 "Armenian Art", Մոնրէալ, Քանատա 1968 The exhibition of the best diploma theses, Leningrad Academy of Arts, ԽԸՀՄ == Հաւաքածոներ == Museum of Modern Art Yerevan, Հայաստան National Gallery of Armenia, Երեւան State Museum of Oriental Art, Մոսկուա Ethnography Museum in Sardarapat, Հայաստան "Keramion" Frechen, Հոլլանտա == Քաթալոկներ == 1983 Nona Gabrielyan’s ceramics 2007 Album "Plastics, Art, Poetry" == Գրական գործեր == 2003 The collection of poems "Fossils of Heavens" (Ռուսերէն). 2005 Collection of poems "The Touch" (Ռուսերէն) 2006 Russian-German collection of poems "Ins Nirgendwo" (From Nowhere) 2011 Russian-Armenian collection of poems "Color of the Word" 2013 Essay "Tender Clouds of Sadness" (Ռուսերէն). 2017 Fictional and non-fictional stories "The Magic of Solitude" (Ռուսերէն). == Ցուցասրահ == Գծագրութիւններ Գանդակներ == Ծանօթագրութիւններ ==
17,885
Յովհաննէս Տէվէճեան
Յովհաննէս Տէվէճեան (Արմէն Սեւան, 15 Յունուար 1892(1892-01-15), Մաշկերտ, Ակն, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 4 Մայիս 1976(1976-05-04), Պուէնոս Այրես, Արժանթին), հասարակական-քաղաքական գործիչ, գրող, լրագրող, մանկավարժ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ։ Հրանդ Տէվէճեանի եղբայրը։ == կենսագրութիւն == Յովհաննէս Տէվէճեան ծնած է Մաշկերտ (Արաբկիր)։ 1903 թուականին ընտանիքի հետ տեղափոխուած է Հալէպ: 1907-1911 տարիներուն երկրորդական ուսումը ստացած է մանկավարժ Ռէթէոս Պէրպէրեանի Կ. Պոլսոյ մէջ հիմնած Պէրպէրեան վարժարանին մէջ: 1911-1914 տարիներուն հետեւած է Կ. Պոլսոյ Իրաւաբանութեան պետական համալսարանի դասընթացներուն: Երբ 1914-ին կը պայթի Ա. Համաշխարհային պատերազմը, խուսափելու համար թուրք բանակին մէջ զինուորագրուելէ, կ՛անցնի Պուլկարիա եւ անոր հայաշատ Փլովտիւ քաղաքը կը հաստատուի եւ կը զբաղի ուսուցչութեամբ: 1918-ին, Հայաստանի անկախութենէն ետք, կը հաստատուի Երեւան եւ մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը՝ կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի քարտուղարի պաշտօնը: Հայաստանի խորհրդայնացումէն (2 Դեկտեմբեր 1920) ետք, 18 Փետրուար 1921-ին, ի հետեւումն ապստամբութեան հետեւանքով կազմուած Փրկութեան կոմիտէի քարտուղարի պաշտօնը կը ստանձնէ, եղած է Լեռնահայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան եւ կրթութեան նախարար: Այնուհետեւ, 1922-ին ողջ մնացած իր գաղափարակից ընկերներուն հետ կ՛անցնի արտասահման եւ կը վերադառնայ Պուլկարիա: Բ. Համաշխարհային պատերազմի (1939-1945) վերջաւորութեան, երբ խորհրդային բանակը կը ներխուժէ Պուլկարիա եւ Ռումանիա, Յովհաննէս Տէվէճեան, իր գաղափարակից ընկերներուն նման, կը ձերբակալուի եւ կը քշուի Խորհրդային Միութեան աքսորավայրերը: Յ. Տէվէճեանն ու Նժդեհը եղած են գաղափարական ընկերներ, յետոյ յայտնուած են նոյն բանտախցիկը, միասին ճաշակած են խորհրդային վարչակարգի, յատկապէս՝ ստալինեան բռնատիրութեան շրջանի դառնութիւնները: Երբ 1953ին կը մեռնի Ստալինը, ողջ մնացած քաղաքական բանտարկեալները 1955-ին ներման կ՛արժանանան եւ կ՛ուղարկուին իրենց բնակավայրերը: Յովհաննէս Տէվէճեանը տեղեկանալով, որ 1948-ին իր ընտանիքի անդամներ գաղթած են Հարաւային Ամերիկա եւ հաստատուած՝ Արժանթին, 1956-ին կը մեկնի հոն, կը միանայ անոնց, ուր եւ կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ Արմէն Սեւան ծածկանունով: Տէվէճեանը խմբագրած է քանի մը թերթեր Սոֆիայի մէջ՝ «Հայաստան» (1918) եւ «Արաքս» (1925-1934), Պուքրէշի մէջ՝ «Արազ» շաբաթաթերթը՝ Յակոբ Սիրունիի հետ, եւ այլն, բանտէն ազատելէ ետք՝ «Արմենիա» օրաթերթը (Պուէնոս Այրէս): Մահացած է 1976 Մայիսին, Պուէնոս Այրէս: == Երկեր == «Նահատակ գրողներ», Սոֆիա, 1931: «Երգեր բանտէն», Պուէնոս Այրէս, 1959: «Նահատակ գրագէտներ», Պուէնոս Այրէս, 1961։ «Բանտարկեալի մը յուշերը․ Տառապանքի տարիներ Գ. Նժդեհի հետ», Պուէնոս Այրէս, 1970։ «Վերջալոյսի տաղեր», Պուէնոս Այրէս, 1972: «Կեանք եւ երազ», Պուէնոս Այրէս, 1973: == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Տէվէճեան ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ THE DEVEJIAN BROTHERS
7,025
Հայ Երեխաներու Փոխադրումը Օսմանեան Թուրքիայէն
Հայ երեխաներու բռնագաղթը Օսմանեան Թուրքիայէն, 1914-1922-ականներու Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով որբացած երեխաներու բռնագաղթն է Օսմանեան Թուրքիայի տարածքէն՝ հայկական միութիւններու, եկեղեցական կառոյցներու, օտարերկրեայ նպաստամատոյց կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ։ == Նախապայմաններ == Մեծ Եղեռնի ժամանակ մօտ 500000 հայ երեխաներ սպաննուեցան՝ ողջակիզուեցան, թունաւորուեցան, խեղդամահ եղան, մահացան սովէն, տարբեր համաճարակային հիւանդութիւններէ։ Ողջ մնացած երեխաներու մէկ մասը իսլամացուեցաւ։ Ողջ մնացածները վերահաս մահէն փրկելու, անոնց ֆիզիկական անվտանգութիւնը, կեցութիւնն ու ազգային դաստիարակութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ էր զանոնք դուրս հանել Օսմանեան Թուրքիոյ տարածքէն։ == Գաղթը == Կը գաղթեն այն որբերը, որոնք ցեղասպանութեան տարիներուն հաւաքագրած էին անմարդաբնակ վայրերէ (անապատներ, անտառներ), փողոցներէ, ուր անոնք կը զբաղէին մուրացկանութեամբ, իսլամադաւան ընտանիքներէ եւ թրքական պետական որբանոցներէ։ Փոխադրուեցան նաեւ ռազմական գործողութիւններու գօտիին մէջ յայտնուած հայ երեխաները, որոնց տարահանումը իրականացաւ ռուս եւ անգլիացի զինուորականներու կողմէ։ == Մուսա լեռ == Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ երեխաներու առաջին լայնածաւալ գաղթը իրականացաւ Մուսա լերան հերոսամարտի ժամանակ։ 1915-ի գարնան երիտթուրքական կառավարութիւնը կը սկսի Արեւմտեան Հայաստանի եւ կայսրութեան միւս շրջաններու հայ բնակչութեան տեղահանութիւնն ու բնաջնջումը։ 30 Յուլիսին նաեւ Սուէտիայի (Հալէպի նահանգ, Անտիոքի գաւառ) վեց հայկական գիւղերու աւելի քան 6000 բնակչութեան գաղթի հրաման կը տրուի։ Հրամանին կ՛ենթարկուի բնակչութեան մէկ փոքր մասը, մնացածը՝ մօտ 5000 սուէտիահայեր բարձրանալով Մուսա լեռը՝ կը դիմեն ինքնապաշտպանութեան, որ կը տեւէ 53 օր։ Ֆրանսական «Գիշէն» ու «Ժաննա տ’Արկ» նաւերը օգնութեան կը հասնին եւ 13-15 Սեպտեմբերին 4058 հոգի Մուսա լեռէն կ՛անցնին Եգիպտոսի Փորթ Սայիտ նաւահանգիստ։ Քանի մը երեխաներ կը ծնին ֆրանսական նաւերուն վրայ եւ կ՛անուանակոչուին խորհրդանշական անուններով՝ Գիշէն, Ազատուհի եւ այլն։Մուսա լեռէն Փորթ Սայիտ անցան 1563 երեխայ։ == Այնթապ, Մարաշ, Հաճըն, Մերսին == Փոքր Ասիոյ մէջ քեմալական (ազգայնական) շարժման ծաւալման զուգընթաց՝ 1921-1922-ականներուն Օսմանեան կայսրութեան որբանոցներուն մէջ ապաստանած հայ երեխաներուն համար վտանգաւոր իրավիճակ կը ստեղծուի։ Իրավիճակը աւելի կը սրի Կիլիկիոյ մէջ քեմալականներու կողմէ իրագործուած հայկական կոտորածներէն ետք, որոնց հետեւանքով հազարաւոր կիլիկահայեր Այնթապէն, Մարաշէն, Հաճընէն, Մերսինէն եւ այլ վայրերէն ստիպուած կ՛ըլլան լքել իրենց հայրենի բնակավայրերը։ 1921-ի աւարտին՝ կիլիկահայերու զանգուածային գաղթի ընթացքին, շուրջ 7500 հայ որբ Կիլիկիայէն կը փոխադրուի Հալէպ, Պէյրութ, Դամասկոս եւ Ալեքսանտրէթ։ Անոնց մեծ մասը կը յայտնուի Ազգային խնամատարութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան խնամակալութեան տակ։ Հայ երեխաներու փոխադրումի դրուագներէն է նաեւ Դեկտեմբեր 1921-ին Պասրա նահանգի Նահր էլ Օման աւանի հայկական գաղթակայանէն 816 հայ որբերու նաւով փոխադրումը Երուսաղէմ, ուր զանոնք կը դիմաւորեն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան, ազգային գործիչներ եւ մեծ թիւով տեղացի հայեր։ 1915-1923 երիտթուրքերու եւ քեմալականներու կողմէ իրագործուած հայկական կոտորածներու հետեւանքով որբացած հազարաւոր հայ երեխաներ յայտնուեցան ֆիզիկական ոչնչացման վտանգին տակ՝ Օսմանեան կայսրութեան ողջ տարածքով մէկ։ Այս մտահոգութեամբ պայմանաւորուած՝ 7 Փետրուար 1922-ին Հալէպի մէջ կը կայանայ Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի աշխատակիցներու եւ Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Կաթողիկիոսի կողմէ լիազօրուած հայկական պատուիրակութեան ժողովը՝ Առաջնորդական Փոխանորդ Յարութիւն Քահանայ Եսայեանի նախագահութեամբ։ Ժողովը կ՛որոշէ Թուրքիոյ հարաւային եւ հարաւարեւելեան շրջաններու որբանոցներուն մէջ ապաստանած հայ որբերուն տեղափոխել Սուրիա եւ Լիբանան, իսկ հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան շրջաններու որբացած հայ երեխաներուն՝ Յունաստան եւ Կովկաս: Թուրքիոյ ներքին՝ կեդրոնական շրջաններու Կեսարիա, Քոնիա, Սեբաստիա, ինչպէս նաեւ հիւսիսային շրջաններու՝ Տրապիզոն, Սամսուն, քրիստոնեայ որբերը՝ հայ եւ յոյն ծնողազուրկ երեխաները, Ամերիկեան նպաստամատոյցի որոշմամբ ցամաքային ճանապարհով կը փոխադրուին Կ.Պոլիս, իսկ այնտեղէն՝ նաւով Յունաստան եւ կը տեղաբաշխուին 13 որբանոցներուն մէջ։ Քայքայուող Օսմանեան կայսրութեան միւս շրջաններէն՝ Թրակիայէն, որբերը կը տեղափոխուին Ռումանիա եւ Պուլկարիա, իսկ Իզմիրէն եւ Պրուսայէն՝ Մարիցա գետով՝ Յունաստան։ Թուրքիոյ հարաւային եւ հարաւարեւելեան շրջաններէն (Ուրֆայի տարածք, Մարտին, Խարբերդ, Ակն եւ Մալաթիա) հայ որբերու փոխադրման պատասխանատուներ նշանակուեցան Յակոբ Կիւնցլերը եւ անոր կինը՝ Էլիզապէթը, որոնք 1922-էն կ՛աշխատէին Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէի Ուրֆայի մասնաճիւղին մէջ եւ կը զբաղէին այդ կազմակերպութեան կողմէ հաւաքուած հայ որբերու խնամքով։ Անոնց թեկնածութեան ընտրութիւնը պայմանաւորուած էր վերջիններուս՝ տարածքի եւ թրքերէնի փայլուն իմացութեամբ։ Ապրիլ 1922-ին Խարբերդէն եւ յարակից շրջաններէն Կիւնցլերը կը կազմակերպէ համաշխարհային պատմութեան մէջ որբերու ամէնաստուար՝ շուրջ 5000 երեխաներու աննախադէպ տարհանման գործողութիւնը։ Ըստ Կիւնցլերի կազմած վիճակագրութեան, ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ հարաւային եւ հարաւարեւելեան բնակավայրերէն տարբեր խումբերով իր կողմէ կը փոխադրուի շուրջ 8000 հայ երեխայ, որոնք կը տեղաբաշխուին Սուրիոյ եւ Լիբանանի որբանոցներուն մէջ։ Այս ընթացքին հայ երեխաներու փոխադրութեան գործողութիւններ իրականացուեցան Խնուսի, Վանի, Բաղէշի եւ այլ վայրերու մէջ։ == Զմիւռնիա == Սեպտեմբեր 1922-ին՝ Զմիւռնիոյ աղէտի ժամանակ, շուրջ 5000 յոյն եւ հայ որբեր կը փոխադրուին քեմալականներու կողմէ հրդեհի մատնուած քաղաքէն՝ Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի աշխատակից Սառա Քորնինկի ջանքերով, որոնք ամերիկեան ռազմանաւերով կը տեղափոխեն Յունաստան։ Փոխադրման այս գործողութիւններուն արդիւնքով երիտթուրքերու ու քեմալականներու ցեղասպանական գործողութիւններէն փրկուեցան հազարաւոր հայ որբեր։ Ըստ Ջ. Բարտօնի տուեալներուն, 1922-1923՝ Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի աշխոյժ աշխատանքներուն շնորհիւ, մօտաւոր հաշուարկով Թուրքիայէն Սուրիա, Լիբանան եւ Յունաստան փոխադրուեցան մօտ 30000 հայ եւ յոյն որբեր, որոնցմէ 12000 հայ երեխայ՝ կայսրութեան միայն հարաւային եւ հարաւարեւելեան շրջաններէն։ == Փոխադրումը իրականացուցած կազմակերպութիւններ == Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյց Կոմիտէ, Լոնտոնի Քաղաքապետարանի Ֆոնտ, Դանիացի Տիկնանց Միութիւն, Ռուսական Կարմիր Խաչ, Ռուսաստանի Քաղաքներու Միութիւն եւ այլն։ == Ծանօթագրութիւններ ==
6,121
Սիսըլ Պանդոկ (Լոս Անճելոս)
Սիսըլ Պանդոկը (այժմ վերանուանուած իբրեւ Stay on Main) Լոս Անճելըսի մէջ (թաղ՝ 640 S. Main Street, CA 90014) պանդոկ մըն է, որ ունի 600 հիւրընկալող սենեակներ (առաջ 700): Շինուած 1924-ին, պանդոկը մասնաւորապէս կ'ընդունէր ճամբորդ առեւտրականները, սակայն 1950էն ետք ստացաւ հռչակը եւ դարձաւ բոլորին ընկալող պանդոկ մը: Մաս մը պանդոկէն վերանորոգուած է 2007-ին երբ նոր տէրեր գնեցին կալուածը: Պանդոկը այժմ ճանչցուած է իր տասնեակ անձնասպանական պարագաներով եւ շատ մը ոճրագործութիւններով, ինչպէս 3 հատ սպաննութիւններ: Ամէնէ շատ համբաւ ունի, որովհետեւ յատկապէս ապաստանն էր մարդասպաններ Ռիչըրտ Ռամիրէզի (1985-ին) եւ Ճէք Անլըրուեկըրի (1991-ին): 2013-ի Փետրուարին, մերկ մարմինը Էլայզա Լէմի, 21 տարեկան Քանատացի աշակերտուհի մը, գտնուած էր պանդոկի ջուրի ամբարներէն մէկուն մէջ։ Լէմ անհետացաւ 31 Յունուարին, մինչ իր փճացած մարմինը գտնուեցաւ 19 Փետրուարին պանդոկի գործաւորներէն մէկուն կողմէ երբ հիւրերէն մէկը գանգատեցաւ ջուրի հոսանքի ուժին մասին եւ աւելցուց թէ «ջուրը տարբեր համ մը ունի»: Ոստիկանութիւնը յետոյ յայտարարեց, թէ Լէմի մահը արկած մըն էր, եւ ոչ ուրիշ բան: Սակայն վիտէոյի արձանագրուած արարգ մը կայ պանդոկին վերելակին մէջէն, որուն մէջ կը տեսնուի Լէմի տարօրինակ ձեւեր ընելը, վերելակի բոլոր կոճակներուն կոխելը, վերելակին անկիւնը պահուըտիլն ու ձեռքերու տարբեր եւ լայն շարժումները, հանրութեան կարծիքը փոխելով իր «արկածի» պատճառին ճիշդ ինչ ըլլալը: Այդ վիտէոն երբ թողարկուեցաւ հանրութեան առջեւ, շատեր սկսան հաւատալ թէ ուրուականներ գոյութիւն ունին, ուրիշներ արտայայտուեցան ըսելով, թէ Լէմի ոգին գրաւուած էր սատանաներով: Լէմը կը կարծուէր, թէ երկբեւերային հիւանդութիւնը ունէր, ինչ որ կը բաձատրէր վերելակին եւ ջուրի ամբարին մէջի պատահած բաները: 2011-ին պանդոկը վերանուանուեցաւ իբրեւ "Stay on Main", եւ նոր կայքէջ մը, stayonmain.com, ստեղծուեցաւ: Հին կայքէջը thececilhotel.com շարունակեց համացանցին վրայ գոյութիւնը պահել մինչեւ 2013: Ուրուականներու գոյութիւնները փաստող շատ մը առարքներ արձանագրուած են այդ պանդոկին մէջ, այնքան մը որ, 2015-ին Ամերիկեան Սարսափի Պատմութիւն՝ Պանդոկը (American Horror Story: Hotel) հեռուստատեսային հաղորդաշարը հիմնուած էր այս պանդոկին պատմութիւններուն վրայ: == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Պաշտօնական պանդոկի կայքէջ. Հին Սիսըլ Պանդոկի կայքէջ՝ արձանագրուած.
7,644
Օրբելի եղբայրներու տուն-թանգարան
Օրբելի եղբայրներու տուն-թանգարան, Օրբելի եղբայրներու տուն-թանգարան, 1972 թուականին ՀԽՍՀ Մինիստրներու խորհուրդի Յուլիս 21-ի թիւ 43 որոշմամբ Օրբելի եղբայրներու յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով՝ տունը, ու ծնած է ակադեմիկոս Լեւոն Օրբելին, վերածուած է տուն-թանգարանի։ Ընդգրկուած է Ծաղկաձորի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։ == Պատմութիւն == Օրբելի եղբայրներու տուն-թանգարանը բացուած է 1982 թ. Յուլիս 6-ին՝ ակադեմիկոս Լեւոն Օրբելի 100-ամեակի միջոցառումներու շրջանակին մէջ։ Տուն-թանգարանի նպատակն է պահպանել եւ սերունդներուն փոխանցել այն հոգեւոր արժէքները եւ իրեղէն վկայութիւնները, որոնք կապուած են Օրբելի եղբայրներու անուան հետ։ Թանգարանը կը գտնուի ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեան ներքոե։ == Ցուցադրութիւն == Թանգարանն ունի շուրջ 2000 մշակութային արժէքներու հարուստ հաւաքածոյ՝ գիրքեր, ձեռագրեր, լուսանկարներ, անձնական իրեր, փաստաթուղթեր, կենցաղային առարկաներ։ Թանգարանը ստեղծվուած է աշխատակիցներու ջանքերով եւ յատկապես Օրբելի եղբայրներու հարազատներու, բարեկամներու, աշակերտներու օժանդակութեամբ, որոնք նուիրաբերած են թանգարանին անոնց վերաբերող բազմաթիւ նիւթեր։ Անոնք հիմնականին ձեոք բերուած են Սանկտ Պետերբուրգ քաղաքէն։ Տուն-թանգարանի հիմնական ցուցադրութիւնը բաղկացած է երկու մասէ՝ գիտական եւ յուշային։ Սրահներուն մէջ ժամանակագրական հերթականութեամբ ներկայացուած է Օրբելի եղբայրներու կեանքի անցած ուղին՝ գիտական եւ հասարակական գործունէութիւնը։ Թանգարանի երեք յուշասենյակներուն մէջ ցուցադրուած է Օրբելի եղբայրներու աշխատասենեակներու կահոյքը՝ գրասեղանը, բազմոցը, բաղկաթոռը, գաղտնապահարանը, ինչպէս նաեւ գիրքերը, անձնական իրերը, ձեռագրերը, լուսանկարները, փաստաթուղթերը եւ կենցաղային առարկաները։ Հաւաքածոյիի ուշագրաւ մասը կը կազմէ գրադարանը, ու կ՛ամփոփուի հայերէն հին հրատարակութիւններ, ինչպէս նաեւ օտար լեզուներով՝ ռուսերէնով, գերմաներէնով, իտալերէնով գիրքեր, որոնցմէ շատերը կը կրեն Օրբելիներու կողմէ արուած նշումներ։ Այստեղ կը պահպանուին նաեւ անոնց կողմէ հրատարակուած աշխատութիւնները։ Թանգարանին մէջ կան կրաֆիկական եւ իւղաներկ նկարներ, ինչպէս նաեւ իւրայատուկ արուեստական բարտիի աղուամազէն պատրաստուած դիմանկարներ։ Լուսանկարներու հարուստ ֆոնտը վառ կը պատկերացնէ Օրբելի եղբայրներու եւ անոնց ժամանակակիցներու մասին, իսկ կենցաղային զանազան իրերը անոնց ապրած կեանքի եւ նախասիրութիւններու լուռ վկաներն են։ Թանգարանի հարանութեամբ կը գտնուի Օրբելի եղբայրներու յուշաքանդակը (քանդակագործ՝ Արտաշէս Հովսէփեան, ճարտարապետ՝ Ռոմէօ Ջուլհակեան)։ == Միջոցառումներ == Թանգարանին մէջ կը կազմակերպուին յոբելեաններ, ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ, բաց դասեր, գիրքերու շնորհանդէսներ, ինչպէս նաեւ գիտական ընթերցումներ, յուշ-երեկոներ նուիրված Օրբելի եղբայրներուն, որու ընթացքին կը հնչեն Օրբելիներու սիրած մեղեդիները, կ՛ընթերցուին հատուածներ անոնց նամակներէն։ Այս միջոցաոումներուն կը մասնակցինքաղաքի միջնակարգ եւ արուեստի դպրոցներու սաները, կը հրավիրուին հասարակութեան տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներ։ == Հասցէ == Թանգարանը կը գտնուի ՀՀ Կոտայքի մարզի Ծաղկաձոր քաղաքի Օրբելի եղբայրներու փողոցի 12 հասցէին։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Օրբելի եղբայրների տուն-թանգարան Թանգարանային գիշերը Ծաղկաձորում
5,397
Անթոն Չեխով
Անթոն Փաւլովիչ Չեխով (ռուս.՝ Антон Павлович Чехов, 17 (29) Յունուար 1860, Թականրոկ — 2 (15) Յուլիս 1904, Պատենվայլըր), ռուս գրող եւ թատերագիր, մասնագիտութեամբ՝ բժիշկ։ Ստեղծագործական տարիներուն ընթացքին գրած է շուրջ 900 ստեղծագործութիւններ՝ բազմաթիւ պատմուածքներ, վիպակներ, կտորներ։ Անոր «Ճայը», «Քեռի Վանեան», «Երեք քոյր» եւ «Բալի այգին» գործերը ճանչցուած են որպէս համաշխարհային թատերագրութեան դասական ստեղծագործութիւններ։ Պատմուածքներէն աչքի կ'իյնան «Կաշտանկան», «Շնիկով տիկինը» եւ այլն։ Չեխովի բոլոր հիմնական երկերը թարգմանուած են հայերէնի։ Անթոն Չեխովի անունը կը կրէ Երեւանի դպրոցներէն մէկը։ == Կենսագրութիւն == Անթոն Չեխովը ծնած է 1860-ին Թականրոկի մէջ։ Անթոնի հայրը գիւղացիի զաւակ էր։ Փաւել Չեխովը յայտնի էր որպէս կրօնական-պահպանողական աւանդներուն հաւատարիմ քաղքենի առեւտրական։ Ան իր որդիներուն կը պարտադրէր յաճախել եկեղեցի եւ ճշդութեամբ կատարել կրօնական բոլոր ծիսակատարութիւնները, ինչպէս նաեւ կը ստիպէր անոնց կատարել խանութի գործակատարի պարտականութիւնները։ Մանկութեան այդ ծանր տարիներէն կը սկսի Անթոնի այնքան իւրայատուկ եւ բացայայտ ատելութիւնը քարացած աւանդութիւններու, կրօնի եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Երբ անոր հայրը կը սնանկանայ, բացի Անթոնէն ընտանիքի մնացած անդամները կը տեղափոխուին Մոսկուա։ Ան ստիպուած էր հոգալ իր կեանքի ապահովութիւնը, եւ միաժամանակ շարունակէր ուսումը Տականրոկի կրթարանին մէջ, ուր պարտադիր կարգով կը դասաւանդէին հին յունարէն եւ հին լատիներէն։ Այնտեղ ան կ'ուսանի տասնմէկ տարի։ Կրթարանին մէջ ուսանած տարիներուն ան աչքի կ'իյնար արտասովոր ընթերցասիրութեամբ։ Պատանեկութեան տարիներուն Չեխովի սիրելի հեղինակներէն մէկը եղած Վիքթոր Հիւկօն։ Շատ բարձր գնահատելով Շէյքսփիրի արուեսը, 1876-ին եղբօրը գրած նամակին մէջ անոր խորհուրդ կու տայ կարդալ Տուրգենեւի յայտնի յօդուած-ակնարկը Շէյքսփիրի եւ Սերվանթէսի մասին։ Տականրոկի թատրոնը շատ խեղճուկ վիճակի մէջ էր, սակայն Չեխովը, բեմադրելով Կրիբոյեդովի «Խելքէն պատուհաս» կամ Լերմոնտովի «Դիմակահանդէս», Կոկոլի «Ամուսնութիւն», «Ռեւիզոր» եւ Օստրովսկիի գործերը, աշակերտները կը կապէր արուեստի եւ գրականութեան յառաջատար ներկայացուցիչներուն հետ։ Չեխովը յաճախ ինքն ալ կը մասնակցէր աշակերտական բեմադրութիւններուն եւ նոյնիսկ կը գրէր կտորներ։ Կրթարանը աւարտելէ ետք Չեխովը կ'ուղեւորուի Մոսկուա՝ Պետական համալսարանի բժշկական բաժանմունքին մէջ ուսանելու համար։ Քանի որ անոնց ընտանիքը դեռ ծանր կացութեան մէջ էր, ուստի Անթոնը կրկին ստիպուած էր ե՛ւ ուսանիլ, եւ աշխատանք փնտռել։ Հետեւելով աւագ եղբօրը խորհուրդին, ան կ'որոշէ աշխատակցիլ ռուսական երգիծաբանական պարբերականներուն եւ կը կարողանայ կարճ ժամանակի ընթացքին բաւական ամուր կապեր ստեղծել ատոնց խմբագիրներուն հետ։ Սկիզբը ան կը կազմէր թռուցիկ ակնարկներ կամ թեթեւ երգիծաբանական պատմուածքներ։ Ուսանողական տարիներուն ան աւելի յաճախ հանդէս եկած է Անթոշա Չեխոնտէ կեղծանունով։ Սկզբնական շրջանին ան կը գրէր շատ հապճեպ կերպով՝ ջանալով շուտ յանձնել անհրաժեշտ նիւթերը եւ ժամանակին ստանալ վարձատրութիւնը։ Յաճախ կը նկարագրէր աննշան եւ առօրեայ դէպքեր, կը նկարագրէր կեանքի զաւեշտալի կողմերը։ Այդ չափազանցական գրական աշխատանքը չմնաց անհետեւանք։ Չեխովը հետզհետէ կը մշակէ կեանքի իւրայատուկ երեւոյթները դիտելու, ուսումնասիրելու եւ արձանագրելու արտասովոր ընդունակութիւնը։ Ան կ'իւրացնէ հակիրճ գրելու դժուարին արուեստը։ Այս նոր ժամանակաշրջանին ան կը սկսի մօտենալ կեանքին եւ իրականութեան նոր դիրքէն։ Չեխովը կը սկսի աւելի մեծ ուշադրութեամբ դիտել շրջապատի ծանր իրականութիւնը եւ աւելի լաւ տեսնել իրական կեանքի հակասական երանգները ու բարդ ելեւէջները։ Դարձեալ ան գրի կ'առնէր զաւեշտալի դէպքերը ու դարձեալ կ'աշխատէր կատակներով գրաւել իր ընթերցողներուն ուշադրութիւնը։ Սակայն այժմ արդէն չէր կրնար սառնասիրտ մնալ եւ ծածկել իր յոյզերը եւ խեղդել հոգիի խորքին մէջ պահուած ապրումներն ու մտորումները։ Որպէս բժիշկ եւ գիտնական-գրող՝ Չեխովը միշտ շատ ուշադիր կը մօտենար իր պատմուածքներու թեմաներուն մշակման, առանձին նիւթերու ընտրութեան եւ կը միշտ ձգտէր արտացոլել իրականութիւնը։ Այդ էր պատճառը, որ ան անվերջ կը գրէր, կը մշակէր, կը վերամշակէր՝ աւելի դիպուկ խօսքեր գտնելու եւ աւելի ազդու գոյներ ընտրելու համար։ Մոսկուայի համալսարանը աւարտելէ ետք Չեխով կ'անցնի չափազանցական ստեղծագործական աշխատանքի։ Երբ լոյս կը տեսնէ Չեխովի ակնարկներու եւ պատմուածքներու առաջին ժողովածուները, քանի մը ռուս գրականագէտներ, ողջունելով նոր հեղինակը, միաժամանակ կը յայտնեն իրենց տարակուսանքները։ Չեխով առաւօտէն մինչեւ երեկոյ կ'ըլլար հիւանդանոցին մէջ եւ տոկուն աշխատանք կը տանէր։ Համբերութեամբ կը լսէր բազմաթիւ հիւանդներու գանգատները, կ'ուսումնասիրէր անոնց կենցաղային պայմանները, կը գտնէր իւրաքանչիւր հիւանդի համար սփոփանքի ջերմագին խօսքեր։ == Սախալին == Ուշագրաւ է, որ պարբերաբար կրկնուող սուր դիտողութիւնները, իշխող կարգերու դէմ նետուած քննադատական ակնարկները աւելի բացորոշ եւ կտրուկ կը դառնան սախալինեան ճամբորդութենէն ետք։ Իր դեսերտացիայի համար Չեխովը կրնար անհրաժեշտ նիւթեր գտնել եւ ուսումնասիրել աւելի դիւրին կերպով Մոսկուայի մէջ, բայց անոր հիմնական նպատակն էր ուսումնասիրել սախալինեան աքսորականներու կեանքը, քննել իրականութիւնը, պարզել ճշմարտութիւնը։ Ան կը սկսի ուսումնասիրել Սախալինի մասին հրատարակուած նիւթերն ու հետազօտութիւնները։ Ուսանողները Չեխովի համար պրպտումներ կը կատարեն հանրային գրադարանին մէջ եւ կը հաւաքեն կարեւորագոյն հրատարակութիւնները։ Չեխովը կը կարդայ նաեւ քրէական իրաւունքի, քաղաքականութեան, դատավարութեան, բնագիտութեան մասին հրատարակուած գիրքեր։ Նախապատրաստական այդ մեծ աշխատանքը աւարտելէ ետք, Չեխովը փորձ կ'ընէ ձեռք բերել սախալինի վարչական մարմիններուն ուղղուած անհրաժեշտ գրութիւններ։ Այդպիսի պաշտօնական գրութիւն մը կը յանձնէ անոր գլխաւոր բանտային վարչութեան կառավարիչը, որուն յայտարարութեան համաձայն, Չեխովին հնարաւորութիւն պէտք է տրուէր ուսումնասիրել աքսորավայրերու բոլոր բնակիչներուն կեանքը։ Հաստատուած է, որ պաշտօնեան Չեխովին յանձնելով այդ գրութիւնը, միաժամանակ սախալինեան աքսորավայրի պետին ուղղուած առանձին գաղտնի գրութեամբ կ'առաջարկէր հնարաւորութիւն չտալ, որ Չեխովը հանդիպի քաղաքական աքսորականներու հետ։ Այդ գաղտնի գրութիւնը յայտնաբերուած է միայն յեղափոխութենէն ետք, գլխաւոր բանտային վարչութեան արխիւային վաւերագիրները ուսումնասիրողներու շնորհիւ։ Յաղթահարելով բազմաթիւ խոչընդոտներ, Չեխովը Սախալին հասնելուն պէս անմիջապէս կ'անցնի աշխատանքի։ Ան կը շրջի կղզիին վրայ, անձամբ կը տեսնէ աքսորականները, կ'ուսումնասիրէ աքսորավայրերը, գրի կ'առնէ արտառոց եւ սոսկալի փաստեր։ Հետագային, Չեխովը իր հաւաքած նիւթերուն հիման վրայ կը կազմէ ակնարկներ եւ ապա կը հրատարակէ Սախալինի մասին գրած լայնածաւալ իր գիտական աշխատանքը։ == Հետաքրքիր Փաստեր == Յայտնի ռուս գրողը շատ պահանջկոտ եղած է։ Օրինակ՝ ան շատ կոկիկ եւ մաքրասէր էր։ Ան մանրակրկիտ կը հետեւէր իր արտաքին տեսքին։ Հակառակ ծանր հիւանդութեան՝ ան ոչ մէկ անգամ հիւրերը օրուան զգեստով չէ դիմաւորած։ Իր աշխատանքին մէջ ան նոյնպէս լուրջ կը վերաբերուէր. Չեխովը կ'աշխատէր տօնական հագուստով։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Անթոն Չեխովը գրապահարանին մէջ Անթոն Չեխովի ստեղծագործութիւնները Անթոն Չեխովը հայկական հանրագիտարանին մէջ
4,810
Մկրտիչ Ա. Քհնյ. Մուրատեան
Տ. Մկրտիչ Ա. Քհնյ. Մուրատեան (ծնած է 1881 Սասունի Գոմք Գիւղի մէջ- մեռած է 1970) == Կենսագրութիւն == Մուրատի եւ Մարիի որդին՝ ՄԻքայէլ, լոյս աշխարհ եկած է սասոնցի ծնողքէն, Սասունի Գոմք գիւղին մէջ, 1881-ին։ 1893-ին Համիտեան ջարդերուն պատճառով, ուսումը կ'ընդատուի։ Այս դժուար պայմաններու մէջ, Միքայէլ վերադարձած է իր ծննրավայրը, ուր քանի մը ամիսներ մնալէ ետք, վերջնականապէս որոշած է Հալէպ գաղթել։ Իբրեւ աշակերտ ընդունուած Հալէպի Ներսէսեան Վարժարանը (այժմ Հայկազեան), որուն ուսման Հնգամեայ շրջանը օրինաւորապէս աւարտելէ ետք, ստացած է Համապատասխան վկայական 1901-ին։ Յաջորդ տարին, ան ուսուցչական պաշտօնի կոչուած է նոյն վարժարանին մէջ։ Եւ իբրեւ սիրուած կրթական մշակ, ան իննը տարիներ անընդհատ պաշտօնավարած է այդ դպրոցին մէջ, դասաւանդելով կրոն, Հայերէն լեզու եւ այլ նիւթեր։ Ան իր կեանքին ընկերը ընտրած է իր պաշտօնից ուսուցչուհին՝ Աճէմեան Մովսէսի եւ Աննայի դուստր Վարդուհին, որուն հետ պսակուած է Հալէպի մէջ, 1908-ին։ Ունեցած է վեց զաւակներ՝ Զապէլ, Վազգէն, Վազգէն բ., Մատլէն, Գեղամ եւ Եդուարդ։ Մեծ Հօրմէն ստացած քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եւ ուսանած վանքերուն կրօնաբոյր մթնոլորտը կազմաւորած ու ձեւաւորուած էին իր նկարագիրը եւ ներաաշխարհը լեցուած՝ խունկով, շարանակով, աղօթքով, աւետարանով ու եկեղեցական արժէքներով։ Տէր Մկրտիչ Հոգեւոր Հովիւ նշանակուած է Ս. Քառասնից Մանկաց Եկեղեցւոյ սասունցի ընտանիքներուն։ Տարիներ ետք, իբրեւ փարձառու քահանայ, ան կոչուած է ազգային-ժողովական կեանքի։ Երկա՜ր տարիներ անդամ եղած է Գաւառական եւ Կրօնական Ժողովներուն։ Իսկ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ՝ լուսահոգի Տ. Յարութիւն քհնյ. Եսայեանի վախճանումէն ետք, Տէր Մկրտիչ կոչուած է թոխանորդութեան պաշտօնին, զոր երկա՜ր տարիներ ձեռնհասօրէն վարած է եւ իր վարչական հարուստ փորձառութեամբ օգտակար դարձած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդներուն։ == Գործերը == Իր յօդուածները լոյս տեսած են «Արեւելք» օրաթերթին, «Պատմութիւն Տարօն Աշխարհի» գիրքին, «Տարօն Տարեգիրք»ի, «Սուրիահայ Տարեգիրք»ի եւ այլ Հայկական պարբերականներու մէջ։ Ունի շատ փոքրածաւալ աշխատութիւն մը «Հայոց դարձն Ի Քրիստոնէութիւն» խորագրով։ Տարիներու իր բարւոք ծառայութեան եւ անխոնջ աշխատանքին համար, ան պարգեւատրուած է Լանջախաչով, Ծաղկեայ փիլոնով եւ Աւագութեան տիտղոսով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսէն։ == Մահացած == Դժբախտաբար, այս բազմավաստակ քահանան իր կեանքի վերջալոյսին կորսնցուց յիշողութիւնը եւ յետ կարճատեւ հիւանդութեան վախճանեցաւ Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 1970-ին։ Վերջին օծումն ու թաղման կարգը տեցի ունեցաւ Բերիոյ Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Տ. Տաթեւ Վրդ. Սարգիսեանի ձեռամբ, Հինգշաբթի 13 Օգոստոսի, Ս. Քառասնից Մանկաց Եկեղեցւոյ մէջ: == Ծանօթագրութիւններ ==
5,977
Եղիշէ Քհնյ. Սարգիսեան
== Կենսագրութիւն == Տ. ԵՂԻՇԷ ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Աւազանի անանով Կորիւն, որդի Տ. Արսէն Ա. Սարգիսեանի եւ Զուարթի, ծնած է Հալէպ, 1976-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Զաւարեան վարժարանէն, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Ազգ. քարէն եփփէ ճեմարանին մէջ եւ շրջանաւարտ եղած է 1994-ին, ստանալով երկրորդականի վկայական։ Ուսման կողքին, ան հետեւած է դաշնամուրի եւ ձայնանիշերու դասընթացքներուն հինգ տարի։ Ան սիրած է մարմնակրթական կեանքը։ Ուստի անդամ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին՝ մաս կազմելով փողերախումբին ինչպէս նաեւ հետեւած մարտարուեստի։ Ընտանիքին մէջ տիրող կրօնական եւ ազգային մթնոլորտը իր մէջ փափաք կ'արթնցնէ դպրեվանք ուսանելու։ 1994-ին, Աոաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, ան կ'րնդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, ուր երեք տարի կը հետեւի ընծայարանի բաժնի աստուածաբանական դասընթացքին զորս աւարտելէ ետք կը ստանայ Համապատասխան վկայականը ու կը վերադաոնայ Հալէպ, քահանայական ձեռնադրութիւն ռւ և օծում ստանալու ձեռամբ գերշ. Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի։ == Կենսագրութիւն == Կ'ընտրէ կեանքի ընկերը՝ Խշուաճեան ընտանիքի դուստրը՝ օրդ. Շողիկը, որուն հետ կր պսակուի 24 Օգոստոս 1997-ին, Հալէպի Ս, Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Թեմիս Աոաջնորդ Տ. Սուրէն Արք. գաթարոյեանի գլխաւորութեամբ եւ Հալէպի քահանայից դասուն մասնակցաթեամբ։ Կը բախտաւորուի երկու մանչ զաւակներով՝ ԱրամաղԱրամազդ եւ Արարատ։ Երաժշտութեան հանդէպ ունեցած սէրն ու պատրաստութիւնը զինք կը մղեն կազմակերպելու դպրաց դասը, թաղական խորհուրդի աջակցութեամբ։ Աշխատանքը կ'արդիւնաւորուի եւ եկեղեցին կ՚ունենայ կազմակերպուած դպրաց դաս՝ պատարագի ճշգրիտ երգեցողաթեամբ։ եկեղեցին կ'օժտուի նաեւ նոր երգեհոնով մը, որ աոաւել փայլք կուտայ երգեցողութեան։ Ան կրօն դասաւանդած է նախակրթարանի վեց կարգերուն։ Հետագային նաեւ միջնակարգի եւ երկրորդականի կարգերուն: Ւսկ 2006-ի Մայիս 28-ին, կիսասարկաւագ կը ձեոնադրուի ձեոամբ՝ Գերշ, Տ. Նարեկ եպս. Ալեէմէպեանի, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ։ կը վերադաոնայ Հալէպ եւ կը պատրաստուի ամուսնութեան։ Հետագային կր բախտաւորուի երկու զաւակներով՝ Ժիրայր եւ Լենա։ Այնուհետեւ Աոաջնորդ Արբազան Հայրը կորոշէ ձեոնագրութեան յարմարագոյն թուականը։ Նախ տիրացու ճոնը սարկաւագ կը ձեոնադրուի 17 Յունիս 2007-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ձեոամբ՝ Տ. Շահան Ս. եպս. Սարգիսեանի։ 2008-2009 ուսումնական տարեշրջանին ուսուցչութեան պաշտօնուարածէ Կիլիկեան ճեմարանի մէջ, եւ 8րդ կարգերուն կրօն դասաւանդելով։ Կղադօթենք առ Աստուած, երիտասարդ մեր տէր հօր համար, որ Ս. հոգիին աոաջնորդութեամբ եւ քրիստոնէական խոնարհութեամբ ու աշխատասիրութեամբ կարենայ շարունակել իր աոաքելութիւնը՝ իր ծխական ժոդովուրդը առաւել կապելու Հայ Եկեղեցւոյ ու Աւետարանի կենարար խօսրերուն։
7,779
1953 թուական
1953 թուական, ոչ նահանջ տարի, 20րդ դարու 53րդ տարին է 1950 • 1951 • 1952 • 1953 • 1954 • 1955 • 1956 == Դէպքեր == ==== Յունուար ==== 12 Յունուար՝ Օսլոյի մէջ ստեղծուեցաւ Էսթոնիոյ վտարանդի կառավարութիւնը 13 Յունուար՝ խորհրդային «Փրաւտա» թերթին մէջ հրապարակուեցաւ «բժիշկներու դաւադրութեան» մասին յօդուածը 14 Յունուար՝ մարշալ Եոսիփ Պրոզ Թիթոն դարձաւ Եուկոսլաւիոյ նախագահ ==== Մարտ ==== 03 Մարտ՝ բացուեցաւ Երեւանի Մաշտոցի Անուան Մատենադարանը 05 Մարտ՝ մահացաւ խորհրդային առաջնորդ Եոսիֆ Սթալինը ==== Ապրիլ ==== 07 Ապրիլ՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար ընտրուեցաւ Տակ Համարխեոլտը ==== Յունիս ==== 02 Յունիս՝ տեղի ունեցաւ Եղիսապեթ Բ.-ի թագադրութիւնը 18 Յունիս՝ Ճափոնին մէջ ամերիկեան օդանաւի կործանումի զոհ դարձաւ 129 հոգի ==== Օգոստոս ==== 2-12 Օգոստոս՝ Քեֆալոնիա եւ Զաքինթոս կղզիներուն միջեւ 113 զօրաւոր երկրաշարժներ կ'արձանագրուին 12 Օգոստոս՝ 6,8 Ռիխթըրի ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը կը ցնցէ Քեֆալոնիա եւ Զաքինթոս կղզիները եւ հիմնովին կը քանդէ կղզիներուն բոլոր կառոյցները եւ շէնքերը == Ծնունդներ == ==== Տե՛ս նաեւ՝ 1953 ծնունդներ Մարտ ==== 29 Մարտ՝ Արամ Քերովբեան․ երաժիշտ, յօրինող, խմբավար, քանոնահար, հայ շարականներու աւանդական մեկնաբանող, հայ ա­ւան­դա­կան հո­գե­ւոր երաժշտութեան եւ երգասացութեան մասնագէտ ==== Մայիս ==== 29 Մայիս` Տենի Էլֆման Daniel Robert "Dnny" Elfman ամերիկացի ժապաւենի երաժիշտ ==== Յունիս ==== 24 Յունիս` Վարդենի Մոստիչեան Varteni Mosdichian ամերիկահայ նկարչուհի ==== Հոկտեմբեր ==== 23 Հոկտեմբեր` Թաներ Աքչամ Taner Akçam թուրք պատմաբան ==== Դեկտեմբեր ==== 03 Դեկտեմբեր` Ռոպեր Կետիկեան Robert Guédiguian ֆրանսահայ ֆիլմեր ստեղծող եւ դերասան ==== Անստոյգ օրով ==== Արշակ Մուրատեան ամերիկահայ գիտնական Արմենակ Պաքըրճեան (սպ.1980) Թուրքիոյ մէջ ձախ ծայրահեղական Բագրատ Էսդուքեան սփիւռքահայ լրագրող, քիմիագէտ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1953 մահեր ==== Յունուար ==== 09 Յունուար՝ Պետրոս Պալթազարեան (ծն.1866) հայ դերասան ==== Ապրիլ ==== 16 Ապրիլ՝ Հրաչեայ Աճառեան (ծն.1876, Կ.Պոլիս) լեզուաբան եւ բառարանագիր == Նոյեմբեր == 10 Նոյեմբեր՝ Գէորգ Փափազեան (ծն.1882, Ռոտոսթոյ) իրաւաբան, երեսփոխան == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == 1953-ը Պատմութեան մէջ(անգլերէն)Աշխարհի Պատմութեան Ժամանակագրութիւն՝ 1953(անգլերէն)
5,120
Նիքոլաս Սփարքս
Նիքոլաս Սփարքս (31 Դեկտեմբեր 1965(1965-12-31)[…], Օմահա, Նեբրասկա), ամերիկացի գրող։ Ունի հրատարակուած 17 վէպեր։ Ներկայիս կ'ապրի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւսիսային Քարոլինա նահանգին մէջ, իր տիկնոջ ու 5 երեխաներուն հետ։ == Կենսագրութիւն == Նիքոլաս Սփարքսը ծնած է 31 Դեկտեմբեր, 1965 թուականին, Օմահա քաղաքին մէջ, Փրոֆեսոր Փաթրիք Սփարքսի ընտանիքին մէջ։ Ան աշխարհահռչակ գրող է։ Աշխարհին տարածքին անոր գիրքերէն վաճառուած են մօտաւորապէս 8 միլիոն օրինակ։ Անոր ստեղծագործութիւններուն նիւթերն են քրիստոնէութիւնը, սէրը, մարդկային զգացմուններն ու ճակատագիրները։ Սփարքսը իր առաջին ստեղծագործութիւնը գրած է 1985 թուականին, երբ ան դեռ դպրոց կը յաճախէր։ Ուսանած է Նոթըրտամ համալսարանին մէջ։ Կնոջ հետ ծանօթացած է 1989 թուականին, գարնանային արձակուրդներու ժամանակ եւ ամուսնացած՝ 1989 թուականի Յուլիսին։ 2000 թուականին Նիքոլաս Սփարքսը ճանչցուած է որպէս տարուան ամէնէն լաւ հեղինակը՝ "People Magazine"-ի կողմէն։ == Ծանօթագրութիւններ == == Յղումներ == Նիկոլաս Սպարկսի պաշտոնական կայքը Նիկոլաս Սպարկսի էջը imdb.com կայքում
4,143
Հոկտեմբեր
Կաղապար:Ամիսներու Գլխագիր Հոկտեմբեր,տարուան տասներորդ ամիսը, ըստ՝ Գրիգորեան օրացոյցի, ունի 31 օր։ Աշունին երկրորդ ամիսն է, այգեկութքի աւարտը։ Հոկտեմբերը յատնի է իր բազմերանգ տերեւներով եւ միրգերով։ Ըստ հայկական տոմարի, Հոկտեմբերը կը համապատասխանէ «Սահմի» ամսուան։ Հոկտեմբեր Ամսուայ կենդանաշրջանին նշաններն են՝ մինչեւ 22-ը՝ Կշիռք, 23-էն՝ Կարիճ == Հոկտեմբեր Ամսուայ Նշանաւոր Օրերը == Հոկտեմբեր 1 Անկախութեան Օր՝ Կիպրոս (Միացեալ Թագաւորութենէն 1960) Նիկերիա (Միացեալ Թագաւորութենէն 1960) Փալաու, Թուվալու (Միացեալ Նահանգներէն 1994) Տարեցներու Համաշխարհային Օր Բուսակերութեան Համաշխարհային Օր Հոկտեմբեր 2 Անկախութեան Օր (Կուինէա) Մեհրեգան (Միհր Աստծոյ Օրը Ըստ Իրանական Օրացոյցի) Հոկտեմբեր 3 Գերմանացիներու Միասնութեան Օր Հոկտեմբեր 4 Անկախութեան օր (Լեսոթօ) Հոկտեմբեր 8 Ազգային Անկախութեան օր (Քրուաթիա) Հոկտեմբեր 8 Անկախութեան Օր (Ուկանտա) Հոկտեմբեր 10 Անկախութեան Օր (Քուպա) Հոկտեմբեր 11 Աղջիկ Երեխաներու Համաշխարհային Օր == Ծանօթագրութիւններ ==
3,212
Թիֆլիսի Հայ Տրամա
Թիֆլիսի հայ տրաման ստեղծուած է 1921 թուականին։Առաջին տարիներուն թատրոնին դերասանական եւ բեմադրական կազմը անընդհատ կը փոխուէր եւ այդ իսկ պատճառով ներկայացումներուն ոճը զգալիօրէն կը տարբերէր մէկը միւսէն, ինչը միասնական ոճի ներկայացումներ ստեղծելուն արգելք կը հանդիսանար։ 1930-ական թուականներուն թատրոնը կը գտնուէր դժուար վիճակի մէջ, քանի որ թոյլ ներկայացումները կը վանէին հանդիսատեսը։ 1932-1933 թատերաշրջանին կը վերականգնուին Արշակ Բուրջալեանի կարգ մը բեմադրութիւնները՝ «Դատավճիռ», «Արիւնոտ Անապատ», «Անմեղ Մեղաւորները»։ Նոր բեմադրութիւններ կը պատրաստեն նաեւ Ստեփան Քափանակեանը եւ Ալեքսանտր Աբարեանը, սակայն թատրոնի կեանքին մէջ ոչինչ կը փոխուէր։ 1936 թուականի Մարտ 29-ին «Շահնամէ» ներկայացումով կը բացուի Թիֆլիսի հայ տրամայի նոր շէնքը Հաւլաբար թաղամասին մէջ։ Նոր բեմադրութիւնները զգալիօրէն կը բարձրացնեն թատրոնին հեղինակութիւնը։ Այդ աշխատանքին մէջ մեծ էր Ալեքսանտր Աբարեանի դերը։ 1937-1940 թուականներուն ան կը բեմադրէ շարք մը թատերական ներկայացումներ՝ «Քանդած Օճախ», «Թոնդրակեցիներ», «Թշնամիներ»։ Բազմաթիւ յաջող բեմադրութիւններով հանդէս կու գայ նաեւ Ֆերտինանտ Բժիկեանը։ Թատրոն կը հրաւիրուի նաեւ Լեւոն Քալանթարը: == Թատրոնի բեմադրիչներ == Իսահակ Ալիխանեան Արմէն Արմէնեան Վահրամ Փափազեան Արշակ Բուրջալեան Ստեփան Քափանակեան == Թատրոնի բեմադրուած ներկայացումները == Դ. Գրադովի եւ Վ. Օռլովի «Հռոմի Պապ» Ա. Զինոեւի «Բամպակ» Գ. Գուարիկի եւ Պ. Գուրովի «Պուլկարիան Կրակէ Օղակներում» Կ. Գորբունովի «Սառցահալ» «Իզրայիլ» «Երկու որբ» «Միմոս» «Տրիլբի» «Ովկիանոսից Այն Կողմ» «Անյայտ Կինը» «Ապահարզանի Անակնկալները» Դատավճիռ» «Արիւնոտ Անապատ» «Անմեղ Մեղաւորները» «Շահնամէ», (1936 թ) Ն. Պոգոդինի «Արիստոկրատներ» Ալեքսանտր Կորնեյչուկի «Պլատոն Կրեչետ» «Ամպրոպ» Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պեպօ» «Քանդած Օճախ» «Թոնդրակեցիներ» «Թշնամիներ» == Աղբիւրներ ==
18,040
Ուիլիըմ Քարլոս Ուիլիըմս
Ուիլիըմ Քարլոս Ուիլիըմս (17 Սեպտեմբեր 1883(1883-09-17)[…], Rutherford, Պերկըն Քաունթի, Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 4 Մարտ 1963(1963-03-04)[…], Rutherford, Պերկըն Քաունթի, Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի խոշորագոյն բանաստեղծներէն մէկը, բժիշկ-մանկաբոյժ: 1924 թուականէն մինչեւ իր մահը զբաղեցուցած է Passaic General Hospital-ի մանկաբուժութեան բաժնի տնօրէնի պաշտօնը: Հիւանդանոցը, որ այժմ յայտնի է՝ որպէս Սուրբ Մարիամի հիւանդանոց, Ուիլիըմսի յիշատակը յարգած է յուշատախտակով, որուն վրայ գրուած է. «մենք կը քալենք հիւանդներու այն սենեակներով, ուր քալած է Ուիլիըմսը»: == Կենսագրութիւն == Ուիլիըմսը ծնած է 17 Սեպտեմբեր 1883-ին Նիւ Ճըրսի նահանգի Ռութըրֆորտ քաղաքին մէջ։ Իր հայրը ներգաղթած էր Անգլիայէն, իսկ մայրը Փորթօ Ռիքոյէն ։ Իր աշխատանքները մեծ նմանութիւն ունին գեղանկարչութան հետ, ինչով ան հետաքրքրուեր է ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Ուիլիըմսը նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացեր է Ռութըրֆորտ քաղաքին մէջ մինչեւ 1897 թուականը, երբ զինք երկու տարի ուղարկեր են Փարիզի Lycée Condorcet վարժարանին մէջ սորվելու: Նիւ Եորք վերադառնալէն յետոյ ան ուսաներ է Հորացիա Մաննի դպրոցին մէջ, եւ յատուկ քննութիւն յանձնելով, 1902 թուականին ընդունուեր Է Փենսիլվանիայի համալսարանի բժշկական դպրոցը, որն աւարտեր է 1906 թուականին: Համալսարանը աւարտելէն յետոյ Ուիլիըմսը վերապատրաստուեր է Նիւ Եորքի ֆրանսական եւ մանկական հիւանդանոցներու մէջ, այնուհետեւ մեկներ Լայփցիկ՝ մանկաբուժութեան խորը ուսումնասիրութեան համար: 1909 թուականին հրատարակեր է իր առաջին «Բանաստեղծութիւններ» գիրքը։1912 թուականին, երբ Ուիլիըմսը վերադարձեր է Գերմանիայէն, ամուսնացեր է Ֆլորենս Հերմանի հետ (1891-1976)։ Անոնք տեղափոխուեր են Ռութըրֆորտ քաղաք (Նիւ Ճըրսի նահանգ) տուն, որը տարիներ շարունակ իրենց պատկանած է։ Ատկէ կարճ ժամանակ անց լոնտոնեան մամուլը, իր ընկեր Էզրա Փաունտի օգնութեամբ, որուն հետ ան ծանօթացեր էր Փենսիլվանիայի համալսարանի մէջ ուսանած ժամանակ, հրապարակեր է իր «Բնաւորութիւններ» բանաստեղծութիւններու երկրորդ գիրքը։ 1914 թուականին ծներ է Ուիլիըմսի եւ իր կնոջ առաջին որդին՝ Ուիլիըմ Ուիլիըմսը, որը հետեւեր է հօր օրինակին եւ դարձեր բժիշկ, իսկ 1917 թուականին ծներ է անոնց երկրորդ որդին՝ Փոլ Ուիլիըմսը:Ուիլիըմսը ներառուեր է իմէճիսթներու (imagism մոտեռնիստական հոսանք անգլիական եւ ամերիկեան բանաստեղծութեան մէջ՝ 1910-ական թուականներու սկիզբները մինչեւ 1920-ական թուականներու սկիզբները) խմբակին մէջ, մտերիմ եղեր է Նիւ Եորքի գրական եւ գեղարուեստական խմբակներու առաջաւոր անդամներու հետ (Մարսէլ Տիւշան, Ֆրանսիս Փիքապիա, Ուոլըս Սթիվընս, Մարիաննա մուր, Մինա Լոյ եւ այլն)։ 1924 թուականին Եւրոպա կատարած այցի ժամանակ ծանօթացեր է Ճոյսի հետ։ 1929 թուականին թարգմաներ է Philippe Soupault Ֆիլիփ Սուփո: Մեծ ազդեցութիւն ունեցեր է բազմաթիւ երիտասարդ բանաստեղծներու վրայ՝ պիթ սերունդի (The Beat Generation), Սեւ լեռան դպրոցի, Նիւ Եորքի դպրոցի սաներու վրայ, անոնցմէ շատերուն անձամբ օգներ է։Ուիլիըմսը քանի մը փիէսներու, երեք վէպերի, գրական-քննադատական փորձագիրի երկու հատորներու հեղինակ է։1948 թուականին խցում ստացեր է, իսկ 1949 թուականէն յետոյ քանի մը անգամ՝ սրտի կաթուած: Հոգեբուժարանի մէջ բուժուեր է ընկճախտէն: == Ստեղծագործութիւններ == === Բանաստեղծութիւններ === Poems (1909) The Tempers (1913) Al Que Quiere (1917) Kora in Hell: Improvisations (1920) Sour Grapes (1921) Spring and All (1923) Go Go (1923) The Cod Head (1932) Collected Poems, 1921—1931 (1934) An Early Martyr and Other Poems (1935) Adam & Eve & The City (1936) The Complete Collected Poems, 1906—1938 (1938) The Broken Span (1941) The Wedge (1944) Paterson, book I—V (1946—1958, ամբողջական հրատարակութիւն մէկ հատորի մէջ 1963) Clouds, Aigeltinger, Russia (1948) The Collected Later Poems (1950) Collected Earlier Poems (1951) The Desert Music and Other Poems (1954) Journey to Love (1955) Pictures from Brueghel and Other Poems (1962, Pulitzer Prize մրցանակ Imaginations (1970) Collected Poems: Volume 1, 1909—1939 (1988) Collected Poems: Volume 2, 1939—1962 (1989) Early Poems (1997) === Հարցազրոյց === Speaking Straight Ahead (1976) === Նամակագրութիւն === The Selected Letters of William Carlos Williams (1957) Pound/Williams: Selected Letters of Ezra Pound and William Carlos Williams (1996) The Letters of Denise Levertov and William Carlos Williams (1998) William Carlos Williams and Charles Tomlinson: A Transatlantic Connection (1998) === Արձակ === The Great American Novel (1923, վեպ) In the American Grain (1925) A Voyage to Pagany (1928, ճանապարհորդական գրառումներ) Novelette and Other Prose (1932) The Knife of the Times, and Other Stories (1932) White Mule (1937, վեպ) Life along the Passaic River (1938, նովել) In the Money (1940, վեպ, «Սպիտակ ջորու» շարունակությունը) Make Light of It: Collected Stories (1950) Autobiography (1951) The Build-Up (1952, վեպ, եռերգութեան եզրափակումը) Selected Essays (1954) I Wanted to Write a Poem: The Autobiography of the Works of a Poet (1958) Yes, Mrs. Williams: A Personal Record of My Mother (1959) The Farmers' Daughters: Collected Stories (1961) The Embodiment of Knowledge (1974, նշումներ եւ շարադրութիւն) A Recognizable Image: William Carlos Williams on Art and Artists (1978) The Collected Stories of William Carlos Williams (1996) == Գրականութիւն == William Carlos Williams; a collection of critical essays/ J.Hillis Miller, ed. Englewood Cliffs: Prentice-Hall, 1966 Whittemore R. William Carlos Williams, poet from Jersey. Boston: Houghton-Mifflin, 1975 Bloom H. William Carlos Williams. New York: Chelsea House Publishers, 1986 Hatlen B., Tryphonopoulos D.P. William Carlos Williams and the language of poetry. Orono: National Poetry Foundation, 2002 == Արտաքին յղումներ == Ժամանակագրութիւն Բանաստեղծի արխիւը Յելի համալսարանի գրադարան Առցանց բանաստեղծութիւններ(անգլերէն) == Ծանօթագրութիւններ ==
17,887
Փուազօնի Հաւասարութիւն
Թուաբանուդիան, Փուազօնի Հաւասարութիւնը Էլեկտրաստատիկ, Մեքենագէտ եւ Տեսական ֆիզիգի մէջ լայն oգտագործման վայր ունեցող թերատական տէսակի, Մասնակի ածանցեալներով դիֆերենցիալ հավասարութիւննէր է: Ֆրանսացի թուաբանագէտ, Երկրաչափիջ եւ ֆիզիգագտ եղող Սիմոն Տէօնիզ Բուազոնէ վերջ անուն տրուած է: Δ φ = f {\displaystyle \Delta \varphi =f} Այստեղ Δ {\displaystyle \Delta } Լապլասի օպերատոր, եւ f ու φ Բազմաձեւութիան իրական կամ ալ Գօմբլէգս արժէգաոր ֆօնգսիյոններու կը խամապատասխանի: Բազմաձեւ Էօգլիտի Անջրպէտը կատարուած ժամանակ, Լաբլազիէն ∇ 2 {\displaystyle {\nabla }^{2}} ըլլալովկը խայտնուի եւ Փուազօնի Հաւասարութիւն ընդխանրապէս' ∇ 2 φ = f . {\displaystyle {\nabla }^{2}\varphi =f.} ցէվով կը գրուի: 3 տարածութիւնով Դեկարիան գոորդինադների համակարգով' ( ∂ 2 ∂ x 2 + ∂ 2 ∂ y 2 + ∂ 2 ∂ z 2 ) φ ( x , y , z ) = f ( x , y , z ) . {\displaystyle \left({\frac {\partial ^{2}}{\partial x^{2}}}+{\frac {\partial ^{2}}{\partial y^{2}}}+{\frac {\partial ^{2}}{\partial z^{2}}}\right)\varphi (x,y,z)=f(x,y,z).} ցեւը կ'արնէ: f զերօ էղած ճամանակ հաւասարութիւնը' Δ φ = 0. {\displaystyle \Delta \varphi =0.\!} ցեւը կը ստանայ: Այս Փուազօնի Հաւասարութիւնը Գրինի ֆունկցիանը գործածելով կրնանգ լուծիլ՝ Գրինի ֆունկցիաին Փուազօնի Հաւասարութիան համար ընթհարցակ լուծումը Մշուշային Փուազօնի Հաւասարութիւն վերնագրի տակ է: Թուային լուծումի համար անթիւ մեթօտներ կը գտնուին՝ Հանգստացնելու մեթօտ, շարունակեալ ալկորիդմ եւլն... == Էլեկտրաստատիկ == Էլեկտրաստատիկայի սկսպունգներէ մեկն ալ Փուազօնի Հաւասարութիան հէտ բացատրուող հարցերու լուծումը հայտաբէրելով կը լուծէ: Տրուած բերի տարածումի համար ընթխանրապէս մեր գործածած ճամբան ըլլալու պատճարաւ, φ'ն տրուածի f 'ի տեսակետէ հաւասարը գտնելու համար կարեվոր եւ գործիական խարձ մըն է: Էլեկտրաստատիկի մէջ Փուազօնի Հաւասարութիան աճիլը յետէւէալն է: Միավորների միջազգային համակարգ էօգլիտի անջրպետի գործածուիլը եթէ համարենք՝ Փոփոխական ստուգող ծաւալի ելէկտականութիան համար Գաուսի օրենքի հէտ եթէ սկսինք՝ ∇ ⋅ D = ρ f {\displaystyle \mathbf {\nabla } \cdot \mathbf {D} =\rho _{f}} ∇ ⋅ {\displaystyle \mathbf {\nabla } \cdot } , Տարամիտություն D {\displaystyle \mathbf {D} } , ելէկտրականութիան ազդած տարածք ρ f {\displaystyle \rho _{f}\,} ազատ փերի փերային վտութիան (առտագին)
19,430
Դաւիթ Իշխանեան
Դաւիթ Իշխանեան (27 Դեկտեմբեր 1958(1958-12-27), Մարտունիի Շրջան, Արցախի Հանրապետութիւն), պետական-քաղաքական գործիչ, ազատամարտիկ։ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ։ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր: == Կենսագրական գիծեր == Ծնած է Մարտունի շրջանի Աշան գիւղը: 1975-1985 թուականներուն յաճախած է Աշանի միջնակարգ դպրոցը։ 1992-ին աւարտած է Ստեփանակերտի մանկավարժական հիմնարկի պատմութեան բաժանմունքը՝ «Պատմութիւն եւ իրաիագիտութիւն» մասնագիտութեամբ: Արցախեան ազատագրական պայքարի եւ կամաւորական շարժման աշխուժ մասնակից եղած է եւ 1989-1991 թուականներուն ուսանողական ջոկատի գործօն անդամ: Ամուսնացած է, ունի 3 զաւակ: == Գործունէութիւն == Ծառայած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին մէջ, եղած է Մարտունիի շրջանի թիւ 28 գումարտակի հրամանատար: Եղած է Աշանի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն, այնուհետեւ՝ Աշան համայնքի ղեկավար: 1989 թուականներուն անդամ է ՀՅԴ-ի: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչն է: 1991-1995 թուականներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի առաջին գումարման Գերագոյն խորհրդի պատգամաւոր: 1992-1995 թուականներուն՝ ծառայած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին մէջ, եղած է Մարտունիի շրջանի թիւ 28 գումարտակի հրամանատար: 1995-2000 թուականներուն՝ Աշանի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն։ 2000-2005 թուականներուն ՝ Աշան համայնքի ղեկավար: 1989-էն՝ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ։ 2007-էն առ այսօր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչն է: 2015-ի Մայիս 3-ին՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին թիւ 8 ընտրատարածքէն մեծամասնական ընտրակարգով ընտրուած է Լեռնային Ղարաբաղի վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովի պատգամաւոր: 2015-ի Մայիսէն մինչեւ 2017-ի Մարտ՝ ԱՀ Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար։ 2015-2020 թուականներուն՝ ԱԺ ելեւմտական եւ տնտեսական կառավարման հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ։ 2020-ի Մարտ 31-իմ՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին «Հայ Հեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան համամասնական ցուցակով ընտրուած է ԱՀ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի պատգամաւոր: == Պարգեւներ == Պարգեւատրուած է․ «Մարտական Խաչ» 1-ին աստիճանի շքանշանով (2012), «Մխիթար Գոշ» մետալով (2018): == Ծանօթագրութիւններ ==
8,202
Կարս
Կարս (նաեւ՝ Ղարս), քաղաք Թուրքիոյ արեւելեան մասին մէջ՝ պատմական Արեւմտեան Հայաստանի, Կարս նահանգին մայրաքաղաքը։ Հինէն ի վեր Վանանդի նշանաւոր նախարարական տան աթոռանիստն էր անիկա: Կարսի ապստամբ իշխանէն Բագրատունիները կը խլեն անոր տիրած շրջանները` ներառեալ աթոռանիստ Կարսը: Աշոտ Երկաթին (914-928) մահէն ետք, Աբաս թագաւորը (928-953), որ Կարսի կառավարիչն էր, չի տեղափոխուիր Շիրակաւան, այլ՝ մնալով Կարսի մէջ, զայն կը հռչակէ մայրաքաղաք: Թագաւորական պալատներն ու այլ շինութիւնները միջնաբերդին մէջ էին: Աբաս Կարսագետի ափին կը կառուցէ նաեւ Ս. Առաքելոց մայր եկեղեցին: Երբ Աշոտ Ողորմած արքան (953-977) մայրաքաղաքը 961-ին կը փոխադրէ Անի, անոր եղբայրը՝ Մուշեղ Բագրատունին, ինքզինք կը հռչակէ Կարսի թագաւոր: Թագաւորութեան անկումը նշուած է 1065-ին սելճուք-թուրքերու անընդհատ արշաւանքները Գագիկ Կարսեցի արքան կը հարկադրեն քաղաքը եւ շրջակայ տարածքները յանձնել Բիւզանդիոնին եւ տեղափոխուիլ Կապադովկիա: Կարսը արհեստագործութեան եւ առեւտուրի մեծ կեդրոն էր, ունէր ամրակուռ բերդ, որ աւերուած է 1877-1878 թուականներուն ռուս-թրքական պատերազմի ատեն: 1828-ին ռուսերը կը գրաւեն Կարսը, սակայն 1921-ին զայն կրկին կը յանձնեն Թուրքիոյ։ == Բնակչութիւն == == Մօտ քաղաքներ == Կարսի մօտ քաղաքներն են. Կաղապար:Country data Ատրպէյճան Գանձակ, Ատրպէյճան Գերմանիա Վեզել, Գերմանիա Կաղապար:Country data Վրաստան Քութայիս, Վրաստան Նորվեկիա Կիրքենես, Նորվեկիա Թուրքիա Պուրսա, Թուրքիա Թուրքիա Էտիրնէ, Թուրքիա == Ծանօթագրութիւններ ==
3,743
Տիգրան Կամսարական
Տիգրան Կամսարական (1866, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 4 Յունուար 1941(1941-01-04), Վիշի), հայ արձակագիր եւ հրապարակագիր, «Վարժապետին Աղջիկը» վէպին հեղինակը։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է Պոլիս, ուր ստացած է նախնական ու միջնակարգ ուսում, ապա անցած է առեւտրական ասպարէզ իբր գրագիր ու աշխատակցած՝ զանազան թերթերու։ Տիգրան Կամսարական, Պոլսոյ Գատըգիւղի Արամեան միջնակարգ վարժարանը աւարտելէ անմիջապէս ետք, 1882-ին կը մտնէ ծխախոտի արդիւնաբերութեամբ զբաղող հօրը գործին մէջ, միաժամանակ հոգեմտաւոր իր զարգացումը, գրական սնունդը առնելով Ալֆոնս Տոտէի նման ֆրանսացի իրապաշտ գրողներէ: Տիգրան Կամսարական, հազիւ քսան տարեկան, թերթերու մէջ կը հրատարակէ քրոնիկներ։ Սերտօրէն գործակցելով Ա. Արփիարեանի, Գր. Զօհրապիի եւ Հ. Ասատուրի, Տ. Կամսարական յաճախ կ՛երեւի «Մասիս»ի մէջ։ 1888-ին լոյս կ՛ընծայէ իր առաջին մեծ գործը՝ «Վարժապետին Աղջիկը» վէպը, գրուած 20 տարեկանին, որ մեծ հռչակ ապահոված է իրեն ու շատերու կողմէ կը նկատուի՝ արեւմտահայ առաջին իրպաշտ վէպը։ 1890-ականներուն սկիզբը, երբ «Արեւելք», «Հայրենիք» ու «Մասիս» թերթերուն մէջ ան հանդէս կու գայ յատկապէս թատերական գրախօսութիւններով, բազմաթիւ քրոնիկներով ու յօդուածներով, շարք մը գրական ուսումնասիրութիւններով։ այդ ժամանակաշրջանին կ՛ստեղծագործէ իր երեք լաւագոյն պատմուածքները՝ «Յարօ», «Ընկուզին Կողովը» եւ «Հովկուլ»: Համիտեան կոտորածներու՝ 1895-1896 թուականներու նախօրեակին, Կամսարական կը հաստատուի Եգիպտոս, կը շարունակէ աշխատակցիլ թէ՛ պոլսահայ եւ թէ՛ եգիպտահայ մամուլին: Եգիպտոսի մէջ ապրելու պատճառով, Կամսարական կը փրկուի 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն:Ան, Եգիպտոսի մէջ, իր եղբօր հետ կը հիմնէ կամսարական ծխախոտի գործարանը։ 1919-ին կը հաստատուի Փարիզ, ուր կը մնայ մինչեւ իր մահը։ Գրած է նաեւ արժէքաւոր պատմուածքներ՝ «Եարօ», «Հովկուլը», «Ընկուզին Կողովը», որոնք մեր գրականութեան փայլուն էջերէն են։ == Գրական-հասարակական գործունէութիւն == 1910-ին Տիգրան Կամսարական հանդէս եկաւ «Փրկանքը» խորագրեալ իրապաշտական թատրերգութեամբ, իրապաշտական հայեացքներով, Միքայէլ Կիւրճեանի հետ աշխատակցաբար: Աւելի ուշ, «Վասակին Իղձը» տրամախօսութեան ձեւով կատարուած հոգեվերլուծումի իր փորձին, տեղ կու տանք թերթիս կողքի սիւնակներուն մէջ։ Իսկ 1920-էն մինչեւ իր մահը՝ 1941, ան արդէն քաշուած էր գրական կեանքէ, սակայն իր գրական-հասարակական գործունէութիւնը ընդհանուր առմամբ համընթաց էր իր ժամանակի ոգիին: Տիգրան Կամսարականի կեանքին ու ստեղծագործութեան վերջին ժամանակներուն, 1924-էն ետք, իր քաղաքական դիրքորոշումը եղաւ դէպի Խորհրդային Հայաստան, լաւապէս ըմբռնելով արեւմտաեւրոպական դիւանագիտութեան նենգ ու փետրաթափ քաղաքականութիւնը հայ ժողովուրդի նկատմամբ: Կամսարականի գրական ժառանգութիւնը ցայսօր չէ արժանացած անաչառ ուսումնասիրութեան: Արեւմտահայ յայտնի բանասէր Թ. Ազատեանի յօդուածաշարքն ու խորհրդահայ բանասէր Գ. Ստեփանեանի «Վարժապետին Աղջիկը»վէպին առիթով գրած յառաջաբանը ցարդ կը մնան գլխաւոր աղբիւրները Կամսարականի գրական հրիտակը լոյսին բերող: == Անդամակցութիւն == 1920-ականներու վերջերը Փարիզ հաստատուելէ ետք, Տիգրան Կամսարական մաս կը կազմէ հոն Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդր. վարչութեան եւ Պօղոս Նուպար Փաշայի գլխաւորած Ազգ. պատուիրակութեան: == Երկեր == Վարժապետին աղջիկը: Պոլսական բարքեր, Կ. Պոլիս, 1888, 532 էջ: Վարժապետին աղջիկը, Կ. Պոլիս, 1921, 336 էջ: Վարժապետին աղջիկը, Գահիրէ, 1941, 400 էջ: Վարժապետին աղջիկը, Երեւան, 1956, 324 էջ: Վարժապետին աղջիկը, Պէյրութ, 1957, 320 էջ: Կամսարական Տիգրան, Չյոկյուրյան Տիգրան, Երկեր, Երեւան, 1984, էջ 28–348: == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Ալեքսան Աթթարեան, «Տիր», 1995, Հալէպ։ «Դիմաստուերներ», Հրանդ Ասատուր, 1921, էջ 251-264։ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿ ՏԻԳՐԱՆ ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ (Կ. Պոլիս, 1866 – Ֆրանսա՝ Վիշի, 4 Յունուար 1941)
4,519
Նիքոլօ Մաքիավելլի
Նիքոլօ Մաքիավէլլի (3 Մայիս 1469, Ֆլորանս - 21 Յունիս 1527, Sant'Andrea in Percussina, Ֆլորենցիայի ՀանրապետությունՖլորանս), իտալացի պատմաբան , քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ, փիլիսոփայ, մարդասէր, գրող, ով ճանչցուած է որպես հիմնադիր ժամանակակից քաղաքագիտութեան։ Ան երկար տարիներ եղած է Ֆլորենսայի հանրապետութեան պաշտօնեայ, դիւանագիտական եւ զինուորական գործերու պատասխանատուութիններով։ Ան նաեւ գրած է կատակերգութիւններ, մեծ տօնախմբութեան երգեր եւ բանաստեղծութիւններ։ Ան ճանչցուած է իբրեւ արդի քաղաքագիտութեան հայրը։ Ան եղած է Ֆլորենցիայի բարձրագոյն ատեանի ատենապետ 1498-էն 1512։ Ան գրած է իր ամենանշանաւոր գիրքը Արքայազն 1513-ին, երբ մետիչիները վերականգնեցին իրենց իշխանութիւնը ան այլեւս Ֆլորենցիայի իշխանութեան մէջ պաշտոն չէ ստանցնած։ ինք եղած է ուժեղ ղեկավար, ով կը մտածեր թէ ղեկաւար մը խիստ պէտք է վարուի իր հպատակներուն հետ եւ թշնամիները ամենայն հաւանականութեամբ ազդուած եղած են Իտալական Քաղաք-պետութիւններէն, որ խոցելի եղած են անմիաբան ըլալու պատճառով հակառակ երկիր պետութիւններու ինչպէս Ֆրանսիան: Մաքավելանիզմը լայնօրէն օգտագործուող բացասական բնութագրում է այն քաղաքական գործիչներու որոնք անբարեխիղճ են ինչպէս բացատրուած է Արքայազն գրքին մէջ։ Այս գիրքը ինքնին մեծ համբաւ մը ձեռք բերած է, քանզի ընթերցողները հաւաստիացուցած են որ գրագէտը սորվեցուցած եւ սատարած է չար եւ անբարոյ վարքագիծ։ Այդ պատճառով Մաքավելլական եզրը յաճախ կապուած է խաբէութեան, փառասիրութեան, եւ դաժանութեան հետ։ Թէեւ Մաքավելլի ամենայն հաւանականութեամբ միայն օգտագործած է որպէս ձեւական գործիք որպէսզի գրաւէ ընթերցողներուն ուշադրութիւնը ցոյց տալու համար անոնց ղեկաւարներու գործածած արհեստիցները։ == Ծանօթագրութիւններ ==
277
1614 թուական
1614 թուական, ոչ նահանջ տարի, 17րդ դարու 14րդ տարին է: == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1614 ծնունդներ Ոսկան Երեւանցի (նաեւ՝ Ջուղայեցի, մ.1674, Մարսէյ), տպագրիչ, լեզուաբան == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1614 մահեր Էլ Կրէքո (սպ.՝ El Greco, ծն.1541), սպանացի նկարիչ
522
1811 թուական
1811 թուական, ոչ նահանջ տարի, 19րդ դարու 11րդ տարին == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1811 ծնունդներ Անյայտ օրով՝ Կէորկի Էրիսթաւի (վրաց.՝ გიორგი ერისთავიմ.1864), վրացի գրող, թատերագիր, թարգմանիչ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1811 մահեր == Ծանօթագրութիւններ ==
4,037
Հարաւափրիկեան Իզիքօ Թանգարան
Իզիքօ (Հարաւափրիկեան իզիքօ-թանգարան, անգլ.՝ Iziko South African Museum), Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան ազգային թանգարան, որ տեղակայուած է Քէյփթաունի կեդրոնը` Քամփանի Կարտէնի (Company’s Garden) տարածքին: Իզիքօ քոսա լեզուով կը նշանակէ "օջախ, ընտանիք": == Պատմութիւն == Թանգարանը հիմնադրուած է 1825-ին լորտ Չարլզ Սոմերսեթի կողմէ` դառնալով երկրորդ գիտահետազօտական հաստատութիւնը երկրին մէջ: 1897-էն կը գտնուի իր ներկայի տեղը Քամփանի Կարտէնի մէջ: Ունի Ափրիկէի մէջ խոշորագոյն ցուցադրութիւնները կենդանաբանութեան, հնաբանութեան եւ հնագիտութեան բնագավառին մէջ: 20-րդ դարու վերջը թանգարանի բազայի վրայ ստեղծուած է թանգարանային համալիր, որու մէջ միաւորուած են Քէյփթաունի քանի մը այլ թանգարաններ: Լայնօրէն յայտնի է նաեւ որպէս կրթական եւ լուսաւորչական հաստատութիւն, որու թանգարանային հաւաքածոները կ՛ընդգրկեն Հարաւային Ափրիկէիի կեանքի անհետացած եւ ներկայիս գոյութիւն ունեցող ցուցանմուշներ, բնիկ ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան առարկաներ, որոնք կ՛ուսումնասիրեն գիտնականներու եւ ուսանողներու կողմէ եւ կ՛օգտագործեն հասարակական լուսաւորչական միջոցառումներու եւ ցուցահանդէսներու կազմակերպման նպատակով: Թանգարանային համալիրի կազմին մէջ կը գործէ նաեւ ժամանակակից աստղադիտարան: Տարեկան թանգարան կ՛այցելեն մօտաւորապէս 400 հազար հոգի: Կը համարուի Քէյփթաուն քաղաքի զբօոսաշրջային, տեսարժան վայրերէն մէկը: Կը ֆինանսաւորուի ՀԱՀ Գեղարուեստական մշակոյթի գիտութեան եւ սարքաւորումներով բաժին ամենամեայ դրամաշնորհի հաշուին: Հետազօտութիւնները եւ այլ ծրագրերը կ՛իրականացուին հետազօտական կազմակերպութիւններու եւ Քէյփթաուն քաղաքի ելեւմտացոյցի միջոցներու, իսկ առանձին պարագաներու նաեւ մասնաւոր հանգանակութիւններու հաշուին: == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Պաշտօնական կայք
16,051
Ծնողներու Օր
Ծնողներու օր, տօն, որ կը նշուի ԱՄՆ-ի, Հնդկաստանի, Քոնկոյի եւ այլ երկիրներու մէջ: == Տօնը ԱՄՆ-ի մէջ == ԱՄՆ-ի մէջ ծնողներու օրը կը նշուի Յուլիս ամսուն չորրորդ Կիրակի օրը։ ԱՄՆ-ի մէջ տօնը սկսած են նշել 1994-էն, տօնի հիմնադիրը կը համարուի Պիլ Քլինթօնը։ Տօնի հիմնական խորհուրդը այն է, որ երեխաներն ալ աւելի ջերմօրէն կապուին իրենց ծնողներուն հետ եւ ալ աւելի արժեւորեն անոնց իրենց կեանքին մէջ։ Այդ օրը երեխան(ներ) կը փորձեն իրենց ծնողներուն համար գեղեցիկ ճաշկերոյթ կազմակերպել։ == Տօնը Հնդկաստանի մէջ == Հնդկաստանի մէջ ծնողներու օրը կը նշուի 24 Յուլիսին: == Տօնը Քոնկոյի մէջ == Քոնկոյի մէջ ծնողներու օրը կը նշուի 1 Օգոստոսին: == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Ծնողներու օր տօնի խորհուրդը Սպիտակ տան մամլոյ հաղորդագրութիւնը 23 Յունիս 2006-ին կը յայտարարէ ծնողներու օր Ծնողներու օրուան մասին եւրոպական կայքը` գերմաներէն լեզուով
3,623
Արամ Խաչատուրեան
Արամ Խաչատրյան (6 Յունիս 1903(1903-06-06), Թիֆլիս, Թիֆլիսի նահանգ, Ռուսական ԿայսրութիւնԿոջոր, Թիֆլիսի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 1 Մայիս 1978(1978-05-01)[…], Մոսկուա, ՌԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն[…]), հայ երգահան, խմբավար, մանկավարժ, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ 1954), ՀԽՍՀ ԳԱ կաճառի անդամ (1963), ռուսական ստեղծագործական դպրոցի եւ հայ դասական երաժշտութեան ներկայացուցիչ, որ ճանչցուած է որպէս՝ համաշխարհային դասական։ Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է ցարական Թիֆլիսի մէջ՝ Կովկասի մշակութային բազմազգ մայրաքաղաքին մէջ, ապա 1921 թուականին տեղափոխուած է Մոսկուա։ Առանց սկզբնական երաժշտական գիտելիքներ ունենալու, ընդունուած է Գնեսինի պետական երաժշտական հիմնարը, միաժամանակ սորվելով Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ։ Առաջին մեծ գործը եղած է «Դաշնամուրի կոնցերտը» (1936), որմով յայտնի դարձած է ան ԽՍՀՄ սահմաններէն դուրս։ Ժամանակակիցներու խօսքերով՝ Խաչատրեանի ոճը կը բնութագրուի գունագեղ ներդաշնակութեամբ, թովիչ ռիթմերով, գեղագիտութեամբ եւ զգացական մեղեդիներով։ Խաչատրեանը 20-րդ դարու ամենաճանչցուած հայ երգահանն է, ինչպէս նաեւ առաջին հեղինակը հայկական` թատերապարի ballet, համերգական, նուագահանդէսի եւ ֆիլմի երաժշտութեան։ Հետեւելով ռուսական երաժշտութեան սովորութիւններուն, ան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ լայնօրէն օգտագործած է հայկական եւ կովկասեան, արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներուն ազգային երաժշտութիւնը։ == Կեանքն ու գործունէութիւն == === Կեանքի սկզբնական շրջան (1903–1921) === Արամ Խաչատեան ծնած է 6 Յունիս 1903-ին (24 Մայիս), Թիֆլիս ( Վրաստան)։ Որոշ աղբիւրներ, Խաչատուրեանի ծննդավայր կը յիշատակեն Թիֆլիսի մօտ գտնուող Կոջորի արուարձանը (այժմ կցուած է Վրաստանի Գարդաբանի քաղաքապետարանին)։ Արամ Խաչատրեանի ծնողները հինաւուրց Գողթան գաւառէն են, որ պատմահայր Մովսէս Խորենացին գովերգած է իբրեւ շնորհալի երգիչ-երաժիշտներու հայրենիք։ Հայրը՝ Եղիան, ծնած է Օրտուպատի մօտակայքը (ներկայիս Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն, Ազրպէյճան) եւ 13 տարեկանին Թիֆլիս տեղափոխուած է։ 25 տարեկանին կազմարարական աշխատանքներով զբաղուող խանութի տէր կը դառնայ։ Մայրը՝ Ղումաշ Սարգիսովնա, ծնած է Ներքին Ազա գիւղին մէջ։ Խաչատրեանի ծնողները նշանուած եղած են՝ նախքան զիրար ճանչնալը, երբ դեռ Ղումաշը 9 տարեկան էր, իսկ Եղիան՝ 19 (ժամանակին բաւական ընտանիքներ այս սովորութիւնը ունէին․ փոքր տարիքէն նշանել իրենց զաւակը ծանօթ ընտանիքի զաւակին հետ)։ Անոնք ունեցած են 5 զաւակ՝ մէկ աղջիկ եւ չորս տղայ։ Կազմարար Եղիային ընտանիքը կը բնակի Թիֆլիսի Կոջորի արուարձանին մէջ։ Գեղարուեստական պատմութեամբ հարուստ այդ հինաւուրց քաղաքին մէջ ստացած երաժշտական տպաւորութիւնները տան մէջ կ'ամբոցջանան՝ քաղցրահնչուն մեղեդիներով։ Արամին եղբայրները նոյնպէս շնորհալի են։ Սուրէն Խաչատրեան Մոսկուայի մէջ թատերական մեծ գործիչ կը դառնայ, Լեւոնը՝ լաւ պարիթոն եւ յայտնի երգիչ, Վաղինակը՝ յաճախ հանդէս կու գայ սիրողական ներկայացումներով։ Անոնց զաւակները նոյնպէս արուեստով կը զբաղին։ Սուրէնին որդին՝ Կարէն Խաչատրեանը, Մոսկուայի մէջ անուանի երգահան կը դառնայ, Վաղինակին աղջիկը Լէյլա Խաչատրեանը՝ դերասանուհի Երեւանի Ռուսական թատրոնին մէջ, Լեւոնի որդին՝ Էմին Խաչատրեանը, նշանաւոր խմբավար։ Ապագայ երգահանը, նախ կ՛ուսանի Ա. Արղութեան-Դոլգորուկովայի վարժարանին մէջ, ուր հետաքրքրութիւն կը ցուցնէ անուանի գրող Ղազարոս Աղայեանին որդիին՝ Մուշեղ Աղայեանին վարած երգի դասերուն։ 10 տարեկանին, նախնական կրթութիւն ստանալու համար կ՛ընդունուի Թիֆլիսի առեւտրական արհեստավարժարանը, ուր փողային նոագախմբին մէջ շեփոր կը նուագէ ։ Անյաղթահարելի է պատանի Արամին սէրը երաժշտութէան նկատմամբ։ Անընդհատ կ՛երգէ, հանրայայտ մեղեդիներու յանկարծանուագումներ կը կատարէ՝ միշտ զգալով երաժշտական կրթութեան պակասը։ 1921-ի աշնան, արդէն ճանցուած արուեստագէտ դարձած Սուրէն Խաչատրեանը, կրտսեր եղբայրը կը տանի Մոսկուա՝ ուսում ստանալու։ Հոն, ան բժշկութեան եւ երկրաչափութեան ասպարէզներուն երկընտրանքի միջեւ կը տատանի։ 1915 թուականին, թրքական ներխուժման սարսափին տակ, պատանի Արամ Խաչատրեանին ընտանիքը լքելով ամբողջ իր ունեցածը, կը գաղթէ Էկաթերինոտար (Քրասնոտար)՝ Խաչատրեանին մեծ եղբօր մօտ։ Սակայն թրքական զօրքերը Թիֆլիս չեն ներխուժեր եւ ընտանիքը կը վերադառնայ տուն։ 19-րդ դարուն եւ 20-րդ դարու սկզբը, ամբողջ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ Թիֆլիսը ըլլալով ամենամեծ քաղաքը եղած է վարչական կեդրոն եւ հոն զարգացած են տարբեր տարբեր մշակոյթներ։ Ունեցած է հայկական մեծ համայնք եւ դարձած է Հայկական մշակոյթի կեդրոն մինչեւ ռուսական յեղափոխութիւնը։ 1952-ին «Երաժշտութեան մէջ ֆոլք տարրերը իմ գաղափարը» նիւթով, Խաչատրեան նկարագրած է քաղաքին շրջակայքը եւ անոր ազդեցութիւնը իր ասպարէզին վրայ։ Ա․ Խամաշխարհային Պատերազմի աւարտին, տարածքաշրջանին մէջ կը կատարուին քաղաքական մեծ փոփոխութիւններ․ 1917 թուականին Ռուսիոյ Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը, Պատմական Հայաստանի արեւելեան մասին թրքական արշաւանքի դիմադրում, Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատում եւ երկու տարի ետք՝ նորաստեղծ Հայաստանին խորհրդայնացում։ Խաչատրեան մշտապէս համայնավարութեան ջատագովը եղած է ու հաւատամքով՝ անաստուած։ Երբ անոր հարցուցած են Վատիկան կատարած այցելութեան մասին, ան պատասխանած է. === Երաժշտութեան մասնագիտութեան կրթութեան տարիներ (1922–1936) === 1921 թուականին տասնութամեայ Խաչատրեան կը տեղափոխուի Մոսկուա՝ աւագ եղբօր Սուրէնի մօտ։ Վերջինս կ՝ աշխատէր Մոսկուայի արուեստներու թատրոնին մէջ, իբրեւ վարիչ բեմադրող։ Մոսկուայի մէջ եղբօր աշխատանքէն ներշնչուած՝ Խաչատրեան կը մտնէ երաժշտութեան հրաշալի աշխարհը։ Ան 1922 թուականին կը յաճախէ Կնեսինի պետական երաժշտական գոլէճը՝ միաժամանակ ուսանելով Մոսկուայի համալսարանին մէջ կենսաբանութիւն։ Ան սկիզբը Սերկեյ Պիչքովի, այնուհետեւ Անտրէյ Պորուսեակի մօտ կ՝ ուսանի թաւջութակ։ 1925 թուականին Միխայէլ Կնեսինը հիմնարկին մէջ կը հիմնէ երգահաններու դասարան, որուն կը միանայ նաեւ Խաչատրեանը։ Խաչատուրեան ուսումը կը շարունակէ Ռայնհոլտ Կլիերէի մօտ։ Միաժամանակ, 1926 թուականին կը գրէ իր առաջին գործերը՝ Dance Suite ջութակի եւ դաշնակի համար(1926) եւ Poem in C Sharp Minor (1927)։ Սկզբնական աշխատանքներուն արդէն Խաչատրեանը լայնօրէն կ՝ օգտագործէ հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն։ 1929 թուականին Խաչատրեանը կ՝ ընդունուի Մոսկուայի երաժշտանոցը, ուր Նիկոլայ Մյասքովսքի մօտ երգահանութիւն կ՛ուսանի իսկ Սերկէյ Վասիլենքոյի մօտ՝ խմբավարութիւն։ Երաժշտանոցը կ՝ աւարտէ 1934 թուականին եւ աւարտական աշխատանքը կը պաշտպանէ 1936 թուականին։ === Ասպարէզի Սկիզբ եւ հարուստ ստեղծագործութեան շրջան (1936–1948) === 1935 թուականին Խաչատուրեան Մոսկուայի Երաժշտանոցը կ՛աւարտէ ներկայացնելով հայկական ազդեծութեամբ (Առաջին ներդաշնակութիւն ) յօրինումը։ Այս աշխատութիւնը նշանաւոր խմբավարներու ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ շուտով խորհրդային լաւագոյն նուագախմբերուն կողմէն կը կատարուի։ Շոսթաքովիչը կը հիանայ այս ստեղծագործութեամբ։ 1936 թուականին՝ Երաժշտանոցը աւարտած, կը սկսի Խաչատրեանի ստեղծագործական աշխոյժ ասպարէզը։ Ան, նոյն տարին կը գրէ իր առաջին մեծ գործը՝ «Դաշնամուրի սիմֆոնիքը (Ններդաշնակութիւնը)», որուն յաջողութիւնը զայն կը հաստատէ իբրեւ Խորհրդային Միութեան յարգուած երգահան։ Այս ստեղծագործութիւնը մեծ ճանաչում կը գտնէ Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ալ դուրս ուր անուն կը հաստատէ եւ հանրածանօթ կը դառնայ։ 1936-1947 թուականներուն Խաչատրեան կը գրէ երաժշտութիւն՝ թատերական երաժշտութիւն, ներկայացումներու եւ ֆիլմերու համար, ինչպէս նաեւ երգեր, եկեղեցական երաժշտութիւն եւ սիրուած «Ջութակի նուագահանդէսը», 1946 թուականին՝ «Երկրորդ սիմֆոնիան», 1943 թուականին՝ «Թաւ ջութակի եւ սիմֆոնիկ նուագախումբի համար» նուագահանդէսը, 1946 թուականին՝ «Երրորդ սիմֆոնիան» եւ 1947 թուականին՝ «Բանաստեղծական «poetic» սիմֆոնիան»։ Ան, 1940-ականներուն կը շրջի ամբողջ Խորհրդային Միութիւնը՝ Լենինկրատ (Ս․ Փեթերսպուրկ), Քիեւ, Երեւան, Թիֆլիս, Սոչի, Խարքով։ 1950 թուականին, Հռոմէն կը սկսի իր համաշխարհային շրջագայութիւնը։ Յետագայ տարիներուն կը շրջի 42 երկիր։ Իր շրջագայութիւններուն ընթացքին ան կը հանդիպի բազմաթիւ հանրածանօթ մշակոյթի գործիչներու՝ Յ. Սիպելիուսի (Jean Sibelius), Է. Հեմինկուէյի (Ernest Miller Hemingway), Չ. Չափլինի (Charles Chaplin), Ս. Տալիի (Salvador Dalí) հետ։ Իր դաշնամուրի նուագահանդէսը եւ յաջորդող երկու այլ նուագահանդէսները՝ Ջութակի նուագահանդէս (1940 թուականին, որուն համար ան կ՛արժանանայ պետական մրցանակի - յետագային՝ ստալինեան մրցանակ, որ կը համարուէր Խորհրդային Միութեան ամենաբարձր պարգեւը) եւ Թաւ ջութակի նուագահանդէսը (1946), յաճախ՝ մեծ շարք կը համարուին ։ «Ջութակի Նուագահանդէսը» կը ստանայ համաշխարհային ճանաչում եւ միջազգային երաժշտացանկին մաս կը կազմէ։ Առաջին անգամ կը կատարուի Տէյվիտ Օյսթրախի կողմէն։ Խաչատրեան ԽՍՀՄ Երգահաններու միութեան մէջ կը վարէ կարեւոր պաշտօններ․ 1937 թուականին՝ Մոսկուայի բաժինի փոխնախագահ, իսկ 1939-1948 թուականներուն՝ կը ծառայէ իբրեւ կազմակերպչական կոմիտէի նախագահի տեղակալ։ 1943 թուականին ան կը միանայ Կոմունիստական կուսակցութեան։ 1940-ականներու ընթացքին ան ի օգուտ խորհրդային երաժշտութեան կերտման, կ՝ օգտագործէ այդ պաշտօնը՝ մշտապէս ուշադրութիւն դարձնելով միայն լաւագոյն ստեղծագործութիւններուն վրայ։ Հետեւաբար իբրեւ արգասիք իր յուշագրութիւններուն մէջ կ՛արտայայտէ իր հպարտութիւնը՝ ղեկավարելու հիմնարկ մը, որ կը համակարգէ Խորհրդային Միութեան բոլոր պետութիւններուն մէջ երաժշտութեան տարբեր տեսակներու ստեղծագործական աշխատանքները։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին նախորդող եւ յաջորդող տարիները Խաչատրեանին համար արդիւնաբեր կ՛ըլլան։ 1939 թուականին ան վեցամսեայ ճամբորդութիւն կը կատարէ դէպի Հայաստան՝ իր առաջին Թատերապարի համար հայկական ժողովրդական երաժշտութեան խոր հետազօտութեան եւ ժողովրդական երգերու ու պարերու մեղեդիներ գտնելու նպատակով։ Յօրինած Պալեթը (թատերապարը) կը կոչուի «Երջանկութիւն»։ Հայաստանի մշակոյթին հետ իր շփումը եւ երաժշտական փորձը, յետագային ինքը համարած է իր երկրորդ Երաժշտանոցը։ Ան կը սերտէ, կը լսէ ու կը տեսնէ բազմաթիւ նորութիւներ՝ միեւնոյն ժամանակ հայերու ճաշակն ու գեղարուեստական պահանջքներուն վերաբերեալ ունենալով ենթադրեալ կարծիք, 1942 թուականին՝ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի թէժ (վառ) պահուն, ան կը վերամշակէ «Գայանէ» պալէթը։ Առաջին անգամ անիկա կը կատարուի Բերմ՝ Քիրովի թատերապարի (այսօր՝ Մարիինսքի թատրոնի պալէթի դահլիճ) բեմին վրայ, երբ Լենինկրատը պաշարման մէջ է։ Խաչատրեան մեծ յաջողութիւն կ՝ ունենայ եւ կ՝ արժանանայ Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակին։ 1943 թուականին ան կը գրէ «Երկրորդ ներդաշնակութիւն»ը ձօնուած Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան 25-րդ տարելիցին։ Միխայիլ Լերմոնտովի «Դիմակահանդէս» ներկայացման հիման վրայ կը գրէ մէկ գործողութիւնով բաղկացած համանուն երաժշտութիւն, ներդաշնակ հաւաքակազմ՝ ռուսական շքեղ դասական երաժշտութեան աւանդոյթներով։ Ե՛ւ «Գայանէ» պալէթը ե՛ւ «Երկրորդ ներդաշնակութիւն»ը կը յաջողին ու ջերմօրէն կ՛ընդունուին Շոստակովիչի կողմէ։ 1944 թուականին Խաչատրեան կը յօրինէ Հայկական ԽՍՀ օրհներգը։ === Քննադատութեան շրջան (1948) === 1947 թուականի Դեկտեմբերի կէսին շարժման եւ քարոզչութեան բաժինէն (յայտնի որպէս շարժումը տարածելու ջանք եւ ծաւալում) Խորհրդային Միութեան կոմունիստական կուսակցութեան քարտուղար Անտրէյ Ժտանովին, խորհրդային երաժշտութեան զարգացման գործընթացին թերութիւններուն մասին փաստաթուղթ կը ներկայացնէ։ 1948 թուականի Յունուար 10-էն 13, Քրեմլինի մէջ ներկայութեամբ 70 երաժիշտներու՝երգահաններ, նուագախումբի վարիչներ կամ ղեկավարներ եւ այլ գործիչներ, կը կայանայ խորհրդաժողով, ուր ներկաները կը հակասեն Ժտանովին։ Այսպիսով, Խաչատրեան եւ վերոնշեալ ծանօթ երգահանները կոմունիստական կուսակցութեան կողմէն կը մեղադրուին իբրեւ երաժշտական ձեւապաշտութեան (formalism) ենթադրեալ հետեւորդներ (երաժշտութեան տեսակ, որ համարուած է հասարակութեան չափէն դուրս ժամանակակից կամ դժուար բաւականութիւն պատճառելու համար), իսկ անոնց երաժշտութիւնը կը կոչուի «հակաժողովրդական»։ 1947 թուականին յօրինուած «Ներդաշնակ բանաստեղծութիւն»ը, որ յետագային կը կոչուի «Երրորդ ներդաշնակութիւն», կուսակցութեան շրջանակին մէջ պաշտօնապէս Խաչատրեանը համբաւի կ՛արժանանայ։ Իբրեւ հեգնանք՝ ան կը գրէ «Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան» 30-ամեակին նուիրուած գործը եւ կ՝ ըսէ. Երաժշտագէտ Պլէյր Ճոնսթըն համոզուած է, որ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը կը պարունակէ շատ քիչ անընդունելի յատկանիշներ, եթէ իսկապէս կը պարունակէ, որոնց կը հանդիպինք իրմէ աւելի արկածախնդիր գործընկերներու երաժշտութիւններուն մէջ։ Թէպետեւ իր երաժշտութիւնը այդպէս չէ, բայց շատ հաւանական է, որ խորհրդային երգահաններու Միութեան մէջ Խաչատրեանի վարչական դերը ղեկավարութեան կողմէն ընկալուած ըլլայ իբրեւ քաղաքականապէս սխալ երաժշտութեան հանգրուան, որ 1948 թուականին իրեն մտցուց սեւ ցուցակին մէջ։ «Կը պատժեն» զայն Հայաստան ուղարկելով։ 1948 թուականի Մարտ ամսուն Խաչատրեան Ժտանովի հրամանագրէն ետք իր գեղարուեստական «սխալներուն» համար ներողութիւն կը խնդրէ, սակայն իր երաժշտական ճաշակը փոփոխութիւններու չենթարկեր։ 1948 թուականի Դեկտեմբերին Լենինի մասին կենսագրական իր ֆիլմին շնորհիւ իրեն ներում կը շնորհուի։ === Գործունէութիւն, ստեղծագործութիւն եւ համաշխարհային ճանաչում (1950–1978) === 1950 թուականին «Ստալինկրատի ճակատամարտ»ը The Battle of Stalingrad (1949 թուական) ստեղծագործութեան համար կը պարգեւատրուի ԽՍՀՄ բարձրագոյն Ստալին մրցանակով։ Նոյն տարին թուականին Խաչատրեան կը սկսի իր խմբավարական գործունէութիւնը։ Ալմա մատըրի (մայր կրթօճախ) մէջ կը սկսի դասաւանդել երգահանութեան արուեստը (երգահանութիւն)։ 1951 թուականէն սկսեալ կը դասաւանդէ Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ։ Իր ուսանողներէն շատեր կը դառնան նշանաւոր եւ հանրաճանաչ։ Համալսարանի ուսուցչապետ աշխատած տարիներուն, Խաչատրեանը իր ուսանողներուն մօտ կ՝ ընդգծէ ժողովրդական երաժշտութեան դերը եւ անոնց մէջ կը սերմանէ այն գաղափարը, որ երգահանները պէտք է կատարելագործեն իրենց ազգային երաժշտական ժառանգութիւնը։ 1950 թուականին ան կը սկսի աշխատիլ իր երրորդ եւ վերջին թատերապարի՝ «Սպարտակ»ի (1950-1954) վրայ, որ յետագային կը համարուի իբրեւ իրեն միջազգային ճանաչումի արժանացուցած վերջին աշխատանքը։ 1954 թուականին կը ստանայ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտի կոչում։ «Սպարտակ» թատերապարը կը վերամշակուի 1968 թվականին։ 1956 թուականի Դեկտեմբեր 27-ին Խաչատրեանին յայտնի «Սպարտակ»-ը կը բեմադրուի Կիրովի բեմին վրայ։ Խաչատրեանի 70-ամեակը պաշտօնապէս կը նշուի Մոսկուայի եւ Երեւանի մէջ։ «Սպարտակ» թատերապարի յաջողութիւններէն ետք, կեանքին մնացեալ տարիները աւելի քիչ կը տրամադրէ երաժշտութիւն գրելուն եւ աւելի շատ կը զբաղի դասաւանդելով, ճամբորդելով, դիւանակալութեամբ եւ կազմակերպչական աշխատանքներով։ Ան, 1958 թուականէն Լատին Ամերիկայի երկիրներուն հետ բարեկամութեան եւ մշակութային համագործակցութեան խորհրդային ընկերութեան նախագահի պաշտօնին վրայ կը ծառայէ եւ 1962 թուականէն՝ խորհրդային խաղաղութեան կոմիտէի անդամ։ Խաչատրեան իր սեփական ստեղծագործութիւնները ընդգրկող համերգներով կը շրջագայի աւելի քան 30 երկիրներ, որոնց մէջ ներառեալ են արեւելեան դաշինքի պետութիւնները․ Իտալիա (1950), Մեծն Բրիտանիա (1955, 1977), Լատին Ամերիկա (1957), Միացեալ նահանգներ (1960, 1968) եւ Յունաստան, Հոլանտա եւ եւրոպական այլ երկիրներ։ 1968 թուականին մշակութային նշանակալի ուղեւորութիւն կ՝ ունենայ դէպի Ուաշինկթըն՝ ղեկավարելով ազգային սիմֆոնիք նուագախումբը՝ իր իսկ ստեղծագործութիւններէն բաղկացած կտորներով։ 1957 թուականէն մինչեւ մահը, Խաչատրեան կրկին կը շարունակէ ծառայել որպէս ԽՍՀՄ Երգահաններու քարտուղար։ Ան նաեւ պատգամաւոր է Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին 5-րդ գումարման (1958–1962)։ Իր կեանքի վերջին քսան տարիներուն Խաչատրեան գրած է երեք համերգային «հագներգութիւն»՝ ջութակի համար (1961-1962), թաւ ջութակի համար (1963), դաշնամուրի համար (1965) եւ մեներգ «սոնաթներ» (sonata) հատանուագներ կամ նուագերգութիւններ թաւ ջութակի, ջութակի եւ ալթոյի նուագակցութեան համար (1970-ականներ)։ Իր վերջին ստեղծագործութիւնները յաճախ կը քննադատուին իբրեւ կրկնուող եւ ելեկտրական։ Խաչատրեան նկատի ունէր գրելու թատերգրութիւն մը նուիրուած աշուղ Սայեաթ-Նովային, սակայն մահը վրայ կը հասնի 75-րդ տարետարձէն ամիս մը առաջ։ Խաչատրեան կը մահանայ Մոսկուա 1978 թուականի Մայիս 1-ին՝ իր 75 ամեակի շէմին։ Ան թաղուած է Մայիս 6-ին Երեւան՝ «Կոմիտասի անուան պանթէոն»՝ հայազգի այլ մեծերու՝ Կոմիտասի, Ա. Իսահակեանի, Մ. Սարեանի կողքին։ Ան ապրած է իր որդիի՝ Կարէնի, դուստր՝ Նունէի, եւ եղբօրորդի՝ Կարէն Խաչատրեանի հետ, որ նաեւ երգահան է։ === Անձնական կեանք === Ամուսնացած է երկու անգամ։ Առաջին կնոջ հետ Արամ Խաչատրեան կը ծանօթանայ 1920-ական թուականներու վերջը․ անոր հետ կնքած ամուսնութենէն կը ծնի դուստրը՝ Նունէն։ Կ՝ ամուսնալուծուի իր կնոջմէն, որպէսզի 1933 թուականին ամուսնանայ Մյասքովսքիի խումբին մէջ աշակերտակից Նինա Մաքարովայի հետ։ 1940-ին կը ծնի որդին՝ Կարէնը։ == Երաժշտութիւնը == Խաչատրեանի աշխատանքները կ՝ ընդգրկեն թատերապարեր, ներդաշնակութիւններ (սիմֆոնիաներ), նուագահանդէսներ, ֆիլմերու երաժշտութիւններ եւ այլն։ Երաժշտական քննադատ Էդուարդ Կրինֆիլտն այն կարծիքը յայտնած է, որ Խաչատրեան նշանակալի կերպով կը փայլի խորհրդային ժամանակակիցներու շրջանին՝ ստեղծելով յստակօրէն ճանաչելի ոճ․ բան մը, որ իր նախորդները ի վիճակի չեղան կատարելու: Ան իր ստեղծագործութիւններուն մեծ մասը ստեղծած է 10 տարուան ընթացքին՝ 1936-1946 թուականներուն, երկրորդ համաշխարհային պատերազմի նախորդող եւ յաջորդող տարիներուն։ 1948 թուականի դատապարտումէն եւ իր պաշտօնական վերականգնումէն ետք Խաչատրեան կեանքին վերջին 30 տարիներու ընթացքին արժանացած է միջազգային ճանաչման : Ըստ Ճէյմս Պաքսթի՝ Խաչատրեանին կը զատորոշուի մնացեալ խորհրդային երգահաններէն, անոր մշակած ազգային հայկական ձայնային եւ գործիքային ժամանակակից նուագախմբային հմտութիւններու միախառնումն է։ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը կը բնութագրուի աշխոյժ կշռական զարգացմամբ, որ արդիւնքն է հիմնական բանաձեւի սոսկ կրկնութեան եւ կա՛մ այս բանաձեւի ծիրին մէջ շեշտի խաղին: === Ստեղծագործութիւններ === ==== Թատերապարեր ==== Խաչատրեան միջազգային ճանաչում ստացած է թատերապարի ballet երաժշտութեան համար: Անոր երկրորդ թատերապարը՝ «Գայանէ»ն, հիմնովին վերամշակուած է բաղդատաբար «Երջանկութիւն» թատերապարին: Ըստ Ռ. Ատալեանի՝ Գայանէն եւ Սպարտակը անոր ամենայաջող ստեղծագործութիւններն են: Ըստ Ճոնաթան ՄաքՔոլլումի եւ Էնտի Ներսէսեանի՝ Խաչատուրեանի երաժշտութիւնը այս երկու թատերապարերուն համար կրնան ամենայն վերապահութեամբ դասուիլ հանրածանօթ դասական երաժշտութիւններու շարքին. փաստ, որ ասոնք հաւանաբար միակ գործերն են, որոնց միջոցով աշխարհը իսկապէս կը տեղեկանայ հայկական երաժշտութեան մասին: Էն Հասքինսը «LA Weekly» շաբաթաթերթին մէջ, այն կարծիքը յայտնած է որ Խաչատրեան իր անջնջելի հետքը ձգած է աշխարհի թատերապարին վրայ: «Սպարտակը» ճանչցուեցաւ այն ժամանակ, երբ 1970-ականներուն BBC հեռատեսիլի կայանը օգտագործեց իր կողմէ նկարահանուած թատերագրութեան հաղորդաշարերուն մէջ: Անոր գագաթնահայեցութիւնը օգտագործուած է նաեւ «Կալիկուլա» (1979) եւ «Սառցէ Դարաշրչանը. Հալոցք» (2006) շարժանկարներուն մէջ: Ճոէլ Քոէնի «The Hudsucker Proxy» («Հատսաքըրի Փոխանորդը», 1994) շարժանկարին մէջ նոյնպէս հնչած են «Սպարտակի» եւ «Գայանէ»ի (նաեւ «Սուրերով Պարը») երաժշտութիւնները: «Գայանէ»ի «Ատաճիոն» օգտագործուած է Սթենլի Քուպրիքի 1968 թուականին «2001 Թուականի Տիեզերական Ոդիսականը» շարժանկարին մէջ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ շարժանկարներու մէջ:Khachaturian wrote incidental music for several plays, including Macbeth (1934, 1955), The Widow from Valencia (1940), Masquerade (1941), King Lear (1958). He produced around 25 film scores. Among them is Pepo (1935), the first Armenian sound film. == Ծանօթագրութիւններ ==
597
188 (թիւ)
188 (հարիւր ութսունութ) զոյգ եռանիշ բնական թիւ է 187-ի եւ 189-ի միջեւ == Յատկութիւններ == A007770 ուրախ թիւ է երկու քառակուսիներու գումար է՝ 188=482-462 հռովմէաբար գրութիւնը (CLXXXVIII) երկնիշայինէն (10111100) աւելի երկար է կիրառութիւններ 188 Մէնիփէ աստեղնեակի կարգային թիւն է Alt + 188 -ի գործադրումով կը ստացուի ╝ նշանը Տարուայ 188րդ օրն է Յուլիս 7-ը (նահանջ տարիներուն՝ Յուլիս 6-ը) == Ծանօթագրութիւններ ==
4,865
Ստեփան Յակոբեան
Ստեփան Յակոբեան (1851, Կ. Պոլիս - 15 Մարտ 1917), հայ բժիշկ։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է 1851 թուականին Կոստանդուպոլսոյ մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Կ. Պոլսոյ՝ Գուզկունճուք թաղամասի, միջնակարգ վարժարանին մէջ (իտատիէ): Ապա՝ Գումգափու թաղամասի Պէզճեան դպրոցին մէջ։ 1874 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական վարժարանը։ 1874-77 թուականներուն՝ որպէս զինուորական բժիշկ, ծառայած է Օսմանեան կայսրութեան դանուբեան նահանգներուն մէջ ու մասնակցած Սերպիական պատերազմին։ 1877-1917 թուականներուն՝ 40 տարի, Կ. Պոլսոյ Գատըգիւղ թաղամասի, Մոտայի հիւանդանոցի բժիշկ եղած է։ Այդ ընթացքին կատարելագործման կարճատեւ դասընթացքներու հետեւած է՝ Փարիզի եւ Վիեննայի մէջ։ Եղած է Ընկերութեանց տնօրէններու ժողովի անդամ եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի Ուսումնական խորհուրդի անդամ։ Տասը տարի Գատըգիւղի Արամեան վարժարանի հոգաբարձու եղած է ։ Գիտաբժշկական եւ գիտահանրամատչելի յօդուածները տպագրուած են «Երկ­րա­գունտ», «Մա­սիս», «Բիւ­զան­դի­ոն» եւ «Բժիշկ» թերթերուն մէջ։ Եղած է Գատըգիւղի բազմազգ բնակչութեան սիրելի եւ յարգելի բժիշկը։ Հակառակ անոր առաջացած տարիքին՝ առողջ, առոյգ, կենսախինդ անձնաւորութեան տէր մարդ մը եղած է։ Մահացած է 1917 թ.–ի Մարտի 15-ին՝ ժանտախտէ, 66 տարեկան հասակին։ == Աշխատութիւններ == Առողջապահական գիտելիք։ (Գրքոյկը տպագրած է՝ Սովելոց յանձնաժողովը եւ գրեթէ ձրի բաժնուած գաւառներուն մէջ)։ Հիւանդին բարեկամը, գիրք, 1884։ == Գրականութիւն == Ընդարձակ օրացոյց Սուրբ Փրկչեան հիւանդանոցի հայոց, Կ. Պոլիս, 1905։ Ղազարեան Վահան, Բժշկական եւ առողջապահական տարեցոյց, Կ. Պոլիս, 1914։ Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Սթամպուլ, 1919։ Եարման Արսէն, Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։ == Աղբիւրներ == Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։
7,046
Տրամաբանութիւն
Տրամաբանութիւն (յունարէն λογική logikē), փիլիսոփայութեան մէջ տրամաբանութիւնը իրաւացիութեան եւ յստակ պատճառահետեւանքային սկզբունքներու պաշտօնական դասականացուած ուսումնասիրութիւնն է: Տրամաբանութիւնը կ'օգտագործուի մտաւոր գործունէութեան մեծ մասին մէջ, բայց այն ի սկզբանէ ուսումնասիրուած է փիլիսոփայութեան եւ Թուաբանութեան բնագաւառներուն մէջ: Փիլիսոփայութեան մէջ տրամաբանութիւնը կը կիրարկուի գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ՝ իմացաբանութիւն], բարոյագիտութիւն, բնազանցութիւն (մետաֆիզիկա). Թուաբանութեան մէջ ճշգրիտ մտայանգումներու ուսումնասիրութիւնն է որոշ պաշտօնական լեզուներու մէջ: Տրամաբանութիւնը կ'ուսումնասիրուի նաեւ Հիմնաւորման տեսութեան մէջ: == Տե՛ս նաեւ == Փիլիսոփայութիւն Փիլիսոփայութիւնը Հայաստանի Մէջ Վերլուծական Փիլիսոփայութիւն == Ծանօթագրութիւններ ==
7,206
Գրիգոր Քամպուրեան
Գրիգոր Քամպուրեան (1880 - 1916, Պրուսա), հայ դեղագործ։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է 1880 թուականին։ Աւարտած է Կոստանդնուպոլ­սոյ Օսմանեան դեղագործական վարժարանը։ 1914 թուականին Թուրքիոյ Կեմլիք քաղաքին մէջ ունեցած է սեփական դեղատուն։ 1916 թուականին սպանուած է կամ մահացած Պրուսա քաղաքին մէջ՝ 36 տարեկան հասակին։ == Գրականութիւն == Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։ == Աղբիւր == Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։
495
1798 թուական
1798 թուական, ոչ նահանջ տարի, 18րդ դարու 98րդ տարին է == Դէպքեր == ==== Անստոյգ ամսաթիւով՝ ==== Նափոլէոն Եգիպտոս կ՛արշաւէ եւ Աղեքսանտրիան կը գրաւէ == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1798 ծնունդներ 26 Ապրիլ՝ Էօժէն Տելաքրուա, ֆրանսացի աշխարհահռչակ վիշապաշտ նկարիչ եւ որմանկարիչ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1798 մահեր Անյայտ օրով՝ Շահամիր Շահամիրեան (ծն.1723), հնդկահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ
22,834
ՀՊՏՀ բանբեր
Բանբեր Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի, գիտական-տեսական հանդէս։ == Աղբիւր == Գիտական տեղեկատուական վերլուծութեան եւ մոնիթորինգի կեդրոն, Հայաստանի մէջ հրատարակուող գիտական պարբերականներու ցանկ
5,537
Դաւիթ Պարսամեան
Դաւիթ Պարսամեան (ծնած՝ 1945), ձայնասփիւռի ամերիկահայ հաղորդավար, լրագիր, գրող, հասարակական գործիչ եւ մտաւորական մըն է: Պարսամեանի ծնողները Ցեղասպանութենէն վերապրողներ են: Անոնք իրարու ծանօթացած են Պէյրութի մէջ: == Ասպարէզ == Պարսամեան ձայնասփիւռի հաղորդավարութեան ասպարէզը մուտք կը գործէ 1978-ին, երբ մաս կը կազմէ Քոլորատոյի մէջ նորաստեղծ ձայնասփիւռի կայանի մը: Ապա, 1986-ին ան հիմնեց «Ալթըրնըթիվ Ռատիօ»ն, որ շաբաթական յայտագիր մըն է, ուր կը սփռուի 175 ձայնասփիւռի կայաններէ՝ տարբեր երկիրներու մէջ: Պարսամեան միջազգային համբաւ ստացած է իր լրագրական աշխատանքով: Ան զանազան հարցազրոյցներ վարած է համաշխարհային ճանաչում վայելող լեզուաբաններու, փիլիսոփաներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ, ինչպէս՝ Նոամ Չոմսքի, Էտուարտ Սայիտ, Իքպալ Ահմատ, Հաուըրտ Զին, Ռոպըրթ ֆիսք եւ ուրիշներ: Ան իր կարեւորագոյն հարցազրոյցները վերածած է գիրքերու, որոնք թարգմանուած են զանազան լեզուներու եւ հարիւր հազարաւոր օրինակներով ծախուած են աշխարհով մէկ: Պարսամեան յաճախ եղած է արդարութեան եւ պոռթկումի ձայնը: Մերժած է ամէն տեսակի անարդարութիւն, բռնատիրութիւն եւ փտածութիւն: Ան հրապարակային կերպով պաշտպանած է Պաղեստինի եւ Քաշմիրի ժողովուրդներուն իրաւունքները, քննադատած է միջազգային ընկերութիւններու մենատիրութիւնը: Հարցականի տակ առած է ամերիկեան կառավարութեան զինուորական միջամտութիւններն ու քաղաքականութիւնները, ինչպէս նաեւ դատապարտած է Թուրքիան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: «Ալթըրնըթիվ Ռատիօ»ն ու Դաւիթ Պարսամեանը նիւթական հատուցումներ չեն ստանար ամերիկեան կառավարութենէն կամ որեւէ այլ հաստատութենէ, մինչ այլ յայտագիրներ կը վայելեն դրամատիրական ընկերութիւններու եւ քաղաքական նպատակներ հետապնդող կառոյցներու ու կառավարութիւններու նիւթական, քաղաքական եւ ապահովական թիկունքը: Հոսկէ մեկնած, Պարսամեանի յայտագիրը կը ֆինանսաւորուի իր յայտագիրներու ձայնասկաւառակներուն եւ գիրքերուն վաճառումով, ինչպէս նաեւ ունկնդիրներու անհատական ներդրումներով միայն: == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == «Ազդակ» օրաթերթ, Գաղութային բաժին, 22 Փետրուար, 2016:
78
1 Դեկտեմբեր
1 Դեկտեմբեր, տարուան 335-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 336-րդ) օրն է Տարուան աւարտին կը մնայ 90 օր == Դէպքեր == 1824, Թիֆլիս բացուեցաւ Ներսիսեան դպրոցը (շարունակեց գործել մինչեւ 1924 թ.) 1913, Կրետէ կղզին պաշտօնապէս Յունաստանին կը միանայ == Ծնունդներ == 1854, Մուրացան (Գրիգոր Տէր Յովհաննէսեան, մ.1908), հայ գրող 1883, Վահան Գարտաշեան (անգլերէն՝ Vahan Cardashian, մ.1934, Նիւ Եորք), փաստաբան եւ մտաւորական։ 1955, Սերժ Աւետիքեան, (ֆրանսերէն՝ Serge Avédikian), ֆրանսահայ ֆիլմի վարիչ, դերասան 1988, Թայլըր Ժոսէֆ (անգլերէն՝ Tyler Joseph), ամերիկացի երգիչ == Մահեր == 1980, Զարեհ Որբունի, նշանաւոր հայ վիպասան, խմբագիր եւ արձակագիր (ծն.է 1902)։ == Տօներ == Ռումանիայի Միաւորման օր Փորթուկալի Անկախութեան օր
270
1608 թուական
1608 թուական, նահանջ տարի, 17րդ դարու ութերորդ տարին է == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1608 ծնունդներ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1608 մահեր
23,799
Նարեկ Ալեէմէզեան
Նարեկ արք․ Ալեէմէզեան (աւազանի անունով՝ Մանուկ, , Պէյրութ), == Կենսագրական գիծեր == Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Նախակրթութիւնը ստացած է Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ: 1973–1974 կրթական տարեշրջանին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը: 21 Յունիս 1981-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է եւ անդամակցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան: == Գործունէութիւն == 1981-1985 դպրեվանքին մէջ վարած է հսկիչի եւ ուսուցիչի պաշտօններ ու դասաւանդած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճին մէջ: 1985-1986 եղած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի գաւազանակիրը: 1986-1991 աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Վանքուվըրի (Քանատա) մէջ եւ իբրեւ հովիւ ծառայած է տեղւոյն համայնքին: 1991-1997 իր հովուական ծառայութիւնը շարունակած է Նիւ Ճըրզիի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) մէջ: 12 Մայիս 2002-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ: 31 Հոկտեմբեր 2010-ին ստացած է արքութեան տիտղոս: 9 Մայիս 2011-ին ստացած է դոկտորական վկայական Պրիթիշ Քոլոմպիայի համալսարանի Վանքուվըրի Աստուածաբանական դպրոցէն: 1997-2014 վարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու վարիչի պաշտօնը: 2013-2014 վարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դրան եպիսկոպոսի պաշտօնը: 2014-2015 եղած է Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ: 31 Օգոստոս 2018-ին ընտրուած է Լիբանանի հայոց առաջնորդ: Հեղինակ է հայ եկեղեցւոյ ծէսին ու վարդապետութեան նուիրուած հատորներու եւ յօդուածներու։ == Ծանօթագրութիւններ ==
6,122
Սիտնիի Հայերը
Սիտնիի հայ համայնքը կազմուած է 1950-ական թուակաների վերջերը։ 1983 թուականին այստեղ բնակուած է 10 հազար, իսկ 2003 թուականին՝ 25 հազար հայ։ == Եկեղեցիներ եւ վարժարաններ == Կը գործեն հայ առաքելական Սուրբ Հարութիւն, Սիտնիի հայ ավետարանական եկեղեցին կաթողիկէ եւ ավետարանական եկեղեցիներ։ Սիտնիի մէջ առաջին հայկական դպրոցը հիմնուած է Արամայիս քահանա Միրզաեանը՝ 1960 թուականին։ Ներկայիս Կը գործեն Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն, ՀԲԸՄ Ալեքսանդր, հայ կաթողիկէներուն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ամենօրեայ եւ Ալեք Մանուկեան, Թարգմանչաց, Փափազեան, Թումանեան մեկօրյա վարժարանները։ == Մշակութային միութիւններ == Աշխույժ գործունեութիւն են ծավալած հայ ազգային կուսակցութիւններու տեղական կազմակերպութիւնները եւ իրենց հովանավորութեամբ գործող մշակութային միութիւնները, ՀԲԸՄ, ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, ՀՄՄ Սիտնիի մասնաճիւղերը, եկեղեցասեր տիկնաց, երիտասարդական, պատանեկան մարզական կազմակերպութիւնները, «Հայ հանգստեան տուն» միութիւնը, Ավստրալահայ միացեալ ընկերակցութիւնը եւ այլն։ Կը գործեն «Լուսավորիչ», «Կոմիտաս» երգչախումբերը, պարի եւ թատերական խումբեր, ինչպես նաեւ «Էրեբունի», «Նոր սերունդի ձայն» ռատիոժամերը։ Սիտնիի մէջ լոյս տէսած են «Լույս», «Արմենիա», «Միություն», «Գարուն», «Զանգ» պարբերականները։ «New South Wales» նահանգի (կեդրոնը՝ Սիտնի) փոքրամասնութիւններու գործերուն պետական հանձնաժողովի ատենապետն է Ստեփան Գրգեշարեանը։
16,354
Սննդառական Լրացուցիչներ
Բազմաթիւ բնական արտադրութիւններ, որոնք կը պարունակեն բնասպիտ (protein), կենսանիւթ (vitamin), մետաղներ, բոյսեր, խոտեր, կամ այլ սննդանիւթեր եւ որոնք կը գործածուին որպէս ամբողջացուցիչ որոշ ճաշերու մէջ՝ կը կոչուին «սննդառական լրացուցիչներ» (dietary supplements): Սննդառական լրացուցիչները շատ յաճախ կը վաճառուին նոյնիսկ առանց բժիշկին կողմէ գրուած յատուկ դեղագիրի: == Ընտրել == Սննդառական լրացուցիչները կը վաճառուին յատուկ տուփերու եւ կամ սրուակներու մէջ զետեղուած: Ճիշդը ընտրելու համար, օրէնքի համաձայն այս տուփերուն եւ սրուակներուն վրայ պէտք է գրուած ըլլան հետեւեալները. «Սննդառական լրացուցիչ» գրոթիւնը Պարունակութեան մանրամասնութիւնները կամ բաղադրութիւնը Պարունակութեան աղբիւրը՝ ուր արտադրուած ըլլալը Պարունակութեան քանակը եւ ծանրութիւնը Արտադրոթեան թուականը == Լրացուցիչներու Տեսակներ եւ Գործածութիւնը == === Սեւ արիւծախոտ (black cohosh) === Այս մէկը կ՛օգնէ դաշտանդադարի ցաւերուն եւ յօդացաւի, սակայն կրնայ գլխացաւ, գլխապտոյտ եւ զարկերակի ճնշումի նուազում յառաջացնել: Սեւ արիւծախոտը հակառակ ազդեցութիւն կ՛ունենայ ալքոլի եւ հանդարտեցուցիչ դեղերու հետ: === Երիցուկ-հաւածաղիկ (Camomile) === Երիցուկ-հաւածաղիկի ծաղիկները կը գործածուին որպէս հանդարտեցուցիչ, օգտակար է նաեւ բորբոքումներու, բարձր ջերմութեան, անմարսողութեան եւ ստամոքսի խոցերու եւ պրկումներու պարագային: === Chondroitin === Այս մէկը կ'արտադրուի շնաձուկի եւ կովու աճառային հիւսկէններէն, ինչպէս նաեւ կրնայ արուեստականօրէն արտադրուիլ: Այս նիւթը կ՛օգնէ յօդացաւի եւ յօդերու ազատ շարժումներուն: === Chromium === Այս մէկը մետաղ մըն է, որ կը գտնուի ստեղպինի, գետնախնձորի, ցորենի եւ բրքուկի-կանաչ ծաղկակաղամբի (brocolli) մէջ: Այս մէկը պատճառ կը դառնայ մկաններու աճման եւ կշիռքի կորուստի, ինչպէս նաեւ կը նուազեցնէ արեան ճարպերը, մաղձաճարպը (cholesterol) եւ triglyceride-ը: «Chromium»-ը կրնայ վատ ազդեցութիւն ունենալ երփնամարմիններուն (chromosomes) վրայ: === Ձկան Իւղ === Ձկան իւղը կը գործածուի սրտանօթային (cardiovascular) հիւանդութիւններու եւ զարկերակային (arterial) խցումներու պարագային: Այս մէկը կը նուազեցնէ արեան triglyceride-ի քանակը եւ զարկերակային ճնշումը, սակայն կրնայ յառաջացնել նողկանք, փսխունք եւ փորհարութիւն: == Աղբիւրներ == «Բժիշկին Դ. Խօսքը», Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Հրտրկ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 25 Ապրիլ 2014, էջ 61-65:
1,287
The Man Who Knew Infinity (ֆիլմ)
The Man Who Knew Infinity ֆիլմը 2015-ին թողարկուած Անգլիական կենսագրական տրամա ֆիլմ մըն է 1991-ի գիրքին վրայ հիմնուած, որ կը կրէ նոյն անունը եւ գրուած է Ռոպըրթ Քանիկըլի կողմէ: Ֆիլմին գլխաւոր դերասանն է Տէւ Փաթէլ, որ ստանցնած է Շրինիվազա Ռամանուճընի դերը, մաթէմատիկոս մը, որ Մատրաս, Հնդկաստանի մէջ մեծնալէն ետք, կ'ընդունուի Cambridge University համալսարանը, ուր թուաբանական նոր գիւտեր կը ստեղծէ իր պատասխանատու ուսուցիչ Կ. Հ. Հարտիի (ստանցնուած Ճերըմի Այրընզի կողմէ, թէպետ իրականութեան մէջ միայն 10 տարի աւելի մեծ էր իրմէ) առաջնորդութեամբ, մինչ համաշխարահային առաջին պատերազմը տեղի կ'ունենար: == Ծանօթագրութիւններ ==
2,865
Երեւանի Պատմութիւն
Երեւանի Պատմութիւն,Երեւանը աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն է։ Հնագիտական պեղումներով պարզուած է, որ մարդը այստեղ կ'ապրի տասնեակ-հազարաւոր տարիներ առաջ։ Քաղաքի տարածքին, տարբեր ժամանակաշրջաններուն առաջացած եւ զանազան պատճառներով կործանուած են բազմաթիւ բնակավայրեր։ ժամանակագրական առումով՝ քաղաքի տարածքի հնագոյն բնակավայրը՝ Երեւանեան կամ Հրազդանեան քարայրն է (Երևանեան լիճի մօտ՝ Հրազդան գետի ձախ ափին), որ հնագոյն, ստորին շերտը (4-5 մշակութային շերտ) կը թուագրուի մօատերեան շրջանով (10-3,5 հազարամեակ առաջ)։ 1950 թուականիՆ, Արին բերդ բլուրի պեղումներով՝ յայտնաբերուած է Վանի թագաւորութեան Արգիշտի Ա. արքայի սեպագիր արձանագրութիւնը, ըստ որուն՝ Արգիշտի Ա.-ը Էրեբունի բերդաքաղաքը հիմնադրած է Ք.Ա. 782 թուականին։ Արձանագրութիւնը կը վկայէ. «Խալդ Աստուծոյ հրամանով, Արգիշտին, Մենուայի որդին Էրեբունի քաղաքը կառուցեց Պիաինիլիի հզորութեան համար.... Խաթէ եւ Ջուպանէ երկիրներէն ես այնտեղ 6 հազար 600 զինուորներ բնակեցուի»։ == Անուան Նշանակութիւնը == Ք.Ա. 7-րդ դարուն, Կարմիր բլուրին վրայ կառուցուած է Թեյշեպան ամրոցը, որ Ք.Ա. 6-րդ դարուն, կործանած են սկիւթները եւ մետիացիները։ Վանի քարաժայռի վրայ փորագրուած Խորխոռեան տարեգրութեան մէջ, որ 1828 թուականին, յայտնաբերած է արեւելագետ՝ Ֆ. Շուլցը, կ'ընթերցէ նաեւ Էրեբունի տեղանունը։ Հայ մատենագիրները Երեւանի անուան ծագումը երկար ժամանակ կը կապեն Նոյեան Տապանի աստուածաշնչեան աւանդութեան հետ, երբ Նոյան Տապանը կանգ առած է Արարատ գագաթին, եւ Նոյը, ջրհեղեղէն յետոյ տեսնելով առաջին ցամաքը, որ ապագայ Երեւանի կառուցման վայրն էր, կոչած է՝ Երեւա՜ց (այստեղէն ալ՝ «Երեւան» անուանումը)։ Առաւել՝ տարածուած է այն տեսակէտը, որ «Երեւան» անունը կապուած է Էրեբունի բերդաքաղաքի անուան հետ։ Սակայն կան նաեւ այլ տեսակէտեր. ատոնցմէ մէկու համաձայն՝ հիմնադրուած նոր բնակավայրի անուանակոչման համար Արգիշտի Ա.-ը կամ օգտագործած է տարածքին մէջ եղած ու անոր յայտնի հնագոյն այլ բնակավայրի անուն, կամ կոչած է՝ «երի» կամ «արի» ցեղի (երկրի) անունով։ Հայկական լեռնաշխարհէն ու շրջակայ տարածքներէն հեռացած հնդեւրոպացիներու նախնիները՝ արիական ցեղերը, կը յիշեն իրենց՝ արի ցեղին պատկանելու փաստը եւ գրաւոր աղբիւրներու մէջ, կը նշեն այդ մասին։ == Հին Շրջան == Երեւանը կը յիշատակուի 3-րդ դարու, ուր կը նշուի, որ քրիստոնէական համայնքի կողքին Մանիի (պարսիկ նկարիչ) աշակերտներէն մէկը Երեւանի մէջ հիմնած է մանիքէական համայնք։ Վանի թագաւորութեան անկումէն յետոյ Երևանի շուրջ 1000-ամեայ պատմութեան մասին հայ մատենագրութեան աղբիւրները կը լռեն։ Երեւանը կրկին կը յիշատակուի 7-րդ դարուն՝ «Գիրք Թղթոցի» մէջ։ Պատմիչ՝ Սեբէոսը կը վկայէ, որ արաբերէն արշավանքներու ժամանակ Երեւանը վաճառաշահ ու այգէշատ քաղաք էր։ 12-13-րդ դարուն, Երեւանը բաւական մեծ տարածք կը զբաղեցրէ, սակայն սելճուկ թուրքերու արշավանքներու հետեւանքով ամբողջովին աւերուած է եւ տակաւին չվերականգնուած, կ'ենթարկուի նոր արհաւիրքի՝ մոնկոլ-թաթարներու, ապա Լենկթեմուրի ասպատակութիւններուն եւ 387 թուականին, ի թիւս այլ քաղաքներու, կրկին աւերուած է։ == Միջին Դարեր == Երեւանի կարեւորութիւնը մեծացած է 1437-1467 թուականներէն, երբ դարձած է Արարատեան աշխարհի մեծագոյն մասը ընդգրկող կուսակալութեան կեդրոնը եւ յաճախ կը յիշատակուի իբրեւ «Արարատեան Երկրի Մայրաքաղաք»։ Քարաքոյունլու ցեղապետ՝ Ջհան Շահը (1437-1467) ստեղծած է Երեւան կեդրոնով կուսակալութիւն եւ կուսակալ նշանակած է Յաղուբ բէկին։ 1502 թուականին, Իրանի Սեֆեան հարստութեան հիմնադիր՝ Իսմայիլ Շահը, ի թիւս Հայաստանի արեւելեալն երկրամասերու, ակկոյունլուներէն խլած է նաեւ Երեանը ու հանձնած է Ռեւան խանին։ Իբրեւ սահմանային մեծ խանութեան կեդրոն՝ Երեւանը պեղուած է՝ պրոնզէ ձիու գլուխով, Ռեւան խանի օրով ձեռք բերած է ռազմական (Ք.Ա. 6-րդ դար) մեծ նշանակութիւն։ === Հակամարտութիւններ՝ Պարսկաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի Հետ === 1555 թուականին, Ամասիայի պայմանագրով՝ Հայաստանը բաժանուած է թուրքերու եւ պարսիկներու միջեւ. Երեւանի խանութիւնը անցած է Իրանին։ 1578 թուականին, թրքական զորքերը Մուսդաֆա Լալու (Ջաֆեր) փաշայի գլխաւորութեամբ կրկին հարձակած են Երեւանի խանութեան վրայ եւ 1579 թուականին, հեշտութեամբ գրաւած են զայն, որովհետեւ Մահմուտ խանը (Թոխմախ մականունով), լսելով թրքական բանակի մօտենալու լուրը, կողոպտած է քաղաքը եւ դիմած է փախուստի՝ իր հետ տանելով հազարաւոր գերիներ։ Երեւանէն բազմահազար (մօտ 60 հազար) գերիներտարած է նաեւ՝ թուրք Մուսթաֆա Լալու փաշան։ Սակայն շուտով կնքուած է նոր պայմանագիր, որուն համաձայն Երեւանը դարձեալ անցած է Իրանին։ 1583 թուականին, թրքական ստվար մը՝ բանակ Ֆահրադ փաշայի հրամանատարութեամբ վերստին արշաուած է Երեւան։ Մահմուտ խանը նահանջած է արեւելք՝ քաղաքը ձգելով թուրքերուն։ Ֆահրադ փաշան 1582-1583 թուականներուն, Հրազդանի ձախափնեայ զառիթափ ձորեզրին՝ հարթավայրին մէջ, կառուցած է Երեւանի բերդը, որ եղած է թուրք եւ պարսիկ տիրակալներու բացառիկ կարեւոր ռազմական հենակէտը։ 19-րդ դարու սկզբին, բերդը զբաղեցրած է 790 մ x. 850 մ. չափերու գրեթէ քառակուսի տարածք։ 1603 թուականին, Աբաս Շահը մօտ 8-9 ամիս պաշարած է Երեւանը, թուրքական կայազորը հարկադրուած հանձնուած է։ 1604 թուականին, Աբբասի գերեվարած հայերու թիւին մէջ եղած են բազմաթիւ երեւանցիներ, որոնք 1606 թուականին՝ Նոր Ջուղայի մօտ հիմնած են՝ աւան եւ կոչած են՝ Նոր Երեւան։ 1605 թուականի դաշնագրով՝ վերականգնուած են 1555 թուականի թուրք-պարսկական սահմանները, եւ Երեւանը կրկին մնացած է պարսկական հատուածին մէջ։ 3 դար շարունակ, Երեւանը 14 անգամ ձեռքէ ձեռք անցած։ 1606-1609 թուականներուն, Երեւանի Ամիրգունա խանք Արեւմտեան Հայաստանի զանազան շրջաններէն գերած բազմաթիւ հայերու բնակեցրած է Երեւանի շրջակայքին մէջ։ 1635 թուականին, քաղաքը գրաուած են Մուրատ սուլթանի 1636 թուականին՝ Իրանի շահ Սեֆիի զորքերը։ 1638 թուականին, Երեւանը եւ շրջակայ բնակավայրերը գրաուած ու ասպատակած են Քինան փաշայի թրքական զորքերը, որոնց կազմին մէջ եղած են նաեւ՝ Ղրիմի խանի ջոկատները։ 1639 թուականին՝ կնքուած Կասրէ-Շիրինի հաշտութեամբ հաստատուած է մօտ 60-ամեայ խաղաղութիւն։ Երեւանը եղած է Սեֆեան կայսրութեան Չուխուր Սաադի բեգլար-բեգութեան կեդրոնը, որ կառավարած է սարդարը, 1747 թուականէն՝ խանը։ 1724 թուականին, Երեւանի եւ շրջակայ գիւղերու բնակիչները շուրջ 2 ամիս դիմագրաուած են թուրք, 70-հազարանոց բանակին եւ միայն պարսիկներու դավաճանութեան պատճառով՝ պարտուած են ու բերդը հանձնած են թուրքերուն։ Երեւանի պատմութեան այդ էջը ներկայացուած է պատմիչ Աբրահամ Երեւանցին, որ մանրամասն նկարագրելով ճակատամարտը կը յիշատակէ, որ 20 հազար զոհ տալով՝ թուրքերուն վերջապէս յաջողած է գրաւել բերդը։ 1735 թուականին, Իրանի Նադիր Շահը, թուրքերու հետ նախնական պայմանաւորվածութեամբ, վերածուած է Կարսի բերդի պաշարումը, փոխարէնը երկարատեւ պաշարումէն յետոյ առանց կռուի (Սեպտեմբեր 22-ին) գրաուած է Երեւանը։ == Նոր Շրջան == 18-րդ դարուն Ա.-ին քառորդէն, Իսրայէլ Օրին եւ ազատագրական շարժման միւս գործիչները հայ ժողովուրդի ազատագրական շարժումներուն ընթացքին, կարեւոր դեր հատկացուցած են Երեւանին։ 18-րդ դարուն 2-րդ կէսին, Երեւանի խանութիւնը հարկատու էր Վրաստանի Հերակլ 2-րդ թագաւորին, որմէ ժամանակ առժամանակ հրաժարվելու պատճառով Հերակլը ձեռնարկած է 3 պատժիչ արշաւանքներ (1765, 1769, 1779)։ Վերջինի ժամանակ աւերած է Երեւանի խանութեան գաւառները, 3 ամիս պաշարել քաղաքը, խանութեան շատ բնակիչներու գաղթեցուցած Վրաստան, Երեւանէն տարածքներուն բնակեցուցած են՝ Տփղիսի Հաւլաբար թաղամասը։ 17-18-րդ դարերուն, Երեւանը ունեցած է մօտ 15 հազար բնակիչ։ Երեւան էին կեդրոնացուած խանութեան վարչական մարմիններն ու զորքերու մեծ մասը։ Այդ շրջանին, Երեւանը կառավարած է ոստիկանապետը, որ զբաղուած է քաղաքի կարգուկանոնով եւ տուրքերու հաւաքմամբ։ Թաղերը ենթարկուած են աւագներուն։ Պաշտօնեաներու թիւին մէջ էին շուկայի պետը, կշռապետը եւ ոռոգման ցանցի պատասխանատուն։ === Բնակչութեան Զբաղուածութիւնը === 19-րդ դարուն, Երեւանի մէջ զարգացածեն արհեստագործութիւնը, առեւտուրը, այգեգործութիւնն ու բանջարաբուծութիւնը, մասամբ՝ երկրագործութիւնն ու անասնապահութիւնը։ Հիմնական արհեստներն էին՝ ներկարարութիւնը, կաշեգործութիւնը, հացագործութիւնը եւ այլն։ Արհեստաւորներն ու առեւտրականները ընդգրուած էին համքարութիւններուն մէջ։ Քաղաքը կը գործեն տնայնագործ, արտադրական ձեռնարկութիւններ (ապակիի, վառոդի, թնդանոթի եւ այլն)։ Մեծածախ առեւտրով զբաղուած են հարուստ վաճառականները, մանրածախով եւ շարժականով՝ մանր առեւտրականները (բազազներ, մանրավաճառներ)։ === Քաղաքին Կառուցուածքը === Քաղաքը գրաւած է մեծ տարածք՝ անշուք եւ անկանոն կառոյցներով։ Բերդը քաղաքէն բաժանուած է մեծ հրապարակով։ Բերդին մէջ էին խանի պալատը, հարեմը, զորանոցները, բաղնիքները, մզկիթները, կրպակները եւ այլ շինութիւնները։ Քաղաքը ունէր 3 թաղամաս (Շահար, Թափաբաշ, Երկաթ-աղբիւր)։ Գործած է 4 շուկայ [[[Խանբաղ]]ի, Ղանթարի (Գլխաւոր) եւ այլն], 7 կարավանատուն (Գիւրճի, Ջուղայի, Ջառաբի, Հաջի Ալիի եւ այլն )։ Երեւանը եղած է ռուս-պարսկական առեւտուրի խոշոր հանգոյց։ Առեւտուրի ծաւալով ու մեծութեամբ ամենայայտնին Մեծ հրապարակն էր՝ սարդարի 2 կշիռքներով՝ մեծ ու փոքր։ Մեծ չափերու կը հասնի արտաքին առեւտուրը։ Երեւանէն արտահանուած են՝ բամբակ, բրինձ, ցորեն, աղ, միրգեր եւ այլն։ Շրջանառութեան մէջ եղած են ռուսական, հոլլանտական, թրքական դրամները, Երեւանի մէջ հատած պղնձադրամները։ Երեւանին ոռոգման ջուր կը մատակարարեն Հրազդանէն սկիզբ առնող 4 ջրանցքները (Դալմայի, Աբուհայաթի, Մամռի, Նորագեղի)։ === Բնական Երեւոյթներու Ազդեցութիւնները === Իր բազմադարեան պատմութեան ընթացքին, Երեւանը բազմիցս կը տուժէ բնական աղետներէն՝ երկրաշարժներէն եւ Գետառի սելաւներէն։ Ամենակործանարարը՝ 1679, Յունիս 4-ի երկրաշարժն էր. աւերուած են եկեղեցիներ, մզկիթներ, Երեւանի բերդի, խանի ապարանքները, բաղնիքները, քաղաքի բնակելի թաղամասերը։ Զոհերու թիւը հասած է 7600-ի։ 1804-1813 թուականներուն, ռուս-պարսկական պատերազմի ժամանակ գեներալ Պաւել Ցիցիանովի գլխաւորութեամբ ձեռնարկուած է ռուսական զորքերու առաջին արշաւանքը Երեւան. 1804, Յուլիսի 2-ի, ռուսական զորքերը գրաւած են բուն քաղաքը, ապա պաշարած են բերդը (Յուլիս 24-ին)։ Սակայն շուտով հարկադրուած վերադարձած են Թիֆլիս։ 1808 թուականին, Սեպտեմբերին հեներալ Իվան Կուդովիչի գլխաւորութեամբ արշաւանքը Երեւան նոյնպէս ապարդիւն եղած է։ === Երեւանը Իբրեւ Գաւառական Քաղաք === 1826 թուականին սկսած ռուս-պարսկական պատերազմի ժամանակ՝ ձեռնարկուած է երրորդ արշաւանքը Երեւան՝ գեներալ Իվան Պասկեւիչի գլխաւորութեամբ։ 1827, Հոկտեմբեր 1-ին, գեներալ Աֆանասի Կրասովսկու զորքերը հայ կամավորականներու աջակցութեամբ գրաուած են քաղաքը։ 1828, Փետրուար 10-ին, կնքուած պայմանագրով՝ Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւնները անցած են Ռուսաստանին։ Երեւանը դարձած է Հայկական մարզի կեդրոնը։ Քաղաքի կառավարչութիւնը ունեցած է 2 բաժին՝ ոստիկանական եւ դատական։ Կառավարմանը մասնակցած են գանձապետը, թաղամասերու աւագները, ցածրաստիճան այլ պաշտօնեաններ։ 1840 թուականին, Հայկական մարզի վերացմամբ Երեւանի գաւառը ներառուած է Վրացա-Իմերեթեան նահանգի մէջ եւ Երեւանը վերածուած է գաւառական քաղաքի։ 1849 թուականին, կազմուած է Երեւանի նահանգը՝ Երեւան կեդրոնով։ 1874 թուականին, վարչական նոր փոփոխութեան հետեւանքով, նահանգը բաժանուած է գաւառներու, որոնցմէ մէկը Երեւանի գաւառն էր։ === Արհեստներ === Երեւանի արհեստները բուռն զարգացած են յատկապէս 1860-ական թուականներուն, սակայն 1880-ական թուականներէն անկում կ'ապրին Ռուսաստանի մէջ արտադրուող արդիւնաբերական ապրանքներու ներհոսքի հետեւանքով։ Ռուս-պարսկական պատերազմէն յետոյ հաստատուած խաղաղութիւնը, կարաւաններու անվտանգ երթեւեկութեան ապահովումը, չափ ու կշռի միասնական միաւորներու գործադրումը, մաքսային համակարգի, դրամական հարկերու սահմանումը, ճանապարհաշինութեան զարգացումը, դիլիժանսային երթեւեկութեան կազմակերպումը (1866), հեռագրական կապի ստեղծումը (1864) եւ փոստային մշտական կապի հաստատումը կը խթանեն Երեւանի առեւտուրը։ Խոշոր վաճառականները զբաղուած են բամբակի վերավաճառքով (Մոսկոայի, Կ. Պոլսոյ, Մարսելի, մասամբ՝ Թիֆլիսի մէջ) եւ ներկրուած կտորեղենի առեւտուրով։ 1865 թուականին, Երեւանի ներքին եւ արտաքին առեւտուրի շրջանառութիւնը կազմած է մօտ 2 միլիոն ռուպլի։ 1865 թուականին, Երևանի այգիներն ու ցանքատարածութիւնները կազմած են մօտ 3103 հեքթար գիւղատնտեսական ճիըւղերէն ստացուած մաքուր եկամուտը՝ տարեկան 76 հազար ռուպլի։ 1870 թուականին, քաղաքային առաջին կանոնադրութեամբ (Երեւանի մէջ կիրաոած է 807 1879, Հոկտեմբեր 1-ին) Երեւանի մէջ ստեղծուած են քաղաքային դումայ, վարչութիւն եւ ինքնավար այլ մարմիններ։ Երեւանի առաջին քաղաքապետ ընտրուած է Յովհաննէս Ղորղանեանը (1879-1884)։ 1892 թուականի նոր կանոնադրութեամբ՝ սահմանափակոած են քաղաքային ինքնավար մարմիններու իրաւունքները։ Գիւղական ռեֆորմը Հայաստանի մէջ, իրականացնելէն (1870) յետոյ կապիտալիստան արդիւնաբերութեան ստեղծման համար նախադրեալներ ստեղծուած են նաեւ՝ Երեւանի մէջ։ Անհրաժեշտ հումքը (բամբակ, շինանիւթեր, կաշի, խաղող եւ այլն), դրամական միջոցները կեդրոնացուած էին խոշոր վաճառականներու ձեռքին մէջ, որոնք ալ հիմնադրած են արտադրական առաջին ձեռնարկութիւնները։ 1885 թուականին՝ Ն. Թաիրովը (Թաիրեան) հիմնած է գինիի, օղիի եւ սպիրտի առաջին գործարանը, Երեւան մէջ։ === Հասարակական Կեանքը === 1887 թուականին, այդ գործարանին կից կազմակերպուած է Քոնեակի առաջին արտադրութիւնը։ Գործած են Դ. Սարաջեւի (1894 թուականէն), Կ. Ափրիկեանի եւ Գ. Գեոզալեանի (1897 թուականէն) քոնեակի գործարանները։ 20-րդ դարու սկզբին, Երեւան կան քոնեակի, օղիի, սպիրտի, 5 գործարան։ 1899 թուականին, ռուս խոշոր ձեռնարկատեր Ն. Շուստովը գնածէ Թաիրովի գինի-քոնեակի գործարանը, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ընդլայնուած է քանի մը անգամ, իսկ՝ 1907 թուականին կառուցուած է նոր մեքենայացուած, օդամղիչ եւ տակառի գործարաններ, նկուղներ, սպասարկման կետեր, օժանդակ այլ հարմարութիւններ եւ փոքր ջրէկ՝ Հրազդան գետի վրայ։ Երեւանի մէջ արտադրուող քոնեակի եւ սպիրտի մեծ մասը աստիճանաբար կեդրոնացուած է «Շուստով եւ Որդիներ» ընկերութեան ձեռքի մէջ։ Խաղողի թափոններու եւ գինիի նստուածքներու հիման վրայ ընդարձակուած է նաեւ օղիի եւ սպիրտի արտադրութիւնը։ 1891 թուականին, գործած է Տէր-Աւետիքեան եղբայրներու մեխանիկական գործարանը, որ սպասարկած է հիմնական գինիի, քոնեակի, օղոո արտադրութեան ձեռնարկութիւններուն։ Գործած են նաեւ պահածոներու, բամբակազտիչ, գարեջրու ու հանք, ջուրերու եւ այլ գործարաններ, տպարաններ, ձիթհաններ։ 1896 թուականին, Երեւանի ընդհանուր առմամբ եղած է 129 գործարան։ Երեւանի տնտեսական կեանքին մէջ, էական նշանակութիւն ունեցած է Ալեքսանտրապոլ-Երեւան երկաթուղիի կառուցումը (1899-1909)։ Ներքին ու արտաքին առեւտուրի զարգացման նպաստած է նաեւ Երեւան-Աղստաֆա, Երեւան-Ջուլֆա եւ Երեւան-հգդիր խճուղիներու բարեկարգումը։ 19-րդ դարու, վերջին քառորդէն շատ արհեստներ (ներկարարութիւն, կտաւագործութիւն, բրուտագործութիւն եւ այլն) կորցրած են լայն պահանջարկը։ 20-րդ դարի սկգբին վերացած են համքարութիւնները։ Փոխարէնը առաջացած են նոր պահանջներուն համապատասխան արհեստներ (ժամագործութիւն, խառատութիւն եւ այլն), աշխուժացած են որոշ հին արհեստներ (քարտաշութիւն, որմնադրութիւն, հիւսնութիւն եւ այլն)։ 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկզբին էական փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են Երեւանի ներքին կեանքի, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներուն մէջ։ Ձիակառքերէն բացի՝ գործած են ձիաքարշ տրամուայներ, որոնց երթեւեկութեան համար ստեղծուած է 4 վերստ երկաթգիծ (1906)։ 1907 թուականին «Ամպեր» ընկերութեան միջոցներով կառուցուած է եւս մէկ ջրէկ, որ կը ծառայէ քաղաքի լուսաւորմանը։ 1911 թուականին, «Երևանի Ջրմուղի Ընկերութեան» ջանքերով եւ քաղաքի մեծահարուստներու միջոցներով կառուցուած է Երեւանի ջրմուղը, որ խմելու ջուր կը մատակարարէ քաղաքին։ 1913 թուականէն կը գործէ հեռախօսային ցանց։ Կառուցուած են նոր բաղնիքներ, դպրոցներ, զբոսայգիներ, հիւանդանոցներ ու դեղատներ, կազմակերպուած են թատերական խմբակներ, երաժշտական, հաշվապահպանական, կարի եւ այլ դասընթացքներ, ստեղծուած են պարբերականևեր, տպարաններ, բացուած են կինոթատրոններ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին մասնակցած են նաեւ երեւանցի բազմաթիւ կամավորներ, որոնք հայկական ջոկատներու հետ ռուսական զորքի կազմին մէջ կռուած են Հայաստանը թուրքական լուծէն ազատագրելու համար։ 1915 թուականի Մեծ եղեռնէն փրկուած բազմաթիւ գաղթականներ կ'ապաստանեն Երեւանի մէջ։ 1918 թուականի գարնան՝ Ալեքսանտրապոլը գրաւելէն յետոյ թուրքական զորքերու մաս մը շարժուած է դէպի Երեւան։ Քաղաքը առանց դիմադրութեան հանձնելու քաղաքային դումայի որոշման հակառակ՝ Երեւանի եւ շրջակայ գիւղերու (Քանաքեռ, Աւան, Առինջ եւ այլն) բնակչութիւնը, Արամ Մանուկեանի գլխավորութեամբ աշխարհազոր կազմած, մասնակցած է քաղաքի պաշտպանութեանը։ === երեւանը Իբրեւ Մաերաքաղաք === 1918, Մայիս 22-28-ին, հայկական զորքերու հետ Սարդարապատի մօտ պարտութեան կը մատնեն թուրքական բանակին, որ նահանջած է՝ չկարողանալով մտնել Երեւան։ 1918 թուականի Յուլիսին, Երեւան տեղափոխուած է նոյն թուականին՝ Մայիս 28-ին, Թիֆլիսի մէջ հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւնը։ Երեւանը դարձած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մայրաքաղաքը։ 1920-1991 թուականներուն, Երեւանը Հայկական ԽՍՀ մայրաքաղաքն էր։ Խորհրդական իշխանութեան տարիներուն Երեւանը կառավարած է ժողովրդական պատգամաւորներու քաղաքային խորհուրդը։ Հայրենական մեծ պատերազմէն (1941-1945) յետոյ Երեւանի մէջ, բացուած են նոր արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ, հանրակրթական, բարձրագոյն եւ մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններ, գիտական հիմնարկներ, գրադարաններ, կինոթատրոններ, հրատարակչութիւններ, եկեղեցիներ, մշակութային այլ օճախներ, ստեղծուած է ռատիոհեռուստատեսային լայն ցանց։ Երեւանը դարձած է Այսրկովկասի ու Առաջաւոր Ասիոյ արդիւնաբերական խոշոր կեդրոններէն։ 1991 թուականէն, Երեւանը ՀՀ մայրաքաղաքն է։ 1995, Յուլիս 5-ին, ընդունուած ՀՀ Սահմանադրութեան 13-րդ յօդուածով ամրագրուած է Երեւանի՝ ՀՀ մայրաքաղաքի իրաւական կարգավիճակը։ == Տե՛ս նաեւ == Երեւան Երեւանի նահանգ Երեւանի վարչական բաժանում Երեւանի ինքնապաշտպանութիւն (1724) Հին Երեւան == Արտաքին յղումներ == Երևանի պատմութեան թանգարան
19,302
Կարկառ գետ
Կարկառ, գետ Արցախի մէջ, Կուրի աջ վտակը։ Կը բխի Արցախի լեռնաշղթային արեւելեան լանջերէն՝ 2080 մ բարձրութենէ, գետաբերանին բարձրութիւնը ծովու մակերեսէն՝ 13 մ է, որ յաճախ Կուր չի հասնիր։ Երկայնքը 109 քմ է, ջրհաւաք աւազանը՝ 1490 քմ2։ Գլխաւորաբար կը սնանի անձրեւներէն (44%) եւ ստորերկրեայ ջուրերէն (34%), կը յորդի՝ Մարտէն Յունիս ամիսներուն, որու ընթացքին կը ձեւաւորուի տարեկան հոսքին 57%-ը։ Տարեկան միջին ծախսը 3, 62 մ3/վ է, հոսքը՝ 137, 1 միլիոն մ3 (Ասկերան քաղաք)։ Մեծ վտակներն են Մեղրագետը եւ Բագարանը։ Ջուրերը կ'օգտագործուին ոռոգման նպատակով։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Կարկառ գետ
3,016
Ստեփան Զօրեան
Ստեփան Զօրեան (Ստեփան Առաքելեան, 16 Սեպտեմբեր 1890(1890-09-16), Վանաձոր, Ռուսական Կայսրութիւն - 14 Հոկտեմբեր 1967(1967-10-14), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), արձակագիր, թարգմանիչ եւ ոճաբան։ == Կեանք եւ գործոինէութիւն == Ծնած է Ղարաքիլիսէ (այժմ՝ Վանաձոր)։ Աւարտած է ծննդավայրի ռուսական դպրոցը։ Ուսումը չկարենալով շարունակել, մեծ զարգացումի տիրացած է շնորհիւ ինքնաշխատութեան։ Վարած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ։ 1906-ին կը մեկնի Թիֆլիս՝ Ներսիսեան դպրոց ընդունուելու յոյսով, սակայն նիւթական ծանր վիճակը կը պարտադրէ զինք աշխատանքի անցնելու տպարաններէն մէկուն մէջ, իբրեւ սրբագրիչ, այնուհետեւ «Սուրհանդակ» թերթին որպէս թարգմանիչ։ 1912-1919 թուականներուն կ'աշխատի «Մշակ»ի խմբագրութեան մէջ, իբրեւ թարգմանիչ եւ ոճաբան։ 1919ին կը տեղափոխուի Երեւան, ուր 1919-1920 թուականներուն կ'աշխատի «Հայաստանի կոոպերացիա» ամսագրին մէջ: 1922-1925 թուականներուն ՀԽՍՀ լուսժողկոմատի պետական հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր կը դառնայ։ 1927-1928 թուականներուն՝ Հայ աշխատաւորական գրողներու միութեան նախագահի տեղակալ, 1930-1934 թուականներուն՝ «Հայկինօ»-ի գրական խորհրդատու։ 1929-1935 թուականներուն կ'ընտրուի ՀԽՍՀ Կենտգործկոմի անդամ: 1950-1954 թուականներուն՝ Հայաստանի Գրողներու Միութեան քարտուղար: Կը դառնայ ՀԽՍՀ Նախարարներու խորհուրդին կից եզրաբանական յանձնաժողովի, «Հայաստան» հրատարակչութեան գեղարուեստական խորհուրդի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի, ՀԽՍՀ ԳԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդներու, Հայկական սովետական հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագրութեան անդամ եւ հանրագիտարանի գրականութեան գիտաճիւղային խմբագրութեան խորհուրդի նախագահ: Կը մասնակցի Խաչատուր Աբովեանի, Ռափայէլ Պատկանեանի, Յովհաննէս Թումանեանի երկերու ակադեմական հրատարակութիւններուն: 1962-էն սկսեալ կը դառնայ ԽՍՀՄ լենինեան մրցանակաբաշխութեան պետական կոմիտէի անդամ՝ կ'ընտրուի Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր: 1965-էն՝ ՀԽՍՀ Նախարարներու խորհուրդին առընթեր գրականութեան, արուեստի եւ ճարտարապետութեան պետական մրցանակներու յանձնաժողովի նախագահ: Իր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են ռուսերէն, ուքրաներէն, պելառուսերէն, վրացերէն, ազրպէյճաներէն, մոլտովերէն, լիթուերէն, էսթոներէն, քրտերէն, չեխերէն, լեհերէն, պուլկարերէն, ռումաներէն, սլովակերէն, հունգարերէն, շուետերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, սպաներէն, արաբերէն եւ չինարէն լեզուներուն:: «Հայֆիլմ»-ը Ստեփան Զօրեանի «Ջրհորի մօտ» պատմուածքին հիմամբ նկարահանած է համանուն ֆիլմը 1968-ին, իսկ «Յեղկոմի նախագահը» պատմուածքին նիւթերով՝ համանուն ֆիլմը 1977-ին: Հինգ-վեց տարուան ընթացքին լոյս կը տեսնեն «Ցանկապատ» (1939), «Հազարան պլպուլ» (1925), «Ծովանը» (1925), «Պատերազմ», «Խնձորի այգին» ժողովածուները, որոնք Զօրեանի աշխարհայեացքի լայնացման, կեանքի ընկերային ու քաղաքական բարդութիւնները մարդկային ճակատագիրներուն մէջ բեկելու կարողութեան, ազգային ու եւրոպական արձակի լաւագոյն աւանդոյթները ստեղծագործաբար իւրացնելու յատկութեան արտայայտութիւններն են։ Իր մահականացուն կը կնքէ Երեւան։ Գլխաւոր գործերն են` «Տխուր մարդիկ», «Պատերազմ», «Կրակ» պատմուածքներու ժողովածուները, «Մի Կեանքի Պատմութիւն» ինքնակենսագրական վէպ, «Պապ Թագաւոր» եւ «Հայոց բերդը» (1959) պատմավէպերը, որոնք մեր գրականութեան լաւագոյն նմուշներէն են։ Հայաստանի կոմկուսի կենտկոմի եւ ՀԽՍՀ նախարարներու խորհուրդի 1980-ի որոշումով կը սահմանուի Ստեփան Զօրեանի անուան տարեկան մրցանակ մը թարգմանութեան համար: Այս մրցանակը կը տրուի ինչպէս հայ թարգմանիչի, ռուս, համամիութենական եւ համաշխարհային գրականութիւններէն կատարած թարգմանութիւններու, այնպէս ալ ռուս եւ համամիութենական միւս հանրապետութիւններու թարգմանիչներուն՝ հայ գրականութենէն կատարած թարգմանութիւններուն համար: == Ստեփան Զօրեան՝ իր մասին == == Ստեղծագործութիւններու ժամանակագրութիւն == 1909-ին«Լումա» ամսագրին մէջ տպագրած է «Քաղցածները» պատմուածքը։ 1918-ին լոյս տեսած է առաջին ժողովածուն «Տխուր մարդիկ» խորագրով։ 1940-1954 թուականներուն լոյս տեսած է երկերու վեցհատորեակը։ 1944 լոյս տեսած է «Պապ թագաւոր» պատմավէպը։ 1959 լոյս տեսած է «Հայոց բերդ» պատմավէպը։ 1960-1964 լոյս տեսած է երկերու տասհատորեակը։ 1967 լոյս տեսած է «Վարազդատ» պատմավէպը։ 1974-1977 լոյս տեսած է երկերու հինգհատորեակը՝ ռուսերէն։ 1977-1990 լոյս տեսած է երկերու ակադեմիական տասներկու հատորեակը։ == Պարգեւներ == Լենինի շքանշան «Պատուոյ նշան» շքանշան «Աշխատանքային Կարմիր դրօշ»ի շքանշան «Աշխատանքային արիութեան համար» մետալ == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Ալեքսան Աթթարեան «Տիր», 1995, Հալէպ Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938-1940 Պուքրէշ, Ե. հատոր, էջ 808-809: Սուրէն Աղաբաբեան, Ստեփան Զօրեան, Երեւան, ՀԱԱՀ ԳԱ, 1955, 207 էջ։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր (1917-1941, հատորին մէջ զետեղուած է «Ստեփան Զօրեան» յօդուածը, զոր գրած է Սուրէն Աղաբաբեան, Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ, 1961, 800 էջ։ Սուրէն Աղաբաբեան, Ստեփան Զօրեան, Երեւան, «Սովետական գրող», 1976, 108 էջ։ Խորէն Սարգսեան, Ստեփան Զօրեան, 1960, 327 էջ։ Աղբալեան Ն., Յառաջաբան Ստ. Զօրեանի «Տխուր մարդիկ» հատորին, Ամբողջական երկեր, հ. 2, Պէյրութ, 1966։ Ափինեան Ա., Ստեփան Զօրեանը եւ ռուս գրականութիւնը, Ե., 1988։ Մկրտչեան Հ., Ստեփան Զօրեան, Ե., 1977։ Սարգսեան Խ., Տասական թուականներ, Ե., 1960։
873
31 (թիւ)
31 (երեսունմեկ)՝ կենտ երկնիշ բնական թիւ մըն է 30-ի եւ 32-ի միջեւ == Թուագիտութիւն == A000040 տասնմեկերորդ պարզ թիւն է A006567 երրորդ զրապ թիւն է A000668 Մերսէնի երրորդ թիւն է՝ 31=25-1 31, 331, 3331, 33331, 333331, 3333331, 33333331 թիւերէն բոլորը պարզ են π {\displaystyle \pi ~} 3 ≈ 31 == Գիտութիւն == Կաղիոն քիմիական տարրի (31Ga) ատոմային թիւն է Եւփրոսինէ (31 Euphrosyne) աստեղնեակի կարգահամարն է == Այլ == Ֆրանսայի Վերին Կարոն տեփարթեմանի կարգային թիւն է == Օրացոյց == 1931 թուական 31-ն են Յունուար, Մարտ, Մայիս, Յուլիս, Օգոստոս, Հոկտեմբեր, Դեկտեմբեր ամիսներու օրերը տարուայ 31րդ օրն է Յունուար 31-ը == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին հղումներ == Prime Curios! 31 Prime Pages-էն
22,456
Եղբայրասէր
«Եղբայրասէր», քաղաքական, բանասիրական տասնօրեայ լրագիր։ Հրատարակուած է (վիմատիպ) 1862-1863 թուականներուն, Կալկաթայի մէջ։ Խմբագիր՝ Ե․ Տէր- Յարութիւնեան։ Լուսաբանած է քաղաքական իրադարձութիւնները, Հայկական գաղութներու առօրեան, Թուրքիոյ մէջ կատարուող դէպքերը (Զեյթունի եւ Վանի շարժումներ)։ Լայն տեղ յատկացուցած է Նոր Ջուղայի հայկական կեանքի իրադարձութիւններուն։ Հայ ժողովուրդի ազատագրութեան եւ գոյատեւման հարցին մէջ դրսեւորած է ռուսամէտ պահուածք։ Հնդկաստանի եւ այլուր հայերու ուծացման դէմ պայքարի հիմնական ուղին «Եղբայրասէրը» համարած է ազգային մշակոյթի պահպանումն ու զարգացումը։ Արժէքաւոր կը համարուին հանդէսի տպագրած Եղիազար Տէր- Յարութիւնեանի «Գպրաւոունք ի Ջուղայ» (1862, № 8) ուսումնասիրութիւնը, հայ պարբերականներէն կատարած արտատպումները, ինչպէս նաեւ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի եւ Նոր Ջուղայի առաջին օրիորդաց վարժարանի մասին գրուած նիւթերը։ == Ծանօթագրութիւններ ==
15,142
Մանթա
Մանթա (սպ.՝ Manta), ամբողջական անունը՝ Սան Փապլօ Տէ Մանթա (սպ.՝ San Pablo de Manta) քաղաք Էքուատորի մէջ։ Բնակչութեամբ 5-րդն է (192 322 մարդ)։ Վերջին 50 տարուան ընթացքին քաղաքին բնակչութեան թիւը աւելցած 250 հազարով։ Մանթան գոյութիւն ունեցած է դեռեւս մինչ-քոլումպիական ժամանակաշրջանին։ Այն եղած է Ինքաներու առեւտրական կեդրոն։ == Քոյր քաղաքներ == ԱՄՆ Լոնլ Պիչ, ԱՄՆ Ռուսաստան Վլատիվոսթոք, Ռուսաստան Կաղապար:Country data Մեքսիկա Աքափուլքօ, Մեքսիքա
2,775
Ղուկաս Ելանճեան
Ղուկաս Ելանճեան (Սանդոյան), հայ բժիշկ։ Ալեքսան եւ Ղուկաս եղբայրները զբաղած են օձի խայթոցով բուժմամբ։ Այդ շնորհքը սերնդէ սերունդ փոխանցուած է ընտանիքի նահապետ Յակոբէն (թուրք.՝ ելանճի - օձ վարժեցնող)։ Տանը օձեր պահած են՝ փորձեր անցնելու նպատակով։ Ընտանիքին մէջ ունեցած են հայատառ արաբերէն ձեռագիր բժշկարան։ 1915 թուականին Ղուկասը բժշկարանն իր հետ տարած է Տերսիմ, ուր ալ մահացած է։ == Գրականութիւն == Ատաշ Ատնան, 20-րդ դարու նահատակ եղած բժիշկները (թուրքերէն), Թուրքիա, 1997։ Եարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն «Սուրբ Փրկիչ» հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։ == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում եւ Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկւած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։
5,440
Լուգաս Պալեան
Լուգաս Լէոնարտօ Պալեան (սպ.՝ Lucas Balian, ծնած՝ 24 Յունուար 1976, Քորտոպա), քաղաքական գործիչ, Արժանթինի Արմատական քաղաքացիական կուսակցութեան անդամ, որ ներկայիս «Միասին յանուն Քորտոպայի» ընտրական դաշնութեան մաս կը կազմէ: 30 Նոյեմբեր 2015-ին, Քորտոպայի մէջ տեղի ունեցած է Լուգասի երդման արարողութիւնը՝ որպէս քաղաքային խորհուրդի անդան, ուր Պալեան իր գործունէութիւնը պիտի ծաւալէ 2015-2019 թուականներուն ընթացքին: 2000-ին ստացած է Գորտոպայի կաթոլիկ համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու արտօնագիր: Մագիստրոսի կոչում ստացած է պետական կառավարման ազգային համալսարանէն (Instituto Nacional de la Administración Pública (INAP)), քաղաքականութեան դասաւանդման ազգային համալսարանէն (Instituto Nacional de Capacitación Política (INCAP)), կառավարման ազգային դպրոցէն (Escuela Nacional de Gobierno (ENG)), ինչպէս նաեւ Թրեխօ եւ Սանապրիա համալսարանական գոլէճի լրագրողական դպրոցէն` ստանալով քաղաքական լրագրողի վկայական: 2004-2006 եղած է նահանգային Արմատական երիտասարդական կոմիտէի նախագահ: Եղած է նաեւ Վիա Մարիայի անուան ազգային համալսարանի անվտանգութեան բաժինի դասախօս եւ մասնակցած է բազում սեմինարներու` նշուած բարձրագոյն կրթական հաստատութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու մէջ։ Բացի իր քաղաքական գործունէութենէն, Պալեան 2014 թուականէն կը հանդիսանայ Քորտոպայի հայ համայնքի տնօրէններու խորհուրդի անդամ: Ներկայիս կ'ուսանի Վիյա Մարիայի անուան ազգային համալսարանի անվտանգութեան քաղականութեան բաժինի մագիստրատուրային մէջ: == Ծանօթագրութիւններ ==
23,895
Հասանգալա
Հասանգալա (ծանօթ է նաեւ Տեւէ-Պոյնու անունով), կը գտնուի Ծիրանիքի հարաւ-արեւմտեան ստորոտին, Արաքսի ձախ ափին։ Եղած է Բասէն գաւառի վարչական կեդրոնը։ == Պատմութիւն == Անիկա պատմական Դարոյնքն է (չշփոթել համանուն բերդին հետ) եւ ամուր բերդաքաղաք եղած է: Կ՛ենթադրուի, որ բերդը Գրիգոր Մագիստրոսի ազգական Հասան իշխանը կառուցած է: Կը գտնուի ժայռոտ բլուրներու վրայ, իսկ բերդէն հարաւ-արեւմուտք, բլուրի լանջերուն տարածուած է քաղաքը: Բերդը անցեալին աշտարակներով պաշտպանուած կրկնապարիսպ ունեցած է: Պարսպապատ եղած է նաեւ քաղաքը, եւ Հասանգալա յիշուած է իբրեւ եռապարիսպ քաղաք: Բերդը լաւ վիճակի մէջ պահպանուած է մինչեւ ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմը: Կռիւներուն պատճառով կարգ մը մասեր վնասուած են, բայց հետագային՝ վերանորոգուած: == Տնտեսութիւն == Հասանգալա հարուստ է հանքային բուժիչ ջուրերով եւ սառնորակ աղբիւրներ կը վազեն փողոցներու երկայնքին: Գեղեցիկ համայնապատկերը կ՛ընդգրկէ քաղաքին առջեւ փռուած դալարագեղ դաշտը: Բնակարանները քարաշէն են, հաստ պատերով, երկյարկանի եւ հարթ տանիքներով: Առեւտուրը եւ արհեստները հայերուն ձեռքը եղած են. քաղաքի բնակիչներէն շատեր կալուածներ ունեցած են եւ երկրագործութեամբ ու անասնապահութեամբ զբաղած: Հասանգալայէն արեւմուտք, Տեւէպոյնուի լեռնանցքը, 1950 մեթր բարձրութեան վրայ, Բասենը կը բաժնէ Կարնոյ նահանգէն կամ Բարձր Հայքէն: == Արձանագրութիւններ == Հասանգալայի մէջ պահպանուած էր Մենուա թագաւորին մէկ ընդարձակ սեպագիր արձանագրութիւնը, ուր գրուած էր դղեակի մը կառուցման մասին։ == Ծանօթագրութիւններ ==
4,218
Միքայէլ Ղարակէօզեան
Միքայէլ Ղարակէօզեան, 1915 թուականի Ապրիլին ձերբակալուած է Իթթիհատի ղեկավարներէն դոկտոր Պեհաէտտին Շաքիրի կազմած 58 ականաւոր հայ բժիշկներու ցուցակով։ Սպաննուած է 1915 թուականին, Տիգ­րա­նա­կեր­տի մօտակայքը։ == Կենսագրութիւն == 1915 թուականին՝ Առա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ժամանակ, զօրակոչուած է Օս­մա­նեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած է։ Կար­սի ռազ­մա­ճա­կա­տէն փախած է Օսմանեան բանակէն, միացած՝ ռու­սա­կան զօրքին ու եկած է Կարս։ Կարսի ձորի, 3-րդ հայկական որբանոցի, բժիշկ եղած է։ 1920 թուականի Հոկտեմբերի վերջին օրերուն թուրք զինուորները մտած են ձորը եւ կրակ բացած են որբանոցին վրայ։ Այդ ընթացքին զոհուած է որբանոցի բժիշկ Գ. Սուրեանը։ Այնուհետեւ թուրքերը մտած են որբանոց ու կրակ բացած երեխաներուն ու մեծերուն վրայ։ Այստեղ քե­մա­լա­կան­ները անմարդկային ու սարսափելի շատ բաներ կատարած են, շատ երեխաներ ու քաղաքացիներ սպաննած են։ Բժիշկ Ղարաքէշիշեանին՝ ժանտարմները, տարած են իրենց հետ։ Բժիշկներ Գ. Սուրեանն ու Ղարաքէշիշեանը հրաշալի մարդիկ եւ փայլուն մասնագէտներ եղած են։ == Գրականութիւն == Ալեքսանդրեան Արտաշէս, Կարս 1920-21։ Երեւան,1986։ Ալեքսանդրեան Արտաշէս, Մղձաւանջ, Երեւան,2001։ == Աղբիւրներ == Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։
6,651
Աբրահամ Ա. -Քհնյ. Տէր Գալուստեան
Աբրահամ Ա. -Քհնյ. Տէր Գալուստեան, մուսա լերան զուտ հայկական գիւղերու լեռնային շրջանի նահապետ եւ Սուէտիոյ հոգեւոր դասուն ամէնէն պերճախօս, վարչագէտ ու յեղափոխական Տ.Աբրահամ քհնյ.Տէր գալուստեան ծնած է Մուսալեռնցի ծնողքէ, Եողուն-Օլուգ գիւղին մէջ,1865-ին։ Անտիոքի եւ ապա Լիբանանի պետական երեսփոխան՝ պրն. Մովսէս Տէր Գալուստեանի հայրը՝ Տ.Աբրահամ իր ծննդավայրի ծխական վարժարանին մէջ։ Իր գիւղի համեստ պայմաններուն մէջ, ան մէծցած ու կապուած է Հայրենի Հողին եւ տարիներու աշխատանքին վաստակով ամուսնացած ու դարձած է զաւակներու հայր։ Ընտանեկան պարտաւորութիգններու կողքին, ան կարեւորութեամբ հետաքրքրուած է իր ժողովուրդի առօրեայով եւ ազգային ու եկեղեցական գործերով։ Իր ժողովուրդին ու հայրենիքին առաւել օգտակար դառնալու հեռանկարով, ան անդամակցած է իր շատ սիրած գաղափարական ընտանիքին եւ այնուհետեւ աւելի կազմակերպուած աշխատանքով լծուած է ազգային գործերու։ իրեն համար մտասեւեռում դարձած է ունէնալ յէղափոխական շունչով դատիարակուած երիտասարդութիւն մը, որ միշտ պատրասդ ու յանձնառու ըլլայ իր ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու եւ ի պահանջեալ հարկին, կեանքի գնով անոր տէր դառնալու։ == Ծանօթագրութիւններ ==
22,212
Ապրիլ (թերթ)
«Ապրիլ», գրական-մշակութային պարբերաթերթ։ Լոյս տեսած է 1977-1985 թուականներուն Լոս Անճելըսի մէջ (մինչեւ 1982 թուականը՝ ամսագիր)։ Խմբագիր՝ Յովհաննէս Երիցեան։ Տպագրած է յօդուածներ հայ մշակոյթի եւ պատմութեան վերաբերեալ, սփիւռքահայ գրողներու գործեր։
6,238
Սուրբ Սարգիս Եկեղեցի (Լոնտոն)
Լոնոտնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցի (անգլերէն՝ St.Sargis Armenian Apostolic church of London), Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տաճար Մեծ Բրիտանիայի մայրաքաղաք Լոնտոնի Քենսինգտոն թաղամասին մէջ։ Եկեղեցիին հասցէն է հետեւեալը՝. St. Sarkis Armenian Church Iverna Gardens, Kensington London W8 6TP, UK։ == Պատմութիւն == Եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները հովանաւորած է հայ գորածարար եւ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանը տեղի հայ համայնքի «հոգեւոր մխիթարութեան» եւ հաւաքի վայր ապահովելու համար։ Եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները սկսած էին Փետրուար 1922-ին, իսկ վերջացած են 11 Յունուար 1923-ին, երբ ալ եկեղեցին օծուած է։ Եկեղեցւոյ մօտ գտնուող քահանայի տունը նոյնպէս կառուցուած է եկեղեցւոյ կառուցման ընթացքին։ Եկեղեցւոյ ճարտարապետերը եղած են Արթուր Դեվիսը en (անգլերէն՝ Arthur J. Davis) եւ Չարլզ Մյուեսին en (անգլերէն՝ Charles Mewes), որ գծած է եկեղեցւոյ գծապատկերը, հիմնուելով Հայաստանի մէջ գտնուող 13-րդ դարու Հաղբատավանքի զանգակատան կառուցուածքին։ Եկեղեցին ներքուստ եւ արտաքուստ կառուցուած է Փորթլենտէ բերուած քարով։ 1937 թուականին եկեղեցւոյ հիւսիսային մասին ապսիդաձեւ մկրտութեան աւազան կառուցուած է, իսկ արեւմտեան կողմէն տաճարը լայնցուած է աւելի շատ մարդ ընդունելու համար։ Աւելի ուշ, 1950 թուականին հարաւ-արեւելեան մասին մէջ խորան աւելցուած է։ Բոլոր այդ աւելացումները կատարած են Հոլոուէյ եղբայրները (անգլերէն՝ Holloway Brothers) Դեվիսի եւ Մյուեսի ղեկավարութեան ներքոյ։ == Ժամանակակից իրավիճակ == Այժմ եկեղեցին դրամական աջակցութիւն կը ստանայ Կիւլպէնկեանի կողմէ հիմնադրուած՝ հիմնադրամին կողմէ։ === Եկեղեցւոյ պահպանութիւն === Եկեղեցւոյ Հոգաբարձական խորհուրդը. Հրաչ Չիլինկիրեան (Hratch Tchilingirian, PhD, նախագահ) Ճոն Գիւրգճեան (John Kurkjian, MA, տեղակալ) Գագիկ Ստեփան-Սարգսեան (Gagik Stepan-Sarkissian, PhD, քարտուղար) Յովնան Համբարձումեան (Hovnan Hampartsoumian, FCA, գանձապահ) === Եկեղեցւոյ հոգաբարձուները === Քրիստոֆեր Արրաթոն (Christopher Arratoon) Լեւոն Չիլինկիրեան (Levon Chilingirian, OBE) Փոլ Կիւլպէնկեան (B Paul Gulbenkian, LLB) Գրիգոր Քինկ-Անտըրվուտ (Gregory King-Underwood) Սթիվ Մուրատեան (Steve Mouradian) Ստեփան ՅովհաննԷսօֆ (Stepan Ovanessoff) Արմենակ ԹոփալԵան (Armenag Topalian) == Հետաքրքիր փաստեր == Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին Հաղբատի վանքի զանգակատան կրկնօրինակն է։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին «Հայազգ» ռուսալեզու հանրագիտարանին մէջ (ռուս.)
20,677
Տամիանօ Տէյվիտ
Տամիանօ Տէյվիտ, Իտալացի ռոք երգիչ, Մանըսքին երգի խումբի գլխաւոր երգիչ, Եւրատեսիլ Երգի Մրցոյթ 2021 թուականի յաղթող մասնակից ներկայացնելով Իտալիան: == Ծանօթագրութիւններ ==
1,439
Պետրոս Ալահայտոյեան
Պետրոս Ալահայտոյեան (1934, Պէյրութ, Լիբանան - 12 Սեպտեմբեր 2022(2022-09-12)) հայ դեղագործ, հայ ժողովրդային երգեր հաւաքագրող եւ ազգագրական երգի ու երաժշտութեան մասնագէտ: == Կենսագրութիւն == Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, Մեծ եղեռնէն վերապրած ուրֆացի ընտանիքի մը մէջ։ Նախ կ՛աւարտէ տեղւոյն Նշան Փալանճեան ճեմարանը, ապա կ՛անցնի Պելճիքա եւ Լուվենի համալսարանէն կը վկայուի որպէս դեղագործ։ Երաժշտասէր Ալահայտոյեան, Նշան Փալանճեան ճեմարանի աշակերտական գրասեղաններուն վրայ իսկ երգերով խանգարած է դասարանը, իր միակ երազը եղած է երաժշտագէտ դառնալը, եւ ոչ թէ իր դեղագործ հօրը ասպարէզը ընդգրկելը: Ան կը մեկնի Պրիւքսել, ուր Պետական համալսարանէն կը ստանայ իր երաժշտագիտութեան վկայականը։ Պաշտօն կը ստանձնէ Պրիւքսէլի պետական ռատիօ կայանէն ներս: 1985էն 1994 ան իր ազատ օրերն ու արձակուրդները տրամադրած է փնտռելու 1915էն վերապրած հայ ծերունիներ Եւրոպայի հայաբնակ աւաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Ամերիկայի՝ այցելելով հայկական ծերանոցները եւ հանգստեան տուները։ Հայ երաժշտութեան հանդէպ ունեցած իր սէրը, Ցեղասպանութենէն ետք առաջին սերունդին հետզհետէ անգտանելի դարձող յուշագրութիւնները զինքը կը մղեն գէթ մասամբ փրկելու ժողովրդական հայ երգի բեկորները, որոնք տակաւին կ՛երգուէին վերապրողներու կողմէ, հետեւելով, ինչպէս ինք կը նշէ, «Կոմիտասի վեհ օրինակին»: 70ականրէն, ան Պէյրութի «Ազդակ»ին, Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»ին ու այլ թերթերու էջերուն հետեւողական ներկայութիւն եղած է երաժշտագիտական իր յօդուածներով ու երաժշտական ձեռնարկներու (նաեւ արուեստի յարակից կալուածներու) գնահատական-քննադատական իր սիւնակներով։ == Երկեր == Հեղինակած է բանասիրական գեղեցիկ հատոր մը, «Բալուի (եւ տարածքաշրջանի) Երաժշտական Ազգագրական Հաւաքածոյ» ուսումնասիրութիւնը (2009), որ կը մէկտեղէ աւելի քան 25 տարիներու երախտաշատ աշխատանքի մը արդիւնքը։ Առաջին մասով, եւ բաւական ծաւալուն նախաբանէ մը ետք, «Պատմական ակնարկներ» խորագիրին տակ կը ներկայացնէ. Բալուի նուիրուած մենագրութիւններուն երգային պարունակութիւնը: Բալուն եւ բալուցին, նաեւ` 1913 թուականի Բալուի քարտէսը: Փորձ` վերակազմելու Բալուի հարսանեկան երգերու շարքը: Մարօ Նալպանտեան` երգասաց: Լուսանկարներ Բալուէն. պատկերագրութիւն (11 պատկեր): Բալուի եւ այլ երգերու մէկտեղման հանգրուանները: Ազգագրական մատենաքաղ (նմուշային): Արեւմտահայաստանին նուիրուած պատմայուշագրութիւններէ, Ակնէն Քղի, այբբենական շարքով: Երկրորդ մասով` կը կատարէ Մարօ Նալպանտեանի կողմէ երգուած Բալուի եւ այլ շրջաններու 72 երգերուն բնագրային եւ երաժշտական հակիրճ եւ մատչելի քննարկումները: Երրորդ մասով կու տայ գաւառի յատուկ գաւառաբարբառային բառերու բառարանը-մատենագիտութիւնը, երգերուն տարբերակային լրիւ համակարգը, եւ ներդիր երկու խտասալիկներուն մասին տեղեկութիւններ (արձանագրուած եւ խազահանուած) ցանկագրական ընդհանուր պատկերը, մատենագիտութիւնը, եւ այս ծաւալուն գործին կենսագրականը: Յաւելեալ երկու էջերու մէջ կու տայ նաեւ այս վերջինին անգլերէն թարգմանութիւնը:Իր հեղինակած երկրորդ հատորն է «Վան-Վասպուրականի ազգագրական երգերու բնորոշ նմուշներ» խորագրեալ հատորը (2015)։ Փոքրածաւալ, «գրպանի գիրք»-ի ծաւալով եւ 192 էջերու վրայ տարածուող հատոր մըն է, հիւսուած`շուրջ 50 երգերու եւ պարեղանակներու վրայ ։ == Ծանօթագրութիւններ ==
2,149
Արտաազդ Ծ. Վրդ. Գալէնտէրեան
Արտաւազդ Ծ. Վրդ. Գալէնտէրեան, ծնած է Եէնիճէ ( Պրուսա) 1876-ին։ 1901-ին, ձեռնադրուած է Վարդապետ։ 1902-1907 եղած է Փոխ Առաջնորդ Երզնկայի մէջ, յետոյ տեղապահ Եւդոկիոյ եւ ապա առաջնորդ Եդեսիոյ մինչեւ 1915։ Երկերը՝ Միութենական հարց եւ Շնորհալի, Սարսուռներ ձայնգր.։ Կաղապար:DEFAULTSORT։Գալէնտէրեան Արտաւազդ Ծ. Վրդ.
4,517
Մարքըս Զուսաք
Մարքըս Զուսաք, (անգլերէն՝ Markus Zusak, ծնած է 23 Յունիս, 1975 թուականին) ան Աւստրալիացի/Գերմանացի գրող մըն է: Ճանչցուած է իր The Book Thief եւ The Messenger (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ անունը փոխուած է դէպի I Am the Messenger) գործերով: Այս երկու գործերը իր ամէնէն նշանաւոր վէպերն են: Ան շահած է Margaret Edwards մրցանակը 2014 թուականին իր երիտասարդական վիպակին համար որ հրատարակուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: == Կեանքը եւ ասպարէզը == Զուսաք ծնած է Սիտնի, Աւստրալիա: Անոր մօր արմատները կու գան Գերմանիայէն, իսկ հայրը ծնած է Հելմութ, Աւստրալիա: Մարքըսը ունի երկու քոյրեր ու մէկ եղբայր, եւ ինքը անոնց ամէնէն փոքրն է: Ան յաճախած է Engadine դպրոցը եւ աւարտելէ ետք հոն դասաւանդած է ու միաժամանակ գրած է իր վէպերը: Ան New South Wales համալսարանին մէջ ուսանած է Անգլերէն եւ պատմութիւն, ու արուեստի եւ մանկավարժութեան վկայականներով աւարտած է: Մարքըսը հեղինակն է 6 գիրքերու: Անոր առաջին երեքը՝ The Underdog, Fighting Ruben Wolfe եւ When Dogs Cry հրատարակուած են 1999 եւ 2001 թուականներուն միջեւ, ու ստացած են մրցանակներ: The Underdog, իր առաջին գիրքը հրատարակուեցաւ անոր գրելէն 7 տարի վերջ: The Messenger, որ հրատարակուած է 2003 թուականին, շահած է՝ 2003 թուականի CBC տարուայ գիրքի մրցանակը, NSW բացումին գրականութեան մրցանակը, Ethel Turner մրցանակը Աւստրալիոյ մէջ, եւ պաշտօնակարգուած էր Printz մրցանակին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: The Book Thief-ը հրատարակուած է 2005 թուականին եւ թարգմանուած է աւելի քան 30 լեզուներու: Այս վէպը ոչ միայն շահած է տարբեր մրցանակներ ամբողջ աշխարհին շուրջ, այլ նաեւ գրաւած է առաջին դիրքերը Amazon.com-ի եւ New York Times-ի ցանկերուն վրայ։ Մեծ յաջողութիւններ ցուցաբերած է տարբեր երկիրնրու մէջ, օրինակ՝ Պրազիլ, Իրլանտա եւ Թայուան: The Book Thief-ը միշտ առաջին 5 դիրքերէն մէկը գրաւած է Միացեալ Թագաւորութեան, Սպանիոյ, Իսրայէլի եւ Հարաւային Քորէայի մէջ եւ դեռ պիտի հրատարակուի ուրիշ երկիրներու մէջ։ The Book Thief գիրքին հիման վրայ ստեղծուած է անոր ֆիլմը որ հրատարակուեցաւ 2013 թուականին: The Messenge-ը կամ I Am the Messenger Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ հրատարակուած է 2002 թուականին եւ այդ Մարքըսի ամէնէն առաջին վէպերէն մէկն է: Այս վէպը, նոյնիսկ եթէ The Book Thief-ին նման նշանաւոր չէ, շահած է բազմաթիւ մրցանակներ, օրինակ՝ New South Wales բացումին գրականութեան մրցանակը եւ Ethel Turner մրցանակը երիտասարդական վիպակներու համար: Զուսաքին յաջորդ եւ ապագայի գործն է՝ Bridge of Clay վէպը: == Գործերը == The Underdog (1999) Fighting Ruben Wolfe (2000), The Underdog-ին շարունակութիւնը When Dogs Cry (2001), նաեւ ճանչցուած է ՝ Getting the Girl: Fighting Ruben Wolfe-ին շարունակութիւնը The Messenger (2002); կամ I Am the Messenger The Book Thief (2005) Bridge of Clay == Մրցանակներ == 2014 թուականին, Զուսաք շահեցաւ Margaret Edwards մրցանակը Ամերիկայի գրադարանի կազմակերպութեան կողմէ, որ կը գնահատէ հեղինակ մը իր յատուկ երիտասարդական վիպակ գործին համար: 2006 թուականին, Զուսաք նաեւ եղած է Սիտնիի երիտասարդ Աւստրալեացի տարուայ վիպասանը: The Book Thief2009 Deutscher Jugendliteraturpreis մրցանակը 2008 Ena Noel մրցանակը – IBBY Australia Ena Noël քաջալերական մրցանակը փոքրիկներու գրականութեան 2007 Michael L. Printz մրցանակը եւ պաշտօնակարգութիւն Ամերիկայի երիտասարդական վիպակներու գրականութեան կազմակերպութեան մրցանակին 2006 Kathleen Mitchell մրցանակը 2006 թուականի գրականութիւնThe Messenger (կամ I Am The Messenger)2007 Deutscher Jugendliteraturpreis մրցանակը 2006 Printz մրցանակը պատուարժան գիրքի համար 2006 Bulletin Blue Ribbon գիրքի մրցանակը 2005 տարուայ ամէնէն լաւ փոքրիկներու գիրքի մրցանակը 2003 Children's Book Council of Australia տարուայ գիրքի մրցանակը 2003 New South Wales բացումի գրականութեան մրցանակը եւ Ethel Turner մրցանակը երիտասարդ գրականութեանWhen Dogs Cry/ Getting the Girl2002 պատուարժան գիրքի մրցանակը, Աւստրալիոյ փոքրիկներու գիրքի կազմակերպութեան մրցանակը եւ տարուայ գիրքի մրցանակըFighting Ruben Wolfe2001 պատուարժան գիրքի մրցանակը, Աւստրալիոյ փոքրիկներու գիրքի կազմակերպութեան մրցանակը եւ տարուայ գիրքի մրցանակը Պաշտօնակարգուած՝ Ethel Turner-ի երիտասարդ գրականութեան մրցանակին: == Ծանօթագրութիւններ ==
2,918
Եւրոպայի երկիրներու եւ կախեալ տարածքներու ցանկ
Եւրոպան վեց աշխարհամասերէն մէկն է, որը Ասիոյ հետ կը կազմէ բնակչութեան եւ տարածքի առումով խոշորագոյն մայրցամաքը՝ Եւրասիան։ Եւրոպայի տարածքը՝ 10 մլն քմ², բնակչութիւնը՝ 730 միլիոն մարդ։ Աշխարհագրական առումով Եւրոպան սահմանուած է Ատլանտեան ովկիանոսով արեւմուտքին եւ Հիւսիսային Սառուցեալ ովկիանոսով՝ հիւսիսին մէջ, Սեւ, Մարմարեան եւ Միջերկրական ծովերով, Պոսֆոր եւ Տարտանել նեղուցներով հարաւին մէջ։ Սովորաբար Եւրոպայի արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան սահմանը կը համարեն Ուրալեան լեռնաշղթայի արեւելեան ստորոտը, Էմպա գետը եւ Կասպից ծովը, Նախակովկասի հիւսիսային սահմանը Կումա, Մանիչ եւ Տոն գետերով։ == Ճանչցուած երկիրներ == == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Եւրոխորհուրդի պաշտօնական կայք Եւրոխորհուրդի պաշտօնական կայք ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայք (անգլերէն)
975
394 (թիւ)
394 (երեք հարիւր իննսունչորս) զոյգ եռանիշ բնական թիւ է 393-ի եւ 395-ի միջեւ == Յատկութիւններ Եւ Կիրառութիւններ == A001358 հարիւրքսաներեքերորդ կիսապարզ թիւն է Alt 394 գործադրելիս կը ստացուի կիւրեղեան К գլխատառը 394 Արտուինէ աստեղնեակի կարգային թիւն է == Ծանօթագրութիւններ ==
6,743
Տոհմածառ
Տոհմածառը, կամ տոհմային աղիւսակը, աղիւսակ է որ կը ներկայացնէ ընտանեկան յարաբերութիւնները պայմանական ծառի կառուցուածքով։ Տոհմածառերու աւելի մանրամասն տեսակները կ՛օգտագործուին բժշկութեան եւ ընկերային աշխատանքներէն ներս։ Հովհարաձեւ աղիւսակները կը նկարագրեն հայրական եւ մայրական նախնիները։ == Ընտանեկան պատմութեան ներկայացուցչութիւնները == Ծագումնաբանական տուեալները կարելի է ներկայացնել մի քանի ձեւաչափերով, օրինակ՝ որպէս տոհմային կամ նախնիներու աղիւսակ։ Տոհմածառերուն մէջ յաճախ հնագոյն սերունդը կը ներկայացուի տոհմածառերուն գագաթը, իսկ նորագոյնը՝ ստորը։ նախնիներուն աղիւսակը, որ ցոյց կու տայ անհատի նախնիները, աւելի սերտօրէն կը յիշեցնէ ծառի վիճակը, վերը աւելի լայն ըլլալով քան վարը։ Որոշ ցեղերու տրամագրերու մէջ, անհատը կը յայտնուի ձախ կողմը եւ իր նախնիները՝ աջ։ Տոհմածառերը կարելի է ունենան բազմաթիւ նիւթեր։ Մէկը կարելի է ընդգրկել մէկ գործիչի բոլոր ուղղակի ժառանգները, կամ մէկ կենդանի անձի բոլոր յայտնի նախնիները։ Ուրիշը կարելի է ներառել նոյն մականունը ունեցող անդամները։ Եւս մէկ մօտեցում՝ կառուցել ծառ մը, նեռարելով որոշակի գրասենեակի մը բոլոր տէրերը, ինչպէս օրինակ, գերմանական թագաւորները։ === Հովհարաձեւ Աղիւսակ === Ունինք նաեւ այլ ձեւ՝ հովհարաձեւ աղիւսակը, որ կը յատկանշէ կէս շրջանակ աղիւսակը համակեդրոն օղակներով, տուեալ անձը ներքին շրջանակին թիրախն է, երկրորդ շրջանը բաժնուած է երկու մասի (հայրական կողմ եւ մայրական), երրորդը՝ չորսի ինչպէս նաեւ չորրորդը։ Հովհարաձեւ աղիւսակները կը պատկերեն հայրական եւ մայրական նախնիները։ == Ցուցագիծ Տեսութիւն == Մինչ տոհմածառերը պատկերուած են որպէս ծառեր,ընտանեկան յարաբերութիւնները չեն կազմեր ծառ ցուցագիծ տեսութեան իմաստով, որովհետեւ հեռաւոր ազգականները կարող են ամուսնանալ։